Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երեմիայի գիրքէն աչքառու կէտեր

Երեմիայի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Երեմիայի գիրքէն աչքառու կէտեր

ԱՅՆ պատուհասները զորս Երեմիա իր ժողովուրդին յայտարարեց՝ շա՜տ ցնցիչ ըլլալու էին։ Աւելի քան երեք դարերէ ի վեր պաշտամունքի կեդրոն եղող փառահեղ տաճարը ամբողջովին պիտի հրկիզուէր։ Երուսաղէմ քաղաքն ու Յուդայի երկիրը ամայի պիտի դառնային, իրենց բնակիչները գերեվարուելով։ Այս եւ այլ դատաստաններու արձանագրութիւնը կը գտնուի Աստուածաշունչի ամենամեծ երկրորդ գրքին՝ Երեմիայի գրքին մէջ։ Անիկա նաեւ կը տեղեկացնէ թէ Երեմիայի ի՛նչ պատահեցաւ, մինչ հաւատարմօրէն 67 տարի ծառայեց։ Գրքին տեղեկութիւնները ներկայացուած են ո՛չ թէ ժամանակագրական շարքով, այլ՝ ըստ նիւթի։

Աստուածաշունչի Երեմիայի գիրքը ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։ Անոր կատարուած մարգարէութիւնները Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնեն, որպէս իր խոստումները Կատարող։ (Եսայի 55։10, 11) Որպէս մարգարէ Երեմիայի գործը եւ իր պատգամին հանդէպ մարդոց կեցուածքը, մեր օրերուն զուգահեռներ ունին։ (Ա. Կորնթացիս 10։11) Ասկէ զատ, իր ժողովուրդին հետ Եհովայի գործառնութեանց արձանագրութիւնը իր յատկութիւնները աչքառու կը դարձնէ եւ մեր վրայ խոր ազդեցութիւն պէտք է ունենայ։—Եբրայեցիս 4։12

«ԻՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՍ ԵՐԿՈՒ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԵՑ»

(Երեմիա 1։1–20։18)

Երեմիա որպէս մարգարէ յանձնարարութիւն կը ստանայ Յուդայի Յովսիա թագաւորին իշխանութեան 13–րդ տարին, Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումէն 40 տարի առաջ։ (Երեմիա 1։1, 2) Յովսիայի իշխանութեան գրեթէ վերջին 18 տարիներուն ընթացքին եղած յայտարարութիւնները, Յուդայի չարութիւնը կը քօղազերծեն եւ անոր դէմ Եհովայի դատաստանները կը ծանուցանեն։ Եհովա կը յայտարարէ. «Երուսաղէմը՝ աւերակներու դէզեր . . . պիտի ընեմ ու Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի դարձնեմ»։ (Երեմիա 9։11) Ինչո՞ւ։ «Վասն զի իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց», կ’ըսէ Ան։—Երեմիա 2։13

Պատգամը նաեւ կ’ընդգրկէ զղջացող մնացորդի մը վերահաստատումը։ (Երեմիա 3։14-18. 12։14, 15. 16։14-21) Սակայն պատգամաբերը լաւ ընդունելութիւն չի գտներ։ «Տէրոջը տանը գլխաւոր վերակացուն» Երեմիայի կը զարնէ ու զայն կոճղին մէջ կը դնէ՝ ամբողջ գիշերը։—Երեմիա 20։1-3

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։11, 12, ԱՎ—Իր խօսքին վրայ Եհովայի հսկելը ինչո՞ւ առնչուած է «նշենիի գաւազան»ի։ Նշենին գարնան ծաղկող առաջին ծառերէն մէկն է։ Եհովա այլաբանօրէն ‘ամէն օր կանուխ ելլելով կը ղրկէր’ իր մարգարէները, որ իր ժողովուրդը իր դատաստաններուն նկատմամբ ազդարարէին, եւ ‘կը հսկէր’ մինչեւ անոնց գործադրումը։—Երեմիա 7։25

2։10, 11—Ի՞նչ բան անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն արարքները այդքան անսովոր դարձուց։ Մինչ արեւմուտքը գտնուող հեթանոս Կիտացիները եւ արեւելքը գտնուող Կեդարի հեթանոս ժողովուրդը իրենց չաստուածներուն կողքին կրնային ուրիշ ազգերու չաստուածները պաշտել, բայց իրենց չաստուածները բոլորովին օտար չաստուածներու հետ փոխանակելու գաղափարը չէր լսուած։ Սակայն Իսրայելացիները Եհովան լքեցին, ապրող Աստուծոյ փառքը անկենդան կուռքերու հետ փոխանակելով։

3։11-22. 11։10-12, 17—Երեմիա ինչո՞ւ իր յայտարարութիւններուն մէջ հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը պարփակեց, թէեւ Սամարիան նուաճուած էր Հ.Դ.Ա. 740–ին։ Պատճառը այն էր թէ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումը, ո՛չ թէ միայն Յուդայի դէմ, այլեւ՝ Իսրայէլի ամբողջ ազգին դէմ Եհովայի դատաստանին գործադրումն էր։ (Եզեկիէլ 9։9, 10) Ասկէ զատ, տասը–ցեղեան թագաւորութեան անկումէն ետք, անոր շահերը շարունակուեցան ներկայացուիլ Երուսաղէմի մէջ, քանի որ Աստուծոյ մարգարէներուն պատգամները շարունակեցին Իսրայելացիները պարփակել։

4։3, 4—Այս պատուէրին իմաստը ի՞նչ է։ Անհաւատարիմ Հրեաները իրենց սրտին հողը պէտք էր պատրաստէին, կակուղցնէին եւ մաքրէին։ Անոնք իրենց սրտին «անթլփատութիւնը» պէտք էր հանէին, այսինքն՝ անմաքուր գաղափարներէն, զգացումներէն եւ շարժառիթներէն ձերբազատուէին։ (Երեմիա 9։25, 26. Գործք 7։51) Ասիկա կենցաղի փոփոխութիւն կը պահանջէր,– չարութիւն գործելէ դադրիլ եւ Աստուծոյ օրհնութեան արժանացող բաներ ընել։

4։10. 15։18—Ի՞նչ առումով Եհովա իր դաւաճան ժողովուրդը խաբեց։ Երեմիայի օրերուն, «ստութեամբ մարգարէութիւն» ընող մարգարէներ կային։ (Երեմիա 5։31. 20։6. 23։16, 17, 25-28, 32) Եհովա զիրենք չարգիլեց որ մոլորեցուցիչ պատգամներ ծանուցանեն։

16։16—Եհովա ի՞նչ բանի ակնարկեց՝ երբ ըսաւ որ «շատ ձկնորսներ» եւ «շատ որսորդներ» պիտի ղրկէր։ Ասիկա կրնայ ակնարկել թշնամի բանակներ ղրկելուն, որպէսզի անհաւատարիմ Հրեաները փնտռեն, որոնց վրայ Եհովա իր դատաստանը ի գործ պիտի դնէր։ Սակայն, Երեմիա 16։15–ի ըսածին ի տես, համարը կրնայ նաեւ ակնարկել զղջացող Իսրայելացիները փնտռելուն։

20։7, ՆԱ—Եհովա ի՞նչպէս Երեմիայի դէմ ‘Իր զօրութիւնը գործածեց’ ու զինք խաբեց։ Եհովայի դատաստանները յայտարարելու միջոցին իր դիմագրաւած անտարբերութեան, մերժումին ու հալածանքին պատճառաւ, թերեւս Երեմիա զգաց թէ յարատեւելու ոյժ չունի։ Սակայն Եհովա այս հակումներուն դէմ Իր զօրութիւնը գործածելով՝ Երեմիայի ոյժ տուաւ որ յարատեւէ։ Այսպէս Եհովա Երեմիան խաբեց կամ անակնկալի բերաւ, զինք գործածելով որ իրագործէ ի՛նչ որ խորհեցաւ թէ պիտի չկարենար ընել։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։8. Երբեմն Եհովա իր ծառաները հալածանքէ կ’ազատէ,– թերեւս անաչառ դատաւորներ հանելով, չարակամ պաշտօնեաներ փոխարինելով բանաւոր պաշտօնեաներով կամ տոկալու զօրութիւն շնորհելով անոնց։—Ա. Կորնթացիս 10։13

