Յոյս գտնել՝ տառապալից աշխարհի մը մէջ
Յոյս գտնել՝ տառապալից աշխարհի մը մէջ
«ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի՝ սովորական քաղաքացիներ կրնան հասարակութեան բարիք ընել եւ ընդհանուր խնդիրներ լուծել»։ Մ.Ն. նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն այս խօսքը ըսաւ Մարտ 2006–ին, Գանատայի Օթաուա քաղաքին մէջ կայացուած համագումարի մը ընթացքին։ Ան եզրակացուց թէ 2004–ին պատահած ցունամիէն ի վեր, միջազգային բարեացակամութեան հոսանք մը կը զարգանայ, եւ լաւատեսութեամբ նշեց թէ ներկայիս աշխարհը «աննախընթաց փոխկախուածութեան ժամանակի մը մէջ է»։
Կրնա՞նք ակնկալել որ բնական աղէտները ամէնուրեք մարդիկը գործի լծեն որ աւելի լաւ ապագայի մը համար ջանքեր թափեն։ «Աննախընթաց փոխկախուածութիւնը» իսկական խաղաղութեամբ ու մնայուն ապահովութեամբ յատկանշուած ապագայ մը յուսալու վստահելի հի՞մ մըն է։
Իսկական յոյսի Աղբիւրը
Աւելի քան վեց հազարամեակներու ընթացքին մարդկութեան տարած ջանքերուն երկար արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ մարդիկ կրկին անգամ զիրար յուսախաբ կ’ընեն։ Ուստի տեղին ըլլալով, ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը խրատեն. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ Սաղմոս 146։3) Մեր յոյսը այս աշխարհի կազմակերպութիւններուն, անոր նիւթական բաներուն ու երազներուն վրայ դնելը, միայն յուսախաբութեան կ’առաջնորդէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։—Ա. Յովհաննէս 2։17
որուն քով փրկութիւն չկայ»։ (Սակայն դարերու ընթացքին, Աստուած արդար մարդոց ստոյգ յոյսը եղած է։ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ վաղեմի «Իսրայէլի յոյսը» եւ Իսրայէլի «հայրերուն յոյսը», իսկ Իրեն յուսալու, ապաւինելու եւ վստահելու մասին բազմաթիւ արտայայտութիւններ կը բովանդակէ։ (Երեմիա 14։8. 17։13. 50։7) Արդարեւ Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը քաջալերեն որ ‘Եհովայի յուսանք’։—Սաղմոս 27։14, ՆԱ
Առակաց 3։5, 6–ը մեզ կը յորդորէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Այսպիսի խոստումի մը լիովին վստահելու ամէն պատճառ ունիս, քանի որ Եհովա Աստուած անփոփոխ, ապաւինելի եւ միշտ իր խօսքը կատարող է։ (Մաղաքիա 3։6. Յակոբոս 1։17) Ան քեզի համար լաւագոյնը կը փափաքի, եւ եթէ միշտ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ըսածներուն հնազանդիս, անիկա այս վախազդու ժամանակներուն մէջ քեզ յաջողութեամբ պիտի առաջնորդէ։—Եսայի 48։17, 18
Ամբողջ սրտով Աստուծոյ ուղղութեան հետեւող անհատը կրնայ սա խոստումին ապաւինիլ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ»։ (Եսայի 41։10) Ջերմեռանդօրէն աղօթելը եւ այս երաշխիքին վրայ խոկալը, շատ մխիթարական է բոլոր անոնց՝ որոնք իրապէս կը սիրեն Եհովա Աստուած, քանի որ իրենց կ’օգնէ դժուար պարագաներուն ու մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլելու։
Նկատի առ Անտրիան, որ երկու պզտիկներու մայր եւ Եհովայի Վկայ մըն է։ Ան կ’ըսէ. «Երբ կեանքիս մէջ անորոշութեան պահեր ծագին, միայն աղօթելով եւ Եհովայի խոստումներուն վրայ խոկալով զօրութիւն կ’ունենամ վերակազդուրուելու։ Եթէ Եհովան միշտ կեանքիս մէջ ունենամ, կայունութիւն պահպանելը շատ աւելի դիւրին կ’ըլլայ»։
Եհովայի յուսալդ ամրապնդէ
Եհովայի յուսալու կարեւորութիւնը ընդգծելով, սաղմոսերգու մը ըսաւ. «Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ»։ (Սաղմոս 119։165) Աստուծոյ Խօսքին անկեղծ ուսումնասիրութիւնը բաւական կ’օգնէ որ մտքիդ ու սրտիդ մէջ հոգեւորապէս պիտանի ու դրական բաներ լեցնես, որոնք ‘ճշմարտութիւնով, պարկեշտութիւնով, արդարութիւնով, մաքրութիւնով, սիրով, բարի համբաւով, առաքինութիւն եւ գովութիւն’ են։ Եթէ խղճմտօրէն ջանաս այս բաները լսել, սորվիլ, ընդունիլ եւ գործադրել, «խաղաղութեան Աստուածը [քեզի] հետ պիտի ըլլայ»։—Փիլիպպեցիս 4։8, 9
