Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ Երգոց գիրքէն աչքառու կէտեր

Երգ Երգոց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Երգ Երգոց գիրքէն աչքառու կէտեր

«ԻՆՉՊԷՍ շուշանը փուշերուն մէջ, այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ»։ «Ինչպէս խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ, այնպէս է իմ սիրականս երիտասարդներուն մէջ»։ «Ո՞վ է ասիկա, որ արշալոյսի պէս կը նայի, որ լուսինի պէս՝ գեղեցիկ, արեւու պէս՝ մաքուր . . . է»։ (Երգ Երգոց 2։2, 3. 6։10) Աստուածաշունչի Երգ Երգոց գիրքին այս համարները ո՜րքան հոյակապ են։ Ամբողջ գիրքը բանաստեղծութիւն մըն է, որ ա՛յնքան իմաստալից ու գեղեցիկ է՝ որ կոչուած է «երգերուն երգը»։—Երգ Երգոց 1։1, ԱՎ

Գիրքը յօրինուած է վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորին կողմէ, հաւանաբար շուրջ Հ.Դ.Ա. 1020–ին, իր 40 տարուան իշխանութեան սկիզբը։ Այս երգը երիտասարդ հովիւի մը եւ Սողոմացի կոչուած գեղջկուհիի մը միջեւ եղած սիրոյ պատմութիւն մըն է։ Բանաստեղծութեան մէջ նաեւ նշուած են աղջկան մայրն ու եղբայրները, «Երուսաղէմի աղջիկները [պալատական կիները]» եւ «Սիօնի աղջիկները [Երուսաղէմի կիները]»։ (Երգ Երգոց 1։5. 3։11) Աստուածաշունչը ընթերցողի մը համար դժուար է Երգ Երգոց գրքին մէջ խօսք առնող բոլոր անհատները բնորոշել, բայց՝ կարելի է, նկատի առնելով անոնց ըսածները կամ իրենց ուղղուած խօսքերը։

Աստուծոյ Խօսքին մէկ մասը ըլլալով, Երգ Երգոց գրքին պատգամը երկու պատճառով մեծ արժէք ունի։ (Եբրայեցիս 4։12) Առաջին՝ անիկա մեզի կը սորվեցնէ թէ տղամարդուն ու կնոջ միջեւ իսկական սէրը ի՛նչ է։ Երկրորդ՝ երգը կը լուսաբանէ այն սէրը որ գոյութիւն ունի Յիսուս Քրիստոսի եւ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին միջեւ։—Բ. Կորնթացիս 11։2. Եփեսացիս 5։25-31

ՄԻ՛ ՓՈՐՁԷՔ ՄԷՋՍ ‘ՍԷՐ ԱՐԹՆՑՆԵԼ’

(Երգ Երգոց 1։1–3։5)

«Քու բերանիդ համբոյրներովը համբուրէ զիս, վասն զի քու սէրդ գինիէն աղէկ է»։ (Երգ Երգոց 1։2) Երգ Երգոց գրքին մէջ երկխօսութիւնը կը սկսի խոնարհ գեղջկուհիին այս խօսքերով, որ կը բերուի Սողոմոնի արքայական վրանը։ Ան ի՞նչպէս հոն հասաւ։

Ան կ’ըսէ. «Իմ մօրս որդիները ինծի սրդողեցան, զիս այգիներու պահապան ըրին»։ Անոր եղբայրները իրեն դէմ կը բորբոքին, քանի որ իր սիրած երիտասարդ հովիւը զինք հրաւիրած է որ գարնանային գեղեցիկ օր մը միասնաբար ճեմեն։ Արգելք հանդիսանալու համար, եղբայրները զինք կը նշանակեն որ ‘այգիները փճացնող պզտիկ աղուէսները’ վռնտէ։ Այս պարտականութեան պատճառաւ, ան Սողոմոնի բանակավայրին մօտակայքը կու գայ։ Իսկ երբ «ընկոյզներու պարտէզը» կ’իջնէ, իր գեղեցկութիւնը աչքի զարնելով՝ բանակավայր կը տարուի։—Երգ Երգոց 1։6. 2։10-15. 6։11

