Ի՞նչպէս կրնանք դեւերուն դիմադրել
Ի՞նչպէս կրնանք դեւերուն դիմադրել
«[Աստուած] այն հրեշտակները, որոնք չպահեցին իրենց սկզբնական դիրքը, հապա ձգեցին իրենց բնակութիւնը, յաւերժական կապերով վերապահեց մեծ օրուան դատաստանին համար՝ մթութեան մէջ»։—ՅՈՒԴԱ 6, ԱՎ
1, 2. Բանսարկուին ու դեւերուն մասին ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
ՊԵՏՐՈՍ առաքեալ կը զգուշացնէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ (Ա. Պետրոս 5։8) Դեւերուն առնչութեամբ՝ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից ըլլաք. չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն»։—Ա. Կորնթացիս 10։20, 21
2 Սակայն ո՞վ են Բանսարկուն եւ դեւերը։ Անոնք ի՞նչպէս եւ ե՞րբ գոյացան։ Աստուած զանոնք ստեղծե՞ց։ Մարդոց վրայ անոնց ազդեցութիւնը ո՞րքան զօրաւոր է։ Անոնց դէմ որեւէ պաշտպանութիւն ունի՞նք։
Բանսարկուն ու դեւերը ի՞նչպէս գոյացան
3. Աստուծոյ մէկ հրեշտակը ի՞նչպէս Բանսարկու եւ Սատանայ եղաւ։
3 Մարդկային պատմութեան սկիզբը, երբ մարդ արարածը Եդեմի պարտէզին մէջ կը գտնուէր, Աստուծոյ մէկ հրեշտակը ըմբոստացաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան Եհովայի երկնային կարգադրութեան մէջ իր դերով գոհունակ չէր։ Ադամի ու Եւայի ստեղծագործութենէն ետք, ան ուզեց զանոնք մղել որ ճշմարիտ Աստուծոյ տեղ՝ իրե՛ն հնազանդին ու պաշտեն։ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով եւ առաջին մարդկային զոյգը մղելով որ մեղաւոր ընթացքի մը հետամուտ ըլլայ, այս հրեշտակը ինքզինք Բանսարկու եւ Սատանայ ըրաւ։ Ժամանակի ընթացքին, այլ հրեշտակներ միացան անոր ըմբոստութեան։ Ի՞նչպէս։—Ծննդոց 3։1-6. Հռովմայեցիս 5։12. Յայտնութիւն 12։9
4. Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ, կարգ մը ըմբոստ հրեշտակներ ի՞նչ ըրին։
4 Ներշնչուած Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն թէ Նոյի օրուան մեծ Ջրհեղեղէն որոշ ժամանակ մը առաջ, կարգ մը հրեշտակներ սկսան երկրի վրայ գտնուող կիներուն հանդէպ արտասովոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ [երկնային] որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին»։ Այս միութիւնները անբնական էին, եւ Նեֆիլիմներ կոչուած խառնածին սերունդ մը յառաջ բերին։ (Ծննդոց 6։2-4) Այս կերպով Աստուծոյ անհնազանդ եղող հոգեղէն արարածները, Եհովայի դէմ Սատանայի ըմբոստութեան միացան։
5. Ապստամբները ի՞նչպէս ազդուեցան, երբ Եհովա մեծ Ջրհեղեղով կործանում բերաւ։
5 Երբ Եհովա մարդկութեան վրայ Ջրհեղեղը բերաւ, Նեֆիլիմները ու իրենց մարդկային մայրերը բնաջնջուեցան։ Ապստամբ հրեշտակները ստիպուեցան իրենց մարդկային մարմինները լուծել եւ հոգեղէն ծիր վերադառնալ։ Սակայն անոնք չկրցան Աստուծոյ առջեւ «իրենց սկզբնական դիրքը» ետ առնել։ Փոխարէն, անոնք տարտարոս կոչուած հոգեւոր «խաւար»ին յանձնուեցան։—Յուդա 6, ԱՎ. Բ. Պետրոս 2։4
6. Դեւերը ի՞նչպէս մարդիկը կը խաբեն։
