Ծերութեան ատեն հոգեւորապէս պտուղ տալ
Ծերութեան ատեն հոգեւորապէս պտուղ տալ
«Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները . . . ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան»։—ՍԱՂՄՈՍ 92։13, 14
1, 2. (ա) Ալեւորութիւնը յաճախ ի՞նչպէս կը նկարագրուի։ (բ) Սուրբ Գրութիւնները Ադամական մեղքին հետեւանքներուն առնչութեամբ ի՞նչ կը խոստանան։
ԱԼԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ բառը միտքդ ի՞նչ կը բերէ։ Կնճռոտած մո՞րթ։ Տկար լսողութի՞ւն։ Թոյլ ձեռքեր ու ոտքե՞ր։ Կամ, Ժողովող 12։1-7–ի մէջ վառ մանրամասնութեամբ նկարագրուած «թշուառութեան օրեր»ուն այլ երեսա՞կ մը։ Եթէ այս է պարագան, կարեւոր է որ ի մտի ունենաս թէ Ժողովող 12–րդ գլուխը կը նկարագրէ ծերութիւնը ո՛չ թէ ինչպէս Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած սկիզբը մտադրած էր, այլ՝ իբրեւ Ադամական մեղքին հետեւանքը մարդկային մարմնին վրայ։—Հռովմայեցիս 5։12
2 Ծերանալը ինքնին անէծք մը չէ, քանի որ գոյատեւումը կը պահանջէ որ տարիները սահին։ Իրականութեան մէջ, աճումը եւ հասունութիւնը բոլոր ապրող գոյացութիւններուն ցանկալի յատկանիշներն են։ Վեց հազար տարուան մէջ մեղքին եւ անկատարութեան գործած աւերները, զորս մեր շուրջը կը տեսնենք, շուտով անցեալին պիտի պատկանին, եւ բոլոր հնազանդ մարդիկը կեանքը պիտի վայելեն ինչպէս որ մտադրուած էր՝ առանց ծերութեան ու մահուան առթած ցաւերուն։ (Ծննդոց 1։28. Յայտնութիւն 21։4, 5) Այդ ատեն, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայի 33։24) Տարեցները իրենց «երիտասարդութեան օրերուն» պիտի վերադառնան, իսկ անոնց մարմինը «մանուկի մը մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ»։ (Յոբ 33։25, ԱՎ) Սակայն ներկայիս ամէն ոք պէտք է մաքառի Ադամական ժառանգութեան դէմ։ Այսուհանդերձ, Եհովայի ծառաները իրենց յառաջացած տարիքին մէջ մասնայատուկ կերպերով օրհնուած են։
3. Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպերով կրնան ‘ծերութեան ատեն ալ պտուղ տալ’։
3 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ որ «Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները . . . ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան»։ (Սաղմոս 92։13, 14) Այլաբանական լեզուով, սաղմոսերգուն նշեց այն հիմնական ճշմարտութիւնը թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները կրնան հոգեւորապէս յառաջդիմել, ուռճանալ ու բարգաւաճիլ, նոյնիսկ եթէ ֆիզիքապէս անկում կրեն։ Աստուածաշնչական եւ արդի շատ մը օրինակներ ասիկա կ’ապացուցանեն։
«Տաճարէն չէր զատուեր»
4. Տարեց Աննա մարգարէուհին իր աստուածպաշտութիւնը ի՞նչպէս ցուցաբերեց եւ ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ։
