Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր սրբազան ժողովները յարգենք

Մեր սրբազան ժողովները յարգենք

Մեր սրբազան ժողովները յարգենք

«Զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 56։7

1. Ի՞նչ աստուածաշնչական պատճառներով մեր ժողովները պատշաճօրէն կը յարգենք։

ԵՀՈՎԱ իր ժողովուրդը՝ օծեալ Քրիստոնեաներն ու անոնց ընկերակիցները՝ իր «սուրբ լեռ»ը բերած է զինք պաշտելու համար։ Ան զանոնք կ’ուրախացնէ իր «աղօթքի տան» մէջ,– իր հոգեւոր տաճարը որ «բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն» է։ (Եսայեայ 56։7. Մարկոս 11։17) Այս զարգացումները ցոյց կու տան թէ Եհովայի պաշտամունքը սուրբ, անարատ ու վեհ է։ Ուսումնասիրութեան ու պաշտամունքի յատկացուած մեր ժողովները պատշաճօրէն յարգելով, կ’ապացուցանենք թէ սրբազան բաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունինք։

2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա իր պաշտամունքի վայրը սուրբ կը նկատէր, եւ Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ նոյն տեսակէտը ունէր։

2 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, պաշտամունքի համար Եհովայի ընտրած վայրը սուրբ պէտք էր նկատուէր։ Խորանը եւ անոր կահկարասին ու առարկաները պէտք էր օծուէին ու սրբացուէին, ‘որպէսզի ամենասուրբ ըլլային’։ (Ելից 30։26-29) Սրբարանին երկու բաժանմունքները կը կոչուէին՝ «Սրբութիւն» եւ «Սրբութիւն Սրբութեանց»։ (Եբրայեցիս 9։2, 3) Հետագային խորանը փոխարինուեցաւ Երուսաղէմի տաճարով։ Եհովայի պաշտամունքի կեդրոնը ըլլալով, Երուսաղէմ կոչուեցաւ «սուրբ քաղաքը»։ (Նէեմեայ 11։1. Մատթէոս 27։53) Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս տաճարը յարգեց։ Ան ժողովուրդին դէմ բարկացաւ, քանի որ տաճարի շրջանը անպատկառ կերպով կը գործածէին՝ առեւտրական նպատակներու համար եւ որպէս կտրուկ ճամբայ։—Մարկոս 11։15, 16

3. Ի՞նչ բան Իսրայէլի համախմբութիւններուն սրբազան բնոյթը ցոյց կու տայ։

3 Իսրայելացիները կանոնաւորաբար կը համախմբուէին Եհովան պաշտելու եւ իր Օրէնքի ընթերցանութիւնը մտիկ ընելու համար։ Անոնց տօներուն կարգ մը օրերը կը կոչուէին սուրբ ժողովներ, այս համախմբութիւններուն սրբազան բնոյթը նշելով։ (Ղեւտացւոց 23։2, 3, 36, 37) Եզրասի ու Նէեմիայի օրերուն, հանրային համախմբութեան մը ընթացքին, Ղեւտացիները ‘օրէնքը ժողովուրդին հասկցուցին’։ Որովհետեւ «բոլոր ժողովուրդը կու լային, երբ օրէնքին խօսքերը կը լսէին», Ղեւտացիները «բոլոր ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով. ‘Լո՛ւռ կեցէք, քանզի ասիկա սուրբ օր է’»։ Ապա Իսրայելացիները եօթը օր տեւող Տաղաւարահարաց Տօնը տօնակատարեցին ‘խիստ մեծ ուրախութեամբ’։ Ասկէ զատ, «առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ ամէն օր՝ Աստուծոյ օրէնքներու գիրքը կարդացուեցաւ։ Եօթը օր տօն ըրին եւ ութերորդ օրը հանդիսաւոր ժողով եղաւ, ինչպէս հրամայուած էր»։ (Նէեմեայ 8։7-11, 17, 18) Ասոնք իրապէս սուրբ առիթներ էին եւ ներկաներուն յարգալից ուշադրութիւնը կը պահանջէին։

Մեր ժողովները սրբազան են

4, 5. Մեր ժողովներուն ո՞ր յատկանշական երեսակները կ’ապացուցանեն թէ անոնք սուրբ համախմբութիւններ են։

