Շատ աւելի կարեւոր, քան՝ օդի կանխագուշակումը
Շատ աւելի կարեւոր, քան՝ օդի կանխագուշակումը
ԳՐԵԹԷ բոլոր ազգերը օդին վերաբերեալ առածներ ունին։ Օրինակ, գիշերը կարմրած երկինք՝ նաւաստին կ’ուրախանայ, առաւօտուն կարմրած երկինք՝ նաւաստին կը զգուշանայ։ Ներկայիս օդերեւութաբանները գիտարուեստական պատճառներ տալով կը բացատրեն թէ ինչո՛ւ օդի պայմանները կրնան զարգանալ այնպէս՝ ինչպէս առածը կ’ըսէ։
Յիսուսի ժամանակ մարդիկ նոյնպէս վարժուած էին երկինքը ուսումնասիրել եւ անոր երեւոյթը մեկնաբանել։ Յիսուս կարգ մը Հրեաներու ըսաւ. «Երբ իրիկուն ըլլայ՝ կ’ըսէք. ‘Վաղը լաւ օդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկինքը շառագունած է’, իսկ առտուն. ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկինքը շառագունած ու մթագնած է’։ Կեղծաւորնե՛ր, գիտէ՛ք զննել երկինքի երեսը, բայց . . . »։ Բայց ի՞նչ։ Յիսուս շարունակեց՝ սա ուշագրաւ խօսքը ըսելով. «Չէ՞ք կրնար գիտնալ ժամանակներուն նշանները»։—Մատթէոս 16։2, 3, ԱՎ
Ի՞նչ էին «ժամանակներուն նշանները»։ Անոնք այն բազմաթիւ յստակ ցուցմունքներն էին թէ Յիսուս Աստուծմէ ղրկուած ճշմարիտ Մեսիան էր։ Անոր գործերը երկնքի կարմրութեան պէս դիւրաւ կը զատորոշուէին։ Սակայն Հրեաներէն շատեր Մեսիան եկած ըլլալուն նշանները անտեսեցին,– զարգացում մը որ վստահաբար օդի կանխագուշակումէն աւելի կարեւոր էր։
Ներկայիս նոյնպէս բառացի երկնքի գոյնէն շա՜տ աւելի կարեւոր նշան մը կայ որ պէտք է հասկնանք։ Յիսուս նախագուշակեց թէ այս ամբարիշտ աշխարհին վերջ պիտի դրուի, որպէսզի աւելի լաւ աշխարհի մը սկիզբ տրուի։ Ան կարգ մը զարգացումներ նշեց, ինչպէս՝ աշխարհածաւալ պատերազմներ ու սովեր, որոնք միասնաբար ցոյց պիտի տային թէ այս փոփոխութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենար։ Յիսուս ըսաւ թէ երբ այս բաները տեսնուին, Աստուծոյ միջամտութեան ժամանակը մօտ է։—Մատթէոս 24։3-21
«Ժամանակներուն նշանները» կը տեսնե՞ս։