Եհովա ‘սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’
Եհովա ‘սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’
«Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։—ՂՈՒԿԱՍ 11։13
1. Յատկապէս ե՞րբ է որ սուրբ հոգիին օգնութեան կարիքը կ’ունենանք։
‘ԱՍԻԿԱ առանձին չեմ կրնար դիմագրաւել։ Միայն սուրբ հոգիին օգնութեամբ պիտի կարենամ այս փորձութեան տոկալ’։ Բնաւ այսպիսի անկեղծ արտայայտութիւններ ըրա՞ծ ես։ Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը ըրած է։ Թերեւս այդպէս արտայայտուած ես երբ իմացած ես թէ լուրջ հիւանդութեամբ վարակուած ես։ Կամ՝ երբ երկարատեւ ամուսնութենէ ետք կողակիցդ մահացած է։ Կամ՝ երբ ընկճուածութիւնը շուքի մէջ ձգած է ուրախ տրամադրութիւնդ։ Կեանքի խաւար օրերուն, թերեւս զգացած ես թէ միայն Եհովայի սուրբ հոգիին տուած ‘անսահման զօրութեամբ’ կը տոկայիր։—Բ. Կորնթացիս 4։7-9, Անթիլիաս. Սաղմոս 40։1, 2
2. (ա) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ (բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
2 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ստիպուած են դիմագրաւել ներկայ անբարեպաշտ աշխարհին հետզհետէ աւելցող ճնշումն ու հակառակութիւնը։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Ասկէ զատ, Քրիստոսի հետեւորդները յարձակման կ’ենթարկուին Բանսարկուին կողմէ, որ ‘Աստուծոյ պատուիրանքները պահող ու Յիսուսին վկայութիւնը ունեցող անհատներուն’ դէմ կատաղի պատերազմ կը մղէ։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ որեւէ ժամանակէ աւելի՝ հի՛մա Աստուծոյ հոգիին աջակցութեան կարիքը ունինք։ Ի՞նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու թէ պիտի շարունակենք Աստուծոյ սուրբ հոգին առատապէս ստանալ։ Եւ ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա յօժար է փորձութեան ատեն հարկ եղած զօրութիւնը մեզի հայթայթելու։ Այս հարցումներուն պատասխանները կը գտնենք Յիսուսի տուած երկու առակներու մէջ։
Յարատեւաբար աղօթէ
3, 4. Յիսուս ի՞նչ առակ պատմեց, եւ զայն ի՞նչպէս աղօթքին կիրարկեց։
3 Յիսուսի աշակերտներէն մէկը անգամ մը խնդրեց. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր»։ (Ղուկաս 11։1) Առ ի պատասխան, Յիսուս իր աշակերտներուն երկու յարակից առակներ տուաւ։ Առաջինը՝ հիւր ունեցող մարդու մը մասին է, իսկ երկրորդը՝ հօր մը մասին, որ իր որդւոյն մտիկ կ’ընէ։ Այժմ քննարկենք այս երկու առակները։
4 Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու’։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. ‘Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ’։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’»։ Ապա Յիսուս բացատրեց թէ այս առակը աղօթելու սովորութեան ի՛նչպէս կը կիրարկուի, ըսելով. «Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’»։—Ղուկաս 11։5-10
5. Յարատեւող հիւրընկալին առակը՝ աղօթելու ատեն մեր ունենալիք տրամադրութեան մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։
