Կինե՛ր, ձեր ամուսինները խորապէս յարգեցէք
Կինե՛ր, ձեր ամուսինները խորապէս յարգեցէք
«Կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։22, ԱՎ
1. Ամուսին մը յարգելը ինչո՞ւ յաճախ դժուար է։
ՇԱՏ մը երկիրներու մէջ, երբ զոյգ մը ամուսնանայ, հարսը ուխտ կ’ընէ՝ խոստանալով իր ամուսինը խորապէս յարգել։ Իսկ ամուսիններուն վերաբերմունքը կրնայ այդ ուխտին համաձայն ապրիլը դժուարացնել կամ դիւրացնել։ Սակայն ամուսնութիւնը սքանչելի սկիզբ ունեցաւ։ Աստուած առաջին մարդուն՝ Ադամի կողոսկրներէն մէկը առաւ ու կինը շինեց։ Ադամ բացագանչեց. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է»։—Ծննդոց 2։19-23
2. Վերջերս, կիներուն դերը եւ ամուսնութեան հանդէպ կեցուածքը ի՞նչ փոփոխութիւն կրած են։
2 Հակառակ այդ ընտիր սկիզբին, 1960–ական թուականներուն սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսաւ կիներու ազատագրման շարժումը,– կիներու կողմէ փորձ մը՝ առնական տիրապետութենէն ազատագրուելու։ Այդ ժամանակ, ամէն 300 ամուսին որ իրենց ընտանիքը կը լքէին, մէկ կին այս քայլը կ’առնէր, իսկ 1960–ական թուականներուն վերջաւորութեան, համեմատութիւնը բարձրացաւ՝ երեք կին ըլլալով։ Այժմ կը թուի թէ կիները տղամարդոց նման կը հայհոյեն, խմիչք կը գործածեն, կը ծխեն եւ անբարոյ վարք կ’ունենան։ Հետեւաբար կիները աւելի՞ երջանիկ են։ Ո՛չ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ամուսնացողներուն շուրջ կէսը ի վերջոյ կ’ամուսնալուծուի։ Կարգ մը կիներու թափած ջանքերը ամուսնական կացութիւնը բարելաւեցի՞ն թէ վատթարացուցին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5
3. Ամուսնութեան ազդող հիմնական խնդիրը ի՞նչ է։
3 Հիմնական խնդիրը ի՞նչ է։ Որոշ տարողութեամբ, անիկա այն խնդիրն է որ սկսաւ երբ Եւա խաբուեցաւ ըմբոստ հրեշտակին կողմէ,– «այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»։ (Յայտնութիւն 12։9. Ա. Տիմոթէոս 2։13, 14) Սատանան Աստուծոյ ուսուցանած բաները նսեմացուցած է։ Օրինակ, Բանսարկուն պատճառ եղած է որ ամուսնութիւնը կաշկանդիչ ու բիրտ թուի։ Աշխարհի կառավարիչը ըլլալով, ան լրատուամիջոցներու խողովակով քարոզչութիւն մը կը յառաջացնէ, ցոյց տալու թէ Աստուծոյ ցուցմունքները անարդար ու ժամանակավրէպ են։ (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4) Սակայն եթէ բաց մտքով քննենք Աստուծոյ ըսածը ամուսնացած կնոջ դերին մասին, պիտի տեսնենք թէ Իր Խօսքը ո՜րքան իմաստուն ու գործնական է։
Զգուշացում՝ ամուսնացողներուն
4, 5. (ա) Երբ անհատ մը կը մտածէ ամուսնանալ, ինչո՞ւ զգոյշ ըլլալը տեղին է։ (բ) Կին մը ամուսնութեան հաւանութիւն տալէ առաջ, ի՞նչ պէտք է ընէ։
