Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարիմ ըլլանք Քրիստոսի ու իր հաւատարիմ ծառային

Հաւատարիմ ըլլանք Քրիստոսի ու իր հաւատարիմ ծառային

Հաւատարիմ ըլլանք Քրիստոսի ու իր հաւատարիմ ծառային

«Իր տէրը . . . իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։45-47

1, 2. (ա) Ըստ Սուրբ Գրութիւններուն, ո՞վ է մեր Առաջնորդը։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Քրիստոս գործօն կերպով քրիստոնէական ժողովքը կ’առաջնորդէ։

«‘ԱՌԱՋՆՈՐԴ’ մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է»։ (Մատթէոս 23։10, Անթիլիաս) Այս խօսքերով Յիսուս իր հետեւորդներուն յստակացուց թէ ո՛չ ոք երկրի վրայ իրենց առաջնորդը պիտի ըլլայ։ Իրենց միակ Առաջնորդը երկնաւոր պիտի ըլլայ,– Յիսուս Քրիստոսը։ Ան աստուածային նշանակումով այս դիրքին վրայ է։ Եհովա «զանիկա մեռելներէն յարուցանեց . . . եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։ Եկեղեցին անոր մարմինն է»։—Եփեսացիս 1։20-23

2 Քրիստոնէական ժողովքին առնչուած ‘բոլոր բաներուն վրայ իբր գլուխ’ ըլլալով, Քրիստոս իր հեղինակութիւնը կը բանեցնէ ժողովքին մէջ տեղի ունեցած բոլոր բաներուն վրայ։ Ժողովքին մէջ տեղի ունեցող ո՛չ մէկ բան իր ուշադրութենէն կը վրիպի։ Ան Քրիստոնեաներու իւրաքանչիւր խումբի կամ ժողովքի հոգեւոր վիճակը սերտօրէն կը քննէ։ Ասիկա բացայայտ է՝ Հ.Դ. առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէս առաքեալի տրուած Յայտնութեան մէջ։ Յիսուս եօթը ժողովքներու հինգ անգամ ըսաւ թէ գիտէր անոնց գործերը, անոնց զօրաւոր կողմերն ու տկար կողմերը, եւ ըստ այնմ խրատ ու քաջալերութիւն տուաւ։ (Յայտնութիւն 2։2, 9, 13, 19. 3։1, 8, 15) Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու թէ Քրիստոս նո՛յնքան քաջածանօթ էր Փոքր Ասիոյ, Պաղեստինի, Սուրիոյ, Բաբելոնիայի, Յունաստանի, Իտալիոյ մէջ եւ այլուր գտնուող ժողովքներու հոգեւոր վիճակին։ (Գործք 1։8) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ներկայ օրերուն մասին։

Հաւատարիմ ծառայ մը

3. Ինչո՞ւ յարմար է նկարագրել Քրիստոսը որպէս գլուխ, իսկ իր ժողովքը՝ իբրեւ մարմին։

3 Իր յարութենէն ետք եւ իր Հօր քով՝ երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 28։18-20) Ան պիտի շարունակէր անոնց հետ ըլլալ որպէս անոնց գործունեայ Գլուխը։ Եփեսոսի ու Կողոսայի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակներուն մէջ, Պօղոս առաքեալ քրիստոնէական ժողովքը նմանցուց «մարմին»ի մը, որուն Գլուխը Քրիստոս է։ (Եփեսացիս 1։22, 23. Կողոսացիս 1։18) Աշխատասիրութիւն մը (The Cambridge Bible for Schools and Colleges) կ’ըսէ թէ այս փոխաբերութիւնը «կը թելադրէ ո՛չ միայն թէ Գլուխին ու մարմնին միջեւ կենսական միութիւն մը կայ, այլեւ՝ թէ Գլուխին կամքը կը կատարուի մարմնի անդամներուն կողմէ։ Անոնք Իր գործիքներն են»։ Քրիստոս հաւաքական կերպով ո՞վ գործածած է որպէս իր գործիքը, 1914–ին թագաւորական իշխանութիւն ստանձնելէ ետք։—Դանիէլ 7։13, 14

4. Ինչպէս Մաղաքիայի մարգարէութեան մէջ նախագուշակուած էր, Եհովա եւ Քրիստոս Յիսուս ի՞նչ գտան երբ քննութեան համար հոգեւոր տաճարը եկան։

