«Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք»
«Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք»
«Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6։1
1. Հնազանդութիւնը ի՞նչպէս կրնայ քեզ պաշտպանել։
ԱՅԺՄ ողջ ենք՝ թերեւս քանի որ հնազանդեցանք, մինչդեռ ուրիշներ ողջ չեն, քանի որ չհնազանդեցան։ Ի՞նչ բանի հնազանդիլ։ Ազդարարութիւններուն, զոր օրինակ՝ մեր «զարմանալի կերպով» ստեղծուած մարմնին տուած ազդարարութիւնները։ (Սաղմոս 139։14) Մեր աչքերը սեւ ամպեր կը տեսնեն եւ մեր ականջները որոտումի ձայներ կը լսեն։ Ապա օդին մէջ գոյացած ելեկտրական լիցքը մեր մազերը կը կայնեցնէ։ Հաւանական վտանգներուն տեղեակ եղողներուն համար, այս նշանները ազդարարութիւն մըն են՝ ապահով վայր փնտռելու, քանի որ մօտալուտ փոթորիկը իր կայծակներով ու կարկուտներով կրնայ մահաբեր ըլլալ։
2. Երախաները ինչո՞ւ ազդարարութիւններու կարիք ունին, եւ ինչո՞ւ իրենց ծնողքին պէտք է հնազանդին։
2 Երախանե՛ր, հաւանական վտանգներու նկատմամբ ազդարարութիւններու կարիք ունիք, եւ ձեր ծնողքը զանոնք տալու պատասխանատուութիւնը ունին։ Թերեւս կը յիշէք անոնց խօսքերը. «Վառարանին մի՛ դպչիր, տա՛ք է»։ «Գետին մի՛ մօտենար, վտանգաւո՛ր է»։ «Ճամբան կտրելէ առաջ, աջուձախ նայէ՛»։ Ցաւօք սրտի, երախաներ վնասուած կամ նոյնիսկ մեռած են, քանի որ չեն հնազանդած։ Ձեր ծնողքին հնազանդիլը «արժան» է,– իրաւացի ու պատշաճ է։ Անիկա նաեւ իմաստութիւն է։ (Առակաց 8։33) Աստուածաշունչի այլ համար մը կ’ըսէ թէ անիկա մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի առջեւ «հաճելի» է։ Արդարեւ Աստուած ձեզի կը պատուիրէ որ ձեր ծնողքին հնազանդ ըլլաք։—Կողոսացիս 3։20. Ա. Կորնթացիս 8։6
Հնազանդութեան մնայուն վարձատրութիւնները
3. Մեզմէ շատերուն համար «ճշմարիտ կեանքը» ի՞նչ է, եւ երախաները ի՞նչպէս կրնան զայն վայելելու հեռանկարը ունենալ։
3 Ծնողքիդ հնազանդիլը ‘ներկայ կեանքդ’ կը պաշտպանէ, բայց հնազանդութիւնը նաեւ կարելի պիտի դարձնէ որ «ապագայ կեանք»ը վայելես, որ կոչուած է՝ «ճշմարիտ կեանքը»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8. 6։19, Անթիլիաս) Մեզմէ շատերուն համար, ճշմարիտ կեանքը անվերջ կեանք է երկրի վրայ՝ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, զոր կը խոստանայ անոնց՝ որ հաւատարմօրէն իր պատուիրաններուն կը կառչին։ Գլխաւոր պատուիրան մը կ’ըսէ. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,) որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։ Ուստի եթէ ծնողքիդ հնազանդիս, երջանիկ պիտի ըլլաս։ Ապագադ ապահով պիտի ըլլայ, եւ դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու հեռանկարը պիտի ունենաս։—Եփեսացիս 6։2, 3
4. Երախաները ի՞նչպէս կրնան Աստուած պատուել եւ այսպէս օգտուիլ։
