Սիրալիր հովիւներուն խոնարհաբար ենթարկուինք
Սիրալիր հովիւներուն խոնարհաբար ենթարկուինք
«Անսացէ՛ք ձեզ կառավարողներուն եւ ենթարկուեցէ՛ք անոնց»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։17, ԱՎ
1, 2. Ո՞ր համարները ցոյց կու տան թէ Եհովա ու Յիսուս սիրառատ Հովիւներ են։
ԵՀՈՎԱ Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս սիրառատ Հովիւներ են։ Եսայի մարգարէացաւ. «Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։ . . . Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ»։—Եսայի 40։10, 11
2 Վերահաստատման այս մարգարէութիւնը նախ կատարուեցաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին, երբ Հրեայ մնացորդ մը Յուդա վերադարձաւ։ (Բ. Մնացորդաց 36։22, 23) Անիկա դարձեալ կատարում մը ունեցաւ, երբ 1919–ին օծեալ մնացորդը «Մեծ Բաբելոն»էն ազատագրուեցաւ Մեծագոյն Կիւրոսի՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։ (Յայտնութիւն 18։2. Եսայի 44։28) Յիսուս Եհովայի իշխող «բազուկ»ն է, ոչխարները իրարու քով հաւաքելու եւ զանոնք քնքշութեամբ հովուելու համար։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս»։—Յովհաննէս 10։14
3. Եհովա ի՞նչպէս սիրալիրօրէն հետաքրքրուած է իր ոչխարներուն հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքով։
3 Եսայի 40։10, 11–ի մարգարէութիւնը կը շեշտէ թէ Եհովա իր ժողովուրդը քնքշօրէն կը հովուէ։ (Սաղմոս 23։1-6) Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս նոյնպէս իր աշակերտներուն ու մարդոց հետ քնքշութեամբ վարուեցաւ։ (Մատթէոս 11։28-30. Մարկոս 6։34) Թէ՛ Եհովա եւ թէ Յիսուս Իսրայէլի հովիւներուն կամ առաջնորդներուն ցուցաբերած անգթութեան համար վշտացան, որոնք անամօթաբար իրենց հօտերը անտեսեցին եւ շահագործեցին։ (Եզեկիէլ 34։2-10. Մատթէոս 23։3, 4, 15) Եհովա խոստացաւ. «Ես ալ իմ ոչխարներս պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ պիտի չյափշտակուին։ Ոչխարին ու ոչխարին մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։ Անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն իմ ծառաս Դաւիթը պիտի կեցնեմ, որպէս զի զանոնք հովուէ։ Անիկա պիտի հովուէ զանոնք։ Անիկա պիտի ըլլայ անոնց հովիւը»։ (Եզեկիէլ 34։22, 23) Այս վերջին ժամանակին մէջ, Մեծագոյն Դաւիթը՝ Յիսուս Քրիստոս այն «հովիւ»ն է, որ Եհովա նշանակած է Իր բոլոր երկրաւոր ծառաներուն վրայ,– թէ՛ հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ը։—Յովհաննէս 10։16
Ժողովքին տրուած երկնային պարգեւներ
4, 5. (ա) Եհովա երկրի վրայ իր ժողովուրդին ի՞նչ թանկարժէք պարգեւ մը շնորհած է։ (բ) Յիսուս իր ժողովքին ի՞նչ պարգեւ տուած է։
4 Իր երկրաւոր ծառաներուն վրայ «մէկ հովիւ»՝ Յիսուս Քրիստոսը նշանակելով, Եհովա քրիստոնէական ժողովքին թանկարժէք պարգեւ մը շնորհեց։ Եսայի 55։4–ի մէջ, որպէս պարգեւ տրուած երկնաւոր Առաջնորդին մասին մարգարէացուած էր. «Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի»։ Թէ՛ օծեալ Քրիստոնեաները եւ թէ «մեծ բազմութեան» անդամները հաւաքուած են բոլոր ազգերէն, ցեղերէն, ժողովուրդներէն ու լեզուներէն։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 7։9) Անոնք «մէկ հովիւ»ին՝ Քրիստոս Յիսուսի առաջնորդութեան ներքեւ կը կազմեն միջազգային ժողովք մը՝ «մէկ հօտ»։
5 Իր կարգին, Յիսուս երկրի վրայ իր ժողովքին թանկարժէք պարգեւ մը տուած է։ Ան հաւատարիմ ենթահովիւներ հայթայթած է, որոնք Եհովան ու Յիսուսը ընդօրինակելով՝ գորովալից հոգածութեամբ հօտը կը հովուեն։ Պօղոս առաքեալ այս սիրալիր պարգեւին մասին խօսեցաւ՝ Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ։ Ան գրեց. «‘Բարձրը ելաւ, գերութիւնը գերի բռնեց ու մարդոց պարգեւներ տուաւ’։ . . . Ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ. սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար»։—Եփեսացիս 4։8, 11, 12
6. Երէցներու մարմինին մաս կազմող օծեալ տեսուչները ի՞նչպէս նկարագրուած էին Յայտնութիւն 1։16, 20–ի մէջ, իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ուրիշ ոչխարներէն եղող նշանակուած երէցներուն մասին։
6 Այս ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’՝ տեսուչներ կամ երէցներ են, որոնք Եհովայի ու իր Որդւոյն կողմէ՝ սուրբ հոգիով նշանակուած են, հօտը քնքշութեամբ հովուելու։ (Գործք 20։28, 29) Սկիզբը, բոլոր տեսուչները օծեալ Քրիստոնեայ տղամարդիկ էին։ Օծեալ ժողովքին մէջ երէցներու մարմինին մաս կազմող այս տեսուչները, Յայտնութիւն 1։16, 20–ի մէջ խորհրդանշուած էին որպէս Քրիստոսի աջ ձեռքին մէջ՝ այսինքն իր հակակշռին տակ եղող «աստղ» կամ «հրեշտակ»։ Սակայն այս վերջին ժամանակին մէջ, երկրի վրայ օծեալ տեսուչներուն թիւը հետզհետէ նուազելով, ժողովքներուն մէջ Քրիստոնեայ երէցներուն մեծամասնութիւնը ուրիշ ոչխարներուն կը պատկանի։ Որովհետեւ անոնք Կառավարիչ Մարմինի ներկայացուցիչներուն կողմէ եւ սուրբ հոգիին առաջնորդութեամբ կը նշանակուին, իրենց մասին ալ կրնայ ըսուիլ թէ Բարի Հովիւին՝ Յիսուս Քրիստոսի աջ ձեռքին մէջ (կամ առաջնորդութեան ներքեւ) են։ (Եսայի 61։5, 6) Որովհետեւ մեր ժողովքներուն մէջի երէցները Քրիստոսին՝ ժողովքի Գլուխին կ’ենթարկուին, անոնք մեր լման համագործակցութեան արժանի են։—Կողոսացիս 1։18
Հնազանդութիւն եւ ենթարկում
7. Քրիստոնեայ տեսուչներուն հանդէպ մեր կեցուածքին նկատմամբ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ տուաւ։
7 Մեր երկնաւոր Հովիւները՝ Եհովա Աստուած Ա. Պետրոս 5։5) Ներշնչման ներքեւ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Յիշեցէ՛ք ձեզ կառավարողները՝ որ Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին ձեզի, եւ հետեւեցէ՛ք անոնց հաւատքին՝ զննելով անոնց վարքին աւարտը։ Անսացէ՛ք ձեզ կառավարողներուն եւ ենթարկուեցէ՛ք անոնց, որովհետեւ անոնք կը հսկեն ձեր անձերուն վրայ՝ որոնց համար հաշիւ պիտի տան. որպէսզի ուրախութեա՛մբ ընեն այդ գործը, եւ ո՛չ թէ հառաչելով, քանի որ ատիկա օգտակար չէ ձեզի»։—Եբրայեցիս 13։7, 17, ԱՎ
ու Յիսուս Քրիստոս, մեզմէ կ’ակնկալեն որ հնազանդինք ու ենթարկուինք ենթահովիւներուն, զորս ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքերու վրայ դրած են։ (8. Պօղոս մեզ կը հրաւիրէ որ ի՞նչ բան ‘զննենք’, եւ ի՞նչպէս պէտք է ‘հնազանդինք’։
8 Նկատէ թէ Պօղոս մեզ կը հրաւիրէ որ երէցներու հաւատարիմ վարքին աւարտը ‘զննենք’, կամ ուշադրութեամբ նկատի առնենք, եւ հաւատքի այս տիպարները ընդօրինակենք։ Ասկէ զատ, ան մեզ կը խրատէ որ այս նշանակուած տղամարդոց հնազանդինք ու անոնց առաջնորդութեան ենթարկուինք։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ռ. Թ. Ֆրանս կը բացատրէ թէ Յունարէն բնագրին մէջ, հոս «անսացէ՛ք» կամ «հնազանդեցէ՛ք» թարգմանուած բառը «հնազանդութեան համար գործածուող սովորական բառը չէ, այլ՝ բառացիօրէն կը նշանակէ ‘համոզուեցէ՛ք’, ակնարկելով անոնց առաջնորդութիւնը յօժարակամ ընդունելուն»։ Երէցներուն կը հնազանդինք՝ ո՛չ միայն քանի որ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ ասիկա ընենք, այլեւ քանի որ համոզուած ենք թէ անոնք սրտանց կը փնտռեն Թագաւորութեան շահերն ու մեր լաւագոյն շահերը։ Եթէ անոնց առաջնորդութիւնը կամովին ընդունինք, վստահաբար ուրախ պիտի ըլլանք։
9. Հնազանդ ըլլալէ զատ, ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ ‘ենթարկուող’ ըլլանք։
9 Սակայն ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք եթէ չհամոզուինք թէ որոշ հարցի մը շուրջ երէցներուն տուած ուղղութիւնը լաւագոյն գործելակերպն է։ Հոս է որ ենթարկումը դեր կը խաղայ։ Դիւրին է հնազանդիլ երբ ամէն բան յստակ է եւ մենք համաձայն ենք, բայց ցոյց կու տանք թէ իսկապէս ենթարկուող ենք՝ եթէ համակերպինք, նոյնիսկ երբ տրուած ուղղութիւնը անձամբ չհասկնանք։ Պետրոս, որ հետագային առաքեալ եղաւ, այսպիսի ենթարկում ցուցաբերեց։—Ղուկաս 5։4, 5
Յօժարակամ համագործակցութեան չորս պատճառներ
10, 11. Առաջին դարուն եւ ներկայիս, տեսուչները ի՞նչ կերպով ‘Աստուծոյ խօսքը քարոզած են’ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն։
10 Մէջբերուած Եբրայեցիս 13։7, 17–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ չորս պատճառներ կու տայ թէ Քրիստոնեայ տեսուչներուն ինչո՛ւ պէտք է հնազանդինք ու ենթարկուինք։ Առաջին պատճառը այն է՝ թէ անոնք «Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին» մեզի։ Մտաբերէ թէ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’, զորս Յիսուս ժողովքին կը շնորհէ, «սուրբերուն կատարելութեանը համար» են։ (Եփեսացիս 4։11, 12) Ան առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մտածումն ու վարքը ճշդեց՝ հաւատարիմ ենթահովիւներու միջոցաւ, որոնցմէ ոմանք ներշնչման ներքեւ ժողովքներուն նամակներ գրեցին։ Ան հոգիէն նշանակուած այսպիսի տեսուչներ գործածեց նախկին Քրիստոնեաները առաջնորդելու եւ զօրացնելու։—Ա. Կորնթացիս 16։15-18. Բ. Տիմոթէոս 2։2. Տիտոս 1։5
11 Ներկայիս, Յիսուս մեզ կ’առաջնորդէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ, որ ներկայացուած է իր Կառավարիչ Մարմինով ու նշանակուած երէցներով։ (Մատթէոս 24։45) Ի յարգանք «Հովուապետին»՝ Յիսուս Քրիստոսի, Պօղոսի սա խրատին կը հետեւինք. «[Յարգեցէ՛ք] ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները»։—Ա. Պետրոս 5։4. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12. Ա. Տիմոթէոս 5։17
12. Տեսուչները ի՞նչպէս ‘կը հսկեն մեր անձերուն վրայ’։
