Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի անունը միասի՛ն բարձրացնենք

Եհովայի անունը միասի՛ն բարձրացնենք

Եհովայի անունը միասի՛ն բարձրացնենք

«Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը»։—ՍԱՂՄՈՍ 34։3

1. Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։

ՅԻՍՈՒՍ եւ իր առաքեալները, Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ի գիշերը, Երուսաղէմի մէկ տան վերնատան մէջ, Եհովան փառաբանող երգեցողութիւններ միասնաբար երգեցին։ (Մատթէոս 26։30) Յիսուս մարդը վերջին անգամ ըլլալով՝ իր առաքեալներուն հետ օրհներգեց, եւ պատշաճ էր որ այս կերպով հանդիպումը եզրափակէր։ Իր երկրային ծառայութեան սկիզբէն մինչեւ վերջը, Յիսուս իր Հայրը փառաբանեց եւ նախանձախնդրաբար անոր անունը ճանչցուց։ (Մատթէոս 4։10. 6։9. 22։37, 38. Յովհաննու 12։28. 17։6) Ան սաղմոսերգուին ջերմ հրաւէրը երկրորդեց. «Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը»։ (Սաղմոս 34։3) Հետեւելիք ի՜նչ ընտիր օրինակ։

2, 3. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Սաղմոս 34–ը մարգարէական նշանակութիւն ունի։ (բ) Այս յօդուածին ու յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Յիսուսի հետ օրհներգելէ քանի մը ժամ ետք, Յովհաննէս առաքեալ բոլորովին տարբեր իրադարձութեան մը ականատես եղաւ։ Ան տեսաւ թէ ի՛նչպէս իր Տէրը եւ երկու աւազակներ տանջանքի ցիցերու վրայ դրուեցան որ մեռնին, ապա Հռովմէացի զինուորներ աւազակներուն սրունքները կոտրեցին, անոնց մահը արագացնելու համար, բայց Յիսուսի սրունքները չկոտրեցին, քանի որ արդէն մահացած էր։ Իր Աւետարանին մէջ, Յովհաննէս նշեց թէ այս միջադէպը կը կատարէր Սաղմոս 34–ի մէկ հատուածը. «Անոր մէ՛կ ոսկորը պիտի չկոտրուի»։—Յովհաննու 19։32-36. Սաղմոս 34։20

3 Սաղմոս 34–ը Քրիստոնեաները հետաքրքրող բազմաթիւ կէտեր կը բովանդակէ։ Ուստի, այս յօդուածին ու յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք այն պարագաները, որոնց ներքեւ Դաւիթ սաղմոսը յօրինեց, եւ սաղմոսին բովանդակած քաջալերական կէտերը։

Դաւիթ Սաւուղէն կը փախչի

4. (ա) Դաւիթ ինչո՞ւ օծուեցաւ որպէս Իսրայէլի ապագայ թագաւոր։ (բ) Սաւուղ ինչո՞ւ սկսաւ Դաւիթը շատ ‘սիրել’։

4 Երբ Դաւիթ երախայ էր, Սաւուղ կը թագաւորէր Իսրայէլի մէջ։ Սակայն Սաւուղ անհնազանդ գտնուելով՝ Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուց, եւ Սամուէլ մարգարէն անոր ըսաւ. «Տէրը այսօր քու վրայէդ Իսրայէլի թագաւորութիւնը պատռեց ու զանիկա քեզմէ աղէկ եղող ընկերիդ տուաւ»։ (Ա. Թագաւորաց 15։28) Հետագային, Եհովա Սամուէլը ղրկեց որ Յեսսէի կրտսերագոյն որդին՝ Դաւիթը օծէ որպէս Իսրայէլի յաջորդ թագաւոր։ Մինչ այդ, Աստուծոյ հոգին կորսնցնելով՝ Սաւուղ թագաւոր անտրամադիր դարձաւ։ Հմուտ երաժիշտ մը ըլլալով՝ Դաւիթ Գաբաա բերուեցաւ որ թագաւորին ծառայէ, իսկ իր երաժշտութիւնը կը հանգստացնէր Սաւուղը, որ զինք «շատ սիրեց»։—Ա. Թագաւորաց 16։11, 13, 21, 23

