Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքի նպատակ ունեցող հարիւրամեայ պառաւ

Կեանքի նպատակ ունեցող հարիւրամեայ պառաւ

Կեանքի նպատակ ունեցող հարիւրամեայ պառաւ

ԷԼԻՆ՝ Շուէտի մէջ 105 տարեկան կամ աւելի եղող 60 անհատներէն մէկն է։ Անոր տարիքը 105 է։ Ծերանոց մնալով հանդերձ, իր առողջութիւնը կը թոյլատրէ որ շարունակէ ծառայել որպէս Եհովայի Վկայ,– այն կենցաղը որ ընտրեց աւելի քան 60 տարի առաջ։

Քարոզչութեան մէջ Էլին կ’ընդօրինակէ Պօղոս առաքեալը, որ իր արգելափակուած տան մէջ կը քարոզէր բոլոր այցելուներուն։ (Գործք 28։16, 30-31) Էլին ծերանոցին մէջ ամէն պատեհութիւն կ’օգտագործէ Աստուածաշունչի բովանդակած բարի լուրը ներկայացնելու մաքրութեան հոգ տանողներուն, ատամնաբոյժներուն, բժիշկներուն, վարսայարդարներուն, հիւանդապահուհիներուն եւ անոնց որ կը հանդիպի։ Ժամանակ առ ժամանակ, Էլինի ժողովքէն հաւատակիցներ կը հրաւիրեն իրենց Աստուածաշունչի աշակերտները որ իրեն այցելեն, որպէսզի իր գիտութենէն ու փորձառութենէն օգտուին։

Էլինի ժողովքին անդամները կը գնահատեն իր զուարթամտութիւնն ու հարցասիրութիւնը։ Հաւատակից մը կ’ըսէ. «Ան ժողովքի գործունէութիւններուն հետ քայլ պահելու հիանալի կարողութիւն մը ունի։ Ան բոլոր երախաներուն եւ նոր փոխադրուող անհատներուն անունները կը յիշէ»։ Էլին նաեւ հանրածանօթ է իր հիւրասիրութեամբ, սրախօսութեամբ եւ լաւատեսութեամբ։

Ի՞նչ բան Էլինի կ’օգնէ իր ուրախութիւնը պահելու եւ իր կեանքի նպատակին վրայ կեդրոնացած մնալու։ Ան իւրաքանչիւր օր համար մը կը կարդայ՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ հրատարակուած Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկէն։ Խոշորացոյցի օգնութեամբ, ան նաեւ ամէն օր Աստուածաշունչէն հատուած մը կը կարդայ։ Ան Եհովայի Վկաներու շաբաթական ժողովներու նիւթերը աչքէ կ’անցընէ, եւ քանի որ ֆիզիքապէս անկարող է անոնց ներկայ գտնուելու, ժողովներուն ձայնագրութիւնները մտիկ կ’ընէ։ Արդարեւ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր տարիքը, Աստուածաշունչը եւ անոր վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները կանոնաւորաբար կարդալը եւ քրիստոնէական ժողովները չլքելը կրնան մեզի օգնել գոհացուցիչ ու նպատակալից կեանք մը վարելու։—Սաղմոս 1։2. Եբրայեցիս 10։24, 25