Երբ աղջիկը իր սիրելի հովիւին հանդէպ իր կարօտը կը յայտնէ, պալատական կիները իրեն կ’ըսեն որ ‘հօտերուն շաւիղներէն երթայ’ ու զինք փնտռէ։ Բայց Սողոմոն թոյլ չի տար որ ան մեկնի։ Անոր գեղեցկութեան հանդէպ իր հիացմունքը յայտնելով, Սողոմոն անոր կը խոստանայ «ոսկեղէն զարդեր . . . արծաթէ կիտուածներով»։ Սակայն աղջիկը անտարբեր կը գտնուի։ Երիտասարդ հովիւը Սողոմոնի բանակավայրը կը մտնէ եւ աղջիկը գտնելով՝ կը բացագանչէ. «Ահա գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս, ահա գեղեցիկ ես»։ Երիտասարդուհին պալատական կիները կ’երդմնցնէ. ‘[Մէջս] սէրը մի՛ սթափեցնէք եւ մի՛ արթնցնէք, մինչեւ որ ինք փափաքի’։—Երգ Երգոց 1։8-11, 15. 2։7, ԱՎ. 3։5, ԱՎ

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։2, 3—Երիտասարդ հովիւին սիրոյ խօսքերը յիշելը ինչո՞ւ գինիի պէս է, իսկ անոր անունը՝ իւղի պէս։ Ինչպէս գինին մարդուն սիրտը կ’ուրախացնէ եւ գլխուն վրայ իւղ թափելը ամոքիչ է, նոյնպէս երիտասարդին սիրոյն ու անուան յիշատակը աղջիկը զօրացուց ու մխիթարեց։ (Սաղմոս 23։5. 104։15) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները, յատկապէս օծեալները, նմանապէս կը զօրանան ու կը քաջալերուին՝ իրենց հանդէպ Յիսուս Քրիստոսի ցուցաբերած սիրոյն մասին խոկալով։

1։5—Գեղջկուհին ինչո՞ւ իր թուխ երեւոյթը կը նմանցնէ «Կեդարի վրաններուն»։ Այծամազը բազմաթիւ գործածութիւններ ունէր։ (Թուոց 31։20) Օրինակ, «խորանին վրայ ծածկոց» մը ըլլալու համար, «այծի մազէ վարագոյրներ» գործածուեցան։ (Ելից 26։7) Պետուիններու այժմու վրաններուն նման, շատ հաւանաբար Կեդարի վրաններն ալ սեւ այծի մազէ շինուած էին։

1։15—Երիտասարդ հովիւը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ՝ երբ կ’ըսէ. «Քու աչքերդ աղաւնիներու աչքերուն նման են»։ Ան ըսել կ’ուզէ թէ աղաւնիներու աչքերուն պէս, իր սիրուհիին աչքերը փափուկ ու սիրուն են։

2։7. 3։5—Աղջիկը ինչո՞ւ «այծեամներով կամ դաշտի եղնիկներով» կ’երդմնցնէ պալատական կիները։ Այծեամներն ու եղնիկները հռչակաւոր են իրենց բարեձեւութեամբ եւ գեղեցկութեամբ։ Իրականութեան մէջ, Սողոմացի աղջիկը պալատական կիները կ’երդմնցնէ ամէն բանով որ բարեձեւ ու գեղեցիկ է, որ իր մէջ սէր արթնցնելէ ետ կենան։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։2. 2։6. Սիրատածութեան ընթացքին սիրոյ մաքուր արտայայտութիւններ ընելը կրնայ պատշաճ ըլլալ։ Սակայն զոյգը պիղծ կիրքի դրսեւորումներէ պէտք է զգուշանայ, որոնք կրնան սեռային անբարոյութեան առաջնորդել։—Գաղատացիս 5։19