6 Չարակամ հրեշտակները «իրենց սկզբնական դիրքը» կորսնցնելէ ի վեր, Սատանայի դիւային ընկերակիցները դարձած են եւ անոր չար շահերուն ծառայած են։ Այդ ժամանակէն ի վեր, այլեւս դեւերը մարդկային մարմիններ առնելու կարողութիւն չեն ունեցած։ Սակայն անոնք կրնան տղամարդիկն ու կիները հրապուրել Բ. Օրինաց 18։10-13. Բ. Մնացորդաց 33։6) Բանսարկուին նման, չար հրեշտակները յաւերժական բնաջնջումի դատապարտուած են։ (Մատթէոս 25։41. Յայտնութիւն 20։9, 10) Բայց մինչ այդ, պէտք է հաստատուն կայնինք եւ անոնց դիմադրենք։ Խոհեմութիւն է նկատի առնել թէ Սատանան ո՛րքան զօրաւոր է եւ ի՛նչպէս կրնանք իրեն ու իր դեւերուն յաջողապէս դիմադրել։
որ սեռային խեղաթիւրման զանազան ձեւերուն անձնատուր ըլլան։ Դեւերը նաեւ գործօն կերպով մարդկութիւնը կը խաբեն ոգեհարցութեան միջոցաւ, որ կրնայ պարփակել՝ մոգական հմայեակներ, վուտու եւ ոգեմիջնորդներ։ (Սատանան ո՞րքան զօրաւոր է
7. Սատանան ի՞նչ հեղինակութիւն ունի աշխարհի վրայ։
7 Սատանան ամբողջ պատմութեան ընթացքին Եհովայի մասին չարախօսած է։ (Առակաց 27։11) Եւ ան մարդկութեան մեծամասնութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցուցած է։ ‘Ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ է’, կ’ըսէ Ա. Յովհաննէս 5։19–ն (Անթիլիաս)։ Ատոր համար Բանսարկուն կրցաւ Յիսուսը փորձել, անոր հրամցնելով «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններ»ուն իշխանութիւնն ու փառքը։ (Ղուկաս 4։5-7) Սատանայի վերաբերեալ՝ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն համար ծածկուած է. որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4) Սատանան «ստախօս է եւ անոր հայրը», բայց ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «լուսաւոր հրեշտակ»։ (Յովհաննէս 8։44. Բ. Կորնթացիս 11։14) Ան աշխարհի կառավարիչներուն ու անոնց հպատակներուն մտքերը կուրցնելու կարողութիւն ու մեթոտներ ունի։ Պրոպականդով եւ կրօնական առասպելներով ու սուտերով, ան մարդկութիւնը խաբած է։
8. Աստուածաշունչը Սատանայի ազդեցութեան մասին ի՞նչ կը յայտնէ։
8 Սատանայի հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը բացայայտ էին Դանիէլ մարգարէին ժամանակ, շուրջ հինգ դար Քրիստոսէ առաջ։ Երբ Եհովա հրեշտակ մը ղրկեց որ քաջալերական պատգամ մը հաղորդէ Դանիէլի, «Պարսիկներու թագաւորութեան [հոգեղէն] իշխանը քսանըմէկ օր ընդդիմացաւ» հրեշտակին, մինչեւ որ «Միքայէլը՝ առաջին իշխաններէն մէկը» անոր օգնելու եկաւ։ Նոյն արձանագրութիւնը նաեւ կը խօսի «Յոյներու [դիւային] իշխան»ին մասին։ (Դանիէլ 10։12, 13, 20) Իսկ Յայտնութիւն 13։1, 2–ի մէջ, Սատանան նկարագրուած է որպէս «վիշապ», որ քաղաքական գազանին կու տայ «իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն»։
9. Քրիստոնեաները որո՞նց դէմ կը մարտնչին։
