Սորվեցուր ի՛նչ որ Աստուածաշունչը իրապէս կը սորվեցնէ
Սորվեցուր ի՛նչ որ Աստուածաշունչը իրապէս կը սորվեցնէ
«Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19, 20
1. Աստուածաշունչի մատչելիութեան մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։
ԵՀՈՎԱՅԻ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը աշխարհի մէջ ամենահին եւ ամենաշատ բաշխուած գիրքերէն մէկն է։ Առնուազն անոր մէկ մասը թարգմանուած է աւելի քան 2,300 լեզուներու։ Երկրի բնակչութեան աւելի քան 90 տոկոսը զայն իր մայրենի լեզուով ունի։
2, 3. (ա) Աստուածաշունչի ուսուցումներուն շուրջ ինչո՞ւ շփոթութիւն կայ։ (բ) Ո՞ր հարցումները նկատի պիտի առնենք։
2 Միլիոնաւորներ ամէն օր Աստուածաշունչէն հատուած մը կը կարդան։ Ոմանք զայն կողքէ կողք քանի մը անգամ կարդացած են։ Հազարաւոր կրօնական խումբեր կը դաւանին թէ իրենց ուսուցումները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են, բայց անոնք տարակարծիք են թէ ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Իսկ նոյն կրօնքի անդամներուն միջեւ մեծ տարակարծութիւնները կ’աւելցնեն շփոթութիւնը։ Ոմանք Աստուածաշունչին, անոր ծագման ու արժէքին շուրջ կասկածներ ունին։ Շատեր զայն կը նկատեն սուրբ գիրք մը, պարզապէս անով ուխտեր ընելու կամ դատարանին մէջ երդում ընելու համար։
3 Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ զօրեղ խօսքը կամ պատգամը կը բովանդակէ։ (Եբրայեցիս 4։12) Հետեւաբար, որպէս Եհովայի Վկաներ կ’ուզենք որ մարդիկ գիտնան Աստուածաշունչի սորվեցուցած բաները։ Ուրախութեամբ կը կատարենք այն յանձնարարութիւնը որ Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն տուաւ, երբ ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Մեր հանրային ծառայութեան մէջ պարկեշտամիտ անհատներ կը գտնենք, որոնք աշխարհի մէջ լայնատարած եղող կրօնական շփոթութեան համար վհատած են։ Անոնք կ’ուզեն մեր Ստեղծիչին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ եւ կը փափաքին սորվիլ թէ Աստուածաշունչը կեանքի իմաստին շուրջ ի՛նչ կ’ըսէ։ Այժմ նկատի առնենք շատեր հետաքրքրող երեք հարցումներ։ Իւրաքանչիւր պարագային, պիտի նշենք թէ կրօնական առաջնորդներ ի՛նչ սխալ բաներ կ’ըսեն, ապա վերաքաղ պիտի ընենք թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Հարցումներն են. (1) Աստուած մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է։ (2) Ինչո՞ւ հոս ենք։ (3) Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։
Աստուած մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է
4, 5. Մարդիկ ինչո՞ւ կը խորհին թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած չէ։
4 Սկսինք առաջին հարցումով. Աստուած մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է։ Դժբախտաբար շատեր կը խորհին թէ պատասխանը՝ ո՛չ է։ Անոնք ինչո՞ւ այսպէս կը խորհին։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ անոնք ատելութեամբ, պատերազմով ու տառապանքով լեցուն աշխարհի մը մէջ կ’ապրին։ Անոնք կը պատճառաբանեն. ‘Եթէ Աստուած իրապէս հետաքրքրուած ըլլար, վստահաբար այսպիսի ողբերգական բաներ պատահելուն արգելք պիտի հանդիսանար’։
5 Կրօնական առաջնորդներն ալ պատճառ եղած են որ մարդիկ խորհին թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած չէ։ Յաճախ կղերականներ ի՞նչ կ’ըսեն երբ ողբերգութիւն մը հարուածէ։ Կին մը ինքնաշարժի արկածով իր երկու երախաները կորսնցնելէ ետք, կղերականը անոր ըսաւ. «Աստուծոյ կամքն էր։ Աստուած յաւելեալ երկու հրեշտակներու կարիք ունէր»։ Այսպիսի արտայայտութիւններ ընելով, կղերականները Աստուած կը մեղադրեն տեղի ունեցած գէշ բաներուն համար։ Յոբայ 34։10