4 Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ՝ նշելով թէ Բանսարկուի իշխած այս աշխարհին մէջ, նոյնիսկ յաջող ամուսնութիւն վայելողները «նեղութիւն» պիտի ունենան։ Ուստի, ամուսնութիւնը աստուածային կարգադրութիւն մը ըլլալով հանդերձ, Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ ամուսնացողները։ Վերամուսնանալու ազատ եղող այրիի մը մասին խօսելով, ներշնչեալ գրող մը ըսաւ. «Աւելի երանելի է եթէ այնպէս կենայ»։ Յիսուս ալ ամուրիութիւնը յանձնարարեց անոր որ «կրնայ ընդունիլ»։ Սակայն եթէ մէկը որոշէ ամուսնանալ, «Տէրոջմով» եղող անհատ մը ընտրելու է, այսինքն՝ Աստուծոյ նուիրուած ու մկրտուած երկրպագու մը։—Ա. Կորնթացիս 7։28, 36-40. Մատթէոս 19։10-12, ԱՎ
5 Մանաւանդ կինը իր կողակիցը բծախնդրութեամբ պէտք է ընտրէ, քանի որ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Այր ունեցող կինը իր ողջ էրկանը կապուած է օրէնքով»։ Միայն եթէ ամուսինը մեռնի կամ անբարոյութիւն գործէ եւ զոյգը ամուսնալուծուի, կինը «արձակուած է էրկանը օրէնքէն»։ (Հռովմայեցիս 7։2, 3) Առաջին նայուածքով սիրահարիլը կրնայ ռոմանթիկ սիրոյ համար բաւարար ըլլալ, բայց երջանիկ ամուսնութեան համար զօրաւոր հիմ չէ։ Հետեւաբար ամուրի կինը ինքնիրեն պէտք է հարց տայ. ‘Յօժա՞ր եմ մտնելու կարգադրութեան մը մէջ, որով այս մարդուն օրէնքին ներքեւ պիտի ըլլամ’։ Այս հարցումը նկատի առնելու ժամանակը ամուսնութենէն առաջ է, եւ ո՛չ թէ՝ ետքը։
6. Ներկայիս կիներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչ որոշում կրնայ կայացնել, եւ ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։
6 Ներկայիս բազմաթիւ երկիրներու մէջ, կինը կրնայ ամուսնութեան առաջարկ մը ընդունիլ կամ մերժել։ Բայց իմաստուն ընտրութիւն ընելը մեծապէս դժուար է, քանի որ ան կը տենչայ ամուսնութեան ապահոված մտերմութեան ու սիրոյն։ Գրող մը նշեց. «Ո՛րքան աւելի ուզենք ընել բան մը,– ամուսնանալ թէ որոշ լեռ մը մագլցիլ,– ա՛յնքան աւելի հաւանական է որ անխոհեմ ենթադրութիւններ ընենք եւ ուշադրութիւն ընծայենք միա՛յն այն տեղեկութիւններուն, որոնք մեր հաշիւին կու գան»։ Լեռ մագլցողի մը համար անհեռատես որոշումը կրնայ մահաբեր ըլլալ. անխոհեմաբար կողակից մը ընտրելը նոյնպէս կրնայ աղիտալի ըլլալ։
7. Կողակից մը փնտռելու նկատմամբ ի՞նչ իմաստուն խրատ տրուած է։
7 Կին մը լրջօրէն պէտք է մտածէ թէ իր ձեռքը խնդրող տղամարդուն օրէնքին ներքեւ ըլլալը ի՛նչ կրնայ պարփակել։ Տարիներ առաջ, Հնդիկ երիտասարդուհի մը համեստօրէն նշեց. «Մեր ծնողները տարիքով աւելի մեծ ու աւելի իմաստուն են, եւ մեզի պէս դիւրաւ չեն խաբուիր։ . . . Ես հեշտութեամբ կրնայի սխալ քայլ մը առնել»։ Ծնողներու եւ ուրիշներու հայթայթած օգնութիւնը կարեւոր է։ Իմաստուն խրատատու մը երկար տարիներ քաջալերեց երիտասարդները որ իրենց ապագայ կողակիցին ծնողքին ծանօթանան եւ ուշադրութեամբ նկատեն անոր վարուելակերպը ծնողքին ու ընտանիքի անդամներուն հետ։
