Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անգթութիւնը օրին մէկը վերջ պիտի գտնէ՞

Անգթութիւնը օրին մէկը վերջ պիտի գտնէ՞

Անգթութիւնը օրին մէկը վերջ պիտի գտնէ՞

ՇԱՏԵՐ շուտով պիտի համաձայնին թէ ներկայ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անգթութեան գլխաւոր ազդակներէն մէկը՝ անձնասիրութիւնն է։ Տասնամեակներ առաջ այդպէս կոչուած «ես–ի սերունդ»ին կողմէ ցանուած սերմերը, յառաջ բերած են ընկերութիւն մը, որուն մեծամասնութիւնը գլխաւորաբար իր անձով հետաքրքրուած է։ Շատեր ամէ՛ն ինչ կ’ընեն իրենց ուզածը ձեռք ձգելու համար, յաճախ անգութ արարքներ գործելով։ Այսպէս կը վարուին ո՛չ միայն անհատներ, այլ նաեւ՝ ազգեր։

Ընկեր արարածին կեանքը այլեւս թանկագին չէ։ Ոմանք նոյնիսկ անգութ վարքէն հաճոյք կը զգան։ Անոնք զայն զբաղում կը նկատեն, ճիշդ այն ոճրագործներուն պէս, որոնք կը խոստովանին թէ ուրիշներու վնաս կու տան՝ պարզապէս քանի որ ասիկա իրենց մէջ հաճելի զգացում կը յառաջացնէ։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն միլիոնաւորներու մասին, որոնք բռնութիւն ու անգթութիւն բովանդակող շարժապատկերները նախընտրելով՝ կը քաջալերեն շարժապատկերի ճարտարարուեստը որ այսպիսի նիւթեր շահագործէ։ Լրատուամիջոցներու եւ ժամանցի միջոցով վայրագ արարքներ միշտ դիտելը, շատերը կը զգայազրկէ։

Անգթութիւնը յաճախ հոգեբանական վնասներ կը պատճառէ եւ յոռի շրջանի մը սկիզբ կու տայ։ Անգթութենէ յառաջ եկած բռնութեան ակնարկելով, Նոեմի Տիազ Մարոքին՝ որ կը դասաւանդէ Մեքսիկայի Ազգային Ինքնավար Համալսարանին մէջ, կ’ըսէ. «Բռնութիւնը կը սորվինք. անիկա մշակութային է։ . . . Վայրագօրէն վարուիլը կը սորվինք, երբ մեր միջավայրը կը թոյլատրէ ու կը քաջալերէ զայն»։ Հետեւաբար, լլկանքի զոհ գացած անհատները կրնան ի վերջոյ ուրիշները լլկել, թերեւս նոյնիսկ այն կերպով որ իրենք լլկուեցան։

Այլ պարագաներու մէջ, ոգելից ըմպելիի կամ թմրեցուցիչներու անձնատուր եղողներ վայրագ դարձած են։ Պէտք չէ անտեսուին անոնք որ իրենց կառավարութենէն դժգոհ են, ժողովուրդին կարիքներուն գոհացում չտալուն համար։ Անոնցմէ ոմանք, վճռելով իրենց տեսակէտները հանրութեան ճանչցնել, կը դիմեն անգութ արարքներու եւ կը քաջալերեն ահաբեկչութիւնը, յաճախ անմեղ մարդոց վնաս հասցնելով։

Սակայն կրնաս հարց տալ. ‘Մարդ արարածը ինքնիրե՞ն սորված է անգթօրէն վարուիլը։ Ներկայ կացութեան ետին ո՞վ կայ’։

Անգթութեան ետին իսկապէս ո՞վ կայ

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Բանսարկուն աշխարհին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնէ, զայն կոչելով՝ «այս աշխարհի աստուածը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Ան տիեզերքի ամենէն եսասէր եւ անգութ անձն է։ Տեղին ըլլալով, Յիսուս զինք նկարագրեց որպէս «մարդասպան» ու ‘ստախօսութեան հայր’։—Յովհաննէս 8։44

Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութենէն ի վեր, մարդկութիւնը Սատանայի զօրաւոր ազդեցութեան ներքեւ եկած է։ (Ծննդոց 3։1-7, 16-19) Մարդկային առաջին զոյգը Եհովան լքելէն շուրջ 15 դար ետք, ըմբոստ հրեշտակներ նիւթականացան, կիներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունեցան եւ խառնածին սերունդ մը յառաջ բերին, որ կոչուեցաւ Նեֆիլիմներ։ Ի՞նչ էր անոնց առանձնայատկութիւնը։ Անոնց անուան մէջ կը գտնենք պատասխանը։ Անիկա կը նշանակէ՝ «Տապալիչներ» կամ «ուրիշներու անկման պատճառ եղողներ»։ Ակներեւաբար, անոնք վայրագ անհատներ էին, որոնք այնպիսի անգթութիւն եւ անբարոյութիւն յառաջ բերին, որոնց միայն Աստուծոյ կողմէ եղած ջրհեղեղ մը կրնար վերջ դնել։ (Ծննդոց 6։4, 5, 17) Ջրհեղեղը բնաջնջեց Նեֆիլիմները, բայց անոնց հայրերը հոգեղէն ծիրը վերադարձան որպէս անտեսանելի դեւեր։—Ա. Պետրոս 3։19, 20

Ըմբոստ հրեշտակներուն անգութ բնաւորութիւնը բացայայտ է՝ Յիսուսի օրերուն ապրած դիւահար տղու մը պարագային։ Դեւը շատ անգամ տղան ջղաձգութեան կ’ենթարկէր ու կրակի եւ ջուրի մէջ կը նետէր, ջանալով զինք սպաննել։ (Մարկոս 9։16-21) Բացորոշ է որ այս «չար ոգիներ»ը իրենց անգութ հրամանատարին՝ Բանսարկուին դաժան անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացնեն։—Եփեսացիս 6։12

Ներկայիս, դիւային ազդեցութիւնը կը շարունակէ մարդոց մէջ անգթութիւն հրահրել, ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակեց. «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, . . . ամբարտաւան, հպարտ, . . . ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը յայտնեն թէ յատկապէս ճգնաժամային օրերու մէջ կ’ապրինք, քանի որ 1914–ին Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ետք, Սատանան ու իր դիւային գունդերը երկնքէն դուրս վտարուեցան։ Աստուածաշունչը կը յայտարարէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։5-9, 12

Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ կացութիւնը կարելի չէ բարելաւել։ Նախապէս նշուած Տիազ Մարոքին կ’ըսէ թէ «մարդիկ կրնա՛ն սորվիլ թէ ինչպէս յաղթահարեն» անփափաքելի վարքը։ Սակայն, քանի որ Սատանայի ազդեցութիւնը երկիրը պատած է, անհաւանական է որ անհատ մը զայն յաղթահարէ, բացի՝ եթէ թոյլ տայ որ տարբեր ու գերազանց ոյժ մը իր մտածելակերպին ու գործելակերպին ազդէ։ Այս ոյժը ի՞նչ է։

Ի՞նչպէս փոփոխութիւնները կարելի են

Բարեբախտաբար, Աստուծոյ սուրբ հոգին գոյութիւն ունեցող ամենազօրաւոր ոյժն է եւ կրնայ դիւային որեւէ ազդեցութիւն նուաճել։ Անիկա յառաջ կը մղէ սէրն ու մարդոց բարօրութիւնը։ Աստուծոյ հոգիով լեցուելու եւ Եհովան հաճեցնելու համար, անհատը պէտք է խուսափի անգութ վարքէ ու նման արարքներէ, իր անձնաւորութիւնը փոխելով եւ աստուածային կամքին ենթարկուելով, որ է՝ կարելի եղածին չափ Աստուծոյ ուղիները ընդօրինակել։ Ասիկա կը պարփակէ՝ ուրիշները դիտել Աստուծոյ տեսանկիւնէն։—Եփեսացիս 5։1, 2. Կողոսացիս 3։7-10

