Օգնէ ուրիշներուն որ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հնազանդին
Օգնէ ուրիշներուն որ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հնազանդին
«Աղէկ հողի մէջ ցանուածը անոնք են՝ որ բարի եւ յօժար սրտով լսելով խօսքը՝ կ’ընդունին ու համբերութիւնով պտուղ կու տան»։—ՂՈՒԿԱՍ 8։15
1, 2. (ա) Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը ի՞նչ նպատակով ծրագրուած է։ (բ) Վերջին տարիներուն, Եհովա ի՞նչպէս օրհնած է աշակերտելու իր ժողովուրդին ջանքերը։
«ԳԻՐՔԸ իսկապէս հիանալի է։ Աշակերտներս եւ ես կը սիրենք զայն։ Անիկա կարելի կը դարձնէ որ մարդոց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսինք նոյնիսկ իրենց դրան սեմին»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Եհովայի Վկայ լիաժամ ռահվիրայ մը, Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին մասին։ * Նոյն հրատարակութեան ակնարկելով, Թագաւորութեան տարեց հրատարակիչ մը նշեց. «Ծառայութեան մէջ 50 տարիէ ի վեր գործունեայ ըլլալով, առանձնաշնորհում ունեցած եմ շատ մը մարդոց օգնելու որ ճանչնան Եհովան։ Բայց կ’ուզեմ ըսել թէ այս հրատարակութիւնը յատկանշական է։ Անոր ազդեցիկ օրինակներն ու լուսաբանութիւնները շա՜տ հաճելի են»։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին հանդէպ նոյնպէս կը զգա՞ս։ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող այս հրատարակութիւնը ծրագրուած է քեզի օգնելու որ Յիսուսի պատուէրը կատարես. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։—Մատթէոս 28։19, 20
2 Անկասկած Եհովայի սիրտը կը հրճուի երբ կը տեսնէ շուրջ 6,6 միլիոն Վկաներ սիրայօժար կը հնազանդին աշակերտելու Յիսուսի հրահանգին։ (Առակաց 27։11) Իսկ բացայայտ է թէ Եհովա անոնց ջանքերը կ’օրհնէ։ Օրինակ, 2005–ին, բարի լուրը 235 երկիրներու մէջ քարոզուեցաւ, եւ միջին հաշուով 6,061,500 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան։ Որպէս արդիւնք, շատեր ‘Աստուծոյ խօսքը լսեցին ու զայն ընդունեցին, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13) Անցեալ երկու տարիներու ընթացքին, աւելի քան կէս միլիոն նոր աշակերտներ իրենց կեանքը Եհովայի չափանիշներուն ենթարկելով՝ նուիրուեցան։
3. Այս յօդուածին մէջ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին գործածութեան շուրջ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։
3 Վերջերս անհատի մը հետ Աստուածաշունչի Ղուկաս 8։11-15) Այժմ նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնաս Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածել աշակերտելու գործին մէջ։ Մեր քննարկումը պիտի շօշափէ երեք հարցում. (1) Ի՞նչպէս կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ (2) Ուսուցման ի՞նչ մեթոտներ աւելի ազդեցիկ են։ (3) Ի՞նչպէս կրնաս օգնել անհատի մը որ ո՛չ միայն աշակերտ, այլ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչի ուսուցիչ ըլլայ։
ուսումնասիրութիւն վարելու ուրախութիւնը վայելա՞ծ ես։ Համայն աշխարհի մէջ, տակաւին «բարի եւ յօժար սրտով» մարդիկ կան, որոնք Աստուծոյ խօսքը լսելով՝ «կ’ընդունին ու համբերութիւնով պտուղ կու տան»։ (Ի՛նչպէս կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ
4. Ինչո՞ւ ոմանք կը վարանին Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու, եւ ի՞նչպէս կրնաս օգնել որ իրենց դժկամութիւնը յաղթահարեն։
