Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա ‘իրաւունք պիտի ընէ’

Եհովա ‘իրաւունք պիտի ընէ’

Եհովա ‘իրաւունք պիտի ընէ’

«Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն»։—ՂՈՒԿԱՍ 18։7

1. Որո՞նք քեզի քաջալերութեան աղբիւր են եւ ինչո՞ւ։

ԱՄԲՈՂՋ աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաները կը վայելեն Քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու ընկերակցութիւնը, որոնք երկար տարիներ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայած են։ Անձնապէս կը ճանչնա՞ս այս սիրելիներէն ոմանք։ Թերեւս մտաբերես տարեց քոյր մը, որ շատոնց մկրտուած է եւ քիչ անգամ կը բացակայի Թագաւորութեան Սրահի մէջ կայացուած ժողովներէն։ Կամ թերեւս յիշես տարեց եղբայր մը, որ տասնամեակներէ ի վեր, ամէն շաբաթ հաւատարմօրէն նեցուկ կը կանգնի ժողովքի դաշտի ծառայութեան գործունէութիւններուն։ Ճիշդ է որ այս հաւատարիմներէն շատեր կը խորհէին թէ այս ժամանակին Արմագեդոնը արդէն տեղի ունեցած ըլլալու էր։ Բայց այն իրողութիւնը թէ այս անիրաւ աշխարհը տակաւին կը գոյատեւէ, ո՛չ իրենց վստահութիւնը Եհովայի խոստումներուն հանդէպ խախտած է, ո՛չ ալ ‘մինչեւ վերջ համբերելու’ իրենց վճռականութիւնը տկարացուցած է։ (Մատթէոս 24։13) Եհովայի այսպիսի հաւատարիմ ծառաներու ցուցաբերած խոր հաւատքը, արդարեւ ամբողջ ժողովքին քաջալերութեան աղբիւր է։—Սաղմոս 147։11

2. Ի՞նչ կացութիւն մեզ կը տխրեցնէ։

2 Սակայն երբեմն հակապատկերը կը տեսնենք։ Կարգ մը Վկաներ տարիներ ծառայութեան մասնակցեցան, բայց ժամանակի ընթացքին Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատքը տկարացաւ եւ քրիստոնէական ժողովքին ընկերակցելէ դադրեցան։ Կը ցաւինք որ նախկին ընկերակիցներ Եհովան լքեցին, իսկ մեր սրտագին փափաքն է՝ շարունակ օգնել իւրաքանչիւր «կորսուած ոչխարի» որ հօտին վերադառնայ։ (Սաղմոս 119։176. Հռովմայեցիս 15։1) Այսուհանդերձ, ոմանց հաւատարիմ մնալը եւ ուրիշներու հաւատք կորսնցնելը հարցումներ կը յարուցանէ։ Ի՞նչ բան բազմաթիւ Վկաներ կարող կը դարձնէ որ Եհովայի խոստումներուն հանդէպ իրենց հաւատքը պահեն, մինչ ուրիշներ կը կորսնցնեն զայն։ Անձնապէս ի՞նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու որ հաստատ մնայ մեր համոզումը թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»։ (Սոփոնեայ 1։14) Քննարկենք լուսաբանութիւն մը Ղուկասի Աւետարանէն։

Ազդարարութիւն անոնց՝ որոնք ողջ են ‘երբ Որդին մարդոյ կու գայ’

3. Այրիին եւ դատաւորին առակէն մասնաւորաբար որո՞նք կրնան օգտուիլ եւ ինչո՞ւ։

3 Ղուկաս 18–րդ գլուխը կը բովանդակէ այրիին եւ դատաւորին առակը, զոր Յիսուս տուաւ։ Անիկա նման է յարատեւող հիւրընկալին առակին, զոր քննարկեցինք նախորդ յօդուածին մէջ։ (Ղուկաս 11։5-13) Սակայն այրիին եւ դատաւորին առակը պարփակող Աստուածաշունչի հատուածը ցոյց կու տայ թէ ասիկա մասնաւորաբար կը կիրարկուի անոնց՝ որոնք ողջ են, ‘երբ Որդին մարդոյ կու գայ’ Թագաւորութեան զօրութեամբ,– ժամանակաշրջան մը որ 1914–ին սկսաւ։—Ղուկաս 18։8 *

