Գնահատանքդ մի՛շտ աւելցուր
Գնահատանքդ մի՛շտ աւելցուր
«Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը»։—ՍԱՂՄՈՍ 139։17
1, 2. Աստուծոյ Խօսքը ինչո՞ւ պէտք է գնահատենք, եւ սաղմոսերգուն իր գնահատութիւնը ի՞նչպէս արտայայտեց։
ԱՆԻԿԱ զգայացունց յայտնաբերում մըն էր։ Մինչ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Եհովայի տաճարը նորոգութեան կ’ենթարկուէր, Քեղկիա քահանայապետը «Մովսէսի ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը» գտաւ։ Անտարակոյս, ասիկա շուրջ 800 տարի առաջ ամբողջացած բուն ձեռագիրն էր։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ աստուածավախ Յովսիա թագաւոր ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ այս գիրքը իր առջեւ բերուեցաւ։ Արդարեւ ան զայն արժեւորեց եւ անմիջապէս Սափան ատենադպիրէն խնդրեց որ զայն բարձրաձայն կարդայ։—Բ. Մնացորդաց 34։14-18
2 Ներկայիս, միլիառաւոր մարդիկ կրնան Աստուծոյ Խօսքը մասամբ կամ լման կարդալ։ Բայց ասիկա Սուրբ Գրութիւնները նուազ արժէքաւոր կամ նուազ կարեւոր կը դարձնէ՞։ Անշուշտ ո՛չ։ Անոնք Ամենակալին խորհուրդները կը բովանդակեն, որոնք մեր օգտին համար արձանագրուած են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իր զգացումները արտայայտելով, սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը»։—Սաղմոս 139։17
3. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Դաւիթ խոր հոգեւորութեան տէր մարդ մըն էր։
3 Եհովայի, իր Խօսքին եւ ճշմարիտ պաշտամունքի Իր կարգադրութեան հանդէպ Դաւիթի գնահատութիւնը երբեք չպակսեցաւ։ Դաւիթի յօրինած բազմաթիւ գեղեցիկ սաղմոսները իր զգացումները յայտնեցին։ Օրինակ, Սաղմոս 27։4–ի մէջ ան գրեց. «Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն ու ասիկա կ’աղաչեմ, որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար»։ Եբրայերէն բնագրին մէջ, «զինք խնդրելու» արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ երկար ատեն խորհրդածել, մանրակրկիտ քննել, հաճոյքով, բերկրանքով ու հիացմունքով նայիլ։ Բացայայտ է որ Դաւիթ խոր հոգեւորութեան տէր մարդ մըն էր, որ Եհովայի հոգեւոր հայթայթումները իրապէս կը գնահատէր եւ Աստուծոյ յայտնած իւրաքանչիւր հոգեւոր ճշմարտութենէն հաճոյք կ’առնէր։ Գնահատութեան իր օրինակը ընդօրինակուելու արժանի է։—Սաղմոս 19։7-11
Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գիտնալու առանձնաշնորհումը գնահատէ
4. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Յիսուս ‘Հոգիով ուրախանայ’։
4 Աստուծոյ Խօսքին վերաբերեալ խորատեսութիւն ձեռք ձգելը, ուշիմութենէն կամ աշխարհային ուսումէն կախեալ չէ, որոնք հպարտութիւն կը յառաջացնեն։ Փոխարէն, անիկա Եհովայի շնորհքէն կախեալ է, զոր կու տայ խոնարհ ու պարկեշտամիտ անհատներու, որոնք իրենց հոգեւոր Մատթէոս 5։3. Ա. Յովհաննու 5։20) Երբ Յիսուս պահ մը խոկաց այն իրողութեան վրայ թէ կարգ մը անկատար մարդիկ իրենց անունները գրել կու տային երկնքի մէջ, ան «Հոգիով ուրախացաւ ու ըսաւ. ‘Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր’»։—Ղուկաս 10։17-21
կարիքին գիտակից են։ (5. Յիսուսի աշակերտները իրենց յայտնուած Թագաւորութեան ճշմարտութիւնները ինչո՞ւ թեթեւի պէտք չէր առնէին։
5 Այդ սրտագին աղօթքը մատուցանելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն դառնալով՝ ըսաւ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին»։ Արդարեւ Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդները քաջալերեց որ իրենց յայտնուած Թագաւորութեան թանկագին ճշմարտութիւնները թեթեւի չառնեն։ Այս ճշմարտութիւնները Աստուծոյ նախկին ծառաներուն չյայտնուեցան, ո՛չ ալ յայտնուեցան Յիսուսի օրուան ‘իմաստուններուն եւ գիտուններուն’։—Ղուկաս 10։23, 24
