Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարութիւնը քեզի համար իրակա՞ն է

Յարութիւնը քեզի համար իրակա՞ն է

Յարութիւնը քեզի համար իրակա՞ն է

«Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ»։—ԳՈՐԾՔ 24։15

1. Մահը ինչո՞ւ ստոյգ կը թուի։

«ԱՅՍ աշխարհին մէջ ոչինչ ստոյգ է, բացի՝ մահէն ու տուրքերէն»։ Ոմանք շատ իմաստալից կը նկատեն Ամերիկացի քաղաքագէտ Պէնճէմին Ֆրանքլինի ըսած այս խօսքը՝ 1789–ին։ Սակայն բազմաթիւ անպարկեշտ մարդիկ իրենց տուրքերը վճարելէ կը խուսափին։ Ուստի մահը շատ աւելի ստոյգ կը թուի։ Առանց օգնութեան, մեզմէ ո՛չ ոք անկէ կրնայ խուսափիլ։ Բոլորս ալ անոր թիրախն ենք։ Մարդկութեան հասարակաց գերեզմանը՝ Շէօլ, անյագօրէն կը լափէ մեր սիրելիները։ (Առակաց 27։20) Բայց նկատի առ մխիթարական սա գաղափարը։

2, 3. (ա) Մահը ինչո՞ւ շատերու կարծածէն նուազ ստոյգ է։ (բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Եհովայի Խօսքը յարութեան՝ այսինքն անգամ մը եւս կեանքի բերուելու, ստոյգ յոյսը կը ներկայացնէ։ Ասիկա լոկ երազ մը չէ, եւ տիեզերքի մէջ ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ Եհովայի արգելք հանդիսանալ որ այս յոյսը իրականացնէ։ Սակայն այսօր շատեր չեն գիտակցիր որ ոմանց համար մահը անխուսափելի բան մը չէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անհամար «մեծ բազմութիւն մը» մօտալուտ «մեծ նեղութենէն» ողջ պիտի անցնի։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14) Անոնք պիտի շարունակեն ապրիլ՝ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ Հետեւաբար, անոնց համար մահը ստոյգ բան մը չէ։ Ասկէ զատ, ‘մահը պիտի խափանուի’։—Ա. Կորնթացիս 15։26

3 Յարութեան նկատմամբ պէտք է վստահ ըլլանք Պօղոս առաքեալի նման, որ ըսաւ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Այժմ նկատի առնենք յարութեան վերաբերեալ երեք հարցումներ։ Առաջին, ի՞նչ բան այս յոյսը ստոյգ կը դարձնէ։ Երկրորդ, ի՞նչպէս կրնաս յարութեան յոյսով անձնապէս մխիթարուիլ։ Երրորդ, այս յոյսը ի՞նչպէս կրնայ ապրելակերպիդ ազդել։

Յարութիւնը՝ ստոյգ բան մը

4. Յարութիւնը ի՞նչպէս Եհովայի նպատակին համար էական է։

4 Մի քանի ազդակներ կան, որոնք յարութիւնը ստոյգ կը դարձնեն։ Ամէն բանէ առաջ, անիկա Եհովայի նպատակին համար էական է։ Մտաբերէ թէ Սատանան մարդկութիւնը մեղքի առաջնորդեց, որուն անխուսափելի հետեւանքն էր՝ մահը։ Հետեւաբար, Յիսուս Սատանայի մասին ըսաւ. «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր»։ (Յովհաննէս 8։44) Բայց Եհովա խոստացաւ որ իր «կինը», կամ կնանման կազմակերպութիւնը երկինքի մէջ, «սերունդ» մը յառաջ պիտի բերէր, որ «առաջուան օձ»ին գլուխը պիտի ճզմէր, Սատանան բոլորովին չքացնելով։ (Ծննդոց 3։1-6, 15. Յայտնութիւն 12։9, 10. 20։9, 10) Երբ Եհովա Մեսիական Սերունդին առնչութեամբ իր նպատակը աստիճանաբար յայտնեց, բացայայտ դարձաւ թէ Սերունդը Սատանան բնաջնջելէ աւելին պիտի ընէր։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ»։ (Ա. Յովհաննէս 3։8) Ադամէ մեր ժառանգած մեղքին պատճառած մահը, Սատանայի գլխաւոր մէկ գործն է, որ Եհովա նպատակադրած է խափանել կամ քանդել՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Այս առնչութեամբ, Յիսուսի փրկանքի զոհը եւ յարութիւնը շատ կարեւոր են։—Գործք 2։22-24. Հռովմայեցիս 6։23

