«Առաջին յարութիւնը» արդէն սկսած է
«Առաջին յարութիւնը» արդէն սկսած է
«Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն»։—Ա. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 4։15
1, 2. (ա) Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։ (բ) Ի՞նչ հիման վրայ յարութեան կը հաւատաս։ (Տեսնել ստորանիշը։)
«ԱՆՈՆՔ որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին»։ Ադամի մեղանչումէն ի վեր, ասիկա իրողութիւն մըն է։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իւրաքանչիւր անհատ դէպի գերեզման ուղղուած է, իսկ շատեր հարց տուած են. ‘Մահուան ի՞նչ կը յաջորդէ։ Ի՞նչ է մեռելներուն վիճակը’։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր»։—Ժողովողի 9։5
2 Ննջեցեալներուն համար որեւէ յոյս կա՞յ։ Այո՛։ Իրականութեան մէջ, յոյս մը պէ՛տք է ըլլայ եթէ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի իրագործուի։ Դարերու ընթացքին, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները հաւատք ընծայած են իր խոստումին, թէ Սերունդ մը պիտի կործանէ Սատանան եւ ջնջէ անոր պատճառած վնասները։ (Ծննդոց 3։15) Անոնց մեծամասնութիւնը մահացած է, իսկ եթէ Եհովայի խոստումներուն կատարումը պիտի տեսնեն, անոնք պէտք է յարուցանուին։ (Եբրայեցիս 11։13) Այսպիսի բան մը կարելի՞ է։ Այո՛։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Անգամ մը Պօղոս յարուցանեց Եւտիքոս անունով երիտասարդ մը, որ երրորդ յարկի պատուհանէն վար ինկաւ եւ զայն «մեռած վերցուցին»։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած ինը յարութիւններուն վերջինն է։—Գործք 20։7-12 *
3. Յովհաննու 5։28, 29–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքէն անձամբ ի՞նչ մխիթարութիւն քաղած ես եւ ինչո՞ւ։
3 Այս ինը յարութիւնները հիմ կը հայթայթեն Պօղոսի խօսքին հաւատալու։ Անոնք մեր վստահութիւնը կ’ամրացնեն Յիսուսի սա երաշխիքին հանդէպ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Ի՜նչ սրտաշէն խօսք, որ կը մխիթարէ միլիոնաւորներ, որոնք սիրելիներ կորսնցուցած են։
4, 5. Աստուածաշունչը ի՞նչ տարբեր յարութիւններ կը նշէ, եւ այս յօդուածին մէջ ո՞ր յարութիւնը պիտի քննարկուի։
4 Յարուցեալներուն մեծամասնութիւնը պիտի ապրի խաղաղ երկրագունդին վրայ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։ (Սաղմոս 37։10, 11, 29. Եսայեայ 11։6-9. 35։5, 6. 65։21-23) Սակայն ասիկա տեղի ունենալէ առաջ, ուրիշ յարութիւններ տեղի պիտի ունենային։ Նախ, Յիսուս Քրիստոս յարութիւն պէտք էր առնէր, մեզի ի նպաստ իր զոհին արժէքը Աստուծոյ ներկայացնելու համար։ Հ.Դ. 33–ին Յիսուս մեռաւ ու յարուցանուեցաւ։
5 Անկէ ետք, «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի օծեալ անդամները Տէր Յիսուս Քրիստոսի պէտք է միանան երկնային փառքի մէջ, ուր «յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլան»։ (Գաղատացիս 6։16. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։16) Այս դէպքը կոչուած է «առաջին յարութիւն»։ (Յայտնութիւն 20։6) Այդ յարութիւնը ամբողջանալէ ետք, երկրի վրայ միլիոնաւորներ պիտի վերակենդանանան, Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու հեռանկարով։ Ուստի մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային թէ երկրային, ‘առաջին յարութեամբ’ խորապէս հետաքրքրուած ենք։ Անիկա ի՞նչպիսի յարութիւն մըն է եւ ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։