9 Զարմանալի չէ որ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ Եփեսացիս 6։12) Նոյնիսկ այսօր, Բանսարկուի հակակշռին տակ եղող դիւային գունդերը վարագոյրին ետեւ կը գործեն, ազդեցութիւն բանեցնելով մարդկային կառավարիչներու ու ընդհանուր մարդկութեան վրայ, զանոնք դրդելով որ անպատմելի արարքներ գործեն, ինչպէս՝ ցեղասպանութիւն, ահաբեկչութիւն ու ոճիրներ։ Այժմ քննարկենք թէ այս հզօր չար ոգիներուն ի՛նչպէս կրնանք յաջողապէս դիմադրել։
չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։ (Ի՞նչ պաշտպանութիւն ունինք
10, 11. Ի՞նչպէս կրնանք Սատանայի ու իր չարամիտ հրեշտակներուն դիմադրել։
10 Մենք չենք կրնար մեր ֆիզիքական կամ մտային կարողութեամբ դիմադրել Սատանայի ու իր չարամիտ հրեշտակներուն։ Պօղոս մեզ կը խրատէ. «Զօրացէ՛ք Տէրոջմով եւ անոր հզօր կարողութեամբ»։ Պաշտպանութեան համար՝ Աստուծոյ պէտք է դիմենք։ Պօղոս կ’աւելցնէ. «Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն։ . . . Առէ՛ք ձեր վրայ Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել չար օրը, ու ամէն բան կատարելէ ետք՝ հաստատուն կայնիլ»։—Եփեսացիս 6։10, 11, 13, 14, ԱՎ
11 Պօղոս երկու անգամ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց որ իրենց վրայ առնեն «Աստուծոյ ամբողջ զրահը»։ «Ամբողջ» բառը ցոյց կու տայ թէ դիւային յարձակումներուն դիմադրելու համար՝ կիսասիրտ մօտեցումը բաւարար չէ։ Արդ, հոգեւոր սպառազինութիւնը ի՞նչ էական բաներէ կը բաղկանայ, որոնց հրատապ կարիք կայ ներկայիս, որպէսզի Քրիստոնեաները կարենան դեւերուն դիմադրել։
Ի՞նչպէս «հաստատուն կայնիլ»
12. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան իրենց մէջքը ճշմարտութեամբ գօտեպնդել։
12 Պօղոս կը բացատրէ. «Կայնեցէ՛ք ձեր տեղը՝ ձեր մէջքը գօտեպնդած ճշմարտութեամբ եւ հագած արդարութեան զրահը»։ (Եփեսացիս 6։14, ԱՎ) Ահաւասիկ սպառազինութեան մաս կազմող երկու կտոր՝ գօտին եւ լանջազրահը։ Զինուորը իր գօտին պինդ պէտք էր կապէր, որպէսզի իր մէջքը պաշտպանէր եւ սուրին ծանրութիւնը կրէր։ Նոյնպէս, այլաբանօրէն խօսելով՝ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սեղմ կերպով պէտք է պատէ մեզ, այնպէս որ անոր հետ ներդաշնակ ապրինք։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու յայտագիր մը ունի՞նք։ Ընտանիքի բոլոր անդամները անոր մէջ պարփակուա՞ծ են։ Օրուան համարը ընտանեօք նկատի առնելու սովորամոլութիւն ունի՞նք։ Ասկէ զատ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած հրատարակութիւններուն մէջի բացատրութիւններուն հետ քայլ կը պահե՞նք։ (Մատթէոս 24։45) Եթէ այո՛, ուրեմն կը ջանանք Պօղոսի խրատը գործադրել։ Նաեւ ունինք տեսաերիզներ ու DVD խտասկաւառակներ, որոնք կրնան աստուածաշնչական ուղղութիւն հայթայթել։ Ճշմարտութեան ամրօրէն կառչիլը կ’օգնէ մեզի որ խոհեմ որոշումներ կայացնենք ու սխալ ընթացքի մը հետեւելէ խուսափինք։
13. Ի՞նչպէս կրնանք մեր այլաբանական սիրտը պաշտպանել։