4 Նկատի առ առաջին դարու Աննա մարգարէուհին։ Ան 84 տարեկանին՝ «տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ»։ Իր հայրը «Ասերի ցեղէն» ըլլալով եւ ո՛չ թէ Ղեւիի, Աննա բառացիօրէն տաճարին մէջ չէր կրնար ապրիլ։ Պահ մը երեւակայէ թէ անոր կողմէ ի՛նչ ջանք պահանջեց որ ամէն օր տաճարին մէջ ներկայ ըլլար, առաւօտեան ողջակէզէն մինչեւ երեկոյեան ողջակէզը։ Սակայն Աննա իր բարեպաշտութեան համար մեծապէս վարձատրուեցաւ։ Ան առանձնաշնորհում ունեցաւ ներկայ գտնուելու, երբ Յովսէփ ու Մարիամ մանուկ Յիսուսը տաճար բերին, Օրէնքին համաձայն զինք Եհովայի ներկայացնելու։ Յիսուսը տեսնելով, Աննա «Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին»։—Ղուկաս 2։22-24, 36-38. Թուոց 18։6, 7
5, 6. Ներկայիս տարեցներէն շատեր ի՞նչ կերպերով Աննայի ունեցած հոգին կը ցուցաբերեն։
5 Ներկայիս մեր մէջ բազմաթիւ տարեցներ Աննայի նման կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ կը գտնուին, ճշմարիտ պաշտամունքին յառաջդիմութեան համար ջերմեռանդ աղօթքներ կը մատուցանեն, եւ բարի լուրը քարոզելու սաստիկ փափաք ունին։ Եղբայր մը որ 80–ական տարիքի մէջ է եւ իր կնոջ հետ կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներու կը յաճախէ, ըսաւ. «Ժողովներու երթալու սովորութիւնը մշակած ենք։ Չենք փափաքիր ուրիշ տեղ գտնուիլ։ Աստուծոյ ժողովուրդը ո՛ւր է, հո՛ն կ’ուզենք ըլլալ։ Հոն է որ հանգիստ կը զգանք»։ Այս ամոլը բոլորիս համար քաջալերական օրինակ մըն է։—6 «Եթէ հոգեւոր գործունէութիւն մը կայ եւ կրնամ անոր մաս կազմել, կ’ուզե՛մ մասնակցիլ»։ Այս խօսքը 80–ական տարիքի մէջ եղող Ժէն անունով Քրիստոնեայ այրիի մը նշանաբանն է։ Ան կ’աւելցնէ. «Անշուշտ տխուր պահեր կ’ունենամ, բայց ինչո՞ւ շուրջս գտնուողներն ալ տխուր պէտք է ըլլան երբ տխուր եմ»։ Վառվռուն աչքերով, ան խօսեցաւ շինիչ հոգեւոր առիթներով օտար երկիրներ տուած իր բերկրալի այցելութիւններուն մասին։ Վերջերս կատարած իր մէկ ճամբորդութեան ընթացքին, ան ուղեկիցներուն ըսաւ. «Այլեւս չեմ ուզեր դղեակներ տեսնել. կ’ուզեմ դաշտի ծառայութեան երթալ»։ Տեղական լեզուն չգիտնալով հանդերձ, Ժէն կրցաւ Աստուածաշունչի պատգամին հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ Ասկէ զատ, ան երկար տարիներ ծառայեց ժողովքի մը մէջ որ օգնութեան կարիք ունէր, թէեւ ասիկա նշանակեց որ ան նոր լեզու մը սորվի եւ ժողովներու երթալ–գալու համար երկու ժամ տրամադրէ։
Միտքը աշխոյժ պահել
7. Յառաջացած տարիքին մէջ, Մովսէս ի՞նչպէս Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան մէջ աճելու փափաք յայտնեց։