1։6. 2։10-15. Սողոմացիին եղբայրները թոյլ չտուին իրեն որ իր սիրականին հետ մեկուսանայ լեռներուն մէջ, բայց ո՛չ թէ քանի որ իրենց քոյրը անբարոյ էր կամ պատշաճ շարժառիթներ չունէր։ Անոնք կանխարգելիչ քայլ մը առին, որպէսզի ան փորձութեան առաջնորդող պարագայի մը մէջ չգտնուի։ Դարպասող զոյգին համար դասը այն է՝ որ անոնք մեկուսացած վայրերէն պէտք է խուսափին։

2։1-3, 8, 9. Գեղեցիկ ըլլալով հանդերձ, Սողոմացի աղջիկը համեստօրէն ինքզինք սովորական ծաղիկ մը նկատեց։ Իր գեղեցկութեան եւ Եհովայի հանդէպ իր հաւատարմութեան համար, երիտասարդ հովիւը զինք սեպեց ‘շուշան մը՝ փուշերուն մէջ’։ Իսկ երիտասարդին վայելչութեան համար, աղջիկը զայն «այծեամի» մը նմանցուց։ Ան նաեւ աստուածավախ ու Եհովայի հաւատարիմ անհատ մը ըլլալու էր։ Աղջիկը ըսաւ. «Ինչպէս [ստուեր ու պտուղ հայթայթող] խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ, այնպէս է իմ սիրականս երիտասարդներուն մէջ»։ Հաւատքն ու բարեպաշտութիւնը ցանկալի յատկութիւններ չե՞ն, զորս ապագայ կողակիցին մէջ փնտռելու ենք։

2։7. 3։5. Գեղջկուհին Սողոմոնի հանդէպ ռոմանթիկ զգացումներ չունէր։ Ան նաեւ պալատական կիները երդմնցուց որ երիտասարդ հովիւէն զատ, ոեւէ անհատի հանդէպ իր մէջ սէր չարթնցնեն։ Ո՛չ կարելի է, ո՛չ ալ պատշաճ է ռոմանթիկ սէր տածել պարզապէս ոեւէ անհատի հանդէպ։ Ամուսնանալ փափաքող ամուրի Քրիստոնեան, միայն Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը պէտք է փնտռէ։—Ա. Կորնթացիս 7։39

«Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՓՆՏՌԷՔ ՍՈՂՈՄԱՑԻԻՆ ՎՐԱՅ»

(Երգ Երգոց 3։6–8։4)

«Ո՞վ է ասիկա, որ . . . անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս»։ (Երգ Երգոց 3։6) Երուսաղէմի կիները դուրս ելլելով ի՞նչ կը տեսնեն։ Սողոմոն եւ իր սպասաւորները քաղաք կը վերադառնան։ Եւ թագաւորը իրեն հետ Սողոմացի աղջիկը բերած է։

Երիտասարդ հովիւը աղջկան հետեւած է եւ շատ չանցած՝ միջոց մը կը գտնէ որ զինք տեսնէ։ Երբ ան իր սիրոյն նկատմամբ զինք կը հաւաստիացնէ, աղջիկը քաղաքէն հեռանալու իր փափաքը կ’արտայայտէ, ըսելով. «Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած, ես զմուռսի լեռն ու կնդրուկի բլուրը պիտի երթամ»։ Ան հովիւը կը հրաւիրէ որ «իր պարտէզը գայ ու իրեն ախորժելի պտուղները ուտէ»։ Հովիւը կը պատասխանէ. «Իմ պարտէզս եկայ, ո՛վ հարս քոյրս»։ Երուսաղէմի կիները անոնց կ’ըսեն. «Կերէ՛ք, ո՛վ բարեկամներ, խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք, ո՛վ սիրելիներ»։—Երգ Երգոց 4։6, 16. 5։1

