Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թող Աստուծոյ Խօսքը քայլերդ ուղղէ

Թող Աստուծոյ Խօսքը քայլերդ ուղղէ

Թող Աստուծոյ Խօսքը քայլերդ ուղղէ

«Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։—ՍԱՂՄՈՍ 119։105

1, 2. Մարդոց մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ չէ յաջողած իսկական խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն գտնել։

ԱՌԻԹՈՎ մը մէկէ մը խնդրա՞ծ ես որ որոշ ճամբու ուղղութիւնը ցոյց տայ։ Թերեւս որոշեալ վայրին մօտեցած էիր, բայց վերջին քանի մը դարձուածքներէն վստահ չէիր։ Կամ, թերեւս կորսուած էիր եւ հարկ եղաւ որ ճամբադ բոլորովին փոխես։ Երկու պարագաներուն ալ խոհեմութիւն չէ՞ր շրջանին քաջածանօթ եղողի մը տուած ուղղութեան հետեւիլ։ Այսպիսի անհատ մը կրնար քեզի օգնել որոշեալ վայրը հասնելու։

2 Հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ փորձած է իր կեանքը ուղղել առանց Աստուծոյ օգնութեան։ Սակայն առանձին մնալով, անկատար մարդիկ բոլորովին կորսուած են։ Անոնք չեն կրնար գտնել իսկական խաղաղութեան եւ երջանկութեան առաջնորդող ճամբան։ Անոնք ինչո՞ւ չեն կրցած այդ նպատակին հասնիլ։ Աւելի քան 2,500 տարի առաջ, Երեմիա մարգարէն ըսաւ. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմիա 10։23) Ոեւէ անհատ որ կը փորձէ իր քայլերը ուղղել առանց որակաւոր օգնութեան դիմելու, ուշ կամ կանուխ՝ յուսախաբ պիտի ըլլայ։ Արդարեւ մարդկութիւնը ուղղութեան կարիք ունի։

3. Եհովա Աստուած ինչո՞ւ գերադասօրէն որակեալ է մարդկութեան ուղղութիւն հայթայթելու, եւ ան ի՞նչ կը խոստանայ։

3 Եհովա Աստուած գերադասօրէն որակեալ է այսպիսի ուղղութիւն հայթայթելու։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան ոեւէ անհատէ աւելի կը հասկնայ մարդոց կազմուածքը եւ լիովին տեղեակ է թէ մարդկային ցեղը ի՛նչպէս շեղեցաւ ու շփոթութեան մատնուեցաւ։ Ան նաեւ գիտէ թէ անոնցմէ ի՛նչ պահանջուած է, որպէսզի դարձեալ շիտակ ճամբան գտնեն։ Ասկէ զատ, որպէս Ստեղծիչ, Եհովա միշտ գիտէ թէ ի՛նչ է լաւագոյնը մեզի համար։ (Եսայի 48։17) Հետեւաբար կրնանք լիովին վստահիլ Սաղմոս 32։8–ի մէջ արձանագրուած իր խոստումին. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ Այո, կասկած չկայ որ Եհովա լաւագոյն ուղղութիւնը կը հայթայթէ։ Բայց ան մեզ ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ։

4, 5. Աստուծոյ խօսքերը ի՞նչպէս կրնան մեզ ուղղել։

4 Սաղմոսերգու մը աղօթքի մէջ Եհովայի ըսաւ. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։ (Սաղմոս 119։105) Աստուծոյ խօսքերն ու յիշեցումները կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ, եւ անոնք մեզի կրնան օգնել որ կեանքի ճանապարհին մէջ մեր հանդիպած խոչընդոտները յաղթահարենք։ Արդարեւ, երբ Աստուածաշունչը կարդանք եւ թոյլ տանք որ մեզ ուղղէ, անձամբ կը վայելենք ինչ որ նկարագրուած է Եսայի 30։21–ի մէջ. «Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։

