Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հրեշտակները մարդկութեան ի՛նչպէս կ’ազդեն

Հրեշտակները մարդկութեան ի՛նչպէս կ’ազդեն

Հրեշտակները մարդկութեան ի՛նչպէս կ’ազդեն

«Ասկէ ետքը ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր . . . ։ Ան զօրաւոր ձայնով աղաղակեց՝ ըսելով. ‘Ինկա՛ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը’»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 18։1, 2

1, 2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա հրեշտակներ կը գործածէ իր կամքը կատարելու համար։

ՄԻՆՉ տարեց Յովհաննէս առաքեալ Պատմոս կղզին աքսորուած է, ան մարգարէական տեսիլքներ կը ստանայ։ «Ներշնչմամբ Տէրոջ օրուան մէջ» գտնուելով, ան ոգեւորիչ դէպքեր կը տեսնէ։ Այդ օրը կը սկսի Յիսուս Քրիստոսի գահակալութեամբ՝ 1914–ին, եւ կը շարունակուի մինչեւ անոր Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան։—Յայտնութիւն 1։10, ՆԱ

2 Եհովա Աստուած այս յայտնութիւնը ուղղակի Յովհաննէսի չտուաւ, այլ՝ խողովակ մը գործածեց։ Յայտնութիւն 1։1–ը կ’ըսէ. «Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ եւ իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային իմացուց»։ Եհովա, Յիսուսի միջոցաւ, հրեշտակ մը գործածեց Յովհաննէսի գիտցնելու «Տէրոջ օրուան» առնչուած սքանչելի բաները։ Առիթով մը, Յովհաննէս նաեւ ‘տեսաւ ուրիշ հրեշտակ մը, որ երկնքէն կ’իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր’։ Այս հրեշտակին նշանակումը ի՞նչ էր։ «Ան զօրաւոր ձայնով աղաղակեց՝ ըսելով. ‘Ինկա՛ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը’»։ (Յայտնութիւն 18։1, 2) Այս հզօր հրեշտակը առանձնաշնորհում ունէր ծանուցանելու Մեծ Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ անկումը։ Ուստի կասկած չկայ թէ Եհովա հրեշտակները կարեւոր կերպով կը գործածէ իր կամքը կատարելու համար։ Մանրամասնօրէն քննարկելէ առաջ Աստուծոյ նպատակին մէջ հրեշտակներուն խաղցած դերը եւ թէ մեզի ի՛նչպէս կ’ազդեն, նկատի առնենք այս հոգեղէն արարածներուն ծագումը։

Հրեշտակները ի՞նչպէս գոյացան

3. Շատեր ի՞նչ սխալ կարծիք ունին հրեշտակներուն մասին։

3 Ներկայիս միլիոնաւորներ կը հաւատան թէ հրեշտակները գոյութիւն ունին։ Բայց շատեր սխալ գաղափարներ ունին անոնց եւ անոնց ծագումին մասին։ Օրինակ, կարգ մը կրօնասէր մարդիկ կը խորհին թէ երբ սիրելի մը մահանայ, ան կը կանչուի Աստուծոյ քով եւ հրեշտակ կը դառնայ։ Ա՞յս է ինչ որ Աստուծոյ Խօսքը կը սորվեցնէ հրեշտակներուն ստեղծագործութեան, գոյութեան ու նպատակին մասին։

4. Սուրբ Գրութիւնները մեզի ի՞նչ կ’ըսեն հրեշտակներուն ծագումին մասին։

4 Զօրութեամբ ու հեղինակութեամբ առաջնագոյն հրեշտակը՝ գլխաւոր հրեշտակը՝ կը կոչուի Միքայէլ հրեշտակապետ։ (Յուդա 9) Ան Յիսուս Քրիստոսն է։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15) Անհամար դարեր առաջ երբ Եհովա նպատակադրեց Ստեղծիչ ըլլալ, իր առաջին ստեղծագործութիւնը այս հրեշտակային Որդին էր։ (Յայտնութիւն 3։14) Հետագային, այս անդրանիկ Որդիին միջոցաւ, Եհովա ստեղծեց միւս բոլոր հոգեղէն արարածները։ (Կողոսացիս 1։15-17) Այս հրեշտակային արարածներուն ակնարկելով որպէս Իր որդիները, Եհովա Յոբ նահապետին հարցուց. «Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի. ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։ . . . Անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ, երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին»։ (Յոբ 38։4, 6, 7) Բացորոշ է թէ հրեշտակները Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն են եւ մարդոցմէ շա՜տ առաջ գոյացան։