13 Բառացի լանջազրահը կը պաշտպանէր զինուորին կրծքավանդակը, սիրտը եւ այլ կենսական գործարաններ։ Քրիստոնեան կրնայ պաշտպանել իր այլաբանական սիրտը,– ներքին անձը,– Աստուծոյ արդարութեան հանդէպ սէր մշակելով եւ Եհովայի արդար չափանիշներուն յարելով։ Այլաբանական լանջազրահը մեզ ետ կը պահէ Աստուծոյ Խօսքը մեղմացնելէ։ Մինչ ‘չարութիւնը կ’ատենք ու բարութիւնը կը սիրենք’, մեր ոտքերը «ամէն գէշ ճամբայէ» կը հեռացնենք։—Ամովս 5։15. Սաղմոս 119։101
14. Ի՞նչ կը նշանակէ՝ ‘ձեր ոտքերուն իբր կօշիկ անցուցէք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը’։
14 Հռովմէացի զինուորներուն կօշիկները սովորաբար յարմար էին երկար ժամանակ քալելու, կայսրութեան տարածքին հարիւրաւոր քիլոմեթրներ կտրելով հռովմէական ճամբաներուն վրայ։ Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ՝ ‘ձեր ոտքերուն իբր կօշիկ անցուցէք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը’։ (Եփեսացիս 6։15, ԱՎ) Անիկա կը նշանակէ թէ պատրաստ ենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ամէն յարմար առիթով ներկայացնելու։ (Հռովմայեցիս 10։13-15) Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ գործունեայ ըլլալը մեզ կը պաշտպանէ Սատանայի «հնարքներ»էն կամ նենգամիտ արարքներէն։—Եփեսացիս 6։11
15. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ հաւատքի մեծ վահանը շատ կարեւոր է։ (բ) Ի՞նչ «կրակոտ նետեր» կրնան մեր հաւատքին վնաս հասցնել։
15 Պօղոս կը շարունակէ. «Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել»։ (Եփեսացիս 6։16) «Ամէն բանի վրայ» արտայայտութիւնը կ’ընդգծէ թէ սպառազինութեան այս մասը շատ կարեւոր է։ Մեր հաւատքը անթերի պէտք է ըլլայ։ Պաշտպանիչ մեծ վահանի մը նման, անիկա մեզ կը պաշտպանէ Սատանայի «կրակոտ նետեր»էն։ Ասոնք ներկայիս ի՞նչ կը պատկերացնեն։ Անոնք կրնան խոցիչ նախատինքներ, սուտեր եւ կէս–ճշմարտութիւններ ըլլալ, թշնամիներու եւ հաւատուրացներու կողմէ ուղղուած, մեր հաւատքը տկարացնելու միտումով։ Այս «նետեր»ը կրնան նաեւ նիւթապաշտ դառնալու փորձութիւններ ըլլալ, մեզ մղելով որ տենչանք բազմաթիւ ստացուածքներ ձեռք ձգել եւ նոյնիսկ մրցակցինք անոնց հետ՝ որոնք ցուցամոլութեան ծուղակին մէջ ինկած են։ Թերեւս անոնք աւելի մեծ ու աւելի շքեղ տուներ եւ ինքնաշարժներ գնած են, կամ իրենց սուղ գոհարեղէնը եւ նորագոյն զգեստները կը ցուցադրեն։ Ուրիշներ ի՛նչ որ ալ ընեն, պէտք է ունենանք այնպիսի զօրաւոր հաւատք մը որ կրնայ այս «կրակոտ նետերը» չէզոքացնել։ Ի՞նչպէս զօրաւոր հաւատք կը կերտենք ու կը պահենք։—Ա. Պետրոս 3։3-5. Ա. Յովհաննէս 2։15-17
16. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ զօրաւոր հաւատք կերտենք։
16 Կրնանք Աստուծոյ մօտենալ՝ Աստուածաշունչի կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութեամբ եւ ջերմեռանդ աղօթքներով։ Կրնանք Եհովայի աղաչել որ մեր հաւատքը զօրացնէ, ապա մեր աղօթքներուն համաձայն գործել։ Օրինակ, շաբաթական Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը բծախնդրաբար կը պատրաստե՞նք, մեկնաբանութիւններ ներկայացնելու միտումով։ Եթէ Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները ուսումնասիրենք, մեր հաւատքը զօրաւոր պիտի ըլլայ։—Եբրայեցիս 10։38, 39. 11։6