Յիսուս ի՛նչպէս հպատակում ցոյց տուաւ
8, 9. (ա) Յիսուս Աստուծոյ հպատակիլը ի՞նչպէս նկատեց։ (բ) Հպատակումը ի՞նչ օգուտ կրնայ յառաջ բերել։
8 Թէեւ հպատակումը կրնայ դժուար ըլլալ, բայց կիներ կրնան զայն յարգարժան նկատել, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ Աստուծոյ հպատակիլը Յիսուսի համար տառապանք նշանակեց, ի ներառեալ՝ տանջանքի ցիցի վրայ մահ, բայց ան հնազանդութեան մէջ ուրախութիւն գտաւ։ (Ղուկաս 22։41-44. Եբրայեցիս 5։7, 8. 12։3) Կիներ կրնան Յիսուսը օրինակ առնել, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կնոջ գլուխը՝ այր մարդն [է] եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Սակայն յատկանշական է որ կիներ միայն ամուսնանալէ ետք չէ որ տղամարդոց գլխաւորութեան ներքեւ կու գան։
9 Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ կիները, ամուսնացած թէ ամուրի, պէտք է ենթարկուին հոգեւորապէս որակեալ տղամարդոց գլխաւորութեան, որոնց յանձնուած է քրիստոնէական ժողովքին վերատեսչութիւնը։ (Ա. Տիմոթէոս 2։12, 13. Եբրայեցիս 13։17) Աստուծոյ այդ ցուցմունքին հետեւելով, կիներ օրինակ կը հանդիսանան հրեշտակներուն՝ Աստուծոյ կազմակերպչական կարգադրութեան մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 11։8-10) Ասկէ զատ, տարեց կիները իրենց ընտիր օրինակով ու օգտակար թելադրութիւններով կը սորվեցնեն երիտասարդուհիներուն որ «իրենց այրերուն հնազանդ» ըլլան։—Տիտոս 2։3-5
10. Յիսուս ի՞նչպէս հպատակում ցուցաբերելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ։
10 Յիսուս պատշաճ հպատակման արժէքը ըմբռնեց։ Առիթով մը, ան Պետրոս առաքեալին ըսաւ որ իրենց երկուքին համար վճարէ մարդկային հեղինակութիւններուն պահանջած տուրքը, եւ ի՛նք ապահովեց հարկ եղած գումարը։ Հետագային Պետրոս գրեց. «Հպատակեցէ՛ք ամէն մարդկային հաստատութեան՝ Տէրոջ համար»։ (Ա. Պետրոս 2։13, ԱՎ. Մատթէոս 17։23-26) Յիսուսի հպատակման ամենէն յատկանշական օրինակին նկատմամբ՝ կը կարդանք. «Ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝ խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ»։—Փիլիպպեցիս 2։5-8, ԱՎ
11. Պետրոս ինչո՞ւ կիները քաջալերեց որ հպատակին նոյնիսկ անհաւատ ամուսիններու։
11 Երբ Քրիստոնեաները կը քաջալերէր որ այս աշխարհի նոյնիսկ անգութ ու անիրաւ հեղինակութիւններուն ենթարկուին, Պետրոս բացատրեց. «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Յիսուսի տառապանքը եւ հլուօրէն տոկալը նկարագրելէ ետք, Պետրոս անհաւատ ամուսին ունեցող կիները քաջալերեց. «Նմանապէս դո՛ւք, կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, որպէսզի եթէ նոյնիսկ ոմանք չանսան խօսքին, շահուին առանց խօսքի՝ կիներուն վարքով, մինչ կը տեսնեն ձեր մաքրակենցաղ ու երկիւղած վարքը»։—Ա. Պետրոս 3։1, 2, ԱՎ
