Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ողբք գիրքէն աչքառու կէտեր

Ողբք գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ողբք գիրքէն աչքառու կէտեր

ԵՐԵՄԻԱ մարգարէն կը տեսնէ դատաստանական պատգամին կատարումը, զոր 40 տարի յայտարարեց։ Ան ի՞նչ կը զգայ երբ իր սիրելի քաղաքին կործանման ականատես կ’ըլլայ։ «Երեմիա նստաւ լացաւ եւ Երուսաղէմի վրայ այս խօսքերով ողբաց», կ’ըսէ Յունարէն Եօթանասնից–ը՝ Ողբք գրքին նախաբանին մէջ։ Յօրինուած Հ.Դ.Ա. 607–ին, մինչ Երուսաղէմի 18 ամսուան պաշարման ապա հրկիզման յիշատակը մարգարէին մտքին մէջ տակաւին թարմ է, Ողբք գիրքը վառ կերպով կը դրսեւորէ Երեմիայի խոր տառապանքը։ (Երեմիա 52։3-5, 12-14) Պատմութեան մէջ ուրիշ ո՛չ մէկ քաղաքի վրայ ա՛յսքան յուզիչ ու սրտաբեկիչ խօսքերով ողբ եղած է։

Ողբք գիրքը հինգ տաղերգութիւններէ կը բաղկանայ։ Առաջին չորսը ողբերգներ են. հինգերորդը խնդրանք կամ աղօթք մըն է։ Առաջին չորս տաղերգութիւններուն իրարայաջորդ համարները կը սկսին տարբեր տառով մը, Եբրայերէն այբուբենի 22 տառերուն կարգով։ Հինգերորդ տաղերգութիւնը 22 համար ունենալով հանդերձ, այբբենական չէ։

«ԱՉՔԵՐՍ ԱՐՑՈՒՆՔ ԹԱՓԵԼԷՆ ԱՒՐՈՒԵՑԱՆ»

(Ողբք 1։1–2։22)

«Ինչպէ՜ս առանձին կը նստի բազմամարդ քաղաքը. ազգերուն մէջ մեծ եղողը՝ որբեւարիի պէս եղաւ, գաւառներուն մէջ իշխանուհի եղողը՝ հարկատու եղաւ»։ Այսպէս կը սկսի Երուսաղէմի նկատմամբ Երեմիա մարգարէին ողբը։ Այս աղէտին պատճառը տալով՝ մարգարէն կ’ըսէ. «Տէրը զանիկա տրտմութեան մատնեց իր յանցանքներուն համար»։—Ողբք 1։1, 5

Որպէս իր ամուսինն ու զաւակները կորսնցուցած այրի, Երուսաղէմ կը հարցնէ. «Արդեօք այն ցաւին պէս ցաւ կա՞յ, որ իմ վրաս եկաւ»։ Իր թշնամիներուն նկատմամբ՝ ան Աստուծոյ կ’աղօթէ. «Անոնց բոլոր չարութիւնը թող քու առջեւդ հասնի եւ անոնց այնպէ՛ս ըրէ, ինչպէս ինծի ըրիր իմ բոլոր յանցանքներուս համար. վասն զի իմ հեծութիւններս շատ են ու իմ սիրտս նուաղած է»։—Ողբք 1։12, 22

Խորապէս վշտացած՝ Երեմիա կ’ըսէ. «Սաստիկ բարկութեամբ [Եհովա] Իսրայէլի բոլոր զօրութիւնը փշրեց, անոր աջ ձեռքը թշնամիին երեսէն ետ քաշեց եւ Յակոբի մէջ կրակի բոցի պէս բռնկեցաւ ու անոր բոլորտիքը կերաւ»։ Իր խոր տրտմութիւնը նկարագրելով, մարգարէն կ’ողբայ. «Աչքերս արցունք թափելէն աւրուեցան, աղիքներս խռովեցան, լեարդս գետինը թափուեցաւ»։ Նոյնիսկ անցորդները զարմանք յայտնած են, ըսելով. «Ա՞յս է այն քաղաքը, որ գեղեցկութեան կատարելութիւնը ու բոլոր երկրին ուրախութիւնը կը կոչուէր»։—Ողբք 2։3, 11, 15

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։15, ՆԱ—Եհովա ի՞նչպէս «Յուդայի կոյս աղջկան պատկանող հնձանը կոխեց»։ Որպէս կոյս նկարագրուած քաղաքը կործանելով, Բաբելոնացիները ա՛յնքան շատ արիւն թափեցին որ կրնար համեմատուիլ հնձանի մէջ կոխուած խաղողին հետ։ Եհովա ասիկա նախագուշակեց եւ թոյլ տուաւ որ տեղի ունենայ, ուստի կրնայ ըսուիլ թէ ի՛նք «հնձանը կոխեց»։

