Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Դուն ի՛րապէս պիտի ուրախանաս»

«Դուն ի՛րապէս պիտի ուրախանաս»

«Դուն ի՛րապէս պիտի ուրախանաս»

‘Տէրոջ տօն կատարէ եւ դուն ի՛րապէս պիտի ուրախանաս’։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 16։15, ԱՎ

1. (ա) Սատանան ի՞նչ հարցեր յարուց։ (բ) Ադամի ու Եւայի ըմբոստութենէն ետք, Եհովա ի՞նչ նախագուշակեց։

ԵՐԲ Սատանան Ադամն ու Եւան մղեց իրենց Ստեղծիչին դէմ ըմբոստանալու, երկու շատ կարեւոր հարցեր յարուց։ Առաջին, ան Եհովայի ճշմարտախօսութիւնը եւ իշխելու կերպին շիտակ ըլլալը հարցականի տակ դրաւ։ Երկրորդ, ան հասկցուց թէ մարդիկ միայն անձնական շահերէ մղուած Աստուծոյ պիտի ծառայէին։ Այս երկրորդ հարցը բացէ ի բաց նշուեցաւ Յոբի ժամանակ։ (Ծննդոց 3։1-6. Յոբայ 1։9, 10. 2։4, 5) Այսուհանդերձ, Եհովա խնդիրը լուծելու համար անմիջապէս գործի լծուեցաւ։ Երբ դեռ Ադամ ու Եւա Եդեմի պարտէզին մէջն էին, Եհովա նշեց թէ հարցերը ի՛նչպէս պիտի լուծէր։ Ան նախագուշակեց «սերունդ»ի մը գալուստը, որուն կրունկը խայթուելէ ետք, Սատանայի գլուխը պիտի ճզմէր։—Ծննդոց 3։15

2. Ծննդոց 3։15–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութեան կատարման կերպին շուրջ, Եհովա ի՞նչ լոյս սփռեց։

2 Ժամանակի ընթացքին, Եհովա այդ մարգարէութեան վրայ յաւելեալ լոյս սփռեց, անոր կատարման ստոյգ ըլլալը ապացուցանելով։ Օրինակ, Աստուած Աբրահամի ըսաւ թէ «սերունդ»ը իր շառաւիղէն պիտի գար։ (Ծննդոց 22։15-18) Աբրահամի թոռը՝ Յակոբ, Իսրայէլի 12 տոհմերուն հայրը եղաւ։ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, երբ այս տոհմերը ազգ մը եղան, Եհովա անոնց շարք մը օրէնքներ տուաւ, որոնք տարեկան տօներ պարփակեցին։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ այդ տօները «գալու բաներուն շուքն» էին։ (Կողոսացիս 2։16, 17. Եբրայեցիս 10։1) Անոնք Սերունդին նկատմամբ Եհովայի նպատակին կատարման նախանմոյշները բովանդակեցին։ Այդ տօները պահելը մեծ ուրախութիւն պատճառեց Իսրայէլի մէջ։ Այժմ զանոնք համառօտաբար նկատի առնելը, Եհովայի խոստումներուն վստահելիութեան հանդէպ մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։

Սերունդը կ’երեւի

3. Ո՞վ էր խոստացեալ Սերունդը, եւ անոր գարշապարը ի՞նչպէս խայթուեցաւ։

3 Մարգարէութիւնը տրուելէն աւելի քան 4,000 տարի ետք, խոստացեալ Սերունդը երեւցաւ։ Անիկա Յիսուսն էր։ (Գաղատացիս 3։16) Որպէս կատարեալ մարդ, Յիսուս մինչեւ մահ իր ուղղամտութիւնը պահեց ու այսպէս փաստեց թէ Սատանայի ամբաստանութիւնները սուտ էին։ Ասկէ զատ, Յիսուս անմեղ ըլլալով, իր մահը մեծարժէք զոհ մըն էր։ Անոր միջոցաւ, Յիսուս մեղքէն ու մահէն ազատագրում հայթայթեց Ադամի ու Եւայի հաւատարիմ զարմին։ Խոստացեալ Սերունդին ‘գարշապարին խայթուիլը’ տեղի ունեցաւ, երբ Յիսուս մահացաւ տանջանքի ցիցին վրայ։—Եբրայեցիս 9։11-14