Սակայն Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ (Յակոբու 1։13) Եհովա Աստուած երբեք գէշ բաներ չի պատճառեր։ Արդարեւ, ‘քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով չարութիւն ըլլայ’։—6. Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող չարութեան ու տառապանքին ետին ո՞վ կայ։
6 Արդ, ինչո՞ւ շատ չարութիւն ու տառապանք կայ։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ Աստուած մերժած է որպէս Կառավարիչ, չուզելով անոր արդար օրէնքներուն ու սկզբունքներուն ենթարկուիլ։ Մարդիկ անգիտակցաբար հպատակած են Աստուծոյ Թշնամիին՝ Սատանայի, քանի որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Այս իրողութեան գիտակցելով, դիւրին է ըմբռնել թէ ինչո՛ւ գէշ պարագաներ գոյութիւն ունին։ Սատանան չար, ատելավառ, խաբեբայ ու անգութ է։ Իսկ աշխարհը իր կառավարիչին անձնաւորութիւնը արտացոլացնելով, զարմանալի չէ որ շա՜տ ամբարշտութիւն կայ։
7. Մեր տառապանքին կարգ մը պատճառները ի՞նչ են։
7 Մեր տառապանքին այլ պատճառ մըն է՝ մարդկային անկատարութիւնը։ Մեղաւոր մարդիկ տիրապետութեան համար պայքարելու հակում ունին, եւ ասիկա յաճախ պատերազմներ, հարստահարութիւն ու թշուառութիւն կը պատճառէ։ Ժողովողի 8։9–ն տեղին ըլլալով կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ Տառապանքին ուրիշ մէկ պատճառը՝ ‘ժամանակն ու դիպուածն’ է։ (Ժողովողի 9։11) Մարդիկ յաճախ աղէտներու կը հանդիպին, քանի որ սխալ ժամանակին՝ սխալ վայր մը կը գտնուին։
8, 9. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա իրապէս մեզմով հետաքրքրուած է։
8 Մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա տառապանք չի պատճառեր։ Բայց Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է մեր կեանքի անցուդարձերով։ Այո՛, եւ ասիկա ո՜րքան սրտապնդիչ է։ Գիտենք թէ Եհովա հետաքրքրուած է, քանի որ իր ներշնչեալ Խօսքը մեզի կ’ըսէ թէ ինչո՛ւ թոյլատրած է որ մարդիկ չար ընթացքի հետամուտ ըլլան։ Աստուծոյ պատճառները կը պարփակեն երկու հարց. իր գերիշխանութիւնը եւ մարդոց ուղղամտութիւնը։ Ամենակալ Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովա պարտաւորուած չէ մեզի ըսելու թէ ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։ Այսուհանդերձ ան մեզի կ’ըսէ, քանի որ մեզմով հետաքրքրուած է։
9 Նկատի առ յաւելեալ ապացոյց մը թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։ Երբ Նոյի օրերուն երկիրը չարութեամբ լեցուեցաւ, Ան «իր սրտին մէջ տրտմեցաւ»։ (Ծննդոց 6։5, 6) Աստուած ներկայիս տարբե՞ր կը զգայ։ Ո՛չ, քանի որ ան չի փոխուիր։ (Մաղաքեայ 3։6) Ան անիրաւութենէն կը զզուի եւ կ’ատէ տեսնել մարդոց տառապանքը։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուած մարդկային իշխանութենէն եւ Բանսարկուին ազդեցութենէն յառաջ եկած բոլոր վնասները շուտով պիտի յեղաշրջէ։ Ասիկա համոզիչ ապացոյց մը չէ՞ թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։
10. Եհովա մարդկային տառապանքին հանդէպ ի՞նչ կը զգայ։
10 Կրօնական առաջնորդներ Աստուած սխալ կերպով կը ներկայացնեն, երբ կ’ըսեն թէ ի՛ր կամքով աղէտներու կ’ենթարկուինք։ Ընդհակառակը, Եհովա կը տենչայ մարդկային տառապանքին վերջ դնել։ «Անիկա ձեզի համար կը հոգայ», կ’ըսէ Ա. Պետրոս 5։7–ն։ Ա՛յս է ինչ որ Աստուածաշունչը իրապէս կը սորվեցնէ։