7 Կեանքի փորձառութիւնը ձեռք կը ձգուի երկար տարիներու ընթացքին։ (Յոբ 12։12) Միւս կողմէ, հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ինքնաբերաբար չի գար տարիքի բերմամբ։ Հետեւաբար, փոխանակ անցեալին ձեռք ձգուած գիտութեան պաշարին ապաւինելու, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները կը ջանան ‘իրենց իմաստութիւնը աւելցնել’, մինչ տարիները կը սահին։ (Առակաց 9։9) Երբ Եհովայի կողմէ յանձնարարութիւն մը ստացաւ, Մովսէս 80 տարեկան էր։ (Ելից 7։7) Իր օրերուն, այդ տարիքին հասնիլը ակներեւօրէն անսովոր էր, քանի որ ան գրեց. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. . . . զօրութիւնով ութսուն [կ’ըլլան]»։ (Սաղմոս 90։10) Այսուհանդերձ, Մովսէս երբեք չզգաց թէ իր սորվելու տարիքը անցած էր։ Տասնեակ տարիներ Աստուծոյ ծառայելէ, բազմաթիւ առանձնաշնորհումներ վայելելէ եւ ծանր պատասխանատուութիւններ կրելէ ետք, Մովսէս Եհովայի աղերսեց. «Հիմա կ’աղաչեմ . . . ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ»։ (Ելից 33։13) Մովսէս մի՛շտ կը փափաքէր աճիլ Եհովայի հետ իր յարաբերութեան մէջ։
8. Դանիէլ ի՞նչպէս մինչեւ 90–ական տարիքին իր միտքը աշխոյժ պահեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
8 Դանիէլ մարգարէն, որ հաւանաբար 90–ական տարիքի մէջ էր, տակաւին սուրբ գրութիւնները ուշադրութեամբ կը քննէր։ Ի միջի այլոց, հաւանաբար Ղեւտացւոց, Եսայիի, Երեմիայի, Ովսէէի եւ Ամովսի «գրքեր»ուն ուսումնասիրութեամբ Դանիէլ 9։1, 2) Իր աղօթքին առ ի պատասխան, ան Մեսիայի գալուստին եւ մաքուր պաշտամունքի ապագային մասին ներշնչեալ տեղեկութիւններ ստացաւ։—Դանիէլ 9։20-27
ի՛նչ որ զատորոշեց՝ զինք մղեց ջերմեռանդ աղօթքով Եհովան փնտռելու։ (9, 10. Ոմանք ի՞նչ ըրած են իրենց միտքը աշխոյժ պահելու համար։
9 Այնքան ատեն որ կրնանք, ջանանք Մովսէսի ու Դանիէլի նման մեր միտքը աշխոյժ պահել՝ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալով։ Շատեր կ’ընեն ասիկա։ Ուորթ, 80–ական տարիքի մէջ եղող Քրիստոնեայ երէց մը, կը ջանայ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մատակարարած հոգեւոր սնունդին հետ քայլ պահել։ (Մատթէոս 24։45) Ան կ’ըսէ. «Ճշմարտութեան հանդէպ բուռն սէր ունիմ, եւ ի՜նչ խայտանք է տեսնել թէ ի՛նչպէս ճշմարտութեան լոյսը հետզհետէ աւելի կը փայլի»։ (Առակաց 4։18) Նմանապէս, Ֆրէտ որ աւելի քան 60 տարի անցուցած է լիաժամ ծառայութեան մէջ, հաւատակիցներու հետ աստուածաշնչական զրոյցներ սկսիլը հոգեւորապէս խթանիչ կը գտնէ։ Ան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը մտքիս մէջ կենդանի պէտք է պահեմ։ Եթէ կարենաս Աստուածաշունչը կենդանի կամ իմաստալից դարձնել եւ սորվածներդ ‘ողջամիտ խօսքերուն օրինակին’ յարմարցնել, այն ատեն անջատ տեղեկութիւններ պիտի չունենաս։ Պիտի կարենաս տեսնել թէ ի՛նչպէս իւրաքանչիւր տեղեկութիւն իր յարմար տեղը կը փայլի»։—Բ. Տիմոթէոս 1։13