5. Յարութիւնը ինչո՞ւ Եհովայի անունը պիտի փառաւորէ։

5 Եհովա վճռած է իր սուրբ անունը փառաւորել։ Սատանան Աստուծոյ անունը վատաբանած է եւ սուտեր յառաջացուցած է։ Ան սուտ խօսելով ըսաւ թէ Ադամն ու Եւան ‘անշուշտ պիտի չմեռնէին’ եթէ Աստուծոյ արգիլած պտուղէն ուտէին։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։4) Անկէ ի վեր Սատանան նոյնանման սուտեր տարածած է, ինչպէս այն սուտ ուսուցումը թէ մարմնին մահէն ետք հոգի մը կը վերապրի։ Սակայն յարութեան միջոցաւ Եհովա այս բոլոր սուտերը պիտի քօղազերծէ եւ իրականութիւնը երեւան պիտի հանէ։ Ան վերջնականապէս պիտի հաստատէ թէ միայն ինքն է Ապրեցնողը եւ կեանքը Վերահաստատողը։

6, 7. Եհովա մարդիկը յարուցանելու նկատմամբ ի՞նչպէս կը զգայ, եւ ի՞նչպէս գիտենք իր զգացումը։

6 Եհովա կը տենչայ յարութիւն տալ։ Աստուածաշունչը այս առնչութեամբ Եհովայի զգացումները կը բացայայտէ։ Օրինակ, նկատի առ հաւատարիմ Յոբի ներշնչեալ խօսքերը. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։ Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս [«կարօտնաս», ԱՎ]»։ (Յոբ 14։14, 15) Այս խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։

7 Յոբ գիտէր թէ իր մահէն ետք, մահուան քունին մէջ ժամանակ մը պիտի սպասէր։ Ան այս ժամանակամիջոցը սեպեց «պատերազմ» կամ զինուորութիւն, սպասման պարտաւորիչ շրջան՝ որուն կը յաջորդէ ազատագրում։ Իրեն համար այդ ազատագրումը ստոյգ էր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան Եհովայի զգացումներուն տեղեակ էր։ Եհովա իր հաւատարիմ ծառան դարձեալ տեսնելու պիտի ‘կարօտնար’։ Արդարեւ, Աստուած կը տենչայ բոլոր արդարները ետ կեանքի բերել։ Եհովա նաեւ ուրիշներուն պիտի տայ երկրային դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը։ (Ղուկաս 23։43. Յովհաննէս 5։28, 29) Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է որ այդ նպատակը իրագործէ, ո՞վ կրնայ իրեն արգելք հանդիսանալ։

8. Եհովա ի՞նչպէս ապագայի վերաբերեալ մեր յոյսին համար «հաւաստիք տուաւ»։

8 Ապագային նկատմամբ մեր յոյսը երաշխաւորուած է Յիսուսի յարութեամբ։ Երբ Պօղոս Աթէնքի մէջ ճառ արտասանեց, ան յայտարարեց. «[Աստուած] օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց [«հաւաստիք տուաւ», ԱՎ]՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։ (Գործք 17։31) Պօղոսի ունկնդիրներէն ոմանք զինք ծաղրեցին երբ յարութեան մասին լսեցին։ Սակայն ոմանք հաւատացեալներ եղան։ Թերեւս այս յոյսին երաշխաւորուած ըլլալը իրենց ուշադրութիւնը գրաւեց։ Երբ Եհովա Յիսուսը յարուցանեց, Ան մեծագոյն հրաշքը կատարեց։ Ան իր Որդին մահուընէ կեանքի բերաւ որպէս հզօր հոգեղէն արարած։ (Ա. Պետրոս 3։18) Յարուցեալ Յիսուս աւելի հզօր էր քան՝ իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին։ Անմահ ու Եհովայէ ետք երկրորդ հզօր անձնաւորութիւնը ըլլալով, այժմ Յիսուս ի վիճակի է իր Հօրմէն սքանչելի նշանակումներ ստանձնելու։ Յիսուսի միջոցաւ Եհովա միւս բոլոր յարութիւնները պիտի կատարէ,– ըլլան երկնային կամ երկրային։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը»։ (Յովհաննէս 5։25. 11։25) Իր Որդին յարուցանելով, Եհովա այս յոյսերը երաշխաւորեց բոլոր հաւատարիմներուն համար։

9. Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ի՞նչպէս կը հաստատէ յարութեան իրական ըլլալը։

