Շիտակ պատասխաններ գտնելու փնտռտուքը
Շիտակ պատասխաններ գտնելու փնտռտուքը
Ի՞նչպէս կրնամ առողջութեանս լաւ հոգ տանիլ։
Ի՞նչ կրնամ ընել ընտանեկան կեանքս աւելի երջանիկ դարձնելու համար։
Ի՞նչ ճշդումներ կրնամ ընել գործս պահելու համար։
ԲՆԱՒ այս հարցումներէն մէկը ուղղա՞ծ ես։ Իրապէս գործնական պատասխաններ գտա՞ծ ես։ Ամէն տարի, շուրջ 2,000 տարբեր գրքեր կը հրատարակուին, որոնք այս ու այլ կարեւոր նիւթերու մասին խրատներ կը մատուցանեն։ Միայն Բրիտանիոյ մէջ, ընթերցողներ տարեկան աւելի քան 80 միլիոն փաունտ (շուրջ 150 միլիոն ամերիկեան տոլար) կը ծախսեն, գնելու համար գրքեր՝ որոնք խրատներ կու տան կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու մասին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինքնօգնութեան գրքերու վաճառքը տարեկան շուրջ 600 միլիոն տոլարի կը հասնի։ Վստահաբար միակը չես որ առօրեայ խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու շուրջ լաւ խրատներ կը փնտռես։
Այս գրքերու հեղեղին մէջ տրուած խրատներուն առնչութեամբ, հեղինակ մը ըսաւ. «Նոր գրքերէն շատերը պարզապէս կը կրկնեն ինչ որ նախապէս գրուած է»։ Արդարեւ, այս գրքերուն մէջ գտնուած խրատներուն մեծամասնութիւնը, պարզապէս կրկնութիւն է աշխարհի ամենահին գրքերէն մէկուն իմաստուն խօսքերուն։ Այս գիրքը ցարդ աշխարհի ամենէն շատ բաշխուած հրատարակութիւնն է։ Անիկա ամբողջութեամբ կամ մասնակի թարգմանուած է շուրջ 2,400 լեզուներու։ Համայն աշխարհի մէջ, աւելի քան 4,6 միլիառ օրինակ տպուած են։ Այս գիրքը Աստուածաշունչն է։
Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը գրուած չէ որպէս ինքնօգնութեան ձեռագիրք։ Անոր գլխաւոր նպատակն է՝ մարդկութեան վերաբերեալ Աստուծոյ կամքը յայտնել։ Այսուհանդերձ, մեր հասարակաց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու կերպին մասին շատ բան կ’ըսէ Աստուածաշունչը եւ կը խոստանայ թէ իր ուղղութեան հետեւողները անձամբ պիտի օգտուին։ (Եսայի 48։17, 18) Երբ անոր գործնական խրատները կիրարկուին, անոնք մի՛շտ կը յաջողին, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անհատին էթնիքական, մշակութային կամ կրթական ենթահողը։ Ինչո՞ւ հետեւեալ յօդուածը նկատի չառնես եւ անձամբ որոշես թէ առողջութեան, ընտանիքի եւ գործի մասին Աստուածաշունչին ըսածները գործնակա՛ն են կամ ոչ։