Եհովա գնահատող Աստուած է
Եհովա գնահատող Աստուած է
«Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 6։10
1. Եհովա Մովաբացի Հռութին հանդէպ իր գնահատութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։
ԵՀՈՎԱ իր կամքը սրտանց ընել փափաքող անհատներուն ջանքերը մեծապէս կը գնահատէ եւ զիրենք առատապէս կը վարձատրէ։ (Եբրայեցիս 11։6) Հաւատարիմ Բոոս Աստուծոյ անձնաւորութեան այս գեղեցիկ երեսակին քաջածանօթ էր, քանի որ այրի կեսուրին սիրով հոգացող Մովաբացի Հռութին ըսաւ. «Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի»։ (Հռութայ 2։12) Աստուած Հռութը օրհնե՞ց։ Անշո՛ւշտ։ Նախ՝ անոր պատմութիւնը Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած է։ Ասկէ զատ, ան ամուսնացաւ Բոոսի հետ եւ Դաւիթ թագաւորին ու Յիսուս Քրիստոսի նախամայրերէն մէկը եղաւ։ (Հռութայ 4։13, 17. Մատթէոս 1։5, 6, 16) Ասիկա Աստուածաշունչի բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է, որ ցոյց կու տայ իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի գնահատութիւնը։
2, 3. (ա) Ի՞նչ բան Եհովայի գնահատական խօսքերը յատկանշական կը դարձնէ։ (բ) Եհովա ինչո՞ւ կրնայ իսկական գնահատութիւն ցուցաբերել. լուսաբանէ։
2 Եհովա իր կողմէ անիրաւութիւն կը սեպէ եթէ գնահատութիւն չցուցաբերէ։ Եբրայեցիս 6։10–ն կ’ըսէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։ Այս խօսքը յատկանշական դարձնողը այն է, թէ Աստուած բարեպաշտ մարդիկը կը գնահատէ, թէեւ անոնք մեղաւոր եւ իր փառքէն պակսած են։—Հռովմայեցիս 3։23
3 Մեր անկատարութեան պատճառաւ թերեւս զգանք թէ մեր բարեպաշտ գործերը աննշան են եւ Աստուծոյ օրհնութեան արժանի չեն։ Սակայն Եհովա լիովին կը հասկնայ մեր շարժառիթներն ու պարագաները, եւ մեր բոլորանուէր ծառայութիւնը իրապէս կ’արժեւորէ։ (Մատթէոս 22։37) Օրինակ մը տանք. մայր մը իր սեղանին վրայ նուէր մը կը գտնէ,– աժանագին մանեակ։ Ան կրնայ նուէրը անարժէք նկատել եւ զայն մէկ կողմ դնել։ Բայց անոր ընկերակցող բացիկը կը յայտնէ թէ նուէրը իր փոքրիկ աղջնակին կողմէ է, որ իր ամբողջ խնայողութիւնը ծախսած է զայն գնելու համար։ Այժմ մայրը նոր տեսանկիւնէ կը դիտէ նուէրը։ Թերեւս արտասուալից աչքերով՝ ան իր աղջնակը կ’ողջագուրէ եւ իր սրտագին գնահատութիւնը կը յայտնէ։
4, 5. Յիսուս գնահատութիւն ցուցաբերելու մէջ ի՞նչպէս Եհովան ընդօրինակեց։
4 Մեր շարժառիթներուն ու սահմանափակումներուն լիովին գիտակցելով, Եհովա կը գնահատէ երբ իրեն մեր լաւագոյնը տանք, անիկա ըլլայ շատ թէ քիչ։ Այս առնչութեամբ, Յիսուս կատարելապէս իր Հայրը արտացոլացուց։ Մտաբերէ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը այրիին ընծային մասին։ «Յիսուս տեսաւ հարուստներ, որոնք իրենց ընծաները գանձանակը կը ձգէին։ Տնանկ որբեւարի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց։ Ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց. վասն զի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց’»։—Ղուկաս 21։1-4
5 Արդարեւ կնոջ այրի ու աղքատ ըլլալը գիտնալով, Յիսուս անոր նուէրին իսկական արժէքը ըմբռնեց եւ զայն մեծապէս գնահատեց։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ Եհովայի մասին։ (Յովհաննու 14։9) Քաջալերական չէ՞ գիտնալ թէ պարագաներդ ի՛նչ ալ ըլլան, կրնաս շնորհք գտնել մեր գնահատող Աստուծոյն ու իր Որդւոյն առջեւ։
