Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եսայեայ գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

Եսայեայ գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Եսայեայ գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

«Ո՞Վ ՂՐԿԵՄ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Եհովա Աստուծոյ այս հրաւէրին պատասխանելով՝ Ամովսի որդին Եսայի կ’ըսէ. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ (Եսայեայ 1։1. 6։8) Այն ատեն, ան որպէս մարգարէ նշանակում մը կը ստանայ։ Եսայիի գործունէութիւնները արձանագրուած են իր անունը կրող՝ Աստուածաշունչի գրքին մէջ։

Եսայիի կողմէ գրուած այս գիրքը կը ծածկէ 46 տարուան ժամանակաշրջան մը, շուրջ Հ.Դ.Ա. 778–էն մինչեւ 732–էն ետք։ Թէեւ գիրքը պատգամներ կը բովանդակէ Յուդայի, Իսրայէլի եւ շրջակայ ազգերուն դէմ, բայց անոր հիմնական բնաբանը դատապարտութիւն չէ, այլ՝ ‘Եհովա Աստուծոյ փրկութիւնը’։ (Եսայեայ 25։9) Իրականութեան մէջ, Եսայի անո՛ւնը կը նշանակէ՝ «Եհովայի փրկութիւնը»։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ Եսայեայ 1։1–35։10–ը։

«ՄՆԱՑՈՐԴ ՄԸ ՄԻԱՅՆ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ»

(Եսայեայ 1։1–12։6)

Աստուածաշունչը չի յայտներ թէ Եսայի իր գիրքին առաջին հինգ գլուխներուն մէջ արձանագրած մարգարէական պատգամը հաղորդեց մարգարէ նշանակուելէ առա՛ջ թէ ետք։ (Եսայեայ 6։6-9) Սակայն յստակ է թէ Յուդա ու Երուսաղէմ հոգեւորապէս հիւանդ են՝ «ոտքին թաթէն մինչեւ գլուխը»։ (Եսայեայ 1։6) Կռապաշտութիւնը լայնատարած է։ Առաջնորդները փտած են։ Կիները ամբարտաւան դարձած են։ Մարդիկ ընդունելի կերպով ճշմարիտ Աստուծոյ չեն ծառայեր։ Եսայիի յանձնարարութիւն կը տրուի որ կրկին անգամ երթայ ու խօսի անոնց՝ որոնք չեն հասկնար ու որեւէ գիտութիւն չեն ուզեր։

Իսրայէլի ու Սուրիոյ միացեալ ուժերը կը սպառնան Յուդան ներխուժել։ Եսային ու իր զաւակները որպէս «նշաններ ու սքանչելիքներ» գործածելով, Եհովա Յուդան կը հաւաստիացնէ թէ այդ զինակցութիւնը պիտի չյաջողի։ (Եսայեայ 8։18) Սակայն անվերջ խաղաղութիւն պիտի գայ միայն «Խաղաղութեան Իշխան»ին իշխանութեան միջոցաւ։ (Եսայեայ 9։6, 7) Եհովա նաեւ հաշիւ պիտի պահանջէ Ասորեստանէն, զոր կը գործածէ որպէս ‘իր բարկութեան գաւազանը’։ Ի վերջոյ, Յուդա գերութեան պիտի երթայ, բայց «մնացորդ մը միայն պիտի դառնայ»։ (Եսայեայ 10։5, 21, 22) Իսկական արդարութիւնը իրականութիւն մը պիտի ըլլայ՝ ‘Յեսսէի բունէն ելլող շառաւիղին’ իշխանութեան ներքեւ։—Եսայեայ 11։1

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։8, 9—Սիօնի աղջիկը ի՞նչպէս «այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս, վարունգի արտի մէջ եղած հիւղի պէս» պիտի լքուի։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Ասորեստանցիներուն ներխուժման ընթացքին, Երուսաղէմ չափազանց անպաշտպան պիտի թուի, այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս կամ վարունգի արտի մէջ եղած դիւրաքանդ հիւղի պէս։ Բայց Եհովա անոր օգնութեան կը հասնի եւ թոյլ չի տար որ Սոդոմի ու Գոմորի պէս ըլլայ։