2։1—Ի՞նչպէս ‘Իսրայէլին փառքը երկնքէն վար նետուեցաւ’։ Քանի որ «երկինք երկրէն բարձր է», վեհ բաներուն նուաստացումը երբեմն նկարագրուած է որպէս ‘երկնքէն վար նետուիլ’։ «Իսրայէլին փառքը»,– այն պարծանքն ու զօրութիւնը որ վայելեց՝ երբ Եհովայի օրհնութիւնը իր վրայ էր,– վար նետուեցաւ՝ Երուսաղէմի կործանումով ու Յուդայի ամայացումով։—Եսայի 55։9

2։1, 6—Ի՞նչ է Եհովայի «ոտքերուն պատուանդանը» եւ իր «հիւղը»։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Մտնենք անոր բնակարանները ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։ (Սաղմոս 132։7) Հետեւաբար, Ողբք 2։1–ի «պատուանդանը» կ’ակնարկէ Եհովայի պաշտամունքի տան կամ իր տաճարին։ Բաբելոնացիները ‘Տէրոջը տունը այրեցին’, որպէս թէ պարտէզի մը մէջ հիւղ կամ խրճիթ մը ըլլար։—Երեմիա 52։12, 13

2։16, 17—Տասնըվեցերորդ համարը Եբրայերէն ային տառով պէտք չէ՞ սկսի, իսկ 17–րդ համարը՝ փէ տառով, որպէսզի Եբրայերէն այբուբենի շարքաւորումը յարգուի։ Այս ոճով բանաստեղծութիւն յօրինելու ատեն, ներշնչեալ գրողները սովորաբար այբուբենի շարքաւորումին հետեւեցան։ Սակայն անոնք ասիկա չէին ըներ, եթէ իրենց գրածը շինծու կամ անբնական պիտի հնչէր։ Իմաստը շատ աւելի կարեւոր կը նկատուէր, քան՝ գրական ոճի մը կառչիլը, որ պարզապէս յիշելու կը նպաստէր։ Նոյն երկու տառերը դարձեալ մէկը միւսէն առաջ դրուած են՝ Ողբք գիրքի 3–րդ եւ 4–րդ տաղերգութիւններուն մէջ։—Ողբք 3։46, 49. 4։16, 17

2։17—Եհովա Երուսաղէմի նկատմամբ ո՞ր մասնայատուկ «խօսքը» գործադրեց։ Ըստ երեւոյթին, հոս ակնարկումը Ղեւտացւոց 26։17–ին է, որ կ’ըսէ. «Իմ երեսս ձեր վրայ պիտի տնկեմ ու ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի սպաննուիք. ձեզ ատողները պիտի իշխեն ձեր վրայ ու առանց հալածուելու պիտի փախչիք»։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։1-9. Երուսաղէմ գիշերը դառնօրէն կու լայ եւ իր արցունքները այտերուն վրայ են։ Անոր դռները ամայացած են, իսկ անոր քահանաները կը հառաչեն։ Անոր կոյսերը կը տրտմին եւ ինք դառնացած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Երուսաղէմ ծանրապէս մեղանչած է։ Անոր անմաքրութիւնը իր փէշերուն վրայ է։ Յանցագործութեան պտուղը ուրախութիւն չէ, այլ՝ արցունքներ, հեծեծանք, կսկիծ ու դառնութիւն։

1։18. Եհովա միշտ արդարութեամբ կը պատժէ յանցագործները։

2։20. Իսրայելացիներուն զգուշացում տրուած էր որ եթէ Եհովայի ձայնը մտիկ չընէին, իրենց վրայ անէծքներ պիտի գային, ի ներառեալ՝ ‘իրենց տղաքներուն եւ աղջիկներուն միսը’ ուտել։ (Բ. Օրինաց 28։15, 45, 53) Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալու ընթացք մը ընտրելը ի՜նչ անխոհեմութիւն է։

‘ԻՄ ՀԱՌԱՉԱՆՔԻՍ ՔՈՒ ԱԿԱՆՋԴ ՄԻ՛ ԳՈՑԵՐ’

(Ողբք 3։1–5։22)

Ողբք 3–րդ գլուխին մէջ, Իսրայէլ ազգին մասին կը խօսուի որպէս «այն մարդ»ը։ Նեղութիւն քաշելով հանդերձ, այս մարդը կը տաղերգէ. «Տէրը բարի է իրեն ապաւինողներուն ու զինք փնտռող հոգիին»։ Ճշմարիտ Աստուծոյ աղօթելով՝ ան կ’աղերսէ. «Իմ ձայնս լսեցիր։ Իմ հառաչանքիս ու աղաղակիս քու ականջդ մի՛ գոցեր»։ Եհովայէ խնդրելով որ թշնամիին նախատինքին ուշադրութիւն դարձնէ, ան կ’ըսէ. «Ո՛վ Տէր, անոնց հատուցում պիտի ընես՝ իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ»։—Ողբք 3։1, 25, 56, 64

