Եսայեայ գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)
Եհովայի խօսքը կենդանի է
Եսայեայ գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)
ԵՍԱՅԻ հաւատարմօրէն կը կատարէ իր յանձնարարութիւնը որպէս մարգարէ։ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան դէմ իր յայտարարած դատաստանական պատգամները արդէն կատարուած են։ Այժմ ան Երուսաղէմի ապագային մասին ըսելիքներ ունի։
Երուսաղէմ քաղաքը պիտի կործանի եւ անոր բնակիչները գերութեան պիտի տարուին։ Սակայն անոր ամայացումը մնայուն պիտի չըլլայ։ Ժամանակ մը ետք, ճշմարիտ պաշտամունքը պիտի վերահաստատուի։ Ասիկա Եսայեայ 36։1–66։24–ի հիմնական պատգամն է։ * Այս գլուխներուն բովանդակութիւնը նկատի առնելով պիտի օգտուինք, քանի որ անոնց նշած մարգարէութիւններէն շատերը գլխաւոր կամ վերջնական կատարում կ’ունենան մեր օրերուն կամ մօտ ապագային պիտի կատարուին։ Եսայեայ գրքին այս հատուածը նաեւ կը բովանդակէ Մեսիայի մասին հետաքրքրաշարժ մարգարէութիւններ։
«ԱՀԱ ՕՐԵՐ ՊԻՏԻ ԳԱՆ»
Եզեկիա թագաւորին իշխանութեան 14–րդ տարին (Հ.Դ.Ա. 732), Ասորեստանցիները Յուդայի վրայ կը յարձակին։ Եհովա կը խոստանայ Երուսաղէմը պաշտպանել։ Ներխուժման սպառնալիքը վերջ կը գտնէ, երբ Եհովայի հրեշտակը առանձին 185,000 Ասորեստանցի զինուոր կը սպաննէ։
Եզեկիա կը հիւանդանայ։ Եհովա անոր աղօթքին կը պատասխանէ եւ զինք կը բուժէ, անոր կեանքին վրայ 15 տարի աւելցնելով։ Երբ Բաբելոնի թագաւորը զինք շնորհաւորելու համար պատգամաւորներ կը ղրկէ, Եզեկիա անխոհեմօրէն իր բոլոր գանձերը անոնց կը ցուցնէ։ Եսայի Եզեկիայի կը հաղորդէ Եհովայի պատգամը, ըսելով. «Ահա օրեր պիտի գան, որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր հաւաքեցին Բաբելոն պիտի տարուին»։ (Եսայեայ 39։5, 6) Աւելի քան 100 տարի ետք, մարգարէութիւնը կը կատարուի։
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
38։8—Ի՞նչ էին «աստիճաններ»ը, որոնց վրայէն ստուերը վերադարձաւ։ Որովհետեւ Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն արդէն Եգիպտոսի ու Բաբելոնի մէջ արեւացոյցներ կը գործածուէին, այս աստիճանները կրնան ակնարկել Եզեկիայի հօր՝ Աքազի ձեռք ձգած արեւացոյցի մը ժամեր ցուցնող գիծերուն։ Կամ՝ կրնայ ըլլալ որ պալատին մէջ սանդուխ մը կար, եւ անոր քով դրուած սիւն մը թերեւս հետզհետէ ստուեր կը ձգէր անոր վրայ, ժամանակը որոշելու միջոց մը հանդիսանալով։
Դասեր՝ մեզի համար.