4 Ճիշդ է որ Եհովա ներկայիս երկրի վրայ սուրբ քաղաք մը չունի, ո՛չ ալ իր պաշտամունքին նուիրուած մասնայատուկ տաճար մը։ Այսուհանդերձ պէտք չէ անտեսենք այն իրողութիւնը, թէ Եհովայի պաշտամունքին տրամադրուած ժողովները սրբազան համախմբութիւններ են։ Շաբաթը երեք անգամ կը հաւաքուինք, Սուրբ Գրութիւնները կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար։ Եհովայի Խօսքը ‘կը մեկնուի’, ինչպէս էր պարագան Նէեմիայի օրերուն։ (Նէեմեայ 8։8) Մեր բոլոր ժողովները կը սկսին ու կը փակուին աղօթքով, եւ անոնց մեծամասնութեան ընթացքին՝ Եհովայի փառաբանութեան երգեր կ’երգուին։ (Սաղմոս 26։12) Ժողովքային հանդիպումները իրապէս մեր պաշտամունքին մէկ մասն են եւ մեզմէ կը պահանջեն լուրջ ու յարգալից կերպով ուշադիր ըլլալ։

5 Եհովա իր ժողովուրդը կ’օրհնէ, մինչ միասնաբար կը հաւաքուին զինք պաշտելու, իր Խօսքը ուսումնասիրելու եւ քրիստոնէական հաճելի ընկերակցութիւն վայելելու համար։ Երբ ժողովի մը ներկայ ըլլալու ժամանակն է, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ‘Տէրը հոն օրհնութիւն կը հաստատէ’։ (Սաղմոս 133։1, 3) Այդ օրհնութիւնը կը ստանանք, եթէ ներկայ գտնուինք եւ հոգեւոր յայտագիրը ուշի–ուշով մտիկ ընենք։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ. «Ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։ Ըստ բովանդակութեան, այս խօսքը կը կիրարկուի Քրիստոնեայ երէցներու գումարած ժողովին, ուր անհատներու միջեւ ծագած լուրջ խնդիրներ նկատի կ’առնուին, բայց սկզբունքով, անիկա նաեւ կը կիրարկուի մեր ժողովներուն։ (Մատթէոս 18։20) Որովհետեւ սուրբ հոգիին միջոցով Քրիստոս ներկայ կ’ըլլայ երբ Քրիստոնեաներ իր անունով կը հաւաքուին, այս համախմբութիւնները սուրբ պէտք չէ՞ նկատուին։

6. Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր ժողովի վայրերուն մասին, ըլլան մեծ թէ պզտիկ։

6 Ճիշդ է որ Եհովա մարդակերտ տաճարներու մէջ չի բնակիր։ Այսուհանդերձ, մեր Թագաւորութեան Սրահները ճշմարիտ պաշտամունքի վայրեր են։ (Գործք 7։48. 17։24) Հոն կը հաւաքուինք Եհովայի Խօսքը ուսումնասիրելու, իրեն աղօթելու եւ երգեցողութիւններով զինք փառաբանելու համար։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ մեր Համաժողովի Սրահներուն մասին։ Մեր նահանգային համաժողովներուն համար վարձուած համալիրները,– ինչպէս՝ լսարաններ, ցուցասրահներ կամ մարզադաշտեր,– պաշտամունքի վայրերու կը վերածուին, մինչ մեր սրբազան համախմբութիւններուն համար կը գործածուին։ Պաշտամունքի այս առիթները, մեծ թէ պզտիկ, մեր յարգանքին արժանի են, եւ ասիկա մեր կեցուածքով ու վարքով պէտք է արտացոլացնենք։

Մեր ժողովները յարգելու կերպեր

7. Մեր ժողովները ո՞ր կերպով կրնանք յարգել։

7 Մեր ժողովները յարգելու բացայայտ կերպեր կան։ Կերպերէն մէկն է՝ Թագաւորութեան երգեցողութեան համար ներկայ գտնուիլ։ Բազմաթիւ երգեցողութիւններ աղօթքի ձեւով յօրինուած են, եւ հետեւաբար յարգալից կերպով պէտք է երգուին։ Սաղմոս 22–ը մէջբերելով, Պօղոս առաքեալ Յիսուսի մասին գրեց. «Քու անունդ պիտի հաղորդեմ եղբայրներուս, համախմբումին մէջ պիտի օրհներգեմ քեզի»։ (Եբրայեցիս 2։12, ԱՎ) Ուստի, թող մեր սովորութիւնը ըլլայ մեր աթոռները գրաւել՝ ատենապետը երգեցողութիւնը ներկայացնելէ առաջ, ապա երգեցողութեան մասնակցիլ, բառերուն նշանակութեան վրայ կեդրոնանալով։ Թող մեր երգեցողութիւնը արտացոլացնէ սաղմոսերգուին զգացումները, որ գրեց. «Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ»։ (Սաղմոս 111։1) Արդարեւ, երգերով Եհովան փառաբանելը վաւերական պատճառ մըն է որ մեր ժողովներուն կանուխ հասնինք եւ մինչեւ վերջը մնանք։