Հարցեր լուծելու Աստուծոյ կերպը ուսումնասիրելով պիտի համոզուիս թէ Եհովա երբեք ուրիշներու հանդէպ անտարբեր չէ գտնուած։ Ան ոեւէ մարդու հետ բնաւ անիրաւօրէն չէ վարուած,– նաեւ՝ անասուններուն հետ։ * (Բ. Օրինաց 22։10. Սաղմոս 36։7. Առակաց 12։10) Ան անգթութիւնը եւ բռնաւոր մարդիկը կը մերժէ։ (Առակաց 3։31, 32) Նոր անձնաւորութիւնը, զոր Եհովա Քրիստոնեաներէն կը պահանջէ որ մշակեն, իրենց կ’օգնէ ուրիշները իրենցմէ գերազանց համարելու եւ յարգելու։ (Փիլիպպեցիս 2։2-4) Քրիստոնէական այս նոր անձնաւորութիւնը կը պարփակէ՝ «գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը», եւ յատկապէս սէրը, «որ կատարելութեան կապն է»։ (Կողոսացիս 3։12-14) Չե՞ս համաձայնիր թէ եթէ այսպիսի յատկութիւններ տիրական ըլլային, աշխարհը բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար։

Սակայն, թերեւս հարց տաս թէ կարելի՞ է որ անհատ մը իր անձնաւորութեան մէջ մնայուն փոփոխութիւններ մտցնէ։ Նկատի առ իրական կեանքէ առնուած օրինակ մը։ Մարթին * իր զաւակներուն առջեւ իր կնոջ վրայ պոռալու եւ զայն խստօրէն ծեծելու սովորութիւն ունէր։ Առիթով մը, կացութիւնը ա՛յնքան վատթարացաւ որ երախաները ստիպուեցան դրացիներուն քով վազել՝ օգնութեան համար։ Տարիներ ետք, ընտանիքը սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Մարթին սորվեցաւ թէ ի՛նչպիսի անհատ մը պէտք է ըլլայ եւ ուրիշներուն հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուի։ Ան կրցա՞ւ փոխուիլ։ Կինը կը պատասխանէ. «Անցեալին, ամուսինս տարբեր մէկը կ’ըլլար երբ կը բարկանար։ Ասոր պատճառաւ մեր կեանքը երկար ատեն տակնուվրայ վիճակ մը ունէր։ Բառեր չեմ գտներ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու որ Մարթինի օգնեց որ փոխուի։ Այժմ ան լաւ հայր եւ հոյակապ ամուսին մըն է»։

Ասիկա միայն մէկ պարագայ է։ Աշխարհի տարածքին, Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող միլիոնաւորներ, անգութ ըլլալէ ձերբազատուած են։ Արդարեւ փոխուիլը կարելի է։

Անգթութեան վախճանը մօտ է

Մօտ ապագային, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը,– այժմ երկնքի մէջ հաստատուած կառավարութիւն մը, որուն մէջ կարեկից Կառավարիչ է Քրիստոս Յիսուս,– երկրի վրայ ամբողջական հեղինակութիւն պիտի բանեցնէ։ Անիկա արդէն երկինքը մաքրած է Սատանայէն՝ որ անգթութեան աղբիւրն է, եւ իր դեւերէն։ Շուտով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իր խաղաղասէր հպատակներուն կարիքները պիտի գոհացնէ։ (Սաղմոս 37։10, 11. Եսայի 11։2-5) Ասիկա աշխարհի խնդիրներուն միակ իսկական լուծումն է։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ անգթութեան զոհ գացիր, մինչ այս Թագաւորութեան կը սպասես։

