«Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»
«Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»
«Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 1։14
1, 2. (ա) Քրիստոնեաները ո՞ր մասնայատուկ օրուան կը սպասեն։ (բ) Ո՞ր հարցումները պէտք է ուղղենք եւ ինչո՞ւ։
ՈՒՐԱԽ երիտասարդուհի մը անձկագին կը սպասէ որ իր ամուսնութեան օրը հասնի։ Յղի կին մը սիրով կը սպասէ իր մանկիկին ծնունդին։ Ուժասպառ աշխատաւոր մը խորապէս կը ցանկայ որ երկար ատենէ իր սպասած արձակուրդը սկսի։ Անոնք հասարակաց ի՞նչ բան ունին։ Երեքն ալ մասնայատուկ օրուան մը կը սպասեն,– օր մը որ իրենց կեանքին վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Անոնք խոր բայց իրարմէ տարբեր յուզումներ ունին։ Անոնց սպասած օրը ի վերջոյ պիտի գայ, եւ երբ գայ, անոնք կը յուսան անոր համար պատրաստ գտնուիլ։
2 Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ անձկագին կը սպասեն մասնայատուկ օրուան մը գալուն։ Անիկա «Տէրոջը [մեծ] օր»ն է։ (Եսայեայ 13։9. Յովելեայ 2։1. Բ. Պետրոս 3։12) Այս «Տէրոջը օրը» ի՞նչ է, եւ անոր ժամանումը ի՞նչպէս մարդկութեան պիտի ազդէ։ Ասկէ զատ, ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ անոր գալուն պատրաստ ենք։ Անհրաժեշտ է որ այս հարցումներուն պատասխանները հիմա գտնենք, քանի որ ապացոյցները կը նշեն Աստուածաշունչի սա խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։—Սոփոնեայ 1։14
«Տէրոջը մեծ օրը»
3. «Տէրոջը մեծ օրը» ի՞նչ է։
3 «Տէրոջը մեծ օրը» ի՞նչ է։ Բոլոր Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «Տէրոջը օրը» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ մասնայատուկ ժամանակներու, երբ Եհովա իր թշնամիներուն վրայ դատաստան գործադրեց եւ իր մեծ անունը փառաւորեց։ Յուդայի ու Երուսաղէմի անհաւատարիմ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Բաբելոնի ու Եգիպտոսի հարստահարիչ բնակիչները ‘Տէրոջը օրեր’ դիմագրաւեցին, երբ Եհովայի դատաստանները իրենց դէմ գործադրուեցան։ (Եսայեայ 2։1, 10-12. 13։1-6. Երեմեայ 46։7-10) Սակայն ‘Տէրոջը մեծագոյն օրը’ տակաւին մօտալուտ է։ Անիկա այն «օր»ն է, երբ Եհովայի դատաստանը պիտի գործադրուի անոնց դէմ, որոնք իր անունը վարկաբեկած են։ Անիկա պիտի սկսի «Մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան կործանումով, եւ գագաթնակէտին պիտի հասնի՝ իրերու ամբարիշտ դրութեան մնացեալ մասին բնաջնջումով Արմագեդոնի պատերազմին։—Յայտնութիւն 16։14, 16. 17։5, 15-17. 19։11-21
4. Մարդկութեան մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ Եհովայի արագօրէն մօտեցող օրէն պէտք է սոսկայ։
4 Մարդկութեան մեծամասնութիւնը՝ գիտակցի՛ կամ ոչ, այս արագօրէն մօտեցող օրէն պէտք է սոսկայ։ Ինչո՞ւ։ Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ Եհովա կը պատասխանէ. «Այն օրը բարկութեան օր է. նեղութեան ու տառապանքի օր, կործանումի ու աւերումի օր, խաւարի ու մէգի օր, ամպի ու մառախուղի օր է»։ Արդարեւ վախազդու է։ Ասկէ զատ, մարգարէն կ’ըսէ. «Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ . . . , քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին»։—Սոփոնեայ 1։15, 17
