Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաջող անձ մը ի՛նչպէս կրնաս ըլլալ

Յաջող անձ մը ի՛նչպէս կրնաս ըլլալ

Յաջող անձ մը ի՛նչպէս կրնաս ըլլալ

ԻՆՉՊԷՍ ծնողներ իրենց զաւակներուն հոգ կը տանին եւ կ’ուզեն որ յաջողին, նոյնպէս մեր երկնաւոր Հայրը մեզի հոգ կը տանի եւ կ’ուզէ որ յաջողինք։ Իր գորովալից հոգածութիւնը ցուցաբերելով, ան յաջողութեան ու ձախողութեան մասին շատ բան նշած է։ Իրականութեան մէջ, խօսելով Աստուծոյ ըսածին ուշադրութիւն ընծայող անհատին մասին, Աստուածաշունչը վստահօրէն կ’ըսէ. «Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։—Սաղմոս 1։3

Սակայն, եթէ այս է պարագան, ինչո՞ւ շատեր յաջող, երջանիկ ու իմաստալից կեանք մը չեն վարեր։ Այս սաղմոսը մօտէն քննելը մեզի պիտի տայ պատասխանը եւ յայտնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք յաջող ըլլալ։

«Ամբարիշտներուն խորհուրդ»ը

Սաղմոսերգուն կը զգուշացնէ «ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ» քալելու վտանգէն։ (Սաղմոս 1։1) Գլխաւոր «ամբարիշտ»ը կամ «չար»ը՝ Բանսարկուն է։ (Մատթէոս 6։13) Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն թէ ան «այս աշխարհին իշխան»ն է եւ թէ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ (Յովհաննու 16։11. Ա. Յովհաննու 5։19) Ուստի զարմանալի չէ որ աշխարհի մատուցած խրատներուն մեծ մասը կ’արտացոլացնէ Սատանայի մտածումը։

Ամբարիշտները ի՞նչպիսի խրատներ կու տան։ Ընդհանրապէս ամբարիշտները Աստուած կ’անարգեն։ (Սաղմոս 10։13) Մեզ կը շրջապատեն անոնց խրատները, որոնք Աստուած կ’անտեսեն կամ կ’անարգեն։ Արդի ընկերութիւնը կը յառաջացնէ «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը»։ (Ա. Յովհաննու 2։16) Լրատուամիջոցները մեզ կը ռմբակոծեն «կեանքէն լաւագոյնս օգտուէ» նիւթապաշտ փիլիսոփայութեամբ։ Համայն աշխարհի մէջ, ընկերութիւններ տարեկան աւելի քան 500 միլիառ ամերիկեան տոլար կը ծախսեն գովազդի համար, որպէսզի մարդիկը համոզեն իրենց արտադրութիւնները գնելու,– կարիք ունենա՛ն կամ ոչ։ Իսկ այս պրոպականդը մարդոց գնելու սովորութիւնները փոխելէն աւելին իրագործած է։ Անիկա յաջողութեան հանդէպ աշխարհի տեսակէտը խեղաթիւրած է։

Որպէս արդիւնք, թէեւ շատեր ունին բաներ՝ որոնց մասին տարիներ առաջ միայն կ’երազէին, բայց տակաւին անյագօրէն կը տենչան յաւելեալ նիւթական բաներ ձեռք ձգել, խորհելով թէ առանց անոնց, չեն կրնար երջանիկ կամ յաջող ըլլալ։ Այս մտածումը սխալ է եւ «Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է»։—Ա. Յովհաննու 2։16

Մեր Ստեղծիչը գիտէ թէ ի՛նչ բան մեզ իրապէս յաջող կրնայ դարձնել։ Իր խորհուրդը «ամբարիշտներուն խորհուրդ»էն տարբեր է։ Հետեւաբար, յաջողութեան տանող աշխարհի ճամբան բռնելով հանդերձ՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալ փորձելը կը նմանի երկու տարբեր ճամբաներու մէջ միաժամանակ քալել փորձելուն, ինչ որ անկարելի է։ Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Մի՛ համակերպիք այս աշխարհի չափանիշներուն»։—Հռովմայեցիս 12։2, Today’s English Version

