Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’

‘Զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’

‘Զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’

«Ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ»։—ՍԱՂՄՈՍ 139։14

1. Մտաւորականներէն շատեր ինչո՞ւ երկրի սքանչելիքներուն վարկը Աստուծոյ կու տան։

ԲՆԱԿԱՆ աշխարհը սքանչելի ստեղծագործութիւններով լեցուն է։ Անոնք ի՞նչպէս գոյացան։ Ոմանք կը հաւատան թէ պատասխանը կարելի է գտնել առանց մտացի Ստեղծիչի մը ակնարկութիւն ընելու։ Ուրիշներ կը խորհին թէ Ստեղծիչի մը գոյութիւնը կամայականօրէն մերժելը, բնութիւնը հասկնալու մեր կարողութիւնը կը սահմանափակէ։ Անոնք կը հաւատան թէ երկրի վրայ ապրող արարածները ա՛յնքան բարդ, ա՛յնքան այլազան եւ ա՛յնքան սքանչելի են, որ կարելի չէ անոնց ծագումը դիպուածի վերագրել։ Շատերու համար, ի ներառեալ կարգ մը գիտնականներ, ապացոյցները ցոյց կու տան թէ տիեզերքը իմաստուն, հզօր ու բարեսէր Արարիչ մը ունեցած է։ *

2. Ի՞նչ բան Դաւիթը մղեց որ Եհովան փառաբանէ։

2 Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը համոզուած էր թէ Արարիչ մը Իր սքանչելի ստեղծագործութեանց համար փառաբանութեան արժանի է։ Թէեւ Դաւիթ ներկայ գիտական դարաշրջանէն շա՜տ առաջ ապրեցաւ, բայց գիտակցեցաւ թէ Աստուծոյ սքանչելի ստեղծագործութիւններով շրջապատուած էր։ Կը բաւէր որ Դաւիթ իր ֆիզիքական կազմուածքը նկատի առնէր, Աստուծոյ ստեղծագործական կարողութեան հանդէպ խոր երկիւղ ունենալու համար։ Ան գրեց. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։—Սաղմոս 139։14

3, 4. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ իւրաքանչիւրս Եհովայի գործերուն մասին լրջօրէն խորհրդածենք։

3 Դաւիթ լուրջ խորհրդածութեամբ այս զօրաւոր համոզումը ունեցաւ։ Ներկայիս, դպրոցներու կրթական ծրագիրները եւ լրատուամիջոցները լեցուն են մարդուն ծագումին վերաբերեալ հաւատք–քանդող տեսութիւններով։ Դաւիթի հաւատքը ունենալու համար, մենք ալ լրջօրէն պէտք է խորհրդածենք։ Չենք կրնար թոյլ տալ որ ուրիշներ մեր տեղը մտածեն, մանաւանդ հիմնական հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ Ստեղծիչի մը գոյութեան ու դերին մասին։

4 Ասկէ զատ, Եհովայի գործերուն մասին խորհրդածելը, իրեն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորացնէ եւ ապագայի նկատմամբ իր խոստումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը կը կերտէ։ Ասիկա իր կարգին կրնայ մեզ մղել որ Եհովան աւելի լաւ ճանչնանք եւ իրեն ծառայենք։ Հետեւաբար նկատի առնենք թէ արդի գիտութիւնը ի՛նչպէս հաստատած է Դաւիթի եզրակացութիւնը թէ ‘զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’։

Մեր հոյակապ ֆիզիքական աճումը

5, 6. (ա) Բոլորս ալ ի՞նչպիսի սկիզբ ունեցանք։ (բ) Մեր երիկամունքները ի՞նչ դեր կը խաղան։

5 «Դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր»։ (Սաղմոս 139։13) Բոլորս ալ մեր գոյութիւնը սկսանք մեր մօր մարմնին մէջ որպէս մէկ բջիջ, որ այս նախադասութեան վերջաւորութեան եղող կէտերէն աւելի փոքր էր։ Այդ մանրադիտական բջիջը չափազանց բարդ էր,– պզտիկ տարրալուծարան մը։ Անիկա արագօրէն աճեցաւ։ Արգանդին մէջ քու կեցութեանդ երկրորդ ամսուան վերջաւորութեան, գլխաւոր անդամներդ արդէն կազմուած էին, ինչպէս՝ երիկամունքներդ։ Երբ ծնար, երիկամունքներդ պատրաստ էին արիւնդ զտելու,– թաքսինները եւ աւելորդ ջուրը վերցնելով ու պիտանի նիւթերը վերապահելով։ Առողջ երիկամունքներդ ամէն 45 վայրկեանը անգամ մը կը զտեն ամբողջ արիւնդ, որ շուրջ 5 լիթր է՝ եթէ չափահաս ես։