4. Յիսուսի զոհը ի՞նչպէս նախապատկերացուած էր։

4 Յիսուս մեռաւ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին։ * Իսրայէլի մէջ Նիսան 14–ը Պասեքի տօնին օրն էր, որ շատ բերկրալի էր։ Ամէն տարի այդ օրը, ընտանիքի անդամները միասնաբար կ’ուտէին անարատ գառնուկ մը։ Այսպիսով անոնք կը յիշէին Իսրայէլի անդրանիկներուն փրկութեան մէջ գառնուկի մը արեան խաղցած դերը, երբ հրեշտակը Եգիպտացիներուն անդրանիկները սպաննեց՝ Հ.Դ.Ա. 1513–ի Նիսան 14–ին։ (Ելից 12։1-14) Պասեքի գառնուկը նախապատկերացուց Յիսուսը, որուն մասին Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ»։ (Ա. Կորնթացիս 5։7) Պասեքի գառնուկին արեան նման, Յիսուսի թափուած արիւնը շատերու համար փրկութիւն կը հայթայթէ։—Յովհաննու 3։16, 36

«Ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»

5, 6. (ա) Յիսուս ե՞րբ յարութիւն առաւ, եւ այս դէպքը Օրէնքին մէջ ի՞նչպէս նախապատկերացուած էր։ (բ) Յիսուսի յարութիւնը ի՞նչպէս Ծննդոց 3։15–ի կատարումը կարելի դարձուց։

5 Երրորդ օրը Յիսուս յարութիւն առաւ, որպէսզի իր զոհին արժէքը իր Հօր ներկայացնէ։ (Եբրայեցիս 9։24) Իր յարութիւնը նախապատկերացուած էր այլ տօնակատարութեան մը մէջ։ Նիսան 15–ին կը սկսէր Բաղարջակերաց Տօնը։ Յաջորդ օրը՝ Նիսան 16–ին, Իսրայէլի մէջ ամենականուխ հունձքին՝ գարիի հունձքին երախայրիքէն որայ մը կը բերուէր քահանային, որ զայն Եհովայի առջեւ երերցնէր։ (Ղեւտացւոց 23։6-14) Ո՜րքան տեղին էր որ Հ.Դ. 33–ին, նո՛յն այդ օրը, Եհովա իր «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» առյաւէտ լռեցնելու Սատանայի կատաղի ջանքերը ի դերեւ հանեց։ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 16–ին, Եհովա Յիսուսը յարուցանեց՝ հոգեղէն անմահ կեանք շնորհելով։—Յայտնութիւն 3։14. Ա. Պետրոս 3։18

6 Յիսուս «ննջեցեալներուն առաջին պտուղը» եղաւ։ (Ա. Կորնթացիս 15։20) Նախապէս յարուցանուած անհատներուն հակառակը, Յիսուս դարձեալ չմեռաւ։ Փոխարէն, ան երկինք համբառնալով Եհովայի աջ կողմը նստաւ, ուր սպասեց մինչեւ որ թագադրուի որպէս Եհովայի երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։ (Սաղմոս 110։1. Գործք 2։32, 33. Եբրայեցիս 10։12, 13) Գահակալ դառնալէ ետք, այժմ Յիսուս ի վիճակի է մեծ թշնամիին՝ Սատանայի գլուխը վերջնականապէս ճզմելու եւ անոր սերունդը բնաջնջելու։—Յայտնութիւն 11։15, 18. 20։1-3, 10

Աբրահամի սերունդին յաւելեալ անդամները

7. Շաբաթներու Տօնը ի՞նչ էր։

7 Յիսուս Եդեմի մէջ խոստացուած Սերունդն էր, որուն միջոցաւ Եհովա «Սատանային գործերը [պիտի] քանդէ»։ (Ա. Յովհաննու 3։8) Սակայն, երբ Եհովա Աբրահամի խօսեցաւ, նշեց թէ անոր «սերունդ»ը մէկ հոգիէ աւելի պիտի ըլլար։ Անիկա «երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս» պիտի ըլլար։ (Ծննդոց 22։17) «Սերունդ»ին միւս անդամներուն յայտնուիլը նախապատկերացուած էր ուրիշ ուրախ տօնով մը։ Նիսան 16–էն յիսուն օր ետք, Իսրայէլ Շաբաթներու Տօնը կը տօնակատարէր։ Ասոր նկատմամբ Օրէնքը կ’ըսէ. «Մինչեւ եօթներորդ շաբաթին հետեւեալ օրը յիսուն օր պէտք է համրէք եւ ապա նոր հացի ընծայ մատուցանէք Տէրոջը։ Ձեր բնակարաններէն՝ երերցնելու ընծայի համար երկու հաց պէտք է բերէք, որոնք երկու տասնորդ բարակ ալիւրէ ըլլալով խմորեալ եփուած պիտի ըլլան. ասիկա երախայրի է Տէրոջը»։ *Ղեւտացւոց 23։16, 17, 20

8. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, ի՞նչ յատկանշական դէպք մը տեղի ունեցաւ։

8 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Շաբաթներու Տօնը ճանչցուած էր որպէս Պէնտէկոստէ (Յունարէն բառէ մը որ կը նշանակէ՝ «յիսուներորդ»)։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, մեծագոյն Քահանայապետը՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս, Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած շուրջ 120 աշակերտներու վրայ սուրբ հոգին թափեց։ Այսպէս այս աշակերտները Աստուծոյ օծեալ որդիները եւ Յիսուս Քրիստոսի եղբայրները եղան։ (Հռովմայեցիս 8։15-17) Անոնք նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը եղան։ (Գաղատացիս 6։16) Ի վերջոյ, այդ ազգը 144,000 անդամներ պիտի ունենար։—Յայտնութիւն 7։1-4

9, 10. Օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը ի՞նչպէս նախապատկերացուած էր Պէնտէկոստէի ընթացքին։

9 Օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը նախապատկերացուած էր՝ իւրաքանչիւր Պէնտէկոստէին Եհովայի առջեւ երերցնելիք երկու խմորեալ հացերով։ Հացերուն խմորեալ ըլլալը ցոյց տուաւ թէ օծեալ Քրիստոնեաները տակաւին ժառանգուած մեղքին թթխմորը պիտի ունենային։ Այսուհանդերձ անոնք կրնային Եհովայի մօտենալ՝ Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ (Հռովմայեցիս 5։1, 2) Ինչո՞ւ երկու հաց։ Թերեւս ցոյց տալու թէ Աստուծոյ օծեալ որդիները երկու խումբէ պիտի ընտրուէին,– նախ՝ բնական Հրեաներէ, ապա՝ ոչ–Հրեաներէ։—Գաղատացիս 3։26-29. Եփեսացիս 2։13-18

10 Պէնտէկոստէին մատուցուած երկու հացերը ցորենի հունձքին երախայրիքէն պատրաստուած էին։ Հետեւաբար հոգիէն ծնած Քրիստոնեաները կոչուած են «իր ստեղծածներուն երախայրի մը»։ (Յակոբու 1։18) Անոնք առաջին անհատներն են, որոնց մեղքերը կը ներուին Յիսուսի թափուած արեան հիման վրայ, կարելի դարձնելով որ երկնքի մէջ անմահ կեանք ստանան ու Յիսուսի հետ իշխեն իր Թագաւորութեան մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 15։53. Փիլիպպեցիս 3։20, 21. Յայտնութիւն 20։6) Այս հանգամանքով, անոնք մօտ օրէն ազգերը ‘երկաթէ գաւազանով պիտի հովուեն’ եւ ‘Սատանան խորտակուած պիտի տեսնեն իրենց ոտքերուն տակ’։ (Յայտնութիւն 2։26, 27. Հռովմայեցիս 16։20) Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու»։—Յայտնութիւն 14։4

Ազատագրութիւն շեշտող օր մը

11, 12. (ա) Քաւութեան Օրը ի՞նչ տեղի կ’ունենար։ (բ) Զուարակը եւ նոխազները որպէս զոհ մատուցանելով՝ Իսրայէլ ի՞նչ օգուտներ կը ստանար։

11 Անթանի ամսուն (հետագային կոչուեցաւ Թիշրի) * տասներորդ օրը Իսրայէլ կը տօնակատարէր տօն մը, որ կը նախապատկերացնէր Յիսուսի փրկանքի զոհին օգուտներուն ի՛նչպէս կիրարկուիլը։ Այդ օրը, ամբողջ ազգը կը հաւաքուէր Քաւութեան Օրուան համար, որպէսզի զոհեր մատուցանելով իրենց մեղքերէն մաքրուէին։—Ղեւտացւոց 16։29, 30