2։13, 18. Անհաւատարիմ Իսրայելացիները երկու չարիք գործեցին։ Անոնք Եհովան լքեցին,– օրհնութեան, առաջնորդութեան ու պաշտպանութեան ստոյգ աղբիւրը։ Եւ իրենց այլաբանական հորեր փորեցին, ջանալով Եգիպտոսի ու Ասորեստանի հետ զինակցութիւն կնքել։ Մեր օրերուն, մարդկային փիլիսոփայութիւններու եւ տեսութիւններու ու աշխարհային քաղաքականութեան սիրոյն ճշմարիտ Աստուածը լքելը, «կեանքի ջուրին աղբիւրը» «ծակոտ գուբեր»ով փոխարինել կը նշանակէ։

6։16. Եհովա իր ըմբոստ ժողովուրդը կը յորդորէ որ կանգ առնեն, ինքնաքննութիւն մը կատարեն եւ իրենց հաւատարիմ նախահայրերուն «շաւիղներուն» վերադառնան։ Ժամանակ առ ժամանակ պէտք չէ՞ ինքնաքննութիւն մը կատարենք, վստահ ըլլալու համար թէ Եհովայի ուզած ճամբուն մէջ իրապէս կը քալենք։

7։1-15. Տաճարին ապաւինիլը եւ զայն տեսակ մը պաշտպանիչ հմայք նկատելը չփրկեց Հրեաները։ Հաւատքո՛վ պէտք է քալենք եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ։—Բ. Կորնթացիս 5։7

15։16, 17. Երեմիայի նման, կրնանք վհատութեան դէմ պայքարիլ։ Ասիկա կրնանք ընել՝ Աստուածաշունչի իմաստալից ուսումնասիրութենէն հաճոյք քաղելով, ծառայութեան մէջ Եհովայի անունը բարձրացնելով եւ չար ընկերակցութիւններէն խուսափելով։

17։1, 2. Յուդայի ժողովուրդին մեղքերը պատճառ եղան որ իրենց զոհերը տհաճելի ըլլան Եհովայի։ Բարոյական անմաքրութիւնը մեր փառաբանութեան զոհերը անընդունելի կը դարձնէ։

17։5-8. Մարդիկ ու հաստատութիւններ մեր վստահութեան արժանի են՝ այնքան ատեն որ Աստուծոյ կամքին ու սկզբունքներուն համաձայն կը գործեն։ Իսկ ինչ կը վերաբերի փրկութեան եւ իսկական խաղաղութեան ու ապահովութեան, խոհեմութիւն է մեր վստահութիւնը միայն Եհովայի վրայ դնել։—Սաղմոս 146։3

20։8-11. Թոյլ պէտք չէ տանք որ անտարբերութիւնը, հակառակութիւնը կամ հալածանքը նուազեցնէ Թագաւորութեան քարոզչութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը։—Յակոբոս 5։10, 11

«ՁԵՐ ՊԱՐԱՆՈՑԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԼՈՒԾԻՆ ՏԱԿ ԴՐԷ՛Ք»

(Երեմիա 21։1–51։64)

Երեմիա դատաստաններ կը յայտարարէ Յուդայի վերջին չորս թագաւորներուն դէմ, ինչպէս նաեւ՝ սուտ մարգարէներուն, չար հովիւներուն ու կաշառակեր քահանաներուն դէմ։ Հաւատարիմ մնացորդին ակնարկելով որպէս լաւ թուզեր, Եհովա կ’ըսէ. «Իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ բարութեան համար»։ (Երեմիա 24։5, 6) Գլուխ 25–ի մէջ երեք մարգարէութիւններ կ’ամփոփեն հետագայ գլուխներուն մէջ մանրամասնուած դատաստաններ։

