Կեանքը վայելէ՝ Եհովայի վախով
Կեանքը վայելէ՝ Եհովայի վախով
«Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր, վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չըլլար»։—ՍԱՂՄՈՍ 34։9
1, 2. (ա) Քրիստոնեայ Աշխարհը ի՞նչ տարբեր կերպերով աստուածավախութիւնը նկատած է։ (բ) Այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ Աշխարհի քարոզիչները յաճախ աստուածավախութիւն կը սորվեցնեն անաստուածաշնչական ուսուցումին հիման վրայ, թէ Աստուած մեղաւորները յաւիտեան կը պատժէ դժոխքի կրակին մէջ։ Այս վարդապետութիւնը ներդաշնակ չէ Աստուածաշունչի սորվեցուցածին հետ, թէ Եհովա սիրոյ ու արդարութեան Աստուած է։ (Ծննդոց 3։19. Բ. Օրինաց 32։4. Հռովմայեցիս 6։23. Ա. Յովհաննու 4։8) Քրիստոնեայ Աշխարհի կարգ մը այլ քարոզիչներ հակառակ մօտեցումը կ’որդեգրեն։ Անոնք աստուածավախութեան մասին բնաւ չեն խօսիր։ Փոխարէն, անոնք կը սորվեցնեն թէ Աստուած թոյլատու է եւ գրեթէ ոեւէ անհատ կ’ընդունի, ի՛նչ ապրելակերպ ալ ունենայ։ Աստուածաշունչը ասիկա ալ չի սորվեցներ։—Գաղատացիս 5։19-21
2 Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ Աստուծմէ վախնանք։ (Յայտնութիւն 14։7) Այս ճշմարտութիւնը հարցումներ կը յարուցանէ։ Գորովալից Աստուած մը ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իրմէ վախնանք։ Աստուած ի՞նչպիսի վախ կը պահանջէ։ Աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգտել։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնենք, մինչ կը շարունակենք Սաղմոս 34–ի քննարկումը։
Աստուծմէ ինչո՛ւ վախնալ
3. (ա) Աստուծմէ վախնալու պատուէրը ի՞նչպէս կը նկատես։ (բ) Եհովայէ վախցողները ինչո՞ւ երջանիկ են։
3 Ստեղծիչը եւ տիեզերքի Գերիշխանը ըլլալով, Եհովա արժանի է որ իրմէ վախնանք։ (Ա. Պետրոս 2։17) Սակայն այս վախը անգութ աստուծմէ մը չափազանց սարսափիլ չէ։ Անիկա յարգալից երկիւղ է, Եհովայի ո՛վ ըլլալուն պատճառաւ։ Անիկա նաեւ զինք տհաճեցնելու վախն է։ Աստուածավախութիւնը վեհ ու շինիչ է, եւ ո՛չ թէ՝ ընկճիչ ու սարսափազդու։ «Երանելի Աստուածը»՝ Եհովա, կ’ուզէ որ իր մարդկային ստեղծագործութիւնը կեանքը վայելէ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Սակայն ասիկա ընելու համար, Աստուծոյ պահանջներուն համաձայն պէտք է ապրինք։ Ուստի շատեր իրենց կենսաոճին մէջ հարկ եղած փոփոխութիւնները կը մտցնեն ու կը շօշափեն սաղմոսերգու Դաւիթի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը. «Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։ Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր, վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չըլլար»։ (Սաղմոս 34։8, 9) Որովհետեւ Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունին, Եհովայէ բոլոր վախցողներուն մնայուն արժէք ունեցող ոչինչ կը պակսի։
4. Դաւիթ ու Յիսուս ի՞նչ երաշխիք տուին։
4 Նկատի առ թէ Դաւիթ իր մարդիկը պատուեց՝ զանոնք «սուրբեր» կոչելով, ինչպէս այս արտայայտութիւնը իր օրերուն կը կիրարկուէր։ Անոնք Աստուծոյ սուրբ ազգին մէկ մասն էին։ Անոնք նաեւ իրենց կեանքը կը վտանգէին՝ Դաւիթի հետեւելով։ Թէեւ Սաւուղ թագաւորէն խոյս կու տային, բայց Դաւիթ վստահ էր թէ Եհովա պիտի շարունակէր իրենց հիմնական կարիքները հոգալ։ Դաւիթ գրեց. «Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն, սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ»։ (Սաղմոս 34։10) Յիսուս համանման երաշխիք մը տուաւ իր հետեւորդներուն։—Մատթէոս 6։33