12 Քաւութեան Օրը քահանայապետը զուարակ մը կը մորթէր, եւ Սրբութիւն Սրբութեանցի մէջ անոր արիւնէն եօթը անգամ կը սրսկէր Տապանակին կափարիչին առջեւ, այսպէս ցոյց տալով թէ արիւնը Եհովայի առջեւ կը մատուցանէր։ Այդ ընծան, քահանայապետին եւ «իր տան»՝ ենթաքահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, մեղքերուն համար էր։ Ապա քահանայապետը երկու նոխազ կ’առնէր։ Անոնցմէ մէկը կը մորթէր որպէս մեղքի պատարագ՝ «ժողովուրդին համար»։ Անոր արիւնէն ալ կը սրսկուէր Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ՝ Տապանակին կափարիչին առջեւ։ Անկէ ետք, քահանայապետը իր ձեռքերը կը դնէր երկրորդ նոխազին գլխուն վրայ եւ Իսրայէլի որդիներուն յանցանքները կը խոստովանէր։ Ապա ան նոխազը անապատ կը ղրկէր, ժողովուրդին մեղքերը այլաբանօրէն հեռացնելով։—Ղեւտացւոց 16։3-16, 21, 22

13. Քաւութեան Օրուան իրադարձութիւնները ի՞նչպէս Յիսուսի խաղցած դերը կը նախապատկերացնէին։

13 Ինչպէս այս արարքները նախապատկերացուցին, մեծագոյն Քահանայապետը՝ Յիսուս, իր կենսարիւնի արժէքը կը գործածէ մեղքերու թողութիւն շնորհելու համար։ Նախ, իր արեան արժէքը կը կիրարկուի 144,000 օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած «հոգեւոր տաճար»ին, կարելի դարձնելով որ անոնք արդար յայտարարուին եւ Եհովայի առջեւ մաքուր կեցուածք վայելեն։ (Ա. Պետրոս 2։5. Ա. Կորնթացիս 6։11) Զուարակը զոհելը ասոր կը նախապատկերացնէ։ Ուստի անոնց առջեւ ճամբան բաց է որ իրենց երկնային ժառանգութիւնը ստանան։ Երկրորդ, ինչպէս նոխազները զոհելը ցոյց կու տայ, Յիսուսի արեան արժէքը կը կիրարկուի միլիոնաւորներու ի նպաստ, որոնք Քրիստոսի հաւատք կ’ընծայեն։ Անոնք երկրի վրայ յաւիտենական կեանք պիտի ստանան,– Ադամի ու Եւայի կորսնցուցած ժառանգութիւնը։ (Սաղմոս 37։10, 11) Իր թափուած արեան հիման վրայ, Յիսուս մարդկութեան մեղքերը կը հեռացնէ, ինչպէս ողջ նոխազը այլաբանօրէն կը հեռացնէր Իսրայէլի մեղքերը դէպի անապատ։—Եսայեայ 53։4, 5

Եհովայի առջեւ ուրախանալ

14, 15. Տաղաւարահարաց Տօնի ընթացքին ի՞նչ տեղի կ’ունենար, եւ ասիկա Իսրայելացիներուն ի՞նչ կը յիշեցնէր։

14 Քաւութեան Օրուընէ ետք, Իսրայելացիները Տաղաւարահարաց Տօնը կը տօնէին, որ հրէական տարուան ամենէն ուրախ տօնն էր։ (Ղեւտացւոց 23։34-43) Այդ տօնը տեղի կ’ունենար Անթանի ամսուան 15–րդ օրէն մինչեւ 21–րդ օրը, իսկ 22–րդ օրը տօնախմբութեամբ կ’աւարտէր։ Անիկա բերքահաւաքին աւարտը կը նշէր եւ Աստուծոյ առատ բարութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելու ժամանակ մըն էր։ Ասոր համար, Եհովա տօնողներուն պատուիրեց. «Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, . . . ուրախութիւն ըրէ»։ (Բ. Օրինաց 16։15) Անիկա ի՜նչ ուրախ ժամանակ ըլլալու էր։

