Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Էթնիքական անհանդուրժողութեան լուծումը ի՞նչ է

Էթնիքական անհանդուրժողութեան լուծումը ի՞նչ է

Էթնիքական անհանդուրժողութեան լուծումը ի՞նչ է

ՍՊԱՆԻՈՅ մէջ, իրաւարար մը ֆութպոլի խաղ մը կ’ընդհատէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ դիտողներէն շատեր Գամերունցի խաղացողի մը դէմ ա՛յնքան նախատական խօսքեր կ’ուղղեն, որ ան կը սպառնայ խաղադաշտը ձգել։ Ռուսիոյ մէջ, Ափրիկեցիներու, Ասիացիներու եւ Լատին Ամերիկացիներու դէմ վայրագ յարձակումները ընդհանրացած են. 2004–ի ընթացքին տեղի ունեցած ցեղապաշտական յարձակումները 55 տոկոս աւելցան, իսկ 2005–ին հասան 394 միջադէպի։ Բրիտանիոյ մէջ, փորձագիտանքի մը մասնակցող Ասիացիներու եւ սեւամորթներու մէկ երրորդը կը խորհէր թէ իր աշխատանքը կորսնցուցած էր ցեղային խտրականութեան պատճառաւ։ Այս օրինակները համաշխարհային հոսանք մը կ’արտացոլացնեն։

Էթնիքական անհանդուրժողութիւնը զանազան կերպերով կը դրսեւորուի,– նախատական կամ անմիտ դիտողութիւններ, նոյնիսկ էթնիք խումբ մը բնաջնջելու ջանքեր որպէս ազգային քաղաքականութիւն։ * Էթնիք անհանդուրժողութեան սկզբնապատճառը ի՞նչ է։ Ի՞նչպէս կրնանք զայն ցուցաբերելէ խուսափիլ։ Տրամաբանակա՞ն է յուսալ թէ օրին մէկը բոլոր ընտանիքները միասնաբար խաղաղութեամբ ապրին։ Աստուածաշունչը այս հարցերը հետաքրքրականօրէն կը լուսաբանէ։

Կեղեքում եւ ատելութիւն

«Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ծննդոց 8։21) Հետեւաբար ոմանք ուրիշները կեղեքելէ հաճոյք կ’առնեն։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին. անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար»։—Ժողովող 4։1

Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ թէ էթնիքական ատելութիւնը նոր բան մը չէ։ Օրինակ, Հ.Դ.Ա. 18–րդ դարուն, Եգիպտացի Փարաւոն մը Եբրայեցի Յակոբն ու իր ընտանիքը հրաւիրեց որ Եգիպտոս հաստատուին։ Սակայն հետագային ուրիշ Փարաւոն մը այս խուռներամ գաղթականները սպառնալիք նկատեց։ Որպէս արդիւնք, արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Անիկա ըսաւ իր ժողովուրդին. ‘Ահա Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդը մեզմէ շատ ու զօրաւոր են. եկէք խորամանկութիւն բանեցնենք անոնց դէմ, որ չըլլայ թէ շատնան’։ . . . Անոր համար գործավարներ դրին անոնց վրայ, որպէս զի չարչարեն զանոնք ծանր գործերով»։ (Ելից 1։9-11) Եգիպտացիները նոյնիսկ հրամայեցին որ Յակոբէն սերած բոլոր նորածին արուները սպաննուին։—Ելից 1։15, 16

Սկզբնապատճառը ի՞նչ է

Աշխարհի կրօնքները էթնիքական անհանդուրժողութեան ընդդիմանալու մէջ շատ օգտակար չեն եղած։ Թէեւ կարգ մը անհատներ հերոսաբար հարստահարութեան ընդդիմացած են, բայց կրօնքը ընդհանուր առմամբ հարստահարողներուն շատ յաճախ թիկունք կանգնած է։ Այս էր պարագան Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր սեւամորթներու նուաճումը պարտադրուեցաւ օրէնքով եւ լինչի օրէնքով, իսկ խառն ամուսնութիւնը արգիլող օրէնքները շարունակեցին ի զօրու ըլլալ մինչեւ 1967։ Նոյնն էր պարագան Հարաւային Ափրիկէի մէջ՝ ցեղային անջատման օրէնքին ներքեւ, երբ փոքրամասնութիւն մը օրէնքներուն միջոցաւ իր կարկառուն դիրքը պաշտպանեց, ի ներառեալ՝ միջցեղային ամուսնութիւնը արգիլող օրէնքը։ Իւրաքանչիւր պարագային, անհանդուրժողութիւն ջատագովող էթնիք խումբին պատկանողներէն ոմանք շատ կրօնասէր էին։