5. (ա) Յիսուսի հետեւորդներէն շատեր ո՞ր խաւին կը պատկանէին։ (բ) Վախի առնչութեամբ Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ։
5 Յիսուսի մտիկ ընողներէն շատեր անբարենպաստ վիճակի մէջ եղող Հրեաներ էին։ Ուստի Յիսուս «անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Այս համեստ անհատները Յիսուսի հետեւելու քաջութիւն պիտի ունենայի՞ն։ Ասիկա ընելու համար, անոնք Եհովայի հանդէպ վախ պէտք էր մշակէին, եւ ո՛չ թէ՝ մարդու վախ։ Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ կը սպաննեն մարմինը, եւ կարողութիւն չունին անկէ աւելի բան մը ընելու։ Հապա ձեզի ցոյց տամ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք։ Վախցէ՛ք անկէ՝ որ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի գեհենը նետելու։ Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, անկէ՛ վախցէք։ Հինգ ճնճղուկ երկու դանգի չե՞ն ծախուիր. սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը մոռցուած է Աստուծոյ առջեւ։ Բայց ձեր գլուխին բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի կ’արժէք»։—Ղուկաս 12։4-7, ԱՎ
6. (ա) Յիսուսի ո՞ր խօսքերը Քրիստոնեաները ամրապնդած են։ (բ) Յիսուս ինչո՞ւ աստուածավախութիւն ցուցաբերելու մէջ լաւագոյն օրինակն է։
6 Երբ Եհովայէ վախցողները իրենց թշնամիներուն կողմէ ճնշումի ենթարկուին որ Աստուծոյ ծառայելէ դադրին, անոնք կրնան Յիսուսի խրատը մտաբերել. «Ամէն ով որ զիս կը դաւանի մարդոց առջեւ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։ Բայց ան որ զիս մարդոց առջեւ կ’ուրանայ, ինքն ալ պիտի ուրացուի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ»։ (Ղուկաս 12։8, 9) Այս խօսքերը Քրիստոնեաները ամրապնդած են, մանաւանդ այն երկիրներուն մէջ՝ ուր ճշմարիտ պաշտամունքը արգիլուած է։ Անոնք կը շարունակեն խոհեմօրէն Եհովան փառաբանել քրիստոնէական ժողովներուն ու իրենց հանրային ծառայութեան մէջ։ (Գործք 5։29) Յիսուս աստուածավախութիւն ցուցաբերելու մէջ լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ (Եբրայեցիս 5։7) Անոր մասին խօսելով, մարգարէական Խօսքը նախագուշակեց. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, . . . եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։ Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի»։ (Եսայեայ 11։2, 3) Ուրեմն Յիսուս գերազանց որակեալ է մեզի սորվեցնելու աստուածավախութեան օգուտները։
7. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն հրաւէրի մը, որ նման է Դաւիթի հրաւէրին։ (բ) Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Դաւիթի ընտիր օրինակին հետեւիլ։
7 Իրականութեան մէջ, Յիսուսի օրինակին հետեւող եւ իր ուսուցումներուն հնազանդող բոլոր անհատները կ’ընդառաջեն հրաւէրի մը, որ նման է Դաւիթի սա հրաւէրին. «Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի, Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ»։ (Սաղմոս 34։11) Իրենց առաջնորդը ըլլալով, բնական էր որ Դաւիթ իր մարդիկը «որդիք» կոչէր։ Ան իր հետեւորդներուն հոգեւոր օգնութիւն մատակարարեց, որպէսզի կարենային միակամ ըլլալ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը վայելել։ Ասիկա Քրիստոնեայ ծնողներուն համար ի՜նչ ընտիր օրինակ մըն է։ Եհովա անոնց հեղինակութիւն տուած է որ իրենց զաւակները ‘մեծցնեն Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը’։ (Եփեսացիս 6։4) Ամէն օր հոգեւոր նիւթեր նկատի առնելով եւ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն վարելով, ծնողներ կ’օգնեն իրենց զաւակներուն որ Եհովայի վախով կեանքը վայելեն։—Բ. Օրինաց 6։6, 7