36։2, 3, 22. Թէեւ Սեբնա որպէս խնամատար պաշտօնազրկուեցաւ, բայց անոր թոյլատրուեցաւ որ շարունակէ թագաւորին ծառայել որպէս նոր խնամատարին քարտուղարը։ (Եսայեայ 22։15, 19) Եթէ պատճառով մը Եհովայի կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու դիրքէ մը վերցուինք, պէտք չէ՞ շարունակենք Աստուծոյ ծառայել իր թոյլ տուած որեւէ հանգամանքով։
37։1, 14, 15. 38։1, 2. Նեղութեան ժամանակներուն, խոհեմութիւն է Եհովայի աղօթել եւ լիովին իրեն վստահիլ։
37։15-20. 38։2, 3. Երբ Ասորեստանցիները Երուսաղէմի սպառնացին, Եզեկիայի գլխաւոր մտահոգութիւնն էր որ քաղաքին նուաճումը Եհովայի անուան վրայ նախատինք պիտի բերէր։ Իր հիւանդութեան մահաբեր ըլլալը իմանալով, Եզեկիա ա՛լ աւելի մտահոգուեցաւ թէ անժառանգ մեռնիլը ի՛նչպէս պիտի ազդէր Դաւիթէ սերած թագաւորներու շարքին։ Ան նաեւ մտահոգուած էր թէ Ասորեստանցիներուն դէմ ո՛վ պիտի առաջնորդէր պատերազմը։ Եզեկիայի նման, Եհովայի անուան սրբացումը եւ իր նպատակին իրագործումը՝ մեր փրկութենէն աւելի կարեւոր կը նկատենք։
38։9-20. Եզեկիայի այս երգը մեզի կը սորվեցնէ թէ կեանքի մէջ ոչինչ աւելի կարեւոր է, քան՝ Եհովան փառաբանելը։
«ՊԻՏԻ ՇԻՆՈՒԻՍ»
Երուսաղէմի կործանումը եւ բաբելոնական գերութիւնը նախագուշակելէն անմիջապէս ետք, Եսայի վերահաստատման մասին կը մարգարէանայ։ (Եսայեայ 40։1, 2) ‘Երուսաղէմ պիտի շինուի’, կ’ըսէ Եսայեայ 44։28–ը։ Բաբելոնի չաստուածներուն կուռքերը ‘բեռցուած բեռներու’ պէս հեռու պիտի տարուին։ (Եսայեայ 46։1) Բաբելոն պիտի կործանի։ Երկու դար ետք, այս բոլորը կ’իրականանան։
Եհովա իր ծառան «ազգերուն լոյս» պիտի ընէ։ (Եսայեայ 49։6) Բաբելոնական «երկինքը» կամ իշխող դասակարգը «ծուխի պէս պիտի անցնի» եւ անոր հպատակները մուներու պէս «պիտի մեռնին», բայց ‘Սիօնի գերի աղջիկը իր պարանոցին կապերը պիտի քակէ’։ (Եսայեայ 51։6. 52։2) Իրեն եկող եւ մտիկ ընող անհատներուն՝ Եհովա կ’ըսէ. «Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով»։ (Եսայեայ 55։3) Աստուծոյ արդար պահանջներուն հետ ներդաշնակ ապրիլը՝ ‘Տէրոջմով ուրախանալու’ կ’առաջնորդէ։ (Եսայեայ 58։14) Միւս կողմէ, ժողովուրդին յանցանքները ‘իրենց ու իրենց Աստուծոյն միջեւ բաժանում կը ձգեն’։—Եսայեայ 59։2
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
40։27, 28—Իսրայէլ ինչո՞ւ ըսաւ. «Իմ ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւ եւ իմ իրաւունքս իմ Աստուծմէս զանց առնուեցաւ»։ Բաբելոնի մէջ կարգ մը Հրեաներ թերեւս խորհեցան թէ իրենց քաշած անիրաւութիւնները Եհովայէ ծածկուած էին կամ զանոնք չէր տեսներ։ Եհովա անոնց յիշեցուց թէ Բաբելոնը երկրի Ստեղծիչին հասողութենէն անդին չէր. Ինք ո՛չ կը յոգնի, ո՛չ ալ կը թուլնայ։
43։18-21—Վերադարձող աքսորեալներուն ինչո՞ւ ըսուեցաւ որ ‘հին բաները չյիշեն’։ Ասիկա այն իմաստով չէր թէ անոնք Եհովայի ազատագրութեան նախկին արարքները պէտք էր մոռնային։ Այլ, Եհովա ուզեց որ անոնք զինք փառաբանէին «նոր բան»ի մը հիման վրայ, որ իրենց պիտի պատահէր, ինչպէս՝ ապահովաբար դէպի Երուսաղէմ վերադառնալը, թերեւս անապատային աւելի ուղղակի ճամբայով մը։ «Մեծ նեղութենէն» վերապրող «մեծ բազմութիւն»ն ալ Եհովան փառաւորելու նոր ու անհատական պատճառներ պիտի ունենայ։—Յայտնութիւն 7։9, 14
49։6—Մեսիան ի՞նչպէս «ազգերուն լոյս» է, հակառակ անոր որ իր երկրային ծառայութիւնը Իսրայէլի որդիներուն սահմանափակուած էր։ Պարագան այդպէս է՝ Յիսուսի մահէն ետք տեղի ունեցած բաներուն պատճառաւ։ Աստուածաշունչը Եսայեայ 49։6–ը կը կիրարկէ իր աշակերտներուն։ (Գործք 13։46, 47) Ներկայիս, օծեալ Քրիստոնեաները, երկրպագուներու մեծ բազմութեան մը աջակցութեամբ, կը ծառայեն որպէս «ազգերուն լոյս», մարդիկը լուսաւորելով «մինչեւ երկրին ծայրը»։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20