4 Երբ ծնողքդ պատուես՝ անոնց հնազանդելով, նաեւ պատուած կ’ըլլաս Աստուած, քանի որ ինքն է որ քեզմէ կը պահանջէ անոնց հնազանդիլ։ Միեւնոյն ատեն, դուն կ’օգտուիս։ «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Եսայեայ 48։17. Ա. Յովհաննու 5։3) Հնազանդ ըլլալով ի՞նչպէս կ’օգտուիս։ Անիկա հայրդ ու մայրդ կ’ուրախացնէ, եւ անոնք կը մղուին իրենց հաճութիւնը դրսեւորելու այնպիսի կերպերով, որոնք կեանքդ աւելի պիտի երջանկացնեն։ (Առակաց 23։22-25) Բայց ամենէն կարեւորը, հնազանդութիւնդ կ’ուրախացնէ երկնաւոր Հայրդ, եւ ան սքանչելի կերպերով քեզ պիտի վարձատրէ։ Այժմ տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս օրհնեց ու պաշտպանեց Յիսուսը, որ իր անձին մասին ըսաւ. «Ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։—Յովհաննու 8։29
Յիսուս՝ ժրաջան աշխատող մը
5. Ի՞նչ պատճառներով կրնանք ըսել թէ Յիսուս ժրաջան աշխատող մըն էր։
5 Յիսուս իր մօր՝ Մարիամի առաջին զաւակն էր։ Իր որդեգիր հայրը՝ Յովսէփ ատաղձագործ մըն էր։ Յիսուս ալ ատաղձագործ մը եղաւ, ակներեւօրէն՝ արհեստը Յովսէփէն սորվելով։ (Մատթէոս 13։55. Մարկոս 6։3. Ղուկաս 1։26-31) Քու կարծիքով, Յիսուս ի՞նչպիսի ատաղձագործ մըն էր։ Իր կոյս մօր արգանդին մէջ հրաշալիօրէն յղացուելէն առաջ երբ երկինքն էր, որպէս անձնաւորուած իմաստութիւն՝ ան բացատրեց. «Այն ատեն ես [Աստուծոյ] քով ճարտարապետ էի եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի»։ Աստուած Յիսուսի հաճեցաւ, որ երկնքի մէջ ժրաջան աշխատող մըն էր։ Չե՞ս խորհիր որ երբ ան երկրի վրայ պատանի մըն էր, նաեւ ջանաց ատակ աշխատող, հմուտ ատաղձագործ մը ըլլալ։—Առակաց 8։30. Կողոսացիս 1։15, 16
6. (ա) Ինչո՞ւ հաւանաբար Յիսուս երախան տնային մանր պարտականութիւններ ունէր։ (բ) Երախաները ի՞նչ կերպերով կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։
6 Երբ Յիսուս երախայ էր, անկասկած խաղեր խաղցաւ, ինչպէս Աստուածաշունչը կը նշէ թէ վաղեմի Զաքարեայ 8։5. Մատթէոս 11։16, 17) Սակայն կրնաս վստահ ըլլալ թէ Յովսէփի ձեռքին տակ ատաղձագործութիւն սորվելէ զատ, Յիսուս տնային մանր պարտականութիւններ ունէր, աղքատ ու բազմանդամ ընտանիքի մը անդրանիկը ըլլալով։ Հետագային, Յիսուս քարոզիչ մը եղաւ եւ ինքզինք տրամադրեց իր ծառայութեան, անձնական հանգստութիւնը զոհելով։ (Ղուկաս 9։58. Յովհաննու 5։17) Յիսուսը ընդօրինակելու կերպեր կը տեսնե՞ս։ Ծնողքդ քեզմէ կը խնդրե՞ն որ սենեակդ մաքրես կամ տնային այլ մանր պարտականութիւններ ընես։ Անոնք քեզ կը քաջալերե՞ն որ Աստուծոյ պաշտամունքին մասնակցիս, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով եւ հաւատալիքներուդ մասին ուրիշներուն խօսելով։ Քու կարծիքով, Յիսուս երախան համանման խնդրանքներու ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէր։