9 Յարութիւնը ականատեսներ ունեցած է եւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ արձանագրուած է։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը մանրամասն կը նկարագրէ ութ անհատներու յարութիւնները, որոնք ետ կեանքի բերուեցան որպէս մարդիկ երկրի վրայ։ Այս հրաշքները գաղտնօրէն չկատարուեցան, այլ՝ հրապարակաւ, յաճախ ականատեսներու առջեւ։ Յիսուս չորս օր մեռած Ղազարոսը յարուցանեց սգաւորներու աչքին առջեւ, անկասկած անոնց մէջ ըլլալով անոր ընտանիքը, բարեկամներն ու դրացիները։ Աստուծոյ կողմէ Յիսուսի ղրկուած ըլլալուն այս ապացոյցը ա՛յնքան զօրաւոր էր, որ Յիսուսի կրօնական թշնամիները երբեք չուրացան որ այս յարութիւնը տեղի ունեցաւ։ Փոխարէն, անոնք դաւեցին որ ո՛չ միայն զինք սպաննեն, այլ նաեւ՝ Ղազարոսը։ (Յովհաննէս 11։17-44, 53. 12։9-11) Արդարեւ կրնանք վստահ ըլլալ որ յարութիւնը ստոյգ է։ Աստուած անցեալի յարութիւններուն արձանագրութիւնը տուած է մեզի, որպէսզի մեզ մխիթարէ ու մեր հաւատքը կերտէ։

Յարութեան յոյսով մխիթարուիլ

10. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ Աստուածաշունչի յարութեան պատմութիւններէն մխիթարութիւն քաղելու։

10 Մահուան ի տես մխիթարութեան կը տենչա՞ս։ Մխիթարութեան ստոյգ աղբիւր մը կը գտնուի Աստուածաշունչի յարութեան պատմութիւններուն մէջ։ Այս պատմութիւնները կարդալը, անոնց վրայ խոկալը եւ զանոնք մտապատկերելը կրնայ յարութեան յոյսը աւելի իրական դարձնել քեզի։ (Հռովմայեցիս 15։4) Անոնք պարզապէս հեքիաթներ չեն։ Անոնք իրապէս պատահեցան մեզի պէս իսկական մարդոց, որոնք իրական ժամանակի ու իրական վայրի մը մէջ ապրեցան։ Այժմ համառօտաբար կեդրոնանանք Աստուածաշունչի արձանագրած առաջին յարութեան վրայ։

11, 12. (ա) Ի՞նչ ողբերգութիւն հարուածեց Սարեփթայի այրին, եւ ան սկիզբը ի՞նչպէս հակազդեց։ (բ) Նկարագրէ թէ Եհովա ի՛նչ ընելու կարողութիւն տուաւ Եղիա մարգարէին, ի նպաստ այրիին։

11 Մտապատկերէ տեսարանը։ Քանի մը շաբաթներէ ի վեր Եղիա մարգարէն Սարեփթայի այրիին հիւրն է եւ կը բնակի անոր տան վերնատունը։ Մռայլ ժամանակաշրջան մըն է։ Շրջանին վրայ կը տիրէ երաշտ ու սով, շատերուն մահուան պատճառ ըլլալով։ Եհովա արդէն Եղիան գործածած է երկարատեւ հրաշք մը կատարելու համար, այս խոնարհ այրիին հաւատքը վարձատրելով։ Երբ կինը ու իր որդին սովամահ ըլլալու վրայ էին, միայն իրենց վերջին ճաշը ունենալով, Եհովա Եղիայի միջոցաւ կնոջ ալիւր եւ իւղ հայթայթեց, որոնք հրաշալիօրէն չպակսեցան։ Սակայն հիմա ողբերգութիւն մը կը հարուածէ։ Յանկարծ զաւակը կը հիւանդանայ եւ շատ չանցած իր վերջին շունչը կը փչէ։ Այրին ո՜րքան կ’ընկճուի։ Առանց ամուսինի մը ֆիզիքական ու զգացական աջակցութեան ապրիլը չէր բաւեր, այժմ իր միակ որդին ալ կորսնցուց։ Վշտացած, ան նոյնիսկ Եղիան ու անոր Աստուածը՝ Եհովան կը մեղադրէ։ Մարգարէն ի՞նչ պիտի ընէ։

