Նեղութիւններուն հետ կրնա՛ս գլուխ ելլել
Նեղութիւններուն հետ կրնա՛ս գլուխ ելլել
ԱՅՍ վտանգաւոր ժամանակներուն, շատեր փոթորկանման նեղութիւններ կը դիմագրաւեն։ Սակայն Աստուծոյ սէրը եւ իր սկզբունքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը կ’օգնեն Քրիստոնեաներուն որ անոնց հետ գլուխ ելլեն։ Ի՞նչպէս։ Պատասխանը կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի տուած օրինակի մը մէջ։ Ան իր հնազանդ աշակերտները նմանցուց «խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց»։ Յիսուս ըսաւ. «Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր»։—Մատթէոս 7։24, 25
Օրինակին մէջ, թէեւ մարդը խելացի է, բայց նեղութիւններ կը դիմագրաւէ,– ներկայացուած՝ տեղատարափ անձրեւով, հեղեղներով եւ կործանարար հովերով։ Ուստի Յիսուս չնշեց որ իր աշակերտները բոլոր դժուարութիւններէ պիտի խուսափէին եւ յարատեւաբար խաղաղ ու անդորր կեանք մը վայելէին։ (Սաղմոս 34։19. Յակոբու 4։13-15) Բայց ան ըսաւ որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները կրնան նախապատրաստուիլ եւ այսպիսի փոթորկանման նեղութիւններու եւ տագնապներու հետ գլուխ ելլել։
Յիսուս սկսաւ իր օրինակը, ըսելով. «Ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց»։ Անշուշտ Յիսուս չէր խօսեր բառացի տուներ շինելու մասին, այլ՝ որոշ ապրելակերպ կերտելու մասին։ Բոլոր անոնք որ Քրիստոսի խօսքերուն ուշադրութիւն կ’ընծայեն, խորատեսութիւն կը գործադրեն ու լաւ դատողութիւն ցոյց կու տան։ Անոնք իրենց շարժառիթներն ու արարքները կը հիմնեն Քրիստոսի ուսուցումներուն անխախտ վէմին վրայ, կիրարկելով իրենց սորվածը։ Հետաքրքրական է որ այս այլաբանական վէմը մակերեսը չի գտնուիր։ Օրինակին մէջի մարդը «փորեց ու խորունկցուց», որպէսզի անոր հասնէր։ (Ղուկաս 6։48) Նմանապէս, Յիսուսի աշակերտները յարատեւաբար ծանր կ’աշխատին որ արժէքաւոր յատկութիւններ մշակեն, որոնք զիրենք Աստուծոյ կը մօտեցնեն։—Մատթէոս 5։5-7. 6։33
Ի՞նչ կը պատահի երբ փոթորկանման դժուարութիւններ, Յիսուսի հետեւորդներուն քրիստոնէական հիմին տոկունութիւնը փորձարկեն։ Անոնց քրիստոնէական յատկութիւնները եւ Քրիստոսի ուսուցումներուն կամովին հնազանդիլը զիրենք կ’ամրացնեն այսպիսի դժուարութիւններու ընթացքին, իսկ աւելի կարեւորը՝ մօտալուտ Արմագեդոնի փոթորիկին ընթացքին։ (Մատթէոս 5։10-12. Յայտնութիւն 16։15, 16) Արդարեւ Քրիստոսի ուսուցումներուն հետեւելով, շատեր փոթորկանման փորձութիւններու հետ գլուխ կ’ելլեն։ Նոյնը կրնա՛ս ընել։—Ա. Պետրոս 2։21-23