Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր ընկերը սիրելը ի՛նչ կը նշանակէ

Մեր ընկերը սիրելը ի՛նչ կը նշանակէ

Մեր ընկերը սիրելը ի՛նչ կը նշանակէ

«Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 22։39

1. Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ Աստուած կը սիրենք։

ԵՀՈՎԱ զինք պաշտողներէն ի՞նչ կը պահանջէ։ Յիսուս պարզ ու ամփոփ ձեւով պատասխանը տուաւ։ Ան ըսաւ թէ մեծագոյն պատուիրանն է՝ Եհովան սիրել մեր ամբողջ սրտով, անձով, մտքով ու զօրութեամբ։ (Մատթէոս 22։37. Մարկոս 12։30) Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Աստուծոյ սէրը կը պարփակէ իրեն հնազանդիլ ու իր պատուիրանները պահել, մեզի հանդէպ իր ցուցաբերած սիրոյն ընդառաջելով։ Աստուած սիրողներուն համար՝ իր կամքը կատարելը բեռ մը չէ, այլ զիրենք կ’ուրախացնէ։—Սաղմոս 40։8. Ա. Յովհաննու 5։2, 3

2, 3. Մեր ընկերը սիրելու պատուիրանին ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք, եւ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։

2 Յիսուս ըսաւ թէ երկրորդ մեծագոյն պատուիրանը առնչուած է առաջինին. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ (Մատթէոս 22։39) Այժմ վաւերական պատճառով մը այս պատուիրանին ուշադրութիւն պիտի ընծայենք։ Մեր ապրած ժամանակները յատկանշուած են սիրոյ անձնասէր ու խեղաթիւրուած տեսակով մը։ «Վերջին օրեր»ու իր ներշնչեալ նկարագրութեան մէջ, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ մարդիկ ո՛չ թէ զիրար պիտի սիրէին, այլ՝ իրենց անձը, դրամն ու հաճոյքները։ Շատեր «անգութ» պիտի ըլլային, կամ ինչպէս Աստուածաշունչի այլ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ, անոնք «իրենց ընտանիքին հանդէպ բնական գորով պիտի չունենան»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4) Յիսուս Քրիստոս նախագուշակեց. «Շատեր . . . մէկզմէկ պիտի մատնեն եւ մէկզմէկ պիտի ատեն։ . . . Շատերուն սէրը պիտի պաղի»։—Մատթէոս 24։10, 12

3 Սակայն նկատի առ թէ Յիսուս չըսաւ թէ իւրաքանչիւր անհատի սէրը պիտի պաղէր։ Միշտ եղած են եւ միշտ պիտի ըլլան անհատներ, որոնք կը ցուցաբերեն Եհովայի պահանջած սէրը, որուն արժանի է։ Եհովան իրապէս սիրողները պիտի ջանան ուրիշները նկատել՝ ինչպէս ինք կը նկատէ։ Սակայն ո՞վ է մեր ընկերը, զոր պէտք է սիրենք։ Մեր ընկերին հանդէպ ի՞նչպէս սէր պէտք է ցուցաբերենք։ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կրնան օգնել այս կարեւոր հարցումներուն պատասխանելու։

Ո՞վ է ընկերս

4. Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին համաձայն, Հրեաները որո՞նց հանդէպ սէր պէտք էր ցուցաբերէին։

4 Երբ Փարիսեցիին ըսաւ թէ երկրորդ մեծագոյն պատուիրանը այն է՝ թէ մէկը սիրէ իր ընկերը իր անձին պէս, Յիսուս կ’ակնարկէր Իսրայէլի տրուած մասնայատուկ օրէնքի մը։ Անիկա արձանագրուած է Ղեւտացւոց 19։18–ի մէջ։ Նոյն գլուխին մէջ, Հրեաներուն ըսուած էր որ իրենց հայրենակիցներուն կողքին, ուրիշներն ալ իրենց ընկերը պէտք էր նկատէին։ Կ’ըսէ 34–րդ համարը. «Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք»։ Ուստի անոնք նոյնիսկ Հրեայ չեղողներուն հետ, մանաւանդ նորադարձներուն հետ, սիրով պէտք էր վարուէին։