4 Մաղաքիայի մարգարէութիւնը նախագուշակեց թէ «Տէրը»՝ Եհովան, իր «ուխտին հրեշտակ»ին՝ նոր գահակալուած Որդւոյն՝ Քրիստոս Յիսուսի ընկերակցութեամբ պիտի գար, Իր «տաճարը» կամ պաշտամունքի հոգեւոր տունը դատելու եւ քննելու։ ‘Աստուծոյ տան դատաստանը սկսելու ժամանակը’ ակներեւաբար 1918–ին էր։ * (Մաղաքիա 3։1. Ա. Պետրոս 4։17) Երկրի վրայ Աստուած ու իր ճշմարիտ պաշտամունքը ներկայացնել դաւանողները, տեղին ըլլալով քննութեան ենթարկուեցան։ Դարերէ ի վեր Աստուած անպատուող վարդապետութիւններ ուսուցանած եւ Ա. Աշխարհամարտի կոտորածին մեծապէս միջամուխ եղած Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները մերժուեցան։ Հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներու հաւատարիմ մնացորդ մը քննութեան ենթարկուեցաւ, այլաբանական կրակով զտուեցաւ եւ ընդունուեցաւ։ Անոնք սկսան ‘արդարութեամբ ընծայ մատուցանել’ Եհովայի։—Մաղաքիա 3։3

5. Իր ներկայութեան վերաբերեալ Յիսուսի տուած մարգարէութեան հետ ներդաշնակ, ի յայտ եկաւ թէ հաւատարիմ «ծառան» ո՞վ էր։

5 Մաղաքիայի մարգարէութեան հետ ներդաշնակ, ‘իր գալուստին ու աշխարհիս վերջին’ ժամանակը գիտնալու համար իր աշակերտներուն տուած Յիսուսի բաղադրեալ նշանը պարփակեց «ծառայ» դասակարգի մը ինքնութեան ստուգումը։ Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէսզի ատենին անոնց կերակուր տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։ (Մատթէոս 24։3, 45-47) Երբ Քրիստոս 1918–ին ‘եկաւ’ «ծառան» քննելու, հաւատարիմ աշակերտներու օծեալ մնացորդ մը գտաւ, որոնք 1879–էն ի վեր այս պարբերաթերթը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այլ հրատարակութիւններ կը գործածէին, ‘ատենին [հոգեւոր] կերակուր տալու’ համար։ Ան զանոնք ընդունեց որպէս իր գործիքը կամ «ծառայ» դասակարգը, իսկ 1919–ին՝ անոնց յանձնեց իր երկրային ամբողջ ինչքին հոգատարութիւնը։

Քրիստոսի երկրային ինչքին հոգ տանիլ

6, 7. (ա) Յիսուս իր հաւատարիմ «ծառայ»ին մասին ի՞նչ տարբեր արտայայտութիւն մը գործածեց։ (բ) «Տնտես» բառը գործածելով Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։

6 Իր ներկայութեան նշանին՝ ի ներառեալ երկրի վրայ զինք ներկայացնող «ծառայ»ին՝ մասին իր մարգարէութիւնը տալէն քանի մը ամիս առաջ, Յիսուս այս «ծառայ»ին մասին խօսեցաւ տարբեր արտայայտութիւն մը գործածելով, որ անոր պատասխանատուութիւններուն վրայ լոյս սփռեց։ Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։—Ղուկաս 12։42, 44

7 Հոս ծառան կոչուած է տնտես, թարգմանուած՝ Յունարէն բառէ մը որ կը նշանակէ «տան կամ կալուածի մը ընդհանուր գործերը վարող անձ»։ Տնտեսը պարզապէս խումբ մը մտաւորականներ պիտի չըլլար, որոնք Աստուածաշունչէն հետաքրքրական կէտեր կը բացատրեն։ «Ատենին» սննդարար հոգեւոր կերակուր հայթայթելու կողքին, ‘հաւատարիմ տնտեսը’ պիտի նշանակուէր Քրիստոսի բոլոր ծառաներուն վրայ եւ հոգ պիտի տանէր երկրի վրայ Քրիստոսի բոլոր շահերուն կամ «իր բոլոր ունեցածին»։ Ասիկա ի՞նչ պիտի պարփակէր։

8, 9. Ծառան Քրիստոսի ո՞ր «ունեցած»ներուն հոգ տանելու նշանակուած է։

8 Ծառային պատասխանատուութիւնները կը պարփակեն այն համալիրներու վերակացութիւնը, զորս Քրիստոսի հետեւորդները կը գործածեն իրենց քրիստոնէական գործունէութիւնները կատարելու համար, ինչպէս՝ Եհովայի Վկաներու գլխաւոր կեդրոնատեղին եւ մասնաճիւղերը ու աշխարհի չորս կողմը գտնուող իրենց պաշտամունքի վայրերը,– Թագաւորութեան Սրահներն ու Համաժողովի Սրահները։ Աւելի կարեւորը, ծառան կը վերահսկէ նաեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան հոգեւորապէս շինիչ յայտագիրներուն վրայ՝ շաբաթական ժողովներուն եւ պարբերական համաժողովներուն մէջ։ Այս համախմբութիւններուն, Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարման ու Աստուածաշունչի սկզբունքները առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկելու կերպին շուրջ տեղեկութիւններ կը հաղորդուին։

9 Տնտեսին պատասխանատուութիւնները նաեւ կ’ընդգրկեն «արքայութեան այս աւետարանը» քարոզելու եւ ‘բոլոր ազգերը աշակերտելու’ կարեւորագոյն գործին վերակացութիւնը։ Ասիկա կը պարփակէ անհատներուն սորվեցնել որ պահեն այն բոլոր բաները, որոնք ժողովքին Գլուխը՝ Քրիստոս կը պատուիրէ որ կատարուին այս վերջին ժամանակին ընթացքին։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Յայտնութիւն 12։17) Քարոզչութիւնը եւ ուսուցանելու գործը յառաջ բերած է «մեծ բազմութիւն մը», որ հաւատարմօրէն օծեալ մնացորդին կ’ընկերակցի։ Անկասկած այս «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» Քրիստոսի թանկարժէք «ունեցածին» մաս կը կազմեն, որուն հաւատարիմ ծառան հոգ կը տանի։—Յայտնութիւն 7։9. Անգէ 2։7

Ծառան ներկայացնող Կառավարիչ Մարմին մը

10. Առաջին դարուն որոշում կայացնող ի՞նչ մարմին գոյութիւն ունէր, եւ ասիկա ժողովքներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

10 Հաւատարիմ ծառային ծանր պատասխանատուութիւնները բացայայտօրէն պիտի ընդգրկէին որոշումներ կայացնել։ Նախկին քրիստոնէական ժողովքին մէջ, առաքեալներն ու Երուսաղէմի երէցները որպէս ներկայացուցիչ մարմին, քրիստոնէական ամբողջ ժողովքին ի նպաստ որոշումներ կայացուցին։ (Գործք 15։1, 2) Առաջին դարու այս կառավարիչ մարմինին որոշումները ժողովքներուն փոխանցուեցան՝ նամակներու եւ ճամբորդող ներկայացուցիչներու միջոցաւ։ Նախկին Քրիստոնեաները այս յստակ ուղղութիւնը ստանալով ուրախացան, եւ կառավարիչ մարմինին հետ սիրայօժար համագործակցութիւնը իրենց խաղաղութեան ու միութեան նպաստեց։—Գործք 15։22-31. 16։4, 5. Փիլիպպեցիս 2։2

11. Ներկայիս Քրիստոս իր ժողովքը առաջնորդելու համար ո՞վ կը գործածէ, եւ օծեալ Քրիստոնեաներու այս խումբը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

11 Ինչպէս էր պարագան նախկին քրիստոնէական ժամանակներուն, նոյնպէս ներկայիս երկրի վրայ հոգիէն օծուած տեսուչներու պզտիկ խումբ մը կը կազմէ Քրիստոսի հետեւորդներուն Կառավարիչ Մարմինը։ Ժողովքին Գլուխը՝ Քրիստոս, իր «աջ ձեռք»ով կամ կիրարկուող ոյժով այս հաւատարիմ տղամարդիկը կ’առաջնորդէ, մինչ անոնք Թագաւորութեան գործին վրայ կը վերահսկեն։ (Յայտնութիւն 1։16, 20) Երկար ատեն որպէս Կառավարիչ Մարմինի մէկ անդամը ծառայած Ալպերթ Շրոտըր, որ վերջերս աւարտեց իր երկրային ընթացքը, իր կենսագրութեան մէջ գրեց. «Կառավարիչ Մարմինը ամէն Չորեքշաբթի կը հաւաքուի եւ իրենց ժողովը աղօթքով կը սկսի Եհովայի հոգիին առաջնորդութիւնը խնդրելու համար։ Իսկական ջանք կը թափուի վստահ ըլլալու համար թէ իւրաքանչիւր հարց որ կը քննուի եւ ամէն որոշում որ կ’առնուի, Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ ըլլայ»։ * Այս հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաներուն կրնա՛նք վստահիլ։ Յատկապէս անոնց առնչութեամբ Պօղոս առաքեալի սա պատուէրին պէտք է անսանք. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն»։—Եբրայեցիս 13։17