«Ի՞նչ մարմնով»
6, 7. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաները երկինք երթալու համար, ի՞նչ պէտք է տեղի ունենայ։ (բ) Անոնք ի՞նչպիսի մարմնով պիտի յարուցանուին։
6 Կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս առաջին յարութեան Ա. Կորնթացիս 15։35-40
մասին հարցում մը կ’ուղղէ. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն, կամ Ի՞նչ մարմնով կու գան»։ Ապա ան կը պատասխանէ. «Անիկա որ դուն կը սերմանես, եթէ չմեռնի՝ չի կենդանանար։ . . . Ու Աստուած անոր մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ . . . ։ Երկնաւորներուն փառքը ուրիշ է ու երկրաւորներունը՝ ուրիշ»։—7 Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ սուրբ հոգիով օծուած Քրիստոնեաները պէտք է մեռնին, որպէսզի կարենան իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանալ։ Մահուան ատեն, անոնց երկրային մարմինը հողին կը վերադառնայ։ (Ծննդոց 3։19) Աստուծոյ որոշած ժամանակին, անոնք երկնային կեանքի յարմար եղող մարմնով կը յարուցանուին։ (Ա. Յովհաննու 3։2) Աստուած նաեւ անոնց անմահութիւն կը շնորհէ։ Անոնք ասիկա ի ծնէ չունին որպէս իրենց մէջ դրուած անմահ հոգի։ «Այս մահկանացուն անմահութիւն [պէտք է] հագնի», կ’ըսէ Պօղոս։ Աստուած որպէս պարգեւ կը շնորհէ անմահութիւնը, որ առաջին յարութեան մասնակցողները ‘կը հագնին’։—Ա. Կորնթացիս 15։50, 53. Ծննդոց 2։7. Բ. Կորնթացիս 5։1, 2, 8
8. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Աստուած 144,000–ը զանազան կրօնքներու անդամներէն չ’ընտրեր։
8 Միայն 144,000 հոգի կը ստանան առաջին յարութիւնը։ Եհովա սկսաւ զանոնք ընտրել Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսը յարուցանելէ քիչ ետք։ Անոնք բոլորն ալ ունին «[Յիսուսի] անունը եւ անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած»։ (Յայտնութիւն 14։1, 3) Ուստի անոնք զանազան կրօնքներէ չեն ընտրուած, հապա բոլորը Քրիստոնեաներ են եւ հպարտօրէն Հօր՝ Եհովայի անունը կը կրեն։ Յարուցանուելէ ետք, անոնք երկնքի մէջ գործի նշանակում մը կը ստանան։ Ուղղակիօրէն Աստուծոյ ծառայելու այս հեռանկարը զիրենք մեծապէս կ’ոգեւորէ։
Այժմ տեղի կ’ունենա՞յ
9. Յայտնութիւն 12։7–ն եւ 17։14–ը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն առաջին յարութեան սկսելուն ժամանակը գիտնալու։
9 Առաջին յարութիւնը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։ Զօրաւոր ապացոյց կայ թէ անիկա այժմ սկսած է։ Օրինակ, Յայտնութիւն գիրքէն երկու գլուխներ իրարու հետ համեմատէ։ Նախ, Յայտնութիւն 12–րդ գլուխին մէջ կը կարդանք թէ նորաթագ Յիսուս Քրիստոս, իր սուրբ հրեշտակներուն հետ, կը պատերազմի Սատանայի ու իր դեւերուն դէմ։ (Յայտնութիւն 12։7-9) Ինչպէս այս պարբերաթերթը յաճախ ցոյց տուած է, այդ պատերազմը սկսաւ 1914–ին։ * Սակայն նկատէ թէ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներէն ո՛չ մէկուն մասին կ’ըսուի թէ այդ երկնային պատերազմին մէջ Յիսուսի հետ է։ Իսկ Յայտնութիւն 17–րդ գլուխին մէջ կը կարդանք թէ «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումէն ետք, Գառնուկը ազգերուն պիտի յաղթէ։ Ապա արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։ (Յայտնութիւն 17։5, 14) «Կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ» եղողները արդէն յարուցանուած պէտք է ըլլան, որպէսզի կարենան Յիսուսի հետ վերջնական յաղթանակ տանիլ Սատանայի աշխարհին վրայ։ Ուստի տրամաբանական է եզրակացնել թէ Արմագեդոնէն առաջ մեռնող օծեալները կը յարուցանուին 1914–ի եւ Արմագեդոնի միջեւ եղող ժամանակամիջոցին։