1։18, ՆԱ—«Եկէ՛ք հարցերը շտկենք» հրաւէրը ի՞նչ կը նշանակէ։ Համարը չի խօսիր հաւասար անհատներու միջեւ եղած բանակցութեան մը մասին, ուր սովորաբար երկկողմանի զիջումներ կ’ըլլան։ Փոխարէն, անիկա ատեան երթալու հրաւէր մըն է, ուր արդար Դատաւորը՝ Եհովա պատեհութիւն կու տայ Իսրայէլի որ փոխուի ու մաքրուի։

6։8—Ինչո՞ւ «մեզի» դերանունը գործածուած է։ «Մեզի» դերանունը ցոյց կու տայ թէ Եհովայի հետ ուրիշ անձ մը կայ։ Անշուշտ անիկա իր «միածին Որդին» է։—Յովհաննու 1։14. 3։16

6։11—Եսայի ի՞նչ ըսել ուզեց երբ հարցուց. «Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր իմ»։ Եսայի չէր հարցներ թէ Եհովայի պատգամը մինչեւ ե՛րբ կամակոր մարդոց պէտք էր հաղորդէր։ Փոխարէն, ան կ’ուզէր գիտնալ թէ ժողովուրդին հոգեւորապէս հիւանդ վիճակը մինչեւ ե՛րբ պիտի շարունակէր Աստուծոյ անուան անարգանք բերել։

7։3, 4—Եհովա ինչո՞ւ Աքազ չար թագաւորը ազատեց։ Սուրիոյ ու Իսրայէլի թագաւորները ծրագրած էին Յուդայի Աքազ թագաւորը գահազրկել եւ խամաճիկ եղող կառավարիչ մը՝ Տաբէէլին որդին թագադրել, որ Դաւիթի զարմին չէր պատկաներ։ Այս սատանայական ծրագիրը կրնար Դաւիթի հետ եղած Թագաւորութեան ուխտին ժխտականօրէն ազդել։ Եհովա Աքազը փրկեց, որպէսզի պահպանէ այն զարմը, որմէ խոստացեալ «Խաղաղութեան Իշխան»ը պիտի գար։—Եսայեայ 9։6

7։8—Եփրեմ ի՞նչպէս 65 տարուան մէջ կոտորուեցաւ։ Տասը–ցեղեան թագաւորութեան ժողովուրդին տարագրուիլը եւ անոնց տեղ օտարազգիներ բնակեցնելը սկսաւ «Իսրայէլի Փակէէ թագաւորին օրերը», Եսայի այս մարգարէութիւնը ըսելէն քիչ ետք։ (Դ. Թագաւորաց 15։29) Անիկա շարունակուեցաւ մինչեւ Ասորեստանի Ասորդան թագաւորին օրերը, որ Սենեքերիմի որդին ու յաջորդն էր։ (Դ. Թագաւորաց 17։6. Եզրասայ 4։1, 2. Եսայեայ 37։37, 38) Ասորեստանի կողմէ կատարուած այս շարունակական տեղափոխումն ու բնակեցումը, Եսայեայ 7։8–ի մէջ նշուած 65 տարուան կը համապատասխանէ։

