Այս տագնապալից աշխարհին մէջ կրնա՛ս ապահով զգալ
Հրաւէր՝ մասնաւոր դասախօսութեան մը
Այս տագնապալից աշխարհին մէջ կրնա՛ս ապահով զգալ
Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այս բանախօսութիւնը պիտի ներկայացուի աշխարհի տարածքին՝ աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Շատ մը շրջաններու մէջ այս դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ 15 Ապրիլ 2007–ին։ Ի՞նչ կէտեր պիտի բացատրուին։ Նկատի առ, զոր օրինակ.
Ի՞նչ բան պատճառ եղած է որ համայն աշխարհի մէջ միլիառաւոր մարդիկ անապահով զգան։
Յատկապէս ե՞րբ ապահովութեան զգացումը անհետացաւ։
Ո՞ւր եւ ի՞նչպէս կրնանք իսկական ապահովութիւն գտնել։
Պատասխանները ձեռք ձգէ՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այս կարեւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուելով, որ պիտի ներկայացուի տասնեակ հազարաւոր վայրերու մէջ, սովորաբար Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Շրջանիդ մէջ եղող Վկաները սիրով քեզի պիտի իմացնեն ժամն ու հասցէն։ Անկեղծօրէն քեզ կը հրաւիրենք որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այս ժամանակայարմար ու քաջալերական դասախօսութեան ներկայ գտնուիս։