6, 7. (ա) Աստուածային ճշմարտութիւնը գնահատելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։ (բ) Ներկայիս ճշմարիտ ու սուտ կրօնքին միջեւ ի՞նչ մեծ տարբերութիւն կայ։
6 Մեր օրերուն, աստուածային ճշմարտութիւնները գնահատելու յաւելեալ պատճառներ ունինք, քանի որ Եհովա, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ, իր Խօսքին վերաբերեալ ա՛լ աւելի խորատեսութիւն շնորհած է իր ժողովուրդին։ (Մատթէոս 24։45. Դանիէլ 12։10) Վերջին ժամանակին առնչութեամբ, Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։ (Դանիէլ 12։4) Չե՞ս համաձայնիր թէ ներկայիս Աստուծոյ գիտութիւնը ‘շատցած է’ եւ թէ Եհովայի ծառաները հոգեւորապէս լաւ կը սնուցանուին։
7 Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր բարգաւաճութիւնը հակապատկերն է Մեծ Բաբելոնի կրօնական շփոթութեան։ Որպէս արդիւնք, սուտ կրօնքէն յուսախաբ դարձած կամ զզուած անհատներէն շատեր ճշմարիտ պաշտամունքին կը դիմեն։ Անոնք ոչխարանման անհատներ են, որոնք չեն ուզեր Մեծ Բաբելոնի ‘մեղքերուն հաղորդակից ըլլալ’ կամ ‘ատոր հարուածներէն բաժին առնել’։ Եհովա ու իր ծառաները բոլոր այսպիսիները կը հրաւիրեն որ ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմեն։—Յայտնութիւն 18։2-4. 22։17
Գնահատող անհատներ Աստուծոյ կողմը կը հաւաքուին
8, 9. Անգեայ 2։7–ի խօսքերը ներկայիս ի՞նչպէս կը կատարուին։
8 Պաշտամունքի իր հոգեւոր տան առնչութեամբ, Եհովա նախագուշակեց. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։ (Անգեայ 2։7) Այս հիանալի մարգարէութիւնը Անգէի ժամանակ կատարում մը ունեցաւ, երբ Աստուծոյ ժողովուրդէն վերահաստատուած մնացորդ մը Երուսաղէմի տաճարը վերաշինեց։ Ներկայիս, Անգէի խօսքերը յաւելեալ կատարում մը կ’ունենան Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին առնչութեամբ։
9 Արդէն միլիոնաւորներ այլաբանական տաճարին մէջ հաւաքուած են, «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» Աստուած պաշտելու համար, եւ ամէն տարի «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաներ»էն հարիւր հազարաւորներ անոնց կը միանան։ (Յովհաննու 4։23, 24) Օրինակ, 2006–ի ծառայութեան տարուան համաշխարհային տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ 248,327 հոգի մկրտուեցան, խորհրդանշելով իրենց նուիրումը Եհովայի։ Այս թիւը կը ներկայացնէ՝ ամէն օր միջին հաշուով 680 նորեկներ։ Ճշմարտութեան հանդէպ անոնց սէրը եւ որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ Եհովայի ծառայելու անոնց փափաքը կ’ապացուցանեն թէ Աստուած իրապէս զանոնք քաշած է։—Յովհաննու 6։44, 66
10, 11. Փորձառութիւն մը պատմէ, որ ցոյց կու տայ թէ մարդիկ ի՛նչպէս գնահատած են աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը։
10 Այս պարկեշտամիտ անհատներէն շատեր ճշմարտութիւնը ընդունեցին, քանի որ զատորոշեցին «արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը»։ (Մաղաքեայ 3։18) Նկատի առ Ուէյնի ու Վըրճինիայի փորձառութիւնը, Բողոքական եկեղեցիի մը պատկանող ամոլ մը՝ որ բազմաթիւ անպատասխան հարցումներ ունէր։ Անոնք պատերազմը կ’ատէին, եւ կը շփոթէին ու կը խռովէին երբ տեսնէին որ կղերները զինուորներն ու զէնքերը կ’օրհնէին։ Մինչ ամոլը տարիքով մեծցաւ, եկեղեցիին միւս անդամներուն կողմէ անտեսուած զգաց, հակառակ անոր որ Վըրճինիան երկար տարիներ կիրակնօրեայի դասատու եղած էր։ «Ո՛չ ոք մեզի այցելեց կամ մեր հոգեւոր բարօրութեամբ հետաքրքրուեցաւ», ըսին անոնք, ապա աւելցուցին. «Եկեղեցիին միակ ուզածը մեր դրամն էր։ Շփոթութեան մատնուեցանք»։ Անոնք ա՛լ աւելի յուսավրէպ դարձան, երբ իրենց եկեղեցին միասեռականութեան շուրջ թոյլատու կեցուածք մը որդեգրեց։
11 Մինչ այդ , Ուէյնի ու Վըրճինիայի թոռը, իսկ ետքը՝ աղջիկը, Եհովայի Վկաներ եղան։ Թէեւ Ուէյն ու Վըրճինիա սկիզբը նեղացան, բայց ետքը իրենց միտքը փոխեցին եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեցին։ Ուէյն ըսաւ. «Միայն երեք ամսուան մէջ, 70 տարուան ընթացքին Աստուածաշունչին մասին մեր սորվածէն շատ աւելի բաներ սորվեցանք։ Բնաւ չէինք գիտեր թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է, ո՛չ ալ Թագաւորութեան ու դրախտային երկրին մասին բան մը գիտէինք»։ Շատ չանցած, այս անկեղծ ամոլը սկսաւ քրիստոնէական ժողովներուն յաճախել եւ ծառայութեան մասնակցիլ։ «Կ’ուզենք ամէն ոքի ճշմարտութեան մասին խօսիլ», ըսաւ Վըրճինիա։ Երկուքն ալ 2005–ին մկրտուեցան, իրենց ութսունական տարիքին մէջ։ «Հարազատ քրիստոնէական ընտանիք մը գտած ենք», ըսին անոնք։
«Ամէն բարի գործերու պատրաստուած» ըլլալը գնահատէ
12. Եհովա իր ծառաներուն միշտ ի՞նչ կը հայթայթէ, իսկ օգտուելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
12 Եհովա միշտ իր ծառաներուն կ’օգնէ որ իր կամքը ընեն։ Օրինակ, Նոյ տապանը շինելու վերաբերեալ յստակ ու մասնայատուկ հրահանգներ ստացաւ։ Ասիկա ծրագիր մըն էր որ առաջին անգամէն շիտակ կերպով պէտք էր կատարուէր։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Նոյ «ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս»։ (Ծննդոց 6։14-22) Ներկայիս ալ Եհովա իր ծառաները լիովին կը զինէ իր կամքը կատարելու։ Անշուշտ մեր գլխաւոր գործն է՝ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել եւ արժանաւորներուն օգնել որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները ըլլան։ Եւ Նոյի պարագային նման, մեր յաջողութիւնը հնազանդ ըլլալէն կախեալ է։ Իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի հայթայթած ուղղութեան հնազանդօրէն պէտք է հետեւինք։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20
13. Եհովա ի՞նչ միջոցներով մեզ կը մարզէ։
13 Այդ գործը կատարելու համար, պէտք է սորվինք «շիտակ բացատրել» մեր գլխաւոր գործիքը՝ Աստուծոյ Խօսքը, որ «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15. 3։16, 17) Ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս ալ հիմա Եհովա քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ արժէքաւոր մարզում կու տայ մեզի։ Ներկայիս, աշխարհի տարածքին 99,770 ժողովքներուն մէջ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը եւ Ծառայութեան Ժողովը ամէն շաբաթ կը գումարուին, ծառայութեան մէջ մեզի օգնելու համար։ Այս կարեւոր ժողովներուն հանդէպ գնահատութիւնդ կը ցուցաբերե՞ս, կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով եւ սորվածներդ գործադրելով։—Եբրայեցիս 10։24, 25
14. Եհովայի ծառաները իրեն ծառայելու առանձնաշնորհումին հանդէպ իրենց գնահատութիւնը ի՞նչպէս կը յայտնեն։ (Պարփակէ մեկնաբանութիւններ ցուցակին մասին, էջ 28-31։)
14 Համայն աշխարհի մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդէն միլիոնաւորներ իրենց ստացած մարզումը կը գնահատեն, ծառայութեան մէջ մեծ ջանք թափելով։ Օրինակ, 2006–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, 6,741,444 Թագաւորութեան հրատարակիչներ, քարոզչութեան բոլոր երեսակներուն տրամադրեցին 1,333,966,199 ժամ եւ վարեցին 6,286,618 Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ։ Ասոնք համաշխարհային տեղեկագրութենէն քանի մը քաջալերական մանրամասնութիւններ են։ Քեզ կը հրաւիրենք որ այս տեղեկագրութիւնը մօտէն քննես եւ անկէ քաջալերութիւն քաղես, ինչպէս մեր առաջին դարու եղբայրները անկասկած շատ քաջալերուեցան, քարոզչութեան ընդարձակման վերաբերեալ տեղեկագրութիւններ լսելով։—Գործք 1։15. 2։5-11, 41, 47. 4։4. 6։7