10 Յառաջացած տարիքը անպայմանօրէն արգելք չէ նոր ու դժուար գաղափարներ սորվելու։ Անհատներ որոնք 60–ական, 70–ական եւ նոյնիսկ 80–ական տարիքի մէջ են, անգրագիտութիւնը յաղթահարած են կամ նոր լեզուներ սորված են։ Եհովայի Վկաներէն ոմանք ասիկա ըրած են՝ բարի լուրը օտարահպատակներու քարոզելու համար։ (Մարկոս 13։10) Հէրրի եւ իր կինը 60–ական տարիքի մէջ էին, երբ որոշեցին Փորթուկալերէն խօսողներուն օգնել։ Հէրրի կ’ըսէ. «Իրականութիւնը այն է թէ կեանքի մէջ որեւէ պարտականութիւն՝ տարիքի բերմամբ կը դժուարանայ»։ Այսուհանդերձ, ջանքով ու յարատեւութեամբ, անոնք կրցան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել Փորթուկալերէնով։ Այժմ, տարիներէ ի վեր, Հէրրի իր սորված նոր լեզուով դասախօսութիւններ կը ներկայացնէ նոյնիսկ նահանգային համաժողովներուն։
11. Ինչո՞ւ հաւատարիմ տարեցներու իրագործումները նկատի կ’առնենք։
11 Անշուշտ, ամէն ոք այսպիսի մարտահրաւէրներ ստանձնելու համար առողջութիւն կամ յարմար պարագաներ չունի։ Արդ, ինչո՞ւ նկատի կ’առնենք թէ կարգ մը տարեցներ ինչ բաներ իրագործած են։ Վստահաբար ըսել չենք ուզեր որ բոլորը պէտք է ջանան նոյն բաները իրագործել։ Փոխարէն, ժողովքի հաւատարիմ երէցներուն առնչութեամբ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն յղուած Պօղոսի նամակին հոգին կ’ուզենք ընդգծել. «Անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք»։ (Եբրայեցիս 13։7) Երբ նախանձախնդրութեան այսպիսի օրինակներու մասին խորհրդածենք, կրնանք քաջալերուիլ որ ընդօրինակենք այն զօրաւոր հաւատքը, որ այս տարեցները Աստուծոյ ծառայութեան կը մղէ։ Զինք խթանող բանին մասին խօսելով, Հէրրի որ այժմ 87 տարեկան է, կ’ըսէ. «Կը փափաքիմ մնացեալ տարիներս խոհեմութեամբ գործածել եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ կարելի եղածին չափ պիտանի ըլլալ»։ Նախապէս նշուած Ֆրէտը, Պէթէլի մէջ իր նշանակումը կատարելով մեծ գոհունակութիւն կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Պէտք է զատորոշես թէ ի՛նչպէս կրնաս լաւագոյն կերպով Եհովայի ծառայել եւ այդ ընթացքին կառչիս»։
Անձնանուէր՝ հակառակ փոխուող պարագաներու
12, 13. Հակառակ իր փոխուած պարագաներուն, Բերզելի ի՞նչպէս աստուածպաշտութիւն ցուցաբերեց։
12 Ֆիզիքական փոփոխութիւններու հետ գլուխ ելլելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Այսուհանդերձ, կարելի է աստուածպաշտութիւն ցուցաբերել՝ ի հեճուկս այս փոփոխութեանց։ Գաղաադացի Բերզելի այս առնչութեամբ ընտիր օրինակ մըն է։ Ան 80 տարեկանին, Դաւիթի ու իր բանակին հանդէպ արտակարգ հիւրասիրութիւն ցուցաբերեց, ուտելիք եւ իջեւան Բ. Թագաւորաց 17։27-29. 19։31-40
հայթայթելով՝ Աբիսողոմի ըմբոստութեան ժամանակամիջոցին։ Երբ Դաւիթ Երուսաղէմ կը վերադառնար, Բերզելի անոր բանակին ընկերակցեցաւ մինչեւ Յորդանան գետը։ Դաւիթ առաջարկեց որ Բերզելի իր պալատի անձնակազմին միանայ։ Բերզելի ի՞նչ պատասխանեց։ «Ես այսօր ութսուն տարեկան եմ. միթէ աղէկն ու գէշը կրնա՞մ որոշել, միթէ ծառադ իր կերածին ու խմածին համը կրնա՞յ առնել։ Ասկէ ետքը խաղ կանչող մարդերուն կամ կիներուն ձայնը կրնա՞մ լսել . . . ։ Թող քու ծառադ Քամաամ իմ տիրոջս՝ թագաւորին հետ անցնի ու քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։—13 Հակառակ իր փոխուած