5 Յարատեւող մարդուն մասին այս վառ առակը ցոյց կու տայ թէ աղօթելու ատեն ի՛նչ տրամադրութիւն պէտք է ունենանք։ Նկատէ թէ Յիսուս կ’ըսէ որ մարդը իր ուզածը ձեռք ձգեց՝ ‘իր թախանձանքին’ պատճառաւ։ (Ղուկաս 11։8) «Թախանձանք» թարգմանուած Յունարէն բառը Աստուածաշունչին մէջ միայն մէկ անգամ կ’երեւի, եւ բառացիօրէն կը նշանակէ «աներեսութիւն»։ Յաճախ աներեսութիւնը նկարագրի վատ գիծ մըն է։ Սակայն երբ աներեսութիւնը կամ հաստատամտութիւնը լաւ նպատակի համար կը ցուցաբերուի, անիկա կրնայ գովելի յատկութիւն մը ըլլալ։ Ա՛յս է առակին մէջի հիւրընկալին պարագան։ Ան չ’ամչնար իր ուզածը յարատեւաբար խնդրելէ։ Որովհետեւ Յիսուս այս հիւրընկալը որպէս տիպար կը ներկայացնէ մեզի, ուրեմն յարատեւաբար պէտք է աղօթենք։ Եհովա կ’ուզէ որ շարունակենք խնդրել, շարունակենք փնտռել, շարունակենք զարնել։ Ասոր ընդառաջելով, ան «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։
6. Յիսուսի օրերուն, հիւրասիրութեան սովորութիւնը ի՞նչպէս կը նկատուէր։
6 Յիսուս մեզի ո՛չ միայն ցոյց կու տայ աղօթքի մէջ յարատեւելու կարիքը, այլ նաեւ թէ ինչո՛ւ այսպէս պէտք է ընենք։ Այս դասը յստակօրէն ըմբռնելու համար, պէտք է նկատի առնենք թէ յարատեւող հիւրընկալին առակը մտիկ ընողները հիւրասիրութեան սովորութիւնը ի՛նչպէս կը նկատէին։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ բազմաթիւ հատուածներ ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, այցելուներուն հոգ տանիլը լուրջի առնուած սովորութիւն մըն էր, մանաւանդ Աստուծոյ ծառաներուն կողմէ։ (Ծննդոց 18։2-5. Եբրայեցիս 13։2) Հիւրասիրութիւն չցուցաբերելը անպատուութիւն էր։ (Ղուկաս 7։36-38, 44-46) Ասիկա ի մտի ունենալով, դարձեալ նկատի առնենք Յիսուսի առակը։
7. Յիսուսի առակին մէջ հիւրընկալը ինչո՞ւ իր բարեկամը արթնցնելու չ’ամչնար։
7 Առակին մէջի հիւրընկալը կէս գիշերին այցելու մը կ’ընդունի։ Հիւրընկալը ստիպուած կը զգայ այս հիւրը հիւրասիրել, բայց ‘բան մը չունի անոր առջեւ դնելու’։ Իր կարծիքով՝ ասիկա ստիպողական պարագայ է։ Ան ամէն գնով հաց
պէտք է կարգադրէ։ Ուստի իր մէկ բարեկամին քով կ’երթայ եւ աներեսօրէն զինք կ’արթնցնէ։ «Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր», կ’ըսէ հիւրընկալը։ Ան իր խնդրանքին մէջ կը յարատեւէ մինչեւ որ իր ուզածը ձեռք ձգէ։ Հացերը իր ձեռքը անցնելէն ետքն է որ ան կրնայ պատշաճ հիւրընկալ մը ըլլալ։Ո՛րքան աւելի հարկ ըլլայ, ա՛յնքան աւելի կը խնդրուի
8. Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ որ յարատեւաբար աղօթելով սուրբ հոգին խնդրենք։
8 Այս առակը յարատեւաբար աղօթելու պատճառին մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Մարդը շարունակեց հաց խնդրել, քանի որ կը զգար թէ իբրեւ հիւրընկալ իր պարտականութիւնը կատարելու համար, շատ էական էր որ այդ նկանակները ձեռք ձգէր։ (Եսայեայ 58։5-7) Առանց այդ հացին՝ ան թերացած պիտի ըլլար։ Համեմատաբար, կը շարունակենք Աստուծոյ աղօթել որ մեզի իր հոգին տայ, քանի որ կը գիտակցինք թէ սուրբ հոգին ունենալը՝ իբրեւ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ մեր ծառայութիւնը կատարելու համար շատ էական է։ (Զաքարեայ 4։6) Առանց անոր՝ պիտի ձախողինք։ (Մատթէոս 26։41) Արդ, այս առակէն կը յանգինք այն կարեւոր եզրակացութեան, թէ եթէ Աստուծոյ հոգին ստիպողական կարիք նկատենք, շատ հաւանական է որ յարատեւենք զայն խնդրելու մէջ։