4. Ղուկաս 18–րդ գլուխի առակը պատմելէ առաջ, Յիսուս ի՞նչ կէտեր նշեց։

4 Առակը պատմելէ առաջ, Յիսուս նշեց թէ Թագաւորութեան զօրութեամբ իր ներկայութեան ապացոյցը, «փայլակ»ին նման մեծապէս զատորոշելի պիտի ըլլար, որ «երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ»։ (Ղուկաս 17։24. 21։10, 29-33) Այսուհանդերձ, «վերջին ժամանակ»ին մէջ ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը այդ յստակ ապացոյցին ուշադրութիւն պիտի չընծայէր։ (Դանիէլ 12։4) Ինչո՞ւ։ Այն նոյն պատճառով որ Նոյի ու Ղովտի ժամանակակիցները անտեսեցին Եհովայի ազդարարութիւնները։ Այն ատեն, մարդիկ ‘կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին մինչեւ այն օրը՝ որ բնաջնջուեցան’։ (Ղուկաս 17։26-29) Անոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին, քանի որ ա՛յնքան կլանուած էին այդ սովորական գործերով, որ Աստուծոյ կամքին ուշադրութիւն չընծայեցին։ (Մատթէոս 24։39) Նմանապէս այսօր, ընդհանուր առմամբ մարդիկ ա՛յնքան կլանուած են առօրեայ գործունէութիւններով, որ չեն տեսներ ապացոյցը թէ այս անբարեպաշտ աշխարհի վախճանը մօտալուտ է։—Ղուկաս 17։30

5. (ա) Յիսուս զորո՞նք ազդարարեց եւ ինչո՞ւ։ (բ) Ի՞նչ բան պատճառ եղած է որ ոմանք իրենց հաւատքը կորսնցնեն։

5 Բացայայտ է որ Յիսուս մտահոգ էր թէ իր հետեւորդներն ալ կրնային Սատանայի աշխարհին պատճառաւ մտացիր դառնալ ու նոյնիսկ ‘ետեւ ձգուած բաներուն վերադառնալ’։ (Ղուկաս 17։22, 31) Արդարեւ ասիկա կարգ մը Քրիստոնեաներու պատահած է։ Անոնք երկար տարիներ անձկագին սպասեցին այն օրուան, երբ Եհովա վերջ պիտի դնէ այս ամբարիշտ աշխարհին։ Սակայն երբ Արմագեդոնը իրենց ակնկալած ժամանակին չեկաւ, անոնք վհատեցան։ Եհովայի դատաստանի օրուան մօտ ըլլալուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը տկարացաւ։ Անոնք ծառայութեան մէջ դանդաղեցան եւ աստիճանաբար մխրճուեցան աշխարհիկ բաներու մէջ, քիչ ժամանակ ձգելով հոգեւոր գործունէութիւններու համար։ (Ղուկաս 8։11, 13, 14) Ո՜րքան ցաւալի է որ ժամանակի ընթացքին, անոնք ‘ետեւ ձգուած բաներուն վերադարձան’։

«Պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել»

6-8. (ա) Այրիին ու դատաւորին առակը պատմէ։ (բ) Յիսուս այս առակը ի՞նչպէս կիրարկեց։

6 Ի՞նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու թէ Եհովայի խոստումներուն իրագործման նկատմամբ մեր զօրաւոր վստահութիւնը պիտի պահպանենք։ (Եբրայեցիս 3։14) Յիսուս այս հարցումը նկատի առաւ, աշակերտները ազդարարելէ ետք որ չվերադառնան Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին։

7 Ղուկաս կը տեղեկագրէ որ Յիսուս «անոնց առակ մըն ալ ըսաւ այս բանին վրայով՝ թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ»։ Յիսուս ըսաւ. «Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։ Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւարի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։ Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, գոնէ այս որբեւարիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չի գայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’»։

8 Ապա Յիսուս կիրարկումը ցոյց տուաւ, ըսելով. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։—Ղուկաս 18։1-8

«Իրաւունք ըրէ ինծի»

9. Այրիին եւ դատաւորին առակին բնաբանը ի՞նչ է։

9 Այս վառ առակին բուն կէտը յստակ է, ինչպէս կը նշուի այրիին, դատաւորին եւ Յիսուսի կողմէ։ Այրին աղերսեց. «Իրաւունք ըրէ ինծի»։ Դատաւորը ըսաւ. «Իրեն իրաւունք ընեմ»։ Յիսուս հարցուց. «Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞»։ Իսկ Եհովայի մասին, Յիսուս աւելցուց. «Շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ»։ (Ղուկաս 18։3, 5, 7, 8) Մասնաւորաբար ե՞րբ Աստուած «իրաւունք պիտի ընէ»։