պարագաներուն, Բերզելի ըրաւ ի՛նչ որ կրնար ընել՝ Եհովայի նշանակած թագաւորին աջակցելու համար։ Թէեւ ան գիտակցեցաւ թէ իր ճաշակելիքն ու լսելիքը տկարացած էին, բայց չդառնացաւ։ Փոխարէն, անձնուրացօրէն յանձնարարելով որ առաջարկուած օգուտները Քամաամ ստանայ, Բերզելի ներքնապէս ինչպիսի անձ մը ըլլալը յայտնեց։ Բերզելիի նման, ներկայիս շատ մը տարեցներ անձնուրացութեան եւ առատաձեռնութեան հոգի կը ցուցաբերեն։ Անոնք ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնելու համար իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, գիտնալով թէ «Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի»։ Մեր մէջ հաւատարիմներ ունենալը ի՜նչ օրհնութիւն մըն է։—Եբրայեցիս 13։16
14. Դաւիթի յառաջացած տարիքը ի՞նչպէս յաւելեալ իմաստ կը դնէ Սաղմոս 37։23-25–ի խօսքերուն մէջ։
14 Թէեւ Դաւիթի պարագաները տարիներու ընթացքին կրկին անգամ փոփոխութեան ենթարկուեցան, բայց ան համոզուած մնաց թէ Իր հաւատարիմ ծառաներուն հանդէպ Եհովայի հոգատարութիւնը երբեք չի փոխուիր։ Իր կեանքի վերջաւորութեան, Դաւիթ յօրինեց երգ մը որ ներկայիս ծանօթ է որպէս Սաղմոս 37–ն։ Պահ մը երեւակայէ որ Դաւիթ խորհրդածութեան մէջ է եւ քնարը նուագելով կը տաղերգէ. «Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին ու անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։ Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։ Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող»։ (Սաղմոս 37։23-25) Եհովա յարմար տեսաւ որ այս ներշնչեալ սաղմոսին մէջ ակնարկութիւն մը ըլլայ Դաւիթի տարիքին։ Ասիկա ի՜նչ խոր զգացում կ’աւելցնէ այդ սրտագին խօսքերուն վրայ։
15. Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչպէս հաւատարմութեան ընտիր օրինակ հանդիսացաւ, ի հեճուկս իր փոխուած պարագաներուն եւ յառաջացած տարիքին։
15 Յովհաննէս առաքեալ ալ ընտիր օրինակ մըն է, հաւատարիմ մնալով՝ ի հեճուկս իր փոխուած պարագաներուն եւ յառաջացած տարիքին։ Շուրջ 70 տարի Աստուծոյ ծառայելէ ետք, Յովհաննէս Պատմոս կղզին աքսորուեցաւ, «Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար»։ (Յայտնութիւն 1։9) Այսուհանդերձ, անոր գործը տակաւին չէր ամբողջացած։ Իրականութեան մէջ, Յովհաննէս Աստուածաշունչի գրութեան մէջ իր ամբողջ մասնակցութիւնը բերաւ՝ իր կեանքի վերջին տարիներուն։ Երբ ան Պատմոս կը գտնուէր, Յայտնութեան երկիւղ ներշնչող տեսիլքը ստացաւ, զոր զգուշութեամբ գրի առաւ։ (Յայտնութիւն 1։1, 2) Անկէ ետք, ընդհանրապէս կը կարծուի թէ ան Հռովմէացի Ներուաս կայսրին օրով իր աքսորէն ազատեցաւ։ Շուրջ Հ.Դ. 98–ին, երբ հաւանաբար 90 կամ 100 տարեկան էր, Յովհաննէս գրեց իր անունը կրող Աւետարանը եւ երեք նամակները։
Համբերատարութեան անթառամ արձանագրութիւն
16. Հաղորդակցութեան կարողութիւնը կորսնցուցած անհատներ ի՞նչպէս կրնան Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը ցոյց տալ։