9, 10. (ա) Բացատրէ թէ ինչո՛ւ Աստուծմէ յարատեւաբար պէտք է խնդրենք իր հոգին։ (բ) Մենք մեզի ո՞ր հարցումը պէտք է ուղղենք եւ ինչո՞ւ։
9 Այս դասը արդի օրինակով մը պարզելու համար, երեւակայէ որ ընտանիքիդ մէկ անդամը կէս գիշերին կը հիւանդանայ։ Բժիշկ մը կ’արթնցնե՞ս, օգնութիւն խնդրելու համար։ Ո՛չ, եթէ հիւանդութիւնը թեթեւ է։ Սակայն, եթէ ան սրտի տագնապ կ’անցընէ, պիտի չամչնաս բժիշկի մը հեռաձայնելու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ստիպողական պարագայ մը կը դիմագրաւես։ Կը գիտակցիս թէ մասնագէտի մը օգնութիւնը բացարձակապէս անհրաժեշտ է։ Օգնութիւն չխնդրելը կրնայ մահաբեր ըլլալ։ Նմանապէս, այլաբանօրէն խօսելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները շարունակ ստիպողական պարագայ մը կը դիմագրաւեն։ Սատանան «մռնչող առիւծ»ի պէս կը պտըտի՝ ջանալով մեզ կլլել։ (Ա. Պետրոս 5։8) Հոգեւորապէս ողջ մնալու համար, Աստուծոյ հոգիին օգնութիւնը բացարձակապէս էական է։ Աստուծմէ օգնութիւն չխնդրելը կրնայ մահ նշանակել։ Ուստի, Աստուծմէ յարատեւաբար կը խնդրենք իր սուրբ հոգին։ (Եփեսացիս 3։14-16) Միայն այսպէս ընելով պիտի կարենանք ‘մինչեւ վերջը համբերելու’ հարկ եղած զօրութիւնը ունենալ։—Մատթէոս 10։22. 24։13
10 Հետեւաբար, կենսական է որ ատեն–ատեն կանգ առնենք եւ մենք մեզի հարց տանք. ‘Աղօթելու մէջ իրապէս կը յարատեւե՞մ’։ Մի՛ մոռնար. երբ լիովին գիտակցինք որ Աստուծոյ օգնութեան կարիքը ունինք, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրելու մէջ աւելի պիտի յարատեւենք։
Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ վստահութեամբ աղօթելու
11. Յիսուս ի՞նչպէս հօր մը ու իր որդւոյն առակը աղօթքի նիւթին կիրարկեց։
11 Յարատեւող հիւրընկալին առակը կ’ընդգծէ աղօթողին կամ հաւատացեալին տրամադրութիւնը։ Յաջորդ առակը կ’ընդգծէ աղօթքները լսողին՝ Եհովա Աստուծոյ տրամադրութիւնը։ Յիսուս հարցուց. «Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր»։ Ապա Յիսուս կիրարկումը ըրաւ, ըսելով. «Ուստի եթէ դուք որ Ղուկաս 11։11-13
չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։—12. Իր որդւոյն խնդրանքին ընդառաջող հօր առակը ի՞նչպէս կ’ընդգծէ մեր աղօթքներուն պատասխանելու Եհովայի կամեցողութիւնը։
12 Իր որդւոյն խնդրանքին ընդառաջող հօր օրինակով, Յիսուս կը յայտնէ թէ Եհովա իրեն աղօթողներուն հանդէպ ի՛նչպէս կը զգայ։ (Ղուկաս 10։22) Նախ, նկատէ հակադրութիւնը։ Առաջին առակին մէջ օգնութեան խնդրանքին ընդառաջելու վարանող մարդուն հակառակը, Եհովա հոգածու մարդկային ծնողի մը պէս է, որ իր զաւկին խնդրանքին ընդառաջելու պատրաստ է։ (Սաղմոս 50։15) Յիսուս Եհովայի պատրաստակամութիւնը աւելի կը յայտնէ, հետեւեալ պատճառաբանութիւնը գործածելով։ Ան կ’ըսէ թէ եթէ մարդկային հայր մը, ժառանգուած մեղքին պատճառաւ «չար» ըլլալով հանդերձ, իր որդիին բարի պարգեւ կու տայ, ո՜րքան աւելի կրնանք մեր բարեսէր երկնաւոր Հօրմէն ակնկալել որ սուրբ հոգին տայ իր երկրպագուներուն։—Յակոբու 1։17
13. Երբ Եհովայի կ’աղօթենք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