53։10—Ի՞նչ առումով Եհովա հաճեցաւ որ իր Որդին ճզմուի։ Կարեկից ու գթասիրտ Աստուած մը ըլլալով, իր սիրելի Որդւոյն տառապանքը տեսնելը Եհովայի մեծ ցաւ պատճառած ըլլալու էր։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի սիրայօժար հնազանդութիւնը եւ անոր տառապանքով ու մահուամբ իրագործուելիք բաները Զինք ուրախացուցին։—Առակաց 27։11. Եսայեայ 63։9
53։11—Ի՞նչ գիտութեամբ Մեսիան «շատերը պիտի արդարացնէ»։ Ասիկա այն գիտութիւնն է որ Յիսուս ձեռք ձգեց երկիր գալով, մարդ արարած ըլլալով եւ անիրաւօրէն մինչեւ մահ չարչարուելով։ (Եբրայեցիս 4։15) Այսպիսով ան փրկանքի զոհ հայթայթեց, որուն կարիք կար՝ որպէսզի օծեալ Քրիստոնեաներն ու մեծ բազմութիւնը կարենային Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք ձեռք ձգել։—Հռովմայեցիս 5։19. Յակոբու 2։23, 25
56։6—Ո՞վ են «օտարականին որդիները» եւ ի՞նչ կերպերով Եհովայի ‘ուխտին մէջ հաստատ կը կենան’։ «Օտարականին որդիները» Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ն են։ (Յովհաննու 10։16) Անոնք նոր ուխտին մէջ հաստատ կը կենան, այն իմաստով որ այդ ուխտին առնչուած օրէնքներուն կը հնազանդին, անոր միջոցաւ եղած կարգադրութիւններուն հետ լիովին կը համագործակցին, օծեալ Քրիստոնեաներուն հետ կը մասնակցին նոյն հոգեւոր սնունդին, եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ անոնց թիկունք կը կանգնին։
Դասեր՝ մեզի համար.
40։10-14, 26, 28. Եհովա ուժեղ ու ազնիւ, ամենազօր ու ամէնիմաստուն է, իսկ իր հասկացողութիւնը մեր ըմբռնումէն շա՜տ գերիվեր է։
40։17, 23. 41։29. 44։9. 59։4. Քաղաքական դաշնակցութիւններն ու կուռքերը «սնոտի» են։ Անոնց վստահիլը ո՛չ մէկ արժէք ունի։
42։18, 19. 43։8. Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը անտեսելով եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ Իր տուած ցուցմունքներուն ականջ չկախելով, հոգեւորապէս կոյր ու խուլ կը դառնանք։—Մատթէոս 24։45
43։25. Եհովա յանցանքները կը ջնջէ՝ իրեն համար։ Մեղքի ու մահուան գերութենէն մեր ազատագրուիլը եւ կեանք ստանալը նուազ կարեւոր է, քան՝ Եհովայի անուան սրբացումը։
44։8. Մենք Եհովայի զօրակցութիւնը կը վայելենք, որ վէմի մը պէս կայուն ու անխախտ է։ Երբեք պէտք չէ վախնանք իր աստուածութեան մասին վկայելէ։—Բ. Թագաւորաց 22։31, 32
44։18-20. Կռապաշտութիւնը սրտին ապականութիւնը ցոյց կու տայ։ Ո՛չ մէկ բան մեր սրտին մէջ Եհովայի տեղը պէտք է գրաւէ։
46։10, 11. ‘Իր խորհուրդը հաստատելու’ կամ իր նպատակը կատարելու իր կարողութիւնը, Եհովայի աստուածութեան անսխալելի ապացոյց է։
48։17, 18. 57։19-21. Եթէ փրկութեան համար Եհովայի յուսանք, իրեն մօտենանք ու իր պատուիրաններուն ուշադրութիւն ընծայենք, մեր խաղաղութիւնը վազող գետի ջուրերուն պէս առատ պիտի ըլլայ եւ մեր արդար արարքները ծովու ալիքներուն պէս շատ պիտի ըլլան։ Անոնք որ Աստուծոյ Խօսքին ականջ չեն տար՝ «ալեծուփ ծովու» պէս են ու խաղաղութիւն չունին։
52։5, 6. Բաբելոնացիները սխալ եզրակացուցին թէ ճշմարիտ Աստուածը տկար էր։ Անոնք չզատորոշեցին թէ իր ժողովուրդին հանդէպ Եհովայի տհաճութիւնը պատճառ եղաւ որ Իսրայէլ գերութեան երթայ։ Երբ ուրիշներ աղէտի մը հանդիպին, խոհեմութիւն է պատճառին մասին արագ եզրակացութիւններու չյանգիլ։