5 Սակայն նկատէ թէ Սաղմոս 119։105–ը կը նշէ թէ Աստուծոյ Խօսքը երկու դեր կը կատարէ։ Առաջին, անիկա կը ծառայէ որպէս ճրագ մեր ոտքին։ Երբ ամէնօրեայ դժուարութիւններ դիմագրաւենք, Աստուածաշունչի սկզբունքները պէտք է ուղղեն մեր քայլերը, որպէսզի իմաստուն որոշումներ կայացնենք եւ այս աշխարհի որոգայթներէն ու ծուղակներէն խուսափինք։ Երկրորդ, Աստուծոյ յիշեցումները մեր շաւիղը կը լուսաւորեն, մեզի օգնելով որ ընենք ընտրութիւններ, որոնք Աստուծոյ խոստացեալ դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու մեր յոյսին հետ ներդաշնակ են։ Երբ ճամբան լաւ լուսաւորուած է, պիտի կարենանք որոշ ընթացքի մը լաւ կամ գէշ հետեւանքները զատորոշել։ (Հռովմայեցիս 14։21. Ա. Տիմոթէոս 6։9. Յայտնութիւն 22։12) Այժմ մանրամասն քննարկենք թէ Աստուածաշունչի բովանդակած Աստուծոյ խօսքերը ի՛նչպէս կրնան մեր ոտքին ճրագ եւ մեր շաւիղին լոյս ըլլալ։

«Ոտքերուս ճրագ»

6. Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Աստուծոյ խօսքերը կրնան մեր ոտքին ճրագ ըլլալ։

6 Ամէն օր որոշումներ կը կայացնենք։ Կարգ մը որոշումներ յարաբերաբար աննշան կը թուին, բայց երբեմն մեր բարոյականութեան, պարկեշտութեան կամ չէզոք կեցուածքին սպառնացող կացութիւն մը կը դիմագրաւենք։ Այսպիսի փորձութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար, հարկ է որ ‘կրթած ըլլանք չարն ու բարին զանազանելու մեր զգայարանքը’։ (Եբրայեցիս 5։14, Անթիլիաս) Աստուծոյ Խօսքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելով եւ անոր սկզբունքները հասկնալով, մեր խղճմտանքը կը մարզենք որ Եհովան հաճեցնող որոշումներ կայացնենք։—Առակաց 3։21

7. Նկարագրէ պարագայ մը, ուր Քրիստոնեայ մը կրնայ անհաւատ գործակիցներու հետ ընկերակցելու հակում ունենալ։

7 Նկատի առ օրինակ մը։ Եթէ չափահաս մըն ես, որ անկեղծօրէն կը ջանայ Եհովայի սիրտը ուրախացնել, գովելի ես։ (Առակաց 27։11) Բայց ենթադրէ թէ կարգ մը գործակիցներ քեզի տոմս մը կու տան, որպէսզի իրենց հետ մարզական առիթի մը ներկայ գտնուիս։ Անոնք գործատեղին մէջ ընկերակցութենէդ կ’ախորժին եւ կ’ուզեն գործէն ետք քեզի հետ ժամանակ անցընել։ Թերեւս մեծապէս համոզուած ես որ անոնք գէշ անհատներ չեն եւ նոյնիսկ կարգ մը լաւ սկզբունքներ ունին։ Ի՞նչ պիտի ընես։ Հրաւէրը ընդունիլը վտանգաւոր պիտի ըլլա՞յ։ Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգնել որ այս հարցին շուրջ լաւ որոշում մը կայացնես։

8. Աստուածաշնչական ո՞ր սկզբունքները մեզի կ’օգնեն ընկերակցութիւններու հարցին շուրջ պատճառաբանելու։

8 Նկատի առ քանի մը աստուածաշնչական սկզբունքներ։ Առաջինը որ շուտով կը մտաբերենք՝ կը գտնուի Ա. Կորնթացիս 15։33–ի մէջ, որ կ’ըսէ. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ Այս սկզբունքին կառչիլը կը պահանջէ՞ որ անհաւատներէն բոլորովին մէկդի կենաս։ Այս հարցումին աստուածաշնչական պատասխանը՝ ո՛չ է։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս առաքեալ «ամենուն» հանդէպ սիրալիր նկատառութիւն ցուցաբերեց, ի ներառեալ՝ անհաւատները։ (Ա. Կորնթացիս 9։22) Քրիստոնէութեան բնոյթն իսկ կը պահանջէ որ ուրիշներով հետաքրքրուինք, ի ներառեալ՝ անոնք որ մեր հաւատալիքները չունին։ (Հռովմայեցիս 10։13-15) Արդարեւ, ի՞նչպէս կրնանք «բարիք [ըրէք] ամենուն» խրատին հետեւիլ, եթէ մեր օգնութեան կարիք ունեցող անհատներէն հեռու կենանք։—Գաղատացիս 6։10

9. Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը կ’օգնէ մեզի որ գործակիցներուն հետ մեր յարաբերութեան մէջ հաւասարակշռուած ըլլանք։

9 Սակայն գործակիցի մը հետ բարեկամական ըլլալուն եւ անոր սերտ բարեկամն ըլլալուն միջեւ բացայայտ տարբերութիւն կայ, ինչպէս աստուածաշնչական այլ սկզբունք մը ցոյց կու տայ։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները զգուշացուց. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք»։ (Բ. Կորնթացիս 6։14) «Օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք» արտայայտութեան իմաստը ի՞նչ է։ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ այդ խօսքը կը թարգմանեն՝ «մի՛ խմբակցիք», «մի՛ փորձէք միասին աշխատիլ որպէս հաւասարներ» կամ «անպատշաճ յարաբերութիւններ հաստատելէ ետ կեցէք»։ Գործակիցի մը հետ յարաբերութիւնը ո՞ր հանգրուանին անպատշաճ կը դառնայ։ Անիկա ե՞րբ սահմանը կ’անցնի եւ անյարիր լծակցութիւն կը դառնայ։ Այս պարագային Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կրնայ քայլերդ ուղղել։

10. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս ընկերակիցներ ընտրեց։ (բ) Ո՞ր հարցումները կրնան անհատի մը օգնել որ ընկերակցութիւններու նկատմամբ շիտակ որոշումներ կայացնէ։

10 Նկատի առ Յիսուսի օրինակը, որ ստեղծագործութենէն ի վեր մարդոց հանդէպ սէր ունի։ (Առակաց 8։31) Երբ երկրի վրայ էր, ան իր հետեւորդներուն հետ սերտ կապեր հաստատեց։ (Յովհաննէս 13։1) Ան նոյնիսկ կրօնապէս մոլորած մարդ մը «սիրեց»։ (Մարկոս 10։17-22) Բայց Յիսուս նաեւ մտերիմ բարեկամներու իր ընտրութեան նկատմամբ յստակ սահմաններ դրաւ։ Ան սերտ կապեր չհաստատեց անոնց հետ, որոնք իր Հօր կամքը անկեղծօրէն կատարելով հետաքրքրուած չէին։ Առիթով մը, Յիսուս ըսաւ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ»։ (Յովհաննէս 15։14) Ճիշդ է որ որոշ գործակիցի մը հետ կրնաս հասարակաց բաներ ունենալ։ Բայց դուն քեզի հարցուր. ‘Ան յօժա՞ր է Յիսուսի պատուիրածները ընելու։ Ան կ’ուզէ՞ սորվիլ Եհովայի մասին, որ Յիսուս մեզի պատուիրեց որ պաշտենք։ Ան իմ քրիստոնէական բարոյական չափանիշներս ունի՞’։ (Մատթէոս 4։10) Մինչ գործակիցներուդ կը խօսիս եւ Աստուածաշունչի չափանիշները գործադրելու մէջ կը յարատեւես, այդ հարցումներուն պատասխանները պիտի բացայայտուին։

11. Նշէ պարագաներ, ուր Աստուծոյ խօսքերը պէտք է ուղղեն մեր քայլերը։

11 Կան շատ մը այլ պարագաներ, որոնց մէջ Աստուծոյ խօսքերը կրնան մեր ոտքին ճրագ ըլլալ։ Օրինակ, անգործ Քրիստոնեայի մը կրնայ գործ մը առաջարկուիլ, որուն շատ պէտք ունի։ Սակայն գործի ժամերը երկար են եւ եթէ ան ընդունի զայն, կարգ մը քրիստոնէական ժողովներէ պիտի բացակայի եւ ճշմարիտ պաշտամունքի առնչուած այլ գործունէութիւններու պիտի չկարենայ մասնակցիլ։ (Սաղմոս 37։25) Ուրիշ Քրիստոնեայ մը կրնայ Աստուածաշունչի սկզբունքները ոտնակոխող ժամանցի յայտագիրներ դիտելու փորձութեան ենթարկուիլ։ (Եփեսացիս 4։17-19) Իսկ ուրիշ մը կրնայ հաւատակիցներու անկատարութիւններէն վիրաւորուելու հակամէտ ըլլալ։ (Կողոսացիս 3։13) Այս բոլոր պարագաներուն, պէտք է թոյլ տանք որ Աստուծոյ Խօսքը մեր ոտքին ճրագ ըլլայ։ Իրապէս, Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւելով, կրնանք կեանքի որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլել։ Աստուծոյ Խօսքը «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