ժամանակներուն երախաները կը խաղային։ (Աստուածաշունչի ջանասէր աշակերտ եւ ուսուցիչ
7. (ա) Պասեքը տօնելու համար Յիսուս հաւանաբար որո՞նց հետ ճամբորդեց։ (բ) Վերադարձին՝ Յիսուս ո՞ւր էր եւ ինչո՞ւ։
7 Իւրաքանչիւր Իսրայելացի ընտանիքի բոլոր արու անդամներէն պահանջուած էր որ հրէական երեք տօներուն ընթացքին Եհովան պաշտէին տաճարին մէջ։ (Բ. Օրինաց 16։16) Երբ Յիսուս 12 տարեկան էր, թերեւս իր ամբո՛ղջ ընտանիքը Երուսաղէմ ճամբորդեց՝ Պասեքը պահելու համար, հաւանաբար պարփակելով իր խորթ եղբայրներն ու քոյրերը։ Յիսուսի ընտանիքին հետ թերեւս ճամբորդեցին Սողովմէ, որ հաւանաբար Մարիամի քոյրն էր, անոր ամուսինը Զեբեդէոս եւ երկու տղաքը՝ Յակոբոս ու Յովհաննէս, որոնք հետագային առաքեալներ եղան։ * (Մատթէոս 4։20, 21. 13։54-56. 27։56. Մարկոս 15։40. Յովհաննու 19։25) Վերադարձին, Յովսէփ ու Մարիամ թերեւս խորհեցան թէ Յիսուս ազգականներուն հետ էր, ուստի իր բացակայութիւնը զգալի չեղաւ։ Իսկ երեք օր ետք, զինք գտան տաճարին մէջ, ուր «վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր»։—Ղուկաս 2։44-46
8. Տաճարին մէջ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, եւ մարդիկ ինչո՞ւ ապշեցան։
8 Ի՞նչ կերպով Յիսուս վարդապետներուն «բան կը հարցնէր»։ Հաւանաբար ան չէր հարցներ պարզապէս իր հետաքրքրութիւնը յագեցնելու կամ տեղեկութիւն ձեռք ձգելու համար։ Հոս գործածուած Յունարէն բառը կրնայ իրաւաբանական հարցաքննութեան ակնարկել, հարցուփորձ պարփակելով։ Արդարեւ Յիսուս պատանին Աստուածաշունչի աշակերտ եղած էր, որ կրօնական հմուտ ուսուցիչները ապշեցուց։ «Բոլոր զայն լսողները կը զմայլէին անոր խելքէն ու պատասխաններէն»։—Ղուկաս 2։47, ԱՎ
9. Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու մէջ՝ ի՞նչպէս կրնաս Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։
9 Քու կարծիքով, Յիսուս պատանին ի՞նչպէս կրցաւ իր աստուածաշնչական գիտութեամբ ապշեցնել նոյնիսկ փորձառու ուսուցիչներ։ Անշուշտ, ան օրհնուած էր աստուածավախ ծնողքով, որոնք աստուածային կրթութեամբ զինք մեծցուցին։ (Ելից 12։24-27. Բ. Օրինաց 6։6-9. Մատթէոս 1։18-20) Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Յովսէփ Յիսուս երախան կը տանէր ժողովարան, Սուրբ Գրութիւններուն ընթերցանութիւնը եւ քննարկումը լսելու համար։ Դուն ալ օրհնուա՞ծ ես ծնողքով մը, որ քեզի հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն եւ քեզ քրիստոնէական ժողովներու կը տանին։ Անոնց ջանքերը կ’արժեւորե՞ս, ինչպէս Յիսուս իր ծնողքին ջանքերը գնահատեց։ Յիսուսի նման, ուրիշներուն կը հաղորդե՞ս ինչ որ կը սորվիս։
Յիսուս ենթարկուող էր
10. (ա) Յիսուսի ծնողքը ինչո՞ւ պէտք էր գիտնային թէ զինք ո՛ւր կրնային գտնել։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ երախաներուն։
