Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եզեկիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

Եզեկիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Եզեկիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

ՏԱՐԻՆ Հ.Դ.Ա. 613 է։ Երեմիա մարգարէն Յուդայի մէջ խիզախօրէն կը յայտարարէ Երուսաղէմի մօտալուտ կործանումը եւ Յուդայի երկրին ամայացումը։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը արդէն բազմաթիւ Հրեաներ գերութեան տարած է։ Անոնց մէջ կան երիտասարդ Դանիէլն ու իր երեք ընկերները, որոնք Քաղդէացիներու թագաւորական պալատին մէջ կը ծառայեն։ Հրեայ աքսորեալներուն մեծամասնութիւնը Քոբար գետին քովն է՝ «Քաղդէացիներու երկրին մէջ»։ (Եզեկիէլ 1։1-3) Եհովա այդ գերիները առանց պատգամաւորի չի ձգեր։ Ան 30 տարեկան Եզեկիէլը մարգարէ կը նշանակէ։

Հ.Դ.Ա. 591–ին ամբողջանալով, Եզեկիէլի գիրքը 22 տարուան ժամանակաշրջան մը կը ծածկէ։ Եզեկիէլ բծախնդիր գրող է։ Ան իր մարգարէութիւններուն թուականը կը նշէ, տալով ո՛չ միայն տարեթիւը, այլեւ՝ օրաթիւը եւ ամսանունը։ Եզեկիէլի պատգամին առաջին մասը կը կեդրոնանայ Երուսաղէմի անկման ու կործանման վրայ։ Երկրորդ մասը շրջակայ ազգերուն դէմ յայտարարութիւններ կը բովանդակէ, իսկ վերջին մասը կապ ունի Եհովայի պաշտամունքին վերահաստատման հետ։ Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ Եզեկիէլ 1։1–24։27–էն աչքառու կէտեր, ծածկելով Երուսաղէմի վրայ գալիք բաներուն առնչութեամբ տեսիլքներ, մարգարէութիւններ եւ խաղարկութիւններ։

«ՔԵԶ . . . ԴԷՏ ԴՐԻ»

(Եզեկիէլ 1։1–19։14)

Եհովայի գահին վերաբերեալ երկիւղ ներշնչող տեսիլք մը տեսնելէ յետոյ, Եզեկիէլ իր յանձնարարութիւնը կը ստանայ։ Եհովա անոր կ’ըսէ. «Քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի։ Երբ որ իմ բերնէս խօսք մը լսես զանոնք իմ կողմէ զգուշացուր»։ (Եզեկիէլ 3։17) Երուսաղէմի պաշարման եւ անոր հետեւանքներուն մասին մարգարէանալու համար, Եզեկիէլ պատուէր կը ստանայ որ երկու մնջախաղ կատարէ։ Յուդայի երկրին ակնարկելով, Եհովա Եզեկիէլի միջոցաւ կ’ըսէ. «Ահա ես ձեր վրայ սուր պիտի բերեմ ու ձեր բարձր տեղերը պիտի կործանեմ»։ (Եզեկիէլ 6։3) Իսկ երկրին բնակիչին ան կ’ըսէ. «Կարգը քեզի կու գայ»։—Եզեկիէլ 7։7

Հ.Դ.Ա. 612–ին, Եզեկիէլ տեսիլքով Երուսաղէմ կը փոխադրուի։ Ան Աստուծոյ տաճարին մէջ տեղի ունեցող շա՜տ գարշելի բաներ կը տեսնէ։ Երբ Եհովա դատաստանը գործադրող իր երկնային ուժերը (ներկայացուած՝ «վեց մարդ»ով) ղրկէ՝ հաւատուրացներուն վրայ իր բարկութիւնը թափելու, միայն իրենց «ճակատներուն վրայ նշան» ստացողները պիտի խնայուին։ (Եզեկիէլ 9։2-6) Սակայն նա՛խ քաղաքին վրայ պէտք է տեղան «կրակի կայծեր»,– կործանումի աստուածային կրակոտ պատգամը։ (Եզեկիէլ 10։2) Թէեւ Եհովա ‘ամբարիշտներուն գործերը իրենց գլուխը պիտի բերէ’, բայց կը խոստանայ Իսրայէլի ցրուածները հաւաքել։—Եզեկիէլ 11։17-21