5. Դաւիթի հանդէպ Սաւուղի կեցուածքը ինչո՞ւ փոխուեցաւ, իսկ Դաւիթ ստիպուեցաւ ի՞նչ ընել։

5 Ժամանակի ընթացքին, Եհովա ապացուցանեց որ Դաւիթի հետ էր։ Ան Դաւիթի օգնեց որ Փղշտացի հսկան՝ Գողիաթը սպաննէ եւ զինուորական քաջագործութիւններ կատարելով՝ Իսրայէլի մէջ հռչակաւոր դառնայ։ Սակայն Դաւիթի վրայ Եհովայի օրհնութիւնը տեսնելով՝ Սաւուղ նախանձեցաւ ու սկսաւ զինք ատել։ Երկու առիթով, երբ Դաւիթ Սաւուղի առջեւ քնար կը նուագէր, թագաւորը ուզեց զինք նիզակով զարնել, բայց Դաւիթ կրցաւ մէկդի քաշուիլ։ Երբ Սաւուղ զինք սպաննելու երրորդ փորձ մը կատարեց, Իսրայէլի ապագայ թագաւորը անդրադարձաւ որ իր կեանքը փրկելու համար՝ պէտք է փախչի։ Ի վերջոյ, զինք բռնելու ու սպաննելու Սաւուղի յարատեւ փորձերուն պատճառաւ, Դաւիթ որոշեց Իսրայէլի սահմաններէն դուրս ապաստան գտնել։—Ա. Թագաւորաց 18։11. 19։9, 10

6. Սաւուղ ինչո՞ւ սպաննել տուաւ Նոբի բնակիչները։

6 Իսրայէլի սահմանը ուղղուելու միջոցին, Դաւիթ Նոբ քաղաքը կանգ առաւ, ուր Եհովայի խորանը զետեղուած էր։ Ակներեւօրէն, փախստական Դաւիթի կ’ընկերակցէին երիտասարդներ, եւ ան ուզեց պաշար ապահովել։ Երբ Սաւուղ իմացաւ որ քահանայապետը Դաւիթի ու անոր մարդոց տուած է ուտելիք եւ Գողիաթի սուրը, զայրացաւ ու սպաննել տուաւ Նոբի բոլոր բնակիչները, ի ներառեալ՝ 85 քահանաներ։—Ա. Թագաւորաց 21։1, 2. 22։12, 13, 18, 19. Մատթէոս 12։3, 4

Մահէն դարձեալ խոյս տալ

7. Գէթ ինչո՞ւ Դաւիթի համար ապահով թաքստոց մը չէր։

7 Դաւիթ Նոբէն Փղշտացիներուն շրջանը ուղղուեցաւ՝ 40 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք, եւ Գողիաթի ծննդավայրին՝ Գէթի մէջ ապաստան գտաւ Անքուս թագաւորին քով, թերեւս խորհելով որ Սաւուղի մտքէն պիտի չանցնէր թէ զինք հոն փնտռէր։ Սակայն շուտով Անքուսի ծառաները Դաւիթը ճանչցան, ուստի ան «Գէթի թագաւորին Անքուսին երեսէն շատ վախցաւ»։—Ա. Թագաւորաց 21։10-12

8. (ա) Սաղմոս 56–ը մեզի ի՞նչ կ’ըսէ Գէթի մէջ Դաւիթի ունեցած փորձառութեան մասին։ (բ) Դաւիթ ի՞նչպէս մահէն հազիւ–հազ փրկուեցաւ։

8 Փղշտացիները Դաւիթը ձերբակալեցին։ Թերեւս այս միջոցին էր որ Դաւիթ սրտագին սաղմոսը յօրինեց, որուն մէջ Եհովայի աղաչեց. «Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր»։ (Սաղմոս 56։8 եւ մակագրութիւն) Այսպէս ան վստահութիւն յայտնեց թէ Եհովա իր վիշտը պիտի չմոռնար, այլ՝ սիրալիրօրէն զինք պիտի հոգար ու պաշտպանէր։ Դաւիթ նաեւ Փղշտացի թագաւորը խաբելու ծրագիր մը պատրաստեց։ Ան ինքզինք «խենթ» ձեւացնելով, Անքուս թագաւոր իր ծառաները յանդիմանեց ու զինք քաղաքէն դուրս վռնտեց։ Բացորոշ է որ Եհովա Դաւիթի ռազմավարութիւնը օրհնեց, եւ ան մահէն դարձեալ հազիւ–հազ փրկուեցաւ։—Ա. Թագաւորաց 21։13-15

9, 10. Դաւիթ ի՞նչ պատճառով Սաղմոս 34–ը յօրինեց, եւ թերեւս զորո՞նք ի մտի ունէր։

9 Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ Դաւիթի համակիրները իրե՛ն հետ Գէթի մէջ էին թէ Իսրայէլի մօտակայ գիւղերուն մէջ՝ զինք պաշտպանելու համար։ Յամենայն դէպս, ուրախ վերամիացում մը տեղի ունեցած ըլլալու էր, երբ Դաւիթ անոնց պատմեց թէ Եհովա ի՛նչպէս զինք վերստին ազատեց։ Այդ դէպքը Սաղմոս 34–ի հիմը կազմեց, ինչպէս մակագրութիւնը ցոյց կու տայ։ Սաղմոսին առաջին եօթը համարներուն մէջ, Դաւիթ Աստուած կ’օրհնաբանէ՝ զինք ազատելուն համար, եւ իր համակիրները կը հրաւիրէ որ միասնաբար Եհովան մեծարեն որպէս Իր ժողովուրդին Մեծ Ազատարարը։—Սաղմոս 34։3, 4, 7

10 Դաւիթ ու իր մարդիկը Իսրայէլի լեռնային շրջանի մը մէջ, Գէթէն շուրջ 15 քիլոմեթր դէպի արեւելք գտնուող Ոդողոմի քարայրը խոյս տուին։ Հոն իրենց միացան այն Իսրայելացիները, որոնք Սաւուղ թագաւորին իշխանութեան ներքեւ տիրող վիճակներէն դժգոհ էին։ (Ա. Թագաւորաց 22։1, 2) Երբ Դաւիթ Սաղմոս 34։8-22–ի խօսքերը յօրինեց, թերեւս զանոնք ի մտի ունէր։ Այս համարներուն բովանդակած յիշեցումները նաեւ մեզի համար կարեւոր են, եւ վստահաբար պիտի օգտուինք այս գեղեցիկ սաղմոսին մանրամասն քննարկումէն։

Դաւիթի գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ունի՞ս

11, 12. Յարատեւաբար Եհովան փառաբանելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

11 «Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ»։ (Սաղմոս 34։1) Վտարանդի մը ըլլալով, Դաւիթ բազմաթիւ նիւթական մտահոգութիւններ ունենալու էր, բայց ինչպէս այս խօսքերը ցոյց կու տան, իր առօրեայ հոգերը շուքի մէջ չձգեցին Եհովան օրհնաբանելու իր վճռականութիւնը։ Ի՜նչ ընտիր օրինակ մը մեզի, երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք։ Ըլլանք դպրոցը, գործատեղին, Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ կամ հանրային ծառայութեան մէջ, մեր մեծագոյն փափաքը պէտք է ըլլայ Եհովան փառաբանել։ Իսկ ասիկա ընելու անհամար պատճառներ ունինք։ Օրինակ, Եհովայի սքանչելի ստեղծագործութիւնը հետազօտելու եւ վայելելու սահման չկայ։ Նաեւ նկատի առ թէ ան իր կազմակերպութեան երկրային մասին միջոցաւ ի՜նչ բաներ իրագործած է։ Արդի ժամանակներուն Եհովա հզօր կերպով գործածած է հաւատարիմ մարդիկ, թէեւ անկատար են։ Աստուծոյ գործերը ո՜րքան կը տարբերին աշխարհի կողմէ աստուածացուած անհատներուն գործերէն։ Չե՞ս երկրորդեր Դաւիթի սա խօսքերը. «Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր եւ քու գործերուդ պէս չկայ»։—Սաղմոս 86։8

12 Դաւիթի նման, կը մղուինք յարատեւաբար Եհովան փառաբանելու՝ իր անբաղդատելի գործերուն համար։ Ասկէ զատ, կը խայտանք գիտնալով թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այժմ յանձնուած է Դաւիթի մնայուն Ժառանգորդին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ (Յայտնութիւն 11։15) Ասիկա կը նշանակէ թէ իրերու այս դրութեան վախճանը մօտ է։ Աւելի քան վեց միլիառ մարդոց յաւիտենական ապագան վտանգի մէջ է։ Աննախընթաց կարիք կայ ուրիշներուն իմացնելու Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին եւ թէ շուտով ի՛նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար ու անոնց օգնելու որ մեզի հետ Եհովան օրհնաբանեն։ Վստահաբար կեանքի մէջ մեր նախապատուութիւնը պէտք է ըլլայ՝ ամէն պատեհութիւն օգտագործել ուրիշները քաջալերելու որ այս «աւետարանը» կամ բարի լուրը ընդունին, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։—Մատթէոս 24։14

13. (ա) Դաւիթ ի՞նչպէս պարծեցաւ, եւ ի՞նչպիսի անհատներ ընդառաջեցին։ (բ) Ներկայիս ի՞նչպէս հեզերը քրիստոնէական ժողովքին կը մօտենան։

13 «Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։ Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան»։ (Սաղմոս 34։2) Հոս Դաւիթ որեւէ անհատական իրագործումով չէր պարծենար։ Օրինակ, ան Գէթի թագաւորը խաբելու իր կերպին համար չպարծեցաւ։ Ան գիտակցեցաւ թէ Գէթի մէջ զինք պաշտպանողը Եհովան էր, եւ թէ Ի՛ր օգնութեամբ կրցաւ փախչիլ։ (Առակաց 21։1) Ուստի Դաւիթ պարծեցաւ ո՛չ թէ իր անձով, այլ՝ Եհովայով։ Այս պատճառով, խոնարհները Եհովայի մօտեցան։ Նմանապէս, Յիսուս Եհովայի անունը մեծարեց, եւ ասիկա խոնարհ եւ ուսուցանուելու ընդունակ անհատները Իրեն մօտեցուց։ Ներկայիս, բոլոր ազգերէն հեզ անհատներ կ’ընկերակցին օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած միջազգային ժողովքին, որուն Գլուխը Յիսուս է։ (Կողոսացիս 1։18) Այս հեզերուն սիրտը կը տոգորուի, երբ կը լսեն Աստուծոյ անունը՝ իր խոնարհ ծառաներուն կողմէ փառաւորուած, եւ երբ կը լսեն Աստուածաշունչի պատգամը, զոր կ’ըմբռնեն Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ։—Յովհաննու 6։44. Գործք 16։14

Ժողովները մեր հաւատքը կ’ամրացնեն

14. (ա) Դաւիթ առանձնաբար Եհովան փառաբանելով գոհացա՞ւ։ (բ) Պաշտամունքի յատկացուած ժողովներու առնչութեամբ՝ Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

14 «Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը»։ (Սաղմոս 34։3) Դաւիթ չգոհացաւ Եհովան առանձնաբար փառաբանելով։ Ան ջերմօրէն իր ընկերակիցները հրաւիրեց որ միասնաբար Աստուծոյ անունը բարձրացնեն։ Նմանապէս, Յիսուս Քրիստոս՝ Մեծագոյն Դաւիթը, ուրախութեամբ Եհովան հանրապէս փառաբանեց,– տեղական ժողովարանին մէջ, տօներու ընթացքին՝ Երուսաղէմի տաճարին մէջ, եւ իր հետեւորդներուն ներկայութեան։ (Ղուկաս 2։49. 4։16-19. 10։21. Յովհաննու 18։20) Ի՜նչ ցնծալի առանձնաշնորհում է Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ ամէն առիթով Եհովան փառաբանել հաւատակիցներուն հետ, մանաւանդ հիմա՝ երբ ‘այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’։—Եբրայեցիս 10։24, 25

15. (ա) Դաւիթի փորձառութիւնը իր մարդոց վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։ (բ) Ժողովներուն յաճախելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

15 «Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց»։ (Սաղմոս 34։4) Այս փորձառութիւնը Դաւիթի համար կարեւոր էր։ Ուստի ան շարունակեց ըսել. «Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց»։ (Սաղմոս 34։6) Երբ հաւատակիցներու կ’ընկերակցինք, կրնանք շինիչ փորձառութիւններ պատմել, ցոյց տալով թէ Եհովա ի՛նչպէս մեզի օգնած է դժուար պարագաներու տոկալու։ Ասիկա անոնց հաւատքը կը զօրացնէ, ինչպէս Դաւիթի արտայայտութիւնները իր համակիրներուն հաւատքը զօրացուցին։ Դաւիթի պարագային, իր ընկերակիցները Եհովայի «նայեցան ու լոյս առին եւ անոնց երեսները չամչցան»։ (Սաղմոս 34։5) Թէեւ Սաւուղ թագաւորէն խոյս կու տային, բայց անոնք ամօթ չզգացին։ Անոնք վստահ էին թէ Աստուած Դաւիթի կ’աջակցէր, իսկ անոնց երեսները լուսափայլ էին։ Նոյնպէս, թէ՛ նորեկները եւ թէ երկար ատենէ ճշմարիտ Քրիստոնեայ եղողները զօրակցութեան համար Եհովայի կը դիմեն։ Անոր օգնութիւնը անձամբ շօշափելով, անոնց լուսափայլ դէմքերը կ’արտացոլացնեն հաւատարիմ մնալու իրենց վճռականութիւնը։

Հրեշտակային օգնութեան համար երախտապա՛րտ եղիր

16. Եհովա իր հրեշտակները ի՞նչպէս գործածած է մեզ ազատելու համար։

16 «Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ»։ (Սաղմոս 34։7) Դաւիթ Եհովայի ձեռքով իր ազատումը միայն իրեն սահմանափակուած բան մը չնկատեց։ Ճիշդ է որ ան Եհովայի օծեալը՝ Իսրայէլի ապագայ թագաւորն էր, բայց գիտէր որ Եհովա իր հրեշտակները կը գործածէ Իր բոլոր հաւատարիմ երկրպագուներուն հսկելու համար, ըլլան կարկառո՛ւն թէ աննշան։ Արդի ժամանակներուն, ճշմարիտ երկրպագուները նաեւ Եհովայի պաշտպանութիւնը վայելած են։ Նացի Գերմանիոյ մէջ,– ինչպէս նաեւ Անկոլայի, Մալաուիի, Մոզամպիկի եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ,– հեղինակութիւնները Եհովայի Վկաները բնաջնջելու արշաւներ կազմակերպեցին, բայց ի զուր։ Այդ երկիրներուն մէջ, Եհովայի ծառաները կը շարունակեն ուռճանալ, մինչ միասնաբար Աստուծոյ անունը կը բարձրացնեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա իր սուրբ հրեշտակները կը գործածէ՝ իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ առաջնորդելու համար։—Եբրայեցիս 1։14