Պալատական կիներուն երազ մը պատմելէ ետք, Սողոմացի աղջիկը անոնց կ’ըսէ. «Ես իր սիրով կը նուաղիմ»։ Անոնք կը հարցնեն. «Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի»։ Ան կը պատասխանէ. «Իմ սիրականս սպիտակ ու կարմիր է, տասը հազարի մէջ երեւելի է»։ (Երգ Երգոց 5։2-10) Երբ Սողոմոն առատ գովասանք կը ներկայացնէ, ան խոնարհաբար կը պատասխանէ. «Ի՞նչ պիտի փնտռէք Սողոմացիին վրայ»։ (Երգ Երգոց 6։4-13) Ասիկա զինք սիրաշահելու պատեհութիւն մը նկատելով, թագաւորը յաւելեալ գովասանքներ կը տեղացնէ անոր վրայ։ Սակայն աղջիկը երիտասարդ հովիւին հանդէպ իր սիրոյն մէջ հաստատ կը մնայ։ Ի վերջոյ, Սողոմոն թոյլ կու տայ որ ան տուն վերադառնայ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

4։1. 6։5—Աղջկան մազերը ինչո՞ւ համեմատուած են «այծերուն հօտին» հետ։ Համեմատութիւնը կը թելադրէ թէ անոր մազերը այծերուն սեւ մազերուն պէս փայլուն ու առատ էին։

4։11—Սողոմացիին ‘շրթունքէն մեղրախորիսխ կաթիլը’ եւ ‘լեզուին տակ մեղր ու կաթ ըլլալը’ ի՞նչ կը նշեն։ Մեղրախորիսխը աւելի համեղ ու քաղցր է, քան՝ օդ առած մեղրը։ Այս համեմատութիւնը, ինչպէս նաեւ աղջկան լեզուին տակ մեղր ու կաթ ըլլալու գաղափարը, Սողոմացիին խօսքերուն անուշութիւնն ու հաճելիութիւնը կ’ընդգծէ։

5։12—Ի՞նչ կը նշանակէ՝ «Աչքերը՝ վազող ջուրերու քով կաթով լուացուած աղաւնիներու աչքերուն կը նմանին»։ Աղջիկը իր սիրականին գեղեցիկ աչքերուն մասին կը խօսի։ Թերեւս ան բանաստեղծական ոճով՝ սպիտակուցով շրջապատուած սեւ ծիածանը կը նմանցնէ թուխ աղաւնիներու, որոնք կաթով կը լուացուին։

5։14, 15—Հովիւին ձեռքերն ու սրունքները ինչո՞ւ այս կերպով նկարագրուած են։ Ըստ երեւոյթին, աղջիկը կ’ակնարկէ հովիւին մատներուն որպէս «ոսկի մատնիներ» եւ եղունգներուն որպէս «Թարսիսի քարեր», իսկ սրունքները կը նմանցնէ «մարմարէ սիւներ»ու, քանի որ ուժեղ ու գեղեցիկ են։

6։4—Աղջիկը ինչո՞ւ Թերսայի հետ համեմատուած է։ Քանանացիներու այս քաղաքը գրաւուեցաւ Յեսուի կողմէ, իսկ Սողոմոնի ժամանակէն ետք, Իսրայէլի տասը–ցեղեան հիւսիսային թագաւորութեան առաջին մայրաքաղաքը եղաւ։ (Յեսուայ 12։7, 24. Գ. Թագաւորաց 16։5, 6, 8, 15) Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Այնպէս կը թուի թէ քաղաքը շատ գեղեցիկ էր, ինչ որ կը բացատրէ անոր նշուիլը հոս»։

6։13, ԱՎ—Ի՞նչ է «երկու բանակներու պարը»։ Այս արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «Մանայիմի պարը»։ Մանայիմ քաղաքը կը գտնուէր Յորդանան գետին արեւելեան կողմը, Յաբոկի հեղեղատին մօտ։ (Ծննդոց 32։2, 22. Բ. Թագաւորաց 2։29) «Երկու բանակներու պարը» կրնայ ակնարկել որոշ պարի մը, որ այդ քաղաքին մէջ տօնի մը առթիւ կը պարէին։

7։4—Սողոմոն Սողոմացի աղջկան վիզը ինչո՞ւ «փղոսկրէ աշտարակի» կը նմանցնէ։ Նախապէս, աղջկան ըսուեցաւ. ‘Քու պարանոցդ Դաւիթին աշտարակին պէս է’։ (Երգ Երգոց 4։4) Աշտարակը բարձր ու նեղ կ’ըլլայ, եւ փղոսկրը՝ ողորկ։ Սողոմոն աղջկան վիզին նրբութիւնը տպաւորիչ նկատեց։

Դասեր՝ մեզի համար.

