Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ շիտակը ընել

Ինչո՞ւ շիտակը ընել

Ինչո՞ւ շիտակը ընել

ՈՒՍԵԱԼ մարդ մը անգամ մը ըսաւ. «Կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։ Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ»։ Այս մարդը իր փափաքած բարին ընելը ինչո՞ւ դժուար գտաւ։ Ան բացատրեց. «Ես կը գտնեմ օրէնք մը, որ երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ։ Վասն զի ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։—Հռովմայեցիս 7։18, 19, 21-23

Շուրջ 2,000 տարի առաջ արձանագրուած Պօղոս առաքեալի այս խօսքերը կը բացատրեն թէ ինչո՛ւ շիտակը ընելը՝ անկատար մարդոց համար մարտահրաւէր է։ Շիտակ սկզբունքներուն կառչիլը, մանաւանդ փորձիչ պարագաներու ներքեւ, բարոյական զօրութիւն կը պահանջէ։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. Շիտակը ընելու ամենակարեւոր պատճառը ի՞նչ է։

Նկատի առ թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն բարոյապէս ուղիղ անհատին ապագային մասին։ Սաղմոս 37։37, 38–ի մէջ կը կարդանք. «Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ, իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ»։ Առակաց 2։21, 22–ը մեզի կ’ըսէ. «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։

Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ գտնուող այս ու այլ խոստումներ մեզի շարժառիթ կու տան աստուածահաճոյ ընթացք մը որդեգրելու, բայց անոնք հիմնական պատճառը չեն։ Հիմնական պատճառը առնչուած է հարցի մը, որ կը պարփակէ բոլոր մտացի արարածները անհատապէս։ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 2006 թիւը, էջ 4-7 (Անգլերէն), նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչ է այդ հարցը եւ ի՛նչպէս կ’ազդէ մեզի։