8. Աստուածաշունչին մէջ ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ մեր ժողովներուն մատուցուած աղօթքները մեր յարգալից ուշադրութեան արժանի են։

8 Մեր բոլոր ժողովները հոգեւորապէս ճոխացնող այլ երեսակ մըն է սրտագին աղօթքը, որ ներկաներուն ի նպաստ կը մատուցուի։ Առիթով մը, Երուսաղէմի մէջ գտնուող առաջին դարու Քրիստոնեաները ժողվուեցան եւ ‘միաբանութեամբ իրենց ձայնը Աստուծոյ բարձրացնելով’՝ ջերմեռանդօրէն աղօթեցին։ Որպէս արդիւնք, անոնք շարունակեցին ‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսիլ’, ի հեճուկս հալածանքին։ (Գործք 4։24-31) Կրնա՞նք երեւակայել որ հոն ներկայ եղողներէն մէկը այդ աղօթքին ընթացքին թոյլ տուաւ որ իր միտքը թափառի։ Ո՛չ. անոնք «միաբանութեամբ» աղօթեցին։ Մեր ժողովներուն մատուցուած աղօթքները, բոլոր ներկաներուն զգացումները կ’արտացոլացնեն։ Անոնք մեր յարգալից ուշադրութեան արժանի են։

9. Մեր հագուելակերպով ու վարքով ի՞նչպէս կրնանք սրբազան համախմբութիւնները յարգել։

9 Ասկէ զատ, մեր հագուելակերպով կրնանք մեր ժողովներուն սրբազան բնոյթին հանդէպ մեր խոր յարգանքը ցուցաբերել։ Մեր արտաքին երեւոյթը,– հագուստն ու մազի յարդարանքը,– կրնայ մեր ժողովներուն լրջութեան մեծապէս նպաստել։ Պօղոս առաքեալ խրատեց. «Կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան։ Նոյնպէս ալ կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։8-10) Երբ բացօթեայ մարզադաշտի մէջ նահանգային համաժողովի ներկայ պիտի գտնուինք, օդի տաքութիւնը հաշուի առնելով՝ ի՛նչ որ ալ հագնինք, վայելուչ պէտք է ըլլայ։ Ասկէ զատ, առիթը յարգելով՝ պիտի չուզենք նիստերուն ընթացքին ուտել կամ ձիւթ ծամել։ Մեր համախմբութիւններուն մէջ պատշաճ հագուելակերպն ու վարքը կը պատուեն Եհովա Աստուած, իր պաշտամունքը եւ մեր հաւատակից երկրպագուները։

Աստուծոյ ընտանիքի վայել բարք

10. Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ մեր քրիստոնէական ժողովներուն մէջ վարքի բարձր չափանիշ պահանջուած է։

10 Ա. Կորնթացիս նամակին մէջ, գլուխ 14, քրիստոնէական ժողովները վարելու կերպին շուրջ իմաստուն խրատներ կը գտնենք։ Պօղոս առաքեալ եզրափակեց՝ ըսելով. «Ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ»։ (Ա. Կորնթացիս 14։40) Մեր ժողովները քրիստոնէական ժողովքի գործունէութեան կարեւոր մէկ մասն են, եւ Եհովայի ընտանիքի վայել բարք կը պահանջեն։

11, 12. (ա) Մեր ժողովներուն ներկայ գտնուող երախաներուն մտքին մէջ ի՞նչ բաներ պէտք է դրոշմուին։ (բ) Երախաները ի՞նչ պատշաճ կերպով կրնան իրենց հաւատքը արտայայտել մեր ժողովներուն մէջ։