Ինչո՞ւ հոս ենք
11. Աշխարհի կրօնքները յաճախ ի՞նչ կ’ըսեն երկրի վրայ մարդկային կեանքին մասին։
11 Այժմ նկատի առնենք շատերու հարց տուած երկրորդ հարցում մը. ինչո՞ւ հոս ենք։ Աշխարհի կրօնքները յաճախ կը պատասխանեն թէ մարդը միայն ժամանակաւորապէս երկրի վրայ է։ Անոնք երկրագունդը կը նկատեն կայան կամ ոտքար, ուրկէ մարդը կը մեկնի այլուր ապրելու։ Կարգ մը կղերականներ սխալ կերպով կ’ուսուցանեն թէ Աստուած օրին մէկը այս մոլորակը պիտի կործանէ։ Այս ուսուցումներուն պատճառաւ, շատեր եզրակացուցած են թէ նախընտրելի է կեանքէն լաւագոյնս օգտուիլ, քանի որ ի վերջոյ պիտի մեռնին։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ այս կէտին շուրջ։
12-14. Աստուածաշունչը երկրի ու մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ։
12 Աստուած երկրի ու մարդկութեան նկատմամբ սքանչելի նպատակ մը ունի։ Ան երկիրը «պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց»։ (Եսայեայ 45։18) Ասկէ զատ, Եհովա «հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի»։ (Սաղմոս 104։5) Երկրի ու մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին այս բաները սորվիլը կրնայ մեզի օգնել հասկնալու թէ ինչո՛ւ հոս ենք։
13 Ծննդոց առաջին ու երկրորդ գլուխները ցոյց կու տան թէ Եհովա բծախնդրաբար երկիրը պատրաստեց մարդուն բնակութեան համար։ Մեր երկրագունդը պարփակող ստեղծագործական ժամանակաշրջանին վերջաւորութեան, ամէն բան «շատ բարի» էր։ (Ծննդոց 1։31) Աստուած առաջին մարդն ու կինը, Ադամն ու Եւան, Եդեմի գեղեցիկ պարտէզին մէջ դրաւ եւ անոնց առատ ուտելիք հայթայթեց։ Առաջին մարդկային զոյգին ըսուեցաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք»։ Անոնք կատարեալ զաւակներ պիտի ունենային, իրենց պարտիզանման բնակարանին սահմանները պիտի ընդարձակէին եւ սիրալիրօրէն անասուններուն վրայ պիտի տիրէին։—Ծննդոց 1։26-28
14 Եհովայի նպատակն է որ մարդկային կատարեալ ընտանիք մը յաւերժ երկրի վրայ ապրի։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Արդարեւ մարդը ստեղծուեցաւ որպէսզի դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելէ։ Ա՛յս է Աստուծոյ նպատակը եւ ի՛նչ որ Աստուածաշունչը իրապէս կը սորվեցնէ։
Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
15. Աշխարհի կրօնքներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչ կը պատասխանէ այն հարցումին՝ թէ մեզի ի՛նչ կը պատահի երբ կը մեռնինք։
15 Այժմ քննարկենք շատերը հետաքրքրող երրորդ հարցում մը. ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ Աշխարհի կրօնքներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ թէ մարդուն մարմինը մեռնելէն ետք, անոր ներսիդին եղող բան մը կը շարունակէ
գոյատեւել։ Կրօնական կարգ մը խումբեր տակաւին կառչած են այն գաղափարին թէ Աստուած չարերը կը պատժէ, զանոնք կրակոտ դժոխքի մէջ յաւիտենական չարչարանքի ենթարկելով։ Բայց ճշմարտութիւնը ա՞յս է։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ մահուան մասին։16, 17. Աստուածաշունչին համաձայն, մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է։
16 Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ»։ Որովհետեւ մեռելները «բան մը չեն գիտեր», ուրեմն ո՛չ կը լսեն, ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը խօսին, ո՛չ կը զգան, ո՛չ ալ կը մտածեն։ Անոնք հարկաւ այլեւս վարձք չեն առներ, քանի որ որեւէ գործ չեն կրնար կատարել։ Ասկէ զատ, «թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցան», քանի որ ո՛չ մէկ յուզում կրնան արտայայտել։—Ժողովողի 9։5, 6, 10
