Տառապանքին վախճանը ինչո՛ւ մօտ է
Տառապանքին վախճանը ինչո՛ւ մօտ է
«Աստուծոյ գործը կատարեալ է»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 32։4
1, 2. (ա) Յաւիտեան ապրելու յոյսը ինչո՞ւ կ’արժեւորես։ (բ) Ի՞նչ բան արգելք կ’ըլլայ որ շատեր ապագայի նկատմամբ սքանչելի խոստումներ տուող Աստուծոյ հաւատան։
ԿԸ ՍԻՐԵ՞Ս դրախտային կեանքը երեւակայել։ Թերեւս մտապատկերես որ հոն սքանչելի երկրագունդը կը հետախուզես եւ անոր անհամար ապրող էակներուն մասին կը սորվիս։ Կամ, թերեւս խոկաս այն գոհունակութեան մասին որ պիտի զգաս, երբ ուրիշներուն հետ աշխատիս երկրին հոգ տանելու եւ զայն աշխարհածաւալ պարտէզի մը փոխակերպելու համար։ Կամ, թերեւս խորհրդածես այն տաղանդներուն մասին, զորս կրնաս մշակել՝ գեղարուեստի, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան կամ այլ մարզերու մէջ, որոնց համար ներկայ հիւծող կեանքին մէջ ժամանակ չունիս։ Ամէն պարագայի, Աստուածաշունչի մէջ նշուած «ճշմարիտ կեանք»ի յոյսը կ’արժեւորես,– այն կեանքը որ Եհովա նպատակադրած էր մեզի համար, յաւիտենական հեռանկարով։—Ա. Տիմոթէոս 6։19, Անթիլիաս
2 Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այս յոյսը ուրիշներուն հաղորդելը թէ՛ հաճոյք եւ թէ թանկարժէք առանձնաշնորհում մը չէ՞։ Սակայն շատեր այս յոյսը կը մերժեն, զայն նկատելով պատրանք, անիրական երազանք դիւրախաբ մարդոց համար։ Անոնց համար նոյնիսկ դժուար է հաւատալ Աստուծոյ, որ Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք կը խոստանայ։ Ինչո՞ւ։ Ոմանց խոչընդոտ կը հանդիսանայ ինչ որ յաճախ կը կոչուի՝ չարութեան խնդիրը։ Անոնք կը խորհին որ եթէ Աստուած գոյութիւն ունի եւ ամենակալ ու սիրալիր է, աշխարհի մէջ չարութեան ու տառապանքի առկայութիւնը կարելի չէ բացատրել։ Անոնք կը պատճառաբանեն որ չարութեան հանդուրժող Աստուած մը չի կրնար գոյութիւն ունենալ,– իսկ եթէ գոյութիւն ունի, ան կա՛մ ամենակալ չէ, կամ ալ մեզմով հետաքրքրուած չէ։ Ոմանք այս պատճառաբանութիւնը համոզիչ կը գտնեն։ Վստահաբար Սատանան հմտօրէն յաջողած է մարդոց մտքերը կուրցնել։—Բ. Կորնթացիս 4։4
3. Մարդոց կրնանք օգնել ո՞ր դժուար հարցումին պատասխան մը գտնելու, եւ ինչո՞ւ ասիկա ընելու ի վիճակի ենք։
3 Եհովայի Վկաներ ըլլալով, ի վիճակի ենք օգնելու անոնց՝ որոնք Սատանայէն ու այս աշխարհի իմաստութենէն խաբուած են։ (Ա. Կորնթացիս 1։20. 3։19) Մենք կը հասկնանք թէ ինչո՛ւ շատեր Աստուածաշունչի խոստումներուն չեն հաւատար։ Անոնք պարզապէս Եհովան չեն ճանչնար։ Անոնք իր անունը կամ անոր իմաստը չեն գիտեր եւ թերեւս իր յատկութիւններուն կամ իր խոստումները յարգելու իր արձանագրութեան մասին շատ քիչ կամ ոչինչ գիտեն։ Մենք օրհնուած ենք, քանի որ այս գիտութիւնը ունինք։ Ժամանակ առ ժամանակ, օգտակար է որ վերաքաղ ընենք թէ իրենց «իմացականութիւնը խաւարած» անհատներուն ի՛նչպէս կրնանք օգնել, որպէսզի մարդոց հարցուցած ամենադժուար հարցումներէն մէկուն պատասխանը գտնեն. «Աստուած ինչո՞ւ չարութիւնն ու տառապանքը կը թոյլատրէ»։ (Եփեսացիս 4։18) Նախ նկատի պիտի առնենք ասոր պատասխանելու ազդու կերպը, ապա պիտի քննարկենք թէ չարութեան հարցը ձեռք առնելու Եհովայի կերպին մէջ ի՛նչպէս իր յատկութիւնները բացայայտ են։