12. Յիսուսի հպատակումը ի՞նչ օգուտներ յառաջ բերաւ։
12 Հեգնանքի ու նախատինքի դիմաց հպատակում ցուցաբերելը կրնայ տկարութեան նշան նկատուիլ։ Բայց Յիսուս հարցը այդպէս չդիտեց։ Պետրոս գրեց. «[Յիսուս] կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ»։ (Ա. Պետրոս 2։23) Յիսուսի չարչարանքին ականատես եղողներէն ոմանք որոշ տարողութեամբ հաւատացեալներ եղան, ի ներառեալ՝ ցիցի վրայ կախուած աւազակ մը եւ մահապատիժին ներկայ եղող հարիւրապետը։ (Մատթէոս 27։38-44, 54. Մարկոս 15։39. Ղուկաս 23։39-43) Նոյնպէս, Պետրոս նշեց թէ կարգ մը անհաւատ ամուսիններ, նոյնիսկ՝ նախատողներ, Քրիստոնեայ պիտի դառնան, իրենց կիներուն հպատակումն ու վարքը նկատելէ ետք։ Արդարեւ այսպիսի պարագաներ ներկայիս տեղի կ’ունենան։
Կիներ ի՛նչպէս կրնան իրենց ամուսինները շահիլ
13, 14. Անհաւատ ամուսիններու հպատակիլը ի՞նչպէս օգտաշատ եղած է։
13 Հաւատացեալ կիներ իրենց ամուսինները շահած են՝ Քրիստոսի վարքը ընդօրինակելով։ Եհովայի Վկաներու վերջերս կայացուած նահանգային համաժողովի մը մէջ, ամուսին մը իր Քրիստոնեայ կնոջ մասին ըսաւ. «Կնոջս հետ անգթօրէն վարուեցայ։ Այսուհանդերձ ան զիս մեծապէս կը յարգէր եւ ո՛չ մէկ անգամ պաղ աչքով նայեցաւ։ Ան չփորձեց իր հաւատալիքները պարտադրել ու սիրալիր կերպով ինծի հոգ տարաւ։ Երբ համաժողովի երթար, ան նախապէս ճաշերս կը պատրաստէր եւ տան գործերը լիովին կը կատարէր։ Անոր վերաբերմունքը՝ Աստուածաշունչի հանդէպ հետաքրքրութիւնս արթնցուց։ Եւ ահաւասիկ հոս եմ»։ Արդարեւ, ան իր կնոջ վարքով՝ ‘առանց խօսքի շահուեցաւ’։
14 Ինչպէս Պետրոս ընդգծեց, ո՛չ թէ կնոջ խօսքերը, այլ՝ անոր գործերն են որ դրական արդիւնք յառաջ կը բերեն։ Կնոջ մը պարագան ասիկա կը լուսաբանէ։ Ան աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները սորվելով՝ վճռեց քրիստոնէական ժողովներուն յաճախել։ «Ագնէս, եթէ այդ դռնէն դուրս ելլես, ետ ներս մի՛ մտներ», գոչեց ամուսինը։ Կինը «այդ դռնէն» դուրս չելաւ, այլ՝ ուրիշ դռնէ մը։ Յաջորդ ժողովի երեկոյեան, ան սպառնաց. «Երբ վերադառնաս՝ զիս հոս պիտի չգտնես»։ Արդարեւ, ան տունէն երեք օր հեռացաւ։ Երբ վերադարձաւ, կինը ազնուօրէն հարցուց. «Կ’ուզե՞ս բան մը ուտել»։ Ագնէս Եհովայի հանդէպ իր նուիրումին մէջ անխախտ մնաց։ Ի վերջոյ, ամուսինը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, իր կեանքը Աստուծոյ նուիրեց եւ հետագային որպէս տեսուչ ծառայեց, բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ վայելելով։
15. Քրիստոնեայ կիներուն համար ի՞նչ «զարդարանք» յանձնարարուած է։
15 Պետրոս առաքեալ յանձնարարեց բան մը, որ վերոնշեալ կիները ցուցաբերած են, այսինքն՝ «զարդարանք», բայց ո՛չ թէ չափազանց ուշադրութիւն Ա. Պետրոս 3։3, 4, ԱՎ