Եհովա աստուածավախ Եթովպիացի մը կը վարձատրէ
6, 7. Եհովա ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս Աբդեմելէքի հանդէպ իր գնահատութիւնը ցուցաբերեց։
6 Սուրբ Գրութիւնները կրկին անգամ ցոյց կու տան թէ Եհովա իր կամքը ընողները կը գնահատէ։ Նկատի առ իր գործառնութիւնները աստուածավախ Եթովպիացի Աբդեմելէքի հետ, որ Երեմիայի ժամանակակից եւ Յուդայի անհաւատարիմ Սեդեկիա թագաւորին տունը եղող պալատական մըն էր։ Աբդեմելէք լսեց թէ Յուդայի իշխանաւորները Երեմիա մարգարէն ամբաստանած էին խռովութեան յանցանքով եւ զինք գուբը նետած էին որ անօթութենէն մեռնէր։ (Երեմեայ 38։1-7) Գիտակցելով թէ Երեմիա իր քարոզած պատգամին պատճառաւ մեծապէս ատուած էր, Աբդեմելէք իր կեանքը վտանգեց ու թագաւորին դիմեց։ Եթովպիացին քաջաբար ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, այս մարդիկը սխալ ըրին Երեմիա մարգարէն գուբը նետելով. քանզի քաղաքին մէջ ա՛լ հաց չգտնուելուն համար՝ անիկա հոն անօթութենէն պիտի մեռնի»։ Թագաւորին հրամանով, Աբդեմելէք իրեն հետ 30 մարդ առաւ եւ Աստուծոյ մարգարէն ազատեց։—Երեմեայ 38։8-13
7 Եհովա տեսաւ թէ Աբդեմելէք հաւատքով գործեց, ամէն վախ յաղթահարելով։ Ուստի Եհովա իր գնահատութիւնը ցուցաբերեց եւ Երեմիայի միջոցով Աբդեմելէքի ըսաւ. «Ահա ես այս քաղաքին վրայով ըսած խօսքերս պիտի գործադրեմ՝ չարիքի եւ ոչ թէ բարիքի համար . . . եւ այն օրը քեզ պիտի ազատեմ ու այն մարդոց ձեռքը պիտի չտրուիս, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս։ Վասն զի քեզ անշուշտ պիտի ազատեմ . . . եւ քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի ինծի ապաւինեցար»։ (Երեմեայ 39։16-18) Այո, Եհովա Աբդեմելէքն ու Երեմիան ազատեց, նախ՝ Յուդայի չար իշխանաւորներուն ձեռքէն, իսկ հետագային՝ Երուսաղէմը կործանող Բաբելոնացիներուն ձեռքէն։ Եհովա «իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք», կ’ըսէ Սաղմոս 97։10–ը։
«Քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ»
8, 9. Ինչպէս Յիսուս ցոյց տուաւ, Եհովա ի՞նչպիսի աղօթքներ կը գնահատէ։
8 Աղօթքի մասին Աստուածաշունչի ըսածները յաւելեալ ապացոյց մըն են թէ Եհովա մեր բարեպաշտ արարքները կը գնահատէ եւ կ’արժեւորէ։ «Ուղիղներուն աղօթքը [Աստուծոյ] ընդունելի է», կ’ըսէ իմաստուն մարդը։ (Առակաց 15։8) Յիսուսի օրերուն, բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ հանրապէս կ’աղօթէին, ո՛չ թէ հարազատ բարեպաշտութենէ մղուած, այլ՝ ուրիշները տպաւորելու փափաքով։ «Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան», ըսաւ Յիսուս։ «Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես», նշեց ան իր հետեւորդներուն, «մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ»։—Մատթէոս 6։5, 6
9 Անշուշտ Յիսուս հանրապէս աղօթելը չէր դատապարտեր, քանի որ անձամբ կարգ մը առիթներով հանրապէս աղօթեց։ (Ղուկաս 9։16) Եհովա խորապէս կը գնահատէ երբ անկեղծ սրտով իրեն կ’աղօթենք, առանց ուրիշները տպաւորելու մղումով։ Իրականութեան մէջ, մեր անձնական աղօթքները Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյն ու վստահութեան ո՛րքան խոր ըլլալը ցոյց կու տան։ Ուստի զարմանալի չէ որ Յիսուս յաճախ աղօթելու համար կ’առանձնանար։ Անգամ մը, ան «առաւօտուն շատ կանուխ ելլելով՝ դեռ չլուսցած» աղօթք ըրաւ։ Ուրիշ անգամ, ան «լեռը ելաւ առանձին աղօթք ընելու»։ Իսկ իր 12 առաքեալները ընտրելէ առաջ, Յիսուս ամբողջ գիշերը անցուց աղօթելով։—Մարկոս 1։35. Մատթէոս 14։23. Ղուկաս 6։12, 13