11։1, 10—Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս կրնայ թէ՛ «Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը» եւ թէ «Յեսսէին արմատը» ըլլալ։ (Հռովմայեցիս 15։12) Յիսուս «Յեսսէին բունէն» էր՝ մարմնաւոր առումով, քանի որ Յեսսէի որդիէն՝ Դաւիթէ սերած էր։ (Մատթէոս 1։1-6. Ղուկաս 3։23-32) Սակայն թագաւորական իշխանութիւն ստանձնելը կ’ազդէ իր նախահայրերուն հետ Յիսուսի յարաբերութեան։ Երկրի վրայ հնազանդ մարդկութեան յաւիտենական կեանք շնորհելու զօրութիւն ու հեղինակութիւն ստանալով, Յիսուս անոնց «Յաւիտենական Հայր» կը դառնայ։ (Եսայեայ 9։6, ՆԱ) Ուստի ան նաեւ իր նախահայրերուն «արմատն» է, ի ներառեալ՝ Յեսսէ։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։3. Մեր Ստեղծիչին պահանջներուն համաձայն ապրիլ մերժելը կը նշանակէ՝ եզէ մը կամ էշէ մը նուազ գիտնալ։ Միւս կողմէ, մեզի ի նպաստ Եհովայի բոլոր ըրածներուն հանդէպ գնահատութիւն կերտելը պիտի օգնէ որ առանց հասկացողութեան չվարուինք եւ զինք չլքենք։

1։11-13. Կրօնական կեղծաւոր արարողութիւնները եւ ձեւական աղօթքները Եհովայի աչքին ձանձրանալի են։ Մեր արարքներուն ու աղօթքներուն ետին՝ սրտի շիտակ մղում պէտք է ըլլայ։

1։25-27. 2։2. 4։2, 3. Յուդայի գերութիւնն ու ամայացումը վերջ պիտի գտնէր, երբ զղջահար մնացորդը Երուսաղէմ վերադառնար եւ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատուէր։ Եհովա զղջացող յանցագործներուն հետ ողորմածութեամբ կը վարուի։

2։2-4. Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար մասնակցելով, կ’օգնենք բազմաթիւ ազգերէ անհատներու որ խաղաղութեան ճամբաները սորվին եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունենան։

4։4. Եհովա բարոյական պղծութիւնը եւ արիւնապարտութիւնը պիտի վերցնէ։

5։11-13. Ժամանցի վերաբերեալ ինքնազսպում ու չափաւորութիւն չպահելը՝ կը նշանակէ մերժել գիտութեան համաձայն վարուիլ։—Հռովմայեցիս 13։13

5։21-23. Քրիստոնեայ երէցները կամ տեսուչները պէտք է խուսափին «իրենց աչքին իմաստուն» ըլլալէ։ Անոնք նաեւ «գինի խմելու» մէջ չափաւոր պէտք է ըլլան եւ աչառութիւն ցուցաբերելէ ետ կենան։

11։3ա. Յիսուսի օրինակը եւ ուսուցումները ցոյց կու տան թէ Եհովայի վախին մէջ ուրախութիւն կայ։

«ՏԷՐԸ ՊԻՏԻ ՈՂՈՐՄԻ ՅԱԿՈԲԻՆ»

(Եսայեայ 13։1–35։10)

Գլուխ 13-23–ը ազգերուն դէմ պատգամներ են։ Սակայն «Տէրը պիտի ողորմի Յակոբին», թոյլ տալով Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն որ հայրենիք վերադառնան։ (Եսայեայ 14։1) Գլուխ 24-27–ի մէջ Յուդայի ամայացման պատգամին կ’ընկերակցի վերահաստատման խոստումը։ Եհովա իր բարկութիւնը կը յայտնէ «Եփրեմի [Իսրայէլի] գինովներուն» դէմ, քանի որ Սուրիոյ հետ դաշինք կնքեցին, իսկ՝ Յուդայի ‘քահանաներուն ու մարգարէներուն’ դէմ, քանի որ ուզեցին Ասորեստանի հետ դաշնակցիլ։ (Եսայեայ 28։1, 7) «Վա՜յ Արիէլին [Երուսաղէմ]», քանի որ պաշտպանութեան համար ‘Եգիպտոս կ’իջնէ’։ (Եսայեայ 29։1. 30։1, 2) Այսուհանդերձ, Եհովայի հաւատք ընծայողներուն փրկութիւն կը նախագուշակուի։

