Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի կրթութիւնը միշտ ընդունէ

Եհովայի կրթութիւնը միշտ ընդունէ

Եհովայի կրթութիւնը միշտ ընդունէ

«Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր»։—ԱՌԱԿԱՑ 3։11

1. Աստուածային կրթութիւնը ինչո՞ւ պէտք է ընդունինք։

ՎԱՂԵՄԻ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը իւրաքանչիւրիս կու տայ աստուածային կրթութիւնը ընդունելու վաւերական պատճառ մը։ Ան կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ»։ (Առակաց 3։11, 12) Արդարեւ երկնաւոր Հայրդ քեզ կը կրթէ, քանի որ քեզ կը սիրէ։

2. Կրթութիւն բառին սահմանումը ի՞նչ է, իսկ անհատ մը ի՞նչպէս կը կրթուի։

2 Կրթութիւնը կ’ակնարկէ պատիժի, սրբագրութեան, ուսուցման եւ դաստիարակութեան։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն»։ (Եբրայեցիս 12։11) Աստուածային կրթութիւնը ընդունիլը եւ կիրարկելը կրնայ քեզի օգնել արդար ընթացքի մը հետամուտ ըլլալու եւ այսպէս քեզ սուրբ Աստուծոյ՝ Եհովայի աւելի մօտեցնել։ (Սաղմոս 99։5) Սրբագրութիւնը կրնայ գալ հաւատակիցներու կողմէ, քրիստոնէական ժողովներուն տրուած տեղեկութիւններուն միջոցով, եւ երբ Աստուծոյ Խօսքը ու ‘հաւատարիմ տնտեսին’ հրատարակութիւնները կ’ուսումնասիրես։ (Ղուկաս 12։42-44) Ո՜րքան երախտապարտ կրնաս ըլլալ, երբ ճշդուելիք բան մը այս կերպով ուշադրութեանդ յանձնուի։ Բայց ինչպիսի՞ կրթութիւն կը պահանջուի եթէ լուրջ մեղք մը գործուի։

Ոմանք ինչո՛ւ կը վտարուին

3. Ե՞րբ վտարումը տեղի կ’ունենայ։

3 Աստուծոյ ծառաները Աստուածաշունչն ու քրիստոնէական հրատարակութիւնները կ’ուսումնասիրեն։ Անոնց ժողովներուն ու համաժողովներուն ընթացքին, Եհովայի չափանիշները կը քննարկուին։ Ուստի Քրիստոնեաները ի վիճակի են գիտնալու թէ Եհովա իրենցմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Վտարումը տեղի կ’ունենայ միայն եթէ ժողովքին մէկ անդամը անզեղջօրէն լուրջ մեղքի մը անձնատուր ըլլայ։

4, 5. Վտարումի աստուածաշնչական ի՞նչ օրինակ ներկայացուած է, եւ ժողովքը ինչո՞ւ մարդը վերահաստատելու յորդոր ստացաւ։

4 Նկատի առ վտարումի աստուածաշնչական օրինակ մը։ Կորնթոսի ժողովքը կը հանդուրժէր ‘այնպիսի պոռնկութեան մը որ հեթանոսներուն մէջ իսկ չկար, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը ունենար’։ Պօղոս Կորնթացիները յորդորեց որ ‘այդպիսի մէկը Սատանային մատնեն, մարմնին կորսուելուն համար, որպէսզի հոգին փրկուի’։ (Ա. Կորնթացիս 5։1-5) Վտարուելով ու այսպէս Սատանայի մատնուելով, մեղաւորը դարձեալ Բանսարկուի աշխարհին մէկ մասը եղաւ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Անոր վտարումը մարմնաւոր չար տարր մը ժողովքէն վերցուց եւ ժողովքին բարեպաշտ «հոգին» կամ տիրական կեցուածքը պահպանեց։—Բ. Տիմոթէոս 4։22. Ա. Կորնթացիս 5։11-13