10. (ա) Առաջին դարուն՝ «վրէժխնդրութեան օրեր»ը ե՞րբ հասան։ (բ) Ներկայիս, Աստուած իր ծառաներուն ե՞րբ եւ ի՞նչպէս իրաւունք պիտի ընէ։

10 Առաջին դարուն, «վրէժխնդրութեան օրեր»ը հասան Հ.Դ. 70–ին, երբ Երուսաղէմ ու իր տաճարը կործանեցան։ (Ղուկաս 21։22) Ներկայիս, Աստուած իր ժողովուրդին իրաւունք պիտի ընէ՝ «Տէրոջը մեծ օր»ուան մէջ։ (Սոփոնեայ 1։14. Մատթէոս 24։21) Այդ ատեն, Եհովա իր ժողովուրդին «նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն» պիտի հատուցանէ, մինչ Յիսուս Քրիստոս ‘վրէժ կ’առնէ անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8. Հռովմայեցիս 12։19

11. Աստուած ի՞նչպէս «շուտով» իրաւունք պիտի ընէ։

11 Սակայն ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք Յիսուսի երաշխիքը թէ Եհովա «շուտով» իրաւունք պիտի ընէ։ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ թէ Եհովա ‘թէեւ երկայնամիտ է’, բայց երբ ժամանակը լեցուի, շուտով արդարութիւն պիտի գործադրէ։ (Ղուկաս 18։7, 8. Բ. Պետրոս 3։9, 10) Նոյի ժամանակ, երբ Ջրհեղեղը եկաւ, անյապաղ բոլոր ամբարիշտները կործանեցան։ Նմանապէս Ղովտի օրերուն, երբ երկինքէն կրակ տեղաց, բոլոր չարերը բնաջնջուեցան։ Յիսուս ըսաւ. «Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի»։ (Ղուկաս 17։27-30) Այն ատեն աւերումը դարձեալ «յանկարծակի» պիտի հասնի ամբարիշտներուն վրայ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3) Արդարեւ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ որ Եհովա թոյլ պիտի չտայ Սատանայի աշխարհին որ արդարութեան պահանջածէն նոյնիսկ մէկ օր աւելի գոյատեւէ։

‘Ան իրաւունք պիտի ընէ’

12, 13. (ա) Այրիին եւ դատաւորին առակը ի՞նչպէս դաս մը կը սորվեցնէ։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեր աղօթքները պիտի լսէ եւ իրաւունք պիտի ընէ։

12 Այրիին եւ դատաւորին առակը տակաւին ուրիշ կարեւոր ճշմարտութիւններ ցցուն կ’ընէ։ Առակը կիրարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞»։ Հարկաւ այս բաղդատութիւնը ընելով, Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ Աստուած հաւատացեալներուն հետ նոյն կերպով պիտի վարուէր։ Փոխարէն, Յիսուս հակադրութիւն մը ընդգծելով՝ իր հետեւորդներուն դաս մը սորվեցուց Եհովայի մասին։ Նկատի առնենք թէ դատաւորը ի՛նչպէս Աստուծոյ հակապատկերն էր։

13 Յիսուսի առակին մէջի դատաւորը «անիրաւ» էր, մինչդեռ «Աստուած արդար դատաւոր է»։ (Սաղմոս 7։11. 33։5) Դատաւորը այրիով անձամբ հետաքրքրուած չէր, բայց Եհովա իւրաքանչիւր անհատով հետաքրքրուած է։ (Բ. Մնացորդաց 6։29, 30) Դատաւորը չկամեցաւ այրիին օգնել, բայց Եհովա իսկոյն կ’օգնէ իրեն ծառայողներուն։ (Եսայեայ 30։18, 19) Դասը ի՞նչ է։ Եթէ անիրաւ դատաւորը այրիին խնդրանքին ականջ տուաւ եւ անոր իրաւունքը պաշտպանեց, ո՜րքան աւելի Եհովա իր ժողովուրդին աղօթքները պիտի լսէ եւ վստահաբար անոնց իրաւունք պիտի ընէ։—Առակաց 15։29