Ի՛նչպէս աստուածավախութիւն ցուցաբերել
8, 9. (ա) Ի՞նչ բան աստուածավախ կենսաոճը գրաւիչ կը դարձնէ։ (բ) Մեր լեզուն պահելը ի՞նչ կը պարփակէ։
8 Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Եհովայէ վախնալը մեր ուրախութիւնը չի խլեր։ Դաւիթ հարցուց. «Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ’ուզէ ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար»։ (Սաղմոս 34։12) Բացորոշ է թէ Եհովայի վախը՝ երկար կեանք ապրելու եւ բարութիւն տեսնելու բանալին է։ Սակայն, «Ես Աստուծմէ կը վախնամ» ըսելը բան մըն է, եւ զայն մեր վարքով ապացուցանելը՝ բոլորովին տարբեր բան մըն է։ Հետեւաբար Դաւիթ կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք աստուածավախութիւն ցոյց տալ։
9 «Քու լեզուդ չարութենէ պահէ ու շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ»։ (Սաղմոս 34։13) Պետրոս առաքեալ ներշնչումի ներքեւ Սաղմոս 34–ի այս հատուածը մէջբերեց, Քրիստոնեաները յորդորելէ ետք որ իրարու հետ եղբայրսիրութեամբ վարուին։ (Ա. Պետրոս 3։8-12) Մեր լեզուն չարախօսութենէ զերծ պահելը կը նշանակէ թէ վնասակար բամբասանք տարածելէ պիտի խուսափինք եւ միշտ պիտի ուզենք շինիչ ըլլալ՝ երբ ուրիշներու կը խօսինք։ Ասկէ զատ, պիտի ջանանք կտրիճ ըլլալ եւ ճշմարտութիւնը խօսիլ։—Եփեսացիս 4։25, 29, 31. Յակոբու 5։16
10. (ա) Բացատրէ թէ չարութենէ հեռանալը ի՛նչ կը նշանակէ։ (բ) Բարութիւն ընելը ի՞նչ կը պարփակէ։
10 «Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ, խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛»։ (Սաղմոս 34։14) Մենք Աստուծոյ դատապարտած բաներէն կը խուսափինք, ինչպէս՝ սեռային անբարոյութիւն, պոռնկագրութիւն, գողութիւն, ոգեհարցութիւն, բռնութիւն, գինովութիւն եւ թմրամոլութիւն։ Նաեւ կը մերժենք այսպիսի զզուելի բաներ ներկայացնող ժամանցները։ (Եփեսացիս 5։10-12) Փոխարէն, մեր ժամանակը կը գործածենք բարութիւն ընելու։ Մեծագոյն բարիքը որ կրնանք գործել՝ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին կանոնաւորաբար մասնակցիլն է, ուրիշներուն օգնելով որ փրկուին։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Բարիք գործելը նաեւ կը պարփակէ՝ քրիստոնէական ժողովներուն համար նախապատրաստուիլ ու ներկայ գտնուիլ, համաշխարհային գործին նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ, Թագաւորութեան Սրահին հոգ տանիլ եւ անբարենպաստ վիճակի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն կարիքներով հետաքրքրուիլ։
11. (ա) Դաւիթ խաղաղութեան մասին իր ըսածը ի՞նչպէս գործադրեց։ (բ) Ի՞նչ կրնաս ընել ժողովքին մէջ ‘խաղաղութեան ետեւէն երթալու’ համար։
11 Դաւիթ խաղաղութեան հետամուտ ըլլալու Ա. Թագաւորաց 24։9-12. 26։17-20) Ներկայիս ի՞նչ կարելի է ընել եթէ կացութիւն մը ժողովքին խաղաղութեան սպառնայ։ Պէտք է ‘խաղաղութիւն փնտռենք ու անոր ետեւէն երթանք’։ Ուստի, եթէ զգանք թէ հաւատակիցի մը հետ մեր յարաբերութիւնը լարուած է, Յիսուսի յորդորին կը հնազանդինք. «Առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ»։ Ապա կը շարունակենք ճշմարիտ պաշտամունքի միւս երեսակներուն ուշադրութիւն ընծայել։—Մատթէոս 5։23, 24. Եփեսացիս 4։26
մէջ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան Սաւուղը սպաննելու երկու պատեհութիւն ունեցաւ, բայց բռնութիւն չգործեց, եւ հետագային թագաւորին հետ յարգալից կերպով խօսեցաւ, յուսալով խաղաղութիւնը վերահաստատել։ (Աստուածավախութիւնը ճոխ վարձատրութիւններ կը բերէ