17. Աստուծոյ հրեշտակները ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնեն։

17 Ասկէ զատ, Եհովայի հրեշտակները կրնան պարագաները այնպէս մը ուղղել, որ գայթակղութիւն պատճառողները Եհովայի ժողովուրդէն հեռացուին։ (Մատթէոս 13։41. 18։6, 10) Իսկ երբեմն թերեւս չենք անդրադառնար թէ հրեշտակները մէջտեղէն կը վերցնեն խոչընդոտներ, որոնք կրնան Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը խանգարել, եւ մեզ կը պաշտպանեն բաներէ, որոնք կրնան Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը վտանգել։ Ամենակարեւորը, անոնք մեզ կ’առաջնորդեն որ «յաւիտենական աւետիսը» յայտարարենք ամբողջ մարդկութեան, ի ներառեալ՝ ուր որ քարոզչութիւնը վտանգաւոր պայմաններու ներքեւ կը կատարուի։ (Յայտնութիւն 14։6) Հրեշտակային օգնութեան ապացոյցները յաճախ ներկայացուած են Եհովայի Վկաներու աստուածաշնչական հրատարակութիւններուն մէջ։ * Այս փորձառութիւնները ա՛յնքան բազմաթիւ են, որ կարելի չէ զանոնք զուգադիպութեան վերագրել։

18. (ա) Հրեշտակային օգնութենէն օգտուելու համար՝ մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

18 Հրեշտակներուն առաջնորդութենէն ու պաշտպանութենէն յարատեւ օգտուելու համար, պէտք է շարունակենք Եհովայի անունը բարձրացնել՝ նոյնիսկ հակառակութեան դիմաց։ Մտաբերէ թէ Աստուծոյ հրեշտակը միայն ‘Եհովայէ վախցողներուն շուրջը’ կը բանակի։ Ասկէ ի՞նչ կը հասկնանք։ Ի՞նչ է Աստուծոյ վախը եւ զայն ի՞նչպէս կրնանք մշակել։ Գորովալից Աստուած մը ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իրմէ վախնանք։ Այս հարցումները պիտի քննարկուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Տեսնել՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, էջ 550. Եհովայի Վկաներու 2005–ի տարեգիրք, էջ 53-54. Դիտարան 1 Մարտ 2000, էջ 5-6. 1 Փետրուար 1991, էջ 28-29. 15 Փետրուար 1991, էջ 26 (Անգլերէն)։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Երիտասարդութեան շրջանին՝ Դաւիթ ի՞նչ դժուարութիւններու տոկաց։

• Դաւիթի նման, գլխաւորաբար ի՞նչով հետաքրքրուած ենք։

• Քրիստոնէական ժողովները ի՞նչպէս կը նկատենք։

• Եհովա իր հրեշտակները ի՞նչպէս կը գործածէ՝ մեզի օգնելու համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Քարտէս՝ էջ 23]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Ռամա

Գէթ

Սիկելակ

Գաբաա

Նոբ

Երուսաղէմ

Բեթլեհէմ

Ոդողոմ

Կէիլա

Քեբրոն

Զիփ

Հորեշ

Կարմեղոս

Մաոն

Ենգադդի

Աղի ծով

[Նկարին աղբիւրը]

Map: Based on maps copyrighted by Pictorial Archive (Near Eastern History) Est. and Survey of Israel

[Նկար՝ էջ 23]

Նոյնիսկ երբ փախստական էր, Դաւիթ Եհովայի անունը բարձրացուց

[Նկար՝ էջ 25]

Մեր քրիստոնէական համախմբութիւններուն մէջ ներկայացուած շինիչ փորձառութիւններ լսելով, մեր հաւատքը կը զօրանայ