4 Եթէ քեզի ըսուէր որ մէկ ցատկով գետակ մը կտրէիր, հաւանաբար առաջարկը մերժէիր։ Բայց եթէ իրարու մօտ զետեղուած ոտնդիր քարեր ըլլային, շատ հաւանաբար փորձէիր գետակը կտրել։ Նմանապէս, զբաղած անհատ մը կրնայ վարանիլ Աստուածաշունչը սերտելու, խորհելով թէ ուսումնասիրութիւնը շատ ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ։ Ի՞նչպէս կրնաս օգնել որ իր դժկամութիւնը յաղթահարէ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին հիման վրայ շարք մը համառօտ, տեղեկատու քննարկումներ ընելով, կրնաս տանտէրը առաջնորդել որ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար սերտէ։ Եթէ լաւ նախապատրաստուիս, իւրաքանչիւր վերայցելութիւն ոտքար մը պիտի ըլլայ որ անհատը Եհովայի հետ բարեկամութիւն զարգացնէ։
5. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը պէտք է կարդաս։
5 Սակայն անհատի մը օգնելէ առաջ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքէն օգտուի, գրքին լիովին քաջածանօթ պէտք է ըլլաս։ Գիրքը կողքէ կողք կարդացա՞ծ ես։ Զոյգ մը իրենց արձակուրդին ընթացքին սկսան գիրքը կարդալ, երբ ծովափը կը հանգստանային։ Զբօսաշրջիկներուն իրեր ծախող տեղացի կին մը իրենց մօտենալով՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ խորագիրը նշմարեց։ Ան զոյգին ըսաւ որ միայն քանի մը ժամ առաջ, աղօթքով այդ հարցումը Աստուծոյ ուղղեց ու պատասխան մը խնդրեց։ Զոյգը ուրախութեամբ գրքէն օրինակ մը տուաւ կնոջ։ ‘Ժամանակը ծախու առա՞ծ ես’ այս հրատարակութիւնը կարդալու համար, թերեւս երկրորդ անգամ ըլլալով, սպասման սենեակի մէջ կամ դադարի պահերուն՝ գործի կամ դպրոցի մէջ։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Եթէ այսպէս ընես, Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող այս հրատարակութեան քաջածանօթ պիտի դառնաս եւ անոր բովանդակութեան մասին ուրիշներու խօսելու պատեհութիւններ պիտի ստեղծես։
6, 7. Ի՞նչպէս կրնաս Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։
6 Երբ հանրային ծառայութեան մէջ գիրքը կը ներկայացնես, էջ 4-6–ի պատկերները, համարներն ու հարցումները օգտագործէ։ Օրինակ, կրնաս խօսակցութիւն մը սկսիլ, հարցնելով. «Այսօր մարդոց դիմագրաւած բազմաթիւ խնդիրներուն ի տես, ի՞նչ բան կը խորհիս որ ուղղութեան վստահելի աղբիւր է»։ Անհատին պատասխանը ուշի–ուշով մտիկ ընելէ ետք, կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ն եւ բացատրէ թէ Աստուածաշունչը մարդկութեան խնդիրներուն իսկական լուծում մը կը նշէ։ Ապա տանտիրոջ ուշադրութեան յանձնէ 4 եւ 5–րդ էջերը ու հարցուր. «Հոս նկարագրուած ո՞ր վիճակը մեծապէս քեզ կը նեղացնէ»։ Երբ տանտէրը մատնանշէ հատ մը, թոյլ տուր որ գիրքը ինք բռնէ, մինչ Աստուածաշունչդ կը բանաս ու յարակից համարը կը կարդաս։ Յետոյ, 6–րդ էջը կարդա՛ եւ տանտիրոջ հարցուր. «Այս էջին վարը նշուած վեց հարցումներէն ո՞ր հարցումին պատասխանը կ’ուզես ստանալ»։ Երբ անհատը հարցում մը ընտրէ, ցոյց տուր այն գլուխը որ հարցումին կը պատասխանէ, գիրքը իրեն հետ ձգէ ու հաստատ կարգադրութիւն ըրէ վերայցելելու եւ այդ հարցումը քննարկելու։
7 Վերոնշեալ ներկայացումը շուրջ հինգ վայրկեան կը տեւէ։ Սակայն այդ միջոցին, տանտիրոջ մտահոգութիւնները պիտի զատորոշես, երկու համար պիտի կարդաս ու կիրարկես, եւ ճամբան պիտի հարթես վերայցելութեան։ Կարճ խօսակցութիւնդ կրնայ տանտիրոջ շա՜տ քաջալերական ու մխիթարական ըլլալ։ Որպէս արդիւնք, նոյնիսկ բազմազբաղ անհատը հաւանաբար փափաքի մի քանի վայրկեան հետդ կրկին խօսիլ, մինչ իրեն կ’օգնես որ սկսի քալել ‘դէպի կեանք տանող ճամբուն մէջ’։ (Մատթէոս 7։14) Ժամանակի ընթացքին, տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը աւելնալով, ուսումնասիրութեան տեւողութիւնը պէտք է երկարել։ Ասիկա կարելի է իրագործել՝ առաջարկելով նստիլ ու սերտել որոշ եւ աւելի երկար ժամանակի մը մէջ։