5 Շատ ժամանակ չանցած, Պօղոս Կորնթոսի Քրիստոնեաները յորդորեց որ յանցագործը վերահաստատեն։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի անոնք ‘Սատանայէն զրկանք մը չկրէին’, ըսաւ առաքեալը։ Ըստ երեւոյթին, մեղաւորը զղջացած եւ իր կեանքը մաքրած էր։ (Բ. Կորնթացիս 2։8-11) Եթէ Կորնթացիները մերժէին զղջացած մարդը վերահաստատել, Սատանան զիրենք պիտի կեղեքէր, այն առումով որ անոնք Բանսարկուին ուզածին պէս՝ կարծր ու աններող պիտի ըլլային։ Շատ հաւանաբար, անոնք զղջացող մարդուն շուտով ‘ներեցին ու զինք մխիթարեցին’։—Բ. Կորնթացիս 2։5-7

6. Վտարումը ի՞նչ կրնայ իրագործել։

6 Վտարումը ի՞նչ կ’իրագործէ։ Անիկա Եհովայի սուրբ անունը անարգանքէ զերծ կը պահէ եւ իր ժողովուրդին լաւ համբաւը կը պաշտպանէ։ (Ա. Պետրոս 1։14-16) Անզեղջ յանցագործը ժողովքէն հեռացնելը, Աստուծոյ չափանիշները վեր կը բռնէ եւ ժողովքին հոգեւոր մաքրութիւնը կը պահպանէ։ Անիկա նաեւ կրնայ անզեղջ մեղաւորը զգաստացնել։

Զղջումը կարեւոր ազդակ մըն է

7. Իր յանցանքները չխոստովանիլը ի՞նչպէս Դաւիթի ազդեց։

7 Լուրջ մեղքեր գործողներուն մեծամասնութիւնը իրապէս կը զղջայ եւ ժողովքէն չի վտարուիր։ Անշուշտ իսկական զղջումը միշտ դիւրին չէ։ Նկատի առ Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը, որ 32–րդ սաղմոսը յօրինեց։ Այս սաղմոսը ցոյց կու տայ թէ Դաւիթ որոշ ատեն մը չխոստովանեցաւ իր լուրջ մեղքերը, հաւանաբար Բերսաբէի վերաբերեալ։ Հետեւա՞նքը։ Իր մեղքերուն պատճառած տառապանքը իր կորովը սպառեց, ինչպէս ամառուան չոր ու տաք օդը կը չորցնէ ծառի մը խոնաւութիւնը։ Դաւիթ ֆիզիքապէս ու մտաւորապէս տառապեցաւ, բայց երբ ‘իր յանցանքները խոստովանեցաւ, Եհովա իրեն ներեց’։ (Սաղմոս 32։3-5) Ապա Դաւիթ տաղերգեց. «Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր»։ (Սաղմոս 32։1, 2) Աստուծոյ ողորմութիւնը վայելելը ի՜նչ հոյակապ էր։

8, 9. Զղջումը ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի, եւ վտարուած անհատին վերահաստատման համար ո՞րքան կարեւոր է։

8 Բացայայտ է ուրեմն որ մեղաւոր մը պէտք է զղջայ, եթէ կ’ուզէ ողորմութիւն ստանալ։ Սակայն ո՛չ ամչնալը, ո՛չ ալ քօղազերծուելէ վախնալը զղջում է։ «Զղջալ» կը նշանակէ թէ անհատը իր միտքը կը փոխէ գէշ վարքի մը նկատմամբ, վիշտ զգալով։ Զղջացող անհատը «կոտրած ու խոնարհ սիրտ» ունի եւ կ’ուզէ ‘սխալը մէջտեղէն վերցնել’, եթէ կարելի է։—Սաղմոս 51։17. Բ. Կորնթացիս 7։11, Անթիլիաս