Երեմիա Երուսաղէմի 18 ամսուան պաշարման աղիտալի հետեւանքներուն նկատմամբ իր զգացումները կը յայտնէ ու կ’ողբայ. «Իմ ժողովուրդիս աղջկան անօրէնութիւնը Սոդոմի մեղքէն մեծ եղաւ, որ մէկ վայրկեանի մէջ տակնուվրայ եղաւ՝ դեռ ոեւէ մէկուն ձեռքը չդպած»։ Երեմիա կը շարունակէ. «Սուրէ մեռածները անօթութենէ մեռածներէն երջանիկ էին, վասն զի վերջինները ագարակի արդիւնքներուն պակասութենէն մաշեցան ու մեռան»։—Ողբք 4։6, 9

Հինգերորդ քերթուածը Երուսաղէմի բնակիչներուն լեզուով կը խօսի։ Անոնք կ’ըսեն. «Մեզի եղածը յիշէ՛, ո՛վ Տէր, նայէ՛ ու մեր նախատինքը տե՛ս»։ Մինչ իրենց տառապանքները կը պատմեն, անոնք կ’աղաչեն. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը մնաս. քու աթոռդ դարէ դար պիտի տեւէ։ Քեզի դարձո՛ւր մեզ, ո՛վ Տէր ու դառնանք. մեր օրերը առաջուան պէս նորոգէ՛»։—Ողբք 5։1, 19, 21

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

3։16—«Ակռաներս խիճերով կոտրտեց» արտայայտութիւնը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ. «Աքսորի երթալու ճամբուն վրայ, Հրեաները պարտադրուեցան իրենց հացերը եփել գետինը փորուած փոսերու մէջ, հացերը աւազով խառնուելով»։ Այսպիսի հացեր ուտելը կրնար ակռաներ կոտրտել։

4։3, 10, ԱՎ—Երեմիա ‘իր ժողովուրդին աղջիկը’ ինչո՞ւ «անապատի ջայլամներուն» հետ կը համեմատէ։ Ջայլամը «անգութ է իր ձագերուն՝ իրենը չեղածներու պէս», կ’ըսէ Յոբ 39։16–ը։ Օրինակ, թուխս նստելէ ու ձագ հանելէ ետք, էգ ջայլամը բոյնը ձգելով ուրիշ էգերու հետ կ’երթայ, մինչ արու ջայլամը ձագերուն հոգատարութիւնը կը ստանձնէ։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի երբ անոնք վտանգի հետ դէմ յանդիման գան։ Թէ՛ արու եւ թէ էգ ջայլամները բոյնէն կը փախչին, իրենց ձագերը լքելով։ Բաբելոնական պաշարման ընթացքին, Երուսաղէմի մէջ սովը ա՛յնքան սաստկացաւ որ մայրեր, որոնք սովորաբար գթասիրտ կ’ըլլան, իրենց մանուկներուն հետ անգթօրէն վարուեցան, անապատի ջայլամներուն պէս։ Ասիկա շնագայլերուն ցուցաբերած մայրական հոգատարութեան հակապատկերն էր։

5։7—Եհովա մարդիկը իրենց նախահայրերուն սխալներուն համար համարատու կը նկատէ՞։ Ո՛չ, Եհովա մարդիկը իրենց նախահայրերուն մեղքերուն համար ուղղակիօրէն չի պատժեր։ «Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Հռովմայեցիս 14։12) Սակայն, սխալներուն հետեւանքները կրնան յարատեւել եւ հետագայ սերունդներուն ազդել։ Օրինակ, երբ վաղեմի Իսրայէլը կռապաշտութեան անձնատուր եղաւ, հետագային նոյնիսկ հաւատարիմ Իսրայելացիներու համար դժուար եղաւ որ արդարութեան ընթացքին կառչին։—Ելից 20։5

Դասեր՝ մեզի համար.