5. Միլիոնաւորներ Եհովայի օրուան նկատմամբ ի՞նչ դրական տեսակէտ ունին եւ ինչո՞ւ։
5 Սակայն ուրիշ միլիոնաւորներ անձկագին կը սպասեն Եհովայի օրուան գալուն։ Ինչո՞ւ։ Անոնք գիտեն թէ անիկա արդարներուն փրկութեան ու ազատագրութեան ժամանակ մըն է, երբ Եհովա մեծապէս պիտի բարձրացուի ու իր փառաւոր անունը սրբացուի։ (Յովելեայ 3։16, 17. Սոփոնեայ 3։12-17) Այդ օրուընէ սոսկալը կամ անձկութեամբ անոր սպասելը մեծապէս կախեալ է մարդոց ընթացիկ ապրելակերպէն։ Այդ օրուան մօտենալը ի՞նչպէս կը նկատես։ Անոր պատրա՞ստ ես։ Եհովայի օրը հորիզոնին վրայ ըլլալը առօրեայ կեանքիդ կ’ազդէ՞։
«Ծաղր ընողներ պիտի գան»
6. Շատեր «Տէրոջը օր»ը ի՞նչպէս կը նկատեն, եւ ասիկա ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ չի զարմացներ։
6 Կացութիւնը ստիպողական ըլլալով հանդերձ, երկրի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Բ. Պետրոս 3։3, 4
«Տէրոջը օր»ուան մօտենալուն նկատմամբ մտահոգ չէ։ Անոնք կը ծաղրեն անոր մօտալուտ ըլլալուն մասին զիրենք ազդարարող անհատները։ Ասիկա ճշմարիտ Քրիստոնեաները չի զարմացներ։ Անոնք կը մտաբերեն Պետրոս առաքեալի կողմէ արձանագրուած զգուշացումը. «Նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’»։—7. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ստիպողականութեան զգացում պահպանելու։
7 Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ այսպիսի բացասական մտածելակերպի մը դէմ դնելու եւ ստիպողականութեան զգացում պահպանելու։ Պետրոս մեզի կ’ըսէ. «Ձեր անկեղծ միտքը [կ’արթնցնեմ] որ յիշէք եւ նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքերը եւ մեր՝ այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն՝ պատուէրները մտքերնիդ բերէք»։ (Բ. Պետրոս 3։1, 2) Մարգարէական ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն ընծայելը մեզի պիտի օգնէ մեր «անկեղծ միտքը արթնցնելու»։ Թերեւս այս յիշեցումները կրկին անգամ լսած ենք, բայց կենսական է որ որեւէ ժամանակէ աւելի շարունակենք այս ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն ընծայել։—Եսայեայ 34։1-4. Ղուկաս 21։34-36
8. Շատեր ինչո՞ւ Աստուածաշունչի յիշեցումները կ’անտեսեն։
8 Ոմանք ինչո՞ւ այս յիշեցումները կ’անտեսեն։ Պետրոս կը շարունակէ. «Անոնք որոնց ուզածը այս է, այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ»։ (Բ. Պետրոս 3։5, 6) Արդարեւ, ոմանք չեն ուզեր որ Եհովայի օրը գայ։ Անոնք չեն ուզեր որ որեւէ բան իրենց կեանքի ընթացքը խանգարէ եւ Եհովա զիրենք համարատու նկատէ իրենց անձնասէր կենսաոճին համար։ Ինչպէս Պետրոս կ’ըսէ, անոնք «իրենց ցանկութիւններուն համեմատ» կ’ընթանան։
9. Նոյի ու Ղովտի ժամանակակիցները ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեցին։
9 Որովհետեւ ‘իրենց ուզածը այս է’, այս ծաղրողները կը նախընտրեն անտեսել թէ Եհովա անցեալին մարդկային գործառնութեանց միջամտած է։ Թէ՛ Յիսուս Քրիստոս եւ թէ Պետրոս առաքեալ կ’ակնարկեն երկու դէպքերու՝ «Նոյին օրերը» եւ «Ղովտին օրերը»։ (Ղուկաս 17։26-30. Բ. Պետրոս 2։5-9) Ջրհեղեղէն առաջ, մարդիկ Նոյի տուած ազդարարութեան ականջ չկախեցին։ Նոյնպէս, Սոդոմի ու Գոմորի կործանումէն առաջ, Ղովտ իր փեսաներուն «թուեցաւ թէ կը խնդար»։—Ծննդոց 19։14, ԱՎ
