Տարեցները երիտասարդներուն օրհնութիւն մըն են
Տարեցները երիտասարդներուն օրհնութիւն մըն են
«Մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան»։—ՍԱՂՄՈՍ 71։18
1, 2. Աստուծոյ տարեց ծառաները ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցին, եւ այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Ափրիկէի մէջ, Քրիստոնեայ երէց մը այցելութիւն տուաւ տարեց օծեալ եղբօր մը եւ անոր հարցուց. «Ի՞նչպէս ես»։ Եղբայրը պատասխանեց. «Կրնամ վազել, կրնամ ցատկել ու կրնամ ոստնուլ», փորձելով իր ըսածը ընել։ Ապա ան աւելցուց. «Բայց չեմ կրնար թռչիլ»։ Անոր միտքը հասկնալի էր։ ‘Ի՛նչ որ կրնամ ընել՝ ուրախութեամբ կ’ընեմ, բայց ի՛նչ որ չեմ կրնար ընել, չեմ ըներ’։ Այցելու երէցը այժմ 80–ական տարիքի մէջ է եւ կաթոգին կը յիշէ այդ եղբօր զուարթամտութիւնն ու հաւատարմութիւնը։
2 Տարեցի մը ցուցաբերած աստուածային յատկութիւնները կրնան ուրիշներու վրայ մնայուն տպաւորութիւն ձգել։ Հարկաւ տարիքը ինքնին իմաստութիւն եւ քրիստոսանման յատկութիւններ յառաջ չի բերեր։ (Ժողովող 4։13) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի»։ (Առակաց 16։31) Եթէ տարեց մըն ես, կը գիտակցի՞ս թէ խօսքերդ եւ արարքներդ կրնան ուրիշներուն վրայ շատ դրական ազդեցութիւն ունենալ։ Նկատի առ կարգ մը աստուածաշնչական օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ տարեցներ ո՛ր տարողութեամբ իսկական օրհնութիւն եղած են երիտասարդներուն։
Հեռահաս ազդեցութիւններ ունեցող հաւատք
3. Նոյի հաւատարմութիւնը՝ այժմ ապրող բոլոր մարդոց ի՞նչպէս ազդած է։
3 Նոյի հաւատքն ու հաստատամտութիւնը յառաջ բերած են օգուտներ, որոնք մինչեւ օրս շօշափելի են։ Նոյ 600 տարեկան ըլլալու վրայ էր երբ տապանը շինեց, անասունները հաւաքեց եւ իր դրացիներուն քարոզեց։ (Ծննդոց 7։6. Բ. Պետրոս 2։5) Իր աստուածավախութեան պատճառաւ, Նոյ՝ իր ընտանիքին հետ մէկտեղ՝ մեծ Ջրհեղեղէն վերապրեցաւ եւ ներկայիս երկրի վրայ ապրող բոլոր մարդոց նախահայրը եղաւ։ Ճիշդ է որ Նոյի ժամանակ կեանքի տեւողութիւնը ընդհանուր առմամբ աւելի երկար էր։ Այսուհանդերձ, նոյնիսկ շատ յառաջացած տարիք ունենալով, Նոյ հաւատարիմ մնաց, յատկանշական օրհնութիւններու դուռ բանալով։ Ի՞նչպէս։
4. Նոյի հաստատամտութիւնը՝ ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն ի՞նչպէս օգտած է։
4 Նոյ շուրջ 800 տարեկան էր երբ Նեբրովթ սկսաւ Բաբելոնի Աշտարակը կառուցանել, ‘երկիրը լեցնելու’ Եհովայի պատուէրին ընդդիմանալով։ (Ծննդոց 9։1. 11։1-9) Սակայն Նոյ Նեբրովթի ըմբոստութեան մէջ բաժին չբերաւ։ Ուստի, հաւանաբար անոր լեզուն չփոխուեցաւ, երբ ապստամբներուն լեզուները խառնակուեցան։ Աստուծոյ ամէն տարիքի պատկանող ծառաներուն կողմէ ընդօրինակուելու արժանի են Նոյի հաւատքն ու հաստատամտութիւնը, զորս ցուցաբերեց ո՛չ միայն ծերութեան ատեն, այլեւ իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան։—Եբրայեցիս 11։7
Ազդեցութիւն՝ ընտանիքին վրայ
5, 6. (ա) Եհովա 75 տարեկան Աբրահամին ի՞նչ ըսաւ որ ընէ։ (բ) Աբրահամ Աստուծոյ պատուէրին ի՞նչպէս ընդառաջեց։
5 Նոյէն ետք ապրած նախահայրերուն կեանքը կը յայտնէ՝ իրենց ընտանիքի անդամներուն հաւատքին վրայ տարեցներուն Ծննդոց 12։1, 2
ունեցած ազդեցութիւնը։ Աբրահամ շուրջ 75 տարեկան էր երբ Աստուած իրեն ըսաւ. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ»։—6 Երեւակայէ թէ քեզի ըսուի որ տունդ, բարեկամներդ, գերդաստանդ ու հայրենիքդ ձգես եւ երթաս երկիր մը որ չես գիտեր։ Աբրահամի ճիշդ այս էր որ ըսուեցաւ։ Ան «գնաց ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր», եւ իր կեանքին մնացեալ տեւողութեան, Քանանի երկրին մէջ վրաններու տակ ապրեցաւ որպէս օտարական ու գաղթական։ (Ծննդոց 12։4. Եբրայեցիս 11։8, 9) Թէեւ Եհովա ըսած էր թէ ան «մեծ ազգ մը» պիտի ըլլար, բայց Աբրահամ իր սերունդը բազմանալէն շա՜տ առաջ մահացաւ։ Իր կինը Սառան իրեն միայն մէկ որդի ծնաւ՝ Իսահակը, խոստացեալ երկրին մէջ շուրջ 25 տարի թափառելէ ետք։ (Ծննդոց 21։2, 5) Այսուհանդերձ, Աբրահամ չյոգնեցաւ եւ չվերադարձաւ այն քաղաքը՝ ուրկէ եկած էր։ Հաւատքի ու համբերատարութեան ի՜նչ ընտիր օրինակ մը։
7. Աբրահամի համբերատարութիւնը իր որդւոյն՝ Իսահակի վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ, եւ մարդկութիւնը ասկէ ի՞նչպէս օգտուեցաւ։
7 Աբրահամի համբերատարութիւնը իր որդւոյն՝ Իսահակի վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ձգեց, որ իր ամբողջ կեանքը՝ 180 տարի, անցուց որպէս պանդուխտ Քանանի երկրին մէջ։ Իսահակի համբերատարութիւնը հիմնուած էր Աստուծոյ խոստումին հանդէպ իր հաւատքին վրայ, որ իր մէջ քանդակուած էր իր տարեց ծնողքին կողմէ եւ հետագային ամրապնդուած՝ Եհովայի անձնական խոստումով։ (Ծննդոց 26։2-5) Իսահակի հաստատամտութիւնը կարեւոր դեր խաղցաւ Եհովայի խոստումին կատարման մէջ, թէ Աբրահամի ընտանիքէն պիտի գար «սերունդ» մը որ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի օրհնէր։ Հարիւրաւոր տարիներ ետք, այդ «սերունդ»ին գլխաւոր մասը՝ Յիսուս Քրիստոս, իրեն հաւատք ընծայող բոլոր անհատներուն ճամբան հարթեց որ Աստուծոյ հետ հաշտուին եւ յաւիտենական կեանքը վայելեն։—Գաղատացիս 3։16. Յովհաննէս 3։16
8. Յակոբ ի՞նչպէս զօրաւոր հաւատք ցուցաբերեց, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։
8 Իսահակ, իր կարգին, իր որդւոյն՝ Յակոբի օգնեց զօրաւոր հաւատք մշակելու, որ մինչեւ ծերութիւն իրեն նեցուկ կանգնեցաւ։ Յակոբ 97 տարեկան էր երբ հրեշտակի մը հետ ամբողջ գիշեր մը գօտեմարտեցաւ՝ օրհնութիւն ստանալու համար։ (Ծննդոց 32։24-28) Յակոբ 147 տարեկանին մահանալէ առաջ, ոյժ հաւաքելով իր 12 որդիներէն իւրաքանչիւրը օրհնեց։ (Ծննդոց 47։28) Անոր մարգարէական խօսքերը, որոնք այժմ արձանագրուած են Ծննդոց 49։1-28–ի մէջ, փաստեցին ճշմարիտ ըլլալ եւ տակաւին կը կատարուին։
9. Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն ազդեցութեան մասին, որ հոգեւորապէս հասուն տարեցները ունին իրենց ընտանիքին վրայ։
9 Բացայայտ է որ Աստուծոյ հաւատարիմ տարեց ծառաները կրնան իրենց ընտանիքի անդամներուն վրայ օգտակար ազդեցութիւն ունենալ։ Աստուածաշնչական ցուցմունքները, փորձառութիւնը եւ համբերատարութեան օրինակը կրնան իրապէս նպաստել որ անչափահաս մը հաստատ հաւատքով մեծնայ։ (Առակաց 22։6) Տարեցները երբեք պէտք չէ թերագնահատեն իրենց օգտակար ազդեցութիւնը, որ կրնան ունենալ իրենց ընտանիքէն ներս։
Ազդեցութիւն՝ իրենց հաւատակիցներուն վրայ
10. ‘Իր ոսկորներուն համար Յովսէփի տուած պատուէրը’ ի՞նչ էր եւ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։
10 Տարեցները նաեւ կրնան հաւատակիցներու վրայ լաւ ազդեցութիւն ունենալ։ Յակոբի որդին՝ Յովսէփ ծերութեան ատեն հաւատքի արարք մը գործեց, որ իրմէ ետք ապրող միլիոնաւոր ճշմարիտ երկրպագուներու վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ան 110 տարեկան էր երբ «իր ոսկորներուն համար պատուէր տուաւ», որ երբ Իսրայելացիները ի վերջոյ Եգիպտոսէն ելլէին, իր ոսկորները իրենց հետ տանէին։ (Եբրայեցիս 11։22. Ծննդոց 50։25) Այս պատուէրը Իսրայէլի համար ծառայեց որպէս յոյսի յաւելեալ նշոյլ մը Յովսէփի մահուան յաջորդող ստրկութեան ծանր ու երկար տարիներու ընթացքին, երաշխիք հայթայթելով թէ ազատագրութիւնը պիտի գար։
11. Տարեց Մովսէս հաւանաբար ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Յեսուի վրայ։
11 Յովսէփի դրսեւորած հաւատքը շատեր քաջալերեց, ի ներառեալ՝ Մովսէս։ Երբ ան 80 տարեկան էր, Յովսէփի ոսկորները Եգիպտոսէն դուրս հանելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ։ (Ելից 13։19) Գրեթէ այդ ատեն, ան շփման մէջ եկաւ երիտասարդ Յեսուի հետ։ Յաջորդ 40 տարիներու ընթացքին, Յեսու Մովսէսի ընտրեալ սպասարկուն եղաւ։ (Թուոց 11։28) Ան Մովսէսի հետ Սինա լեռը ելաւ, ապա սպասեց մինչեւ որ Մովսէս վերադարձաւ՝ Վկայութեան երկու տախտակներով։ (Ելից 24։12-18. 32։15-17) Տարեց Մովսէս, Յեսուի համար հասուն խրատի եւ իմաստութեան ի՜նչ անսպառ աղբիւր մը եղած ըլլալու էր։
12. Այնքան ատեն որ ողջ էր, Յեսու ի՞նչպէս լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ Իսրայէլ ազգին վրայ։
12 Յեսու, իր կարգին, Իսրայէլ ազգին քաջալերութեան աղբիւր մը եղաւ իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան։ Դատաւորաց 2։7–ն մեզի կ’ըսէ. «Ժողովուրդը, Յեսուին բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը տեսնող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Տէրոջը ծառայութիւն ըրին»։ Սակայն Յեսուի եւ միւս ծերերուն մահէն ետք, 300 տարի տեւող երկմտութեան ժամանակաշրջան մը սկսաւ՝ ճշմարիտ եւ սուտ պաշտամունքին վերաբերեալ, մինչեւ Սամուէլ մարգարէին օրերը։
Սամուէլ «արդարութիւն գործեց»
13. Սամուէլ ի՞նչպէս «արդարութիւն գործեց»։
13 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Սամուէլ քանի՛ տարեկանին մահացաւ, բայց Ա. Թագաւորաց գրքին դէպքերը շուրջ 102 տարի կը ծածկեն, եւ Սամուէլ անոնց մեծամասնութեան ականատես էր։ Եբրայեցիս 11։32, 33–ի մէջ կը կարդանք թէ պարկեշտ դատաւորներ ու մարգարէներ «արդարութիւն գործեցին»։ Արդարեւ, Սամուէլ իր ժամանակակիցներէն ոմանց ազդեց ու մղեց որ յանցագործութենէ խուսափին կամ հրաժարին։ (Ա. Թագաւորաց 7։2-4) Ի՞նչ կերպերով։ Ան իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան Եհովայի հաւատարիմ էր։ (Ա. Թագաւորաց 12։2-5) Ան չվախցաւ խիստ խրատ տալէ, նոյնիսկ՝ թագաւորին։ (Ա. Թագաւորաց 15։16-29) Ասկէ զատ, ‘ծերացած ու մազերը ճերմկցած’ Սամուէլ օրինակելի կեցուածք մը ցուցաբերեց՝ ուրիշներուն ի նպաստ աղօթելու մէջ։ Ան Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ, ձեզի համար աղօթք ընելէ ետ կենալով»։—Ա. Թագաւորաց 12։2, 23
14, 15. Ներկայիս տարեցները ի՞նչպէս կրնան աղօթքի մարզին մէջ Սամուէլը ընդօրինակել։
14 Այս բոլորը ցցուն կ’ընեն էական կերպ մը, որով տարեցներ կրնան Եհովայի ծառայող հաւատակիցներուն վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ։ Հակառակ հիւանդութեան կամ այլ պարագաներու պարտադրած սահմանափակումներուն, յառաջացած տարիք ունեցողները կրնան ուրիշներուն ի նպաստ աղօթքներ մատուցանել։ Ո՛վ տարեցներ, կը գիտակցի՞ք թէ ձեր աղօթքները ո՜րքան օգտակար են ժողովքին։ Քրիստոսի թափուած արեան հանդէպ ձեր հաւատքին շնորհիւ, Եհովայի առջեւ ընդունելի կեցուածք կը վայելէք, իսկ համբերատարութեան ձեր արձանագրութեան շնորհիւ, ձեր հաւատքը «փորձառութիւն» կամ փորձուած որակ ունի։ (Յակոբոս 1։3. Ա. Պետրոս 1։7) Երբեք մի՛ մոռնաք. «Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի»։—Յակոբոս 5։16
15 Հարկ կայ որ Եհովայի Թագաւորութեան գործին ի նպաստ աղօթէք։ Մեր եղբայրներէն ոմանք բանտերու մէջ են՝ իրենց քրիստոնէական չէզոքութեան պատճառաւ։ Ուրիշներ բնական աղէտներու, պատերազմներու եւ քաղաքացիական կռիւներու զոհ գացած են։ Տակաւին ուրիշներ, մեր իսկ ժողովքին մէջ, փորձութիւններ կամ հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ (Մատթէոս 10։35, 36) Քարոզչութեան եւ ժողովքներու վերատեսչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնողներն ալ պէտք ունին որ իրենց ի նպաստ կանոնաւորաբար աղօթէք։ (Եփեսացիս 6։18, 19. Կողոսացիս 4։2, 3) Ո՜րքան լաւ է որ ձեր աղօթքներուն մէջ հաւատակիցները յիշէք, ինչպէս Եպափրաս ըրաւ։—Կողոսացիս 4։12
Գալիք սերունդին սորվեցնել
16, 17. Սաղմոս 71։18–ի մէջ ի՞նչ նախագուշակուած էր, եւ ասիկա ի՞նչպէս կատարուած է։
16 Երկնային կոչում ունեցող «պզտիկ հօտ»ին հաւատարիմ անդամներուն հետ ընկերակցիլը, կենսական մարզում հայթայթած է՝ Ղուկաս 12։32. Յովհաննէս 10։16) Ասիկա նախագուշակուած էր Սաղմոս 71։18–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան»։ Հոգիէն օծուած անհատները իրենց ընկերակցող ուրիշ ոչխարները նախանձախնդրօրէն մարզած են յաւելեալ պատասխանատուութիւններու համար, երկինք երթալէ ու Յիսուս Քրիստոսի կողքին փառաւորուելէ առաջ։
երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»ուն։ (17 Սկզբունքով, ինչ որ Սաղմոս 71։18–ը կ’ըսէ ‘եկողներուն’ սորվեցնելու մասին, կրնայ նաեւ կիրարկուիլ ուրիշ ոչխարներուն, որոնք Աստուծոյ օծեալներէն սորված են։ Եհովա տարեցներուն յանձնած է՝ ներկայիս ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրողներուն իր մասին վկայելու առանձնաշնորհումը։ (Յովէլ 1։2, 3) Ուրիշ ոչխարները օծեալներուն միջոցաւ իրենց սորված բաներուն համար օրհնուած կը զգան եւ կը մղուին իրենց աստուածաշնչական դաստիարակութիւնը բաժնելու Եհովայի ծառայել փափաքող այլ անհատներու հետ։—Յայտնութիւն 7։9, 10
18, 19. (ա) Եհովայի տարեց ծառաներէն շատեր ի՞նչ թանկարժէք տեղեկութիւններ կրնան հաղորդել։ (բ) Տարեց Քրիստոնեաները ի՞նչ բանէ վստահ պէտք է ըլլան։
18 Եհովայի տարեց ծառաները, ըլլա՛ն օծեալներէն թէ ուրիշ ոչխարներէն, պատմական կարեւոր դէպքերու ականատես եղած են։ Անոնցմէ ոմանք ներկայ էին երբ Ստեղծագործութեան պատկերատրամը առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ։ Ոմանք անձամբ կը ճանչնան առաջնորդութիւն առնող եղբայրները, որոնք 1918–ին բանտարկուեցան։ Ուրիշներ, Դիտարանի ձայնասփիւռի (WBBR) հաղորդումներուն մէջ բաժին բերած են։ Շատեր կրնան խօսիլ այն ժամանակներուն մասին, երբ Եհովայի Վկաներու կրօնական ազատութեան համար բարձրագոյն ատեաններու մէջ դատական պայքարներ մղուեցան։ Ոմանք ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին հաստատ դիրք բռնեցին, մինչ բռնակալական վարչաձեւերու ներքեւ կ’ապրէին։ Արդարեւ, տարեցները կրնան պատմել թէ ճշմարտութեան հասկացողութիւնը ի՛նչպէս աստիճանաբար յայտնուած է։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ այս ճոխ փորձառութենէն օգտուինք։—Բ. Օրինաց 32։7
19 Տարեց Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ երիտասարդներուն լաւ օրինակ հանդիսանան։ (Տիտոս 2։2-4) Թերեւս հիմա ուրիշներուն վրայ քու համբերատարութեանդ, աղօթքներուդ ու խրատներուդ ունեցած ազդեցութիւնը չես տեսներ։ Նոյ, Աբրահամ, Յովսէփ, Մովսէս եւ ուրիշներ հաւանաբար չգիտցան թէ իրենց հաւատարմութիւնը ո՛ր տարողութեամբ պիտի ազդէր հետագայ սերունդներուն։ Այսուհանդերձ անոնց հաւատքի եւ ուղղամտութեան արձանագրութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Նմանապէս, քու օրինակդ ազդեցութիւն կը բանեցնէ։
20. Մինչեւ վախճանը իրենց յոյսը ամուր բռնողներուն ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն։
20 «Մեծ նեղութենէն» վերապրի՛ս թէ յարուցանուիս, «ճշմարիտ կեանքը» վայելելը ի՜նչ բերկրանք պիտի ըլլայ։ (Մատթէոս 24։21. Ա. Տիմոթէոս 6։19, Անթիլիաս) Երեւակայէ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ժամանակաշրջանը, երբ Եհովա ծերութեան ազդեցութիւնները պիտի յեղաշրջէ։ Փոխանակ մեր մարմիններուն անողոք վատթարացումը տեսնելու, իւրաքանչիւր օր մեր մարմինները ֆիզիքապէս պիտի բարելաւուին,– աւելի կորով, աւելի սուր տեսողութիւն ու լսողութիւն, աւելի գեղեցիկ դրսերեւոյթ։ (Յոբ 33։25. Եսայի 35։5, 6) Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու օրհնութիւնը ստացողները մի՛շտ երիտասարդ պիտի ըլլան, յաւիտենականութեան ի տես։ (Եսայի 65։22) Հետեւաբար, թող բոլորս ալ մեր յոյսը ամուր բռնենք մինչեւ վախճանը եւ շարունակենք բոլորանուէր կերպով Եհովայի ծառայել։ Կրնա՛նք վստահ ըլլալ թէ Եհովա իր խոստացած բոլոր բաները պիտի կատարէ եւ մեր ակնկալածէն շատ աւելին ալ պիտի ընէ։—Սաղմոս 37։4. 145։16
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Տարեց Նոյի հաստատամտութիւնը ի՞նչպէս ամբողջ մարդկութեան օրհնութիւններ բերաւ։
• Նահապետներուն հաւատքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իրենց սերունդներուն վրայ։
• Յովսէփ, Մովսէս, Յեսու եւ Սամուէլ իրենց յառաջացած տարիքին մէջ, ի՞նչպէս իրենց ժամանակակից երկրպագուները ամրապնդեցին։
• Տարեցները ի՞նչ բան որպէս ժառանգ կրնան ձգել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Աբրահամի համբերատարութիւնը զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցաւ Իսահակի վրայ
[Նկար՝ էջ 29]
Ուրիշներուն ի նպաստ մատուցած աղօթքներդ կրնան շատ օգտակար ըլլալ
[Նկար՝ էջ 30]
Պատանիները հաւատարիմ տարեցներու մտիկ ընելով կ’օգտուին