Սակայն Աստուածաշունչը էթնիքական անհանդուրժողութեան համար աւելի լուրջ պատճառ մը կը յայտնէ։ Անիկա կը բացատրէ թէ կարգ մը էթնիք խումբեր ինչո՛ւ կը հարստահարեն ուրիշները, ըսելով. «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։ Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ ‘Ես Աստուած կը սիրեմ’ ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել»։ (Ա. Յովհաննէս 4։8, 20) Այս խօսքը էթնիքական անհանդուրժողութեան սկզբնապատճառը կը բնորոշէ։ Մարդիկ՝ կրօնասէր ըլլան կամ ոչ, այսպէս կը վարուին քանի որ Աստուած չեն ճանչցած կամ սիրած։

Աստուծոյ գիտութիւնը՝ էթնիքական համերաշխութեան հիմը

Աստուած ճանչնալը եւ սիրելը ի՞նչպէս էթնիքական համերաշխութիւն կը յառաջացնէ։ Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ գիտութիւն կը յայտնէ, որ մարդոց արգելք կը հանդիսանայ որ իրենցմէ տարբեր եղողներուն վնասեն։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ Եհովա բոլոր մարդոց Հայրն է, ըսելով. «Մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները»։ (Ա. Կորնթացիս 8։6) Ասկէ զատ, անիկա կ’ըսէ. «Ան է որ միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ»։ (Գործք 17։26, Անթիլիաս) Հետեւաբար, բոլոր մարդիկը եղբայրներ են։

Բոլոր էթնիք խումբերը կրնան պարծենալ որ Աստուծմէ կեանք ստացած են, բայց բոլորն ալ ափսոսալու պատճառ ունին՝ իրենց նախահօր ըրածին ի տես։ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Պօղոս նշեց. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ»։ Հետեւաբար, «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23. 5։12) Եհովա այլազանութեան Աստուած է,– ո՛չ մէկ արարած ճիշդ միւսին կը նմանի։ Այսուհանդերձ, ան ո՛չ մէկ էթնիք խումբի տուած է գերակայ զգալու հիմ մը։ Այն ընդհանրացած գաղափարը թէ՝ էթնիք խումբ մը միւսէն լաւ է, Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած իրողութիւններուն հակառակ է։ Բացորոշ է որ Աստուծմէ մեր ստացած գիտութիւնը յառաջ կը մղէ էթնիքական համերաշխութիւնը։

Բոլոր ազգերուն հանդէպ Աստուծոյ հոգածութիւնը

Ոմանք կը կարծեն թէ Աստուած էթնիքական կողմնակալութիւնը քաջալերեց՝ Իսրայելացիները նախընտրելով եւ անոնց սորվեցնելով որ միւս ազգերէն անջատ մնան։ (Ելից 34։12) Անցեալին Աստուած Իսրայէլ ազգը ընտրեց որպէս իր սեփական ժողովուրդը, Իսրայէլի նախահօր՝ Աբրահամի յատկանշական հաւատքին պատճառաւ։ Աստուած վաղեմի Իսրայէլը անձամբ կառավարեց, անոնց կառավարիչները ընտրելով եւ շարք մը օրէնքներ տալով։ Այդ ժամանակամիջոցին երբ Իսրայէլ այս կարգադրութիւնը կ’ընդունէր, միւս ժողովուրդները կրնային տեսնել թէ աստուածպետական կառավարութիւնը ի՛նչ կրնայ ընել, բաղդատելով մարդկային միւս կառավարութիւններուն հետ։ Եհովա նաեւ Իսրայէլի սորվեցուց թէ մարդկութիւնը Աստուծոյ հետ իր լաւ յարաբերութիւնը վերագտնելու համար՝ զոհի մը կարիք կար։ Ուստի Իսրայէլի հետ Եհովայի գործառնութիւնները բոլոր ազգերուն օգտակար եղան, ինչպէս Աբրահամի ըսած էր. «Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր»։—Ծննդոց 22։18

Ասկէ զատ, Հրեաները առանձնաշնորհում ունեցան Աստուծոյ սրբազան պատգամները ստանալու եւ ըլլալու այն ազգը՝ որուն մէջ Մեսիան ծնաւ։ Բայց ասիկա ալ բոլո՛ր ազգերուն օգտին համար եղաւ։ Հրեաներուն տրուած Եբրայերէն Գրութիւնները կը բովանդակեն սրտապնդիչ նկարագրութիւն մը այն ժամանակին մասին, երբ բոլոր էթնիք խումբերը ճոխ օրհնութիւններ պիտի ստանան. «Շատ ազգեր պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ’։ . . . Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին, հապա ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։—Միքիա 4։2-4