Անգթութիւնը անգթութեամբ փոխադարձելը պիտի չօգնէ, այլ միայն աւելի անգթութիւն պիտի հրահրէ։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ Եհովայի վստահինք, որ իր որոշած ժամանակին՝ իւրաքանչիւրին ‘իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում պիտի ընէ’։ (Երեմիա 17։10) (Տես յարակից շրջանակը՝ «Անգթութեան ի՛նչպէս հակազդել»։) Ճիշդ է որ անգութ ոճիրի մը զոհ երթալով կրնաս տառապիլ։ (Ժողովող 9։11) Այսուհանդերձ, Աստուած կրնայ ջնջել որեւէ անգթութեան հետեւանքները, նոյնիսկ մահը։ Իր խոստումին համաձայն, իր յիշողութեան մէջ եղողները, որոնք անգութ արարքներու պատճառաւ մահացած են, կեանքի պիտի բերուին։—Յովհաննէս 5։28, 29

Թէեւ անգթութեան զոհ երթալու հաւանականութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի, սակայն Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն եւ իր խոստումներուն հանդէպ հաստատ հաւատք ունենալը կրնայ մեզ մխիթարել։ Նկատի առ Սառան, որ առանց ամուսնոյն օգնութեան՝ իր երկու մանչերը մեծցուց եւ հոգ տարաւ որ լաւ ուսում ստանան։ Երբ ան ծերացաւ, տղաքը զինք լքեցին, նիւթական օգնութիւն եւ բժշկական խնամք չմատուցանելով։ Սակայն Սառա, որ այժմ Քրիստոնեայ մըն է, կ’ըսէ. «Թէեւ ասոր համար շատ կը նեղուիմ, բայց Եհովա զիս չէ լքած։ Իր աջակցութիւնը կը զգամ՝ հոգեւոր եղբայրներուս ու քոյրերուս միջոցաւ, որոնք միշտ ինծի հոգ կը տանին։ Հաստատօրէն կը հաւատամ թէ շուտով ան ո՛չ միայն իմ խնդիրներս պիտի լուծէ, այլ նաեւ բոլոր անոնց խնդիրները, որոնք իր զօրութեան կը վստահին եւ իր պատուիրած բաները կ’ընեն»։

Սառայի ակնարկած հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը որո՞նք են։ Անոնք իր Քրիստոնեայ ընկերակիցներն են, որոնք Եհովայի Վկաներ են։ Անոնք կարեկից անհատներէ բաղկացած համաշխարհային եղբայրութիւն մը կը կազմեն, որոնք համոզուած են թէ շուտով անգթութիւնը վերջ պիտի գտնէ։ (Ա. Պետրոս 2։17) Ո՛չ անգթութեան գլխաւոր պատասխանատուն՝ Բանսարկուն, ո՛չ ալ իրեն նման վարուող անհատներ պիտի մնան։ Այս «վայրագութեան դարաշրջանը», ինչպէս հեղինակ մը կոչեց զայն, անցեալին պիտի պատկանի։ Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ գալով, այս յոյսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնաս ձեռք ձգել։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 16 Աստուծոյ յատկութիւններուն ու անձնաւորութեան մասին խորազնին քննարկութեան համար, տես՝ Եհովայի մօտեցիր գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 17 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Անգթութեան ի՛նչպէս հակազդել

Աստուծոյ Խօսքը անգթութեան հետ ի՛նչպէս վարուելու շուրջ գործնական խրատներ կու տայ։ Նկատի առ թէ հետեւեալ իմաստուն խօսքերը ի՛նչպէս կրնաս կիրարկել.

«‘Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ’, մի՛ ըսեր, Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ»։—Առակաց 20։22

«Եթէ . . . տեսնես թշուառին եղած հարստահարութիւնը, եւ իրաւունքին ու արդարութեան բռնաբարուիլը, մի՛ զարմանար այդ բանին վրայ. արդարեւ բարձրերուն վրայ աւելի բարձր մը կը հսկէ»։—Ժողովող 5։8, ԱՎ

«Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։—Մատթէոս 5։5

«Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։—Մատթէոս 7։12

«Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Հռովմայեցիս 12։17-19

«Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք։ . . . Կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։—Ա. Պետրոս 2։21-23

[Նկարներ՝ էջ 7]

Եհովա շատերու սորվեցուցած է որ անգութ ըլլալէ ձերբազատուին