5. Հրեշտակները ի՞նչպէս կազմակերպուած են։

5 «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան», կ’ըսէ Ա. Կորնթացիս 14։33–ը։ Հետեւաբար Եհովա իր հոգեղէն որդիները կազմակերպած է երեք հիմնական դասերու մէջ. (1) սերովբէներ՝ որոնք Աստուծոյ գահին մօտ կը ծառայեն, իր սրբութիւնը կը յայտարարեն եւ իր ժողովուրդը հոգեւորապէս մաքուր կը պահեն, (2) քերովբէներ՝ որոնք Եհովայի մեծափառութիւնը վեր կը բռնեն, եւ (3) միւս հրեշտակները՝ որոնք իր կամքը կը կատարեն։ (Սաղմոս 103։20. Եսայի 6։1-3. Եզեկիէլ 10։3-5. Դանիէլ 7։10) Այս հոգեղէն արարածները ի՞նչպէս մարդոց կ’ազդեն։—Յայտնութիւն 5։11

Հրեշտակները ի՞նչ դեր կը խաղան

6. Եհովա Եդեմի պարտէզին առնչութեամբ ի՞նչպէս գործածեց քերովբէներ։

6 Հոգեղէն արարածներու առաջին ուղղակի ակնարկութիւնը կը գտնենք Ծննդոց 3։24–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Այսպէս [Եհովա] վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար»։ Այս քերովբէները անկարելի դարձուցին որ Ադամ ու Եւա իրենց սկիզբի պարտիզանման տունը վերստին մտնեն։ Ասիկա տեղի ունեցաւ մարդկային պատմութեան արշալոյսին։ Հրեշտակները անկէ ի վեր ի՞նչ դեր խաղցած են։

7. Հրեշտակներուն խաղցած մէկ դերը ի՞նչ է, ինչպէս բնագրային լեզուներուն մէջ «հրեշտակ» բառին նշանակութիւնը ցոյց կու տայ։

7 Աստուածաշունչին մէջ հրեշտակները շուրջ 400 անգամ յիշուած են։ Եբրայերէն եւ Յունարէն լեզուներով «հրեշտակ» բառը կրնայ «պատգամաբեր» թարգմանուիլ։ Ուստի հրեշտակները Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց ծառայած են։ Ինչպէս այս յօդուածին առաջին երկու պարբերութիւններուն մէջ նշուեցաւ, Եհովա հրեշտակ մը գործածեց իր պատգամը հաղորդելու Յովհաննէս առաքեալին։

8, 9. (ա) Հրեշտակի մը այցելութիւնները ի՞նչպէս ազդեցին Մանուէի ու իր կնոջ։ (բ) Աստուծոյ հրեշտակին հետ Մանուէի հանդիպումէն՝ ծնողներ ի՞նչ կրնան սորվիլ։

8 Հրեշտակները նաեւ կը գործածուին՝ երկրագունդի վրայ Աստուծոյ ծառաներուն նեցուկ կանգնելու եւ քաջալերելու համար։ Օրինակ, Իսրայէլի մէջ Դատաւորներու ժամանակաշրջանին, Մանուէ ու իր ամուլ կինը սրտանց կը փափաքէին զաւակ մը ունենալ։ Եհովա իր հրեշտակը ղրկեց՝ Մանուէի կնոջ իմացնելու թէ մանչ մը պիտի ունենար։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Դուն պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս։ Անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չդպի. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի սկսի Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատել»։—Դատաւորաց 13։1-5