10. Ականջ չկախողներուն նկատմամբ ի՞նչ է Եհովայի հակազդեցութիւնը։
10 Ներկայիս պարագան տարբեր չէ։ Այսուհանդերձ, նկատէ Եհովայի հակազդեցութիւնը. «Գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։ Անոնց ստացուածքը՝ աւար, անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան։ Տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին, այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն»։ (Սոփոնեայ 1։12, 13) Թերեւս մարդիկ շարունակեն իրենց առօրեայ «բնական» գործունէութիւններով զբաղիլ, բայց իրենց ծանր աշխատանքէն որեւէ մնայուն օգուտ պիտի չքաղեն։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Եհովայի օրը յանկարծաբար պիտի գայ եւ իրենց կուտակած նիւթական հարստութիւնը զիրենք պիտի չազատէ։—Սոփոնեայ 1։18
«Անոր սպասէ»
11. Ո՞ր յորդորը ի մտի պէտք է ունենանք։
11 Մեզ շրջապատող ամբարիշտ աշխարհին հակառակը, ի մտի պէտք է ունենանք Ամբակում մարգարէին արձանագրած յորդորը. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։ (Ամբակումայ 2։3) Նոյնիսկ եթէ մեր անկատար տեսանկիւնէն այնպէս թուի թէ այդ օրը կ’ուշանայ, պէտք չէ մոռնանք թէ Եհովա յապաղկոտ չէ։ Իր օրը ճիշդ ժամանակին պիտի գայ, այնպիսի ժամու մը՝ որ մարդիկ չեն ակնկալեր։—Մարկոս 13։33. Բ. Պետրոս 3։9, 10
12. Յիսուս ի՞նչ բանէ զգուշացուց, իսկ հակապատկերը ըլլալով՝ Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդները ի՞նչ կ’ընեն։
12 Եհովայի օրուան սպասելու կարեւորութիւնը Մատթէոս 24։48-51) Միւս կողմէ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը հաւատարմաբար իր ստիպողականութեան զգացումը կը պահէ։ Ծառայ դասակարգը յարատեւ արթուն ու պատրաստ կեցած է։ Յիսուս զինք երկրի վրայ «իր բոլոր ունեցածին վրայ» նշանակած է։—Մատթէոս 24։42-47
շեշտելով, Յիսուս զգուշացուց թէ նոյնիսկ իր հետեւորդներէն ոմանք ստիպողականութեան զգացումը պիտի կորսնցնէին։ Ան անոնց մասին նախագուշակեց. «Եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’, եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ»։ (Ստիպողականութեան կարիքը
13. Յիսուս ի՞նչպէս ստիպողականութեան զգացում ունենալու կարիքը ընդգծեց։
13 Շատ կարեւոր էր որ առաջին դարու Քրիստոնեաները իրենց ստիպողականութեան զգացումը պահպանէին։ Երբ անոնք տեսնէին Երուսաղէմը «չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած», անկէ փախչելու անմիջական քայլեր պէտք էր առնէին։ (Ղուկաս 21։20, 21) Ասիկա տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 66–ին։ Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչպէս ընդգծեց թէ Քրիստոնեաները այն ատեն ստիպողականութեան զգացում պէտք էր ունենային. «Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու։ Ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու»։ (Մատթէոս 24։17, 18) Պատմական այն իրողութեան ի տես՝ թէ Երուսաղէմ չորս տարի եւս վերապրեցաւ, Հ.Դ. 66–ին՝ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ անյապաղ Յիսուսի խօսքերուն պէտք էր անսային։