Աստուծոյ հոգին Եզեկիէլը Քաղդէաստան կը վերադարձնէ։ Խաղարկութիւն մը կը նկարագրէ Սեդեկիա թագաւորին ու ժողովուրդին փախչիլը Երուսաղէմէն։ Սուտ մարգարէներ ու մարգարէուհիներ կը դատապարտուին։ Կռապաշտներ կը մերժուին։ Յուդա անարժէք որթատունկի մը կը նմանցուի։ Արծիւին եւ որթատունկին հանելուկը ցոյց կու տայ՝ Երուսաղէմի կողմէ Եգիպտոսէն օգնութիւն խնդրելուն դառն հետեւանքները։ Հանելուկը կ’եզրափակէ այն խոստումով թէ ‘Եհովա մատղաշ ճիւղ մը պիտի փրցնէ ու բարձր լերան մը վրայ պիտի տնկէ’։ (Եզեկիէլ 17։22) Սակայն Յուդայի մէջ «իշխանի գաւազան» պիտի չըլլայ։—Եզեկիէլ 19։14

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։4-28—Երկնային կառքը ի՞նչ կը պատկերացնէ։ Կառքը կը պատկերացնէ Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասը, որ հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ կը բաղկանայ։ Անոր զօրութեան աղբիւրը Եհովայի սուրբ հոգին է։ Կառքը Վարողը, որ Եհովան կը պատկերացնէ, աննկարագրելիօրէն փառաւոր է։ Անոր անդորրութիւնը խորհրդանշուած է գեղեցիկ ծիածանով մը։

1։5-11—Չորս կենդանիները ո՞վ են։ Կառքին վերաբերեալ իր երկրորդ տեսիլքին մէջ, Եզեկիէլ չորս կենդանիները կը բնորոշէ որպէս քերովբէներ։ (Եզեկիէլ 10։1-11. 11։22) Այս երկրորդ նկարագրութեան մէջ, ան եզի երեսը կը կոչէ «քերովբէի երես»։ (Եզեկիէլ 10։14) Ասիկա պատշաճ է, քանի որ եզը զօրութեան եւ ուժի խորհրդանիշ է, եւ քերովբէները հզօր հոգեղէն արարածներ են։

2։6—Ինչո՞ւ կրկին անգամ Եզեկիէլի ակնարկուած է որպէս «որդի մարդոյ»։ Եհովա այս արտայայտութիւնը գործածելով կը յիշեցնէ Եզեկիէլի թէ միսէ եւ արիւնէ կազմուած է, մարդկային պատգամաբերին ու պատգամին Հեղինակին՝ Աստուծոյ՝ միջեւ սուր հակադրութիւնը աւելցնելով։ Աւետարաններուն մէջ նոյն անուանումը շուրջ 80 անգամ Յիսուս Քրիստոսի կիրարկուած է, բացայայտօրէն ցոյց տալով թէ Աստուծոյ Որդին եկած էր որպէս մարդ, եւ ո՛չ թէ՝ մարդկային մարմին առած հոգեղէն անձ։

2։9–3։3—Ինչո՞ւ ողբերու եւ հառաչանքներու տոմսը Եզեկիէլի բերանին մէջ քաղցր եղաւ։ Իր յանձնարարութեան հանդէպ Եզեկիէլի կեցուածքն էր որ տոմսը քաղցր դարձուց։ Եզեկիէլ երախտապարտ էր որպէս մարգարէ Եհովայի ծառայելուն համար։

4։1-17—Եզեկիէլ Երուսաղէմի մօտալուտ պաշարումը ներկայացնող տեսարանը իրապէս խաղարկե՞ց։ Եփելու վառելանիւթը փոխելու Եզեկիէլի խնդրանքը եւ Եհովայի ընդառաջումը ցոյց կու տան թէ մարգարէն այս տեսարանը իսկապէս խաղարկեց։ Ձախ կողմին վրայ պառկիլը՝ տասը–ցեղեան թագաւորութեան 390 տարուան յանցանքներուն համար էր,– Հ.Դ.Ա. 997–ին հիմնուելէն մինչեւ Երուսաղէմի կործանումը Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Աջ կողմին վրայ պառկիլը՝ Յուդայի 40 տարուան մեղքերուն համար էր, սկսելով Հ.Դ.Ա. 647–ին՝ Երեմիա մարգարէ նշանակուելէն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 607–ը։ Այդ 430 օրերուն, Եզեկիէլ չնչին ուտելիքով ու ջուրով ապրեցաւ, մարգարէաբար ցոյց տալով թէ Երուսաղէմի պաշարման ընթացքին սով պիտի ըլլար։

5։1-3—Եզեկիէլի կողմէ հովին ցրուելիք մազերէն մաս մը առնելը եւ իր քղանցքին մէջ ծրարելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Ասիկա ցոյց տուաւ թէ 70 տարուան ամայացումէն ետք, մնացորդ մը Յուդա պիտի վերադառնար եւ ճշմարիտ պաշտամունքը պիտի գործադրէր։—Եզեկիէլ 11։17-20

17։1-24—Ո՞վ են երկու մեծ արծիւները, ի՞նչպէս եղեւինի մը ընձիւղներուն ծայրը կը փրցուի, եւ ո՞վ է Եհովայի տնկած «մատղաշը»։ Երկու արծիւները կը ներկայացնեն Բաբելոնի եւ Եգիպտոսի կառավարիչները։ Առաջին արծիւը եղեւինին ամենաբարձր ճիւղին կու գայ, այսինքն՝ Դաւիթի թագաւորական շառաւիղէն եղող կառավարիչին։ Այս արծիւը ընձիւղներուն ծայրը կը փրցնէ՝ Յուդայի Յովաքին թագաւորին տեղը Սեդեկիան դնելով։ Հաւատարիմ մնալու երդում ընելով հանդերձ, Սեդեկիա միւս արծիւին՝ Եգիպտոսի կառավարիչին օգնութիւնը կը հայցէ, բայց ի զուր։ Ան պիտի գերեվարուի եւ Բաբելոնի մէջ պիտի մեռնի։ Եհովա նաեւ «մատղաշ» մը կը փրցնէ՝ Մեսիական Թագաւորը։ Անիկա կը տնկուի «բարձր ու վերացած լերան մը վրայ», երկնային Սիօն լերան վրայ, ուր «ազնիւ եղեւին» պիտի ըլլայ, երկրագունդին համար իսկական օրհնութիւններու աղբիւր մը։—Յայտնութիւն 14։1

Դասեր՝ մեզի համար.

2։6-8. 3։8, 9, 18-21. Չարերէն ո՛չ պէտք է վախնանք, ո՛չ ալ Աստուծոյ պատգամը անոնց ծանուցանելէ ետ կենանք, որ ազդարարութիւն մը կը պարփակէ։ Երբ անտարբերութիւն կամ հակառակութիւն դիմագրաւենք, ադամանդի պէս կարծր պէտք է ըլլանք։ Սակայն զգոյշ պէտք է ըլլանք որ կարծրասիրտ, անզգայ կամ անգութ չդառնանք։ Յիսուս իր քարոզած անհատներուն հանդէպ կարեկից էր. մենք ալ կարեկցութենէ մղուած պէտք է քարոզենք ուրիշներուն։—Մատթէոս 9։36

3։15. Իր յանձնարարութիւնը ստանալէ յետոյ, Եզեկիէլ Թելապիպի մէջ ‘եօթը օր ապշած մնաց’, իր յայտարարելիք պատգամը իւրացնելով։ Պէտք չէ՞ ժրաջանօրէն ուսումնասիրելու եւ խոկալու համար ժամանակ տրամադրենք, որպէսզի հոգեւոր խոր ճշմարտութիւնները հասկնանք։

4։1–5։4. Խոնարհութիւն եւ քաջութիւն ունենալով, Եզեկիէլ կատարեց երկու մարգարէական մնջախաղերը։ Մենք ալ աստուածատուր որեւէ նշանակում խոնարհաբար ու քաջաբար պէտք է կատարենք։

