«Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ լուռ կեցար»
«Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ լուռ կեցար»
ԱՍՈՆՔ Բենետիկտոս ԺԶ. պապի խօսքերն են, որ 28 Մայիս 2006–ին՝ Լեհաստանի մէջ Օշվիթցի նախկին կեդրոնացման ճամբարը այցելեց։ Այն վայրին մէջ, ուր Նացիները հարիւր հազարաւոր Հրեաներ եւ ուրիշներ սպաննեցին, ան աւելցուց. «Ի՜նչ հարցումներ կ’անցնին մէկու մը մտքէն այս վայրին մէջ։ Յարատեւաբար սա հարցումը կը ծագի. այդ օրերուն Աստուած ո՞ւր էր։ Ան ինչո՞ւ լուռ էր։ Ան ի՞նչպէս թոյլատրեց այս անվերջ սպանդը, այս չարութեան յաղթանակը։ . . . Խոնարհաբար բայց թախանձագին պէտք է շարունակենք Աստուծոյ աղաղակել. ոտքի՛ ելիր։ Մի՛ մոռնար մարդկութիւնը, քու ստեղծագործութիւնդ»։
Պապին ճառը պատճառ եղաւ որ շարք մը վառ հակազդեցութիւններ յառաջ գան։ Ոմանք նկատեցին թէ պապը դիտմամբ խուսափեցաւ կարգ մը նիւթերու մասին խօսելէ, ինչպէս՝ հակասեմականութիւնը, որ առնչուած էր Օշվիթցի մէջ տեղի ունեցած գազանային արարքներուն։ Ուրիշներ իր խօսքերը սեպեցին փորձ մը՝ եկեղեցիին գործած մեղքերուն ներումի խնդրանքը նսեմացնելու, զոր Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը ներկայացուց։ Կաթողիկէ լրագրող մը՝ Ֆիլիփփօ Ճէնթիլոնի, ըսաւ. «Սակայն տրամաբանական էր որ մեկնաբաններէն շատեր, երբ ‘ո՞ւր էր Աստուած’ դժուար հարցումը դիմագրաւեցին,– հարցում մը որ պատասխան չունի,– անոր փոխարէն աւելի դիւրին հարցումի մը պատասխանը խնդրեցին. ո՞ւր էր Փիուս ԺԲ.»։ Մեկնաբանները կ’ակնարկէին Ողջակիզութեան ընթացքին Փիուս ԺԲ.–ի լռութեան։
Ողջակիզութիւնը եւ ամբողջ պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնները կ’ապացուցանեն թէ «մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովող 8։9) Ասկէ զատ, մարդուն Ստեղծիչը այս սարսափելի արարքներուն դիմաց լուռ չէ կեցած։ Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն, ան յայտնած է թէ ի՛նչ են չարութիւնը թոյլատրելու իր պատճառները։ Աստուած նաեւ մեզ հաւաստիացուցած է թէ չէ մոռցած մարդկութիւնը։ Իրականութեան մէջ, այն ժամանակամիջոցը՝ որուն մէջ Աստուած թոյլատրած է որ մարդը մարդուն վրայ իշխէ, շուտով վերջ պիտի գտնէ։ (Երեմիա 10։23) Մեզի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին կ’ուզե՞ս աւելի գիտնալ։ Եհովայի Վկաները սիրով պիտի օգնեն քեզի որ Աստուածաշունչին միջոցաւ ստանաս Բենետիկտոս ԺԶ. պապը շփոթեցնող հարցումներուն պատասխանը։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]
Oświęcim Museum