10. Երբ անկեղծօրէն ու խոր զգացումով աղօթենք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
10 Պահ մը երեւակայէ թէ Եհովա ո՜րքան ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ իր Որդւոյն սրտագին խօսքերը։ Արդարեւ, երբեմն Յիսուս «սաստիկ գոչումով ու արցունքով» աղօթեց եւ «լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։ (Եբրայեցիս 5։7. Ղուկաս 22։41-44) Երբ այսպիսի անկեղծութեամբ ու խոր զգացումով աղօթենք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր երկնաւոր Հայրը ուշադրութեամբ ու գնահատութեամբ մտիկ կ’ընէ։ Արդարեւ «Տէրը մօտ է . . . այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն»։—Սաղմոս 145։18
11. Գաղտնաբար մեր ըրած բաներուն հանդէպ Եհովա ի՞նչ կը զգայ։
11 Եթէ Եհովա կը գնահատէ երբ իրեն գաղտուկ կ’աղօթենք, ուրեմն ո՜րքան կը գնահատէ երբ իրեն գաղտուկ կը հնազանդինք։ Այո, Եհովա կը տեսնէ ի՛նչ որ գաղտնաբար կ’ընենք։ (Ա. Պետրոս 3։12) Արդարեւ, մեր առանձին եղած ատեն հաւատարիմ ու հնազանդ ըլլալով, ցոյց կու տանք թէ Եհովայի հանդէպ «կատարեալ սիրտ» ունինք, որ մաքուր շարժառիթ ունի եւ շիտակին ամրօրէն կը յարի։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Այսպիսի վարք մը Եհովայի սիրտը ո՜րքան կ’ուրախացնէ։—Առակաց 27։11. Ա. Յովհաննու 3։22
12, 13. Ի՞նչպէս կրնանք մեր միտքն ու սիրտը պահպանել եւ հաւատարիմ Նաթանայէլ աշակերտին պէս ըլլալ։
12 Հետեւաբար հաւատարիմ Քրիստոնեաները միտքն ու սիրտը ապականող գաղտնի մեղքերէն կը զգուշանան, ինչպէս՝ պոռնկագրութիւն եւ բռնութիւն դիտելը։ Թէեւ կարգ մը մեղքեր մարդոցմէ կրնան ծածկուիլ, բայց գիտենք թէ «ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը»։ (Եբրայեցիս 4։13. Ղուկաս 8։17) Եհովան տհաճեցնող բաներէ խուսափելով, մաքուր խղճմտանք կը պահպանենք եւ կ’ուրախանանք՝ գիտակցելով թէ Աստուծոյ հաճութիւնը ունինք։ Արդարեւ կասկած չկայ որ Եհովա խորապէս կը գնահատէ «ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն»։—Սաղմոս 15։1, 2
13 Սակայն ի՞նչպէս կրնանք չարութեամբ լեցուած աշխարհի մը մէջ մեր միտքն ու սիրտը պահպանել։ (Առակաց 4։23. Եփեսացիս 2։2) Հոգեւոր բոլոր հայթայթումներէն լիովին օգտուելէ զատ, պէտք է ջանանք չարը մերժել եւ բարին ընել, առանց տնտնալու՝ որպէսզի անպատշաճ ցանկութիւնները չյղանան եւ մեղք չծնանին։ (Յակոբու 1։14, 15) Պահ մը խորհէ թէ ո՜րքան ուրախ պիտի ըլլայիր, եթէ Յիսուս քու մասիդ ըսէր ինչ որ Նաթանայէլի մասին ըսաւ. «Ահա [մարդ] մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։ (Յովհաննու 1։47) Նաթանայէլ, որ նաեւ կը ճանչցուէր Բարթողիմէոս անունով, հետագային Յիսուսի 12 առաքեալներէն մէկը ըլլալու առանձնաշնորհումը ունեցաւ։—Մարկոս 3։16-19
‘Ողորմած ու հաւատարիմ քահանայապետ’
14. Մարիամի արարքին հանդէպ Յիսուսի հակազդեցութիւնը ի՞նչպէս ուրիշներու հակազդեցութենէն տարբեր էր։