15 Այդ տօնին ընթացքին, Իսրայելացիները եօթը օր տաղաւարներու մէջ կը բնակէին, յիշելով անապատային թափառումներու շրջանը։ Տօնը անոնց պատեհութիւն կու տար որ Եհովայի հայրական հոգատարութեան մասին խոկային։ (Բ. Օրինաց 8։15, 16) Եւ որովհետեւ բոլորն ալ, հարուստ թէ աղքատ, համանման տաղաւարներու մէջ կը բնակէին, Իսրայելացիներուն ուշադրութեան կը յանձնուէր թէ այս տօնին կապակցաբար իրարու հաւասար էին։—Նէեմեայ 8։14-16

16. Ի՞նչ նախապատկերացուած էր Տաղաւարահարաց Տօնով։

16 Տաղաւարահարաց Տօնը բերքահաւաքի ուրախ տօնակատարութիւն մըն էր, եւ կը նախապատկերացնէր Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայող անհատներուն ուրախ հաւաքումը։ Այս հաւաքումը սկսաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Յիսուսի 120 աշակերտները օծուեցան՝ ‘սուրբ քահանայութեան’ մը մաս կազմելու համար։ Ինչպէս Իսրայելացիները քանի մը օր տաղաւարներու մէջ կը բնակէին, օծեալները գիտեն թէ այս անբարեպաշտ աշխարհին մէջ պարզապէս «օտարականներ» են։ Իրենց յոյսը երկնային է։ (Ա. Պետրոս 2։5, 11) Օծեալ Քրիստոնեաներու հաւաքումը իր աւարտին կը հասնի այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին, երբ 144,000–ի վերջին անդամները հաւաքուին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

17, 18. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ օծեալ Քրիստոնեաներէն զատ ուրիշներ ալ Յիսուսի զոհէն կ’օգտուին։ (բ) Ներկայիս որո՞նք հակատիպ Տաղաւարահարաց Տօնէն կ’օգտուին, եւ այս ուրախ տօնը ե՞րբ իր բարձրակէտին պիտի հասնի։

17 Ուշադրութեան արժանի է թէ այս վաղեմի տօնին ընթացքին 70 զուարակ կը մատուցանուէին։ (Թուոց 29։12-34) Թիւ 70–ը կը ներկայացնէ՝ 7–ն բազմապատկուած 10–ով,– թիւեր որոնք Աստուածաշունչին մէջ երկնային ու երկրային կատարելութիւն կը խորհրդանշեն։ Ուստի Յիսուսի զոհը պիտի օգտէ Նոյէն սերած 70 ընտանիքներուն պատկանող հաւատարիմներուն։ (Ծննդոց 10։1-29) Ասոր հետ ներդաշնակ, ներկայիս հաւաքումը կը պարփակէ բոլոր ազգերէն անհատներ, որոնք Յիսուսի հաւատք կ’ընծայեն եւ դրախտային երկրի վրայ ապրելու յոյսը ունին։

18 Յովհաննէս առաքեալ այս արդի հաւաքումը տեսաւ տեսիլքի մը մէջ։ Նախ, ան 144,000–ի վերջին անդամներուն կնքումին ծանուցումը լսեց։ Ապա ան տեսաւ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել», որոնք Եհովայի ու Յիսուսի առջեւ կայնած էին՝ «ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած»։ Անոնք «մեծ նեղութենէն» կը վերապրին ու նոր աշխարհը կը մտնեն։ Անոնք ալ իրերու այս հին դրութեան մէջ այժմ օտարականներ են եւ վստահութեամբ կը սպասեն այն ժամանակին, երբ ‘Գառնուկը զիրենք պիտի հովուէ ու դէպի կենարար ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ’։ Այդ ատեն, «Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ (Յայտնութիւն 7։1-10, 14-17) Հակատիպ Տաղաւարահարաց Տօնը իր բարձրակէտին պիտի հասնի Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը վերջ գտնելէ ետք, երբ անոնք եւ հաւատարիմ յարուցեալները յաւիտենական կեանք ստանան։—Յայտնութիւն 20։5

19. Իսրայէլի տօները նկատի առնելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