9 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ վերահաստատուելու համար, զղջումը շատ կարեւոր ազդակ մըն է։ Վտարուած անհատը՝ որոշ ժամանակ անցնելէ ետք, ինքնաբերաբար ժողովքին մէջ չ’ընդունուիր։ Վերահաստատուելէ առաջ, անոր սրտի վիճակը մեծ փոփոխութեան պէտք է ենթարկուի։ Ան իր գործած մեղքին լրջութեան, ինչպէս նաեւ Եհովայի ու ժողովքին բերած անարգանքին պէտք է անդրադառնայ։ Մեղաւորը պէտք է զղջայ, ներումի համար սրտանց աղօթէ եւ Աստուծոյ արդար պահանջներուն ենթարկուի։ Երբ վերահաստատուելու փափաք յայտնէ, ան պէտք է կարենայ ապացուցանել թէ զղջացած է եւ «ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր» կը կատարէ։—Գործք 26։20

Յանցագործութիւնը ինչո՞ւ խոստովանիլ

10, 11. Ինչո՞ւ պէտք չէ փորձենք մեղքը ծածկել։

10 Մեղանչողներէն ոմանք թերեւս խորհին. ‘Եթէ մեղքիս մասին մէկու մը խօսիմ, թերեւս ստիպուիմ նեղ կացութեան մատնող հարցումներու պատասխանել եւ կրնայ ըլլալ որ վտարուիմ։ Բայց եթէ լռեմ, այս բոլորէն կրնամ խուսափիլ եւ ժողովքէն բնաւ մէկը պիտի չգիտնայ’։ Այս մտածումը կարգ մը կարեւոր ազդակներ կ’անտեսէ։ Ի՞նչ են անոնք։

11 Եհովա Աստուած «ողորմած ու բարերար [է], երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող»։ Այսուհանդերձ ան իր ժողովուրդը «չափաւորութեամբ» կը խրատէ։ (Ելից 34։6, 7. Երեմեայ 30։11) Եթէ լուրջ մեղք մը գործէիր ու փորձէիր զայն ծածկել, ի՞նչպէս պիտի կարենայիր Աստուծոյ ողորմութիւնը ստանալ։ Եհովա գործուած մեղքը գիտէ եւ յանցագործութիւնը պարզապէս չ’անտեսեր։—Առակաց 15։3. Ամբակումայ 1։13

12, 13. Յանցագործութիւնը ծածկելը ի՞նչ հետեւանքներ ունի։

12 Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ես, զայն խոստովանիլը կրնայ քեզի օգնել վերստին բարի խղճմտանք մը ունենալու։ (Ա. Տիմոթէոս 1։18-20) Բայց չխոստովանիլը կրնայ պիղծ խղճմտանք մը յառաջ բերել, որ կրնայ քեզ ա՛լ աւելի մեղքի մէջ մխրճել։ Մտաբերէ թէ մեղքդ պարզապէս ուրիշ մարդու մը կամ ժողովքին դէմ չէ։ Անիկա Աստուծո՛յ դէմ է։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Տէրոջը աթոռը երկինքն է. անոր աչքերը կը տեսնեն, անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։ Տէրը կը քննէ արդարը [եւ] ամբարիշտը»։—Սաղմոս 11։4, 5

13 Եհովա պիտի չօրհնէ ոեւէ անհատ որ իր լուրջ մեղքը կը ծածկէ եւ կը փորձէ քրիստոնէական մաքուր ժողովքին մէջ մնալ։ (Յակոբու 4։6) Հետեւաբար, եթէ մեղքի մէջ ինկած ես եւ կ’ուզես շիտակը ընել, մի՛ վարանիր պարկեշտօրէն խոստովանելու։ Այլապէս, յանցաւոր խղճմտանք մը պիտի ունենաս, մանաւանդ երբ լուրջ մեղքերու մասին խրատներ կարդաս կամ լսես։ Ի՞նչ պիտի ընես եթէ Եհովա իր հոգին քեզմէ հեռացնէ, ինչպէս ըրաւ Սաւուղ թագաւորին պարագային։ (Ա. Թագաւորաց 16։14) Աստուծոյ հոգիին հեռացումով, կրնաս ա՛լ աւելի լուրջ մեղքի մը մէջ իյնալ։