10, 11. (ա) Ո՞վ են 24 երէցները, եւ անոնցմէ մէկը Յովհաննէսի ի՞նչ կը յայտնէ։ (բ) Ասկէ ի՞նչ կ’եզրակացնենք։
10 Կրնա՞նք աւելի ճշգրտօրէն ըսել թէ առաջին յարութիւնը ե՛րբ կը սկսի։ Հետաքրքրական բանալի մը կը գտնուի Յայտնութիւն 7։9-15–ի մէջ, ուր Յովհաննէս առաքեալ կը նկարագրէ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել»։ Մեծ բազմութեան ինքնութիւնը Յովհաննէսի կը յայտնուի 24 երէցներէն մէկուն կողմէ, որոնք կը ներկայացնեն Քրիստոսի 144,000 ժառանգակիցները իրենց երկնային փառքին մէջ։ * (Ղուկաս 22։28-30. Յայտնութիւն 4։4) Յովհաննէս երկնային յոյս ունէր. բայց քանի որ տակաւին երկրի վրայ էր երբ երէցը իրեն խօսեցաւ, տեսիլքին մէջ Յովհաննէս պէտք է ներկայացնէ երկրագունդի վրայ եղող օծեալները, որոնք տակաւին իրենց երկնային վարձատրութիւնը չեն ստացած։
11 Ուստի ի՞նչ կրնանք եզրակացնել այն իրողութենէն թէ 24 երէցներէն մէկը Յովհաննէսի կ’իմացնէ մեծ բազմութեան ինքնութիւնը։ Այնպէս կը թուի թէ 24 երէցներուն խումբին պատկանող յարուցեալները, ներկայիս աստուածային
ճշմարտութիւններ հաղորդելու մէջ որոշ դեր ունին։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Քանի որ մեծ բազմութեան ճշգրիտ ինքնութիւնը 1935–ին յայտնուեցաւ երկրի վրայ եղող Աստուծոյ օծեալ ծառաներուն։ Եթէ այդ կարեւոր ճշմարտութիւնը հաղորդելու համար 24 երէցներէն մէկը գործածուեցաւ, ան առաւելագոյնը 1935–ին արդէն երկինք յարուցանուած ըլլալու էր։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ առաջին յարութիւնը սկսաւ 1914–ի եւ 1935–ի միջեւ եղող ժամանակաշրջանին։ Կրնա՞նք աւելի ճշգրիտ թուական մը տալ։12. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ կարելի է սեպել թէ 1918–ի գարնան սկսաւ առաջին յարութիւնը։
12 Այժմ օգտալից է նկատի առնել ի՛նչ որ կրնայ աստուածաշնչական զուգահեռ սեպուիլ։ Հ.Դ. 29–ի աշնան, Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Թագաւորութեան ապագայ Թագաւոր օծուեցաւ։ Երեք ու կէս տարի ետք, Հ.Դ. 33–ի գարնան, ան յարուցանուեցաւ որպէս հզօր հոգեղէն անձ մը։ Ուստի կարելի՞ է եզրակացնել թէ 1914–ի աշնան Յիսուս թագադրուելով, իր հաւատարիմ օծեալ հետեւորդներուն յարութիւնը սկսաւ երեք ու կէս տարի ետք՝ 1918–ի գարնան։ Ասիկա հետաքրքրական կարելիութիւն մըն է։ Թէեւ ասիկա կարելի չէ ուղղակիօրէն հաստատել Աստուածաշունչին մէջ, բայց ուրիշ համարներու հետ ներդաշնակ է, որոնք ցոյց կու տան թէ առաջին յարութիւնը սկսաւ՝ Քրիստոսի ներկայութիւնը սկսելէն քիչ ժամանակ ետք։
13. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16–ը ի՞նչ կերպով կը թելադրէ թէ առաջին յարութիւնը սկսաւ Քրիստոսի ներկայութեան սկիզբը։
13 Օրինակ, Պօղոս գրեց. «Մենք՝ մինչեւ Տէրոջ գալուստը [կամ ներկայութիւնը, եւ ո՛չ թէ ներկայութեան վերջաւորութիւնը] ողջ մնացողներս՝ բնա՛ւ պիտի չկանխենք ննջեցեալները։ Քանի որ նոյնինքն Տէրը պիտի իջնէ երկինքէն՝ ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնով եւ Աստուծոյ փողով, ու նախ Քրիստոսով մեռածնե՛րը յարութիւն պիտի առնեն։ Ապա մենք, ողջ մնացողներս, անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով՝ Տէրը դիմաւորելու օդին մէջ, եւ այդպէս Տէրոջ հետ պիտի ըլլանք յաւիտեան»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16, ԱՎ) Հետեւաբար, Քրիստոսի