14 «Աներեւոյթ Աստուծոյ պատկեր»ը ըլլալով, Յիսուս մաքուր սրտով Աստուծոյ ծառայողներուն հանդէպ գնահատանք ցուցաբերելու մէջ, միշտ կատարելապէս իր Հայրը կ’ընդօրինակէ։ (Կողոսացիս 1։15) Օրինակ, իր կեանքը զոհելէն հինգ օր առաջ, Բեթանիայի մէջ Յիսուս եւ իր աշակերտներէն ոմանք Սիմոնի տունը հրաւիրուած էին։ Երեկոյեան ժամերուն, Ղազարոսի ու Մարթայի քոյրը՝ Մարիամ «մէկ լիտր նարդոսի պատուական մեծագին [շուրջ մէկ տարուան աշխատավարձքի հաւասար] իւղ առնելով», զայն Յիսուսի գլխուն ու ոտքերուն վրայ թափեց։ (Յովհաննու 12։3) «Ինչո՞ւ այս կորուստը», ըսին ոմանք։ Սակայն Յիսուս Մարիամի այս արարքը շատ տարբեր տեսանկիւնէ մը դիտեց։ Ան ասիկա մեծ առատաձեռնութիւն ու խոր յարգանք ցոյց տուող արարք մը սեպեց, ի մտի ունենալով իր մօտալուտ մահն ու թաղումը։ Ուստի, փոխանակ Մարիամը քննադատելու, Յիսուս զինք պատուեց՝ ըսելով. «Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։—Մատթէոս 26։6-13
15, 16. Յիսուս որպէս մարդ ապրած ու Աստուծոյ ծառայած ըլլալով, ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
15 Ո՜րքան առանձնաշնորհեալ ենք որ այս գնահատող անձը՝ Յիսուս մեր Առաջնորդն է։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի մարդկային կեանքը զինք պատրաստեց այն գործին, որ Եհովա իրեն վերապահած էր,– ծառայել որպէս Քահանայապետ ու Թագաւոր, նախ՝ օծեալներուն ժողովքին, ետքը՝ աշխարհին։—Կողոսացիս 1։13. Եբրայեցիս 7։26. Յայտնութիւն 11։15
16 Երկիր գալէ առաջ, Յիսուս արդէն մարդկութեամբ խորապէս հետաքրքրուած էր եւ անոնց հանդէպ մասնայատուկ գորով ունէր։ (Առակաց 8։31) Որպէս մարդ ապրելով, ան լիովին սկսաւ գնահատել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր դիմագրաւած փորձութիւնները։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Յիսուս] պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ . . . ։ Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ»։ Յիսուս կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ», քանի որ «ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի»։—Եբրայեցիս 2։17, 18. 4։15, 16
17, 18. (ա) Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքներուն ուղղուած նամակները Յիսուսի խոր գնահատութեան մասին ի՞նչ կը յայտնեն։ (բ) Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ բանի կը պատրաստուէին։
17 Իր հետեւորդներուն փորձութիւններուն Յայտնութիւն 2։8-10
վերաբերեալ Յիսուսի խոր ըմբռնումը բացայայտ դարձաւ իր յարութենէն ետք։ Նկատի առ Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքներուն յղած իր նամակները, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ գրի առաւ։ Զմիւռնիոյ ժողովքին՝ Յիսուս ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ»։ Իրականութեան մէջ, հոս Յիսուս կ’ըսէր. ‘Ես ձեր խնդիրները լիովին կը հասկնամ. իսկապէս գիտեմ ձեր քաշած նեղութիւնները’։ Ապա, մինչեւ մահ իր կրած չարչարանքներով ձեռք ձգած կարեկցութեամբ ու հեղինակութեամբ, Յիսուս աւելցուց. «Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ»։—18 Եօթը ժողովքներուն ուղղուած նամակները լեցուն են արտայայտութիւններով, որոնք ցոյց կու տան թէ Յիսուս իր աշակերտներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները մօտէն գիտէր եւ անոնց ուղղամտութիւնը անկեղծօրէն կը գնահատէր։ (Յայտնութիւն 2։1–3։22) Մի՛ մոռնար թէ Յիսուսի խօսքերը ուղղուած էին իրեն հետ երկնքի մէջ իշխելու յոյսը ունեցող օծեալ Քրիստոնեաներուն։ Իրենց Տէրոջ նման, անոնք կը պատրաստուէին իրենց վեհ դերին համար, որ Քրիստոսի փրկանքի զոհին օգուտները մեծ կարեկցութեամբ կիրարկեն հիւանդ մարդկութեան։—Յայտնութիւն 5։9, 10. 22։1-5