11 Յատկապէս երախաները պէտք է սորվին ի՛նչպէս վարուիլ մեր ժողովներուն մէջ։ Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակներուն պէտք է բացատրեն թէ Թագաւորութեան Սրահը եւ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան վայրը խաղատեղ չեն, այլ Եհովան պաշտելու եւ իր Խօսքը ուսումնասիրելու վայրեր են։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛։ Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր»։ (Ժողովողի 5։1) Մովսէս Իսրայելացիներուն սորվեցուց որ չափահասներն ու «մանուկներ»ը համախմբեն։ Ան ըսաւ. «Համախմբեցէ՛ք ժողովուրդը . . . որպէսզի լսեն, սորվելով վախնան Տէրոջմէն՝ ձեր Աստուծմէն, եւ զգուշութեամբ գործադրեն այս Օրէնքին բոլոր խօսքերը։ Անոնց որդիներն ալ, որ զայն չեն գիտեր, լսելով թող սորվին վախնալ Տէրոջմէն»։—Բ. Օրինաց 31։12, 13, ԱՎ

12 Նոյնպէս այսօր, երախաները իրենց ծնողներուն հետ մեր ժողովներուն ներկայ կը գտնուին՝ գլխաւորաբար լսելու եւ սորվելու համար։ Անմիջապէս որ կարենան ուշադիր ըլլալ եւ առնուազն Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները հասկնալ, անոնք կրնան իրենց հաւատքը ‘հանրապէս յայտարարել’՝ հակիրճ պատասխաններ տալով։ (Հռովմայեցիս 10։10, ՆԱ) Երախան սկիզբը կրնայ քանի մը բառերով՝ իր հասկցած մէկ հարցումին պատասխանը տալ։ Թերեւս ան պատասխանը ուղղակի կարդայ, բայց ժամանակ մը ետք, պիտի ջանայ իր անձնական բառերով արտայայտուիլ։ Երախային համար ասիկա օգտաշատ ու հաճոյալի է, իսկ հաւատքի այսպիսի ինքնաբուխ արտայայտութիւններ չափահասներուն սիրտը կ’ուրախացնեն։ Բնական է որ ծնողներ իրենք օրինակ հանդիսանան՝ պատասխաններ տալով։ Հո՛ն ուր կարելի է, նախընտրելի է որ երախաներ իրենց անձնական Աստուածաշունչը, երգարանը եւ ուսումնասիրուելիք հրատարակութիւնը ունենան։ Անոնք պէտք է սորվին այսպիսի հրատարակութիւններու հանդէպ պատշաճ յարգանք ցուցաբերել։ Այս բոլոր բաները երախաներուն մտքին մէջ պիտի դրոշմեն թէ մեր ժողովները սրբազան են։

13. Կը յուսանք որ մեր ժողովներուն առաջին անգամ ներկայ գտնուողները ի՞նչ ըսեն։

13 Անշուշտ չենք ուզեր որ մեր ժողովները Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներու մէջ մատուցուած ծառայութիւններուն նմանին։ Անոնք կա՛մ պաղ ու սրբաձեւական կ’ըլլան եւ կամ՝ ռոք երաժշտութեան երգահանդէսներուն նման աղմկոտ։ Կ’ուզենք որ մեր Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ տեղի ունեցած ժողովները ջերմ ու հաճելի ըլլան, բայց առանց ընկերային ակումբի մը մթնոլորտը ունենալու։ Մենք կը հաւաքուինք Եհովան պաշտելու համար, ուստի մեր ժողովները միշտ յարգարժան պէտք է ըլլան։ Մեր փափաքն է որ ներկայացուած նիւթերը մտիկ ընելէ եւ մեր ու մեր զաւակներուն վերաբերմունքը նկատելէ ետք, առաջին անգամ ներկայ գտնուողները ըսեն. «Իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է»։—Ա. Կորնթացիս 14։25

Մեր պաշտամունքին մնայուն մէկ երեսակը

14, 15. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք ‘մեր Աստուծոյն տանը վրայով անհոգ չըլլալ’։ (բ) Ի՞նչպէս Եսայեայ 66։23–ը արդէն կը կատարուի։

14 Ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, Եհովա իր ժողովուրդը կը ժողվէ եւ իր «աղօթքի տան»՝ իր հոգեւոր տաճարին՝ մէջ զանոնք կ’ուրախացնէ։ (Եսայեայ 56։7) Հաւատարիմ Նէեմիա իր հայրենակիցներուն յիշեցուց թէ բառացի տաճարին հանդէպ պատշաճ յարգանք պէտք էր ցուցաբերէին, նիւթապէս անոր նեցուկ կանգնելով։ Ան ըսաւ. «Մեր Աստուծոյն տանը վրայով անհոգ պիտի չըլլանք»։ (Նէեմեայ 10։39) Ասկէ զատ, իր «աղօթքի տան» մէջ զինք պաշտելու Եհովայի հրաւէրին նկատմամբ անհոգ պէտք չէ ըլլանք։