14, 15. Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն համար ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր անյապաղ քայլեր առնել, երբ տեսնէին Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած։
14 Ճիշդ է որ հռովմէական բանակը Երուսաղէմը չկործանեց մինչեւ Հ.Դ. 70, բայց այդ չորս տարիները խռովութիւններէ զերծ չէին։ Ընդհակառակը, անոնք բռնութեամբ ու արիւնահեղութեամբ լեցուն էին։ Պատմաբան մը կը նկարագրէ Երուսաղէմի մէջ այդ ատեն տիրող կացութիւնը որպէս «սարսափազդու քաղաքացիական կատաղի պատերազմ, որուն կ’ընկերակցէին սոսկալի ու անգութ արարքներ»։ Երիտասարդներ կը զինուորագրուէին ամրոցները զօրացնելու, զէնք կրելու եւ բանակին մէջ ծառայելու համար։ Անոնք ամէն օր զինուորական մարզում կը ստանային։ Այս պատրաստութիւններուն թիկունք չկանգնողները դաւաճան կը նկատուէին։ Եթէ Քրիստոնեաները քաղաքը լքելու տնտնային, ծայր աստիճան վտանգաւոր կացութեան մէջ պիտի գտնուէին։—Մատթէոս 26։52. Մարկոս 12։17
15 Հետաքրքրական է որ Յիսուս ըսաւ թէ «Հրէաստանի մէջ եղողները», եւ ո՛չ թէ միայն Երուսաղէմի մէջ եղողները, պէտք էր փախչէին։ Ասիկա կարեւոր էր, քանի որ հռովմէական բանակը Երուսաղէմէ քաշուելէն քանի մը ամիս ետք, իր զինուորական գործողութիւնները նորէն ձեռք առաւ։ Նախ Գալիլիան գրաւուեցաւ Հ.Դ. 67–ին, իսկ յաջորդ տարին՝ Հրէաստան աստիճանաբար նուաճուեցաւ։ Ասիկա բոլոր գիւղային շրջաններուն մէջ սաստիկ թշուառութիւն պատճառեց։ Նաեւ ոեւէ Հրեայի համար Երուսաղէմէ փախչիլը հետզհետէ դժուար դարձաւ։ Քաղաքին դռները պահպանուած էին եւ փախչիլ փորձող ոեւէ անհատ դասալիք կը նկատուէր։
16. Առաջին դարու Քրիստոնեաները այդ նեղութեան ժամանակէն վերապրելու համար, ի՞նչ կեցուածք պէտք էր ունենային։
16 Այս բոլոր ազդակները ի մտի ունենալով, կրնանք հասկնալ թէ Յիսուս ինչո՛ւ կացութեան ստիպողականութիւնը ընդգծեց։ Քրիստոնեաները զոհողութիւններ ընելու յօժար պէտք էր ըլլային, Ղուկաս 14։33, ԱՎ) Անմիջապէս հնազանդողները եւ Յորդանանի միւս կողմը անցնողները ազատուեցան։
նիւթական ստացուածքներով չտարուելով։ Յիսուսի ազդարարութեան ականջ տալու համար, անոնք պատրաստ պէտք էր ըլլային ‘իրենց ամբողջ ինչքէն հրաժարելու’։ (Մեր ստիպողականութեան զգացումը պահպանենք
17. Ինչո՞ւ մեր ստիպողականութեան զգացումը պէտք է սրենք։
17 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ վերջին ժամանակին մէջ շա՜տ յառաջացած ենք։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, մեր ստիպողականութեան զգացումը պէտք է սրենք։ Զինուոր մը խաղաղութեան ժամանակ պատերազմին լարուածութիւնն ու վտանգները չի զգար։ Այսուհանդերձ, եթէ ան արթուն կենալու ստիպողականութիւնը չզգայ եւ յանկարծ պատերազմի կանչուի, իր պատրաստ չըլլալուն աղիտալի հետեւանքները կրնայ կրել։ Պարագան նոյնն է հոգեւոր գետնի վրայ։ Եթէ թոյլ տանք որ մեր ստիպողականութեան զգացումը անհետանայ, մեզի դէմ մղուած յարձակումներուն դիմադրելու անպատրաստ կ’ըլլանք եւ երբ Եհովայի օրը ի վերջոյ ժամանէ, մեզ անակնկալի կրնայ բերել։ (Ղուկաս 21։36. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։4) Եթէ մէկը ‘Տէրոջմէ ետ դարձած է’, հիմա է ժամանակը որ դարձեալ զինք փնտռէ։—Սոփոնեայ 1։3-6. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8, 9