Հաւատարիմ եղբայրներուդ վստահէ

14. Յանցագործ մը ինչո՞ւ Յակոբու 5։14, 15–ի խրատին պէտք է հետեւի։

14 Արդ, զղջացող յանցագործ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։ «Եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ»։ (Յակոբու 5։14, 15) Երէցներուն մօտենալը կերպ մըն է՝ որ անհատը ‘ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէ’։ (Մատթէոս 3։8) Այս հաւատարիմ ու սիրալիր տղամարդիկը ‘անոր վրայ աղօթք պիտի ընեն ու զինք Տէրոջ անունով իւղով պիտի օծեն’։ Ամոքիչ իւղի նման, անոնց աստուածաշնչական խրատները պիտի մխիթարեն իրապէս զղջացած անհատը։—Երեմեայ 8։22

15, 16. Քրիստոնեայ երէցները ի՞նչպէս Աստուծոյ օրինակին կը հետեւին, ինչպէս արձանագրուած է Եզեկիէլ 34։15, 16–ի մէջ։

15 Մեր Հովիւը՝ Եհովա ի՜նչ սիրալիր օրինակ մը հանդիսացաւ, երբ Հ.Դ.Ա. 537–ին՝ Հրեաները բաբելոնական գերութենէն ազատագրեց, եւ երբ Հ.Դ. 1919–ին՝ հոգեւոր Իսրայէլը «Մեծ Բաբելոն»էն ազատագրեց։ (Յայտնութիւն 17։3-5. Գաղատացիս 6։16) Այսպէս, ան իր խոստումը կատարեց. «Ես պիտի արածեմ իմ ոչխարներս ու զանոնք ես պիտի պառկեցնեմ, . . . կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ»։—Եզեկիէլ 34։15, 16

16 Եհովա իր այլաբանական ոչխարները կերակրեց, անոնց ապահովութիւն շնորհեց եւ կորսուածները փնտռեց։ Քրիստոնեայ հովիւները նոյնպէս հոգ կը տանին որ Աստուծոյ հօտը հոգեւորապէս կերակրուի եւ ապահովութիւն վայելէ։ Երէցները մոլորած ոչխարները կը փնտռեն։ Ինչպէս Աստուած ‘կոտրածը փաթթեց’, տեսուչները մէկու մը խօսքերուն կամ իր արարքներուն պատճառաւ վիրաւորուած ոչխարին վէրքը ‘կը փաթթեն’։ Եւ ինչպէս Աստուած ‘հիւանդը առողջացուց’, երէցները կ’օգնեն անոնց, որոնք հոգեւորապէս հիւանդացած են՝ թերեւս յանցագործութեան պատճառաւ։

Հովիւները ի՛նչպէս կ’օգնեն

17. Ինչո՞ւ երէցներէն հոգեւոր օգնութիւն խնդրելու պէտք չէ վարանինք։

17 Երէցները սիրով կը գործադրեն սա խրատը. «Ողորմեցէ՛ք . . . երկիւղով»։ (Յուդա 23, Երուսաղէմ) Կարգ մը Քրիստոնեաներ լրջօրէն մեղանչած են՝ սեռային անբարոյութեան մէջ իյնալով։ Բայց եթէ իսկապէս զղջան, անոնք կրնան ակնկալել որ երէցները իրենց հետ ողորմածօրէն ու սիրալիրօրէն վարուին, քանի որ սրտանց կը փափաքին հոգեւորապէս օգնել։ Ինքզինք պարփակելով, Պօղոս այսպիսի տղամարդոց մասին ըսաւ. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը»։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Հետեւաբար, երբեք մի՛ վարանիր անոնցմէ հոգեւոր օգնութիւն խնդրելու։

