Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քեզ սիրող Աստուածը սիրէ՛

Քեզ սիրող Աստուածը սիրէ՛

Քեզ սիրող Աստուածը սիրէ՛

«Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 22։37

1, 2. Մեծագոյն պատուիրանի մասին ուղղուած հարցումին պատճառը թերեւս ի՞նչ էր։

ԸՍՏ երեւոյթին՝ հարցումը Յիսուսի ժամանակակից Փարիսեցիներուն մէջ տաք վիճաբանութեան նիւթ դարձած էր։ Մովսիսական Օրէնքը կազմող աւելի քան 600 օրէնքներէն ո՞ր օրէնքը կարեւորագոյնն էր։ Անիկա զոհերո՞ւ հետ կապ ունեցող օրէնք մըն էր։ Արդարեւ զոհերը կը մատուցուէին թէ՛ մեղքերու թողութիւն ստանալու եւ թէ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու համար։ Կամ, կրնա՞յ ըլլալ որ գերագոյն օրէնքը թլփատութեան օրէնքն էր։ Ան ալ կարեւոր էր, քանի որ թլփատութիւնը՝ Աբրահամի հետ Եհովայի ըրած ուխտին նշանն էր։—Ծննդոց 17։9-13

2 Միւս կողմէ, ակներեւաբար պահպանողականներ կը պատճառաբանէին թէ Աստուծոյ տուած իւրաքանչիւր օրէնք մեծ ըլլալով,– նոյնիսկ եթէ ոմանք թուէին նուազ կարեւոր,– պատուիրան մը միւսներէն աւելի կարեւոր նկատելը սխալ էր։ Փարիսեցիները որոշեցին հակաճառելի հարցումը Յիսուսի ուղղել, յուսալով որ ան ըսէ բան մը, որ կրնար իր վարկին վնաս հասցնել։ Անոնցմէ մէկը Յիսուսի մօտենալով՝ հարցուց. «Ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։—Մատթէոս 22։34-36

3. Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, ո՞ր պատուիրանը մեծագոյնն էր։

3 Յիսուսի տուած պատասխանը՝ ներկայիս մեզի համար մեծ կարեւորութիւն ունի։ Իր պատասխանին մէջ, ան նշեց ի՛նչ որ միշտ եղած է ու միշտ պիտի ըլլայ ճշմարիտ պաշտամունքին կորիզը։ Բ. Օրինաց 6։5–էն մէջբերելով, Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը»։ Թէեւ Փարիսեցին մէկ պատուիրանի մասին հարցուց, բայց Յիսուս իրեն ուրիշ մըն ալ տուաւ։ Ղեւտացւոց 19։18–էն մէջբերելով, ան ըսաւ. «Երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’»։ Ապա Յիսուս նշեց թէ այս երկու օրէնքները մաքուր պաշտամունքին հիմը կը կազմէին։ Իսկ միւս օրէնքներուն յարաբերական կարեւորութեան մասին իրեն չհարցնելու համար, ան եզրափակեց. «Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։ (Մատթէոս 22։37-40) Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք այս երկու պատուիրաններուն մեծագոյնը։ Ինչո՞ւ Աստուած պէտք է սիրենք։ Աստուծոյ սէրը ի՞նչպէս կը ցուցաբերենք։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք զայն մշակել։ Այս հարցումներուն պատասխանները գիտնալը էական է, քանի որ Եհովան հաճեցնելու համար, զինք պէտք է սիրենք մեր ամբողջ սրտով, անձով ու մտքով։

Սիրոյ կարեւորութիւնը

4, 5. (ա) Յիսուսի ըսածը ինչո՞ւ Փարիսեցին անակնկալի չբերաւ։ (բ) Աստուծոյ աչքին ի՞նչ բան աւելի արժէքաւոր է քան՝ զոհերն ու ընծաները։

4 Այնպէս կը թուի թէ Յիսուսի հարցում ուղղող Փարիսեցին, երբ պատասխանը լսեց, ո՛չ նեղացաւ, ո՛չ ալ անակնկալի եկաւ։ Ան գիտէր թէ Աստուծոյ սէրը ճշմարիտ պաշտամունքին էական մէկ երեսակն էր, թէեւ շատեր զայն չէին ցուցաբերեր։ Ժողովարաններուն մէջ, սովորութիւն էր հաւատքի խոստովանութիւնը (Shema) բարձրաձայն արտասանել, եւ ասիկա կը պարփակէր Բ. Օրինաց 6։4-9–ն, որմէ Յիսուս մէջբերեց։ Մարկոսի զուգահեռ արձանագրութեան համաձայն, Փարիսեցին Յիսուսի ըսաւ. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։—Մարկոս 12։32, 33