«Շաւիղներուս լոյս»

12. Աստուծոյ խօսքերը ի՞նչպէս մեր շաւիղին լոյս են։

12 Սաղմոս 119։105–ը նաեւ կ’ըսէ թէ Աստուծոյ խօսքերը կրնան մեր շաւիղը լուսաւորել։ Ապագայի նկատմամբ մենք խաւարի մէջ չենք ձգուած, քանի որ Աստուածաշունչը կը բացատրէ աշխարհի նեղացուցիչ վիճակներուն նշանակութիւնը եւ յանգումը։ Արդարեւ կը գիտակցինք թէ իրերու այս չար դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Մօտ ապագային տեղի ունենալիք բաները գիտնալը, մեր կենցաղին խորապէս պէտք է ազդէ։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։—Բ. Պետրոս 3։11, 12

13. Մեր ժամանակներուն ստիպողականութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր մտածումին ու կենսակերպին։

13 Մեր մտածումը եւ ապրելակերպը պէտք է արտացոլացնեն մեր հաստատ համոզումը թէ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։ (Ա. Յովհաննէս 2։17) Աստուածաշունչի ուղեգծերը կիրարկելը մեզի պիտի օգնէ որ մեր ապագայ նպատակակէտերուն առնչութեամբ իմաստուն որոշումներ կայացնենք։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։33) Ի՜նչ գովելի է տեսնել բազմաթիւ պատանիներ Յիսուսի խօսքին հաւատք կ’ընծայեն՝ լիաժամ ծառայութեան հետամուտ ըլլալով։ Ուրիշներ, ի ներառեալ լման ընտանիքներ, կամաւորաբար փոխադրուած են երկիրներ՝ ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու հրատապ կարիք կայ։

14. Քրիստոնեայ ընտանիք մը ի՞նչպէս իր ծառայութիւնը ընդարձակեց։

14 Նկատի առ չորս անդամներէ բաղկացած Քրիստոնեայ ընտանիք մը, որ Միացեալ Նահանգներէն Տոմինիքեան Հանրապետութիւն փոխադրուեցաւ, 50,000 բնակիչ ունեցող գիւղաքաղաքի մը ժողովքին մէջ ծառայելու։ Ժողովքը շուրջ 130 հրատարակիչ ունի։ Այսուհանդերձ, 12 Ապրիլ 2006–ին, շուրջ 1,300 հոգի Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան։ Այդ շրջանին մէջ դաշտը ա՛յնքան «ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ» է, որ միայն հինգ ամիս ետք, հայրը, մայրը, տղան եւ աղջիկը կը վարէին Աստուածաշունչի 30 ուսումնասիրութիւններ։ (Յովհաննէս 4։35) Հայրը կը բացատրէ. «Ժողովքին մէջ կան 30 եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք հոս փոխադրուած են ձեռք տալու համար։ Շուրջ 20 հոգի Միացեալ Նահանգներէն եկած են, իսկ մնացեալը՝ Գանատայէն, Իտալիայէն, Նոր Զելանտայէն, Պահամասէն ու Սպանիայէն։ Անոնք ջանասիրութեամբ կը մասնակցին ծառայութեան եւ մեծապէս կը նպաստեն տեղացի եղբայրներուն խանդավառութեան»։

15. Թագաւորութեան շահերը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնելով՝ ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած ես։