Հաւատարիմ ծառային հանդէպ պատշաճ յարգանք ցուցաբերել

12, 13. Ծառայ դասակարգին հանդէպ յարգանք ցուցաբերելու ի՞նչ աստուածաշնչական պատճառներ կան։

12 Հաւատարիմ ծառայ դասակարգին հանդէպ պատշաճ յարգանք ցուցաբերելու հիմնական պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ ասիկա ընելով, Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ յարգանք ցուցաբերած կ’ըլլանք։ Պօղոս օծեալներուն մասին գրեց. «Այն ազատը որ կանչուած է, Քրիստոսին ծառան է։ Դուք գնով ծախու առնուեցաք»։ (Ա. Կորնթացիս 7։22, 23. Եփեսացիս 6։6) Հետեւաբար, երբ հաւատարիմ ծառային ու անոր Կառավարիչ Մարմինին առաջնորդութեան հաւատարմօրէն կ’ենթարկուինք, ծառային Տէրոջ՝ Քրիստոսի հնազանդած կ’ըլլանք։ Իր երկրային ինչքին հոգ տանելու համար Քրիստոսի գործածած գործիքին հանդէպ պատշաճ յարգանք ցուցաբերելը, կերպերէն մէկն է՝ որով ‘կը դաւանինք թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար’։—Փիլիպպեցիս 2։11

13 Հաւատարիմ ծառան յարգելու աստուածաշնչական այլ պատճառ մըն է՝ թէ օծեալ Քրիստոնեաները երկրի վրայ այլաբանօրէն նկարագրուած են որպէս «տաճար», ուր Եհովա «հոգի»ով կը բնակի։ Այս հանգամանքով՝ անոնք «սուրբ» են։ (Ա. Կորնթացիս 3։16, 17. Եփեսացիս 2։19-22) Այս սուրբ տաճար դասակարգին է որ Յիսուս իր երկրային ինչքը վստահած է, ինչ որ կը նշանակէ թէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կարգ մը իրաւասութիւններ ու պատասխանատուութիւններ բացարձակապէս վերապահուած են այս ծառայ դասակարգին։ Այս պատճառաւ, ժողովքին բոլոր անդամները, հաւատարիմ ծառայէն ու անոր Կառավարիչ Մարմինէն եկած ուղղութեան հետեւիլն ու թիկունք կանգնիլը, իրենց սրբազան պարտականութիւնը կը նկատեն։ Արդարեւ, «ուրիշ ոչխարներ»ը Տէրոջ շահերուն հոգ տանելու մէջ ծառայ դասակարգին աջակցիլը իսկական առանձնաշնորհում կը սեպեն։—Յովհաննէս 10։16

Հաւատարմօրէն աջակցիլ

14. Եսայիի մարգարէութեան համաձայն, ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս օծեալ ծառայ դասակարգին ետեւէն կը քալեն եւ որպէս ‘վաստակաւորներ’ կը ծառայեն։

14 Ուրիշ ոչխարներուն խոնարհաբար ենթարկուիլը հոգեւոր Իսրայէլի օծեալ անդամներուն, նախագուշակուած էր Եսայիի մարգարէութեան մէջ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եգիպտոսի վաստակը, Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնը քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։ Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն եւ շղթաներով պիտի պտըտին ու քեզի երկրպագութիւն ընելով՝ քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն. «Միայն քու մէ՛ջդ Աստուած կայ ու անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ»’»։ (Եսայի 45։14) Այլաբանօրէն, ներկայիս ուրիշ ոչխարները, օծեալ ծառայ դասակարգին ու անոր Կառավարիչ Մարմինին ետեւէն կը քալեն, անոնց առաջնորդութեան հետեւելով։ Որպէս ‘վաստակաւորներ’, ուրիշ ոչխարները իրենց ֆիզիքական կորովը եւ նիւթական միջոցները սիրայօժար կը գործածեն համաշխարհային քարոզչութեան նեցուկ կանգնելու համար, զոր Քրիստոս երկրի վրայ իր օծեալ հետեւորդներուն նշանակեց։—Գործք 1։8. Յայտնութիւն 12։17