Շիտակ մօտեցումը գտնել
4, 5. Նախ ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ անհատ մը հարց տայ թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ. բացատրէ։
4 Երբ մէկը հարցնէ թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ, ի՞նչպէս կը պատասխանենք։ Թերեւս հակամէտ ենք անմիջապէս մանրամասն բացատրութիւն մը տալու, սկսելով Եդեմի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած դէպքէն։ Կարգ մը պարագաներուն՝ ասիկա լաւ Առակաց 25։11. Կողոսացիս 4։6) Նկատի առնենք երեք կէտեր, որոնք կը դիւրացնեն անհատին օգնելը, հարցումին պատասխանը տալէ առաջ։
կերպ մըն է։ Սակայն զգուշացում մը տեղին է. ճամբան հարթելու կարիք կայ։ (5 Առաջին, եթէ անհատը յատկապէս խռոված է՝ քանի որ չարութիւնը աշխարհի մէջ տիրական է, հաւանաբար ան կամ սիրելի մը անոր զոհ գացած է։ Հետեւաբար խոհեմութիւն է որ նախ հարազատ կարեկցութիւն ցուցաբերենք։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները խրատեց. «Լացողներուն հետ լացէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։15) Սրտակից կամ «կարեկից» ըլլալը կրնայ անհատին վրայ խոր տպաւորութիւն ձգել։ (Ա. Պետրոս 3։8) Եթէ ան հասկնայ թէ մենք իրմով հետաքրքրուած ենք, աւելի հաւանական է որ մեր ըսելիքները մտիկ ընէ։
6, 7. Ինչո՞ւ պատշաճ է գովել անկեղծ մէկը, որ զինք խռովեցնող հոգեւոր հարցումներ կ’ուղղէ։
6 Երկրորդ, կրնանք անկեղծ անհատը գովել այս հարցումը ուղղելուն համար։ Ոմանք կ’եզրակացնեն թէ այսպիսի հարցումներու հետ մաքառիլը ցոյց կու տայ թէ իրենք Աստուծոյ չեն հաւատար կամ զինք չեն յարգեր։ Թերեւս նոյնիսկ կղերական մը իրենց այդպէս ըսած ըլլայ։ Սակայն պայման չէ որ անոնց պարագան այս ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի ժամանակներուն՝ հաւատարիմ անհատներ համանման հարցումներ ուղղեցին։ Օրինակ, սաղմոսերգու Դաւիթ հարցուց. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս. նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս»։ (Սաղմոս 10։1) Նոյնպէս, Ամբակում մարգարէն հարցուց. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։ Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։ Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ եւ դատ ու վէճ հանող կայ»։—Ամբակում 1։2, 3