5 Արդարեւ, թէեւ Օրէնքը ողջակէզի ընծաներ ու զոհեր կը պահանջէր, բայց Աստուծոյ համար կարեւորը՝ իր ծառաներուն սրտագին սէրն էր։ Սիրով ու նուիրումով մատուցանուած ճնճղուկ մը, Աստուծոյ աչքին շատ աւելի արժէքաւոր էր, քան սխալ շարժառիթով տրուած հազարաւոր խոյեր։ (Միքիայ 6։6-8) Մտաբերէ աղքատ այրիին պատմութիւնը, որ Երուսաղէմի տաճարին մէջ Յիսուսի ուշադրութիւնը գրաւեց։ Գանձանակին մէջ անոր ձգած երկու լուման չէր կրնար նոյնիսկ մէկ ճնճղուկ գնել։ Այսուհանդերձ, այս նուիրատուութիւնը որ տրուեցաւ՝ Եհովայի հանդէպ սրտագին սէրէ մղուած, իրեն աւելի նշանակեց քան՝ հարուստներուն մեծ նուիրատուութիւնները, զորս իրենց առատութենէն տուին։ (Մարկոս 12։41-44) Ո՜րքան քաջալերական է գիտնալ թէ Եհովա մեծապէս կը գնահատէ ի՛նչ որ բոլորս կրնանք արտայայտել՝ մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան,– իրեն հանդէպ մեր սէրը։

6. Պօղոս սիրոյ կարեւորութեան մասին ի՞նչ գրեց։

6 Ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ սիրոյ կարեւորութիւնը ընդգծելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ եւ սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչող ծնծղաներու պէս։ Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ ու հասկնամ ամէն խորհուրդները ու ամէն գիտութիւնը եւ եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ։ Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։1-3) Բացայայտ է որ սէրը անհրաժեշտ է, եթէ կ’ուզենք որ մեր պաշտամունքը Աստուծոյ հաճելի ըլլայ։ Սակայն ի՞նչպէս Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կը ցուցաբերենք։

Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ի՛նչպէս կը ցուցաբերենք

7, 8. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերել։

7 Շատեր կը հաւատան թէ սէրը յուզում մըն է, որ քիչ կը զսպուի, ինչպէս՝ երբ անհատ մը կ’ըսէ թէ ուրիշի սէրով զարնուած է։ Բայց իսկական սէրը միայն զգացում չէ։ Անիկա արարքով կը յատկանշուի ու կը բնորոշուի, եւ ո՛չ թէ զգացումով։ Աստուածաշունչը սիրոյ կ’ակնարկէ որպէս «ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ» եւ բան մը՝ որուն ‘ետեւէն կ’երթանք’։ (Ա. Կորնթացիս 12։31. 14։1) Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն տրուած է որ ‘ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրեն, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով’։—Ա. Յովհաննու 3։18

8 Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ իրեն հաճելի եղածը ընելու եւ իր գերիշխանութիւնը ջատագովելու ու վեր բռնելու, թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով։ Անիկա մեզ կը մղէ աշխարհն ու անոր անբարեպաշտ ճամբաները չսիրելու։ (Ա. Յովհաննու 2։15, 16) Աստուած սիրողները չարութիւնը կ’ատեն։ (Սաղմոս 97։10) Աստուծոյ սէրը նաեւ կը պարփակէ ընկերին սէրը, որ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ սէրը մեզմէ հնազանդութիւն կը պահանջէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։—Ա. Յովհաննու 5։3

9. Յիսուս Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը ի՞նչպէս ապացուցանեց։

9 Յիսուս կատարելապէս ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ սէրը ի՛նչ կը նշանակէ։ Սէրը զինք մղեց իր երկնային բնակարանը ձգելու եւ երկրի վրայ որպէս մարդ ապրելու։ Անիկա զինք մղեց իր Հայրը փառաւորելու՝ իր ըրած ու սորվեցուցած բաներով։ Սէրէ մղուած՝ ան «հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ»։ (Փիլիպպեցիս 2։8, ԱՎ) Այդ հնազանդութիւնը, որ իր սիրոյ արտայայտութիւնն էր, հաւատարիմ մարդոց համար ճամբան բացաւ որ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք ունենան։ Պօղոս գրեց. «Ինչպէս մէկ մարդու [Ադամի] անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն [Քրիստոս Յիսուսի] հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան»։—Հռովմայեցիս 5։19