3։8, 43, 44. Երուսաղէմի վրայ եկած աղէտին ընթացքին, Եհովա մերժեց քաղաքի բնակիչներուն օգնութեան կանչերը լսել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ժողովուրդը անհնազանդ գտնուած էր եւ անզեղջ մնացած էր։ Եթէ կ’ուզենք որ Եհովա մեր աղօթքները լսէ, իրեն պէտք է հնազանդինք։—Առակաց 28։9

3։20, ՆԱ. ‘Բոլոր երկրի վրայ Բարձրեալ’ եղող Եհովան ա՛յնքան վեհ է, որ «երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար» կը ցածնայ։ (Սաղմոս 83։18. 113։6) Այսուհանդերձ, Երեմիա քաջատեղեակ էր որ Ամենակալը յօժար էր ժողովուրդին մակարդակին իջնելու, որպէսզի զանոնք քաջալերէր։ Ո՜րքան ուրախ կրնանք ըլլալ որ ճշմարիտ Աստուածը ո՛չ միայն ամենազօր ու ամէնիմաստուն է, այլեւ՝ խոնարհ։

3։21-26, 28-33. Ի՞նչպէս կրնանք նոյնիսկ սաստիկ տառապանքին տոկալ։ Երեմիան մեզի կ’ըսէ։ Պէտք չէ մոռնանք որ Եհովայի ողորմութիւնն ու գթութիւնը առատ են։ Պէտք է նաեւ յիշենք թէ մեր ողջ ըլլալը բաւարար պատճառ է չյուսահատելու, եւ թէ պէտք է համբերենք ու լռութեամբ Եհովայի փրկութեան սպասենք՝ առանց գանգատելու։ Ասկէ զատ, պէտք է ‘մեր բերանը հողին տանք’, այսինքն՝ խոնարհաբար փորձութիւններու ենթարկուինք, գիտակցելով թէ Աստուած լաւ պատճառի մը համար կը թոյլատրէ որ կարգ մը բաներ տեղի ունենան։

3։27. Պատանեկութեան շրջանին հաւատքի փորձութիւններ դիմագրաւելը, դժուարութիւններու եւ ծաղրանքի տոկալ կրնայ նշանակել։ Բայց «աղէկ է որ մարդ իր երիտասարդութեան ատեն լուծը կրէ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ պատանեկութեան շրջանին տառապանքի լուծ մը կրել սորվիլը կը պատրաստէ անհատը որ հետագային մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելլէ։

3։39-42. Մեր մեղքերուն առթած տառապանքին համար ‘տրտունջ ընելը’ խոհեմութիւն չէ։ Փոխանակ յանցագործութեան հետեւանքներուն նկատմամբ տրտնջալու, թող «մեր ճամբաները քննենք ու փորձենք եւ Տէրոջը դառնանք»։ Խոհեմութիւն է զղջալ ու մեր ճամբաները շտկել։

Եհովայի վստահէ

Աստուածաշունչի Ողբք գիրքը երեւան կը հանէ թէ Եհովա ի՛նչպէս Երուսաղէմն ու Յուդայի երկիրը նկատեց, Բաբելոնացիները քաղաքը հրկիզելէ եւ երկիրը ամայացնելէ ետք։ Անոր բովանդակած մեղքի խոստովանումը բացայայտ կը դարձնէ թէ Եհովայի տեսանկիւնէն դիտուած, աղէտին պատճառը՝ ժողովուրդին յանցանքն էր։ Այս գրքին ներշնչեալ տաղերգութիւնները նաեւ կը բովանդակեն խօսքեր, որոնք Եհովայի հանդէպ յոյս եւ շիտակ ճամբուն վերադառնալու փափաք կը յայտնեն։ Այդ խօսքերը ո՛չ թէ Երեմիայի օրուան մարդոց մեծամասնութեան զգացումները կ’արտայայտէին, այլ՝ Երեմիայի եւ զղջացող մնացորդին զգացումները։

Ողբք գիրքը կը ներկայացնէ Եհովայի արժեւորումը Երուսաղէմի կացութեան։ Անկէ երկու կենսական դասեր կը սորվինք։ Առաջին, Երուսաղէմի կործանումը եւ Յուդայի ամայացումը մեզ կը յորդորեն որ Եհովայի հնազանդինք ու կը ծառայեն որպէս ազդարարութիւն թէ աստուածային կամքը չանտեսենք։ (Ա. Կորնթացիս 10։11) Երկրորդ դասը՝ Երեմիայի օրինակէն է։ (Հռովմայեցիս 15։4) Նոյնիսկ երեւութապէս անյոյս վիճակի մը մէջ, մեծապէս վշտացած մարգարէն փրկութեան համար Եհովայի դիմեց։ Ո՜րքան կենսական է որ մեր լման վստահութիւնը Եհովայի ու իր Խօսքին վրայ դնենք եւ իրեն ապաւինինք։—Եբրայեցիս 4։12

[Նկար՝ էջ 9]

Երեմիա մարգարէն իր դատաստանական պատգամին կատարումը տեսաւ

[Նկար՝ էջ 10]

Քրիստոնէական չէզոքութեան կառչելով, այս Քորէացի Վկաներուն հաւատքը փորձի ենթարկուեցաւ