18, 19. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ի մտի ունենանք «Տիրոջ օրուան» ներկայութիւնը։
18 Զարմանալի չէ որ Պետրոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ որ ի մտի ունենանք կամ ջանանք փութացնել «Տիրոջ օրուան գալուստը»։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Կերպերէն մէկն է՝ «մաքուր եւ աստուածապաշտ կեանք մը» ապրելով։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12, Անթիլիաս) Այսպիսի գործունէութիւններով զբաղած մնալը կ’օգնէ մեզի որ անձկագին սպասենք «Տիրոջ օրուան» գալուստին։ Իրականութեան մէջ, չենք կրնար Եհովայի օրուան գալուստը փութացնել։ Սակայն, մինչ այդ օրուան կը սպասենք, ժամանակը պիտի թուի թէ շատ աւելի արագ կ’անցնի, եթէ Աստուծոյ ծառայութեամբ զբաղած ենք։—Ա. Կորնթացիս 15։58
19 Նմանապէս, Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալով եւ անոր յիշեցումներուն մասին խորհրդածելով, պիտի ըլլանք «սպասող եւ հասնիլ ջանացող Տիրոջ օրուան գալուստին»։ (Բ. Պետրոս 3։12, Երուսաղէմ) Այս յիշեցումները կը պարփակեն այն բազմաթիւ մարգարէութիւնները, որոնք ո՛չ միայն Եհովայի օրուան գալը կը նախագուշակեն, այլ նաեւ՝ ‘Եհովայի սպասողներուն’ համար վերապահուած ճոխ օրհնութիւնները։—Սոփոնեայ 3։8
20. Ո՞ր յորդորին սրտանց պէտք է անսանք։
20 Իրապէս հի՛մա է ժամանակը որ բոլորս սրտանց անսանք Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ տրուած յորդորին. «Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։—Սոփոնեայ 2։2, 3
21. Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ վճռած է ընել 2007–ի ընթացքին։
Սոփոնեայ 1։14) Անիկա «պիտի չուշանայ»։ (Ամբակումայ 2։3, ԱՎ) Ուստի, մինչ այդ օրուան կը սպասենք, թող մեր ապրած ժամանակներուն նկատմամբ ա՛լ աւելի արթուն ըլլանք, անդրադառնալով թէ այս մարգարէութիւններուն վերջնական կատարումը մօտալուտ է։
21 Հետեւաբար, 2007–ի տարուան համարը ո՜րքան տեղին է. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»։ Աստուծոյ ժողովուրդը համոզուած է թէ անիկա «մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ (Կրնա՞ս պատասխանել
• «Տէրոջը մեծ օրը» ի՞նչ է։
• Շատեր ինչո՞ւ մեր օրերուն ստիպողականութիւնը կ’անտեսեն։
• Առաջին դարու Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ստիպողականութեան զգացումով պէտք էր գործէին։
• Ի՞նչպէս կրնանք մեր ստիպողականութեան զգացումը սրել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 11]
2007–ի տարուան համարը պիտի ըլլայ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»։—Սոփոնեայ 1։14
[Նկար՝ էջ 11]
Նոյի ժամանակակիցներուն պէս, ծաղրողները անակնկալի պիտի գան՝ երբ Եհովա գործի լծուի