Ուսուցման յաջող մեթոտներ
8, 9. (ա) Ի՞նչպէս կրնաս Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնել որ իր դիմագրաւելիք փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլէ։ (բ) Զօրաւոր հաւատք կերտելու համար, ո՞ւր կարելի է գտնել կրակի դիմացող նիւթեր։
8 Երբ անհատ մը սկսի Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հնազանդիլ, հաւանաբար իր յառաջդիմութեան արգելք հանդիսացող խոչընդոտներու հանդիպի։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Պօղոս այս փորձութիւնները նմանցուց կրակի մը, որ կրնայ շինարարական ցածորակ նիւթեր փճացնել, բայց անվնաս կը ձգէ ոսկին, արծաթն ու պատուական քարերը։ (Ա. Կորնթացիս 3։10-13. Ա. Պետրոս 1։6, 7) Կրակի դիմացող նիւթերով պէտք է շինես, որպէսզի Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնես որ իր դիմագրաւելիք փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլելու հարկ եղած յատկութիւնները մշակէ։
9 Սաղմոսերգուն «Տէրոջը խօսքերը» կը նմանցնէ «հողէ բովքի մէջ զտուած, եօթը անգամ մաքրուած արծաթի»։ (Սաղմոս 12։6) Արդարեւ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ բոլոր թանկագին նիւթերը, որոնցմով կարելի է զօրաւոր հաւատք կերտել։ (Սաղմոս 19։7-11. Առակաց 2։1-6) Իսկ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը քեզի կ’օգնէ Սուրբ Գրութիւնները ազդուօրէն գործածելու։
10. Ի՞նչպէս կրնաս աշակերտին ուշադրութիւնը Աստուածաշունչին վրայ կեդրոնացնել։
10 Ուսումնասիրութեան ընթացքին, աշակերտին ուշադրութիւնը կեդրոնացուր գլուխին բովանդակած համարներուն վրայ։ Հարցումներ ուղղելով՝ աշակերտին օգնէ որ գլխաւոր համարները հասկնայ եւ անձնապէս կիրարկէ։ Զգոյշ եղիր որ անոր տեղը որոշումներ չկայացնես։ Փոխարէն, Յիսուսի օրինակին հետեւէ։ Երբ օրինական մը իրեն հարցում մը ուղղեց, Յիսուս պատասխանեց. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ Օրինականը Սուրբ Գրութիւններէն պատասխանեց, եւ Յիսուս անոր ցոյց տուաւ թէ ի՛նչպէս կրնար սկզբունքը կիրարկել։ Առակ մը տալով, Յիսուս նաեւ օգնեց անոր որ ըմբռնէ թէ ուսուցումը ի՛նչպէս պէտք է ազդէ իրեն։ (Ղուկաս 10։25-37) Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ճոխ է պարզ լուսաբանութիւններով, զորս կրնաս գործածել աշակերտին օգնելու որ աստուածաշնչական սկզբունքները իր անձին կիրարկէ։
11. Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան նիստին, ո՞րքան տեղեկութիւն պէտք է ծածկես։
11 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը Աստուծոյ Մատթէոս 7։28, 29) Անոր օրինակին հետեւէ։ Տեղեկութիւնները պարզ, յստակ ու ճշգրիտ կերպով փոխանցէ։ Դասը արագօրէն մի՛ ծածկեր, այլ աշակերտին պարագաներուն ու կարողութեան համաձայն որոշէ թէ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան նիստին քանի՛ պարբերութիւն պիտի քննարկես։ Յիսուս իր աշակերտներուն սահմանափակումները գիտնալով, զանոնք չբեռնաւորեց՝ հարկ եղածէն աւելի տեղեկութիւններ տալով։—Յովհաննու 16։12
Խօսքը բացատրելու համար, պարզ եւ ուղղակի լեզու կը գործածէ, ինչպէս Յիսուս պարզ խօսքերով բարդ գաղափարներ հաղորդեց։ (12. Յաւելուածը ի՞նչպէս պէտք է գործածել։
