Ճշմարտախօսութիւնը միայն ուրիշներէ՞ն կ’ակնկալուի
Ճշմարտախօսութիւնը միայն ուրիշներէ՞ն կ’ակնկալուի
«ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ կ’ատեմ, նաեւ կ’ատեմ որ մէկը ինծի սուտ խօսի», բացագանչեց 16 տարեկան պատանուհի մը։ Մեր մեծամասնութիւնը նոյն կերպով կը զգայ։ Կ’ուզենք որ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւնները, բերանացի թէ գրաւոր, ճշմարիտ ըլլան։ Բայց երբ մե՛նք ուրիշներուն տեղեկութիւն մը պիտի հաղորդենք, ճշմարտութիւնը կ’ըսե՞նք։
Գերմանիոյ մէջ կատարուած փորձագիտանքի մը մէջ, մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը ըսաւ թէ «մենք մեզ կամ ուրիշները վնասէ պաշտպանելու համար՝ աննշան հարցերու մէջ ստելը արտօնելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ է, որպէսզի մարդիկ կարենան իրարու հետ համերաշխ ըլլալ»։ Իսկ լրագրող մը գրեց. «Միշտ ու միայն ճշմարտութիւնը խօսիլը ազնիւ իտէալ մըն է, բայց՝ ձանձրացուցիչ»։
Կրնա՞յ ըլլալ որ կը նախընտրենք որ ուրիշներ միշտ ճշմարտութիւնը խօսին, իսկ մենք երբեմն որոշ պատճառներով ճշմարտութիւնը չխօսինք։ Ճշմարտախօս ըլլալը կամ չըլլալը տարբերութիւն կ’ընէ՞։ Սուտեր խօսելուն հետեւանքները ի՞նչ են։
Ստութեան գործած աւերները
Նկատի առ թէ ճշմարտութիւնը չխօսիլը ի՛նչ վնասներ կը պատճառէ։ Անճշդութիւնը կողակիցներու եւ ընտանիքի անդամներուն միջեւ անվստահութիւն կը յառաջացնէ։ Անհիմն բամբասանքը անհատի մը համբաւը կը կործանէ։ Գործաւորներուն խարդախութիւնները հաստատութիւններուն ծախսերը կ’աւելցնեն, արտադրութիւնները աւելի սուղ դարձնելով։ Սխալ տեղեկութիւններ ներկայացնելով տուրքերէ խուսափիլը պատճառ կ’ըլլայ որ կառավարութիւններ չկարենան հարկ եղած հանրային ծառայութիւնները հայթայթել։ Հետազօտիչներու կեղծ տեղեկագիրները, իրենց խոստմնալից ասպարէզը կը քանդեն եւ յարգալից հիմնարկներու համբաւը կ’աւրեն։ Արագօրէն հարստանալու անպարկեշտ ծրագիրները, դիւրախաբ շահարկուներու խնայողութիւնները կը կողոպտեն կամ աւելի գէշ վնասներ կը հասցնեն։ Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Եհովա Աստուծոյ զզուելի եղող բաներուն մէջ կան՝ «ստախօս լեզու» եւ «ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ»։—Առակաց 6։16-19
Լայնատարած կերպով ստելը կրնայ թէ՛ անհատներուն եւ թէ ամբողջ ընկերութեան վնաս հասցնել։ Քիչեր պիտի առարկեն այս իրողութեան։ Ուստի մարդիկ ինչո՞ւ դիտումնաւոր կերպով ճշմարտութիւնը չեն խօսիր։ Իսկ շիտակ չեղող բաներ ըսելը մի՞շտ սուտ խօսիլ է։ Այս եւ այլ հարցումներու պատասխանները կը գտնուին Դիտարան 1 Փետրուար 2007 թիւին մէջ, էջ 4-7 (Անգլերէն)։
[Նկար՝ էջ 3]
Անճշդութիւնը կողակիցներուն միջեւ անվստահութիւն կը յառաջացնէ