ներկայութենէն առաջ մահացող օծեալ Քրիստոնեաները երկնային կեանքի յարուցանուեցան, Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին ողջ եղողներէն առաջ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ առաջին յարութիւնը սկսած ըլլալու է Քրիստոսի ներկայութեան սկիզբը եւ կը շարունակուի «իր գալու ատենը [«ներկայութեան ընթացքին», ՆԱ]»։ (Ա. Կորնթացիս 15։23) Փոխանակ բոլորը միաժամանակ յարուցանուելու, առաջին յարութիւնը որոշ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին տեղի կ’ունենայ։
«Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց»
14. (ա) Յայտնութիւն 6–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած տեսիլքները ե՞րբ կատարուած են։ (բ) Յայտնութիւն 6։9–ի մէջ ի՞նչ նկարագրուած է։
14 Նկատի առ նաեւ Յայտնութիւն 6–րդ գլուխին բովանդակած ապացոյցը։ Հոն Յիսուս կը տեսնուի որպէս ձիու մը վրայ հեծած յաղթական Թագաւոր։ (Յայտնութիւն 6։2) Ազգերը արտակարգ պատերազմի միջամուխ եղած են։ (Յայտնութիւն 6։4) Լայնատարած սով կայ։ (Յայտնութիւն 6։5, 6) Մահաբեր պատուհասներ մարդկութիւնը կը հարուածեն։ (Յայտնութիւն 6։8) Այս բոլոր մարգարէացուած դէպքերը յստակօրէն կը յարմարին համաշխարհային կացութեան՝ 1914–էն ի վեր։ Բայց ուրիշ բան մըն ալ տեղի կ’ունենայ։ Մեր ուշադրութեան կը յանձնուի զոհասեղան մը։ Անոր տակ կան «այն մարդոց հոգիները, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար ու անոր վկայութեանը համար՝ որ իրենք տուած էին»։ (Յայտնութիւն 6։9) Որովհետեւ «մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է», զոհասեղանին տակ կը գտնուի Յիսուսի հաւատարիմ ծառաներուն արիւնը, որոնք սպաննուեցան իրենց համարձակ ու նախանձախնդիր վկայութեան համար։—Ղեւտացւոց 17։11
15, 16. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ Յայտնութիւն 6։10, 11–ի խօսքերը առաջին յարութեան կ’ակնարկեն։
15 Արդար Աբէլի արեան նման, այս Քրիստոնեայ նահատակներուն արիւնը արդարութիւն կը պահանջէ։ (Ծննդոց 4։10) «Մեծ ձայնով աղաղակեցին. ‘Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն’»։ Ասոր ի՞նչ կը յաջորդէ։ «Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց ու ըսուեցաւ անոնց, որ քիչ մը ատեն ալ հանգչին, մինչեւ անոնց ծառայակիցներն ու անոնց եղբայրները լման ըլլան՝ որոնք իրենց պէս պիտի սպաննուէին»։—Յայտնութիւն 6։10, 11
16 Այս ճերմակ հանդերձները զոհասեղանին տակ կուտակուած արեա՞ն տրուեցան։ Հարկաւ ո՛չ։ Հանդերձները տրուեցան այն անհատներուն, որոնց արիւնը այլաբանօրէն զոհասեղանին վրայ թափուած էր։ Անոնք իրենց կեանքը զոհեցին Յիսուսի անուան համար, եւ այժմ յարուցանուած էին որպէս հոգեղէն անձեր։ Ասիկա ի՞նչպէս գիտենք։ Յայտնութիւն գիրքը նախապէս նշած էր. «Ան որ Յայտնութիւն 3։5. 4։4) Ուստի պատերազմը, սովը եւ մահտարաժամը երկիրը հարուածելու սկսելէ ետք, զոհասեղանին տակ եղող արիւնով ներկայացուած 144,000–ի մահացած անդամները երկնային կեանքի յարուցանուեցան ու այլաբանական ճերմակ հանդերձներ հագուեցան։
կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի ու ես անոր անունը կենաց գրքէն պիտի չաւրեմ»։ Նաեւ մտաբերէ թէ 24 երէցները «ճերմակ հանդերձներ հագած [էին] ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին»։ (17. Ճերմակ հանդերձներ ստացողները ի՞նչ առումով պէտք է «հանգչին»։