12 Եղիա այրին չի յանդիմաներ իր սխալ ամբաստանութեան համար։ Փոխարէն՝ ան կ’ըսէ. «Տղադ ինծի տուր»։ Մահացած տղան վերնատուն հանելէ ետք, Եղիա կրկին անգամ կ’աղօթէ որ տղուն կեանքը վերադառնայ։ Ի վերջոյ, Եհովա կը պատասխանէ։ Պահ մը երեւակայէ Եղիայի դէմքին վրայ պարզուած ուրախութիւնը, մինչ կը տեսնէ որ տղուն կուրծքը կ’ելլէ ու կ’իջնէ, անոր կոպերը կը բացուին եւ աչքերուն մէջ կեանք կու գայ։ Եղիա տղան իր մօր քով կ’իջեցնէ ու կ’ըսէ. «Նայէ՛, տղադ կենդանի է»։ Կնոջ ուրախութիւնը աննկարագրելի է։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա գիտցայ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես ու քու բերնիդ մէջ Տէրոջը խօսքը ճշմարիտ է»։ (Գ. Թագաւորաց 17։8-24) Եհովայի եւ անոր ներկայացուցիչին հանդէպ կնոջ հաւատքը առաջուընէ շատ աւելի զօրաւոր է։

13. Եղիայի կողմէ այրիի մը տղուն տրուած յարութիւնը ինչո՞ւ ներկայիս մեզ կը մխիթարէ։

13 Այս պատմութեան մասին խորհրդածելը անկասկած մեծապէս կը մխիթարէ քեզ։ Ո՜րքան բացայայտ է թէ Եհովա մեր թշնամին՝ մահը նուաճելու կարող է։ Պահ մը երեւակայէ այն օրը, երբ այդ այրիին ուրախութիւնը հազարաւոր անգամներ պիտի բազմապատկուի մեռելներու ընդհանուր յարութեան ժամանակ։ Երկնքի մէջ ալ մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ, երբ Եհովա ուրախութեամբ իր Որդին պիտի ուղղէ որ համայն երկրի վրայ յարութիւններ կատարէ։ (Յովհաննէս 5։28, 29) Մահը սիրելիներէդ մէկը խլա՞ծ է։ Ի՜նչ հոյակապ է գիտնալ թէ Եհովա մեռելները կրնայ յարուցանել եւ պիտի յարուցանէ։

Քու յոյսդ ու ներկայ կեանքդ

14. Յարութեան յոյսը ի՞նչպէս կրնայ կեանքիդ ազդել։

14 Յարութեան յոյսը ի՞նչպէս կրնայ այժմու ապրելակերպիդ ազդել։ Այս յոյսը կրնայ քեզ զօրացնել երբ դժուարութիւններ, մարտահրաւէրներ, հալածանք կամ վտանգներ դիմագրաւես։ Սատանան կ’ուզէ որ մահէն ա՛յնքան վախնաս որ ուղղամտութիւնդ շուտով փոխանակես ապահովութեան սին խոստումով մը։ Մտաբերէ թէ Սատանան Եհովայի ըսաւ. «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ»։ (Յոբ 2։4) Այս խօսքը ըսելով, Սատանան բոլորիս մասին չարախօսեց, ի ներառեալ՝ դուն։ Ճի՞շդ է որ Աստուծոյ ծառայելէ կը դադրիս եթէ վտանգի մը հետ դէմ յանդիման գաս։ Յարութեան յոյսին մասին խորհրդածելով, կրնաս հաստատօրէն վճռել որ պիտի շարունակես երկնաւոր Հօրդ կամքը կատարել։

15. Մատթէոս 10։28–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչպէս կրնան մեզ մխիթարել երբ վտանգ դիմագրաւենք։

15 Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել»։ (Մատթէոս 10։28) Սատանայէ կամ իր մարդկային գործակալներէն պէտք չէ վախնանք։ Ճիշդ է որ ոմանք վնասելու կամ նոյնիսկ սպաննելու զօրութիւն ունին, բայց ի՛նչ որ ալ ընեն՝ ժամանակաւոր վնաս է։ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն հասած որեւէ վնաս կրնայ ջնջել եւ պիտի ջնջէ, նոյնիսկ յարուցանելով զանոնք։ Միայն Եհովան մեր վախին, ակնածանքին ու յարգանքին արժանի է։ Միայն ի՛նք կարողութիւն ունի կեանքը եւ ապագայ կեանքի բոլոր հեռանկարները խլելու, Գեհենի մէջ թէ՛ մարմինը եւ թէ հոգին կորսնցնելով։ Բարեբախտաբար, Եհովա չ’ուզեր որ ատիկա քեզի պատահի։ (Բ. Պետրոս 3։9) Յարութեան յոյսին շնորհիւ, որպէս Աստուծոյ ծառաներ միշտ կրնանք վստահ ըլլալ թէ ապահով ենք։ Այնքան ատեն որ հաւատարիմ ենք՝ յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւնը ունինք, իսկ Սատանան ու իր մանկլաւիկները ասոր նկատմամբ բան մը չեն կրնար ընել։—Սաղմոս 118։6. Եբրայեցիս 13։6