19 Մենք ալ կրնանք ‘իրապէս ուրախանալ’, մինչ հրէական վաղեմի տօներուն նշանակութեան մասին կը խոկանք։ Հետաքրքրական է նկատի առնել որ Եհովա նախանմոյշներ հայթայթեց թէ Եդեմի մէջ իր տուած մարգարէութիւնը ի՛նչպէս պիտի կատարուէր, եւ հետաքրքրաշարժ է տեսնել անոր կատարումը՝ քայլ առ քայլ։ Այսօր, գիտենք որ Սերունդը յայտնուեցաւ ու իր կրունկը խայթուեցաւ։ Այժմ ան երկնային Թագաւոր է։ Ասկէ զատ, 144,000–ին մեծամասնութիւնը արդէն մինչեւ մահ իր հաւատարմութիւնը փաստած է։ Տակաւին ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։ Մարգարէութիւնը ե՞րբ ամբողջովին պիտի կատարուի։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Նիսան ամիսը մեր ներկայ օրացոյցին վրայ կը համապատասխանէ Մարտ/Ապրիլ ամիսներուն։

^ պարբ. 7 Թթխմորով եփած երկու հացերը իբր երերցնելիք ընծայ մատուցանելու ատեն, յաճախ քահանան հացերը իր ափերուն մէջ կ’առնէր, ձեռքերը կը բարձրացնէր ու զանոնք մէկ կողմէն միւս կողմ կը շարժէր։ Այս շարժումը կը խորհրդանշէր Եհովայի զոհեր ներկայացնելը։—Տեսնել Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Հատոր Բ., էջ 528, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 11 Անթանի կամ Թիշրի ամիսը մեր ներկայ օրացոյցին վրայ կը համապատասխանէ Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր ամիսներուն։

Կրնա՞ս բացատրել

• Պասեքի գառնուկը ի՞նչ կը նախապատկերացնէր։

• Պէնտէկոստէի Տօնը ո՞ր հաւաքումը կը նախապատկերացնէր։

• Քաւութեան Օրուան ո՞ր յատկանշական երեսակները նշեցին այն կերպը, որով Յիսուսի փրկանքի զոհը կը կիրարկուի։

• Տաղաւարահարաց Տօնը ի՞նչպէս կը նախապատկերացնէ Քրիստոնեաներուն հաւաքումը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 24, 25]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Պասեք

Նիսան 14

Դէպք.

Պասեքի գառնուկը կը մորթուէր

Նախապատկերացուց.

Յիսուսի զոհագործութիւնը

Բաղարջակերաց Տօն (Նիսան 15-21)

Նիսան 15

Դէպք.

Շաբաթ

Նիսան 16

Դէպք.

Գարի կը մատուցանուէր

Նախապատկերացուց.

Յիսուսի յարութիւնը

50 օր

Շաբաթներու Տօն (Պէնտէկոստէ)

Սիվան 6

Դէպք.

Երկու հացեր կը մատուցանուէին

Նախապատկերացուց.

Յիսուս իր օծեալ եղբայրները Եհովայի ներկայացուց

Քաւութեան Օր

Թիշրի 10

Դէպք.

Զուարակ եւ երկու նոխազ կը մատուցանուէին

Նախապատկերացուց.

Յիսուս ամբողջ մարդկութեան ի նպաստ՝ իր արեան արժէքը մատուցանեց

Տաղաւարահարաց Տօն (Հաւաքելու Տօն)

Թիշրի 15-21

Դէպք.

Իսրայելացիները ուրախութեամբ տաղաւարներու մէջ կը բնակէին եւ բերքահաւաքով կ’ուրախանային, 70 զուարակ կը մատուցանուէին

Նախապատկերացուց.

Օծեալներուն եւ «մեծ բազմութեան» հաւաքումը

[Նկարներ՝ էջ 23]

Պասեքի գառնուկին արեան նման, Յիսուսի թափուած արիւնը շատերուն փրկութիւն կը հայթայթէ

[Նկարներ՝ էջ 24]

Գարիի հունձքին երախայրիները, որ Նիսան 16–ին կը մատուցանուէին, Յիսուսի յարութիւնը նախապատկերացուցին

[Նկարներ՝ էջ 25]

Պէնտէկոստէին մատուցուած երկու հացերը նախապատկերացուցին օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը

[Նկարներ՝ էջ 26]

Տաղաւարահարաց Տօնը նախապատկերացուց օծեալներուն եւ բոլոր ազգերէ եկած ‘մեծ բազմութեան’ ուրախ հաւաքումը