14. Ինչո՞ւ Աստուծոյ դատաստանի օրուան գալուն հանդէպ հաւատք պէտք չէ կորսնցնենք։

14 Ուստի լուրջ սխալ մը կը գործեն անոնք որ այլեւս չեն հաւատար թէ Աստուծոյ դատաստանի օրը գալու վրայ է։ Ինչո՞ւ։ Զանց ընելով իրենց հաստատ համոզումը թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է», անոնք հարցականի տակ կը դնեն Եհովայի վստահիլը որ հաւատարմօրէն իր խոստումները կատարէ։ Բայց ո՛չ ոք կրնայ իրաւացիօրէն Աստուծոյ հաւատարմութիւնը հարցականի տակ դնել։ (Յոբայ 9։12) Վաւերական հարցում մըն է. մենք անձնապէս հաւատարիմ պիտի մնա՞նք։ Յիսուս այս կէտը շօշափեց այրիին ու դատաւորին առակին վերջաւորութեան։

«Արդեօք այս հաւատքը պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»

15. (ա) Յիսուս ի՞նչ հարցում ուղղեց եւ ինչո՞ւ։ (բ) Մենք մեզի ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղենք։

15 Յիսուս սա հետաքրքրական հարցումը ուղղեց. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք [«այս հաւատքը», ՆԱ, ստորանիշ] պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ (Ղուկաս 18։8) «Այս հաւատքը» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս մասնայատուկ հաւատքի մը ակնարկեց, որ նման է այրիին հաւատքին։ Յիսուս իր հարցումին չպատասխանեց։ Ան զայն ուղղեց, որպէսզի իր աշակերտները իրենց հաւատքին որակը քննէին։ Անիկա աստիճանաբար կը տկարանա՞ր, վտանգ յարուցանելով որ վերադառնան իրենց ետին ձգած բաներուն, թէ ոչ՝ այրիին յայտնած հաւատքին նման էր։ Այսօր, մենք ալ հարց տալու ենք. ‘«Որդին մարդոյ» ի՞նչպիսի հաւատք կը գտնէ սրտիս մէջ’։

16. Այրին ի՞նչպիսի հաւատք ունէր։

16 Որպէսզի ըլլանք այն անհատներուն մէջ՝ որոնց Եհովա արդարութիւն պիտի ընէ, հարկ է որ այդ այրիին ընթացքին հետեւինք։ Ան ի՞նչպիսի հաւատք ունէր։ Ան իր հաւատքը ցուցաբերեց՝ յարատեւաբար ‘երթալով դատաւորին ու ըսելով. «Իրաւունք ըրէ ինծի»’։ Այրին յարատեւեց, որպէսզի անիրաւ մարդ մը իրեն իրաւունք ընէր։ Նմանապէս այսօր Աստուծոյ ծառաները կրնան վստահ ըլլալ որ Եհովա իրենց արդարութիւն պիտի ընէ, նոյնիսկ եթէ իրենց ակնկալածէն աւելի ժամանակ անցնի։ Ասկէ զատ, անոնք Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ իրենց վստահութիւնը ցոյց կու տան՝ յարատեւաբար աղօթելով,– այո, ‘ցերեկ ու գիշեր իրեն աղաղակելով’։ (Ղուկաս 18։7) Արդարեւ, եթէ Քրիստոնեայ մը այլեւս աղօթքով չխնդրէ որ արդարութիւն ըլլայ, ցոյց կու տայ որ կորսնցուցած է իր վստահութիւնը թէ Եհովա իր ծառաներուն ի նպաստ պիտի գործէ։

17. Աղօթքի մէջ յարատեւելու եւ Եհովայի դատաստանի օրուան ստոյգ գալուն հանդէպ մեր հաւատքը պահպանելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

17 Այդ այրիին մասնայատուկ պարագաները մեզի կը յայտնեն թէ յաւելեալ պատճառներ ունինք աղօթքի մէջ յարատեւելու։ Նկատի առ կարգ մը տարբերութիւններ մեր կացութեան ու անոր կացութեան միջեւ։ Այրին շարունակեց դատաւորին դիմել, թէեւ ո՛չ ոք զինք քաջալերեց որ այդպէս ընէ, բայց Աստուծոյ Խօսքը յաճախ մեզ կը քաջալերէ որ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’։ (Հռովմայեցիս 12։12) Այրին երաշխիք չունէր որ իր խնդրանքը պիտի շնորհուէր, բայց Եհովա մեզ հաւաստիացուցած է որ իրաւունք պիտի ընէ։ Իր մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նշեց. «Եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։ (Ամբակումայ 2։3. Սաղմոս 97։10) Այրին օգնական մը չունէր որ իրեն համար բարեխօսէր, իր խնդրանքին զօրավիգ կանգնելով։ Բայց մենք հզօր օգնական մը ունինք՝ Յիսուս, որ «Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ»։ (Հռովմայեցիս 8։34. Եբրայեցիս 7։25) Արդ, եթէ այրին, հակառակ իր դժուար կացութեան, շարունակեց դատաւորին աղերսել՝ յուսալով որ իրեն իրաւունք ընէր, ո՜րքան աւելի մենք Եհովայի դատաստանի օրուան ստոյգ գալուն հանդէպ մեր հաւատքը պէտք է պահպանենք։

