Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գործնական պատասխաններ

Գործնական պատասխաններ

Գործնական պատասխաններ

ԱՅԺՄ մատչելի եղող բազմաթիւ ինքնօգնութեան գրքերուն պարունակած խրատներուն մեծ մասին նպատակն է՝ օգնել այն անհատներուն, որոնց կեանքը տագնապի մէջ է։ Աստուածաշունչը տարբեր է։ Թէեւ անոր խրատները կրնան նեղութեան մէջ եղողներուն օգնել, սակայն Աստուածաշունչը ասկէ աւելին կ’ընէ։ Անոր խրատները անհատին կ’օգնեն խուսափելու սխալներէ, որոնք կրնան կեանքը անհարկիօրէն դժուարացնել։

Աստուածաշունչը կրնայ ‘միամիտներուն սրամտութիւն տալ ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար’։ (Առակաց 1։4) Եթէ Աստուածաշունչին ըսածները գործադրես, «խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ, որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն»։ (Առակաց 2։11, 12) Նկատի առ կարգ մը մասնայատուկ օրինակներ թէ Աստուածաշունչի խրատին հետեւիլը ի՛նչպէս կրնայ առողջութիւնդ պահպանել, ընտանեկան կեանքդ բարելաւել եւ քեզ աւելի լաւ գործաւոր կամ գործատէր մը դարձնել։

Ալքոլի անչափաւոր գործածութենէն խուսափէ

Աստուածաշունչը ալքոլի չափաւոր գործածութիւնը չի դատապարտեր։ Պօղոս առաքեալ գինիի բժշկական օգուտներուն ակնարկութիւն ըրաւ, երբ երիտասարդ Տիմոթէոսը խրատեց. «Քիչ մըն ալ գինի գործածէ՝ ստամոքսիդ ու յաճախադէպ հիւանդութիւններուդ համար»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։23, ԱՎ) Աստուածաշունչի այլ հատուածներ ցոյց կու տան թէ Աստուած մտադրած էր որ գինիին գործածութիւնը միայն բժշկական չըլլայ։ Գինին նկարագրուած է որպէս ‘մարդուն սիրտը ուրախացնող’ բան մը։ (Սաղմոս 104։15) Սակայն Աստուածաշունչը «գինեմոլ» ըլլալէ կը զգուշացնէ։ (Տիտոս 2։3) Անիկա կ’ըսէ. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն ու իրենց մարմինը մաշողներուն, վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան»։ (Առակաց 23։20, 21) Ի՞նչ կը պատահի երբ այսպիսի հաւասարակշռուած խրատ մը անտեսուի։ Նկատի առ քանի մը երկիրներէ քաղուած իրողութիւններ։

Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան մէկ տեղեկագրութիւնը (Global Status Report on Alcohol 2004) կ’ըսէ. «Ալքոլի առնչակից խնդիրները Իրլանտայի ժողովուրդին տարեկան շուրջ 2,4 միլիառ եւրոյի [3 միլիառ ամերիկեան տոլար] կը նային»։ Տնտեսական այս հսկայ բեռը կը պարփակէ «առողջապահական խնամքի ծախսերը (279 միլիոն եւրօ), ինքնաշարժի արկածներու ծախսերը (315 միլիոն եւրօ), ալքոլի առնչակից ոճիրներու ծախսերը (100 միլիոն եւրօ), ալքոլի պատճառաւ գործէն բացակայելու հետ առնչուած կորուստներ (1034 միլիոն եւրօ)», կ’ըսէ տեղեկագրութիւնը։

Խմիչքի չափազանց գործածութեան պատճառած մարդկային տառապանքը աւելի կարեւոր է քան՝ առթած տնտեսական վնասները։ Օրինակ, Աւստրալիոյ մէջ, միայն 12 ամսուան ընթացքին, աւելի քան կէս միլիոն հոգի ֆիզիքական վիրաւորանքի ենթարկուեցան, ալքոլի ազդեցութեան ներքեւ եղող անհատներու կողմէ։ Ֆրանսայի մէջ, տնային վայրագութեան շուրջ 30 տոկոսը՝ խմիչքի չափազանց գործածութեան հետեւանքն է։ Այս իրողութիւններուն ի տես, ալքոլի նկատմամբ Աստուածաշունչի խրատը տրամաբանական չի՞ թուիր։