13 Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ երբ մեր երկնաւոր Հօրմէն սուրբ հոգին կը խնդրենք, մեր խնդրանքը շնորհելու պատրաստ է։ (Ա. Յովհաննու 5։14) Երբ կրկին անգամ իրեն աղօթենք, այլաբանօրէն խօսելով՝ Եհովա բնա՛ւ պիտի չըսէ. «Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է»։ (Ղուկաս 11։7) Ընդհակառակը, Յիսուս ըսաւ. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի»։ (Ղուկաս 11։9, 10) Արդարեւ, Եհովա ‘պատասխան պիտի տայ մեզի մեր կանչելու օրը’։—Սաղմոս 20։9. 145։18
14. (ա) Փորձութիւններ դիմագրաւողներէն ոմանց մտքէն ի՞նչ սխալ գաղափար կ’անցնի։ (բ) Փորձութեան ներքեւ, ինչո՞ւ կրնանք վստահութեամբ Եհովայի աղօթել։
14 Հոգածու հօր մասին Յիսուսի առակը նաեւ կ’ընդգծէ թէ Եհովայի բարութիւնը մարդկային ծնողի մը ցուցաբերած բարութենէն շա՜տ գերազանց է։ Ուստի, մեզմէ ոեւէ մէկը բնաւ պէտք չէ խորհի թէ մեր դիմագրաւած փորձութիւնները մեզի հանդէպ Աստուծոյ տհաճութիւնը կը յայտնեն։ Մեր գլխաւոր թշնամին՝ Սատանա՛ն կ’ուզէ որ այդպէս խորհինք։ (Յոբայ 4։1, 7, 8. Յովհաննու 8։44) Ինքնադատապարտութեան այսպիսի գաղափարներ Աստուածաշունչին մէջ հիմ չունին։ Եհովա մեզ «չար բաներով» չի փորձեր։ (Յակոբու 1։13) Ան մեզ չ’ենթարկեր օձանման կամ կարիճանման փորձութիւններու։ Մեր երկնաւոր Հայրը «բարի բաներ [կու] տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Մատթէոս 7։11. Ղուկաս 11։13) Արդարեւ, ո՛րքան աւելի գնահատենք Եհովայի բարութիւնը եւ մեզի օգնելու իր կամեցողութիւնը, ա՛յնքան աւելի պիտի մղուինք վստահութեամբ աղօթելու։ Ասիկա ընելով, մենք ալ պիտի կարենանք սաղմոսերգուին խօսքերը երկրորդել, որ գրեց. «Աստուած լսեց, իմ աղօթքիս ձայնին մտիկ ըրաւ»։—Սաղմոս 10։17. 66։19
Սուրբ հոգին ի՛նչպէս մեր օգնականն է
15. (ա) Յիսուս սուրբ հոգիին առնչութեամբ ի՞նչ խոստացաւ։ (բ) Ի՞նչ կերպով մը սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ։
15 Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս իր առակներուն մէջ տուած երաշխիքը կրկնեց։ Սուրբ հոգիին Յովհաննու 14։16) Այսպէս Յիսուս խոստացաւ որ օգնականը՝ սուրբ հոգին իր հետեւորդներուն հետ պիտի ըլլար գալիք ժամանակներուն մէջ, ի ներառեալ՝ մեր օրերը։ Ներկայիս այս օգնութիւնը ի՞նչ յատկանշական կերպով մը կը վայելենք։ Սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ զանազան փորձութիւններու տոկալու։ Ի՞նչպէս։ Պօղոս առաքեալ, որ իր կարգին փորձութիւններ դիմագրաւեց, Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ նկարագրեց թէ Աստուծոյ հոգին ի՛նչպէս իր օգնութեան հասաւ։ Համառօտաբար նկատի առնենք անոր գրածը։
մասին խօսելով, ան իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ [«օգնական», ՆԱ] մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի»։ (16. Մեր կացութիւնը ի՞նչպէս կրնայ Պօղոսի կացութեան նմանիլ։