Թոյլ մի՛ տար որ աշխարհը քեզ կաղապարէ

Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ եղող աշխարհը կը փորձէ մեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած երեւիլ։ Սակայն զգոյշ պէտք է ըլլանք։ Մտաբերէ թէ Սատանան իր անձնական շահերը հետապնդելով խաբեց առաջին կինը՝ Եւան։ Ապա զինք գործածեց, Ադամը մեղքի առաջնորդելու համար։ Ներկայիս, Սատանան նաեւ մարդիկ կը գործածէ իր վնասակար խրատները հաղորդելու համար։

Օրինակ, նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Տէյվիտէ կ’ակնկալուէր որ յաւելեալ ժամեր աշխատէր եւ յաճախ ճամբորդէր։ «Երկուշաբթի առտու կանուխ ճամբայ կ’ելլէի եւ Հինգշաբթի գիշեր կը վերադառնայի», ըսաւ Տէյվիտ։ Անկեղծ բարեկամներ, ընտանիքի անդամներ ու գործընկերներ, գիտակցելով թէ աշխարհային յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար այսպիսի զոհողութիւններ անհրաժեշտ են, զինք յորդորեցին. «Ասիկա ըրէ ընտանիքիդ սիրոյն»։ Անոնք պատճառաբանեցին թէ այս յայտագրին կառչելու էր միայն քանի մը տարի, մինչեւ որ նիւթապէս հաստատուէր։ Տէյվիտ բացատրեց. «Անոնց ներկայացուցած չքմեղանքն էր թէ ասիկա ընտանիքիս համար աւելի լաւ պիտի ըլլար, քանի որ պիտի կարենայի աւելի մեծ եկամուտ ունենալ,– աւելի յաջող ըլլալ։ Թէեւ ընտանիքիս հետ չէի, բայց բարեկամներս զիս համոզեցին որ այսպիսով ընտանիքիս ա՛լ աւելի հոգ կը տանէի»։ Տէյվիտի նման, շատեր ծանր կ’աշխատին որ իրենց սիրելիներուն բոլոր կարիքները լեցնեն։ Բայց այսպիսի խրատի մը հետեւիլը յաջողութեան կ’առաջնորդէ՞։ Ընտանիք մը իսկապէս ի՞նչ բանի կարիք ունի։

Տէյվիտ ասիկա զատորոշեց, մինչ գործով ճամբորդած էր։ Ան ըսաւ. «Երբ աղջկանս՝ Անժէլիքայի հետ հեռաձայնով կը խօսէի, ան ըսաւ. ‘Հայրիկ, ինչո՞ւ չես ուզեր մեզի հետ տունը մնալ’։ Ասիկա զիս շա՜տ նեղացուց»։ Իր աղջկան դիտողութիւնը զօրացուց իր փափաքը որ հրաժարագիր ներկայացնէ։ Ան որոշեց իր ընտանիքին տալ այն բանը, որուն իրապէս կարիք ունէին,– ինք։

Աստուծոյ խրատները կիրարկելը յաջողութիւն կը բերէ

Այս աշխարհի մէջ տիրական եղող մոլորեցուցիչ պրոպականդին ազդեցութիւնը ի՞նչպէս կրնաս չէզոքացնել։ Սաղմոսերգուն մեզի կ’ըսէ թէ յաջող ու երջանիկ անհատը այն է՝ որուն «հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ»։—Սաղմոս 1։2

Յեսու Աստուծոյ կողմէ Իսրայէլ ազգին առաջնորդ նշանակուելէ ետք, իրեն ըսուեցաւ. «Գիշեր–ցերեկ [Աստուծոյ Խօսքին] մասին խորհրդածէ»։ Արդարեւ Աստուծոյ Խօսքը կարդալը եւ անոր մասին խորհրդածելը էական էր, բայց Յեսու նաեւ ‘բոլոր անոր մէջ գրուածները զգուշութեամբ պէտք էր գործադրէր’։ Հարկաւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինքնին քեզ յաջող մէկը պիտի չդարձնէ։ Կարդացածդ պէտք է գործադրես։ Յեսուի ըսուեցաւ. «Ա՛յն ատեն քու ճամբաներդ պիտի յաջողցնես, եւ ա՛յն ատեն պիտի յառաջդիմես»։—Յեսուայ 1։8, ԱՎ