7։4, 9. 8։18. 9։5, 10. Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռը ստացողներուն համար ցաւ զգալու կամ անոնց կարեկցելու պէտք չունինք։

7։19. Երբ Եհովա իրերու այս դրութեան վրայ իր դատաստանը ի գործ դնէ, դրամը ո՛չ մէկ արժէք պիտի ունենայ։

8։5-18. Հաւատուրացութիւնը հոգեւորապէս մահացու է։ «Կեղծաւորը [«հաւատուրացը», ՆԱ] բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ»։ (Առակաց 11։9) Խոհեմութիւն է որ նոյնիսկ հաւատուրացներուն մտիկ ընելու գաղափարէն խուսափինք։

9։3-6. «Մեծ նեղութենէն» վերապրելու համար էական է որ նշանը ստանանք,– այն ապացոյցը՝ թէ Աստուծոյ նուիրուած ու մկրտուած ծառաներ ենք եւ քրիստոնէական անձնաւորութիւնը ունինք։ (Մատթէոս 24։21) Գրագիրի կաղամար ունեցող մարդով պատկերացուած օծեալ Քրիստոնեաները, նշան դնելու գործին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն, որ է՝ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը։ Եթէ կ’ուզենք մեր նշանը պահել, նախանձախնդրօրէն անոնց պէտք է օգնենք այս գործին մէջ։

12։26-28. Նոյնիսկ իր պատգամը ծաղրողներուն՝ Եզեկիէլ պէտք էր ըսէր. «Այսուհետեւ [Եհովայի] ոչ մէկ խօսք պիտի ուշանայ»։ Մեր ամէն կարելին պէտք է ընենք ուրիշներուն օգնելու որ իրենց վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնեն, իրերու այս դրութեան վախճանը բերելէ առաջ։

14։12-23. Փրկութիւն ձեռք ձգելը մեր անհատական պատասխանատուութիւնն է։ Ո՛չ ոք կրնայ մեր տեղը ասիկա ընել։—Հռովմայեցիս 14։12

18։1-29. Մեր արարքներու հետեւանքներուն համար՝ մե՛նք պատասխանատու ենք։

«ԶԱՆԻԿԱ ՏԱԿՆՈՒՎՐԱՅ, ՏԱԿՆՈՒՎՐԱՅ, ՏԱԿՆՈՒՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ԸՆԵՄ»

(Եզեկիէլ 20։1–24։27)

Հ.Դ.Ա. 611–ին՝ աքսորի եօթներորդ տարին, «Տէրոջը հարցնելու համար» Իսրայէլի ծերերը Եզեկիէլի քով կու գան։ Անոնք կը լսեն Իսրայէլի ըմբոստութեան երկար պատմութիւնը եւ ազդարարութիւն մը՝ թէ Եհովա իրենց դէմ ‘իր սուրը պիտի հանէ’։ (Եզեկիէլ 20։1. 21։3) Իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլի իշխանին (Սեդեկիա), Եհովա կ’ըսէ. «Խոյրը վերցո՛ւր ու թագը հանէ՛. ասիկա այսպէս չըլլար. ցածը բարձրացո՛ւր ու բարձրը ցածցո՛ւր։ Զանիկա տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ ու ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է [Յիսուս Քրիստոս]։ Անոր պիտի տամ»։—Եզեկիէլ 21։26, 27

Երուսաղէմ կ’ամբաստանուի։ Ոողայի (Իսրայէլ) եւ Ոողիբայի (Յուդա) յանցանքը կը քօղազերծուի։ Ոողա արդէն յանձնուած է «Ասորեստանի որդիներուն ձեռքը, որոնց սիրահարած էր»։ (Եզեկիէլ 23։9) Ոողիբայի ամայացումը մօտալուտ է։ Հ.Դ.Ա. 609–ին՝ Երուսաղէմի 18 ամիս տեւող պաշարումը կը սկսի։ Երբ քաղաքը վերջապէս թշնամիներուն ձեռքը իյնայ, Հրեաները ա՛յնքան ապշած պիտի ըլլան որ պիտի չկարենան իրենց վիշտը արտայայտել։ Եզեկիէլ Աստուծոյ պատգամը պէտք չէ հաղորդէ աքսորեալներուն, մինչեւ որ ‘փախստականէ մը’ տեղեկագրութիւն ստանայ քաղաքին կործանման մասին։—Եզեկիէլ 24։26, 27