17 Այս նիւթին շուրջ Աստուածաշունչին ըսածը պարզ ու յստակ է,– մեռելները չեն շարունակեր ուրիշ տեղ մը ապրիլ։ Չկայ բան մը որ մահուան ատեն մեր մարմինը կը ձգէ եւ կը շարունակէ ապրիլ, որպէսզի ուրիշ մարմնով վերածնի, ինչպէս կ’ըսեն հոգեփոխութեան հաւատացողները։ Կրնանք այս կէտը սա կերպով լուսաբանել. մեր վայելած կեանքը կը նմանի մոմի մը բոցին։ Երբ բոցը մարի, ուրիշ տեղ մը չ’երթար, այլ պարզապէս կ’անհետանայ։
18. Աստուածաշունչի աշակերտ մը սորվելով թէ մեռելները անգիտակից են, ի՞նչ եզրակացութիւններու կրնայ յանգիլ։
18 Պահ մը խորհէ թէ այս պարզ բայց զօրաւոր ճշմարտութենէն ի՛նչ կրնանք հետեւցնել։ Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը կը սորվի թէ մեռելները անգիտակից են, դիւրաւ կրնայ եզրակացնել թէ իր մեռած նախահայրերը իրենց կեանքի տեւողութեան ո՛րքան ալ ոխակալ եղած ըլլան, չեն կրնար զինք նեղացնել։ Ան նաեւ շուտով կ’ըմբռնէ թէ իր սիրելի ննջեցեալները այլեւս չեն կրնար լսել, խօսիլ, զգալ կամ մտածել։ Հետեւաբար կարելի չէ որ անոնք քաւարանին մէջ անտանելի առանձնութիւն ունենան կամ կրակոտ վայրի մը մէջ չարչարուին։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղող մեռելները պիտի յարուցանուին։ Ի՜նչ սքանչելի յոյս։—Յովհաննու 5։28, 29
Նոր գիրք մը՝ մեր գործածութեան համար
19, 20. Որպէս Քրիստոնեաներ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ո՞ր օգնական հրատարակութիւնը յատկապէս ծրագրուած է մեր ծառայութեան մէջ գործածուելու համար։
19 Շատերու կողմէ հարց տրուած միայն երեք հարցումներ նկատի առինք։ Իւրաքանչիւր պարագային, Աստուածաշունչի սորվեցուցածը յստակ եւ ուղղակի է։ Ի՜նչ ուրախութիւն է այս ճշմարտութիւնները հաղորդել անոնց, որոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Բայց տակաւին կան կարեւոր հարցումներ, որոնց գոհացուցիչ պատասխանները կ’որոնեն պարկեշտամիտ անհատները։ Որպէս Քրիստոնեաներ, պատասխանատուութիւն ունինք անոնց օգնելու որ պատասխանները գտնեն։
20 Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը յստակ ու սրտին խօսող կերպով սորվեցնելը մարտահրաւէր է։ Այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» գիրք մը պատրաստած է, յատկապէս մեր գործածութեան համար՝ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։ (Մատթէոս 24։45-47) Այս 224 էջնոց գրքին խորագիրն է՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։
21, 22. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին կարգ մը ուշագրաւ երեսակները ի՞նչ են։
21 2005/2006–ին, Եհովայի Վկաներու «Աստուծոյ հնազանդիլ» բնաբանով նահանգային համաժողովներուն լոյս տեսած այս գիրքը ուշագրաւ երեսակներ ունի։ Օրինակ, անոր հինգ էջնոց նախաբանը, Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար շատ օգտակար
փաստած է ըլլալ։ Հաւանաբար դիւրին պիտի գտնես նախաբանին պատկերներն ու համարները քննարկելը։ Կրնաս նաեւ այս հատուածին տեղեկութիւնները գործածել, աշակերտներուն ցոյց տալու թէ ի՛նչպէս կրնան գտնել Աստուածաշունչի գլուխներն ու համարները։22 Այս գիրքը պարզ ու յստակ ոճով գրուած է։ Ջանք թափուած է աշակերտին սրտին հասնելու, զինք կարելի եղածին չափ միջամուխ ընելով։ Իւրաքանչիւր գլուխ ունի բացման հարցումներ եւ «Աստուածաշունչի սորվեցուցած կէտերը» խորագրով շրջանակ մը, որ այդ հարցումներուն աստուածաշնչական պատասխանները կը բովանդակէ։ Գրքին գեղեցիկ պատկերները, խորագիրներն ու օրինակները, աշակերտին պիտի օգնեն որ նոր գաղափարները ըմբռնէ։ Թէեւ գրքին գլուխները պարզ ոճով գրուած են, բայց անոր յաւելուածը քեզի թոյլ պիտի տայ որ 14 կարեւոր նիւթեր խոր կերպով քննարկես, եթէ աշակերտը յաւելեալ տեղեկութիւններ պահանջէ։
23. Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու նկատմամբ ի՞նչ թելադրութիւններ ներկայացուած են։
23 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ծրագրուած է մեզի օգնելու որ ուսման տարբեր մակարդակներ եւ կրօնական այլազան ենթահողեր ունեցող մարդոց սորվեցնենք։ Եթէ աշակերտ մը Աստուածաշունչի մասին ոչինչ գիտէ, գլուխ մը ծածկելը կրնայ մէկ նիստէ աւելի պահանջել։ Տեղեկութիւնները արագօրէն մի՛ քննարկեր, այլ ջանա՛ աշակերտին սրտին հասնիլ։ Եթէ ան գրքին նշած մէկ օրինակը չհասկնայ, զայն բացատրէ կամ ուրիշ լուսաբանութիւն մը գործածէ։ Լաւ նախապատրաստուէ, գիրքը ազդուօրէն գործածելու համար լաւագոյնդ ըրէ, եւ աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրէ, որպէսզի կարենաս «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»։—Բ. Տիմոթէոս 2։15
Թանկագին առանձնաշնորհումներուդ համար երախտապարտ եղիր
24, 25. Եհովա իր ժողովուրդին ի՞նչ թանկարժէք առանձնաշնորհումներ տուած է։
24 Եհովա իր ժողովուրդին անգին առանձնաշնորհումներ տուած է։ Ան մեզ կարող դարձուցած է որ իր մասին ճշմարտութիւնը սորվինք։ Այս առանձնաշնորհումը երբեք թեթեւի պէտք չէ առնենք։ Արդարեւ Աստուած իր նպատակները ամբարտաւաններէ ծածկած է եւ խոնարհներու յայտնած է։ Այս առնչութեամբ, Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր»։ (Մատթէոս 11։25) Տիեզերքի Գերիշխանին՝ Եհովայի խոնարհ ծառաներուն շարքին դասուիլը հազուագիւտ պատիւ մըն է։
25 Աստուած նաեւ մեզի տուած է՝ իր մասին ուրիշներուն սորվեցնելու առանձնաշնորհումը։ Մտաբերէ թէ իր մասին սուտ բաներ սորվեցնողները, զինք սխալ կերպով ներկայացուցած են։ Ուստի շատեր Եհովայի մասին բոլորովին սխալ տպաւորութիւն մը ունին, խորհելով թէ անտարբեր ու կարծրասիրտ է։ Կը կամենա՞ս ու կը տենչա՞ս թիւրիմացութիւնը սրբագրել։ Կ’ուզե՞ս որ ամէնուրեք պարկեշտամիտ անհատներ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնան։ Ուրեմն ամէն գնով Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութիւնդ ապացուցանէ, նախանձախնդրաբար քարոզելով եւ ուրիշներուն սորվեցնելով ի՛նչ որ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն կենսական նիւթերու շուրջ։ Ճշմարտութիւն որոնողները պէտք է գիտնան թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։
Ի՞նչ են պատասխաններդ
• Ի՞նչպէս գիտենք թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։
• Ինչո՞ւ երկրի վրայ ենք։
• Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։
• Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին ո՞ր երեսակները յատկապէս կը գնահատես։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 5]
Արդարները Դրախտին մէջ յաւիտեան պիտի ապրին
[Նկարին աղբիւրները]
Top right, girl: © Bruno Morandi/age fotostock; left, woman: AP Photo/Gemunu Amarasinghe; bottom right, refugees: © Sven Torfinn/Panos Pictures
[Նկար՝ էջ 6]
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ տառապանքը վերջ պիտի գտնէ