10 Քու կարծիքով, Յովսէփ ու Մարիամ ի՞նչպէս զգացին երբ ի վերջոյ Յիսուսը գտան տաճարին մէջ։ Անկասկած անոնք շա՜տ հանգստացան։ Սակայն Յիսուս զարմացաւ որ իր ծնողքը չէին գիտցած թէ ո՛ւր էր։ Անոնք գիտէին Յիսուսի հրաշալի ծնունդին մասին։ Ասկէ զատ, բոլոր մանրամասնութիւններուն տեղեակ չըլլալով հանդերձ, անոնք որպէս Փրկիչ ու Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչ իր ապագայ դերին մասին որոշ տեղեկութիւն ունէին։ (Մատթէոս 1։21. Ղուկաս 1։32-35. 2։11) Ուստի Յիսուս անոնց հարցուց. «Ինչո՞ւ կը փնտռէիք զիս. չէի՞ք գիտեր թէ ես պէտք է ըլլամ իմ Հօրս տունը»։ Յետոյ Յիսուս հնազանդօրէն իր ծնողքին հետ Նազարէթ վերադարձաւ, եւ «կը հպատակէր անոնց», իսկ «անոր մայրը այս բոլոր խօսքերը կը պահէր իր սիրտին մէջ»։—Ղուկաս 2։48-51, ԱՎ
11. Յիսուսէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ հնազանդութեան մասին։
11 Ծնողքիդ միշտ հնազանդելով՝ Յիսուսը ընդօրինակելը դիւրին կը գտնե՞ս։ Կը խորհի՞ս որ անոնք յաճախ արդի աշխարհը չեն հասկնար եւ դուն անոնցմէ աւելի գիտես։ Ճիշդ է որ կարգ մը բաներու մասին անոնցմէ աւելի գիտես,– թերեւս բջիջային հեռաձայնի, համակարգիչի կամ արդիական այլ գործիքներու գործածութեան մասին։ Բայց պահ մը խորհէ Յիսուսի մասին, որուն «խելքէն ու պատասխաններէն» զմայլեցան փորձառու ուսուցիչները։ Հաւանաբար պիտի համաձայնիս թէ անոր հետ բաղդատած, քիչ բան գիտես։ Այսուհանդերձ Յիսուս իր ծնողքին կ’ենթարկուէր։ Ասիկա չի նշանակեր թէ ան միշտ համաձայն կը գտնուէր անոնց կայացուցած որոշումներուն հետ։ Ասով մէկտեղ, ան շարունակեց ‘անոնց հպատակիլ’ պատանեկութեան շրջանին։ Իր օրինակէն ի՞նչ դաս կրնաս քաղել։—Հնազանդութիւնը մարտահրաւէր մըն է
12. Հնազանդութիւնը ի՞նչպէս կրնայ կեանքդ փրկել։
12 Հնազանդ ըլլալը միշտ դիւրին չէ, ինչպէս բացայայտ եղաւ մի քանի տարի առաջ, երբ երկու պատանուհիներ վեց–գծով կառուղի մը վազելով պիտի կտրէին, փոխանակ անցորդներու յատուկ կամուրջը գործածելու։ «Ճոն, եկո՛ւր», քաջալերեցին անոնք իրենց ընկերակցող պատանին, մինչ կ’ուղղուէր դէպի կամուրջը։ «Մեզի հետ պիտի գաս, այդպէս չէ՞»։ Երբ ան վարանեցաւ, աղջիկներէն մէկը զինք նախատեց՝ ըսելով. «Վախկո՜տ»։ Քաջ ըլլալով հանդերձ, Ճոն ըսաւ. «Մօրս խօսքին ականջ տալու եմ»։ Քանի մը վայրկեան ետք, մինչ ան կամուրջին վրայ էր, լսեց ինքնաշարժի մը անիւներուն ճիչը, ապա տեսաւ երկու աղջիկներուն գետին փռուիլը։ Մէկը իսկոյն մեռաւ, իսկ միւսը ա՛յնքան վնասուեցաւ որ ետքը ստիպուեցան սրունքը անդամահատել։ Անոնց մայրը, որ իրենց ըսած էր որ կամուրջը գործածէին, հետագային Ճոնի մօրը ըսաւ. «Երանի՜ թէ անոնք տղուդ պէս հնազանդ ըլլային»։—Եփեսացիս 6։1
13. (ա) Ինչո՞ւ ծնողքիդ պէտք է հնազանդիս։ (բ) Ե՞րբ պատշաճ է որ զաւակ մը իր ծնողին ըսածը չընէ։