ընծայելով ‘մազերու հիւսքերու’ կամ ‘շքեղ հանդերձներ հագնելու’։ Պետրոս ըսաւ. «Ձեր զարդը թող ըլլայ սիրտին ծածուկ մարդը, հեզ եւ հանդարտ հոգիի մը անապականութեամբ, ինչ որ թանկագին է Աստուծոյ առջեւ»։ Այս հոգին կ’արտացոլացուի այնպիսի ձայնի եղանակով եւ վարուելակերպով, որոնք վայելուչ են եւ ո՛չ թէ՝ ասպարէզ կարդացող կամ խստապահանջ։ Այսպէս Քրիստոնեայ կինը իր ամուսինին հանդէպ խոր յարգանք կը ցուցաբերէ։—Օրինակներ՝ որոնցմէ կրնանք սորվիլ
16. Սառան ի՞նչ կերպերով ընտիր օրինակ մըն է Քրիստոնեայ կիներուն։
16 Պետրոս գրեց. «Ատենօք սուրբ կիները, որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած էին, անձերնին կը զարդարէին՝ իրենց այրերուն հնազանդ ըլլալով»։ (Ա. Պետրոս 3։5) Այսպիսի կիներ գիտակցեցան թէ Եհովայի խրատին անսալով զինք հաճեցնելը կ’առաջնորդէ ընտանեկան երջանկութեան եւ յաւիտենական կեանքի վարձատրութեան։ Պետրոս Աբրահամի գեղեցիկ կնոջ՝ Սառայի մասին կ’ըսէ թէ «հնազանդ էր Աբրահամին եւ զանիկա տէր կը կոչէր»։ Սառա իր աստուածավախ ամուսինին թիկունք կանգնեցաւ, որ Աստուծմէ նշանակում ստացած էր՝ հեռաւոր երկրի մը մէջ ծառայելու։ Ան իր հանգստաւէտ կենսաոճը լքեց եւ նոյնիսկ իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ։ (Ծննդոց 12։1, 10-13) Պետրոս ընդգծեց Սառայի քաջութիւնը՝ ըսելով. «Դուք՝ եթէ բարեգործ ըլլաք ու ոեւէ երկիւղ չունենաք՝ անոր զաւակները կ’ըլլաք»։—Ա. Պետրոս 3։6
17. Պետրոս հաւանաբար ինչո՞ւ Աբիգիան ի մտի ունէր որպէս օրինակ Քրիստոնեայ կիներուն։
17 Աբիգիա Աստուծոյ յուսացող ու քաջասիրտ կին մը էր, եւ Պետրոս թերեւս զինք ալ ի մտի ունէր։ Աբիգիա «ողջամիտ» էր, բայց իր ամուսինը Նաբաղ՝ «խստաբարոյ ու չարագործ»։ Երբ Նաբաղ մերժեց Դաւիթի ու իր մարդոց օժանդակել, անոնք պատրաստուեցան զինք ու իր ամբողջ տունը բնաջնջելու։ Բայց Աբիգիա անմիջապէս գործի լծուեցաւ որ իր ընտանիքը փրկէ։ Ան շատ ուտելիք էշերու վրայ դրաւ ու ճամբայ ելաւ։ Երբ Դաւիթի ու իր զինեալ մարդոց հանդիպեցաւ, ան շտապելով իշուն վրայէն իջաւ, անոր ոտքը ինկաւ եւ աղերսեց որ անխոհեմ արարք մը չգործէ։ Դաւիթ խորապէս ազդուեցաւ ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց զիս դիմաւորելու ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ»։—Ա. Թագաւորաց 25։2-33
18. Եթէ կողակիցը չեղող մարդ մը իրեն հանդէպ ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, կինը որո՞ւն օրինակին վրայ կրնայ խոկալ եւ ինչո՞ւ։