19, 20. «Մեծ բազմութեան» անդամները Եհովայի ու իր Որդւոյն հանդէպ իրենց գնահատութիւնը ի՞նչպէս կը ցուցաբերեն։
19 Անշուշտ, իր օծեալ հետեւորդներուն հանդէպ Յիսուսի սէրը նաեւ կ’ընդգրկէ իր հաւատարիմ «ուրիշ ոչխարներ»ը, որոնցմէ միլիոնաւորներ այժմ կը կազմեն «բոլոր ազգերէն» եկած «մեծ բազմութիւն»ը, որ մօտալուտ «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրի։ (Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9, 14) Ասոնք Յիսուսի կողմը կը հաւաքուին, քանի որ անոր փրկանքի զոհն ու իրենց յաւիտենական կեանքի յոյսը կը գնահատեն։ Անոնք իրենց գնահատութիւնը կը ցուցաբերեն, ‘ցերեկ ու գիշեր Աստուծոյ ծառայելով’։—Յայտնութիւն 7։15-17
20 Էջ 28-31–ի վրայ տրուած 2006–ի ծառայութեան տարուան համաշխարհային տեղեկագրութիւնը, բացայայտ ապացոյց կը հայթայթէ թէ այս հաւատարիմ ծառաները իրապէս ‘ցերեկ ու գիշեր Աստուծոյ կը ծառայեն’։ Իրականութեան մէջ, այս մէկ տարուան ընթացքին, անոնք եւ փոքրաթիւ օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդը, հանրային ծառայութեան տրամադրեցին 1,333,966,199 ժամ,– որ աւելի քան 150,000 տարիներու հաւասար է։
Շարունակէ գնահատանք ցուցաբերել
21, 22. (ա) Գնահատութիւն ցուցաբերելու նկատմամբ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ այսօր գերուշադիր պէտք է ըլլան։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
21 Եհովա եւ իր Որդին անկատար մարդոց հանդէպ խոր գնահատութիւն ցուցաբերած են, որ իրապէս տպաւորիչ է։ Բայց դժբախտաբար, մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուծոյ մասին չի խորհիր, այլ՝ իր անձնական հետաքրքրութիւններուն վրայ կը կեդրոնանայ։ «Վերջին օրեր»ուն ապրող մարդիկը նկարագրելով, Պօղոս գրեց. «Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, . . . ապերախտ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այսպիսի անհատներու ճիշդ հակապատկերն են ճշմարիտ Քրիստոնեաները, որոնք սրտագին աղօթքով, յօժարակամ հնազանդութեամբ եւ բոլորանուէր ծառայութեամբ, իրենց ի նպաստ Աստուծոյ ըրած բաներուն հանդէպ իրենց գնահատութիւնը կը ցուցաբերեն։—Սաղմոս 62։8. Մարկոս 12։30. Ա. Յովհաննու 5։3
22 Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք՝ սիրալիրօրէն Եհովայի ըրած բազմաթիւ հոգեւոր հայթայթումներէն ոմանք։ Այս ‘բարի պարգեւներուն’ մասին խոկալով, թող մեր գնահատութիւնը ա՛լ աւելի խորանայ։—Յակոբու 1։17
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Եհովա ի՞նչպէս ցոյց տուած է թէ գնահատող Աստուած է։
• Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի սիրտը ուրախացնել, երբ մէկը մեզ չի տեսներ։
• Յիսուս ի՞նչ կերպերով գնահատանք ցուցաբերեց։
• Որպէս մարդ ապրիլը ի՞նչ կերպով Յիսուսի օգնեց որ կարեկից ու գնահատող կառավարիչ մը ըլլայ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 19]
Ինչպէս ծնող մը իր զաւակին պարզ նուէրը կ’արժեւորէ, Եհովա կը գնահատէ երբ իրեն մեր լաւագոյնը կու տանք