13 Աստուած ինչո՞ւ կ’ըսէ. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք»։ Ծնողքիդ հնազանդելով, Աստուծոյ հնազանդ կ’ըլլաս։ Ասկէ զատ, ծնողքդ քեզմէ աւելի փորձառութիւն ունին։ Օրինակ, վերոնշեալ արկածէն հինգ տարի առաջ, Ճոնի մայրը բարեկամուհի մը ունէր, որուն զաւակը իր կեանքը կորսնցուց՝ երբ փորձեց այդ նոյն մայրուղին կտրել։ Ճիշդ է որ ծնողքիդ հնազանդիլը միշտ դիւրին չէ, բայց Աստուա՛ծ կ’ըսէ որ պէտք է հնազանդիս։ Միւս կողմէ, եթէ ծնողքդ կամ ուրիշներ քեզի ըսեն որ ստես, գողնաս կամ Աստուծոյ մերժած մէկ բանը ընես, ‘Աստուծո՛յ պէտք է հնազանդիս, փոխանակ մարդոց’։ Ասոր համար, «ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք» ըսելէ ետք, Աստուածաշունչը կ’աւելցնէ՝ «Տէրոջմով»։ Ուստի ծնողքիդ հնազանդելու ես ամէ՛ն բանի մէջ որ Աստուծոյ օրէնքներուն հետ ներդաշնակ է։—Գործք 5։29
14. Կատարեալ անհատին համար ինչո՞ւ հնազանդութիւնը աւելի դիւրին է, սակայն ինչո՞ւ հնազանդութեան մասին սորվելու հարկ կար։
14 Կը խորհի՞ս թէ եթէ կատարեալ ըլլայիր,– Յիսուսի նման՝ «անարատ, մեղաւորներէն զատուած»,– Եբրայեցիս 7։26) Եթէ կատարեալ ըլլայիր, չարին հակամէտ պիտի չըլլայիր։ (Ծննդոց 8։21. Սաղմոս 51։5) Սակայն նոյնիսկ Յիսուս հնազանդութեան վերաբերեալ դասեր պէտք էր սորվէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Թէպէտ [Յիսուս] Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ»։ (Եբրայեցիս 5։8) Չարչարանքները ի՞նչպէս Յիսուսի օգնեցին որ հնազանդութիւն սորվի, դաս մը որ երկնքի մէջ բնաւ հարկ չկար որ սորվէր։
ծնողքիդ հնազանդիլը միշտ դիւրին պիտի ըլլար։ (15, 16. Յիսուս ի՞նչպէս հնազանդութիւն սորվեցաւ։
15 Եհովայի առաջնորդութեան ներքեւ, երբ Յիսուս մանուկ էր, Յովսէփ ու Մարիամ զինք վնասներէ պաշտպանեցին։ (Մատթէոս 2։7-23) Սակայն ժամանակի ընթացքին, Աստուած գերբնական պաշտպանութիւնը Յիսուսէ հեռացուց։ Յիսուսի մտային ու ֆիզիքական տառապանքը ա՛յնքան սաստկացաւ, որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց»։ (Եբրայեցիս 5։7) Ասիկա ե՞րբ տեղի ունեցաւ։
16 Ասիկա յատկապէս տեղի ունեցաւ Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին ժամերուն, երբ Սատանան ամբողջական յարձակում գործեց՝ Իր ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։ Բացայայտօրէն, Յիսուս ա՛յնքան տառապեցաւ այն խորհուրդէն՝ թէ որպէս ենթադրեալ չարագործ իր մահը ժխտականօրէն պիտի ազդէր իր Հօր համբաւին, որ երբ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ ջերմեռանդութեամբ կ’աղօթէր, ‘իր քրտինքը գետին ինկող արիւնի մեծ կաթիլներու պէս եղաւ’։ Քանի մը ժամ ետք, տանջանքի ցիցին վրայ իր մահուան մեթոտը ա՛յնքան ցաւ պատճառեց, որ ‘արցունքով սաստիկ գոչեց’։ (Ղուկաս 22։42-44. Մարկոս 15։34) Այսպէս ան «իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ» եւ իր Հօր սիրտը ուրախացուց։ Այժմ երկնքի մէջ, Յիսուս մեզի կը կարեկցի, մինչ կը մաքառինք հնազանդ ըլլալու։—Առակաց 27։11. Եբրայեցիս 2։18. 4։15