52։7-9. 55։12, 13. Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին ուրախութեամբ մասնակցելու առնուազն երեք պատճառ ունինք։ Հոգեւորապէս անօթի ու խոնարհ եղողներուն համար մեր ոտքերը գեղեցիկ են։ Եհովան «յայտնապէս» կը տեսնենք, կամ իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն կ’ունենանք։ Նաեւ հոգեւոր բարգաւաճութիւն կը վայելենք։
52։11, 12. «Տէրոջը սպասները»՝ սրբազան ծառայութեան իր հայթայթումները՝ կրելու որակեալ ըլլալու համար, հոգեւորապէս ու բարոյապէս մաքուր պէտք է ըլլանք։
58։1-14. Կեղծաւորաբար բարեպաշտութիւն ու արդարութիւն ցուցաբերելը ունայն է։ Ճշմարիտ երկրպագուները հարազատ աստուածպաշտութեան ու եղբայրսիրութեան մէջ պէտք է ճոխանան։—Յովհաննու 13։35. Բ. Պետրոս 3։11
59։15բ-19. Եհովա մարդկային գործերը կը դիտէ եւ իր յարմար ժամանակին կը միջամտէ։
‘ՎԱՅԵԼՉՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ’
Վաղեմի ժամանակներուն եւ մեր օրերուն, ճշմարիտ պաշտամունքի վերահաստատման ակնարկելով՝ Եսայեայ 60։1–ը կ’ըսէ. «Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ»։ Սիօն ‘Տէրոջը ձեռքին մէջ վայելչութեան պսակ պիտի ըլլայ’։—Եսայեայ 62։3
Եսայի Եհովայի կ’աղօթէ իր հայրենակիցներուն համար, որոնք Բաբելոնի մէջ իրենց աքսորման ընթացքին պիտի զղջան։ (Եսայեայ 63։15–64։12) Ճշմարիտ երկրպագուները սուտ երկրպագուներուն հետ հակադրելէ ետք, մարգարէն կը յայտարարէ թէ Եհովա ի՛նչպէս Իրեն ծառայողները պիտի օրհնէ։—Եսայեայ 65։1–66։24
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
61։8, 9—Ի՞նչ է «յաւիտենական ուխտ»ը եւ որո՞նք կը կազմեն «սերունդը»։ Ասիկա օծեալ Քրիստոնեաներուն հետ Եհովայի ըրած նոր ուխտն է։ «Սերունդը» «ուրիշ ոչխարներ»ն են,– անոնց պատգամին ընդառաջող միլիոնաւոր անհատները։—Յովհաննու 10։16
63։5—Աստուծոյ բարկութիւնը ի՞նչպէս իրեն ձեռնտու կ’ըլլայ։ Աստուծոյ բարկութիւնը զսպուած յուզում է,– իր արդար զայրոյթը։ Իր բարկութիւնը իրեն ձեռնտու կ’ըլլայ եւ զինք կը մղէ որ իր արդար դատաստանները ի գործ դնէ։
Դասեր՝ մեզի համար.
64։6. Անկատար մարդիկը չեն կրնար իրենք զիրենք փրկել։ Իսկ մեղքերու քաւութեան առնչութեամբ, անոնց արդար արարքները կեղտոտ հագուստի պէս անարժէք են։—Հռովմայեցիս 3։23, 24
65։13, 14. Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները կ’օրհնէ, անոնց հոգեւոր կարիքը առատապէս գոհացնելով։
66։3-5. Եհովա կեղծաւորութիւնը կ’ատէ։
«Ուրախացէ՛ք»
Ո՜րքան մխիթարական ըլլալու էին վերահաստատման մարգարէութիւնները այն հաւատարիմ Հրեաներուն, որոնք աքսորուած էին Բաբելոնի մէջ։ Եհովա ըսաւ. «Իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ»։—Եսայեայ 65։18
Մենք ալ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ խաւարը կը ծածկէ երկիրը ու մառախուղը՝ ազգերը։ (Եսայեայ 60։2) «Չար ժամանակներ»ը արդէն տիրական են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Հետեւաբար, Եսայեայ գրքին բովանդակած Եհովայի փրկութեան պատգամը մեծ քաջալերութիւն կու տայ մեզի։—Եբրայեցիս 4։12
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Եսայեայ 1։1–35։10–ի քննարկման համար, տես՝ «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Եսայեայ գիրքէն աչքառու կէտեր (Մաս 1)» յօդուածը, Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2006 թիւին մէջ։
[Նկար՝ էջ 14]
Գիտե՞ս թէ Եզեկիա ի՛նչ գլխաւոր պատճառով աղօթեց որ Ասորեստանցիներէն ազատի
[Նկար՝ էջ 17]
«Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ»