Ճշմարիտ պաշտամունքը ի՛նչպէս բնորոշել
Ճշմարիտ պաշտամունքը ի՛նչպէս բնորոշել
ԿՐՕՆՔՆԵՐՈՒՆ մեծամասնութիւնը կը դաւանի թէ իրենց ըսածները Աստուծմէ են։ Հետեւաբար լաւ կ’ըլլայ որ Յիսուսի առաքեալին՝ Յովհաննէսի խօսքերուն անսանք, որ գրեց. «Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են»։ (Ա. Յովհաննու 4։1) Ի՞նչպէս կրնանք բան մը քննել՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՛ է։
Աստուծմէ եկած ամէն բան կ’արտացոլացնէ իր անձնաւորութիւնը, մանաւանդ իր տիրական յատկութիւնը՝ սէրը։ Օրինակ, հոտոտելիքը որ մեզ կարող կը դարձնէ ախորժելու նոր եփած հացին, խոտերու կամ ծաղիկներու բոյրէն, Աստուծոյ սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն է։ Արեւնամուտը, թիթեռնիկը կամ մանկիկին ժպիտը տեսնելու կարողութիւնը, մեզի հանդէպ Աստուծոյ սէրը կ’արտացոլացնէ։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ՝ հաճելի երաժշտութիւն, թռչունի մը գեղգեղանքը կամ սիրելիի մը ձայնը լսելու մեր կարողութեան մասին։ Նոյնիսկ մեր մարդկային բնոյթը, անկատար ըլլալով հանդերձ, Աստուծոյ սէրը կ’արտացոլացնէ։ Այս պատճառաւ Յիսուսի սա խօսքին ճշմարիտ ըլլալը յաճախ կը շօշափենք. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Սէր ցուցաբերելը մեզի հաճոյք կը պատճառէ, քանի որ «Աստուծոյ պատկերով» ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։27) Թէեւ Եհովա բազմաթիւ այլ յատկութիւններ ունի, սակայն սէրը իր անձնաւորութեան ամենէն յատկանշական երեսակն է։
Աստուծմէ ծագում առած գրութիւնները իր սէրը պէտք է արտացոլացնեն։ Աշխարհի կրօնքները բազմաթիւ հին գրութիւններ ունին։ Այս գրութիւնները ո՞ր տարողութեամբ Աստուծոյ սէրը կ’արտացոլացնեն։
Իրականութեան մէջ, կրօնական հին գրութիւններուն մեծամասնութիւնը չնչին բացատրութիւն կու տայ թէ Աստուած ի՛նչպէս մեզ կը սիրէ կամ մենք ի՛նչպէս կրնանք զինք սիրել։ Հետեւաբար միլիոնաւոր մարդիկ պատասխան չեն ստանար՝ երբ հարցնեն. «Ինչո՞ւ ստեղծագործութեան մէջ Աստուծոյ սիրոյն ապացոյցները կը տեսնենք, մինչ տառապանքն ու չարիքը կը շարունակուին»։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կրօնական միակ հին գրութիւնն է որ լիովին կը բացատրէ Աստուծոյ սէրը եւ մեզի կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս սէր ցուցաբերենք։
Սիրոյ մասին խօսող գիրքը
Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կը յայտնէ Եհովան որպէս ‘սիրոյ Աստուած’։ (Բ. Կորնթացիս 13։11) Աստուածաշունչը կը նկարագրէ թէ ի՛նչպէս սէրէ մղուած՝ Եհովա առաջին մարդկային զոյգին տուաւ հիւանդութենէ ու մահուընէ զերծ կեանք մը։ Բայց Աստուծոյ հեղինակութեան դէմ ըմբոստանալը տառապանք բերաւ մարդկութեան վրայ։ (Բ. Օրինաց 32։4, 5. Հռովմայեցիս 5։12) Եհովա գործի լծուեցաւ՝ կորսուածը վերահաստատելու համար։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Սուրբ Գրութիւնները Աստուծոյ սիրոյն վրայ յաւելեալ լոյս կը սփռեն, երբ կը նկարագրեն թէ Աստուած ի՛նչպէս Յիսուսի գլխաւորութեամբ կատարեալ կառավարութիւն մը հաստատած է, որպէսզի հնազանդ մարդկութեան համար խաղաղութիւնը վերահաստատէ։—Դանիէլ 7։13, 14. Բ. Պետրոս 3։13