17 Այս նոր յարուցանուած անհատները պէտք է «հանգչին»։ Անոնք համբերութեամբ պէտք է սպասեն Աստուծոյ վրէժխնդրութեան օրուան։ Անոնց «ծառայակիցներ»ը՝ երկրագունդի վրայ եղող օծեալ Քրիստոնեաները, տակաւին փորձութեան ներքեւ իրենց ուղղամտութիւնը պէտք է փաստեն։ Երբ աստուածային դատաստանին ժամանակը գայ, ‘հանգչիլը’ վերջ պիտի գտնէ։ (Յայտնութիւն 7։3) Այդ ատեն, Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ այս յարուցեալները պիտի բնաջնջեն ամբարիշտները, ի ներառեալ՝ անմեղ Քրիստոնեաներուն արիւնը թափողները։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7-10
Մեզի համար ի՛նչ կը նշանակէ
18, 19. (ա) Ի՞նչ պատճառներով կրնաս եզրակացնել թէ առաջին յարութիւնը արդէն սկսած է։ (բ) Առաջին յարութիւնը ըմբռնելով, մէջդ ի՞նչ զգացում կ’արթննայ։
18 Աստուծոյ Խօսքը առաջին յարութեան համար ճշգրիտ թուական մը չի տար, բայց կը յայտնէ թէ անիկա Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին՝ որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ տեղի կ’ունենայ։ Քրիստոսի ներկայութիւնը սկսելէն առաջ մահացած օծեալ Քրիստոնեաները, յարութիւն առնող առաջին անհատներն են։ Իսկ Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին, իրենց երկրային ընթացքը հաւատարմօրէն ամբողջացնող օծեալ Քրիստոնեաները «աչք գոցել բանալու մէջ . . . պիտի փոխուին» ու հզօր հոգեղէն արարածներ պիտի ըլլան։ (Ա. Կորնթացիս 15։52) Արմագեդոնի պատերազմէն առաջ, բոլո՞ր օծեալները իրենց երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանան։ Չենք գիտեր։ Սակայն գիտենք որ Աստուծոյ որոշած ժամանակին, բոլո՛ր 144,000–ը երկնային Սիօն լերան վրայ պիտի կայնին։
19 Նաեւ գիտենք որ 144,000–ին մեծամասնութիւնը արդէն Քրիստոսի միացած է։ Յարաբերաբար քիչ օծեալներ մնացած են երկրի վրայ։ Ասիկա ի՜նչ զօրաւոր նշան մըն է թէ Աստուծոյ դատաստանին գործադրութեան ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ։ Մօտ ատենէն, Սատանայի ամբողջ համաշխարհային դրութիւնը պիտի կործանի եւ Սատանան անդունդը պիտի ձգուի։ Անկէ ետք, ընդհանուր յարութիւնը կրնայ սկսիլ եւ Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ՝ հաւատարիմ մարդիկ կրնան Ադամի կորսնցուցած կատարելութեան հասնիլ։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի մարգարէութիւնը սքանչելիօրէն կը կատարուի։ Այս ժամանակներուն մէջ ողջ ըլլալը ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 2 Միւս ութ յարութիւններուն համար, տես՝ Գ. Թագաւորաց 17։21-23. Դ. Թագաւորաց 4։32-37. 13։21. Մարկոս 5։35, 41-43. Ղուկաս 7։11-17. 24։34. Յովհաննու 11։43-45. Գործք 9։36-42–ը։
^ պարբ. 9 Աստուածաշնչական ապացոյցներու համար թէ Քրիստոսի ներկայութիւնը 1914–ին սկսաւ, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 215-218, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 10 Աչքէ անցընելու համար թէ ի՛նչպէս գիտենք որ 24 երէցները կը ներկայացնեն օծեալ Քրիստոնեաները իրենց երկնային դիրքին մէջ, տես՝ Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը, էջ 77, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Կրնա՞ս բացատրել
Հետեւեալ համարները մեզի ի՞նչպէս կ’օգնեն ‘առաջին յարութեան’ ժամանակը զատորոշելու։
• Ա. Կորնթացիս 15։23. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 28]
Ընդհանուր մարդկութիւնը յարուցանուելէ առաջ, ի՞նչ յարութիւններ տեղի կ’ունենան
[Նկար՝ էջ 31]
Ննջեցեալներէն ոմանց ի՞նչպէս ճերմակ հանդերձ կը տրուի