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

21։3—Ի՞նչ է այն «սուրը» որ Եհովա իր պատեանէն կը հանէ։ Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ իր դատաստանը գործադրելու համար Եհովայի գործածած «սուրը»՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորն ու իր բանակն է։ Անիկա կրնայ նաեւ պարփակել Աստուծոյ կազմակերպութեան երկնային մասը, որ հոգեղէն հզօր արարածներէ կը բաղկանայ։

24։6-14—Կաթսային ժանգը ի՞նչ կը պատկերացնէ։ Պաշարուած Երուսաղէմը կաթսայի մը նմանցուած է։ Անոր ժանգը կը ներկայացնէ քաղաքին բարոյական աղտեղութիւնը,– պղծութիւնը, անառակութիւնը եւ արիւնահեղութիւնը, որոնց համար պատասխանատու է։ Անոր անմաքրութիւնը ա՛յնքան ահռելի է որ նոյնիսկ պարապ կաթսան կայծերուն վրայ դնելը եւ հրաբորբոք ընելը՝ ժանգը չի վերցներ։

Դասեր՝ մեզի համար.

20։1, 49. Իսրայէլի ծերերուն հակազդեցութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եզեկիէլի ըսածին վրայ կը կասկածէին։ Աստուածային ազդարարութիւններուն վրայ երբեք կասկածով չնայինք։

21։18-22. Թէեւ Նաբուգոդոնոսոր հմայութիւն գործածեց, բայց Եհովա ինք էր որ ստոյգ դարձուց հեթանոս կառավարիչին յարձակումը Երուսաղէմի վրայ։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ նոյնիսկ դեւերը չեն կրնար արգելք հանդիսանալ որ Եհովայի դատավճիռները գործադրողները իր նպատակը իրագործեն։

22։6-16. Եհովա զրպարտութենէ, անառակութենէ, հարստահարութենէ ու կաշառակերութենէ կը զզուի։ Հաստատօրէն պէտք է վճռենք այսպիսի յանցագործութիւններէ խուսափիլ։

23։5-49. Քաղաքական դաշինքներ կնքելը պատճառ եղաւ որ Իսրայէլն ու Յուդան իրենց դաշնակիցներուն սուտ պաշտամունքը որդեգրեն։ Զգուշանանք աշխարհային սերտ կապեր հաստատելէ, որոնք կրնան մեր հաւատքը կործանել։—Յակոբոս 4։4

Կենդանի ու զօրեղ պատգամ մը

Աստուածաշունչի Եզեկիէլի գրքին առաջին 24 գլուխներէն ի՜նչ գեղեցիկ դասեր կը քաղենք։ Հոն նշուած սկզբունքները ցոյց կու տան թէ ի՛նչ բան կրնայ Աստուծոյ տհաճութեան առաջնորդել, ի՛նչպէս կրնանք իր ողորմութիւնը ստանալ, եւ ինչո՛ւ ամբարիշտները պէտք է ազդարարենք։ Երուսաղէմի կործանման վերաբերեալ մարգարէութիւնը բացայայտօրէն Եհովան կը ներկայացնէ որպէս Աստուած մը որ ‘իր ժողովուրդին կը յայտնէ տեղի ունենալիք նոր բաներ’։—Եսայի 42։9

Եզեկիէլ 17։22-24 եւ 21։26, 27–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնները մատնանշեցին Մեսիական Թագաւորութեան հաստատումը երկինքի մէջ։ Շուտով, այդ իշխանութեան շնորհիւ, երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի։ (Մատթէոս 6։9, 10) Զօրաւոր հաւատքով ու համոզումով կրնանք անձկագին սպասել Թագաւորութեան օրհնութիւններուն։ Արդարեւ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

[Նկար՝ էջ 18]

Երկնային կառքը ի՞նչ կը պատկերացնէ

[Նկար՝ էջ 20]

Քարոզչութեան մէջ նախանձախնդրաբար բաժին բերելը մեզի կ’օգնէ մեր «նշան»ը պահելու