Երեւակայէ ժպտուն երախայ մը՝ իր գորովալից ծնողին գիրկը նստած, միասնաբար կը կարդան նախասիրուած պատմութիւն մը։ Զայն բազմիցս կարդացած ըլլալով հանդերձ, անոնք այս թանկարժէք պահը կ’արժեւորեն։ Նոյնպէս, Աստուած սիրող անհատը բերկրալի փորձառութիւն կը նկատէ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը,– իր երկնաւոր Հօր հետ անցուցած հաճելի ժամանակ։ Եհովայի խրատներուն եւ ուղղութեան հետեւելով, այսպիսի անհատ մը «ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։—Սաղմոս 1։3

Սաղմոսերգուին նկարագրած ծառը դիպուածով չ’աճիր։ Հողագործը ուշադրութեամբ զայն տեղաւորած է ջուրերու քով եւ անոր հոգ կը տանի։ Նոյն կերպով, մեր երկնաւոր Հայրը Սուրբ Գրութիւններուն խրատներով մեր մտածելակերպը կը ճշդէ ու կը սրբագրէ։ Որպէս արդիւնք, կ’ուռճանանք եւ բարեպաշտ պտուղներ կ’արտադրենք։

Սակայն «այսպէս չեն ամբարիշտները»։ Ճիշդ է որ անոնք ժամանակ մը բարգաւաճ կը թուին, բայց ի վերջոյ գէշ վախճան կ’ունենան։ Անոնք «դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ»։ Փոխարէն, «ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի»։—Սաղմոս 1։4-6

Ուստի թոյլ մի՛ տար որ աշխարհը նպատակակէտերդ ու արժանիքներդ կաղապարէ։ Նոյնիսկ եթէ տաղանդաւոր ես ու կրնաս այս աշխարհին մէջ յաջող ըլլալ, զգո՛յշ եղիր թէ ի՛նչպէս կը գործածես ձիրքերդ կամ ի՛նչպէս թոյլ կու տաս որ աշխարհը զանոնք օգտագործէ։ Անպտուղ եւ նիւթապաշտական հետապնդումները կրնան պատճառ ըլլալ որ անհատը տերեւի մը պէս «թափի»։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալը կրնայ իսկական յաջողութիւն եւ երջանկութիւն բերել։

Ի՛նչպէս կրնաս յաջող ըլլալ

Ինչո՞ւ երբ անհատ մը Աստուծոյ խրատին հետեւի, ի՛նչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։ Սաղմոսերգուն չէր խօսեր այս աշխարհի մէջ յաջողելու մասին։ Բարեպաշտ անհատին յաջողութիւնը առնչուած է Աստուծոյ կամքը կատարելուն,– իսկ Աստուծոյ կամքը մի՛շտ կը յաջողի։ Նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը կրնայ քեզ յաջող մէկը դարձնել։

Ընտանիք. Սուրբ Գրութիւնները ամուսինները կը յորդորեն որ «իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս», իսկ Քրիստոնեայ կնոջ ուղղութիւն կու տան որ «իր այրէն ակնածի»։ (Եփեսացիս 5։28, 33) Ծնողներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցընեն, անոնց հետ խնդան եւ կեանքի կարեւոր բաներուն մասին սորվեցնեն։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7. Ժողովողի 3։4) Աստուծոյ Խօսքը նաեւ ծնողները կը խրատէ. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք»։ Երբ այս խրատը կիրարկուի, զաւակները դիւրաւ ‘իրենց ծնողներուն կը հնազանդին’ եւ ‘իրենց հայրն ու մայրը կը պատուեն’։ (Եփեսացիս 6։1-4) Այս աստուածային խրատներուն անսալը կրնայ ընտանեկան յաջող կեանք մը յառաջ բերել։