12 Քրիստոնեայ տեսուչներուն հետ համագործակցելու երկրորդ պատճառը այն է՝ թէ «անոնք կը հսկեն [մեր] անձերուն վրայ»։ Եթէ անոնք մեր կեցուածքին կամ վերաբերմունքին մէջ, մեր հոգեւորութիւնը վտանգող որեւէ բան նկատեն, շուտով հարկ եղած խրատը կու տան որ սրբագրուինք։ (Գաղատացիս 6։1) ‘Հսկել’ թարգմանուած Յունարէն բառը, բառացիօրէն կը նշանակէ «դիտմամբ չքնանալ»։ Աստուածաշունչի ուսումնականի մը համաձայն, անիկա «հովիւին անխոնջ արթնութիւնը ցոյց կու տայ»։ Հոգեւոր արթնութիւն պահելու կողքին, երէցները նոյնիսկ իրենց քունը կրնան կորսնցնել, մտահոգուելով մեր հոգեւոր բարօրութեան համար։ Այս սիրալիր ենթահովիւներուն հետ սիրայօժար պէտք չէ՞ համագործակցինք, որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն՝ «ոչխարներուն մեծ Հովիւ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի ցուցաբերած գորովալից հոգածութիւնը ընդօրինակելու։—Եբրայեցիս 13։20
13. Տեսուչներն ու բոլոր Քրիստոնեաները որո՞ւն եւ ի՞նչ կերպերով համարատու են։
13 Տեսուչներուն հետ կամովին համագործակցելու երրորդ պատճառը այն է՝ թէ անոնք կը հսկեն մեր անձերուն վրայ՝ «որոնց համար հաշիւ պիտի տան»։ Տեսուչները չեն մոռնար որ ենթահովիւներ են, ծառայելով երկնաւոր Հովիւներուն՝ Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի ձեռքին տակ։ (Եզեկիէլ 34։22-24) Եհովան է ոչխարներուն Տէրը, զորս «իր Որդւոյն արիւնովը ստացաւ», եւ նշանակուած տեսուչները Իրեն համարատու են՝ հօտին հետ իրենց վարուած կերպին համար, որ «փափկութեամբ» պէտք է ըլլայ։ (Գործք 20։28, 29, ՆԱ) Հետեւաբար, բոլորս ալ Եհովայի համարատու ենք, իր ուղղութեան ընդառաջելու մեր կերպին համար։ (Հռովմայեցիս 14։10-12) Նշանակուած երէցներուն հնազանդիլը նաեւ կ’ապացուցանէ մեր ենթարկումը ժողովքի Գլուխին՝ Քրիստոսի։—Կողոսացիս 2։19
14. Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ Քրիստոնեայ տեսուչները «հառաչելով» ծառայեն, իսկ հետեւանքը ի՞նչ է։
14 Պօղոս չորրորդ պատճառ մըն ալ տուաւ թէ ինչո՛ւ Քրիստոնեայ տեսուչներուն խոնարհաբար պէտք է ենթարկուինք։ Ան գրեց. «Որպէսզի ուրախութեա՛մբ ընեն այդ գործը, եւ ո՛չ թէ հառաչելով, քանի որ ատիկա օգտակար Եբրայեցիս 13։17, ԱՎ) Քրիստոնեայ երէցները ծանր բեռ կը կրեն, քանի որ սորվեցնելու, հովուելու, քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելու, իրենց ընտանիքին հոգ տանելու եւ ժողովքին մէջ ծագած խնդիրները լուծելու լուրջ պատասխանատուութիւնները ունին։ (Բ. Կորնթացիս 11։28, 29) Եթէ անոնց հետ չհամագործակցինք, անոնց բեռը կ’աւելցնենք, պատճառ ըլլալով որ ‘հառաչեն’։ Չհամագործակցող հոգի ցուցաբերելով Եհովան կը տհաճեցնենք, եւ ասիկա կրնայ մեզի վնասակար ըլլալ։ Փոխարէն, երբ պատշաճ յարգանք ու համագործակցութիւն ցուցաբերենք, երէցները կրնան իրենց պարտականութիւնները ուրախութեամբ կատարել, եւ ասիկա կը նպաստէ որ միաբան ըլլանք ու բերկրութեամբ Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցինք։—Հռովմայեցիս 15։5, 6
չէ ձեզի»։ (Մեր ենթարկումը ցոյց տանք
15. Ի՞նչպէս կրնանք մեր հնազանդութիւնն ու ենթարկումը ցոյց տալ։
15 Նշանակուած տեսուչներուն հետ համագործակցելու բազմաթիւ կերպեր կան։ Թաղամասին մէջ ծագած նոր պարագաներուն յարմարելու միտումով, երէցները դաշտի ծառայութեան ժողովներուն համար այնպիսի օրեր եւ ժամեր որոշա՞ծ են, որոնք կը պահանջեն մեր սովորական յայտագրին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել։ Թող ջանանք այս նոր կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնիլ։ Կրնայ ըլլալ որ անսպասելի օրհնութիւններ վայելենք։ Ծառայութեան տեսուչը մեր Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան խումբին պիտի