18. Երէցները մեղանչող հաւատակիցներու հետ ի՞նչպէս կը վարուին։

18 Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ես, ինչո՞ւ կրնաս երէցներուն վստահիլ։ Քանի որ անոնք գլխաւորաբար Աստուծոյ հօտին հովիւներն են։ (Ա. Պետրոս 5։1-4) Չկայ սիրալիր հովիւ մը որ կը պատժէ հնազանդ գառնուկ մը, որ ինքզինք վիրաւորելով կը մայէ։ Հետեւաբար, երբ երէցներ մեղանչող հաւատակիցներու պարագան կը քննեն, հարցը չեն նկատեր ոճիր ու պատիժ, այլ՝ մեղք ու հոգեւոր վերահաստատում, եթէ կարելի է։ (Յակոբու 5։13-20) Երէցները արդարութեամբ պէտք է դատեն եւ հօտին հետ քնքշութեամբ վարուին։ (Գործք 20։29, 30. Եսայեայ 32։1, 2) Միւս բոլոր Քրիստոնեաներուն նման, երէցները պէտք է ‘իրաւունք ընեն, ողորմութիւն սիրեն ու խոնարհութեամբ Աստուծոյ հետ քալեն’։ (Միքիայ 6։8) Այսպիսի յատկութիւններ կենսական են, երբ Եհովայի «արօտին ոչխարներ»ուն կեանքին ու սրբազան ծառայութեան ազդող որոշումներ պիտի կայացուին։—Սաղմոս 100։3

19. Քրիստոնեայ երէցները ի՞նչ կեցուածքով կը ջանան անհատը ուղղել։

19 Քրիստոնեայ հովիւները սուրբ հոգիին միջոցաւ կը նշանակուին եւ կը ջանան անով առաջնորդուիլ։ Եթէ «մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ»,– որպէս թէ անակնկալի գայ,– հոգեւորապէս որակեալ տղամարդիկ կը ջանան ‘այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերել’։ (Գաղատացիս 6։1. Գործք 20։28) Հեզութեամբ, բայց աստուածային չափանիշներուն յարելով, երէցները կը ջանան անոր մտածելակերպը ուղղել, ինչպէս նկատառու բժիշկ մը մարմինի կոտրած մէկ ոսկորը զգուշութեամբ իր տեղը կը դնէ, որպէսզի թէ՛ անտեղի ցաւ չպատճառէ եւ թէ խնդիրը լուծէ։ (Կողոսացիս 3։12) Ողորմութիւն ցուցաբերելը՝ աղօթքի եւ Սուրբ Գրութիւններու վրայ հիմնուած ըլլալով, երէցներու կայացուցած որոշումը պիտի արտացոլացնէ հարցին հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը։—Մատթէոս 18։18

20. Ե՞րբ թերեւս անհրաժեշտ կ’ըլլայ որ ժողովքին ծանուցանուի թէ որոշ անհատ մը յանդիմանուեցաւ։

20 Եթէ շատեր գիտեն կամ անկասկած պիտի գիտնան գործուած մեղքը, ժողովքին ծանուցում մը ընելը տեղին պիտի ըլլայ, անոր համբաւը պաշտպանելու համար։ Նաեւ ծանուցում մը կը տրուի, եթէ ժողովքը տեղեակ պահելու կարիք ըլլայ։ Դատականօրէն յանդիմանուած անհատը մինչ հոգեւորապէս կ’ապաքինի, կը նմանի վիրաւորուած անհատի մը, որուն վնասուածքը իր գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս կը սահմանափակէ։ Որոշ ժամանակ մը, շատ հաւանաբար օգտակար կ’ըլլայ որ զղջացող յանցագործը ժողովներուն մէջ մտիկ ընէ, քան՝ պատասխան տայ։ Երէցները կրնան կարգադրութիւն ընել որ մէկը իրեն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ, իր տկարութիւններուն վրայ կեդրոնանալով, որպէսզի դարձեալ ‘հաւատքով ողջամիտ ըլլայ’։ (Տիտոս 2։2) Այս ամէնը սիրով կը կատարուի, եւ նպատակը յանցագործը պատժել չէ։