10. Աստուծոյ սէրը ինչո՞ւ հնազանդութիւն կը պարփակէ։

10 Յիսուսի նման, մեր սէրը ցոյց կու տանք՝ Աստուծոյ հնազանդ ըլլալով։ Յիսուսի սիրելի առաքեալը՝ Յովհաննէս գրեց. «Սէրը այս է, որ անոր պատուիրանքներուն համեմատ քալենք»։ (Բ. Յովհաննու 6) Եհովան իրապէս սիրողները իր առաջնորդութեան կը տենչան։ Գիտակցելով թէ իրենց քայլերը յաջողապէս չեն կրնար ուղղել, անոնք Աստուծոյ իմաստութեան կը վստահին եւ իր սիրալիր ուղղութեան կ’ենթարկուին։ (Երեմեայ 10։23) Անոնք վաղեմի Բերիայի ազնուամիտ մարդոց նման են, որոնք Աստուծոյ պատգամը «կատարեալ յօժարութեամբ» ընդունեցին, Աստուծոյ կամքը ընելու խոր փափաք մը ունենալով։ (Գործք 17։11) Անոնք Սուրբ Գրութիւնները ուշադրութեամբ քննեցին, Աստուծոյ կամքը լիովին հասկնալու համար, ինչ որ իրենց օգնեց սէր ցուցաբերելու՝ հնազանդութեան յաւելեալ արարքներ ընելով։

11. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած սիրել մեր ամբողջ սրտով, մտքով, անձով ու զօրութեամբ։

11 Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, Աստուծոյ սէրը կը պարփակէ մեր ամբողջ սիրտը, միտքը, անձը եւ զօրութիւնը։ (Մարկոս 12։30) Այս սէրը սրտէն կը բխի, ընդգրկելով մեր զգացումները, փափաքներն ու ամենախոր խորհուրդները, եւ ջերմօրէն կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել։ Նաեւ կը սիրենք մեր մտքով։ Մեր նուիրումը կոյր չէ. մենք Եհովան ճանչցած ենք,– իր յատկութիւնները, չափանիշները եւ նպատակները։ Կը գործածենք մեր անձը, մեր ամբողջ էութիւնն ու կեանքը, իրեն ծառայելու եւ զինք փառաբանելու։ Եւ նոյն նպատակով կը գործածենք մեր զօրութիւնն ալ։

Եհովան ինչո՛ւ պէտք է սիրենք

12. Աստուած ինչո՞ւ մեզմէ կը պահանջէ որ զինք սիրենք։

12 Եհովան սիրելու պատճառներէն մէկը այն է, որ ան մեզմէ կը պահանջէ իր յատկութիւնները արտացոլացնել։ Աստուած սիրոյ թէ՛ աղբիւրը եւ թէ գերագոյն օրինակն է։ Յովհաննէս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Մարդիկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուեցան. ուստի սիրելու կարողութիւն ունինք։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի գերիշխանութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Ան կ’ուզէ որ իր հպատակները ըլլան այնպիսի անհատներ՝ որոնք իրեն կը ծառայեն, քանի որ իր իշխելու արդար կերպը կը սիրեն ու կը ցանկան։ Արդարեւ, ամբողջ ստեղծագործութեան խաղաղութեան ու համերաշխութեան համար սէրը էական է։

13. (ա) Իսրայելացիներուն ինչո՞ւ ըսուեցաւ. ‘Քու Տէր Աստուածդ սիրէ՛’։ (բ) Ինչո՞ւ տրամաբանական է որ Եհովա մեզմէ ակնկալէ որ զինք սիրենք։

13 Եհովան սիրելու այլ պատճառ մըն է՝ թէ կը գնահատենք մեզի ի նպաստ իր ըրած բաները։ Մտաբերէ թէ Յիսուս Հրեաներուն ըսաւ. ‘Քու Տէր Աստուածդ սիրէ՛’։ Անոնցմէ ակնկալուած չէր որ սիրէին աստուածային էակ մը, որ անտարբեր ու անծանօթ էր։ Անոնք պիտի սիրէին Աստուած, որ իրենց հանդէպ իր սէրը յայտնած էր։ Եհովա իրենց Աստուածն էր։ Ինքն էր որ զիրենք Եգիպտոսէն դուրս հանելով Խոստացեալ Երկիր տարաւ, պաշտպանեց, կազդուրեց, խնամեց ու սիրով խրատեց։ Իսկ ներկայիս, Եհովա մեր Աստուածն է, որ իր Որդին որպէս փրկանք տուաւ, որպէսզի յաւիտենական կեանք ունենանք։ Ո՜րքան տրամաբանական է որ Եհովա մեզմէ ակնկալէ որ զինք սիրենք՝ այս բոլորին ի տես։ Մեզ սիրող Աստուծոյ սիրոյն ընդառաջելով՝ կը սիրենք զինք։ Այո, կը սիրենք զայն՝ որ «առաջ մեզ սիրեց»։—Ա. Յովհաննու 4։19

