Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ո՛ր կրօնքը կ’ընտրես

Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ո՛ր կրօնքը կ’ընտրես

Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ո՛ր կրօնքը կ’ընտրես

ՄԵՐ մեծամասնութիւնը կը նախասիրէ գնումի ատեն՝ մեծ հաւաքածոյէ մը ընտրութիւն ընել։ Երբ պտղավաճառ մը զանազան պտուղներ ու բանջարներ կը ծախէ, կրնանք ընտրել ի՛նչ որ կը սիրենք ու մեր ընտանիքին օգտակար է։ Իսկ հագուստի վաճառատան մը մէջ, ուր բազմաթիւ ոճերով ու գոյներով հագուստներ մատչելի են, կրնանք ընտրել ի՛նչ որ լաւագոյն կերպով յարմար է մեզի։ Կեանքի մէջ մեր ըրած կարգ մը ընտրութիւնները պարզապէս կ’արտացոլացնեն մեր նախասիրութիւնները, բայց ուրիշ ընտրութիւններ կ’ազդեն մեր բարօրութեան, ինչպէս՝ սննդարար ուտելիքի կամ իմաստուն բարեկամի ընտրութիւնը։ Արդ, ի՞նչ կրնանք ըսել կրօնքի ընտրութեան մասին։ Մեր պաշտամունքի կերպը պարզապէս կ’արտացոլացնէ մեր անձնական ճաշա՞կը, թէ ոչ հարց մըն է որ մեր բարօրութեան լրջօրէն կ’ազդէ։

Ներկայիս բազմաթիւ կրօնքներ կան, որոնցմէ կարելի է ընտրութիւն մը ընել։ Շատ մը երկիրներ կրօնքի ազատութիւնը կ’երաշխաւորեն, եւ մարդիկ հետզհետէ աւելի ազատ կը զգան իրենց ծնողքին կրօնքը լքելու։ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած փորձագիտանք մը ցոյց տուաւ թէ Ամերիկացիներուն 80 տոկոսը «կը հաւատայ թէ մէկէ աւելի կրօնքներ կրնան փրկութեան առաջնորդել», իսկ «ամէն հինգ մասնակցողներէն մէկը ըսաւ թէ իր կրօնքը փոխեց երբ չափահաս եղաւ»։ Պրազիլի մէջ կատարուած փորձագիտանք մը երեւան հանեց թէ Պրազիլիացիներուն գրեթէ քառորդը իր կրօնքը փոխած է։

Անցեալին, մարդիկ բուռն բանավէճեր կ’ունենային՝ կրօնքները իրարմէ զանազանող վարդապետութիւններուն մասին։ Այժմ ժողովրդական տեսակէտն է՝ ‘տարբերութիւն չ’ըներ թէ ի՛նչ կրօնք կ’ընտրես’։ Բայց ասիկա շիտա՞կ է։ Կրօնքի ընտրութիւնդ կրնա՞յ քեզի ազդել։

Ինչպէս խոհեմ գնորդը արտադրութեան ծագման մասին հարցումներ կ’ուղղէ, նոյնպէս խոհեմութիւն է որ հարց տաս. ‘Այս զանազան կրօնքները ի՞նչպէս ծագում առած են եւ ինչո՞ւ’։ Աստուածաշունչը կը հայթայթէ պատասխանները։