18 Կիներուն համար ուրիշ ընտիր օրինակ մըն է Սողոմացի երիտասարդուհին, որ հաւատարիմ մնաց խոնարհ հովիւին, որուն հետ պիտի ամուսնանար։ Հակառակ մեծահարուստ վեհապետի մը ցուցաբերած ռոմանթիկ հետաքրքրութեան, հովիւին հանդէպ երիտասարդուհիին սէրը զօրաւոր մնաց։ Հովիւին հանդէպ իր զգացումները յայտնելով՝ ան ըսաւ. «Զիս քու սրտիդ վրայ կնիքի պէս, քու բազուկիդ վրայ կնիքի պէս դիր. վասն զի սէրը մահուան պէս զօրաւոր [է]։ Շատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել ու գետերը զանիկա չեն կրնար ընկղմել»։ (Երգ Երգոց 8։6, 7) Ամուսնութեան առաջարկ ընդունող բոլոր կիները թող նոյնպէս վճռեն իրենց ամուսիններուն հաւատարիմ մնալ եւ զանոնք խորապէս յարգել։
Աստուածային յաւելեալ խրատներ
19, 20. (ա) Ի՞նչ պատճառով կիները իրենց ամուսիններուն պէտք է հպատակին։ (բ) Կիներուն ի՞նչ ընտիր օրինակ մը հայթայթուած է։
19 «Կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն» մեր գլխաւոր համարին բնաբանը նկատի առ։ (Եփեսացիս 5։22, ԱՎ) Այս հպատակումը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ Յաջորդ համարը կ’ըսէ. «Որովհետեւ ամուսինը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է»։ Հետեւաբար կիներուն յորդոր կը տրուի. «Ինչպէս եկեղեցին հպատակ է Քրիստոսի, նոյնպէս ալ կիները թող ըլլան իրենց ամուսիններուն՝ ամէն բանի մէջ»։—Եփեսացիս 5։23, 24, 33, ԱՎ
20 Այս պատուէրին հնազանդելու համար, կիներ պէտք է ուսումնասիրեն եւ ապա հետեւին Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներէ բաղկացած ժողովքին օրինակին։ Հաճիս կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 11։23-28–ն, եւ նկատէ թէ ժողովքին մէկ անդամը՝ Պօղոս առաքեալ, իր Գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ մնալու համար ի՜նչ բաներու տոկաց։ Պօղոսի նման, կիները եւ ժողովքի մնացեալ անդամները հաւատարմաբար Յիսուսի հպատակ պէտք է մնան։ Կիները ասիկա կ’ապացուցանեն՝ իրենց ամուսիններուն հպատակելով։
21. Ի՞նչ բաներ կրնան կիները մղել որ շարունակեն իրենց ամուսիններուն հպատակիլ։
21 Մինչ ներկայիս բազմաթիւ կիներ հպատակումը տհաճելի կը նկատեն, իմաստուն կինը անոր առաւելութիւնները նկատի պիտի առնէ։ Օրինակ, անհաւատ ամուսինին գլխաւորութեան ենթարկուելով՝ ամէն բանի մէջ որ Աստուծոյ օրէնքները կամ սկզբունքները չի բեկաներ, ան կրնայ ‘իր այրը ապրեցնելու’ սքանչելի վարձատրութիւնը վայելել։ (Ա. Կորնթացիս 7։13, 16) Ասկէ զատ, ան կրնայ գոհունակութիւն զգալ, գիտնալով թէ Եհովա Աստուած իր ընթացքին կը հաճի եւ զինք առատօրէն պիտի վարձատրէ, քանի որ իր սիրելի Որդին կ’ընդօրինակէ։
Կը յիշե՞ս
• Կնոջ մը համար իր ամուսինը յարգելը ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։
• Ամուսնութեան առաջարկ մը ընդունիլը ինչո՞ւ լուրջ բան մըն է։
• Յիսուս ի՞նչպէս կիներուն օրինակ հանդիսացաւ, եւ իր օրինակին հետեւիլը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Ամուսնութեան առաջարկի մը նկատմամբ որոշում կայացնելը ինչո՞ւ շատ լուրջ հարց մըն է