14. Եհովայի սէրը ի՞նչ կերպով կաթոգին ծնողի մը սիրոյն պէս է։

14 Եհովա մարդկութիւնը կը սիրէ, ինչպէս կաթոգին ծնող մը իր զաւակները կը սիրէ։ Անկատար ըլլալով հանդերձ, գորովագութ ծնողներ տարիներ շարունակ ծանր կ’աշխատին՝ իրենց զաւակներուն հոգ տանելու, նիւթական ու այլ մեծ զոհողութիւններ ընելով։ Ծնողներ իրենց զաւակները կը կրթեն, կը մարզեն, կը քաջալերեն ու կը սորվեցնեն, քանի որ կ’ուզեն որ անոնք երջանիկ ըլլան ու բարգաւաճին։ Ծնողներ փոխարէնը ի՞նչ կ’ուզեն։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակները զիրենք սիրեն եւ լրջօրէն նկատի առնեն իրենց հաղորդած օգտակար բաները։ Տրամաբանական չէ՞ որ մեր կատարեալ երկնաւոր Հայրը մեզմէ ակնկալէ որ զինք սրտանց գնահատենք, մեզի ի նպաստ իր ըրած բոլոր բաներուն համար։

Աստուծոյ հանդէպ սէր մշակել

15. Աստուծոյ հանդէպ սէր մշակելու առաջին քայլը ի՞նչ է։

15 Աստուած ո՛չ տեսած ենք, ո՛չ ալ իր ձայնը լսած ենք։ (Յովհաննու 1։18) Այսուհանդերձ ան մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն հետ սիրալիր յարաբերութիւն ունենանք։ (Յակոբու 4։8) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Ոեւէ մէկը սիրելու առաջին քայլը՝ զինք ճանչնալն է. դժուար է խոր խանդաղատանք զգալ մէկու մը հանդէպ, զոր չենք ճանչնար։ Եհովա իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը հայթայթած է, որպէսզի կարենանք իր մասին սորվիլ։ Այս պատճառաւ, Եհովա իր կազմակերպութեան միջոցով մեզ կը քաջալերէ որ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կարդանք։ Աստուածաշունչն է որ մեզի կը սորվեցնէ Աստուծոյ, իր յատկութիւններուն, իր անձնաւորութեան եւ հազարաւոր տարիներու ընթացքին մարդոց հետ իր գործառնութեանց մասին։ Այս արձանագրութիւններուն վրայ խոկալով, իրեն հանդէպ մեր գնահատութիւնն ու սէրը պիտի աճին։—Հռովմայեցիս 15։4

16. Յիսուսի ծառայութեան մասին խորհրդածելը ի՞նչպէս Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կ’աւելցնէ։

16 Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան վրայ խոկալը գլխաւոր կերպ մըն է, որով կրնանք Եհովայի սէրը աճեցնել, քանի որ Յիսուս իր Հայրը կատարելապէս արտացոլացուց։ Ան ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ (Յովհաննու 14։9) Այրիի մը միակ որդին յարուցանելով Յիսուսի դրսեւորած կարեկցութիւնը սրտիդ չի՞ դպչիր։ (Ղուկաս 7։11-15) Գրաւիչ չէ՞ գիտնալ թէ Աստուծոյ Որդին եւ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը՝ խոնարհաբար իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց։ (Յովհաննու 13։3-5) Չե՞ս ազդուիր գիտնալով թէ ոեւէ անձէ աւելի մեծ ու իմաստուն ըլլալով հանդերձ, ան բոլորին դիւրամերձ էր, ի ներառեալ՝ երախաները։ (Մարկոս 10։13, 14) Մինչ այս բաներուն մասին գնահատանքով կը խորհրդածենք, կ’ըլլանք այն Քրիստոնեաներուն պէս, որոնց մասին Պետրոս գրեց. «[Յիսուսը] չտեսած կը սիրէք»։ (Ա. Պետրոս 1։8) Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը աճելով, Եհովայի սէրն ալ կ’աճի։