12, 13. (ա) Աստուծմէ վախցողները ի՞նչ օգուտներ կը վայելեն ներկայիս։ (բ) Հաւատարիմ երկրպագուները շուտով ի՞նչ հոյակապ վարձատրութիւն մը պիտի վայելեն։
12 «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»։ (Սաղմոս 34։15) Դաւիթի հետ Աստուծոյ գործառնութեանց արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ այս խօսքերը շիտակ են։ Ներկայիս, խոր ուրախութիւն ու ներքին խաղաղութիւն կը վայելենք, քանի որ գիտենք թէ Եհովա մեզի կը հսկէ։ Վստահ ենք թէ ան մեր կարիքները պիտի լեցնէ, նոյնիսկ երբ մեծ ճնշումի ներքեւ ենք։ Գիտենք թէ շուտով բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները պիտի դիմագրաւեն Մագոգի Գոգին նախատեսուած յարձակումը եւ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը»։ (Յովելեայ 2։11, 31. Եզեկիէլ 38։14-18, 21-23) Այդ ժամանակ ի՛նչ կացութիւն ալ դիմակալենք, մեզի պիտի կիրարկուին Դաւիթի խօսքերը. «Արդարները կ’աղաղակեն ու Տէրը կը լսէ ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք»։—Սաղմոս 34։17
13 Այդ ժամանակ ի՜նչ ոգեւորիչ պիտի ըլլայ տեսնել որ Եհովա իր մեծ անունը կը պանծացնէ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի՝ մեր սիրտը երկիւղով ու ակնածանքով պիտի լեցուի, իսկ բոլոր հակառակորդները նուաստացուցիչ վախճան մը պիտի ունենան։ «Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է, անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար»։ (Սաղմոս 34։16) Ի՜նչ մեծ վարձատրութիւն մը պիտի ըլլայ՝ այդ հոյակապ ազատումը վայելելով Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը մտնել։
Խոստումներ՝ որոնք մեզի կ’օգնեն տոկալու
14. Նեղութիւններու դիմաց, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ տոկալու։
14 Մինչ այդ, համբերատարութեան կարիք կայ՝ որ շարունակենք փտած ու թշնամալից աշխարհի մը մէջ Եհովայի հնազանդիլ։ Աստուածավախութիւնը մեծապէս կը նպաստէ որ հնազանդութիւն մշակենք։ Ներկայ շատ վտանգաւոր ժամանակներուն պատճառաւ, Եհովայի ծառաներէն ոմանք չափազանց նեղութիւն կը քաշեն, սրտաբեկ ու հոգեխռով դառնալով։ Սակայն անոնք կրնան բացարձակապէս վստահ ըլլալ որ եթէ Եհովայի ապաւինին, ան իրենց պիտի օգնէ տոկալու։ Դաւիթի խօսքերը իսկական մխիթարութիւն կը հաղորդեն. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։ (Սաղմոս 34։18) Նաեւ քաջալերական են յաջորդ խօսքերը. «Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։ (Սաղմոս 34։19) Ո՛րքան ալ շատ ըլլան մեր նեղութիւնները, Եհովա կրնա՛յ մեզ ազատել։
15, 16. (ա) Սաղմոս 34–ը յօրինելէ քիչ ժամանակ ետք, Դաւիթ ո՞ր աղէտին մասին տեղեկացաւ։ (բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ փորձութիւններու տոկալու։
15 Սաղմոս 34–ը յօրինելէ քիչ ժամանակ ետք, Դաւիթ լսեց թէ ի՛նչպէս Սաւուղ ջարդել տուաւ Նոբի բնակիչները, որոնք մեծաւ մասամբ քահանաներ էին։ Ան ո՜րքան վշտացած ըլլալու էր, մտաբերելով որ Նոբի տուած իր այցելութիւնն էր որ Սաւուղի բարկութիւնը գրգռեց։ (Ա. Թագաւորաց 22։13, 18-21) Անտարակոյս Դաւիթ օգնութեան համար Եհովայի դիմեց, եւ վստահաբար «արդարներուն» յարութեան հեռանկարը զինք մխիթարեց։—Գործք 24։15