9 Մանուէի կինը որդի մը ծնաւ՝ Սամփսոն, որ Աստուածաշունչի պատմութեան մէջ հռչակաւոր դարձաւ։ (Դատաւորաց 13։24) Մանչին ծնունդէն առաջ, Մանուէ խնդրեց որ հրեշտակը վերադառնայ եւ զայն մեծցնելու վերաբերեալ ցուցմունքներ տայ։ Ան հարցուց. «Տղուն հետ ինչպէ՞ս վարուինք ու ի՞նչ ընելու է»։ Եհովայի հրեշտակը Մանուէի կնոջ իր տուած հրահանգները կրկնեց։ (Դատաւորաց 13։6-14) Մանուէ ո՜րքան քաջալերուած ըլլալու էր։ Թէեւ հրեշտակները ներկայիս նոյն կերպով անհատներու չեն այցելեր, սակայն Մանուէի նման՝ ծնողներ կրնան Եհովայի ուղղութիւնը փնտռել, երբ իրենց զաւակները կը մարզեն։—Եփեսացիս 6։4

10, 11. (ա) Եղիսէ ու իր սպասարկուն ի՞նչպէս ազդուեցան ներխուժող սուրիական բանակէն։ (բ) Այս դէպքին վրայ խոկալով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

10 Եղիսէ մարգարէին օրերուն, հրեշտակային աջակցութեան տպաւորիչ օրինակ մը կը գտնենք։ Եղիսէ Իսրայէլի Դօթայիմ քաղաքին մէջ կը մնար։ Օր մը երբ Եղիսէի սպասարկուն առտուն՝ կանուխ ելաւ եւ դուրս նայեցաւ, տեսաւ թէ քաղաքը ձիերով ու կառքերով շրջապատուած է։ Սուրիոյ թագաւորը հզօր զօրագունդ մը ղրկած էր Եղիսէն ձերբակալելու։ Եղիսէի սպասաւորը ի՞նչպէս հակազդեց։ Վախով լեցուած ու թերեւս խուճապի մատնուած, ան աղաղակեց. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, ի՞նչ ընենք»։ Ան կացութիւնը անյոյս նկատեց։ Բայց Եղիսէ պատասխանեց. «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։—Դ. Թագաւորաց 6։11-16

11 Եղիսէ քաջատեղեակ էր թէ հրեշտակային գունդեր ներկայ էին իրեն աջակցելու համար։ Սակայն իր սպասաւորը բան մը չէր տեսներ։ Ուստի «Եղիսէ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. ‘Ո՛վ Տէր, ասոր աչքերը բաց, որպէս զի տեսնէ’։ Տէրը ծառային աչքերը բացաւ ու տեսաւ որ ահա լեռը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էր»։ (Դ. Թագաւորաց 6։17) Ասոր վրայ սպասաւորը կրնար հրեշտակային գունդերը տեսնել։ Հոգեւոր խորատեսութեամբ մենք ալ կրնանք ըմբռնել թէ Եհովայի ու Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ, հրեշտակները Եհովայի ժողովուրդին կ’աջակցին ու կը պաշտպանեն։

Հրեշտակային աջակցութիւն՝ Քրիստոսի օրերուն

12. Մարիամ Գաբրիէլ հրեշտակէն ի՞նչ աջակցութիւն ստացաւ։

12 Նկատի առ Հրէուհի կոյս Մարիամի ստացած աջակցութիւնը, երբ սա լուրը լսեց. «Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես»։ Այս ապշեցուցիչ պատգամը հաղորդելէ առաջ, Աստուծոյ կողմէ ղրկուած Գաբրիէլ հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար»։ (Ղուկաս 1։26, 27, 30, 31) Աստուծոյ հաճութիւնը հաստատող այս խօսքերը ո՜րքան քաջալերած ու զօրացուցած ըլլալու էին Մարիամը։