16 Սահմանափակումները կրնան այլազան ըլլալ եւ տարբեր աստիճաններ ունենալ։ Օրինակ, ոմանք նոյնիսկ իրենց հաղորդակցելու կարողութիւնը կորսնցուցած են, սակայն տակաւին Աստուծոյ սիրոյն ու շնորհքին հաճելի յիշատակները կը փայփայեն։ Թէեւ անոնք խօսելու կարող չեն, բայց իրենց սրտին մէջ Եհովայի կ’ըսեն. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։ (Սաղմոս 119։97) Եհովա, իր կարգին, գիտէ թէ որո՛նք իր ‘անուան վրայ կը մտածեն’ եւ կը գնահատէ թէ անոնք ո՜րքան տարբեր են՝ իր ճամբաներով չհետաքրքրուած ընդհանուր մարդկութենէն։ (Մաղաքիա 3։16. Սաղմոս 10։4) Շա՜տ մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա մեր սրտին խորհրդածութիւնը հաճելի կը գտնէ։—Ա. Մնացորդաց 28։9. Սաղմոս 19։14
17. Երկար տարիներ Եհովայի ծառայողները ի՞նչ անզուգական բան իրագործած են։
17 Պէտք չէ անտեսուի այն իրողութիւնը թէ տասնամեակներէ ի վեր հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայողները իրապէս անզուգական բան մը իրագործած են, որ ուրիշ ո՛չ մէկ կերպով կարելի է ձեռք ձգել,– համբերատարութեան անթառամ արձանագրութիւն։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։ (Ղուկաս 21։19) Յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու համար՝ համբերատարութիւնը անհրաժեշտ է։ Անոնք որ ‘Աստուծոյ կամքը ըրած են’ եւ իրենց կեանքի ընթացքով իրենց հաւատարմութիւնը ապացուցանած են, կրնան ակնկալել որ ‘խոստումը վայելեն’։—Եբրայեցիս 10։36
18. (ա) Եհովա տարեցներուն վերաբերեալ ի՞նչ բան կը գնահատէ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
18 Եհովա բոլորանուէր ծառայութիւնդ մեծապէս կ’արժեւորէ, ըրածդ ըլլայ շատ թէ քիչ։ Տարիքի բերմամբ «դուրսի մարդ»ուն ի՛նչ որ ալ պատահի, «ներսի մարդը» կրնայ օրէ օր նորոգուիլ։ (Բ. Կորնթացիս 4։16) Անտարակոյս Եհովա անցեալին իրագործած բաներդ կը գնահատէ, բայց շատ բացայայտ է թէ ան նաեւ կը գնահատէ ինչ որ հի՛մա կ’ընես իր անուան համար։ (Եբրայեցիս 6։10) Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք այսպիսի հաւատարմութեան հեռահաս ազդեցութիւնները։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Աննա տարեց Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։
• Տարիքը ինչո՞ւ անպայմանօրէն չի սահմանափակեր անհատի մը իրագործումները։
• Տարեցները ի՞նչպէս կրնան շարունակել աստուածպաշտութիւն ցուցաբերել։
• Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ տարեցներուն կողմէ իրեն մատուցուած ծառայութիւնը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Տարեց Դանիէլ «գրքեր»ուն միջոցաւ գիտցաւ Յուդայի աքսորին տեւողութիւնը
[Նկարներ՝ էջ 25]
Տարեցներէն շատեր կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախելու, նախանձախնդրաբար քարոզելու եւ եռանդագին սորվելու մէջ օրինակելի են