Կրօնքները ի՞նչպէս ծագում կ’առնեն

Յիսուսի ծնունդէն շուրջ հազար տարի առաջ, վաղեմի Իսրայէլի մէջ Յերոբովամ թագաւոր նոր կրօնք մը հաստատեց։ Ան Իսրայէլի անկախ հիւսիսային թագաւորութեան առաջին թագաւորն էր։ Իր նպատակակէտերը իրագործելու միտումով ժողովուրդը միացնելու մարտահրաւէրը դիմագրաւելով, «թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու երկու հատ ոսկիէ հորթ շինեց ու անոնց ըսաւ. ‘Ասկէ յետոյ Երուսաղէմ պէտք չէ ելլէք, ո՛վ Իսրայէլ, ահա քու աստուածներդ’»։ (Գ. Թագաւորաց 12։28) Բացորոշ է որ թագաւորը ուզեց կրօնքը գործածելով ժողովուրդը հեռացնել Երուսաղէմէ՝ իրենց պաշտամունքի կեդրոնէն։ Յերոբովամի հաստատած կրօնքը դարեր գոյատեւեց եւ միլիոնաւորներու մահուան պատճառ եղաւ, երբ Աստուած ի վերջոյ հաւատուրաց Իսրայէլ ազգին վրայ դատաստան գործադրեց։ Յերոբովամի կրօնքը քաղաքական շահաւէտութիւն մըն էր։ Մինչեւ օրս գոյատեւող կարգ մը պետական կրօնքներ նոյն կերպով սկսան, ջանալով քաղաքական հեղինակութիւնը զօրացնել։

Պօղոս առաքեալ նոր կրօնք մը հաստատելու այլ շարժառիթ մը յայտնեց, երբ ըսաւ. «Գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ (Գործք 20։29, 30) Հպարտ առաջնորդներ յաճախ կրօնական շարժումներ կը հաստատեն, ուշադրութիւնը իրենց վրայ հրաւիրելու համար։ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող եկեղեցիները բազմաթիւ հերձուածողութիւններու պատճառաւ բաժան–բաժան եղած են։

Կրօնքները կ’ուզեն ո՞վ հաճեցնել

Ժողովրդական պահանջին գոհացում տալու նպատակով՝ ոմանք նոր կրօնք մը կը սկսին։ Օրինակ, պարբերաթերթ մը (Economist) տեղեկագրեց Միացեալ Նահանգներու մէջ այդպէս կոչուած մեծ–եկեղեցիներուն մասին։ Յօդուածը կը նշէ թէ այս եկեղեցիները կ’ուռճանան, քանի որ «հիմնուած են յաջող առեւտրական հաստատութիւններու որդեգրած նոյն սկզբունքին վրայ. յաճախորդը առաջնակարգ տեղը դնել»։ Ոմանք «տեսաերիզներով, թատերախաղով ու ժամանակակից երաժշտութեամբ օժտուած հաճոյալի ծառայութիւններ կը մատուցանեն»։ Այս եկեղեցիներուն կարգ մը կրօնական առաջնորդները կը սորվեցնեն իրենց անդամներուն որ «հարուստ, առողջ եւ մտահոգութիւններէ զերծ» ըլլան։ Թէեւ այսպիսի եկեղեցիներ քննադատութեան կ’ենթարկուին, քանի որ ժամանցի ճարտարարուեստին կամ «ինքնօգնութեան ասպարէզ»ին մաս կը կազմեն, սակայն նոյն աղբիւրը կ’աւելցնէ թէ «անոնք պարզապէս եղած պահանջին կ’ընդառաջեն»։ Տեղեկագրութիւնը կ’եզրափակէ. «Առեւտուրի ու կրօնքի միացումը չափազանց յաջողութիւն գտած է»։

Թէեւ այլ կրօնքներ կրնան առեւտրական նուազ բնոյթ ունենալ, սակայն ‘պահանջին գոհացում տուող’ եկեղեցիները մեզի կը յիշեցնեն Պօղոսի տուած ազդարարութիւնը. «Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4

Որովհետեւ շատ մը կրօնքներ հաստատուեցան՝ քաղաքական հեղինակութիւն, վարկ ու ժողովրդականութիւն շահելու նպատակով, եւ ո՛չ թէ Աստուած հաճեցնելու համար, զարմանալի չէ որ կրօնքը չարութեան միջամուխ եղած է,– երախաներու լլկում, խարդախութիւն, պատերազմ, ահաբեկչութիւն, եւայլն։ Շատ յաճախ կրօնքը խաբեբայութիւն մըն է։ Ի՞նչպէս կրնաս չխաբուիլ։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

Շատ մը կրօնքներ հաստատուեցան՝ քաղաքական հեղինակութիւն, վարկ ու ժողովրդականութիւն շահելու նպատակով, եւ ո՛չ թէ Աստուած հաճեցնելու համար