16 Այսօր, յարութեան յոյսը մեզ ալ կը զօրացնէ։ Գիտենք որ մեր թշնամիները ի՛նչ ալ ընեն, չեն կրնար մեզի մնայուն վնաս հասցնել։ (Մատթէոս 10։28) Դաւիթ համանման համոզում արտայայտեց. «[Արդարին] բոլոր ոսկորները կը պահէ, անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր»։ (Սաղմոս 34։20) Այս համարը Յիսուսի պարագային բառացի կատարում մը ունեցաւ։ Թէեւ Յիսուս անգթօրէն սպաննուեցաւ, բայց անոր ո՛չ մէկ ոսկորը ‘կոտրուեցաւ’։ (Յովհաննու 19։36) Իսկ ընդարձակուած կիրարկումին համաձայն, Սաղմոս 34։20–ը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ օծեալ Քրիստոնեաները եւ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ը ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւեն, երբեք մնայուն վնաս պիտի չկրեն։ Այլաբանօրէն խօսելով, անոնց ոսկորները բնաւ պիտի չկոտրուին։—Յովհաննու 10։16
17. Եհովայի ժողովուրդը անզեղջօրէն ատողներուն ի՞նչ աղէտ կը սպասէ։
17 Ամբարիշտներուն համար պարագան տարբեր է։ Անոնք մօտ ատենէն պիտի հնձեն իրենց ցանած չարութիւններուն արդիւնքը։ «Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին»։ (Սաղմոս 34։21) Բոլոր անոնք որ կը շարունակեն Աստուծոյ ժողովուրդին հակառակիլ, յոռեգոյն աղէտին պիտի հանդիպին։ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան ատեն, անոնք «պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։9
18. «Մեծ բազմութիւն»ը ի՞նչ առումով արդէն փրկուած է, իսկ ապագային ի՞նչ պիտի վայելէ։
18 Դաւիթի սաղմոսը հետեւեալ հաւաստիացուցիչ խօսքերով կ’եզրափակէ. «Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի»։ (Սաղմոս 34։22) Իր 40 տարուան իշխանութեան վերջաւորութեան, Դաւիթ թագաւոր ըսաւ. ‘Տէրը իմ անձս ամէն նեղութենէ ազատեց’։ (Գ. Թագաւորաց 1։29) Դաւիթի նման, Եհովայէ վախցողները շուտով պիտի կարենան յետադարձ ակնարկ մը նետել եւ ուրախանալ որ մեղքի պատճառաւ չդատապարտուեցան ու իրենց բոլոր փորձութիւններէն ազատեցան։ Օծեալ Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը արդէն իր երկնային վարձատրութիւնը ստացած է։ Բոլոր ազգերէն «մեծ բազմութիւն մը» այժմ Յիսուսի եղբայրներուն մնացորդին կողքին Աստուծոյ կը ծառայէ եւ Եհովայի առջեւ մաքուր կեցուածք կը վայելէ, քանի որ Յիսուսի թափուած արեան փրկելու զօրութեան հաւատք կ’ընծայէ։ Քրիստոսի մօտալուտ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, փրկանքի զոհին բոլոր օգուտները անոնց պիտի մատակարարուին, զիրենք մարդկային կատարելութեան հասցնելով։—Յայտնութիւն 7։9, 14, 17. 21։3-5
19. «Մեծ բազմութեան» անդամները վճռած են ի՞նչ ընել։
19 Աստուծոյ երկրպագուներէն բաղկացած «մեծ բազմութիւն»ը ինչո՞ւ այս բոլոր օրհնութիւնները պիտի վայելէ։ Քանի որ անոնք վճռած են շարունակել Եհովայէ վախնալ, երկիւղախառն հիացմունքով եւ յարգալից հնազանդութեամբ իրեն ծառայելով։ Արդարեւ Եհովայի վախը հիմա կեանքը հաճոյալի կը դարձնէ եւ մեզի կ’օգնէ ‘յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու’, Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։—Ա. Տիմոթէոս 6։12, 18, 19. Յայտնութիւն 15։3, 4
Կը յիշե՞ս
• Ինչո՞ւ Աստուծմէ պէտք է վախնանք, եւ աստուածավախութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։
• Աստուածավախութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վարքին վրայ։
• Աստուածավախ ըլլալը ի՞նչ վարձատրութիւններ կը բերէ։
• Ի՞նչ խոստումներ մեզի կ’օգնեն տոկալու։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Արգելքի տակ, Եհովայէ վախցողները խոհականութիւն կը գործածեն
[Նկար՝ էջ 30]
Թագաւորութեան բարի լուրը ներկայացնելը, մեծագոյն բարիքն է որ կրնանք ընել մեր դրացիներուն