‘Իր որսին համար մռնչող կորիւնի մը նման’, Եհովա «Սիօն լեռը» պիտի պաշտպանէ։ (Եսայեայ 31։4) Սա խոստումն ալ կը տրուի. «Թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ»։ (Եսայեայ 32։1) Թէեւ Յուդայի դէմ Ասորեստանի սպառնալիքը պատճառ կ’ըլլայ որ նոյնիսկ «խաղաղութեան դեսպանները» դառնապէս լան, բայց Եհովա կը խոստանայ թէ իր ժողովուրդը պիտի բուժուի, անոր «անօրէնութիւնը պիտի ներուի»։ (Եսայեայ 33։7, 22-24) «Տէրոջը բարկութիւնը՝ բոլոր ազգերուն վրայ ու սրտմտութիւնը անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ է»։ (Եսայեայ 34։2) Յուդա ամայի պիտի չմնայ։ «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի»։—Եսայեայ 35։1

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

13։17—Մարերը ի՞նչ կերպով արծաթը չգնահատեցին ու ոսկիէն չախորժեցան։ Մարերն ու Պարսիկները յաղթանակի մը բերած փառքը շատ աւելի կ’արժեւորէին, քան՝ աւարը։ Օրինակ, Կիւրոս վերադարձող աքսորեալներուն տուաւ ոսկիէ ու արծաթէ սպասները, զորս Նաբուգոդոնոսոր Եհովայի տաճարէն կողոպտած էր։

14։1, 2—Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչպէս ‘զիրենք գերի տանողները գերեվարեցին ու զիրենք ճնշողներուն վրայ տիրապետեցին’։ Ասիկա կատարուեցաւ՝ զոր օրինակ, հետեւեալ անհատներուն պարագային. Դանիէլ, որ Մարերու ու Պարսիկներու իշխանութեան ներքեւ Բաբելոնի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մըն էր. Եսթեր, որ Պարսիկներու թագուհին եղաւ. եւ Մուրթքէ, որ պարսկական կայսրութեան վարչապետ նշանակուեցաւ։

20։2-5—Եսայի ի՞րապէս երեք տարի բոլորովին մերկ շրջեցաւ։ Հաւանաբար Եսայի միայն իր հանդերձը հանեց եւ թեթեւազգեստ շրջեցաւ։ «Մերկ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կրնայ նաեւ նշել թէ անհատը մասամբ կամ անբաւարար հագած է։—Բ. Թագաւորաց 6։14, 20

21։1—Ո՞ր շրջանը «ծովուն անապատ»ը կոչուած է։ Թէեւ Բաբելոն որեւէ ծովու մօտ չէր, բայց այս կերպով անոր ակնարկուած է, քանի որ Եփրատ ու Տիգրիս գետերը ամէն տարի կը յորդէին, ճահճային «ծով» մը յառաջ բերելով։

24։13-16—Հրեաները ի՞նչպէս պիտի ըլլային «ժողովուրդներուն մէջ՝ թօթուըուած ձիթենիի պէս ու այգեկութքէն ետքը ճռաքաղի պէս»։ Ինչպէս բերքահաւաքէն ետք քիչ մը պտուղ կը մնայ ծառի մը վրայ, նոյնպէս ալ միայն քիչեր Երուսաղէմի ու Յուդայի կործանումէն պիտի վերապրէին։ Վերապրողները ո՛ւր որ ալ տարագրուէին,– «արեւելեան կողմը [Բաբելոն]» կամ «[Միջերկրական] ծովու կղզիներ»ը,– Եհովան պիտի փառաւորէին։

24։21, ԱՎ—Որո՞նք են «վերեւի զօրքը» եւ «երկրագունդին թագաւորները»։ «Վերեւի զօրքը» կրնայ ակնարկել չար ոգիներուն, իսկ «երկրագունդին թագաւորները» երկրաւոր կառավարիչներն են, որոնց վրայ դեւերը զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնեն։—Ա. Յովհաննու 5։19

25։7—«Բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը» ի՞նչ է։ Այս նմանութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ մարդկութեան երկու մեծ թշնամիներուն վրայ,– մեղքն ու մահը։

Դասեր՝ մեզի համար.