Տասնամեակներու փորձառութենէն խօսելով, Ճոն կ’ըսէ. «Որպէսզի ապագային նկատմամբ զգացումներս փոխուէին, կարեւոր էր որ գիտնայի թէ անձնաւորութեանս ու մտածելակերպիս մէջ արմատական փոփոխութիւն մը պահանջուած էր, կատարեալ ու անտեսանելի Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն մը կերտել ակնկալելէ առաջ։ Այդ յարաբերութիւնը հաստատելու միակ կերպն էր՝ հոգեւոր անձ մը դառնալ։ Ասիկա պահանջեց որ Աստուած կեանքիս առանցքը դարձնեմ եւ հարցերու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը որդեգրեմ, իր ներշնչեալ Խօսքը կարդալով ու անոր վրայ խոկալով»։
Եթէ ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն բովանդակած ճշմարտութեան կենսատու եւ կազդուրիչ ջուրերը խմես, կիրարկած պիտի ըլլաս ազդու եւ փորձուած դեղագիր մը, որ կը չէզոքացնէ ամէն օր լրատուամիջոցներով ներկայացուած վատ բաներու անվերջ տեղատարափը։ Աստուածաշունչին ըսածը գործադրելը նաեւ կրնայ ընտանեկան կապերդ ամրապնդել եւ մտահոգութիւնը նուազեցնել։ Ասկէ զատ, Աստուած կը խոստանայ որ ինք պատրաստ է ‘իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնելու’։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Ան հարցերը այնպէս մը պիտի լուծէ որ վախնալու հարկ պիտի չունենաս։
Փենէհէս, որ պատերազմի ու զանգուածային սպանութեան ականատես եղած է, կ’ըսէ. «Սորվեցայ կեանքս Եհովայի հոգատար ձեռքերուն յանձնել։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կառչիլը զիս բազմաթիւ խնդիրներէ խնայած է»։ Եթէ իրապէս վստահիս Եհովա Աստուծոյ, ան կրնայ քեզի օգնել որ նեղութեան պարիսպին վրայէն ցատկես ու անցնիս։ (Սաղմոս 18։29) Իր ծնողքին հետ սերտ յարաբերութիւն ունեցող զաւակը, անոնց լիովին կը վստահի եւ անոնց հոգատարութեան ներքեւ ապահով կը զգայ, նոյնիսկ երբ հիւանդ կամ ձեւով մը տագնապի մէջ է։ Կրնա՛ս նոյնանման զգացում մը վայելել, եթէ ջանք թափես ու Եհովայի յուսալու հրաւէրը ընդունիս։—Սաղմոս 37։34
Յոյսի ստոյգ հիմ մը
Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’»։ (Մատթէոս 6։9, 10) Այս երկնային Թագաւորութիւնը,– Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած կառավարութիւն մը,– երկրի վրայ Իր իրաւացի գերիշխանութիւնը արտայայտելու Աստուծոյ միջոցն է։—Սաղմոս 2։7-12. Դանիէլ 7։13, 14
Ներկայիս կեանքի բոլոր մարզերուն ազդող վախի բազմաթիւ երեսակները յստակ նշան մըն են թէ աստուածային միջամտութեան կարիք կայ։ Բարեբախտաբար, այդ միջամտութիւնը մօտալուտ է։ Այժմ Աստուծոյ կողմէ Մեսիական Թագաւոր նշանակուած ըլլալով, Յիսուս Քրիստոսի հեղինակութիւն վստահուած է որ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովէ եւ Իր անունը սրբացնէ։ (Մատթէոս 28։18) Մօտ ատենէն, Թագաւորութիւնը իր ուշադրութիւնը դէպի երկիր պիտի դարձնէ, վախի ու մտահոգութեան բոլոր պատճառները վերցնելու համար։ Եսայի 9։6–ը կը ներկայացնէ Յիսուսի յանձնարարագիրը, որ ցոյց կու տայ թէ Կառավարիչ մը ըլլալու արժանի է եւ կրնայ մեր վախերէն մեզ հանգստացնել։ Օրինակ, ան կոչուած է՝ ‘Յաւիտենական Հայր’, ‘Սքանչելի Խորհրդակից’ եւ «Խաղաղութեան Իշխան»։