Ապականող սովորութիւններէ խուսափէ

Երբ ծխելը տակաւին նորոյթ կը նկատուէր 1942–ին, այս պարբերաթերթը իր ընթերցողներուն օգնեց գիտակցելու թէ ծխախոտի գործածութիւնը Աստուածաշունչի սկզբունքները կ’ոտնակոխէ եւ զայն պէտք է մերժել։ Այդ տարին լոյս տեսած յօդուած մը պատճառաբանեց թէ Աստուած հաճեցնել փափաքող անհատները պէտք է հետեւին Աստուածաշունչի սա պատուէրին. «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք»։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Ներկայիս, շուրջ 65 տարի ետք, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այս խրատին տրամաբանական ըլլալը չէ՞ փաստուած։

Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը 2006–ին նկարագրեց ծխախոտի գործածութիւնը որպէս «աշխարհի մէջ մահուան երկրորդ գլխաւոր պատճառը»։ Ամէն տարի, շուրջ հինգ միլիոն մարդիկ կը մահանան ծխախոտի գործածութեան պատճառաւ, մինչդեռ HIV/AIDS–էն՝ շուրջ երեք միլիոն։ Ի. դարու ընթացքին, ծխելը շուրջ 100 միլիոն մարդոց կեանքը խլեց,– գրեթէ այդ դարու բոլոր պատերազմներու զոհերուն թիւը։ Արդարեւ, ներկայիս մեծապէս ընդունուած է թէ խոհեմութիւն է ծխախոտէն հեռու կենալ։

«Պոռնկութենէն փախէք»

Սեռային հարցերու շուրջ Աստուածաշունչի ըսածները աւելի նուազ ընդունելութիւն կը գտնեն։ Շատերու համոզումին հակառակը, Աստուածաշունչը սեռային բոլոր ցանկութիւնները ծայրայեղօրէն չի դատապարտեր որպէս մեղք։ Բայց անիկա սեռային յարաբերութեան շուրջ ողջամիտ խրատներ կու տայ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ սեռային յարաբերութիւնները՝ իրարու հետ ամուսնացած տղամարդուն ու կնոջ վերապահուած են։ (Ծննդոց 2։24. Մատթէոս 19։4-6. Եբրայեցիս 13։4) Սեռը միջոց մը կը հայթայթէ ամուսնացած անհատներուն որ սէր ու գորով արտայայտեն եւ ստանան։ (Ա. Կորնթացիս 7։1-5) Այս կարգադրութեամբ ծնած զաւակները, զիրար հոգացող երկու ծնողներ ունենալէ կ’օգտուին։—Կողոսացիս 3։18-21

Ինչ կը վերաբերի խառնագնաց վարքին, Աստուածաշունչը կը պատուիրէ. «Պոռնկութենէն փախէք»։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Ասոր պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։ Համարը կը շարունակէ. «Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ»։ Երբ սեռային հարցերու վերաբերեալ Աստուածաշունչի խրատը անտեսուի, հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

Նկատի առ թէ ի՛նչ կը պատահի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ճարտարարուեստական երկիրներուն մէջ, այժմ այդ երկիրը դեռատիներու յղութեան բարձրագոյն տոկոսը ունի,– տարեկան շուրջ 850,000։ Վիժումի զոհ չգացած մանկիկներէն շատերուն մայրերը ամուրի են։ Անտարակոյս, այս մատղաշ մայրերէն շատեր իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որպէսզի իրենց զաւակները սիրով ու կրթութեամբ մեծցնեն, եւ ոմանք կը յաջողին։ Սակայն, դառն իրողութիւնը այն է՝ թէ աւելի հաւանականութիւն կայ որ դեռատի մայրերու որդիները բանտ մտնեն, իսկ աղջիկները՝ իրենց մօր նման ամուրի մայրեր դառնան։ Վերջին քանի մը տասնամեակներու վիճակագրութիւնները վերաքաղ ընելէ ետք, հետազօտիչ Ռապըրթ Լըրմըն գրեց. «Միածնող ընտանիքներու հոսանքը թերեւս նպաստած է ընկերային այլ խնդիրներու յաւելման, ինչպէս՝ ուսումը կիսատ թողուլ, ալքոլամոլութիւն, թմրամոլութիւն, դեռատիներու յղութիւն ու ծննդաբերութիւն, եւ պատանեկան պարտազանցութիւն»։