17, 18. Եհովայի ո՞ր սիրալիր հայթայթումներուն մասին խոկալը կրնայ իրեն հանդէպ մեր սէրը աճեցնել։

17 Աստուծոյ սէրը աճեցնելու ուրիշ կերպ մըն է՝ խոկալ իր ըրած ճոխ ու սիրալիր հայթայթումներուն վրայ, որոնք թոյլ կու տան որ կեանքը վայելենք,– ստեղծագործութեան գեղեցկութիւնը, այլազան ու համադամ ուտելիքները, սիրելի բարեկամներու ջերմ ընկերակցութիւնը, ինչպէս նաեւ մեզի հաճոյք ու գոհունակութիւն պատճառող բազմաթիւ այլ հաճելի բաներ։ (Գործք 14։16) Մեր Աստուծոյն մասին ո՛րքան աւելի սորվինք, ա՛յդքան աւելի պատճառներ կ’ունենանք իր անսահման բարութիւնն ու առատաձեռնութիւնը գնահատելու։ Պահ մը խորհէ թէ Եհովա քեզի՛ համար ինչ բաներ ըրած է։ Չե՞ս համաձայնիր թէ ան սիրոյդ արժանի է։

18 Աստուծոյ բազմաթիւ պարգեւներէն մէկն է՝ որեւէ ատեն աղօթքով իրեն մօտենալու պատեհութիւնը, գիտնալով որ «աղօթքի լսող»ը մեզի մտիկ կ’ընէ։ (Սաղմոս 65։2) Եհովա իր սիրելի Որդւոյն շնորհած է իշխելու եւ դատելու հեղինակութիւնը։ Սակայն ան աղօթքներ լսելը ուրիշներուն չէ յանձնած, ո՛չ ալ իր Որդւոյն։ Ան անձամբ մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ։ Եհովայի այս ցուցաբերած սիրալիր ու անձնական հետաքրքրութիւնը, մեզ իրեն կը մօտեցնէ։

19. Եհովայի ո՞ր խոստումները մեզ իրեն կը մօտեցնեն։

19 Եհովայի նաեւ կը մօտենանք, երբ նկատի կ’առնենք թէ մարդկութեան համար ի՛նչ վերապահած է։ Ան խոստացած է վերջ դնել հիւանդութեան, վշտին ու մահուան։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Երբ մարդկութիւնը կատարելութեան հասնի, ո՛չ ոք ընկճուածութենէ, վհատութենէ կամ ողբերգութենէ պիտի տառապի։ Անօթութիւնը, աղքատութիւնը եւ պատերազմը պիտի չքանան։ (Սաղմոս 46։9. 72։16) Երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ (Ղուկաս 23։43) Եհովա այս օրհնութիւնները պիտի բերէ, ո՛չ թէ քանի որ ստիպուած է, այլ՝ քանի որ մեզ կը սիրէ։

20. Մովսէս Եհովան սիրելու օգուտներուն մասին ի՞նչ ըսաւ։

20 Արդ, համոզիչ պատճառներ ունինք որ մեր Աստուածը սիրենք եւ թոյլ տանք որ այդ սէրը աճի։ Պիտի շարունակե՞ս Աստուծոյ հանդէպ սէրդ ամրացնել, իրեն թոյլ տալով որ ճամբաներդ ուղղէ։ Որոշումը քեզի ձգուած է։ Մովսէս Եհովայի սէրը մշակելու ու պահելու օգուտներուն գիտակցեցաւ։ Ան վաղեմի Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս,– դուն եւ քու զարմդ,– Տէրը՝ քու Աստուածդ սիրելով, անոր խօսքը մտիկ ընելով ու անոր յարելով, որովհետեւ ա՛ն է քու կեանքդ եւ օրերուդ երկարութիւնը»։—Բ. Օրինաց 30։19, 20, ԱՎ

Կը յիշե՞ս

• Ինչո՞ւ էական է որ Եհովան սիրենք։

• Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ի՞նչպէս կրնանք ցուցաբերել։

• Եհովան սիրելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

• Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ սէրը մշակել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 22]

Եհովա իրապէս կ’արժեւորէ ի՛նչ որ բոլորս կրնանք արտայայտել՝ իրեն հանդէպ մեր սէրը

[Նկարներ՝ էջ 25]

«Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։—Յովհաննու 14։9