12 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը 14 նիւթերէ բաղկացած յաւելուած մը կը բովանդակէ։ Մտածէ թէ ի՛նչպէս կրնաս այս տեղեկութիւնները լաւագոյնս գործածել՝ աշակերտին կարիքներուն համաձայն։ Օրինակ, եթէ աշակերտ մը դժուարութիւն ունենայ նիւթ մը ըմբռնելու կամ իր նախկին հաւատալիքներուն պատճառաւ որոշ կէտերու շուրջ հարցումներ ուղղէ, թերեւս բաւարար է իր ուշադրութեան յանձնել յաւելուածին մէկ հատուածը եւ թոյլ տալ որ զայն առանձին նկատի առնէ։ Միւս կողմէ, աշակերտին կարիքները կրնան պահանջել որ նիւթը դո՛ւն իրեն հետ նկատի առնես։ Յաւելուածը կը բովանդակէ աստուածաշնչական հիմնական նիւթեր, ինչպէս՝ «‘Հոգի’ եւ ‘ոգի’ բառերը իրապէս ի՞նչ կը նշանակեն» եւ «‘Մեծ Բաբելոնը’ բնորոշել»։ Թերեւս ուզես այս նիւթերը քննարկել աշակերտիդ հետ։ Յաւելուածին նիւթերը տպուած հարցումներ չունենալով, հարկ կայ որ տեղեկութիւններուն քաջածանօթ ըլլաս, որպէսզի կարենաս իմաստալից հարցումներ ուղղել։
13. Հաւատքը ամրացնելու մէջ աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
13 «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները», կ’ըսէ Սաղմոս 127։1–ը։ Հետեւաբար, երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու կը պատրաստուիս, աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրէ։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան սկիզբը եւ աւարտին ներկայացուցած աղօթքներդ թող արտացոլացնեն Եհովայի հետ ջերմ յարաբերութիւնդ։ Քաջալերէ աշակերտը որ աղօթքով Եհովայէ խնդրէ իմաստութիւն՝ Իր Խօսքը հասկնալու, եւ զօրութիւն՝ խրատները գործադրելու համար։ (Յակոբու 1։5) Ասիկա ընելով, աշակերտը պիտի կարենայ փորձութիւններու տոկալ եւ պիտի շարունակէ հաւատքին մէջ արմատանալ։
Աստուածաշունչի աշակերտին օգնէ որ ուսուցիչ դառնայ
14. Աստուածաշունչի աշակերտները ի՞նչ յառաջդիմութիւն պէտք է իրագործեն։
14 Որպէսզի մեր Աստուածաշունչի աշակերտները հնազանդին «այն բոլոր բաներ»ուն, զորս Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց, անոնք պէտք է յառաջդիմեն ու Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչները դառնան։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 1։6-8) Ի՞նչպէս կրնաս աշակերտի մը օգնել որ այդ հոգեւոր յառաջդիմութիւնը իրագործէ։
15. Աստուածաշունչի աշակերտդ ինչո՞ւ պէտք է քաջալերես որ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուի։
Եբրայեցիս 10։24, 25) Երբ աշակերտը սկսի կանոնաւորապէս ժողովներու յաճախել, հաւանական է որ Աստուծոյ Խօսքի ուսուցիչ դառնայ։
15 Առաջին ուսումնասիրութենէն իսկ աշակերտը հրաւիրէ որ ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուի քու հետդ։ Բացատրէ թէ ժողովներուն միջոցաւ որպէս Աստուծոյ Խօսքի ուսուցիչ կը մարզուիս։ Քանի մը շաբաթ, իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան, մի քանի վայրկեան տրամադրէ նկարագրելու համար զանազան ժողովներու եւ համաժողովներու մէջ տրուած հոգեւոր ուսուցումի յայտագիրը։ Խանդավառօրէն խօսէ այն օգուտներուն մասին, զորս կը քաղես այս առիթներէն։ (16, 17. Աստուածաշունչի աշակերտը ի՞նչ հասանելի նպատակակէտեր կրնայ դնել։
16 Աստուածաշունչի աշակերտին օգնէ հասանելի նպատակակէտեր դնելու։ Օրինակ, զինք քաջալերէ որ իր սորվածը բարեկամի կամ ազգականի մը փոխանցէ։ Նաեւ թելադրէ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալու նպատակակէտը ունենալ։ Եթէ անոր օգնես որ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեան սովորութիւնը հաստատէ ու պահպանէ, ան իր մկրտութենէն ետք պիտի շարունակէ այս սովորութենէն օգտուիլ երկար ժամանակ։ Ասկէ զատ, ինչո՞ւ չթելադրես որ աշակերտը նպատակակէտ դնէ՝ յիշել առնուազն մէկ համար որ կը պատասխանէ բանալի հարցումի մը, որ նշուած է Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին իւրաքանչիւր գլուխին մէջ։ Այսպէս ընելով, ան պիտի ըլլայ «այնպիսի բանուոր մը . . . որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։—Բ. Տիմոթէոս 2։15
17 Փոխանակ աշակերտին սորվեցնելու որ պարզապէս համարներ անգիր ըսէ կամ անոնց հիմնական մասը նշէ, զինք քաջալերէ որ բացատրէ նիւթին յարակից համարները, մինչ կը պատասխանէ անոնց՝ որոնք իր հաւատքին մասին կը հարցնեն։ Կարճ փորձի նիստերը կրնան օգտակար ըլլալ, որոնց մէջ կրնաս ազգականի կամ գործընկերոջ մը դերը առնելով խնդրել որ իր հաւատալիքները բացատրէ։ Մինչ աշակերտը կ’արտայայտուի, ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» պատասխանել։—Ա. Պետրոս 3։15
18. Երբ Աստուածաշունչի աշակերտը չմկրտուած հրատարակիչ ըլլայ, իրեն ի՞նչ յաւելեալ օգնութիւն կրնաս տալ։
18 Ժամանակի ընթացքին, աշակերտը կրնայ որակեալ ըլլալ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու։ Ընդգծէ թէ այս գործին մէջ բաժին բերելը առանձնաշնորհում է։ (Բ. Կորնթացիս 4։1, 7) Երբ երէցները որոշեն թէ աշակերտը չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու որակեալ է, անոր օգնէ պարզ ներկայացում մը պատրաստելու եւ միասնաբար դաշտի ծառայութեան մասնակցեցէք։ Հանրային ծառայութեան զանազան երեսակներուն մէջ կանոնաւորաբար շարունակէ անոր հետ աշխատիլ, եւ սորվեցուր թէ ի՛նչպէս նախապատրաստուի ու ազդուօրէն վերայցելութիւններ ընէ։ Լաւ օրինակդ դրականօրէն պիտի ազդէ։—Ղուկաս 6։40
‘Փրկէ թէ՛ քեզ, թէ՛ քեզ լսողները’
19, 20. Ի՞նչ նպատակակէտ պէտք է ունենանք եւ ինչո՞ւ։
19 Անկասկած ծանր աշխատանք կը պահանջէ անհատի մը օգնելը որ ‘ճշմարտութիւնը ճանչնայ’։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Սակայն կեանքի քի՛չ ուրախութիւններ կարելի է համեմատել այն հաճոյքին հետ, որ յառաջ կու գայ երբ անհատի մը օգնենք Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հնազանդելու։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։19, 20) Արդարեւ, ի՜նչ առանձնաշնորհում է որ «Աստուծոյ գործակից ենք» այս աշխարհածաւալ դաստիարակչութեան մէջ։—Ա. Կորնթացիս 3։9
20 Յիսուս Քրիստոսի եւ հզօր հրեշտակներու միջոցաւ, մօտ ատենէն Եհովա հաշիւ պիտի պահանջէ անոնցմէ՝ «որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8) Կեանքեր վտանգի տակ են։ Կրնա՞ս նպատակակէտ դնել որ առնուազն Աստուածաշունչի տնային մէկ ուսումնասիրութիւն վարես, Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։ Այս գործին մասնակցելով, պատեհութիւն պիտի ունենաս ‘փրկելու թէ՛ քեզ, թէ՛ քեզ լսողները’։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16, ԱՎ) Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի հրատապ է օգնել ուրիշներուն որ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հնազանդին։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 1 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Ի՞նչ սորվեցար
• Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ի՞նչ նպատակով ծրագրուած է։
• Ի՞նչպէս կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։
• Ուսուցման ի՞նչ մեթոտներ յաջող են։
• Ի՞նչպէս կրնաս աշակերտի մը օգնել որ Աստուծոյ Խօսքի ուսուցիչ դառնայ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 10]
Այս գիրքը լաւ կերպով կը գործածե՞ս
[Նկար՝ էջ 9]
Համառօտ քննարկումը կրնայ աստուածաշնչական գիտութեան հանդէպ անհատին ախորժակը սրել
[Նկար՝ էջ 11]
Ի՞նչպէս կրնաս աշակերտին ուշադրութիւնը Աստուածաշունչին ուղղել
[Նկար՝ էջ 12]
Աստուածաշունչի աշակերտին օգնէ յառաջդիմելու