13։20-22. 14։22, 23. 21։1-9. Եհովայի մարգարէական խօսքը միշտ կ’իրագործուի, ինչպէս եղաւ Բաբելոնի պարագային։

17։7, 8. Թէեւ Իսրայէլի մէջ մեծամասնութիւնը մտիկ չըրաւ, բայց կարգ մը անհատներ Եհովայի նայեցան։ Նմանապէս, Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ ոմանք Թագաւորութեան պատգամին կ’ընդառաջեն։

28։1-6. Իսրայէլ Ասորեստանի ձեռքը պիտի իյնար, բայց Աստուած հոգ պիտի տանէր որ հաւատարիմ անհատները վերապրէին։ Եհովայի դատաստանները անյոյս չեն ձգեր արդարները։

28։23-29. Եհովա անկեղծ անհատները կը սրբագրէ՝ իրենց մասնայատուկ կարիքներուն ու պարագաներուն համաձայն։

30։15. Եհովայի կողմէ փրկուիլը կը պահանջէ որ հաւատք ցուցաբերենք՝ «հանգստանալով», կամ փրկութիւն չփնտռելով մարդկային ծրագիրներու միջոցաւ։ «Հանդարտ» մնալով, կամ չվախնալով, ցոյց կու տանք նաեւ թէ Եհովայի պաշտպանելու կարողութեան կը վստահինք։

30։20, 21. «Քու ուսուցիչներդ» բառացի թարգմանութիւն է Եբրայերէն բնագրին, բայց հոս յոգնակի ձեւը գործածուած է՝ վսեմութիւն նշելու համար, ակնարկելով Մեծ Ուսուցիչին՝ Եհովա Աստուծոյ։ Մենք Եհովան ‘կը տեսնենք’ եւ փրկութեան իր ձայնը ‘կը լսենք’, իւրացնելով ի՛նչ որ մեզի կ’ըսէ իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։—Մատթէոս 24։45

Եսայեայ գիրքին մարգարէութիւնը Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’ամրացնէ

Եսայեայ գիրքին բովանդակած աստուածային պատգամին համար ո՜րքան շնորհակալ կրնանք ըլլալ։ Արդէն իսկ կատարուած մարգարէութիւնները կ’ամրացնեն մեր վստահութիւնը թէ ‘Եհովայի բերանէն ելած խօսքը իրեն ապարդիւն պիտի չվերադառնայ’։—Եսայեայ 55։11

Ի՞նչ կրնանք ըսել Մեսիական մարգարէութիւններուն մասին, ինչպէս՝ Եսայեայ 9։7 եւ 11։1-5, 10–ի մէջ։ Անոնք մեր փրկութեան համար Եհովայի ըրած կարգադրութեան հանդէպ մեր հաւատքը չե՞ն զօրացներ։ Գիրքը նաեւ կը բովանդակէ մարգարէութիւններ, որոնց գլխաւոր կատարումները մեր օրերուն տեղի կ’ունենան կամ տակաւին տեղի պիտի ունենան։ (Եսայեայ 2։2-4. 11։6-9. 25։6-8. 32։1, 2) Արդարեւ Եսայեայ գիրքը յաւելեալ ապացոյց մըն է թէ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»։—Եբրայեցիս 4։12

[Նկար՝ էջ 18]

Եսայի եւ իր զաւակները ‘նշաններ ու սքանչելիքներ էին Իսրայէլի մէջ’

[Նկար՝ էջ 19]

Երուսաղէմ պիտի ըլլար «այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս»

[Նկար՝ էջ 20]

Ազգերէն անհատներու ի՞նչպէս օգնութիւն կը տրուի որ ‘իրենց սուրերէն խոփեր շինեն’