6 Երիկամունքներդ նաեւ կ’օգնեն արեանդ հանքանիւթերը, թթուութիւնը եւ ճնշումը հակակշռի տակ առնելու։ Անոնք բազմաթիւ այլ կենսական պաշտօններ կը կատարեն, ինչպէս՝ կենսանիւթ Տ–ն գործօն նիւթի մը վերածել, որ անհրաժեշտ է ոսկորի պատշաճ աճման համար, եւ իրիթրօփոյեթին մղօնը արտադրել, որ ոսկորներուդ մէջ արեան կարմիր գնդիկներուն արտադրութիւնը կը խթանէ։ Զարմանալի չէ որ երիկամունքները կոչուած են «մարմնին ճարտար քիմիագէտները»։ *

7, 8. (ա) Չծնած մանկիկի մը սկզբնական աճումը նկարագրէ։ (բ) Աճող մանկիկ մը ի՞նչ կերպով ‘երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կը կազմուի’։

7 «Իմ գոյութիւնս [«ոսկորներս», ԱՎ] չծածկուեցաւ քեզմէ, երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ, երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ»։ (Սաղմոս 139։15) Սկզբնական բջիջը բաժնուեցաւ, եւ նոր բջիջները շարունակեցին բաժնուիլ։ Շատ չանցած՝ բջիջները սկսան իրարմէ զատորոշուիլ ու դառնալ ջղաբջիջներ, մկանաբջիջներ, մորթի բջիջներ, եւայլն։ Նոյնատեսակ բջիջները քով–քովի գալով կազմեցին հիւսկէններ, ապա՝ գործարաններ։ Օրինակ, յղութեան երրորդ շաբթուան ընթացքին, սկսար ոսկրային համակարգը զարգացնել։ Իսկ յղութեան 7–րդ շաբթուան վերջաւորութեան, երբ հասակդ շուրջ 2,5 սանթիմեթր էր, մարմնիդ 206 ոսկորներուն նախնական ձեւերը արդէն կազմուած էին, թէեւ տակաւին չէին կարծրացած։

8 Այս ապշեցուցիչ աճումը տեղի ունեցաւ մօրդ արգանդին մէջ, մարդկային տեսողութենէն թաքցուած՝ որպէս թէ երկրի ստորին մասերուն մէջ ըլլար։ Արդարեւ, մեր զարգանալուն կերպը տակաւին մեծաւ մասամբ մարդուն անծանօթ է։ Օրինակ, ի՞նչ բան բջիջներուդ մէջ գտնուող կարգ մը ծիները գործօն դարձուց, որ սկսին վերահսկել տարբերակման ընթացքին վրայ։ Թերեւս գիտութիւնը ի վերջոյ կարենայ պատասխանը գտնել, բայց՝ ինչպէս Դաւիթ շարունակեց ըսել՝ մեր Արարիչը Եհովա սկիզբէն իսկ կատարելապէս գիտէ։

9, 10. Սաղմի մը անդամներուն կազմուիլը ի՞նչպէս Աստուծոյ ‘գրքին մէջ գրուած է’։

9 «Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս [«սաղմս», ԱՎ] տեսան ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար»։ (Սաղմոս 139։16) Առաջին բջիջդ ամբողջ մարմնիդ համար լման ծրագիր մը կը բովանդակէր։ Այս ծրագիրը ուղղեց աճումդ արգանդին մէջ, ապա մինչեւ չափահասութիւն,– աւելի քան երկու տասնամեակներ։ Այդ միջոցին, մարմինդ բազմաթիւ հանգրուաններէ անցաւ, բոլորն ալ ուղղուած ըլլալով այդ սկզբնական բջիջին մէջ յայտագրուած տեղեկութիւններուն կողմէ։

10 Դաւիթ բջիջներուն ու ծիներուն մասին գիտութիւն չունէր, քանի որ նոյնիսկ մանրադիտակ չունէր։ Բայց ան ճշգրտօրէն ըմբռնեց թէ իր մարմնին աճումը, կանխորոշ ծրագրի մը ապացոյցն էր։ Դաւիթ թերեւս որոշ գաղափար մը ունէր թէ սաղմերը ի՛նչպէս կը զարգանան, ուստի կրնար տրամաբանել թէ իւրաքանչիւր հանգրուան պէտք էր տեղի ունենար կանխորոշ ծրագրի մը ու ժամանակացոյցի մը համաձայն։ Բանաստեղծական ոճով ան այս ծրագիրը նկարագրեց՝ ըսելով թէ Աստուծոյ ‘գրքին մէջ գրուած էր’։

11. Մեր ֆիզիքական յատկանիշները ի՞նչպէս կ’որոշուին։

11 Ներկայիս, փաստուած է որ ծնողքէդ ու նախահայրերէդ ժառանգած յատկանիշներդ,– ինչպէս՝ հասակդ, դիմագիծդ, աչքիդ ու մազիդ գոյնը, եւ հազարաւոր այլ առանձնայատկութիւններ,– ծիներուդ կողմէ որոշուած են։ Բջիջներէդ իւրաքանչիւրը կը պարունակէ տասնեակ հազարաւոր ծիներ, եւ իւրաքանչիւր ծին երկար շղթայի մը մէկ մասն է, որ Տի.Էն.Էյ.–ն է (deoxyribonucleic acid)։ Մարմնիդ կառուցման վերաբերեալ ցուցմունքներ «գրուած» են Տի.Էն.Էյ.–իդ քիմիական կառոյցին մէջ։ Ամէն անգամ որ բջիջներդ կը բաժնուին,– նոր բջիջներ կազմելու կամ հին բջիջները փոխարինելու համար,– Տի.Էն.Էյ.–դ այդ ցուցմունքները կը փոխանցէ նոր բջիջներուն, քեզ ողջ պահելով եւ հիմնական դրսերեւոյթդ պահպանելով։ Մեր երկնաւոր Արարիչին զօրութեան եւ իմաստութեան ի՜նչ ուշագրաւ օրինակ մը։

Մեր անզուգական խելքը

12. Յատկապէս ի՞նչ բան մարդիկը անասուններէն կը զանազանէ։

12 «Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։ Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են»։ (Սաղմոս 139։17, 18ա) Անասուններն ալ զարմանալի կերպով ստեղծուած են, եւ ոմանց ունեցած կարգ մը զգայարանքներն ու կարողութիւնները կը գերազանցեն մարդոց ունեցածը։ Բայց Աստուած մարդուն տուաւ մտային կարողութիւններ, որոնք շատ կը գերազանցեն որեւէ անասունի մտային կարողութիւնները։ Գիտական դասագիրք մը կը նշէ. «Մենք՝ մարդիկս՝ բազմաթիւ կերպերով այլ արարածներու նման ըլլալով հանդերձ, երկրի վրայ եզական ենք՝ լեզուներ խօսելու եւ մտածելու մեր կարողութեամբ։ . . . Նաեւ անզուգական ենք՝ մեր անձին մասին մեր ունեցած խոր հետաքրքրութեամբ. մեր մարմինը ի՞նչ կառոյց ունի։ Ի՞նչպէս կազմուած ենք»։ Դաւիթ ալ այս հարցումներուն մասին խորհրդածեց։

13. (ա) Դաւիթ ի՞նչպէս կրցաւ Աստուծոյ խորհուրդներուն մասին խոկալ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք Դաւիթի օրինակին հետեւիլ։

13 Ամենակարեւորը, անասուններուն հակառակը, մենք օժտուած ենք Աստուծոյ խորհուրդներուն մասին խոկալու կարողութեամբ։ * Այս մասնայատուկ պարգեւը այն բաներէն մէկն է, որ ցոյց կու տայ թէ «Աստուծոյ պատկերով» ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։27) Դաւիթ այս պարգեւը լաւ կերպով գործածեց։ Ան խոկաց Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցներուն եւ բարի յատկութիւններուն վրայ, որոնք ամէնուրեք յայտնի էին։ Դաւիթ նաեւ ունէր Սուրբ Գրութիւններուն առաջին գիրքերը, որոնք կը բովանդակեն Աստուծոյ յայտնութիւնները թէ՛ Իր անձին եւ թէ Իր գործերուն մասին։ Այս ներշնչեալ գրութիւնները Դաւիթի օգնեցին որ Աստուծոյ խորհուրդները, անձնաւորութիւնը եւ նպատակը հասկնայ։ Սուրբ Գրութիւններուն, ստեղծագործութեան եւ իրեն հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մասին խորհրդածելը մղեց Դաւիթը որ իր Արարիչը փառաբանէ։

Հաւատքը ի՛նչ կը պարփակէ

14. Աստուծոյ հաւատալու համար ինչո՞ւ իր մասին ամէն բան գիտնալու հարկ չունինք։

14 Դաւիթ ստեղծագործութեան եւ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ ո՛րքան աւելի խոկաց, ա՛յնքան աւելի անդրադարձաւ որ Աստուծոյ գիտութեան ու կարողութեան լման տարողութիւնը ըմբռնելը՝ իր հասկացողութենէն վեր է։ (Սաղմոս 139։6) Նոյնը կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Երբեք պիտի չկարենանք Աստուծոյ բոլոր ստեղծագործութիւններուն մասին ամէ՛ն բան հասկնալ։ (Ժողովող 3։11. 8։17) Բայց Աստուած Սուրբ Գրութիւններուն եւ բնութեան միջոցաւ բաւարար գիտութիւն «յայտնեց», որպէսզի որեւէ դարաշրջանի մէջ ճշմարտութիւնը որոնողները կարենան ապացոյցներու վրայ հիմնուած հաւատք ձեռք ձգել։—Հռովմայեցիս 1։19, 20. Եբրայեցիս 11։1, 3

15. Լուսաբանէ թէ ի՛նչպէս հաւատքը եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը առնչակից են։

15 Հաւատք ունենալը շատ աւելին կը պարփակէ քան՝ ընդունիլ թէ կեանքն ու տիեզերքը մտացի Աղբիւր մը ունին։ Անիկա կը պարփակէ Եհովա Աստուծոյ վստահիլ որպէս անձ մը որ կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք եւ իրեն հետ լաւ յարաբերութիւն պահպանենք։ (Յակոբոս 4։8) Ասիկա կրնանք նմանցնել սիրալիր հօր մը հանդէպ անհատի մը ունեցած վստահութեան։ Եթէ սկեպտիկ մը առարկէ թէ նեղութեան մէջ հայրդ քեզի պիտի չօգնէ, թերեւս չկարենաս զինք համոզել որ հայրդ վստահելի մէկն է։ Բայց եթէ փորձառութեամբ բաւական ապացոյցներ կուտակած ես թէ հայրդ սիրալիր անձ մըն է, կրնա՛ս վստահ ըլլալ որ քեզ երեսէ պիտի չձգէ։ Նոյնպէս, Եհովան ճանչնալը,– Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելով, ստեղծագործութեան վրայ խոկալով եւ մեր աղօթքներուն առ ի պատասխան՝ իր օգնութիւնը վայելելով,– մեզ կը մղէ իրեն վստահելու։ Նաեւ պիտի ուզենք իր մասին աւելի սորվիլ եւ զինք յաւիտեան փառաբանել՝ անձնուրաց սէրէ եւ նուիրումէ մղուած։ Ասիկա ամենէն ազնիւ նպատակն է, որուն անհատ մը կրնայ հետամուտ ըլլալ։—Եփեսացիս 5։1, 2

Մեր Արարիչին առաջնորդութիւնը խնդրէ

16. Եհովայի հետ Դաւիթի սերտ յարաբերութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16 «Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ»։ (Սաղմոս 139։23, 24) Դաւիթ գիտակից էր որ Եհովա արդէն զինք լիովին կը ճանչնար,– իր բոլոր մտածումները, խօսքերը կամ արարքները Արարիչին առջեւ բացայայտ էին։ (Սաղմոս 139։1-12. Եբրայեցիս 4։13) Իր մասին Աստուծոյ ունեցած սերտ գիտութիւնը, ապահովութեան զգացում մը տուաւ Դաւիթի, ճիշդ ինչպէս երախայ մը իր սիրալիր ծնողքին թեւերուն մէջ ապահով կը զգայ։ Դաւիթ Եհովայի հետ այս սերտ յարաբերութիւնը արժեւորեց եւ ջանաց զայն պահպանել, անոր գործերուն վրայ խոկալով եւ իրեն աղօթելով։ Իրականութեան մէջ, Դաւիթի սաղմոսներէն շատերը,– ի ներառեալ 139–րդ սաղմոսը,– աղօթքներ են՝ որոնց երաժշտութիւն կ’ընկերակցի։ Խոկալը եւ աղօթելը մեզի ալ կ’օգնեն որ Եհովայի մօտենանք։

17. (ա) Դաւիթ ինչո՞ւ ուզեց որ Եհովա իր սիրտը քննէ։ (բ) Մեր ազատ կամքը գործածելու կերպը ի՞նչպէս մեր կեանքին կ’ազդէ։