Աստուածաշունչը մարդուն պարտաւորութիւնը կ’ամփոփէ հետեւեալ խօսքերով. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ Այս երկու պատուիրանքէն կախուած [է] բոլոր օրէնքը»։ (Մատթէոս 22։37-40) Աստուածաշունչը կը դաւանի Աստուծմէ ներշնչուած ըլլալ։ Որովհետեւ բացայայտ է թէ իր անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացնէ, կրնանք վստահ ըլլալ թէ անիկա ‘սիրոյ Աստուծմէն’ ծագում առած է։—Բ. Տիմոթէոս 3։16
Այս մէկ չափանիշը կիրարկելով, կրնանք բնորոշել թէ վաղեմի ո՛ր գրութիւնները իրապէս Աստուծմէ են։ Սէրը նաեւ կը բնորոշէ ճշմարիտ երկրպագուները, քանի որ սէր ցուցաբերելու մէջ Աստուած կ’ընդօրինակեն։
Աստուած սիրող մարդիկը ի՛նչպէս զատորոշել
Աստուած իրապէս սիրողները աչքի կը զարնեն, մանաւանդ ներկայ «վերջին օրեր»ուն մէջ։ Մարդիկ հետզհետէ աւելի «անձնասէր, արծաթասէր, . . . աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» կը դառնան։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-4
Ի՞նչպէս կրնաս Աստուած սիրողները զատորոշել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Աստուածսիրութիւնը մարդիկը կը մղէ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները յարգելու։ Օրինակ, Աստուծոյ Խօսքը սեռի եւ ամուսնութեան վերաբերեալ օրէնքներ ունի։ Սեռային յարաբերութիւնները արտօնուած են միա՛յն ամուսնութեան մէջ, եւ ամուսնութիւնը կենսատեւ պէտք է ըլլայ։ (Մատթէոս 19։9. Եբրայեցիս 13։4) Սպանիոյ մէջ, երբ աստուածաբանութիւն ուսանած կին մը Եհովայի Վկաներուն մէկ ժողովին ներկայ եղաւ, ուր Աստուածաշունչի բարոյական օրէնքները կ’ուսումնասիրէին, ան նշեց. «Ժողովին աւարտին տոգորուած զգացի, ո՛չ միայն աստուածաշնչական լուսաբանող դասախօսութիւններուն շնորհիւ, այլեւ ներկաներուն միասնականութեան, բարձր բարոյականութեան ու ընտիր վարքին շնորհիւ»։
Իրենց աստուածսիրութենէն զատ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները դիւրաւ կը բնորոշուին դրացիներուն հանդէպ իրենց ցուցաբերած սիրով։ Անոնց ամենակարեւոր գործն է՝ ուրիշներուն խօսիլ մարդկութեան միակ յոյսին մասին,– Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ (Մատթէոս 24։14) Ո՛չ մէկ բան կրնայ իրենց դրացիներուն աւելի մնայուն օգուտներ բերել, քան՝ անոնց օգնել որ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ձեռք ձգեն։ (Յովհաննու 17։3) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները նաեւ իրենց սէրը այլ կերպերով ցոյց կու տան։ Անոնք տառապեալներուն գործնական կերպով կ’օգնեն։ Օրինակ, երբ երկրաշարժ մը Իտալիոյ մէջ աւերներ գործեց, տեղական լրագիր մը տեղեկագրեց թէ Եհովայի Վկաները «գործնական քայլեր կ’առնեն, տառապեալներուն օգնելով՝ առանց նկատի առնելու թէ ո՛ր կրօնքին կը պատկանին»։