13. Հրեշտակները ի՞նչպէս Յիսուսի նեցուկ կանգնեցան։

13 Հրեշտակային աջակցութեան այլ միջադէպ մը տեղի ունեցաւ՝ անապատին մէջ Յիսուս Սատանայի երեք փորձութիւններուն դէմ դնելէ ետք։ Արձանագրութիւնը կը նշէ թէ փորձութիւններուն աւարտին, «Սատանան զանիկա թողուց եւ հրեշտակները եկան ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէին»։ (Մատթէոս 4։1-11) Նման բան մը տեղի ունեցաւ Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը։ Ճգնաժամի մէջ ըլլալով, Յիսուս ծնրադրելով աղօթեց. «‘Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ’։ Երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ անոր եւ զօրացուց զանիկա»։ (Ղուկաս 22։42, 43) Բայց ներկայիս ի՞նչպիսի հրեշտակային աջակցութիւն ունինք։

Հրեշտակային աջակցութիւն՝ արդի ժամանակներուն

14. Արդի ժամանակներուն, Եհովայի Վկաները ի՞նչ հալածանքի տոկացած են, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

14 Երբ Եհովայի Վկաներու քարոզչութեան արդի պատմութիւնը նկատի առնենք, հրեշտակային աջակցութեան ապացոյցներ չե՞նք տեսներ։ Օրինակ, Բ. Աշխարհամարտէն առաջ եւ անոր ընթացքին (1939-1945), Գերմանիոյ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Եհովայի ժողովուրդը կրցաւ տոկալ Նացիականութեան կատաղի յարձակման։ Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ, Կաթողիկէ ֆաշիստական վարչաձեւերուն ներքեւ, անոնք հալածանքին աւելի երկար ժամանակ տոկացին։ Իսկ տասնամեակներ շարունակ անոնք հալածանքին տոկացին նախկին Սովետական Միութեան ու անոր ազդեցութեան ենթարկուող երկիրներուն մէջ։ Այլ օրինակ մըն է այն հալածանքը, որուն Վկաները տոկացած են կարգ մը Ափրիկեան երկիրներու մէջ։ * Իսկ նորերս, Եհովայի ծառաները Վրաստանի մէջ կատաղի հալածանք կրած են։ Սատանան իր ձեռքէն եկածը ըրած է՝ Եհովայի Վկաներու գործունէութեան վերջ դնելու համար։ Այսուհանդերձ, որպէս կազմակերպութիւն, անոնք այդ հակառակութենէն վերապրած ու բարգաւաճած են։ Ասիկա մասամբ հրեշտակներուն հայթայթած պաշտպանութեան շնորհիւ է։—Սաղմոս 34։7. Դանիէլ 3։28. 6։22

15, 16. Եհովայի Վկաները իրենց համաշխարհային քարոզչութեան մէջ ի՞նչ հրեշտակային աջակցութիւն կը վայելեն։

15 Եհովայի Վկաները լուրջի կ’առնեն իրենց յանձնարարութիւնը որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը երկրագունդի տարածքին քարոզեն եւ ամէնուրեք հետաքրքրուած մարդոց աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը ուսուցանելով աշակերտեն։ (Մատթէոս 28։19, 20) Սակայն անոնք կը գիտակցին թէ այս յանձնարարութիւնը չեն կրնար կատարել առանց հրեշտակներուն աջակցութեան։ Հետեւաբար Յայտնութիւն 14։6, 7–ի խօսքերը միշտ քաջալերութեան աղբիւր եղած են իրենց։ Հոն կը կարդանք. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. ‘Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները’»։

16 Այդ խօսքերը յստակօրէն ցոյց կու տան թէ Եհովայի Վկաներու աշխարհածաւալ աւետարանչութիւնը հրեշտակային աջակցութիւնն ու առաջնորդութիւնը կը վայելէ։ Եհովա իր հրեշտակները կը գործածէ՝ անկեղծ անհատները իր Վկաներուն ուղղելու։ Հրեշտակները նաեւ Վկաները առաջնորդած են արժանաւորներուն։ Ասիկա կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ բազմաթիւ առիթներով,– ա՛յնքան յաճախ որ կարելի չէ զուգադիպութեան վերագրել,– Եհովայի Վկայ մը կը հանդիպի անհատի մը՝ ճիշդ այն պահուն երբ տագնապի մէջ է եւ հոգեւոր օգնութեան կարիք ունի։