21. Յանցագործութեան կարգ մը պարագաներ ի՞նչպէս կրնան նկատի առնուիլ։

21 Երէցները կրնան զանազան կերպերով հոգեւոր օգնութիւն հայթայթել։ Օրինակ, ենթադրենք որ եղբայր մը որ անցեալին գինեմոլ էր, իր տան մէջ առանձին եղած ժամանակ՝ մէկ կամ երկու անգամ չափազանց խմած է։ Կամ, թերեւս անհատ մը որ շատոնց ծխախոտ գործածելը դադրեցուցած էր, տկարութեան մէկ պահուն, առանձնաբար մէկ կամ երկու անգամ ծխած է։ Թէեւ ան աղօթած է եւ կը հաւատայ թէ Աստուած իրեն ներած է, բայց երէցի մը օգնութիւնը պէտք է խնդրէ, որպէսզի իր մեղքը սովորութիւն չդառնայ։ Մէկ կամ երկու երէց կրնան այս կացութիւնը նկատի առնել։ Սակայն երէցը կամ երկու երէցները վերակացու տեսուչը տեղեակ պիտի պահեն, ի մտի ունենալով որ թերեւս այլ ազդակներ պարփակուած են։

Շարունակէ աստուածային կրթութիւնը ընդունիլ

22, 23. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակես աստուածային կրթութիւնը ընդունիլ։

22 Աստուծոյ հաճութիւնը վայելելու համար, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ Եհովայի կրթութեան ուշադրութիւն պէտք է ընծայէ։ (Ա. Տիմոթէոս 5։20) Ուստի կիրարկէ որեւէ ուղղում որ կը ստանաս՝ Աստուածաշունչի ու քրիստոնէական հրատարակութիւններու ուսումնասիրութեամբ կամ Եհովայի ժողովուրդին ժողովներուն ու համաժողովներուն միջոցով։ Եհովայի կամքը կատարելու առնչութեամբ աչալուրջ եղիր։ Այն ատեն աստուածային կրթութիւնը քեզի պիտի օգնէ որ մեղքի դէմ հոգեւոր զօրաւոր պատնէշ մը պահպանես։

23 Աստուածային կրթութիւնը ընդունիլը քեզ կարող պիտի դարձնէ որ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնաս։ Ճիշդ է որ ոմանք քրիստոնէական ժողովքէն վտարուած են, բայց այս կացութեան պիտի չմատնուիս եթէ ‘սիրտդ պահես’ եւ ‘իմաստուններու պէս քալես’։ (Առակաց 4։23. Եփեսացիս 5։15, 16) Իսկ եթէ այժմ վտարուած ես, ինչո՞ւ վերահաստատուելու համար քայլեր չառնես։ Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր անոնք որ իրեն նուիրուած են, հաւատարմօրէն ու «յօժար սրտով» զինք պաշտեն։ (Բ. Օրինաց 28։47) Ասիկա կրնաս առյաւէտ ընել, եթէ Եհովայի կրթութիւնը միշտ ընդունիս։—Սաղմոս 100։2

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ոմանք ինչո՞ւ քրիստոնէական ժողովքէն կը վտարուին։

• Իսկական զղջումը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Լուրջ մեղքը ինչո՞ւ պէտք է խոստովանուի։

• Քրիստոնեայ երէցները զղջացող յանցագործներուն ի՞նչ կերպերով կ’օգնեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ վտարումի մասին ցուցմունքներ ղրկեց Կորնթացիներուն

[Նկար՝ էջ 15]

Վաղեմի հովիւներուն նման, Քրիստոնեայ երէցները Աստուծոյ վիրաւորուած ոչխարներուն վէրքը ‘կը փաթթեն’