18. Աղօթքը ի՞նչպէս մեր հաւատքը պիտի ամրացնէ եւ օգնէ որ արդարութիւն ստանանք։

18 Այրիին առակը մեզի կը սորվեցնէ թէ աղօթքն ու հաւատքը սերտօրէն յարակից են եւ թէ յարատեւաբար աղօթելով կը չէզոքացնենք այն ազդեցութիւնները՝ որոնք կրնան մեր հաւատքը տկարացնել։ Հարկաւ հարեւանցի աղօթքները հաւատք կորսնցնելուն դէմ պաշտպանութիւն չեն հայթայթեր։ (Մատթէոս 6։7, 8) Երբ կը մղուինք աղօթելու՝ քանի որ կը գիտակցինք թէ լիովին Աստուծմէ կախեալ ենք, այն ատեն աղօթքը մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ եւ մեր հաւատքը կ’ամրացնէ։ Իսկ փրկութեան համար հաւատքը պահանջուած ըլլալով, զարմանալի չէ որ Յիսուս անհրաժեշտ նկատեց իր աշակերտները քաջալերել որ ‘ամէն ատեն աղօթք ընեն ու չձանձրանան’։ (Ղուկաս 18։1. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։13) Ճիշդ է որ «Տէրոջը մեծ օր»ուան գալը մեր աղօթքներէն կախեալ չէ,– անիկա պիտի գայ, իրեն համար կ’աղօթե՛նք կամ ոչ։ Բայց անձամբ արդարութիւն ստանալը եւ Աստուծոյ պատերազմէն վերապրիլը որոշապէս կախեալ է մեր հաւատքէն եւ հետապնդած բարեպաշտ ընթացքէն, ջերմեռանդ աղօթքներու հետ մէկտեղ։

19. Ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք թէ հաստատօրէն համոզուած ենք որ Աստուած «իրաւունք պիտի ընէ»։

19 Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Յիսուս հարցուց. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք այս հաւատքը պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ Իր այս հետաքրքրաշարժ հարցումին պատասխանը ի՞նչ է։ Ո՜րքան ուրախ ենք որ այսօր աշխարհի տարածքին՝ Եհովայի միլիոնաւոր հաւատարիմ ծառաներ, իրենց աղօթքներով, համբերութեամբ եւ յարատեւութեամբ, կ’ապացուցանեն թէ այս հաւատքը ունի՛ն։ Ուստի Յիսուսի հարցումին պատասխանը՝ այո՛ է։ Արդարեւ, հակառակ մեր վրայ Սատանայի աշխարհին բերած անիրաւութիւններուն, հաստատօրէն համոզուած ենք որ ‘Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի ընէ’։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Այս առակին նշանակութիւնը ամբողջովին ըմբռնելու համար, կարդա՛ Ղուկաս 17։22-33–ը։ Նկատէ թէ ի՛նչպէս Ղուկաս 17։22, 24, 30–ի մէջ «Որդին մարդոյ» արտայայտութեան գործածութիւնը կ’օգնէ Ղուկաս 18։8–ի հարցումը հասկնալու։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ բան պատճառ եղած է որ Քրիստոնեաներէն ոմանք իրենց հաւատքը կորսնցնեն։

• Եհովայի դատաստանի օրուան գալուն հանդէպ ինչո՞ւ կրնանք հաստատ հաւատք ունենալ։

• Ի՞նչ պատճառներով աղօթքի մէջ պէտք է յարատեւենք։

• Աղօթքի մէջ յարատեւելը ի՞նչպէս մեզի պիտի օգնէ որ մեր հաւատքը չկորսնցնենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Այրիին եւ դատաւորին առակը ի՞նչ բան աչքառու կը դարձնէ

[Նկարներ՝ էջ 21]

Ներկայիս միլիոնաւորներ հաստատօրէն համոզուած են որ Աստուած «իրաւունք պիտի ընէ»