16 Նախ, Պօղոս բացէ ի բաց իր հաւատակիցներուն ըսաւ թէ կը տառապէր «մարմնի խայթոց»է մը,– որոշ փորձութիւն մը։ Ապա ան աւելցուց. «Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը [Եհովայի], որ մէկդի ընէ ինծմէ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։7, 8) Թէեւ Պօղոս Աստուծոյ աղաչեց որ իր տառապանքը հեռացնէ, բայց անիկա մնաց։ Թերեւս այսօր համանման կացութիւն մը կը դիմագրաւես։ Պօղոսի նման, թերեւս յարատեւօրէն ու վստահութեամբ աղօթած ես որ Եհովա այս փորձութիւնը հեռացնէ։ Բայց հակառակ կրկնակի աղաչանքներուդ, տակաւին խնդիրը կը դիմագրաւես։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովա աղօթքներուդ չի պատասխաներ եւ իր հոգին քեզի չ’օգներ։ Բնաւ երբեք։ (Սաղմոս 10։1, 17) Նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ շարունակեց ըսել։
17. Եհովա Պօղոսի աղօթքներուն ի՞նչպէս պատասխանեց։
17 Պօղոսի աղօթքներուն ընդառաջելով՝ Աստուած իրեն ըսաւ. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Պօղոս նշեց. «Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի [«վրանի մը նման վրաս մնայ», ՆԱ]»։ (Բ. Կորնթացիս 12։9. Սաղմոս 147։5) Արդ, Պօղոս գիտակցեցաւ թէ Քրիստոսի միջոցաւ, Աստուծոյ հզօր պաշտպանութիւնը վրանի մը նման իր վրայ տարածուած էր։ Ներկայիս Եհովա նոյն կերպով մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Ան իր պաշտպանութիւնը վրանի մը պէս կը տարածէ իր ծառաներուն վրայ։
18. Ինչո՞ւ կրնանք փորձութիւններուն տոկալ։
18 Անշուշտ վրանը չի կեցներ անձրեւին տեղալը կամ քամիին փչելը, բայց այս տարրերէն որոշ չափով կը պաշտպանէ։ Նոյնպէս, ‘Քրիստոսի զօրութեան’ հայթայթած պատսպարանը չի կեցներ փորձութիւններուն պատահիլը կամ դժուարութիւններուն բերուիլը մեզի դէմ։ Այսուհանդերձ, անիկա աշխարհի վնասակար տարրերէն եւ անոր կառավարիչին՝ Սատանայի յարձակումներէն հոգեւորապէս կը պաշտպանէ։ (Յայտնութիւն 7։9, 15, 16) Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ փորձութիւն մը կը դիմագրաւես որ քեզմէ ‘չի հեռանար’, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովա քու մղած պայքարէդ տեղեակ է եւ «քու աղաղակիդ ձայնը» լսած է։ (Եսայեայ 30։19. Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Պօղոս գրեց. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։—Ա. Կորնթացիս 10։13. Փիլիպպեցիս 4։6, 7
19. Ի՞նչ վճռած ես ընել եւ ինչո՞ւ։
19 Ճիշդ է որ այս անբարեպաշտ աշխարհի ներկայ «վերջին օրերը չար ժամանակներ»ով յատկանշուած են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Այսուհանդերձ, Աստուծոյ ծառաները այս ժամանակներուն հետ գլուխ ելլելը անկարելի չեն գտներ։ Ինչո՞ւ։ Աստուծոյ սուրբ հոգիին աջակցութեան ու պաշտպանութեան շնորհիւ, զոր Եհովա կամովին ու առատապէս կու տայ բոլոր անոնց՝ որոնք յարատեւաբար ու վստահութեամբ զայն կը խնդրեն։ Ուստի թող վճռենք՝ ամէն օր աղօթքով սուրբ հոգին խնդրել։—Սաղմոս 34։6. Ա. Յովհաննու 5։14, 15
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
• Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ երբ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք՝ Եհովա պիտի տայ զայն։
• Սուրբ հոգին ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ փորձութիւններու տոկալու։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 13]
Յարատեւող հիւրընկալին առակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ
[Նկար՝ էջ 14]
Աղօթքով Աստուծոյ սուրբ հոգին յարատեւ կը խնդրե՞ս
[Նկար՝ էջ 15]
Հոգածու հօր առակէն Եհովայի մասին ի՞նչ կը սորվինք