15 Պաշտամունքի համար կանոնաւորաբար ժողվուելու կարիքը ցոյց տալով, Եսայի մարգարէացաւ. «‘Ամէն ամսագլուխ եւ ամէն Շաբաթ ամէն մարմին իմ առջեւս երկրպագելու պիտի գայ’, կը յայտարարէ Տէրը»։ (Եսայեայ 66։23, ԱՎ) Ասիկա հիմա տեղի կ’ունենայ։ Կանոնաւորաբար, իւրաքանչիւր ամսուան իւրաքանչիւր շաբաթը, նուիրուած Քրիստոնեաները իրարու քով կու գան Եհովան պաշտելու համար։ Անոնք ասիկա կ’ընեն, ի միջի այլոց, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով եւ հանրային ծառայութեան մասնակցելով։ Կանոնաւորաբար ‘եկող ու Եհովայի առջեւ երկրպագող’ անհատներէն մէ՞կն ես։

16. Կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ինչո՞ւ հիմա մեր կեանքին մնայուն մէկ երեսակը պէտք է ըլլայ։

16 Եսայեայ 66։23–ը լիովին պիտի կիրարկուի Եհովայի խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ։ Այդ ժամանակ, «ամէն մարմին» բառացիօրէն շաբաթէ շաբաթ եւ ամիսէ ամիս Եհովայի ‘առջեւ երկրպագելու պիտի գայ’, կամ յաւիտեան զինք պիտի պաշտէ։ Որովհետեւ Եհովայի պաշտամունքին համար միասնաբար ժողվուիլը՝ իրերու նոր դրութեան մէջ մեր հոգեւոր կեանքին մնայուն մէկ երեսակը պիտի ըլլայ, հիմա մեր սրբազան համախմբութիւններուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը մեր կեանքին մնայուն մէկ երեսակը պէտք չէ՞ դարձնենք։

17. Ինչո՞ւ մեր ժողովներուն կարիք ունինք ‘այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’։

17 Մինչ վախճանը կը մօտենայ, ա՛լ աւելի վճռենք պաշտամունքի համար յատկացուած մեր քրիստոնէական հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլ։ Մեր ժողովներուն սրբազան բնոյթը յարգելով, թոյլ չենք տար որ աշխարհային գործը, դպրոցական պարտականութիւնները կամ երեկոյեան դասընթացքները, մեր հաւատակիցներուն հետ կանոնաւորաբար ժողվուելու արգելք հանդիսանան։ Ընկերակցութենէ յառաջ եկած զօրութեան կարիք ունինք։ Մեր ժողովքային հանդիպումները մեզի պատեհութիւն կու տան որ զիրար մօտէն ճանչնանք, քաջալերութեան աղբիւր ըլլանք եւ զիրար հրահրենք «սիրոյ եւ բարեգործութեան»։ Ասիկա պէտք է ընենք ‘այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Հետեւաբար, թող միշտ մեր սրբազան համախմբութիւնները պատշաճօրէն յարգենք, կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով, վայելչօրէն հագուելով ու լաւ վարք ունենալով։ Ասիկա ընելով ցոյց կու տանք թէ սրբազան բաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունինք։

Վերաքաղի համար

• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովայի ժողովուրդին համախմբութիւնները սրբազան պէտք է նկատուին։

• Մեր ժողովներուն ո՞ր յատկանշական երեսակները կ’ապացուցանեն թէ անոնք սրբազան են։

• Երախաները ի՞նչպէս կրնան ցոյց տալ թէ մեր ժողովներուն սրբազան բնոյթը կը յարգեն։

• Ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը ինչո՞ւ մեր կեանքին մնայուն մէկ երեսակը պէտք է ընենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 28]

Եհովան պաշտելու համար գումարուած ժողովները սրբազան են, ո՛ւր որ ալ տեղի ունենան

[Նկար՝ էջ 31]

Մեր երախաները ժողովներու ներկայ կը գտնուին՝ լսելու եւ սորվելու համար