Նկատի առ գորովալից արտայայտութիւնը՝ ‘Յաւիտենական Հայր’։ Այս հանգամանքով, Յիսուս ունի զօրութիւն եւ հեղինակութիւն,– ինչպէս նաեւ տենչ,– հնազանդ մարդոց տալու երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը, իր փրկանքի զոհին հիման վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ վերջապէս անոնք պիտի ազատագրուին մեղքէն ու անկատարութենէն, զորս առաջին մեղաւոր մարդէն՝ Ադամէ ժառանգեցին։ (Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 5։12. 6։23) Քրիստոս նաեւ իր աստուածատուր հեղինակութիւնը ի գործ պիտի դնէ՝ մեռելներէն շատերուն յարութիւն տալու համար։—Յովհաննէս 11։25, 26
Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ‘Սքանչելի Խորհրդակիցն’ էր։ Աստուծոյ Խօսքին մասին իր ունեցած գիտութեան ու մարդկային բնոյթին մասին իր բացառիկ հասկացողութեան պատճառաւ, Յիսուս առօրեայ խնդիրները լուծելու կերպը գիտէր։ Երկնքի մէջ իր գահակալումէն ի վեր, Քրիստոս կը շարունակէ ‘Սքանչելի Խորհրդակիցը’ ըլլալ, ծառայելով որպէս մարդկութեան հետ Եհովայի հաղորդակցութեան խողովակին գլխաւոր անձնաւորութիւնը։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խրատները միշտ իմաստուն եւ անթերի են։ Ասիկա գիտնալը եւ հաւատալը կրնայ անորոշութենէ ու ջլատիչ վախէ զերծ կեանքի մը առաջնորդել քեզ։
Եսայի 9։6–ը նաեւ Յիսուսը կը բնորոշէ որպէս «Խաղաղութեան Իշխան»։ Այս հանգամանքով, Քրիստոս շուտով իր զօրութիւնը պիտի գործածէ՝ ամէն տեսակ անհաւասարութիւն վերցնելու համար,– քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական։ Ի՞նչպէս։ Մարդկութիւնը Մեսիական Թագաւորութեան խաղաղ իշխանութեան ներքեւ բերելով։—Դանիէլ 2։44
Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, ամբողջ երկրագունդին վրայ մնայուն խաղաղութիւն պիտի տիրէ։ Ինչո՞ւ կրնաս ասկէ վստահ ըլլալ։ Պատճառը յայտնուած է Եսայի 11։9–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Անոնք [Թագաւորութեան հպատակները] պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Ի վերջոյ, երկրի վրայ իւրաքանչիւր մարդ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն պիտի ունենայ եւ իրեն պիտի հնազանդի։ Այս հեռանկարը սիրտդ կը տոգորէ՞։ Եթէ այո՛, առանց յապաղելու՝ «Տէրոջը [թանկագին] գիտութիւնը» ձեռք ձգէ։
Կրնաս հաւատք կերտող ու կենսատու՝ Աստուծոյ գիտութենէն օգտուիլ, քննելով թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ ներկայ իրադարձութիւններուն մասին եւ Աստուածաշունչին մէջ խոստացուած պայծառ ապագան։ Հետեւաբար քեզ կը յորդորենք որ շրջանիդ մէջ Եհովայի Վկաներու ներկայացուցած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ձրի յայտագրէն օգտուիս։ Ասիկա տառապալից աշխարհի մը մէջ վախը նուազեցնելու եւ իսկական յոյս գտնելու կերպ մըն է։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 7]
Թագաւորութեան կառավարութիւնը ինչո՛ւ յոյս կը ներշնչէ
Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր, Յիսուս Քրիստոս ամբողջ տիեզերքի մէջ հեղինակութիւն բանեցնելու կարողութիւն ու իրաւասութիւն ստացած է։ (Մատթէոս 28։18) Ան երկրի կենսոլորտը կատարելապէս հաւասարակշռուած վիճակի պիտի վերադարձնէ։ Ան նաեւ հիւանդութիւններուն վրայ հեղինակութիւն ունի։ Երկրի վրայ Յիսուսի կատարած հրաշալի գործերը նախանմոյշներ էին թէ որպէս կատարեալ ու վստահելի Թագաւոր իր իշխանութեան ներքեւ աւելի մեծ օրհնութիւններ պիտի ըլլան։ Այս Մեսիական Թագաւորին ստորեւ նշուած ո՞ր յատկութիւնները յատկապէս սրտիդ կը խօսին։
▪ Դիւրամերձ։—Մարկոս 10։13-16
▪ Բանաւոր եւ անաչառ։—Մարկոս 10։35-45
▪ Արժանահաւատ եւ անձնուրաց։—Մատթէոս 4։5-7. Ղուկաս 6։19
▪ Արդար եւ ուղղադատ։—Եսայի 11։3-5. Յովհաննէս 5։30. 8։16
▪ Հոգածու, փափկանկատ ու խոնարհ։—Յովհաննէս 13։3-15
[Նկար՝ էջ 4]
Աստուածաշունչը կարդալը եւ անոր վրայ խոկալը կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի յուսանք