15. Ինչո՞ւ ոչ ոք Եհովայի մատուցած իր բոլորանուէր ծառայութեան համար պէտք է վհատի։
15 Ամէն տարի Աստուծոյ մատուցուած անհամար փառաբանութիւնները կ’արտացոլացնեն Եհովան ճանչնալու ու իր մասին վկայելու առանձնաշնորհումին հանդէպ իր ծառաներուն խոր գնահատութիւնը։ (Եսայեայ 43։10) Ճիշդ է որ մեր տարեց, հիւանդ կամ անկարող եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանց փառաբանութեան զոհը կը նմանի այրիին ընծային։ Բայց չմոռնանք թէ Եհովա ու իր Որդին իրապէս կը գնահատեն բոլորանուէր կերպով Աստուծոյ ծառայող բոլոր անհատները, որոնք իրենց ամբողջ կարելին կ’ընեն։—Ղուկաս 21։1-4. Գաղատացիս 6։4
16. Վերջերս Աստուած ուսուցումի ի՞նչ գործիքներ հայթայթած է։
16 Ծառայութեան համար մեզ մարզելէ զատ, Եհովա իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզ կը զինէ ուսուցումի ընտիր գործիքներով։ Վերջին տասնամեակներուն, անոնք պարփակած են՝ Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ եւ Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքերը, իսկ ներկայիս՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Այս հայթայթումները իրապէս գնահատող անհատները, զանոնք ծառայութեան մէջ լաւ կերպով կը գործածեն։
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը լաւ կերպով գործածէ
17, 18. (ա) Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին ո՞ր մասերը կը սիրես ծառայութեան մէջ աչքառու դարձնել։ (բ) Շրջանային տեսուչ մը Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին մասին ի՞նչ նշեց։
17 Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, իր 19 գլուխներով, խորազնին յաւելուածով, Յակոբու 2։23) Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող այս հրատարակութիւնը ի՞նչ ընդունելութիւն գտած է։
եւ յստակ ու պարզ լեզուով, ծառայութեան մէջ օրհնութիւն մը եղած է։ Օրինակ, 12–րդ գլուխը նկատի կ’առնէ «Աստուած հաճեցնող կեանք մը վարել» նիւթը։ Տեղեկութիւնները աշակերտին ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կրնայ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, ինչ որ շատերուն մտքէն չէր անցած կամ անկարելի կը սեպէին։ (18 Աւստրալիոյ մէջ շրջանային տեսուչ մը կը տեղեկագրէ թէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը «անմիջական գրաւչութիւն մը ունի, որ տանտէրներուն հետ խօսակցիլը կը դիւրացնէ»։ Ան կ’աւելցնէ թէ գիրքը գործածելը ա՛յնքան դիւրին է որ «Թագաւորութեան շատ մը հրատարակիչներուն վստահութիւնը եւ ծառայութեան մէջ անոնց ուրախութիւնը նորոգած է։ Զարմանալի չէ որ ոմանք զայն կը կոչեն Ոսկի Կտորը»։
19-21. Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին արժէքը ցցուն ընող կարգ մը փորձառութիւններ պատմէ։
19 «Աստուած քեզ ղրկեց», ըսաւ կին մը Կույանայի մէջ, իր խանութին մուտքին կայնող ռահվիրային։ Կնոջ կենակիցը վերջերս զինք ու իրենց երկու երախաները լքած էր։ Ռահվիրան Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին առաջին գլուխը բացաւ եւ բարձրաձայն կարդաց 11–րդ պարբերութիւնը, «Աստուած մեր դիմագրաւած անարդարութեան նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ» ենթագլուխին ներքեւ։ «Կէտերը անոր ա՛յնքան ազդեցին որ ոտքի ելաւ, խանութին ետեւը գնաց ու շա՜տ լացաւ», ըսաւ ռահվիրան։ Կինը ընդունեց տեղացի քրոջ մը հետ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ կը շարունակէ յառաջդիմել։