Հնազանդութեան դասը սորվիլ
17. Կրթութիւն ստանալը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
17 Հայրդ ու մայրդ քեզ կրթելով՝ կ’ապացուցանեն թէ քեզի համար լաւագոյնը կ’ուզեն եւ քեզ կը սիրեն։ «Ո՞վ է այն որդին՝ որուն հայրը չի պատժեր զինք», կը հարցնէ Աստուածաշունչը։ Ցաւալի պիտի չը՞լլար եթէ ծնողքդ քեզ բաւարար չսիրելով, քեզ սրբագրելու համար հարկ եղած ժամանակն ու ջանքը չտրամադրէին։ Նմանապէս, որովհետեւ Եհովա քեզ կը սիրէ, քեզ կը սրբագրէ։ «Ո՛չ մէկ պատիժ նոյն պահուն կը թուի ուրախարար, հապա՝ տրտմարար. բայց յետոյ կու տայ արդարութեան խաղաղարար պտուղը՝ անով կրթուածներուն»։—Եբրայեցիս 12։7-11, ԱՎ
18. (ա) Սիրալիր կրթութիւնը ի՞նչ բանի ապացոյց է։ (բ) Ի՞նչ դրական կերպեր տեսած ես, որոնցմով այս կրթութիւնը անհատներու կեանքը կաղապարած է։
18 Վաղեմի Իսրայէլի մէկ թագաւորը, որուն ուշագրաւ իմաստութեան Յիսուս ակնարկեց, խօսեցաւ ծնողական սիրալիր սրբագրութեան կարիքին մասին։ Սողոմոն գրեց. «Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ»։ Սողոմոն նոյնիսկ ըսաւ թէ սիրալիր կրթութիւն ստանալով, անհատը կրնայ իր հոգին մահէն ազատել։ (Առակաց 13։24. 23։13, 14. Մատթէոս 12։42) Քրիստոնեայ կին մը կը մտաբերէ թէ մանկութեան ատեն, երբ քրիստոնէական ժողովներուն չարաճճիութիւն ընէր, հայրը կը խոստանար զինք կրթել՝ տուն վերադառնալէ ետք։ Այժմ ան երախտապարտ է իր հօր, անոր մատակարարած սիրալիր կրթութեան համար, որ իր կեանքը ընտիր կերպով կաղապարեց։
19. Յատկապէս ի՞նչ պատճառով ծնողքիդ պէտք է հնազանդիս։
19 Շնորհապա՛րտ եղիր եթէ ունիս քեզ սիրող ծնողներ, որոնք ժամանակ ու ջանք կը տրամադրեն քեզ սիրալիրօրէն կրթելու։ Անոնց հնազանդէ, ինչպէս Տէր Յիսուս Քրիստոս հնազանդեցաւ իր ծնողքին՝ Յովսէփի ու Մարիամի։ Բայց անոնց հնազանդէ՝ մանաւանդ քանի որ այդպէս կը պահանջէ երկնաւոր Հայրդ՝ Եհովա Աստուած։ Ասիկա ընելով պիտի օգտուիս, «քեզի աղէկ [պիտի] ըլլայ ու երկար կեանք [պիտի] ունենաս երկրի վրայ»։—Եփեսացիս 6։2, 3
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 7 Տեսնել Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Հատոր Բ., էջ 841, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Երախաները իրենց ծնողներուն հնազանդելով ի՞նչ օգուտներ կը ստանան։
• Որպէս երախայ, Յիսուս իր ծնողքին հնազանդելու մէջ ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։
• Յիսուս ի՞նչպէս հնազանդութիւն սորվեցաւ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Տասներկու տարեկան Յիսուսը քաջածանօթ էր Սուրբ Գրութիւններուն
[Նկար՝ էջ 20]
Յիսուս չարչարանքներէն ի՞նչպէս հնազանդութիւն սորվեցաւ