17. Ի՞նչպէս կրնանք ‘փրկութեան սաղաւարտը առնել’։
17 Պօղոս հոգեւոր սպառազինութեան նկարագրութիւնը կ’եզրափակէ սա խրատով. «Փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է»։ (Եփեսացիս 6։17) Սաղաւարտը կը պաշտպանէր զինուորին գլուխը եւ ուղեղը,– որոշումներ կայացնելու կեդրոնը։ Նոյնպէս, մեր քրիստոնէական յոյսը կը պաշտպանէ մեր մտային կարողութիւնները։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8) Փոխանակ մեր միտքը աշխարհային նպատակակէտերով ու նիւթապաշտական երազներով լեցնելու, մեր մտածումը պէտք է կեդրոնացնենք մեր աստուածատուր յոյսին վրայ, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։—Եբրայեցիս 12։2
18. Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեան մեր յայտագիրը ինչո՞ւ պէտք չէ անտեսենք։
18 Սատանայի ու իր դեւերուն ազդեցութենէն նաեւ կը պաշտպանուինք՝ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Աստուծոյ խօսքով կամ պատգամով։ Ասիկա յաւելեալ պատճառ մըն է թէ ինչո՛ւ պէտք չէ անտեսենք Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեան մեր յայտագիրը։ Աստուծոյ Խօսքին մասին ամբողջական գիտութիւն ունենալը մեզ կը պաշտպանէ Սատանայի սուտերէն, դիւային պրոպականդէն եւ հաւատուրացներու թշնամալից հրատարակութիւններէն։
«Ամէն ատեն աղօթք ըրէք»
19, 20. (ա) Սատանայի ու իր դեւերուն ի՞նչ կը սպասէ։ (բ) Ի՞նչ բան կրնայ մեզ հոգեւորապէս ամրացնել։
19 Սատանայի, իր դեւերուն ու ամբարիշտ աշխարհին վերացումը մօտ է։ Սատանան գիտէ թէ «քիչ ժամանակ» ունի։ Ան զայրացած է եւ կը պատերազմի անոնց հետ՝ ‘որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահեն ու Յիսուսին վկայութիւնը ունին’։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) Էական է որ Սատանայի ու իր դեւերուն դիմադրենք։
20 Ո՜րքան երախտապարտ ենք Աստուծոյ ամբողջ սպառազինութիւնը հագնելու յորդորին համար։ Պօղոս հոգեւոր սպառազինութեան քննարկումը կ’եզրափակէ սա խրատով. «Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար»։ (Եփեսացիս 6։18) Աղօթքը կրնայ մեզ հոգեւորապէս ամրացնել եւ մեզի օգնել որ աչալուրջ մնանք։ Թող Պօղոսի խօսքերուն անսանք եւ շարունակենք աղօթել, քանի որ ասիկա մեզի պիտի օգնէ Սատանայի ու իր դեւերուն դիմադրելու։
Ի՞նչ սորվեցար
• Սատանան ու իր դեւերը ի՞նչպէս գոյացան։
• Բանսարկուն ո՞րքան զօրաւոր է։
• Սատանայի ու իր դեւերուն դէմ ի՞նչ պաշտպանութիւն ունինք։
• Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ ամբողջ սպառազինութիւնը հագնիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 18]
‘Աստուծոյ որդիները սկսան մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնել’
[Նկար՝ էջ 19]
Այս գործունէութիւններուն մասնակցիլը ի՞նչպէս Սատանայի ու իր դեւերուն դէմ պաշտպանութիւն է
[Նկարներ՝ էջ 20]
Մեր հոգեւոր սպառազինութեան վեց կտորները կրնա՞ս բնորոշել