Խառնակեաց անհատները նաեւ առողջապահական մեծ վտանգներ կը դիմագրաւեն, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ մտային։ Օրինակ, պարբերաթերթ մը (Pediatrics) կը տեղեկագրէ. «Տուեալները ցոյց կու տան թէ սեռային գետնի վրայ գործունեայ անչափահասները դիւրաւ կ’ընկճուին ու անձնասպանութեան կը դիմեն»։ Առողջապահական այլ վտանգներու առնչութեամբ, Ընկերային Առողջութեան Ամերիկեան Ընկերութիւնը կ’ըսէ. «[Միացեալ Նահանգներու] բնակչութեան աւելի քան կէսը, իրենց կեանքի ընթացքին՝ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութեան մը պիտի բռնուին»։ Պահ մը խորհէ թէ եթէ մարդիկ սեռի շուրջ Աստուածաշունչի գործնական խրատին հետեւէին, ի՜նչ սրտատանջութենէ ու տառապանքէ կրնային խուսափիլ։

Ընտանեկան զօրաւոր կապեր հաստատէ

Աստուածաշունչը կործանարար սովորութիւններէ զգուշացնելէ աւելին կ’ընէ։ Նկատի առ ընտանեկան կեանքի որակը բարելաւելու շուրջ անոր գործնական խրատները։

Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս»։ (Եփեսացիս 5։28) Փոխանակ իրենց կիներուն արժէքը նսեմացնելու, ամուսիններուն յորդոր տրուած է որ «խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները»։ (Ա. Պետրոս 3։7) Վէճերու նկատմամբ, ամուսիններուն խրատ տրուած է. «Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց»։ (Կողոսացիս 3։19) Չե՞ս համաձայնիր թէ այս խրատները կիրարկող ամուսին մը իր կնոջ սէրն ու յարգանքը պիտի շահի։

Աստուածաշունչը կիներուն կու տայ սա ուղղութիւնը. «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է . . . ։ Կինը իր այրէն [թող] ակնածի»։ (Եփեսացիս 5։22, 23, 33) Չե՞ս խորհիր թէ կին մը որ իր ամուսինին հետ կամ անոր մասին խօսած ատեն այս խրատին կը հետեւի, անոր կողմէ խորապէս պիտի սիրուի։

Իսկ ինչ կը վերաբերի մանկակրթութեան, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ ծնողները որ իրենց զաւակներուն հետ հաղորդակցին ‘երբ տունը նստած են, երբ ճամբան կը քալեն, երբ կը պառկին ու երբ կ’ելլեն’։ (Բ. Օրինաց 6։7) Յատկապէս հայրերուն պատուէր տրուած է որ իրենց զաւակներուն բարոյական առաջնորդութիւն եւ սիրալիր կրթութիւն հայթայթեն։ «Հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը», կ’ըսէ Աստուծոյ Խօսքը։ (Եփեսացիս 6։4) Իսկ զաւակներուն ըսուած է. «Ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք», եւ «պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ»։ *Եփեսացիս 6։1, 2

Կը խորհի՞ս թէ ընտանիքներ այս խրատները կիրարկելով կ’օգտուին։ Թերեւս ըսես որ ‘անիկա որպէս տեսութիւն լա՛ւ է, բայց իրապէս գործնակա՞ն է’։ Քեզ կը հրաւիրենք որ այցելես Եհովայի Վկաներուն Թագաւորութեան Սրահը։ Հոն պիտի ծանօթանաս ընտանիքներու, որոնք կը ջանան Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները գործադրել։ Անոնց հետ խօսակցէ։ Նկատէ թէ ընտանիքի անդամները իրարու հետ ի՛նչպէս կը վարուին։ Անձամբ պիտի շօշափես թէ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրիլը՝ իրապէս ընտանիքները երջանիկ կը դարձնէ։