17 Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալով, մենք ազատ կամքով օժտուած ենք։ Կրնանք ընտրել շիտակը կամ սխալը ընել։ Այս ազատութեան կ’ընկերակցի բարոյական պատասխանատուութիւն։ Դաւիթ չուզեց ամբարիշտներուն հետ դասուիլ։ (Սաղմոս 139։19-22) Ան ուզեց ցաւալի սխալներ գործելէ խուսափիլ։ Հետեւաբար, Եհովայի համապարփակ գիտութեան մասին խորհրդածելէ ետք, Դաւիթ խոնարհաբար Աստուծմէ խնդրեց որ իր ներքին անձը քննէ եւ կեանքի տանող ճամբուն մէջ զինք առաջնորդէ։ Աստուծոյ արդար բարոյական չափանիշները ամէն ոքի կը կիրարկուին. ուստի մենք ալ շիտակ ընտրութիւններ պէտք է ընենք։ Եհովա բոլորս կը յորդորէ որ իրեն հնազանդինք։ Ասիկա ընելով իր հաճութիւնը կ’ունենանք եւ բազմաթիւ օգուտներ կը քաղենք։ (Յովհաննէս 12։50. Ա. Տիմոթէոս 4։8) Ամէն օր Եհովայի հետ քալելը մեզի կ’օգնէ ներքին անդորրութիւն մշակելու, նոյնիսկ լուրջ խնդիրներու դիմաց։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

Մեր սքանչելի Արարիչին հետեւէ

18. Դաւիթ ստեղծագործութեան մասին խորհրդածելով ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցաւ։

18 Երբ Դաւիթ պատանի էր, յաճախ բացօթեայ վայրերու մէջ հօտերը կ’արածէր։ Ոչխարները իրենց գլուխները կը ծռէին ճարակելու համար, բայց ինք իր աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնէր։ Իսկ երբ գիշերուան խաւարը պատէր, ան տիեզերքի մեծութեան եւ անոր նշանակութեան մասին կը խորհրդածէր։ Դաւիթ գրեց. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։ Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը»։ (Սաղմոս 19։1, 2) Դաւիթ հասկցաւ թէ պէտք էր փնտռէր ու հետեւէր Անոր, որ ամէն բան զարմանալիօրէն ստեղծած էր։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։

19. Պատանիներ ու տարեցներ ի՞նչ դասեր կրնան քաղել՝ ‘զարմանալի կերպով ստեղծուած ըլլալէն’։

19 Դաւիթ, հետագային իր որդւոյն՝ Սողոմոնի կողմէ երիտասարդներուն ուղղուած խրատը կիրարկելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ։ . . . Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։ (Ժողովող 12։1, 13) Որպէս պատանի, Դաւիթ արդէն գիտակցեցաւ թէ ‘զարմանալի կերպով ստեղծուած էր’։ Այս խորատեսութեան համաձայն ապրելով, իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան մեծ օգուտներ քաղեց։ Եթէ մենք, պատանի թէ տարեց, մեր Մեծ Ստեղծիչը փառաբանենք եւ իրեն ծառայենք, մեր ներկայ ու ապագայ կեանքը բերկրալի պիտի ըլլայ։ Եհովայի մօտիկ մնացողներուն եւ իր արդար ճամբաներուն համաձայն ապրողներուն նկատմամբ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, պարարտ ու կանանչ պիտի մնան, որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է»։ (Սաղմոս 92։14, 15) Նաեւ, մեր Արարիչին սքանչելի գործերը յաւիտեան վայելելու յոյսը պիտի ունենանք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Տես՝ Զարթի՛ր 22 Յունիս 2004 թիւը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 6 Տես նաեւ՝ «Երիկամունքներդ՝ կենսատու զտիչ են» խորագրով յօդուածը, Զարթի՛ր 8 Օգոստոս 1997 թիւին մէջ։

^ պարբ. 13 Սաղմոս 139։18բ–ի մէջ Դաւիթի խօսքերը կրնան նշանակել որ եթէ ան ամբողջ ցերեկը Եհովայի խորհուրդները համրելով անցընէր եւ շարունակէր համրել մինչեւ իր քնանալը, երբ առաւօտուն արթննար՝ տակաւին պէտք էր համրէր։

Կրնա՞ս բացատրել

• Սաղմի մը աճման կերպը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ‘զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’։

• Եհովայի խորհուրդներուն մասին ինչո՞ւ պէտք է խորհրդածենք։

• Հաւատքը եւ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը ի՞նչպէս առնչակից են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 9]

Արգանդին մէջ մանկիկի մը աճումը կանխորոշ ծրագրի մը կը հետեւի

Տի.Էն.Էյ.

[Նկարին աղբիւրը]

Unborn fetus: Lennart Nilsson

[Նկար՝ էջ 10]

Սիրալիր հօր մը վստահող զաւակներու նման, Եհովայի կը վստահինք

[Նկար՝ էջ 11]

Եհովայի ձեռագործին մասին խորհրդածելը մղեց Դաւիթը Զինք փառաբանելու