20 Սպանիոյ մէջ, Հոսէ երթեւեկի արկածով իր կինը կորսնցուց։ Մխիթարուելու համար, ան թմրեցուցիչներ գործածեց եւ մասնագէտ բժիշկներու դիմեց։ Սակայն հոգեբանները զինք մեծապէս նեղացնող հարցումին պատասխանը չկրցան տալ. «Աստուած ինչո՞ւ թոյլատրեց որ կինս մեռնի»։ Օր մը, Հոսէ հանդիպեցաւ Ֆրանչէսքի, որ նոյն ընկերութեան մէջ կ’աշխատէր։ Ֆրանչէսք առաջարկեց որ միասնաբար նկատի առնեն Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին 11–րդ գլուխը, որուն խորագիրն է՝ «Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը»։ Հոսէ խորապէս տպաւորուեցաւ աստուածաշնչական բացատրութեամբ եւ ուսուցիչին ու աշակերտին օրինակով։ Ան սկսաւ լրջօրէն ուսումնասիրել, շրջանային համաժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ, եւ այժմ տեղական Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու ներկայ կը գտնուի։
21 Լեհաստանի մէջ, Ռոման անունով 40 տարեկան առեւտրական մը միշտ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ յարգանք ունեցած է։ Բայց իր գործով չափազանց զբաղած ըլլալով, ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ միայն որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրեց։ Այսուհանդերձ ան նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ եւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ստացաւ։ Անկէ ետք, իր կեցուածքը բարեփոխուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Այս գրքով, Աստուածաշունչի հիմնական բոլոր ուսուցումները քով–քովի գալով ամբողջական պատկեր մը մէջտեղ կը բերեն, հանելուկի մը կտրօններուն պէս»։ Այժմ Ռոման կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ եւ լաւ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ։
Շարունակէ գնահատանքդ աւելցնել
22, 23. Ի՞նչպէս կրնանք մեր առջեւ դրուած յոյսին հանդէպ շարունակել մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ։
22 Ինչպէս «Ազատումը մօտ է» բնաբանով նահանգային համաժողովներուն բացատրուեցաւ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ խոստացած ‘յաւիտենական փրկութեան’ կը տենչան, որ Յիսուս Քրիստոսի թափուած արեան միջոցաւ կարելի դարձաւ։ Այս թանկագին յոյսին հանդէպ մեր սրտագին գնահատութիւնը ցուցաբերելու լաւագոյն կերպն է՝ շարունակել «մեռած գործերէն» մաքրուիլ, որպէսզի կարենանք «կենդանի Աստուածը պաշտել»։—Եբրայեցիս 9։12, 14
23 Արդարեւ հրաշք է որ աւելի քան վեց միլիոն Թագաւորութեան հրատարակիչներ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ հաւատարմօրէն կը տոկան, երբ եսասէր ըլլալու ճնշումը որեւէ ժամանակէ աւելի զօրաւոր է։ Անիկա նաեւ ապացոյց է թէ Եհովայի ծառաները խորապէս կը գնահատեն իրեն ծառայելու պատիւը, գիտնալով որ իրենց «աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։ Թող այս գնահատանքը միշտ աւելցնենք։—Ա. Կորնթացիս 15։58. Սաղմոս 110։3
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Սաղմոսերգուն Աստուծոյ ու անոր հոգեւոր հայթայթումներուն հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերելու մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։
• Անգեայ 2։7–ի խօսքերը ներկայիս ի՞նչպէս կը կատարուին։
• Եհովա իր ծառաները ի՞նչպէս զինած է որ ազդուօրէն իրեն ծառայեն։
• Ի՞նչ կրնաս ընել Եհովայի բարութեան հանդէպ գնահատութիւնդ ցոյց տալու համար։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 25]
Եհովա մեզ լիովին կը զինէ որ իր կամքը կատարենք