Ժրաջան գործաւոր եւ պարկեշտ գործատէր

Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսելիք ունի աշխատանք մը պահելու առօրեայ պայքարին նկատմամբ։ Անիկա կը նշէ թէ իր գործին մէջ հմուտ եղող գործաւորը հաւանաբար կը գնահատուի ու կը վարձատրուի։ Սողոմոն թագաւոր դիտել տուաւ. «Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ»։ (Առակաց 22։29) Միւս կողմէ, ‘ինչպէս ծուխը աչքերուն է, ծոյլն ալ այդպէս է’ իր գործատիրոջ։ (Առակաց 10։26) Աստուածաշունչը աշխատաւորները կը քաջալերէ որ ուղղամիտ ու ժրաջան ըլլան։ «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի»։ (Եփեսացիս 4։28) Այս խրատը կը կիրարկուի նոյնիսկ երբ գործատէրը ներկայ չէ։ «Ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր մարմնաւոր տէրերուն, ոչ թէ աչքի առջեւ ծառայելով մարդահաճոներու պէս, հապա սրտի միամտութեամբ՝ Տէրոջմէ վախնալով»։ (Կողոսացիս 3։22) Եթէ գործատէր մըն ես, այս խրատը կիրարկող գործաւորը չե՞ս արժեւորեր։

Իսկ գործատէրերուն, Աստուածաշունչը սա յիշեցումը կու տայ. «Մշակը իր վարձքին արժանի է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։18) Իսրայելացիներուն տրուած Աստուծոյ Օրէնքը նշեց թէ գործատէրերը իրենց գործաւորներուն արդար վարձքը շուտով պէտք էր տային։ «Քու դրացիիդ զրկանք մի՛ ըներ եւ յափշտակութիւն մի՛ ըներ. վարձքով բանողին օրական վարձքը մէկ գիշեր մինչեւ առտու թող ձեր քով չմնայ», գրեց Մովսէս։ (Ղեւտացւոց 19։13) Պիտի չուրախանայի՞ր աշխատելով գործատիրոջ մը քով, որ Աստուածաշունչի ուղղութեան կը հնազանդէր եւ արդար վարձքդ փութով կը վճարէր։

Իմաստութեան գերազանց աղբիւր

Կը զարմանա՞ս որ Աստուածաշունչը շատ հին գիրք մը ըլլալով հանդերձ՝ ժամանակայարմար խրատներ կը բովանդակէ։ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը տոկացած է, մինչ բազմաթիւ այլ գրքեր ժամանակավրէպ դարձած են։ Պատճառը այն է թէ անիկա ո՛չ թէ մարդոց խօսքը կը բովանդակէ, այլ՝ «Աստուծոյ խօսքը»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13

Քեզ կը քաջալերենք որ ժամանակ յատկացնես՝ Աստուծոյ Խօսքին քաջածանօթ դառնալու համար։ Եթէ ասիկա ընես, Աստուածաշունչի Հեղինակին՝ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սէր պիտի մշակես։ Իր ներկայացուցած խրատը կիրարկելով՝ պիտի տեսնես թէ անիկա քեզ վնասէ կը պաշտպանէ եւ քեզի կ’օգնէ կեանքդ բարելաւելու։ Ուստի ‘Աստուծոյ պիտի մօտենաս ու անիկա քեզի պիտի մօտենայ’։ (Յակոբոս 4։8) Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք կրնայ այս կերպով քեզի օգնել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 20 Ընտանիքիդ օգտակար եղող աստուածաշնչական սկզբունքներու մանրամասն քննարկութեան համար, տես՝ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 4]

Կը խորհի՞ս թէ ալքոլի գործածութեան շուրջ Աստուածաշունչի տեսակէտը գործնական է

[Նկար՝ էջ 5]

Ծխախոտի գործածութենէն խուսափելու շուրջ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խրատին հետ համաձա՞յն ես

[Նկարներ՝ էջ 7]

Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիլը ընտանեկան կեանքը կը բարելաւէ

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 5]

Globe: Based on NASA photo