Տպաւորիչ դեր մը՝ մօտ ապագային

17. Միայն մէկ հրեշտակ ի՞նչ ըրաւ Ասորեստանի բանակին։

17 Եհովայի երկրպագուներուն ի նպաստ որպէս պատգամաբեր ու աջակից ծառայելէ զատ, հրեշտակները այլ նպատակի մըն ալ կը ծառայեն։ Անցեալին անոնք աստուածային դատաստաններ գործադրեցին։ Օրինակ, Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Ասորեստանցիներու հսկայ բանակ մը Երուսաղէմի կը սպառնար։ Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց։ Ան ըսաւ. «Այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ ու զանիկա ազատեմ ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը տեղեկագրէ. «Այն գիշերը Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին»։ (Դ. Թագաւորաց 19։34, 35) Մարդուն բանակները ի՜նչ տկար են, մէ՛կ հրեշտակի զօրութեան հետ բաղդատած։

18, 19. Մօտ ապագային՝ հրեշտակները ի՞նչ տպաւորիչ դեր մը պիտի խաղան, եւ ասիկա ի՞նչպէս մարդկութեան պիտի ազդէ։

18 Հրեշտակները մօտ ապագային պիտի ծառայեն որպէս Աստուծոյ դատաստանը գործադրող ուժեր։ Շուտով Յիսուս պիտի գայ «իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով»։ Անոնց առաքելութիւնը պիտի ըլլայ՝ ‘վրէժ առնել անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8) Այս քայլը ի՜նչ զօրաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ մարդկութեան վրայ։ Համայն աշխարհի մէջ այժմ յայտարարուած Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը մերժողները պիտի կործանին։ Միայն անոնք որ Եհովան, արդարութիւնն ու հեզութիւնը կը փնտռեն, ‘Տէրոջը բարկութեան օրը պիտի ծածկուին’ եւ անվնաս մնան։—Սոփոնիա 2։3

19 Կրնանք երախտապարտ ըլլալ որ Եհովա իր հզօր հրեշտակները կը գործածէ՝ երկրի վրայ իր երկրպագուներուն աջակցելու եւ զօրացնելու համար։ Աստուծոյ նպատակին մէջ հրեշտակներուն խաղցած դերին նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը յատկապէս մխիթարական է, քանի որ հրեշտակներէն ոմանք Եհովայի դէմ ըմբոստացած են եւ Սատանայի առաջնորդութեան ներքեւ եկած են։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՛նչ քայլեր կրնան առնել, որպէսզի Բանսարկուի ու իր դեւերուն զօրաւոր ազդեցութենէն պաշտպանուին։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Այս հալածանքի ալիքներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններու համար, տես Եհովայի Վկաներու տարեգիրքը 1983 (Անկոլա), 1974 եւ 1999 (Գերմանիա), 1992 (Եթովպիա), 2006 (Զամպիա), 1982 (Իտալիա), 1994 (Լեհաստան), 1999 (Մալաուի), 1996 (Մոզամպիկ), 2004 (Մոլտավիա), 2002 (Ուքրանիա), 2000 (Չեխ Հանրապետութիւն), 1972 (Չեխոսլաւաքիա), 1978 (Սպանիա) եւ 1983 (Փորթուկալ)։

Ի՞նչ սորվեցար

• Հրեշտակները ի՞նչպէս գոյացան։

• Աստուածաշնչական ժամանակներուն՝ հրեշտակները ի՞նչպէս գործածուեցան։

Յայտնութիւն 14։6, 7–ն հրեշտակներուն ներկայ գործունէութեան մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

• Մօտ ապագային՝ հրեշտակները ի՞նչ տպաւորիչ դեր մը պիտի խաղան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 13]

«Մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»

[Նկար՝ էջ 14]

Հրեշտակ մը Մանուէն ու իր կինը քաջալերեց