4։7. Սողոմոնի հրապուրանքներուն ընդդիմանալով, Սողոմացին անկատար ըլլալով հանդերձ ապացուցանեց թէ բարոյապէս անթերի էր։ Այսպէս, անոր բարոյական զօրութիւնը զինք աւելի գրաւիչ դարձուց։ Քրիստոնեայ կիներուն պարագան նոյնը պէտք է ըլլայ։

4։12. Ցանկապատուած գեղեցիկ պարտէզի մը նման, ուր կարելի է մտնել միայն կղպանք կրող դռնէ մը, Սողոմացի աղջիկը իր սիրոյ զգացումները միայն իր ապագայ ամուսնոյն վերապահեց։ Ի՜նչ ընտիր օրինակ մը՝ ամուրի Քրիստոնեայ կիներու եւ տղամարդոց։

«ԵԱՀԻ ԲՈՑԸ»

(Երգ Երգոց 8։5-14)

«Ո՞վ է ասիկա, որ իր սիրականին կռթնած՝ անապատէն կ’ելլէ», հարց կու տան Սողոմացիին եղբայրները, երբ կը տեսնեն որ ան տուն կը վերադառնայ։ Նախապէս, անոնցմէ մէկը ըսած էր. «Եթէ անիկա պարիսպ է, վրան արծաթէ աշտարակ մը շինենք եւ եթէ դուռ է, զանիկա եղեւնափայտի տախտակներով պատենք»։ Իր սիրոյն մնայուն ըլլալը փաստուելով, Սողոմացին կ’ըսէ. «Ես պարիսպ եմ ու իմ ստինքներս անոր աշտարակներն են. այս պատճառով անոր առջեւ կը նմանիմ անոր, որ խաղաղութիւն կը բերէ»։—Երգ Երգոց 8։5, 9, 10

Իսկական սէրը «սաստիկ բոցավառ կրակի» նման է։ Անիկա Եբրայերէն բնագրին մէջ կոչուած է՝ «Եահի բոցը»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այսպիսի սէր Եհովայէ ծագում կ’առնէ։ Ա՛ն մեզ օժտած է սիրելու կարողութեամբ։ Անիկա բոց մըն է, որուն կայծերը անշէջ են։ Երգ Երգոց գիրքը գեղեցիկ կերպով կը լուսաբանէ թէ տղամարդու եւ կնոջ միջեւ եղած սէրը կրնայ «մահուան պէս զօրաւոր» կամ հաստատ ըլլալ։—Երգ Երգոց 8։6

Սողոմոնի երգերուն երգը նաեւ լոյս կը սփռէ այն կապին վրայ, որ գոյութիւն ունի Յիսուս Քրիստոսի եւ իր երկնային «հարս»ին անդամներուն միջեւ։ (Յայտնութիւն 21։2, 9) Օծեալ Քրիստոնեաներուն հանդէպ Յիսուսի սէրը, տղամարդու եւ կնոջ միջեւ եղած որեւէ սէր կը գերազանցէ։ Հարս դասակարգին անդամները իրենց անձնուիրութեան մէջ անխախտ են։ Յիսուս սիրալիրօրէն իր կեանքը տուաւ նաեւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն համար։ (Յովհաննու 10։16) Արդ, բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները կրնան Սողոմացիին անխախտ սիրոյ ու նուիրումի օրինակին հետեւիլ։

[Նկար՝ էջ 10]

Երգ Երգոց գիրքը մեզի կը սորվեցնէ թէ ապագայ կողակիցին մէջ ի՞նչ յատկութիւններ փնտռենք