Բարեկամներ. Մարդոց մեծամասնութիւնը կ’ուզէ բարեկամներ ունենալ։ Մենք սիրելու եւ սիրուելու մտային ու զգացական կարողութիւններ ունինք։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ թէ պէտք է ‘զիրար սիրեն’։ (Յովհաննու 13։34, 35) Անոնց մէջ կը գտնենք բարեկամներ, զորս կրնանք սիրել եւ որոնց կրնանք մեր սիրտը բանալ։ (Առակաց 18։24) Ամենակարեւորը, Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով կրնանք ‘Աստուծոյ մօտենալ’ եւ, Աբրահամի նման, նոյնիսկ «Աստուծոյ բարեկամ» կոչուիլ։—Յակոբու 2։23. 4։8

Կեանքի նպատակ. Փոխանակ օրէ օր աննպատակ կեանք մը վարելու, իրապէս յաջող անհատները կեանքի մէջ իմաստ ու նպատակ կը գտնեն։ Անոնց կեանքը իրերու այս դրութեան անկայուն պայմաններուն վրայ հիմնուած չէ։ Անոնց նպատակակէտերը իսկական ու մնայուն գոհունակութեան կ’առաջնորդեն, քանի որ կեանքի բուն նպատակին վրայ կեդրոնացած են։ Ի՞նչ բան կեանքի նպատակ կու տայ անհատի մը։ «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13

Յոյս. Աստուած մեր Բարեկամը ըլլալով, ապագայի նկատմամբ յոյս ալ կ’ունենանք։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց որ «չյուսան անստոյգ հարստութեան, հապա՝ ապրող Աստուծոյ», «ապագային համար իրենք իրենց լաւ հիմ դնելով իբր պահեստ՝ որպէսզի բռնեն յաւիտենական կեանքը»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17-19, ԱՎ) Այս ճշմարիտ կեանքը շուտով պիտի իրականանայ, երբ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը երկրի վրայ Դրախտը վերահաստատէ։—Ղուկաս 23։43

Եթէ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկես, խնդիրներէ զերծ պիտի չըլլաս, բայց շատ մը սրտատանջութիւններէ ու վշտերէ պիտի խնայուիս, զորս ամբարիշտները իրենց գլխուն կը բերեն։ Նախապէս նշուած Տէյվիտը եւ իրեն նման միլիոնաւորներ սորված են Աստուածաշունչի սկզբունքները իրենց կեանքին մէջ կիրարկելուն արժէքը։ Յարմար յայտագրով գործ մը գտնելէ ետք, Տէյվիտ ըսաւ. «Երախտապարտ եմ՝ կնոջս ու զաւակներուս հետ ունեցած յարաբերութեանս համար, ինչպէս նաեւ որպէս ժողովքի երէց Եհովա Աստուծոյ ծառայելու առանձնաշնորհումիս համար»։ Զարմանալի չէ որ սաղմոսը Աստուծոյ խրատին ուշադրութիւն ընծայող անհատին մասին կ’ըսէ. «Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։

[Ցուցակ՝ էջ 6]

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՀԻՆԳ ՔԱՅԼԵՐ

1 Թոյլ մի՛ տար որ այս աշխարհի արժանիքները քեզ կաղապարեն։

Սաղմոս 1։1. Հռովմայեցիս 12։2

2 Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդա՛ եւ անոր մասին խորհրդածէ։

Սաղմոս 1։2, 3

3 Աստուածաշունչի խրատները կեանքիդ մէջ կիրարկէ։

Յեսուայ 1։7-9

4 Աստուծոյ բարեկամը եղիր։

Յակոբու 2։23. 4։8

5 Ճշմարիտ Աստուծմէ վախցիր եւ անոր պատուիրանները պահէ։

Ժողովողի 12։13

[Նկարներ՝ էջ 7]

Յաջողութեան առաջնորդող քայլերուն կը հետեւի՞ս