Քահանաներն ու մարգարէները կը ծրագրեն Երեմիան սպաննել։ Իր պատգամը այն է՝ թէ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պէտք է ծառայեն։ Երեմիա Սեդեկիա թագաւորին կ’ըսէ. «Ձեր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դրէ՛ք»։ (Երեմիա 27։12) Սակայն «Իսրայէլը ցրուողը զանիկա պիտի հաւաքէ»։ (Երեմիա 31։10) Վաւերական պատճառով մը՝ Ռեքաբեաններուն խոստում մը կը տրուի։ Երեմիա «բանտին գաւիթը» կը տեղաւորուի։ (Երեմիա 37։21) Երուսաղէմ կը կործանուի եւ անոր բնակիչներուն մեծամասնութիւնը գերութեան կը տարուի։ Երեմիա ու իր քարտուղարը՝ Բարուք, չեն աքսորուիր։ Երեմիայի ազդարարութեան չանսալով, սարսափահար ամբոխը Եգիպտոս կը փախչի։ Երեմիա 46-51–րդ գլուխները կը տեղեկագրեն ազգերուն վերաբերեալ Երեմիայի խօսքերը։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

22։30—Այս վճիռը ջնջե՞ց Դաւիթի գահին վրայ բազմելու Յիսուս Քրիստոսի իրաւունքը։ (Մատթէոս 1։1, 11) Ո՛չ։ Վճիռը թոյլ չտուաւ որ Յովաքինի զարմէն ոեւէ մէկը Յուդայի մէջ «Դաւիթին աթոռին վրայ նստի»։ Յիսուս երկնքէն պիտի իշխէր, եւ ո՛չ թէ՝ Յուդայի մէջ եղած գահէ մը։

23։33—«Տէրոջը բեռը» ի՞նչ է։ Երեմիայի օրերուն, Երուսաղէմի կործանման վերաբերեալ մարգարէին յայտարարած ծանրակշիռ պատգամները՝ իր հայրենակիցներուն համար բեռ մըն էին։ Միւս կողմէ, անտարբեր ժողովուրդը Եհովայի համար այնպիսի բեռ մըն էին որ զանոնք երեսէ պիտի ձգէր։ Նոյնպէս, Քրիստոնեայ Աշխարհի մօտալուտ կործանման վերաբերեալ աստուածաշնչական պատգամը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհին համար բեռ մըն է, իսկ անոր ականջ չտուող ժողովուրդը Աստուծոյ համար ծանր բեռ մըն են։

31։33—Աստուծոյ օրէնքը ի՞նչպէս սրտերուն վրայ կը գրուի։ Երբ անհատ մը Աստուծոյ օրէնքը ա՛յնքան կը սիրէ որ Եհովայի կամքը կատարելու ջերմ փափաք ունի, կրնայ ըսուիլ թէ Աստուծոյ օրէնքը անոր սրտին վրայ գրուած է։

32։10-15—Նոյն գործարքին համար երկու վաւերագիր ընելը ի՞նչ նպատակի կը ծառայէր։ Որեւէ ժամանակ կարելի էր բաց վաւերագիրը աչքէ անցընել։ Իսկ կնքուած վաւերագիրը որպէս կրկնօրինակ պիտի ծառայէր, բաց եղածին ճշգրտութիւնը ստուգելու համար՝ ի պահանջել հարկին։ Երեմիա մեզի օրինակ հանդիսացաւ, օրինական քայլեր առնելով՝ նոյնիսկ երբ գործառնութիւն ունեցաւ ազգականի ու հաւատակիցի մը հետ։

33։23, 24—Հոս նշուած «երկու ազգատոհմները» որո՞նք են։ Մէկը՝ Դաւիթ թագաւորէ սերած արքայական գերդաստանն է, իսկ միւսը՝ Ահարոնէ սերած քահանայական գերդաստանը։ Երուսաղէմի ու Եհովայի տաճարին կործանումով, այնպէս թուեցաւ թէ Եհովա այս երկու գերդաստանները մերժեց եւ այլեւս երկրի վրայ թագաւորութիւն մը պիտի չունենայ կամ իր պաշտամունքը պիտի չվերահաստատէ։

46։22—Եգիպտոսի ձայնը ինչո՞ւ օձի ձայնին նմանցուած է։ Ասիկա կրնայ ակնարկել Եգիպտոսի նահանջին կամ նուաստացած դիրքին՝ առ ի հետեւանք աղէտի։ Նմանութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ թէ ո՜րքան անօգուտ էր Եգիպտացի փարաւոններուն գլխազարդի սրբազան օձը, որ ենթադրաբար կ’ապահովէր օձի չաստուածուհիին՝ Ուաչիթի պաշտպանութիւնը։

Դասեր՝ մեզի համար.

21։8, 9. 38։19. Նոյնիսկ վերջին վայրկեանին, Եհովա ընտրութիւն մը տուաւ Երուսաղէմի անզեղջ բնակիչներուն, որոնք մահուան արժանի էին։ Արդարեւ «անոր գթութիւնը շատ է»։—Բ. Թագաւորաց 24։14. Սաղմոս 119։156

31։34. Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա իր ներած անհատներուն մեղքերը չի մտաբերեր եւ հետագային անոնց դէմ քայլեր չ’առներ։

38։7-13. 39։15-18. Եհովա չի մոռնար մեր հաւատարիմ ծառայութիւնը, որ կը պարփակէ ‘սուրբերուն ծառայել’։—Եբրայեցիս 6։10

45։4, 5. Ինչպէս էր պարագան Յուդայի վերջին օրերուն ընթացքին, ներկայ իրերու դրութեան «վերջին օրերը» «մեծ բաներ» փնտռելու ժամանակ չէ, ինչպէս՝ հարստութիւն, երեւելիութիւն կամ նիւթական ապահովութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։1. Ա. Յովհաննէս 2։17

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ԲՈՑԱԿԻԶՈՒԻ

(Երեմիա 52։1-34)

Հ.Դ.Ա. 607–ն է, Սեդեկիայի իշխանութեան 11–րդ տարին։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը 18 ամիսէ ի վեր Երուսաղէմը պաշարած է։ Նաբուգոդոնոսորի իշխանութեան 19–րդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան եօթներորդ օրը, Նաբուզարդան թիկնապահապետը Երուսաղէմ ‘կու գայ’, կամ կը հասնի։ (Դ. Թագաւորաց 25։8) Թերեւս քաղաքին պարիսպէն հեռու գտնուող իր բանակատեղիէն, Նաբուզարդան կացութիւնը կը քննէ եւ առնուելիք քայլերը կ’որոշէ։ Երեք օր ետք, ամսուան տասին, ան Երուսաղէմ ‘կը մտնէ’, եւ կը սկսի զայն բոցակիզել։—Երեմիա 52։12, 13

Երեմիա մանրամասնօրէն կը տեղեկագրէ Երուսաղէմի անկումը։ Ուստի իր նկարագրութիւնը ողբերու հիմ կը հայթայթէ։ Անոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի Ողբք գիրքին մէջ։

[Նկար՝ էջ 8]

Երեմիայի յայտարարութիւնները պարփակեցին Երուսաղէմի դէմ Եհովայի դատաստանը

[Նկար՝ էջ 9]

Եհովա ի՞նչպէս Երեմիայի դէմ ‘Իր զօրութիւնը գործածեց’

[Նկար՝ էջ 10]

«Այս լաւ թուզերուն պէս պիտի ճանչնամ Յուդայէն տարագրուածները»։—Երեմիա 24։5, ԱՎ