5. Հրեաները ընկերի սէրը ի՞նչպէս հասկցան։

5 Սակայն Յիսուսի ժամանակակից Հրեայ առաջնորդները տարբեր տեսակէտ մը ունէին։ Ոմանք սորվեցուցին թէ «ընկեր» եւ «դրացի» արտայայտութիւնները կը կիրարկուէին միայն Հրեաներուն։ Հրեայ չեղողները պէտք էր ատուէին։ Այդ ուսուցիչները պատճառաբանեցին թէ Աստուած պաշտողները անաստուած անհատները պէտք էր արհամարհէին։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Այսպիսի միջավայրի մը մէջ՝ բարեբեր հող ունենալով, անխուսափելի էր որ ատելութիւնը ուռճանար»։

6. Երբ ընկերը սիրելու մասին կը խօսէր, Յիսուս ի՞նչ երկու կէտ ընդգծեց։

6 Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս այս հարցը շօշափեց, նշելով թէ որո՛նց հանդէպ սէր պէտք է ցուցաբերուի։ Ան ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես’։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ’»։ (Մատթէոս 5։43-45) Հոս Յիսուս երկու կէտ ընդգծեց։ Առաջին, Եհովա առատաձեռն եւ ազնիւ է թէ՛ բարիներուն եւ թէ չարերուն հանդէպ։ Երկրորդ, Իր օրինակին պէտք է հետեւինք։

7. Բարի Սամարացիին առակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

7 Ուրիշ առիթով, Օրէնքի ուսուցիչ մը Յիսուսի հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Յիսուս պատասխանեց՝ առակ մը տալով, որ խօսեցաւ Սամարացիի մը մասին, որ աւազակներու կողմէ յարձակման ենթարկուած ու թալանուած Հրեայի մը հանդիպեցաւ։ Թէեւ Հրեաները ընդհանրապէս կ’արհամարհէին Սամարացիները, բայց Սամարացին մարդուն վէրքերը փաթթեց ու զինք պանդոկ տարաւ, ուր կրնար ապաքինիլ։ Ի՞նչ էր դասը։ Ընկերի հանդէպ մեր սէրը պէտք է պարփակէ այն անհատները՝ որոնք չեն պատկանիր մեր ցեղին, ազգին կամ կրօնքին։—Ղուկաս 10։25, 29, 30, 33-37

Մեր ընկերը սիրելը ի՛նչ կը նշանակէ

8. Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխը սէր ցուցաբերելու մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

8 Ընկերի սէրը, Աստուծոյ սիրոյն նման, պարզապէս զգացում չէ, այլ՝ գործ կը պարփակէ։ Դարձեալ նկատի առնենք Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին համարները, ուր Աստուծոյ ժողովուրդին յորդոր կը տրուի որ իրենց ընկերը սիրեն իրենց անձին պէս։ Հոն կը կարդանք թէ Իսրայելացիները տառապեալներուն եւ օտարականներուն պէտք էր թոյլ տային որ հունձքին մասնակցէին։ Գողութիւնը, խաբէութիւնը կամ խարդախութիւնը արտօնուած չէր։ Դատական հարցերու մէջ, Իսրայելացիները անաչառ պէտք էր ըլլային։ Թէեւ անոնք հարկ եղած ատեն կրնային յանդիմանել, բայց անոնց յատկապէս ըսուեցաւ. «Եղբայրդ քու սրտիդ մէջ մի՛ ատեր»։ Ասոնք եւ բազմաթիւ այլ պատուիրաններ սա խօսքով ամփոփուեցան. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։—Ղեւտացւոց 19։9-11, 15, 17, 18

9. Եհովա Իսրայելացիներուն ինչո՞ւ պատուիրեց որ միւս ազգերէն անջատ մնան։

9 Թէեւ Իսրայելացիները ուրիշները պիտի սիրէին, բայց չաստուածներ պաշտողներէն անջատ պէտք էր մնային։ Եհովա չար ընկերակցութեան վտանգներէն ու հետեւանքներէն զգուշացուց։ Օրինակ, այն ազգերուն նկատմամբ՝ զորս Իսրայելացիները պիտի վռնտէին, Եհովա պատուիրեց. «Անոնց խնամի մի՛ ըլլաք. քու աղջիկդ անոր որդիին մի՛ տար, եւ անոր աղջիկը քու որդիիդ մի՛ առներ. որովհետեւ քու որդիդ ինձմէ պիտի հեռացնեն՝ որպէսզի ուրիշ աստուածներ պաշտէ, ուստի Տէրոջ բարկութիւնը ձեզի դէմ պիտի բորբոքի»։—Բ. Օրինաց 7։3, 4, ԱՎ

10. Ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։

10 Նմանապէս, Քրիստոնեաները կը զգուշանան յարաբերութիւններ հաստատելէ անհատներու հետ, որոնք կրնան իրենց հաւատքը տկարացնել։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Մեզի յորդոր տրուած է. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք», որոնք քրիստոնէական ժողովքին մաս չեն կազմեր։ (Բ. Կորնթացիս 6։14) Ասկէ զատ, Քրիստոնեաներուն խրատ տրուած է որ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանան։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Այսուհանդերձ, երբեք քամահրալից կերպով պէտք չէ վարուինք անոնց հետ, որոնք Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը չունին։ Քրիստոս մեղաւորներուն համար մեռաւ, իսկ պիղծ բաներ ընողներէն շատեր իրենց ճամբաները փոխեցին եւ Աստուծոյ հետ հաշտուեցան։—Հռովմայեցիս 5։8, 9. Ա. Կորնթացիս 6։9-11

11. Եհովայի չծառայողներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ։

11 Աստուծոյ չծառայողներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու մէջ, կրնանք Եհովան ընդօրինակել։ Թէեւ ան չարութիւնը չի սիրեր, բայց բոլորին հանդէպ հաւատարիմ սէր կը ցուցաբերէ, անոնց պատեհութիւն շնորհելով որ իրենց վատ ճամբաներէն ետ դառնան ու յաւիտենական կեանք ստանան։ (Եզեկիէլ 18։23) Եհովա ‘կ’ուզէ որ ամէնքը ապաշխարեն’։ (Բ. Պետրոս 3։9) Ան կը կամենայ որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ասոր համար Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարեց որ քարոզեն, սորվեցնեն ու բոլոր ազգերէն մարդիկ ‘աշակերտեն’։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այս գործին մասնակցելով, սէր ցոյց կու տանք Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ, ի ներառեալ՝ մեր թշնամիները։

Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հանդէպ սէր

12. Յովհաննէս առաքեալ մեր եղբայրը սիրելուն մասին ի՞նչ գրեց։

12 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Քրիստոնեաներ ըլլալով, պարտաւորութիւն ունինք սիրելու մեր հաւատակիցները,– մեր հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը։ Այս սէրը ո՞րքան կարեւոր է։ Յովհաննէս առաքեալ ընդգծեց. «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ . . . Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ ‘Ես Աստուած կը սիրեմ’ ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել»։ (Ա. Յովհաննու 3։15. 4։20) Ասոնք զօրաւոր խօսքեր են։ Յիսուս Քրիստոս «մարդասպան» ու «ստախօս» բառերը կիրարկեց Բանսարկուին։ (Յովհաննու 8։44) Երբեք պիտի չուզենք որ այս արտայայտութիւնները մեզի կիրարկուին։

13. Ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր հաւատակիցներուն հանդէպ սէր ցոյց տալ։

13 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները «Աստուծմէ սորված [են] մէկզմէկ սիրել»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9) Պէտք է սիրենք «ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով . . . , հապա գործով ու ճշմարտութիւնով»։ (Ա. Յովհաննու 3։18) Մեր սէրը «առանց կեղծաւորութեան» պէտք է ըլլայ։ (Հռովմայեցիս 12։9) Սէրը մեզ կը մղէ որ քաղցր, կարեկից, ներող ու երկայնամիտ ըլլանք, եւ ո՛չ թէ՝ նախանձոտ, պարծենկոտ, յոխորտ կամ եսասէր։ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5. Եփեսացիս 4։32) Անիկա մեզ կը մղէ որ ‘իրարու ծառայենք’։ (Գաղատացիս 5։13) Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ զիրար սիրեն, ինչպէս զիրենք սիրեց։ (Յովհաննու 13։34) Հետեւաբար, Քրիստոնեան պէտք է յօժարի հաւատակիցներուն համար նոյնիսկ իր կեանքը տալու, եթէ հարկ ըլլայ։