այցելէ՞։ Թող այդ շաբթուան ընթացքին կարելի եղածին չափ շատ մասնակցինք քարոզչութեան։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ նշանակում մը ստացա՞ծ ենք։ Պէտք է ջանանք ներկայ գտնուիլ եւ մեր նշանակումը կատարել։ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը ծանուցանա՞ծ է թէ մեր խումբին կարգն է որ Թագաւորութեան Սրահը մաքրէ։ Թող լիովին աջակցինք իրեն, մեր առողջութեան ու կարողութեան ներած չափով։ Այս եւ այլ կերպերով ցոյց կու տանք մեր ենթարկումը այն տղամարդոց, որոնք Եհովայի ու իր Որդիին կողմէ նշանակուած են հօտին հոգ տանելու։
16. Եթէ երէց մը տրուած ցուցմունքներուն համաձայն չգործէ, ասիկա ինչո՞ւ չ’արդարացներ որ ըմբոստանանք։
16 Երբեմն երէց մը թերեւս հաւատարիմ ծառայ դասակարգին ու իր Կառավարիչ Մարմինին ցուցմունքներուն համաձայն չգործէ։ Եթէ ան շարունակէ այդպէս վարուիլ, մեր «հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին»՝ Եհովայի հաշիւ պիտի տայ։ (Ա. Պետրոս 2։25) Բայց կարգ մը երէցներու թերացումը կամ սխալանքը չ’արդարացներ որ ըմբոստ կեցուածք մը ունենանք։ Եհովա անհնազանդութիւնն ու ըմբոստութիւնը չ’օրհներ։—Թուոց 12։1, 2, 9-11
Եհովա սիրայօժար համագործակցութիւնը կ’օրհնէ
17. Տեսուչներուն հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։
17 Եհովա Աստուած գիտէ թէ որպէս տեսուչ նշանակուած տղամարդիկը անկատար են։ Այսուհանդերձ ան կը գործածէ զանոնք եւ իր հոգիին միջոցաւ՝ երկրի վրայ իր ժողովուրդը կը հովուէ։ Թէ՛ երէցներուն եւ թէ բոլորիս պարագային՝ «զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն [է] ու ո՛չ թէ մեզմէ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Հետեւաբար Եհովայի շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք՝ մեր հաւատարիմ տեսուչներուն միջոցաւ իր իրագործած բաներուն համար, եւ անոնց հետ սիրայօժար համագործակցինք։
18. Մեր տեսուչներուն ենթարկուելով, արդարեւ ի՞նչ ըրած կ’ըլլանք։
18 Տեսուչները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն՝ վերջին օրերուն Իր հօտին վրայ նշանակուած հովիւներուն մասին Եհովայի նկարագրութեան համաձայն ապրելու, որ նշուած է Երեմիա 3։15–ի մէջ. «Ձեզի իմ սրտիս յարմար հովիւներ պիտի տամ, որոնք ձեզ գիտութեամբ եւ հանճարով պիտի հովուեն»։ Վստահաբար, մեր մէջ եղող երէցները Եհովայի ոչխարներուն սորվեցնելու եւ պաշտպանելու իրենց գործը գովելի կերպով կ’ընեն։ Թող շարունակենք անոնց ծանր աշխատանքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցուցաբերել՝ մեր սիրայօժար համագործակցութեամբ, մեր հնազանդութեամբ եւ մեր ենթարկումով։ Ասիկա ընելով, մեր երկնաւոր Հովիւներուն՝ Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց պիտի տանք։
Վերաքաղի համար
• Եհովա ու Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս ապացուցանած են թէ սիրառատ Հովիւներ են։
• Հնազանդութեան կողքին, ինչո՞ւ ենթարկման կարիք կայ։
• Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք մեր ենթարկումը ցուցաբերել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 27]
Քրիստոնեայ երէցները Քրիստոսի առաջնորդութեան կ’ենթարկուին
[Նկարներ՝ էջ 29]
Եհովայի կողմէ նշանակուած հովիւներուն մեր ենթարկումը ցուցաբերելու բազմաթիւ կերպեր կան