15 Հասկնալի է որ շատեր ի վիճակի չեն օտար երկիր մը փոխադրուելու, որպէսզի ծառայեն հո՛ն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Բայց անոնք որ կարող են,– կամ կրնան իրենց պարագաները յարմարցնել,– ծառայութեան այս երեսակին մասնակցելով՝ վստահաբար բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի վայելեն։ Արդարեւ, ո՛ւր որ ալ ծառայես, մի՛ կորսնցներ այն ուրախութիւնը որ կրնաս ձեռք ձգել, ամբողջ զօրութեամբ Եհովայի ծառայելով։ Եթէ Թագաւորութեան շահերը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնես, Եհովա կը խոստանայ ‘օրհնութիւն թափել քու վրադ, այնքան շատ՝ որ բաւական տեղ չըլլայ’։—Մաղաքիա 3։10

Եհովայի առաջնորդութենէն օգտուիլ

16. Ի՞նչպէս պիտի օգտուինք՝ Աստուծոյ խօսքերուն թոյլ տալով որ մեզ ուղղեն։

16 Ինչպէս տեսանք, Եհովայի խօսքերը մեզ երկու կերպով կ’ուղղեն։ Անոնք մեր ոտքին որպէս ճրագ կը ծառայեն, մեզի օգնելով շիտակ ուղղութեամբ ընթանալու եւ մեզ ուղղելով երբ որոշումներ պիտի կայացնենք։ Նաեւ անոնք մեր շաւիղը կը լուսաւորեն, մեզ կարող դարձնելով որ մեր առջեւ եղող բաները յստակօրէն տեսնենք։ Ասիկա, իր կարգին, մեզի կ’օգնէ որ Պետրոսի յորդորին անսանք. «Ձեր մտքերը գօտեպնդեցէ՛ք՝ արթուն կեցած՝ կատարելապէս յուսացէք այն շնորհքին որ ձեզի պիտի տրուի Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը»։—Ա. Պետրոս 1։13

17. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս մեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ ուղղութեան հետեւելու։

17 Կասկած չկայ որ Եհովա ուղղութիւն կը հայթայթէ, բայց անոր պիտի ենթարկուի՞ս։ Եհովայի հայթայթած ուղղութիւնը հասկնալու համար, վճռէ՝ ամէն օր Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալ։ Կարդացածիդ մասին խորհրդածէ, ջանա՛ հարցերուն շուրջ Եհովայի տեսակէտը ըմբռնել եւ խորհէ թէ նիւթը կեանքիդ մէջ ի՛նչ կերպերով կրնաս կիրարկել։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15) Ապա, ‘բանաւորութիւնդ’ գործածէ, երբ անձնական որոշումներ կը կայացնես։—Հռովմայեցիս 12։1

18. Երբ թոյլ տանք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ ուղղէ, ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանանք։

18 Եթէ թոյլատրենք, Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած սկզբունքները մեզ պիտի լուսաւորեն եւ ուղղեն, որպէսզի մեր հետեւելիք ընթացքին նկատմամբ շիտակ որոշումներ կայացնենք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի արձանագրուած խօսքերը ‘տգէտը իմաստուն կ’ընեն’։ (Սաղմոս 19։7) Աստուածաշունչին թոյլ տալով որ մեզ ուղղէ, մաքուր խղճմտանք պիտի ունենանք եւ այն գոհունակութիւնը պիտի վայելենք, որ Եհովան հաճեցնելէն յառաջ կու գայ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։18, 19) Եթէ թոյլ տանք որ Աստուծոյ խօսքերը ամէն օր մեր քայլերը ուղղեն, Եհովա մեզ պիտի վարձատրէ՝ յաւիտենական կեանքի մեծագոյն օրհնութիւնը շնորհելով։—Յովհաննէս 17։3

Կը յիշե՞ս

• Ինչո՞ւ կարեւոր է որ թոյլ տանք որ Եհովա Աստուած մեր քայլերը ուղղէ։

• Աստուծոյ խօսքերը ի՞նչ կերպով կրնան մեր ոտքին ճրագ ըլլալ։

• Աստուծոյ խօսքերը ի՞նչպէս կրնան մեր շաւիղին լոյս ըլլալ։

• Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս մեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ ուղղութեան հետեւելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Անհաւատի մը հետ ընկերակցիլը ե՞րբ անխոհեմութիւն կը դառնայ

[Նկար՝ էջ 20]

Յիսուսի սերտ ընկերակիցները Եհովայի կամքը ընող անհատներ էին

[Նկարներ՝ էջ 21]

Մեր կենցաղակերպը ցոյց կու տա՞յ թէ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնենք