Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բարիով յաղթէ՛ չարին»

«Բարիով յաղթէ՛ չարին»

«Բարիով յաղթէ՛ չարին»

«Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։21

1. Ինչո՞ւ վստահ ենք որ կրնանք չարին յաղթել։

ԿԱՐԵԼԻ՞ է հաստատուն կայնիլ անոնց դէմ՝ որոնք ճշմարիտ պաշտամունքին կատաղիօրէն կը հակառակին։ Կարելի՞ է նուաճել այն ուժերը, որոնք կը փորձեն մեզ անբարեպաշտ աշխարհին վերադարձնել։ Այս երկու հարցումներուն պատասխանը՝ այո՛ է, քանի որ Հռովմէացիներուն յղած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։ (Հռովմայեցիս 12։21) Եթէ Եհովայի վստահինք եւ վճռենք թոյլ չտալ որ աշխարհ մեզի յաղթէ, անոր չարութիւնը մեզ պիտի չտապալէ։ Ասկէ զատ, ‘չարին յաղթել’ արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ թէ կրնանք չարը նուաճել եթէ անոր դէմ շարունակենք մեր հոգեւոր պայքարը։ Միայն անոնք որ արթուն չեն մնար եւ պայքարը կը դադրեցնեն, պիտի յաղթուին այս ամբարիշտ աշխարհին եւ անոր չար կառավարիչին՝ Բանսարկուին կողմէ։—Ա. Յովհաննէս 5։19

2. Ինչո՞ւ Նէեմիայի կեանքէն կարգ մը դէպքեր նկատի պիտի առնենք։

2 Պօղոսի ժամանակէն շուրջ 500 տարի առաջ, չարին դէմ պայքարելու վերաբերեալ Պօղոսի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը ապացուցանեց Աստուծոյ ծառաներէն մէկը որ Երուսաղէմի մէջ կ’ապրէր,– Նէեմիա։ Ան ո՛չ միայն անբարեպաշտ մարդոց հակառակութեան տոկաց, այլեւ՝ բարիով յաղթեց չարին։ Ան ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց։ Ի՞նչ բան կարելի դարձուց որ յաջողի։ Ի՞նչպէս կրնանք անոր օրինակին հետեւիլ։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, Նէեմիայի կեանքէն կարգ մը դէպքեր նկատի առնենք։ *

3. Նէեմիա ի՞նչպիսի միջավայրի մէջ ապրեցաւ, եւ ի՞նչ բան իրագործեց։

3 Նէեմիա Պարսկաստանի Արտաշէս թագաւորին պալատին մէջ կը ծառայէր։ Թէեւ Նէեմիա անհաւատներու մէջ կ’ապրէր, բայց այդ օրուան ‘աշխարհին չհամակերպեցաւ’։ (Հռովմայեցիս 12։2, ԱՎ) Երբ Յուդայի մէջ կարիք մը ծագեցաւ, ան իր հանգստաւէտ կենսակերպը զոհեց, դէպի Երուսաղէմ դժուար ուղեւորութիւնը կատարեց եւ քաղաքին պարիսպները վերաշինելու հսկայ աշխատանքին ձեռնարկեց։ (Հռովմայեցիս 12։1) Երուսաղէմի կառավարիչը ըլլալով հանդերձ, Նէեմիա ամէն օր իր ազգակիցներուն կողքին աշխատեցաւ՝ «արշալոյսին ծագած ատենէն մինչեւ աստղերուն երեւցած ատենը»։ Որպէս արդիւնք, միայն երկու ամսուան մէջ ծրագիրը ամբողջացաւ։ (Նէեմիա 4։21. 6։15) Ասիկա ապշեցուցիչ իրագործում մըն էր, քանի որ շինարարութեան ընթացքին Իսրայելացիները հակառակութեան զանազան երեսակներ դիմագրաւեցին։ Նէեմիայի հակառակորդները որո՞նք էին եւ անոնց նպատակակէտը ի՞նչ էր։

4. Նէեմիայի հակառակորդներուն նպատակակէտը ի՞նչ էր։

4 Գլխաւոր հակառակորդներն էին՝ Սանաբաղատ, Տուբիա եւ Գեսամ,– Յուդայի մօտակայքը ապրող հեղինակաւոր մարդիկ։ Որովհետեւ Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիներն էին, անոնք «շատ նեղուեցան, որ Իսրայէլի որդիներուն աղէկութիւն ընելու համար [Նէեմիա] եկաւ»։ (Նէեմիա 2։10, 19) Նէեմիայի թշնամիները վճռեցին անոր շինարարական ծրագիրները կասեցնել, նոյնիսկ դաւադրութիւն սարքելով։ Նէեմիա թոյլ պիտի տա՞ր որ ‘չարէն յաղթուէր’։

‘Սիրտը նեղացաւ ու շատ սրդողեցաւ’

5, 6. (ա) Նէեմիայի թշնամիները շինարարական աշխատանքին ի՞նչպէս հակազդեցին։ (բ) Նէեմիա ինչո՞ւ հակառակորդներէն չվախցաւ։

5 Նէեմիա իր ժողովուրդը խիզախօրէն յորդորեց. «Եկէք Երուսաղէմի պարիսպը շինենք»։ Անոնք պատասխանեցին. «Ելլենք շինենք»։ Նէեմիա կը նշէ. «Իրենց ձեռքերը ուժովցուցին այս բարի գործին համար», բայց հակառակորդները «մեզ ծաղրեցին ու քամահրելով՝ ըսին. ‘Այս ձեր ըրած գործը ի՞նչ պիտի ըլլայ. միթէ դուք թագաւորէն ապստամբի՞լ կ’ուզէք’»։ Անոնց նախատինքներն ու սուտ ամբաստանութիւնները Նէեմիան չվախցուցին։ Ան հակառակորդներուն ըսաւ. «Երկնքի Աստուածը ինք մեզի յաջողութիւն պիտի տայ ու մենք, որ անոր ծառաներն ենք, պիտի ելլենք ու շինենք»։ (Նէեմիա 2։17-20) Նէեմիա վճռած էր «այս բարի գործ»ը շարունակել։

6 Հակառակորդներէն մէկուն՝ Սանաբաղատի ‘սիրտը նեղացաւ ու շատ սրդողեցաւ’ եւ իր նախատական ոճը սաստկացուց։ Ան ծաղրելով ըսաւ. «Այս տկար Հրեաները ի՞նչ կը շինեն։ . . . Միթէ այրուած քարերը փոշիի դէզերէն պիտի կենդանացնե՞ն»։ Իսկ Տուբիա աւելցուց. «Եթէ աղուէս մըն ալ ելլէ անոնց շինածին վրայ, անոնց քարէ պարիսպը պիտի փլցնէ»։ (Նէեմիա 4։1-3) Նէեմիա ի՞նչպէս հակազդեց։

7. Նէեմիա իր հակառակորդներուն ամբաստանութիւններուն ի՞նչպէս հակազդեց։

7 Նէեմիա պարզապէս հեգնանքը անտեսեց։ Ան Աստուծոյ պատուէրին անսաց եւ չփորձեց փոխադարձել։ (Ղեւտացւոց 19։18) Ան հարցը Եհովայի յանձնեց եւ աղօթեց. «Ո՛վ մեր Աստուածը, լսէ՛, վասն զի նախատուեցանք ու անոնց նախատինքը իրենց գլուխը դարձուր»։ (Նէեմիա 4։4) Նէեմիա վստահեցաւ Եհովայի երաշխիքին. «Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը»։ (Բ. Օրինաց 32։35) Ասկէ զատ, Նէեմիա եւ իր ժողովուրդը շարունակեցին ‘պարիսպը շինել’։ Անոնք թոյլ չտուին որ որեւէ բան զիրենք շեղեցնէ։ Իրականութեան մէջ, «բոլոր պարիսպը մինչեւ կէսը հասաւ. վասն զի ժողովուրդը գործելու սիրտ ունէր»։ (Նէեմիա 4։6) Ճշմարիտ պաշտամունքին թշնամիները չկրցան շինարարութիւնը կասեցնել։ Ի՞նչպէս կրնանք Նէեմիան ընդօրինակել։

8. (ա) Երբ հակառակորդներ մեզի դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ընեն, ի՞նչպէս կրնանք Նէեմիան ընդօրինակել։ (բ) Պատմէ փորձառութիւն մը որ ունեցար կամ լսեցիր, որ վրէժ չլուծելուն խոհեմութիւնը ցոյց կու տայ։

8 Ներկայիս, դպրոցին, գործին կամ նոյնիսկ տան մէջ, հակառակորդներ կրնան մեզի դէմ նախատինքներ եւ ամբաստանութիւններ ուղղել։ Սակայն յաճախ այսպիսի սուտ ամբաստանութիւններ ձեռք առնելու լաւագոյն կերպն է՝ աստուածաշնչական սա սկզբունքը կիրարկել. ‘Լռելու ժամանակ կայ’։ (Ժողովող 3։1, 7) Ուստի, Նէեմիայի նման, խոցոտող բառերով փոխադարձելէ ետ կը կենանք։ (Հռովմայեցիս 12։17) Աղօթքով Աստուծոյ կը դիմենք, որ մեզ կը հաւաստիացնէ. «Ե՛ս պիտի հատուցանեմ»։ (Հռովմայեցիս 12։19. Ա. Պետրոս 2։19, 20) Այս կերպով թոյլ չենք տար որ մեր հակառակորդները մեզ շեղեցնեն՝ ներկայիս կատարուելիք հոգեւոր գործէն,– Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը եւ աշակերտելը։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Ամէն անգամ որ քարոզչութեան կը մասնակցինք եւ կը մերժենք հակառակութեան տեղի տալ, Նէեմիայի հաւատարիմ հոգին կը ցուցաբերենք։

‘Ձեզ պիտի մեռցնենք’

9. Նէեմիայի թշնամիները հակառակութեան ո՞ր երեսակին դիմեցին, իսկ Նէեմիա ի՞նչպէս հակազդեց։

9 Երբ Նէեմիայի օրուան ճշմարիտ պաշտամունքի հակառակորդները լսեցին թէ «Երուսաղէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը յառաջ կ’երթայ», իրենց սուրերը վերցուցին որպէսզի «Երուսաղէմի դէմ պատերազմին»։ Հրեաներուն համար կացութիւնը մռայլ էր։ Հիւսիսը՝ Սամարացիները կային, արեւելքը՝ Ամմոնացիները, հարաւը՝ Արաբացիները, իսկ արեւմուտքը՝ Ազովտացիները։ Երուսաղէմ շրջապատուած էր. այնպէս թուեցաւ թէ կառուցանողները ծուղակը ինկած էին։ Ի՞նչ պէտք էր ընէին։ «Մեր Աստուծոյն աղօթք ըրինք», կ’ըսէ Նէեմիա։ Թշնամիները սպառնացին. «Զանոնք մեռցնենք եւ անոնց գործը խափանենք»։ Նէեմիա ասոր հակազդեց, կառուցանողներուն նշանակելով պարտականութիւն մը՝ «իրենց սուրերովը, նիզակներովն ու աղեղներովը» քաղաքը պաշտպանել։ Ճիշդ է որ մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, Հրեաներու այս խմբակը թշնամիին հզօր բանակներուն չէր կրնար դէմ դնել, բայց Նէեմիա յորդորեց. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է»։—Նէեմիա 4։7-9, 11, 13, 14

10. (ա) Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Նէեմիայի թշնամիները իրենց յարձակումը կասեցնեն։ (բ) Նէեմիա ի՞նչ քայլեր առաւ։

10 Իրերը յանկարծ տարբեր ընթացք առին։ Թշնամիները յարձակումը կասեցուցին։ Ինչո՞ւ։ Նէեմիա կը տեղեկագրէ. «Աստուած իրենց խորհուրդը խափանեց»։ Սակայն Նէեմիա անդրադարձաւ որ թշնամիները տակաւին սպառնալիք մըն էին։ Ուստի ան խոհեմաբար կառուցանողներուն աշխատանքի մեթոտը ճշդումի ենթարկեց։ Անկէ ետք, «ամէն մէկը իր մէկ ձեռքովը կ’աշխատէր ու միւս ձեռքովը զէնքը կը բռնէր»։ Նէեմիա նաեւ «փողահար» մը նշանակեց, որպէսզի յարձակման ենթարկուելու պարագային փողը հնչեցնէր, շինարարները ազդարարելու համար։ Ամէն բանէ առաջ, Նէեմիա ժողովուրդը հաւաստիացուց. «Մեզի համար մեր Աստուածը պատերազմ պիտի ընէ»։ (Նէեմիա 4։15-20) Քաջալերուած եւ ոտնձգութեան դէմ պատրաստուած, կառուցանողները իրենց աշխատանքը շարունակեցին։ Այս դէպքէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։

11. Ի՞նչ բան ճշմարիտ Քրիստոնեաները կարող կը դարձնէ չարութեան տոկալու այն երկիրներուն մէջ՝ ուր Թագաւորութեան գործը արգիլուած է, եւ անոնք ի՞նչպէս բարիով կը յաղթեն չարին։

11 Երբեմն ճշմարիտ Քրիստոնեաները վայրագ հակառակութեան կը հանդիպին։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը երկիրներու մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին կատաղի հակառակորդները ջախջախիչ զօրութիւն ունին։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, այդ երկիրներուն մէջ կարելի չէ որ մեր հաւատակիցները յաղթեն։ Այսուհանդերձ այս Վկաները վստահ են թէ ‘Աստուած իրենց համար պատերազմ պիտի ընէ’։ Արդարեւ, իրենց հաւատալիքներուն համար հալածուողները շատ անգամ նկատած են թէ Եհովա իրենց աղօթքներուն կը պատասխանէ եւ հզօր թշնամիներուն ‘խորհուրդը կը խափանէ’։ Նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր Թագաւորութեան գործը արգիլուած է, Քրիստոնեաները բարի լուրի քարոզչութիւնը շարունակելու կերպեր կը գտնեն։ Ինչպէս Երուսաղէմի մէջ կառուցանողները իրենց աշխատանքի մեթոտը ճշդեցին, նմանապէս այսօր յարձակման ներքեւ՝ Եհովայի Վկաները խոհեմօրէն կը ճշդեն իրենց քարոզչութեան մեթոտները։ Անշուշտ անոնք բառացի զէնքեր գործածելէ կը խուսափին։ (Բ. Կորնթացիս 10։4) Նոյնիսկ ֆիզիքական բռնութեան սպառնալիքը պատճառ չ’ըլլար որ անոնք իրենց քարոզչութիւնը կասեցնեն։ (Ա. Պետրոս 4։16) Ընդհակառակը, այս քաջարի եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն ‘բարիով յաղթել չարին’։

«Եկո՛ւր . . . իրարու հետ տեսնուինք»

12, 13. (ա) Նէեմիայի հակառակորդները ի՞նչ ռազմավարութիւն գործածեցին։ (բ) Նէեմիա ինչո՞ւ իր հակառակորդներուն հետ հանդիպում ունենալու հրաւէրը մերժեց։

12 Երբ Նէեմիայի թշնամիները անդրադարձան թէ իրենց բացայայտ յարձակումները ձախող էին, անոնք հակառակութեան աւելի խորամանկ կերպերու դիմեցին։ Իրականութեան մէջ, անոնք երեք ծրագիրներ փորձեցին։ Ի՞նչ էին անոնք։

13 Առաջին, Նէեմիայի թշնամիները ջանացին զինք խաբել։ Անոնք իրեն ըսին. «Եկո՛ւր, Ովնովին դաշտին գիւղերուն մէջ իրարու հետ տեսնուինք»։ Ովնով Երուսաղէմի ու Սամարիայի միջեւ կը գտնուէր։ Ուստի թշնամիները Նէեմիայի կ’առաջարկէին որ տարակարծութիւնները լուծելու համար՝ կէս ճամբուն վրայ հանդիպին։ Նէեմիա կրնար խորհիլ. ‘Այս առաջարկը տրամաբանական կը թուի։ Նախընտրելի է խորհրդակցիլ, քան՝ պատերազմիլ’։ Բայց ան մերժեց առաջարկը եւ բացատրեց պատճառը. «Անոնք ինծի չարութիւն ընել կը խորհէին»։ Ան դաւը զատորոշեց ու չխաբուեցաւ։ Ան չորս անգամ իր հակառակորդներուն ըսաւ. «Չեմ կրնար իջնել։ Ինչո՞ւ համար գործը դադրի, երբ զանիկա թողում ու ձեզի գամ»։ Թշնամիները չկրցան զինք մղել որ զիջումներ ընէ։ Ան իր աչքերը շինարարութեան վրայ սեւեռած պահեց։—Նէեմիա 6։1-4

14. Նէեմիա սուտ ամբաստանողներուն ի՞նչպէս հակազդեց։

14 Երկրորդ, Նէեմիայի թշնամիները սուտ տարաձայնութիւններ հանեցին, զինք ամբաստանելով թէ Արտաշէս թագաւորին դէմ ‘ապստամբիլ կը խորհի’։ Անգամ մը եւս Նէեմիայի ըսուեցաւ. «Եկո՛ւր, որ մէկտեղ խորհուրդ ընենք»։ Նէեմիա դարձեալ մերժեց, թշնամիներուն դիտաւորութիւնը զատորոշելով։ Ան բացատրեց. «Անոնք մեզ կը վախցնէին, որպէս զի մեր ձեռքը թուլնայ ու գործը չկատարուի»։ Սակայն այս անգամ Նէեմիա իր թշնամիներուն ամբաստանութիւնը հերքեց, ըսելով. «Իրականութիւնը քու ըսածիդ պէս չէ, հապա անոնք դուն քեզմէ հնարեցիր»։ Ասկէ զատ, Նէեմիա օգնութեան համար Եհովայի դիմեց՝ աղօթելով. «Իմ ձեռքերս ուժովցուր»։ Ան վստահ էր որ Եհովայի օգնութեամբ պիտի կարենար այս դաւը ի դերեւ հանել եւ շինարարական ծրագիրը ամբողջացնել։—Նէեմիա 6։5-9

15. Սուտ մարգարէ մը ի՞նչ խրատ տուաւ, իսկ Նէեմիա ինչո՞ւ զայն մերժեց։

15 Երրորդ, Նէեմիայի թշնամիները դաւաճան մը գործածեցին՝ Իսրայելացի Սեմայիան, որպէսզի ջանար Նէեմիան մղել Աստուծոյ Օրէնքը բեկանելու։ Սեմայիա Նէեմիայի ըսաւ. «Եկո՛ւր մէկտեղ Աստուծոյ տունը, տաճարը երթանք ու տաճարին դռները գոցենք, վասն զի քեզ մեռցնելու պիտի գան»։ Սեմայիա ըսել ուզեց թէ Նէեմիա պիտի ահաբեկուէր, բայց կրնար իր կեանքը ազատել՝ տաճարին մէջ պահուըտելով։ Նէեմիա քահանայ մը չէր, ուստի Աստուծոյ տան մէջ պահուըտելով մեղք պիտի գործէր։ Ան իր կեանքը փրկելու համար Աստուծոյ Օրէնքը պիտի բեկանէ՞ր։ Նէեմիա պատասխանեց. «Ո՞վ կայ ինծի պէս, որ տաճարը մտնէ ապրելու համար։ Չեմ մտներ»։ Նէեմիա ինչո՞ւ լարուած թակարդին մէջ չինկաւ։ Քանի որ գիտէր թէ Սեմայիա Իսրայելացի մը ըլլալով հանդերձ՝ «Աստուած զինք ղրկած չէր»։ Արդարեւ, ճշմարիտ մարգարէ մը երբեք զինք պիտի չխրատէր որ Աստուծոյ Օրէնքը բեկանէր։ Դարձեալ Նէեմիա թոյլ չտուաւ որ չարամիտ հակառակորդները իրեն յաղթեն։ Քիչ ետք ան կրցաւ տեղեկագրել. «Պարիսպը Իլուլ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը՝ յիսունըերկու օրուան մէջ լմնցաւ»։—Նէեմիա 6։10-15. Թուոց 1։51. 18։7

16. (ա) Ի՞նչպէս պէտք է վարուինք կեղծ բարեկամներու, սուտ ամբաստանողներու եւ կեղծ եղբայրներու հետ։ (բ) Ի՞նչպէս ցոյց կու տաս թէ կը մերժես հաւատալիքներուդ մէջ զիջումներ ընել՝ տան մէջ, դպրոցը կամ գործատեղը։

16 Նէեմիայի նման, մենք ալ կրնանք հակառակորդներ դիմագրաւել, որոնք կեղծ բարեկամներ, սուտ ամբաստանողներ ու կեղծ եղբայրներ են։ Ոմանք կրնան մեզի առաջարկել որ կէս ճամբուն վրայ հանդիպինք, այսինքն՝ զիջումներ ընենք։ Թերեւս անոնք փորձեն մեզ համոզել որ եթէ նուազ նախանձախնդրութեամբ ծառայենք Եհովայի, կրնանք միեւնոյն ատեն աշխարհիկ նպատակակէտեր հետապնդել։ Սակայն, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կու գայ, կը մերժենք համակերպիլ։ (Մատթէոս 6։33. Ղուկաս 9։57-62) Հակառակորդները նաեւ մեզի դէմ սուտ ամբաստանութիւններ կը տարածեն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ ամբաստանուած ենք որպէս Պետութեան սպառնալիք հանդիսացողներ, ինչպէս Նէեմիա ամբաստանուած էր որպէս թագաւորին դէմ ապստամբող։ Դատական ատեաններու մէջ կարգ մը ամբաստանութիւններ հերքուած են։ Բայց իւրաքանչիւր պարագային ի՛նչ արդիւնքի ալ հասնինք, վստահօրէն կ’աղօթենք որ Եհովա հարցերը իր կամքին համաձայն ուղղէ։ (Փիլիպպեցիս 1։7) Հակառակութիւն կրնայ գալ նաեւ անոնցմէ, որոնք կը ձեւացնեն Եհովայի ծառայել։ Ինչպէս Հրեայ մը փորձեց Նէեմիան համոզել որ իր կեանքը ազատելու համար Աստուծոյ Օրէնքը բեկանէ, նոյնպէս հաւատուրաց նախկին Վկաներ թերեւս փորձեն մեզ մղել որ ձեւով մը համակերպինք։ Սակայն հաւատուրացները կը մերժենք, քանի որ գիտենք թէ մեր կեանքը կրնանք փրկել ո՛չ թէ Աստուծոյ օրէնքները բեկանելով, այլ՝ զանոնք պահելով։ (Ա. Յովհաննէս 4։1) Արդարեւ, Եհովայի օգնութեամբ կրնա՛նք որեւէ չարութեան յաղթել։

Բարի լուրը քարոզել՝ ի հեճուկս չարին

17, 18. (ա) Սատանան եւ իր գործակալները ի՞նչ կը ջանան իրագործել։ (բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել եւ ինչո՞ւ։

17 Աստուծոյ Խօսքը Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն նկատմամբ կ’ըսէ. «Անոնք [Սատանայի] յաղթեցին . . . իրենց վկայութեանը խօսքովը»։ (Յայտնութիւն 12։11) Ուստի, չարութեան աղբիւրին՝ Սատանայի վրայ յաղթանակ տանելուն եւ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելուն միջեւ ուղղակի կապ մը կայ։ Զարմանալի չէ որ Սատանան անխոնջօրէն կը յարձակի թէ՛ օծեալ մնացորդին եւ թէ «մեծ բազմութեան» վրայ, հակառակութիւն հրահրելով։—Յայտնութիւն 7։9. 12։17

18 Ինչպէս տեսանք, հակառակութիւնը կրնայ գալ որպէս նախատական խօսքեր, ֆիզիքական բռնութեան սպառնալիքներ կամ աւելի խորամանկ կերպերով։ Ամէն պարագայի, Սատանայի նպատակակէտը միշտ նոյնն է,– քարոզչութիւնը դադրեցնել։ Սակայն ան բոլորովին պիտի ձախողի, քանի որ Նէեմիայի նման, Աստուծոյ ժողովուրդը վճռած է շարունակել ‘բարիով յաղթել չարին’։ Անոնք ասիկա պիտի ընեն բարի լուրի քարոզչութիւնը շարունակելով, մինչեւ որ Եհովա ըսէ թէ գործը ամբողջացած է։—Մարկոս 13։10. Հռովմայեցիս 8։31. Փիլիպպեցիս 1։27, 28

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Այս դէպքերուն ենթահողը գիտնալու համար, կարդա՛ Նէեմիա 1։1-4. 2։1-6, 9-20. 4։1-23. 6։1-15–ը։

Կը յիշե՞ս

• Անցեալին Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ հակառակութիւն դիմագրաւեցին, իսկ ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչ հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։

• Նէեմիայի թշնամիներուն գլխաւոր նպատակը ի՞նչ էր, իսկ ներկայիս Աստուծոյ թշնամիներուն նպատակը ի՞նչ է։

• Ներկայիս ի՞նչպէս կը շարունակենք բարիով յաղթել չարին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 29]

Դասեր՝ Նէեմիայի գիրքէն

Աստուծոյ ծառաները կը դիմագրաւեն՝

• ծաղրանք

• սպառնալիքներ

• խաբէութիւն

Խաբէութիւն կը գործածեն՝

• կեղծ բարեկամներ

• սուտ ամբաստանողներ

• կեղծ եղբայրներ

Աստուծոյ ծառաները չարին կը յաղթեն՝

• իրենց աստուածատուր պարտականութեան կառչելով

[Նկար՝ էջ 27]

Նէեմիա եւ իր աշխատակիցները Երուսաղէմի պարիսպը վերակառուցանեցին՝ ի հեճուկս բուռն հակառակութեան

[Նկար՝ էջ 31]

Ճշմարիտ Քրիստոնեաները քաջաբար բարի լուրը կը քարոզեն