Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երախաներուն համար կարեւոր դասեր

Երախաներուն համար կարեւոր դասեր

Երախաներուն համար կարեւոր դասեր

ԿԼԱՏԻՍ կ’աշխատի Արժանթինի Մենտոզա քաղաքին դպրոցներէն մէկուն մէջ։ Օր մը ան դասարանի մը առջեւէն անցած ատենը նկատեց թէ ուսուցչուհին չորրորդ դասարանի աշակերտներուն կը կարդար Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գրքէն։ * Կլատիս ինքզինք ուսուցչուհիին ներկայացուց որպէս Եհովայի Վկայ մը եւ առաջարկեց ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս կրնայ այս հրատարակութենէն լաւագոյն օգուտը քաղել։ Կլատիսի բացատրութենէն տպաւորուած, ուսուցչուհին ուզեց այս գիրքը կրթական ծրագրին մէկ մասը դարձնել։ Սակայն ան դպրոցի վարչութենէն արտօնութիւն պէտք էր առնէր, եւ շատ ուրախացաւ երբ զայն ստացաւ։

Հետագային, դպրոցին կազմակերպած Գիրքի Օր կոչուած յայտագրի ընթացքին, ուսուցչուհին իւրաքանչիւր աշակերտէ խնդրեց որ այս գրքէն գլուխ մը ընթերցէ դասընկերներուն առջեւ։ Այս յայտագրին գտած յաջողութեան պատճառաւ, ուսուցչուհին հրաւիրուեցաւ տեղական հեռատեսիլին մէկ յայտագրին մէջ բաժին բերելու։ Երբ դպրոցականներու վարքին մասին կը խօսուէր, խօսնակը անոր հարցուց. «Դասարանիդ աշակերտները ի՞նչպէս կը զսպես»։ Ուսուցչուհին բացատրեց թէ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ խորագրով հրատարակութիւն մը կը գործածէր։ Ան բացատրեց թէ հակառակ անոր որ իր դասարանին մէջ կրօնք չէր ուսուցաներ, այս գրքին միջոցաւ աշակերտներուն մէջ բարոյական արժանիքներ կը քանդակէր, ինչպէս՝ յարգանք, հանդուրժողութիւն, միութիւն, համագործակցութիւն, հնազանդութիւն եւ սէր։ Բոլորն ալ համաձայնեցան թէ ասոնք երախաներուն համար սորվելիք կարեւոր դասեր էին։

Կը փափաքի՞ս զաւակներուդ մէջ այսպիսի արժանիքներ քանդակել։ Կրնաս Եհովայի Վկայէ մը խնդրել Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ խորագրով հիանալի գիրքը։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։