14. Ի՞նչպէս կրնանք ընտանիքէն ներս սէր ցուցաբերել։

14 Յատկապէս քրիստոնէական ընտանիքէն ներս սէր պէտք է ցուցաբերուի, մանաւանդ ամուսինին ու կնոջ միջեւ։ Ամուսնական կապը ա՛յնքան սերտ է՝ որ Պօղոս ըսաւ. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս»։ Ան աւելցուց. «Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ»։ (Եփեսացիս 5։28) Պօղոս այս յորդորը կրկնեց հինգ համար ետք։ Իր կինը սիրող ամուսինը Մաղաքիայի ժամանակակից Իսրայելացիները պիտի չընդօրինակէ, որոնք իրենց կողակիցներուն հետ անհաւատարմութեամբ վարուեցան։ (Մաղաքեայ 2։14) Ան իր կնոջ վրայ պիտի գուրգուրայ եւ զինք պիտի սիրէ, ինչպէս Քրիստոս ժողովքը սիրեց։ Սէրը նոյնպէս կինը պիտի մղէ իր ամուսինը յարգելու։—Եփեսացիս 5։25, 29-33

15. Ցուցաբերուած եղբայրսիրութիւնը տեսնելով, ոմանք ի՞նչ ըսած ու ըրած են։

15 Բացորոշ է որ ա՛յս սէրը ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը բնորոշէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Իրարու հանդէպ մեր սէրը մարդիկը կը մօտեցնէ Աստուծոյ, զոր կը սիրենք ու կը ներկայացնենք։ Օրինակ, նկատի առ հետեւեալ տեղեկագրութիւնը Վկայ ընտանիքի մը մասին, Մոզամպիկի մէջ։ «Երբեք ասոր նման բան մը չէինք տեսած։ Յետմիջօրէին, զօրաւոր մրրիկ մը ելաւ, որուն յաջորդեց տեղատարափ անձրեւ ու կարկուտ։ Մեր եղէգէ տունը կործանեցաւ ու մետաղեայ երդիքը անհետացաւ։ Երբ մօտակայ ժողովքներէն եղբայրներ եկան եւ մեր տունը վերակառուցանեցին, ապշած դրացիները ըսին. ‘Ձեր կրօնքը հոյակապ է։ Մեր եկեղեցիէն բնաւ այսպիսի օգնութիւն մը չենք ստացած’։ Աստուածաշունչը բացինք եւ անոնց ցոյց տուինք Յովհաննու 13։34, 35–ը։ Մեր դրացիներէն շատեր այժմ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն»։

Անհատներու հանդէպ սէր

16. Խումբ մը սիրելուն ու անհատ մը սիրելուն միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։

16 Ուրիշները հաւաքականօրէն սիրելը դժուար չէ, իսկ անհատներ սիրելը կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ Օրինակ, ոմանք ընկերի հանդէպ իրենց սէրը կը յայտնեն՝ միայն բարեգործական կազմակերպութեան մը նուիրատուութիւն ընելով։ Արդարեւ, շա՜տ աւելի դիւրին է ըսել թէ մեր ընկերը կը սիրենք, քան՝ սիրել աշխատակից մը որ մեզմով չի հետաքրքրուիր, դրացի մը որ զզուելի է, կամ բարեկամ մը որ մեզ յուսախաբ կ’ընէ։

17, 18. Յիսուս անհատներու հանդէպ ի՞նչպէս սէր ցուցաբերեց, եւ ի՞նչ շարժառիթով։

17 Անհատներ սիրելու հարցին մէջ կրնանք Յիսուսէն սորվիլ, որ կատարելապէս Աստուծոյ յատկութիւնները արտացոլացուց։ Թէեւ ան երկիր եկաւ աշխարհի մեղքը վերցնելու համար, բայց սէր ցուցաբերեց անհատներու հանդէպ,– հիւանդ կին մը, բորոտ մը, երախայ մը, եւայլն։ (Մատթէոս 9։20-22. Մարկոս 1։40-42. 7։26, 29, 30. Յովհաննու 1։29) Նոյնպէս, մեր ընկերին հանդէպ սէր կը ցուցաբերենք այն կերպով՝ որ կը վարուինք անհատներու հետ, որոնց օրէ օր կը հանդիպինք։