Աստուած ու ընկերը սիրելու կողքին, ճշմարիտ Քրիստոնեաները զիրար կը սիրեն։ Յիսուս ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։34, 35
Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն իրարու հանդէպ ունեցած սէրը ուշագրաւօրէն տարբե՞ր է։ Էմա անունով սպասուհի մը այդպէս խորհեցաւ։ Ան կ’աշխատի Լա Փազի մէջ, Պոլիվիա, ուր էթնիքական տարբերութիւնները յաճախ կը զատեն հարուստները աղքատներէն։ Ան ըսաւ. «Առաջին անգամ որ Եհովայի Վկաներու ժողովի մը գացի, տեսայ վայելչազգեստ պարոն մը որ նստած էր ու կը խօսակցէր Հնդիկ կնոջ մը հետ։ Այսպիսի բան մը բնաւ չէի տեսած։ Այդ րոպէին գիտցայ թէ ասոնք Աստուծոյ ժողովուրդն են»։ Նմանապէս, Միրիամ անունով Պրազիլիացի երիտասարդուհի մը ըսաւ. «Չէի գիտեր թէ ի՛նչպէս կրնամ երջանիկ ըլլալ, նոյնիսկ՝ ընտանիքիս մէջ։ Եհովայի Վկաներուն մէջ էր որ առաջին անգամ ըլլալով տեսայ գործի դրուած սէրը»։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, հեռատեսիլի կայանի մը լուրերու տնօրէնը գրեց. «Եթէ աւելի մարդիկ ձեր կրօնքին համաձայն ապրէին, այս ազգը ներկայ կացութեան չէր հասներ։ Որպէս լուրերու հաղորդիչ գիտեմ որ ձեր կազմակերպութիւնը հիմնուած է սիրոյ եւ Ստեղծիչին հանդէպ զօրաւոր հաւատքի վրայ»։Ճշմարիտ պաշտամունքը փնտռէ
Սէրը ճշմարիտ պաշտամունքին յատկանշական մէկ երեսակն է։ Յիսուս նշեց թէ ճշմարիտ պաշտամունքը գտնելը կը նմանի շիտակ ճամբան գտնելուն եւ անոր մէջ քալելուն։ Անիկա յաւիտենական կեանքի առաջնորդող միակ ճամբան է։ Յիսուս ըսաւ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ (Մատթէոս 7։13, 14) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներու միայն մէ՛կ խումբ միասնականօրէն Աստուծոյ հետ կը քալէ ճշմարիտ պաշտամունքի ճամբուն մէջ։ Հետեւաբար կարեւոր է թէ ո՛ր կրօնքը կ’ընտրես։ Եթէ այդ ճամբան գտնես եւ ընտրես անոր մէջ քալել, կեանքի լաւագոյն ուղին գտած պիտի ըլլաս, քանի որ սիրոյ ճամբան է։—Եփեսացիս 4։1-4
Պահ մը երեւակայէ թէ ճշմարիտ պաշտամունքի ճամբուն մէջ քալելով՝ ի՜նչ ուրախութիւն պիտի վայելես։ Անիկա Աստուծոյ հետ քալելուն կը նմանի։ Աստուծմէ կրնաս իմաստութիւն ու սէր սորվիլ, որպէսզի ուրիշներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ վայելես։ Աստուծմէ կրնաս կեանքի նպատակին մասին սորվիլ, իր խոստումները հասկնալ եւ ապագայի համար յոյս ունենալ։ Երբեք պիտի չզղջաս որ ճշմարիտ պաշտամունքը փնտռած ես։
[Նկար՝ էջ 5]
Կրօնական հին գրութիւններուն մէջ, միայն Աստուածաշունչը Աստուծոյ սէրը կը յայտնէ
[Նկարներ՝ էջ 7]
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կրնան զատորոշուիլ, քանի որ սէր ի գործ կը դնեն