7 Ասոնք հաւատարիմ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ հանդէպ խոր յարգանք ունէին։ Երբ զիրենք խռովեցնող հարցումներ ուղղեցին, անոնք յանդիմանուեցա՞ն։ Ընդհակառակը, Եհովա յարմար տեսաւ որ անոնց անկեղծ հարցումները իր Խօսքին մէջ արձանագրուին։ Ներկայիս, չարութեան տիրողութեան նկատմամբ մտահոգ եղող անհատ մը, խորքին մէջ կրնայ հոգեւորապէս անօթի ըլլալով տենչալ պատասխաններ ստանալ, զորս միայն Աստուածաշունչը կրնայ հայթայթել։ Մտաբերէ թէ Յիսուս գովեց հոգեւորապէս անօթիները, կամ իրենց հոգեւոր պէտքին գիտակցող անհատները։ (Մատթէոս 5։3) Ի՜նչ առանձնաշնորհում է այսպիսիներուն օգնել որ Յիսուսի խոստացած երջանկութիւնը գտնեն։
8. Ո՞ր շփոթեցուցիչ ուսուցումները մարդիկը մղած են հաւատալու թէ Աստուած է տառապանքին պատասխանատուն, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել։
8 Երրորդ, թերեւս հարկ կայ անհատին օգնելու որ տեսնէ թէ Աստուած պատասխանատու չէ աշխարհի մէջ տիրական եղող չարութեան։ Շատեր սորված են թէ այս աշխարհի իշխանը Աստուած է, թէ ան մեզի պատահելիք բոլոր բաները վաղուց նախասահմանած է եւ թէ ան մարդկութիւնը թշուառութեամբ հարուածելու խորհրդաւոր ու անքննելի պատճառներ ունի։ Այս ուսուցումները սխալ են։ Անոնք Աստուած կ’անպատուեն եւ զինք կը բնորոշեն որպէս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող չարութեան Բ. Տիմոթէոս 3։16) Իրերու այս փտած դրութեան իշխանը Եհովան չէ, այլ՝ Բանսարկուն։ (Ա. Յովհաննէս 5։19) Եհովա իր մտացի արարածները չի նախասահմաներ, այլ՝ իւրաքանչիւրին կու տայ լաւը կամ գէշը, շիտակը կամ սխալը ընտրելու ազատութիւն ու պատեհութիւններ։ (Բ. Օրինաց 30։19) Նաեւ Եհովա երբեք չարութեան աղբիւրը չէ. ան չարութիւնը կ’ատէ եւ անիրաւօրէն տառապողները կը հոգայ։—Յոբ 34։10. Առակաց 6։16-19. Ա. Պետրոս 5։7
ու տառապանքին պատասխանատուն։ Ուստի Աստուծոյ Խօսքը գործածելով այսպիսի սխալ գաղափարներ կը սրբագրենք։ (9. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած կարգ մը գործիքները ի՞նչ են, որոնցմով կրնանք մարդոց օգնել հասկնալու թէ Եհովա Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը թոյլատրած է։
9 Անգամ մը որ այս հիմը դնես, պիտի նկատես թէ քեզի մտիկ ընողը պատրաստ է սորվելու թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ որ տառապանքը շարունակուի։ Քեզի օգնելու համար, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կարգ մը գործիքներ հայթայթած է։ (Մատթէոս 24։45-47) Օրինակ, 2005/2006–ի «Աստուծոյ հնազանդիլ» բնաբանով նահանգային համաժողովին, Տառապանքին վախճանը մօտ է խորագրով թերթիկ մը լոյս տեսաւ։ Իսկ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, որ այժմ 157 լեզուներով մատչելի է, այս կարեւոր հարցումին մէկ գլուխ կը յատկացնէ։ Այս հրատարակութիւնները լիովին օգտագործէ։ Անոնք յստակօրէն կը բացատրեն Եդեմի մէջ ծագած տիեզերական գերիշխանութեան հարցին աստուածաշնչական ենթահողը եւ թէ Եհովա ինչո՛ւ այս կերպով մարտահրաւէրը ձեռք առաւ։ Նաեւ ի մտի ունեցիր թէ մինչ այս նիւթը կը քննարկես, ունկնդրիդ առջեւ կը պարզես գիտութեան ամենակարեւոր մարզը,– Եհովայի ու իր սքանչելի յատկութիւններուն գիտութիւնը։
Կեդրոնացիր Եհովայի յատկութիւններուն վրայ
10. Տառապանքի թոյլտուութեան նկատմամբ շատեր ի՞նչ չեն հասկնար, եւ ի՞նչ բան գիտնալը կրնայ անոնց օգնել։
10 Մինչ անհատին կ’օգնես հասկնալու թէ Եհովա ինչո՛ւ թոյլ տուած է որ մարդիկ իրենք զիրենք կառավարեն Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ, ջանա՛ ուշադրութիւն հրաւիրել Եհովայի սքանչելի յատկութիւններուն վրայ։ Շատեր գիտեն թէ Աստուած հզօր է. անոնք յաճախ կը լսեն ինչպէս ուրիշներ զինք Ամենակալ Աստուած կը կոչեն։ Սակայն անոնք չեն կրնար ըմբռնել թէ ան ինչո՞ւ իր մեծ զօրութիւնը չի գործածեր անիրաւութիւնն ու տառապանքը անմիջապէս վերցնելու համար։ Հաւանաբար անոնք Եհովայի միւս յատկութիւններուն մասին հասկացողութիւն չունին, ինչպէս՝ իր սրբութիւնը, արդարութիւնը, իմաստութիւնը եւ սէրը։ Եհովա այս առանձնայատկութիւնները կատարեալ ու հաւասարակշռուած կերպով կը ցուցաբերէ։ Հետեւաբար Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Ի՞նչպէս կրնաս այս յատկութիւնները ուշագրաւ դարձնել, մինչ այս հարցին շուրջ յաճախ յարուցուած հարցումներուն կը պատասխանես։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։
11, 12. (ա) Երբ Ադամ եւ Եւա մեղանչեցին, ներելը ինչո՞ւ ընտրանք մը չէր։ (բ) Եհովա ինչո՞ւ մեղքին յաւիտեան պիտի չհանդուրժէ։
11 Եհովա պարզապէս կրնա՞ր Ադամի եւ Եւայի ներել։ Այս պարագային, ներելը երբեք ընտրանք մը չէր։ Մարդկային կատարեալ արարածներ ըլլալով, Ադամ եւ Եւա դիտումնաւոր կերպով ընտրեցին Եհովայի գերիշխանութիւնը մերժել եւ Սատանայի առաջնորդութիւնը ընդունիլ։ Զարմանալի չէ որ այս ըմբոստները զղջումի որեւէ նշան ցոյց չտուին։ Սակայն, երբ մարդիկ ներումի մասին հարց տան, իրականութեան մէջ հարց կու տան թէ Եհովա ինչո՛ւ պարզապէս իր չափանիշը չցածցուց եւ մեղքի ու ըմբոստութեան գոյութեան չհանդուրժեց։ Պատասխանը կապ ունի Եհովայի բնոյթին էական եղող յատկութեան մը հետ,– իր սրբութիւնը։—Ելից 28։36. 39։30
12 Աստուածաշունչը հարիւրաւոր անգամներ կ’ընդգծէ Եհովայի սրբութիւնը։ Սակայն ցաւօք սրտի, այս փտած աշխարհին մէջ քիչեր կը հասկնան այդ յատկութիւնը։ Եհովա մաքուր, անբիծ եւ ամէն մեղաւորութենէ անջատ է։ (Եսայի 6։3. 59։2) Ան մեղքը քաւելու կամ ջնջելու միջոց հայթայթած է, բայց անոր յաւիտեան պիտի չհանդուրժէ։ Եթէ Եհովա ուզէր մեղքին մշտնջենապէս հանդուրժել, ապագային համար յոյս մը պիտի չունենայինք։ (Առակաց 14։12) Իր որոշած ժամանակին, Եհովա ամբողջ ստեղծագործութիւնը սրբութեան վիճակին պիտի վերադարձնէ։ Ասիկա ստոյգ է, քանի որ Սուրբին կամքն է։
13, 14. Եհովա ինչո՞ւ ընտրեց չբնաջնջել ըմբոստները Եդեմի մէջ։
13 Եհովա պարզապէս չէ՞ր կրնար Եդեմի մէջ ըմբոստները բնաջնջել եւ սկիզբէն սկսիլ։ Վստահաբար ան ասիկա ընելու զօրութիւն ունէր. մօտ ատենէն ան այս զօրութիւնը պիտի գործածէ՝ բոլոր ամբարիշտները կործանելու համար։ Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Ան ինչո՞ւ ասիկա չըրաւ երբ տիեզերքի մէջ միայն երեք մեղաւորներ կային, մեղքին տարածման,– եւ աշխարհի մէջ մեր տեսած թշուառութեան,– առաջքը առնելով’։ Եհովա ինչո՞ւ այս ընթացքը չընտրեց։ Բ. Օրինաց 32։4–ը կ’ըսէ. «Անոր բոլոր ճամբաները արդար են»։ Եհովա արդարութեան հանդէպ շատ զօրաւոր զգացում ունի։ Իրականութեան մէջ, «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը»։ (Սաղմոս 37։28) Արդարութեան հանդէպ իր սիրոյն պատճառաւ, Եհովա Եդեմի մէջ ապստամբները բնաջնջելէ ետ կեցաւ։ Ինչո՞ւ։
14 Սատանայի ըմբոստութիւնը հարց մը յարուցանեց Աստուծոյ գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն շուրջ։ Եհովայի արդարութեան զգացումը պահանջեց որ Սատանայի մարտահրաւէրին արդար պատասխան մը տրուի։ Թէեւ ըմբոստները անմիջապէս մահապատիժի ենթարկուելու արժանի էին, բայց ասիկա հարկ եղած պատասխանը պիտի չհայթայթէր։ Անիկա յաւելեալ ապացոյց պիտի ըլլար թէ Եհովա գերազանց զօրութիւն ունի, բայց իր զօրութիւնը հարցականի տակ չէր։ Ասկէ զատ, Եհովա իր նպատակը Ադամի եւ Եւայի յայտնած էր։ Անոնք զաւակներ պիտի ծնանէին եւ երկիրը լեցնէին, անոր տիրէին եւ երկրային բոլոր ստեղծագործութիւններուն տիրապետէին։ (Ծննդոց 1։28) Եթէ Եհովա Ադամն ու Եւան պարզապէս բնաջնջէր, մարդոց նկատմամբ իր յայտնած նպատակը անիմաստ խօսք մը պիտի ըլլար։ Եհովայի արդարութիւնը բնաւ թոյլ պիտի չտար որ այսպիսի բան մը պատահէր, քանի որ իր նպատակը մի՛շտ կ’իրագործուի։—Եսայի 55։10, 11
15, 16. Երբ մարդիկ Եդեմի մէջ յարուցուած հարցին համար տարբեր «լուծումներ» առաջարկեն, ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել։
15 Տիեզերքի մէջ կրնա՞ր մէկը Եհովայէ աւելի Հռովմայեցիս 11։25. 16։25-27
իմաստուն կերպով ըմբոստութիւնը ձեռք առնել։ Ոմանք Եդեմի մէջ պատահած ըմբոստութեան համար իրենց անձնական «լուծումները» կրնան առաջարկել։ Սակայն ասիկա ընելով՝ անոնք թելադրած չե՞ն ըլլար թէ կրնան հարցը ձեռք առնելու աւելի լաւ կերպերու մասին մտածել։ Թերեւս անոնց մղումը չար չէ, բայց անոնք Եհովայի ու իր երկիւղ ներշնչող իմաստութեան մասին հասկացողութիւն չունին։ Հռովմի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ իմաստութեան խորը թափանցեց, ի ներառեալ՝ սրբազան «խորհուրդը»,– հաւատարիմ մարդկութիւնը փրկելու եւ Իր սուրբ անունը սրբացնելու համար Մեսիական Թագաւորութիւնը գործածելու Եհովայի նպատակը։ Ասիկա նպատակադրող Աստուծոյն իմաստութեան նկատմամբ Պօղոսի զգացումը ի՞նչ էր։ Առաքեալը իր նամակը եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով. «Միմիայն իմաստուն Աստուծոյն, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, փառք յաւիտեանս։ Ամէն»։—16 Պօղոս հասկցաւ թէ Եհովա ‘միա՛կ իմաստունն’ է,– տիեզերքի մէջ իմաստութեան գագաթնակէտը։ Ո՞ր անկատար մարդը կրնայ որեւէ հարց աւելի լաւ կերպով լուծել,– ուր մնաց՝ աստուածային իմաստութեան դիմագրաւած ամենադժուար մարտահրաւէրը։ Ուստի, պէտք է մարդոց օգնենք որ «սրտով իմաստուն» Աստուծոյն հանդէպ մեր զգացած երկիւղը իրենք ալ ունենան։ (Յոբ 9։4) Եհովայի իմաստութիւնը ո՛րքան աւելի ըմբռնենք, ա՛յնքան աւելի պիտի վստահինք թէ հարցերը ձեռք առնելու իր կերպը լաւագոյնն է։—Առակաց 3։5, 6
Եհովայի տիրական յատկութիւնը գնահատել
17. Եհովայի սէրը աւելի հասկնալը ի՞նչպէս կրնայ օգնել անոնց՝ որոնք խռոված են, քանի որ Աստուած տառապանքը թոյլատրած է։
17 «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննէս 4։8) Այս ուշագրաւ խօսքով Աստուածաշունչը կը բնորոշէ Եհովայի տիրական յատկութիւնը, որ միւսներէն աւելի գրաւիչ է եւ մեծապէս կը մխիթարէ զանոնք որ կը խռովին՝ չարութեան ընդհանրութեան ի տես։ Իր ստեղծագործութեան վրայ մեղքին բերած սոսկալի վնասները ձեռք առնելու իր կերպին մէջ, Եհովա մի՛շտ սէր ցուցաբերած է։ Սէրը մղեց Եհովան որ Ադամի եւ Եւայի մեղաւոր սերունդին յոյս տայ, Իրեն մօտենալու եւ Իրեն հետ ընդունելի յարաբերութիւն ունենալու միջոց մը հայթայթելով։ Սէրը մղեց Աստուած փրկանք մը հայթայթելու, որ ճամբան պիտի հարթէր մեղքերու ամբողջական ներումին եւ կատարեալ ու յաւիտենական կեանքը վայելելու։ (Յովհաննէս 3։16) Նաեւ սէրը զինք մղած է մարդկութեան հետ համբերութեամբ վարուելու, կարելի եղածին չափ շատ մարդոց պատեհութիւն տալով որ Սատանան մերժեն եւ Եհովան ընտրեն որպէս իրենց Գերիշխանը։—Բ. Պետրոս 3։9
18. Ի՞նչ խորատեսութիւն ունենալով օրհնուած ենք, իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
18 Ահաբեկչական կործանարար յարձակումի մը տարեդարձին առթիւ հաւաքուած ներկաներուն խօսելով, հոգեւոր հովիւ մը ըսաւ. «Չենք գիտեր թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ որ չարութիւնն ու տառապանքը շարունակուին»։ Ի՜նչ ցաւալի։ Օրհնուած չե՞նք որ այս նիւթին շուրջ խորատեսութիւն ձեռք ձգած ենք։ (Բ. Օրինաց 29։29) Եւ որովհետեւ Եհովա իմաստուն, արդար ու սիրառատ է, գիտենք որ ան շուտով տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ Իրականութեան մէջ, ան խոստացած է ասիկա ընել։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել դարերու ընթացքին մահացած բոլոր անհատներուն մասին։ Եդեմի մէջ յարուցուած հարցը ձեռք առնելու Եհովայի կերպը զանոնք անյոյս ձգա՞ծ է։ Ո՛չ։ Սէրը զինք մղած է որ անոնց համար ալ հայթայթում մը ընէ՝ յարութեան միջոցաւ։ Ասիկա յաջորդ յօդուածին նիւթը պիտի ըլլայ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչ կրնանք ըսել անհատի մը, որ կը հարցնէ թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։
• Եհովայի սրբութիւնը եւ արդարութիւնը ի՞նչպէս յայտնի են Եդեմի մէջ ըմբոստներուն հետ իր վարուած կերպին մէջ։
• Ինչո՞ւ մարդոց պէտք է օգնենք որ Եհովայի սէրը աւելի հասկնան։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 13]
Ջանա՛ օգնել անոնց՝ որոնք աշխարհի մէջ եղող տառապանքէն կը խռովին
[Նկարներ՝ էջ 15]
Հաւատարիմ Դաւիթ եւ Ամբակում անկեղծ հարցումներ ուղղեցին Աստուծոյ