16. Մեր հայեցակէտը մեր նախապատուութիւններուն ի՞նչպէս կ’ազդէ։

16 Եթէ յարութեան յոյսը մեզի համար իրական է, անիկա կրնայ կեանքի նկատմամբ մեր հայեցակէտը կաղապարել։ Կը գիտակցինք որ «թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք»։ (Հռովմայեցիս 14։7, 8) Հետեւաբար երբ նախապատուութիւններ պիտի դնենք, Պօղոսի խրատը կը կիրարկենք. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Շատեր խելայեղօրէն կը վազվզեն՝ իրենց իւրաքանչիւր ցանկութիւնը, փառասիրութիւնը եւ իղձը յագեցնելու համար։ Որովհետեւ անոնք կեանքը կարճատեւ կը նկատեն, բուռն կերպով հաճոյքի ետեւէ կ’ըլլան, իսկ եթէ պաշտամունքի ձեւ մը ունին, վստահաբար անիկա ‘Աստուծոյ կատարեալ կամքին’ հետ ներդաշնակ չէ։

17, 18. (ա) Եհովայի Խօսքը մարդկային կեանքին կարճատեւ ըլլալուն ի՞նչպէս կ’անդրադառնայ, բայց Աստուած մեզի համար ի՞նչ կը փափաքի։ (բ) Ինչո՞ւ կը մղուինք ամէն օր Եհովան գովաբանելու։

17 Ճիշդ է որ կեանքը կարճ է։ Անիկա ‘շուտով կ’անցնի ու մենք կը թռչինք’, թերեւս շուրջ 70 կամ 80 տարի ետք։ (Սաղմոս 90։10) Մարդիկ կու գան ու կ’երթան՝ խոտի եւ անցնող շուքի պէս։ (Սաղմոս 103։15. 144։3, 4) Բայց Աստուած չնպատակադրեց որ մի քանի տասնամեակներու ընթացքին մեծնանք եւ որոշ իմաստութիւն ու փորձառութիւն ձեռք ձգենք, իսկ յաջորդ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին մեր առողջութիւնը վատթարանայ, ծերանանք ու մեռնինք։ Եհովա մարդիկը յաւիտեան ապրելու փափաքով ստեղծեց։ «Մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ժողովող 3։11) Արդեօք Աստուած անգո՞ւթ է, քանի որ մեզի այսպիսի փափաք մը կու տայ, ապա զայն իրագործելը անկարելի կը դարձնէ։ Արդարեւ ո՛չ, քանի որ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննէս 4։8) Ան յարութիւնը պիտի գործածէ՝ կարելի դարձնելով որ մեռած անհատներ յաւիտեան ապրին։

18 Յարութեան յոյսին շնորհիւ, ապահով ապագայ մը կրնանք ունենալ։ Պէտք չունինք չափազանց խճողուած կենցաղ մը վարելու, մեր բոլոր կարողութիւնները հիմա իսկ ծայր աստիճան գործածելով։ Այս մահամերձ աշխարհը պէտք չէ ‘լիովին գործածենք’։ (Ա. Կորնթացիս 7։29-31, ՆԱ. Ա. Յովհաննէս 2։17) Իրական յոյս չունեցողներուն հակառակը, մենք հոյակապ պարգեւ ունինք՝ գիտնալով որ եթէ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ մնանք, ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին զինք պիտի փառաբանենք ու կեանքը վայելենք։ Ուստի ամէն գնով՝ իւրաքանչիւր օր Եհովան գովաբանենք, որ յարութեան յոյսը ստոյգ կը դարձնէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Յարութեան հանդէպ ի՞նչպէս պէտք է զգանք։

• Ո՞ր ազդակները յարութեան յոյսը ստոյգ կը դարձնեն։

• Յարութեան յոյսով ի՞նչպէս կրնաս մխիթարուիլ։

• Յարութեան յոյսը ապրելակերպիդ վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

«Նայէ՛, տղադ կենդանի է»

[Նկար՝ էջ 20]

Յոբ գիտէր թէ Եհովա կը տենչայ արդարները յարուցանել