15. Եսայի 61։5, 6–ի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կը նախագուշակէ ուրիշ ոչխարներուն եւ հոգեւոր Իսրայէլի միջեւ եղող յարաբերութիւնը։

15 Ուրիշ ոչխարները ուրախ եւ երախտապարտ են որ Եհովայի կը ծառայեն՝ ծառայ դասակարգին ու անոր Կառավարիչ Մարմինին վերատեսչութեան ներքեւ։ Անոնք օծեալները կը ճանչնան որպէս «Աստուծոյ Իսրայէլի» անդամներ։ (Գաղատացիս 6։16) Որպէս հոգեւոր Իսրայէլի հետ ընկերակցող այլաբանական «օտարականներ», անոնք ուրախութեամբ կը ծառայեն իբրեւ «երկրագործներ» ու «այգեգործներ», օծեալներուն՝ «Տէրոջը քահանաներ»ուն ու «Աստուծոյ պաշտօնեաներ»ուն առաջնորդութեան ներքեւ։ (Եսայի 61։5, 6) Անոնք նախանձախնդրաբար կը մասնակցին Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտելու գործին։ Անոնք ծառայ դասակարգին սրտանց կ’աջակցին, ոչխարանման նորեկ անհատները հովուելու եւ սնուցանելու մէջ։

16. Ի՞նչ բան ուրիշ ոչխարները կը մղէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հաւատարմօրէն թիկունք կանգնելու։

16 Ուրիշ ոչխարները կը գիտակցին թէ ժամանակայարմար հոգեւոր սնունդ մատակարարելու հաւատարիմ ծառային ժրաջան ջանքերէն մեծապէս օգտուած են։ Անոնք խոնարհաբար կ’ընդունին որ եթէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան չըլլար, Աստուածաշունչի թանկարժէք ճշմարտութիւններուն մասին շատ քիչ կամ ոչինչ պիտի գիտնային, ինչպէս՝ Եհովայի գերիշխանութիւնը, իր անուան սրբացումը, Թագաւորութիւնը, նոր երկինքն ու նոր երկիրը, հոգին, մեռելներուն վիճակը, եւ Եհովայի, իր Որդւոյն ու սուրբ հոգիին իսկական ինքնութիւնը։ Զուտ երախտագիտութենէ ու հաւատարմութենէ մղուած, ուրիշ ոչխարները այս վերջին ժամանակի ընթացքին սիրալիրօրէն կ’աջակցին Քրիստոսի օծեալ «եղբայրներ»ուն՝ երկրի վրայ։—Մատթէոս 25։40

17. Կառավարիչ Մարմինը անհրաժեշտ տեսած է ի՞նչ ընել, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

17 Հետզհետէ նուազող իրենց թիւին ի տես, օծեալները բոլոր ժողովքներուն մէջ ներկայ չեն կրնար ըլլալ, Քրիստոսի ինչքին հոգ տանելու համար։ Հետեւաբար, Կառավարիչ Մարմինը ուրիշ ոչխարներէն տղամարդիկ կը նշանակէ վերատեսչութեան դիրքերու վրայ՝ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղերուն, նահանգներուն, շրջաններուն եւ ժողովքներուն մէջ։ Այս ենթահովիւներուն հանդէպ մեր կեցուածքը, Քրիստոսի ու իր հաւատարիմ ծառային հանդէպ մեր հաւատարմութեան կ’ազդէ՞։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Այս նիւթին մանրամասն քննարկութեան համար, տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 2004, էջ 25-29, եւ 1 Ապրիլ 1993, էջ 13։

^ պարբ. 11 Հրատարակուած՝ այս պարբերաթերթին 1 Յունիս 1988 թիւին մէջ, էջ 10-17։

Վերաքաղի համար

• Ո՞վ է մեր Առաջնորդը, եւ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ ժողովքներու ներքին պարագաներուն տեղեակ է։

• «Տաճար»ին քննութեան ատեն, որո՞նք որպէս հաւատարիմ ծառայ կը ծառայէին, եւ անոնց ի՞նչ ինչք վստահուեցաւ։

• Հաւատարիմ ծառային հաւատարմօրէն թիկունք կանգնելու ի՞նչ աստուածաշնչական պատճառներ կան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 25]

«Տնտես»ին վերահսկած Քրիստոսի «ունեցած»ները կը պարփակեն՝ նիւթական ստացուածքներ, հոգեւոր յայտագիրներ եւ քարոզչութիւնը