18 Սակայն բնաւ պէտք չէ մոռնանք թէ ընկերի սէրը առնչուած է Աստուծոյ սիրոյն։ Թէեւ Յիսուս աղքատներուն օգնեց, հիւանդները բուժեց, անօթիները կերակրեց ու ամբոխներու սորվեցուց, բայց այս բոլորը ընելու իր շարժառիթն էր՝ մարդոց օգնել որ Եհովայի հետ հաշտուին։ (Բ. Կորնթացիս 5։19) Յիսուս ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրաւ, բնաւ չմոռնալով թէ իր սիրած Աստուածը կը ներկայացնէր ու կ’արտացոլացնէր։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Յիսուսի օրինակին հետեւելով, մենք ալ կրնանք ընկերի հանդէպ հարազատ սէր ցուցաբերել եւ միեւնոյն ատեն ամբարիշտ մարդկութեան աշխարհէն անջատ մնալ։

Ի՞նչպէս մեր ընկերը կը սիրենք մեր անձին պէս

19, 20. Մեր ընկերը մեր անձին պէս սիրելը ի՞նչ կը նշանակէ։

19 Յիսուս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ Բնական է որ մենք մեզի հոգ տանին եւ պատշաճ ինքնայարգանք ունենանք։ Այլապէս, պատուիրանը չնչին նշանակութիւն պիտի ունենար։ Այս սէրը պէտք չէ շփոթել Բ. Տիմոթէոս 3։2–ի մէջ Պօղոս առաքեալի նշած անձնակեդրոն եսասիրութեան հետ։ Փոխարէն, անիկա արժանապատուութեան պատշաճ զգացում է։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը զայն նկարագրեց որպէս «հաւասարակշռուած անձնասիրութիւն մը, որ ո՛չ եսապաշտ է՝ ‘ես գերակայ եմ’, ո՛չ ալ խստաբարոյ է՝ ‘ես նուաստ եմ’»։

20 Ուրիշները մեր անձին պէս սիրելը կը նշանակէ՝ ուրիշները նկատել ինչպէս կ’ուզենք որ մեզ նկատեն, եւ ուրիշներուն հետ վարուիլ ինչպէս կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Մատթէոս 7։12) Նկատի առ թէ Յիսուս չըսաւ թէ ուրիշներուն մեզի ըրած անցեալի բաներուն վրայ խոկանք, ապա նոյն կերպով հատուցանենք։ Փոխարէն, պէտք է մտածենք թէ ի՛նչպէս կ’ուզենք որ ուրիշներ մեզի հետ վարուին, ապա նոյն կերպով վարուինք։ Նկատի առ նաեւ թէ Յիսուս իր խօսքը չսահմանափակեց բարեկամներու եւ եղբայրներու։ Ան «մարդիկ» բառը գործածեց, թերեւս ցոյց տալու թէ այս կերպով պէտք է վարուինք բոլոր մարդոց հետ, մեր հանդիպած իւրաքանչիւր անհատին հետ։

21. Ուրիշները սիրելով՝ ի՞նչ կ’ապացուցանենք։

21 Մեր ընկերը սիրելը մեզ ետ պիտի պահէ չար բաներ ընելէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Արդարեւ այն ըսուածը. ‘Շնութիւն մի՛ ըներ, սպանութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, մի՛ ցանկար’, եւ եթէ կայ ուրիշ որեւէ պատուիրան՝ համառօտաբար կը բովանդակուի սա՛ խօսքին մէջ. ‘Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս’։ Սէրը ո՛չ մէկ չարիք կը գործէ իր ընկերին»։ (Հռովմայեցիս 13։9, 10, ԱՎ) Սէրը մեզ պիտի մղէ ուրիշներու բարիք ընելու միջոցներ փնտռելու։ Մարդիկը սիրելով, կ’ապացուցանենք թէ նաեւ կը սիրենք Եհովա Աստուած, որ Իր պատկերով մարդը ստեղծեց։—Ծննդոց 1։26

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Որո՞նց հանդէպ սէր պէտք է ցուցաբերենք եւ ինչո՞ւ։

• Եհովայի չծառայողներուն հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք սէր ցուցաբերել։

• Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկարագրէ մեր եղբայրներուն հանդէպ մեր ցուցաբերելիք սէրը։

• Մեր ընկերը մեր անձին պէս սիրելը ի՞նչ կը նշանակէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

«Իմ ընկերս ո՞վ է»

[Նկար՝ էջ 29]

Յիսուս անհատներու հանդէպ սէր ցուցաբերեց