Թէեւ Յիսուս Քրիստոս անձամբ քարոզեց Հրեաներուն, բայց ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։ (Մատթէոս 24։14) Իւրաքանչի՛ւր ազգ բարի լուրը լսելու պատեհութիւն պիտի ունենար։ Հետեւաբար Եհովա բոլո՛ր էթնիք խումբերուն հետ անաչառութեամբ վարուելու մէջ կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։34, 35

Վաղեմի Իսրայէլ ազգին տրուած աստուածային օրէնքներն ալ կը յայտնեն թէ Աստուած բոլոր ազգերով հետաքրքրուած է։ Նկատի առ թէ Օրէնքը ի՛նչպէս երկրին մէջ բնակող ոչ–Իսրայելացիներուն հանդէպ հանդուրժող ըլլալէն աւելին պահանջեց, երբ ըսաւ. «Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք»։ (Ղեւտացւոց 19։34) Աստուծոյ օրէնքներէն շատերը Իսրայելացիներուն սորվեցուցին պանդուխտներուն հետ ազնուօրէն վարուիլ։ Հետեւաբար, երբ Յիսուսի մէկ նախահայրը՝ Բոոս, օտար ու չքաւոր կին մը տեսաւ որ ճռաքաղութիւն կ’ընէր, ան Աստուծմէ իր սորված բաներուն համաձայն վարուելով՝ իր մշակներուն պատուիրեց որ իրենց ետին շատ ցորեն ձգեն կնոջ համար։—Հռութ 2։1, 10, 16

Յիսուս ազնուութիւն կը սորվեցնէ

Յիսուս ոեւէ անհատէ աւելի Աստուծոյ գիտութիւնը յայտնեց։ Ան իր հետեւորդներուն ցոյց տուաւ տարբեր եղող անհատներու հետ ազնուօրէն վարուելու կերպը։ Անգամ մը ան Սամարացի կնոջ մը հետ սկսաւ խօսակցիլ։ Կինը զարմացաւ, քանի որ Սամարացիները շատ մը Հրեաներու կողմէ արհամարհուած էթնիք խումբ մըն էին։ Խօսակցութեան ընթացքին, Յիսուս ազնուօրէն կնոջ օգնեց հասկնալու թէ ի՛նչպէս կրնար յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։—Յովհաննէս 4։7-14

Յիսուս նաեւ մեզի սորվեցուց թէ ի՛նչպէս էթնիքական տարբեր ենթահող ունեցողներուն հետ պէտք է վարուինք, բարի Սամարացիին առակը պատմելով։ Այս մարդը ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ աւազակներու ձեռքով ծանրօրէն վիրաւորուած Հրեայի մը։ Սամարացին դիւրաւ կրնար պատճառաբանել. ‘Ես ինչո՞ւ Հրեայի մը պիտի օգնեմ։ Անոնք ազգակիցներս կ’արհամարհեն’։ Բայց Յիսուս Սամարացին ներկայացուց որպէս մէկը՝ որ օտարներուն հանդէպ տարբեր հայեցակէտ մը ունէր։ Թէեւ ուրիշ ճամբորդներ վիրաւոր մարդուն քովէն անցած էին, բայց Սամարացին «խղճաց» եւ անոր հարկ եղած օգնութիւնը մատուցանեց։ Յիսուս այս առակը եզրափակեց՝ ըսելով թէ Աստուծոյ հաճութիւնը փնտռող ոեւէ անհատ նմանապէս պէտք է վարուի։—Ղուկաս 10։30-37

Պօղոս առաքեալ Աստուած հաճեցնել փափաքողներուն սորվեցուց որ իրենց անձնաւորութիւնը փոխեն ու վարուին մարդոց հետ այնպէս՝ ինչպէս Աստուած կը վարուի։ Պօղոս գրեց. «Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս, ուր Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, բարբարոս, Սկիւթացի . . . չկայ։ . . . Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։9-14

Աստուծոյ գիտութիւնը անհատները կը փոխէ՞

Եհովա Աստուած ճանչնալը այլ էթնիք խումբերու հետ մարդոց վարուելու կերպը իրապէս կը փոխէ՞։ Նկատի առ Գանատայի մէջ Ասիացի գաղթականի մը փորձառութիւնը, որ խտրականութեան զոհ դառնալով յուսախաբ եղած էր։ Կինը Եհովայի Վկաներուն հանդիպեցաւ, եւ անոնք սկսան իրեն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Հետագային, ան գնահատական նամակ մը գրեց անոնց, որուն մէջ ըսաւ. ‘Դուք շատ ազնիւ ճերմակամորթներ էք։ Երբ անդրադարձայ թէ դուք այլ ճերմակամորթներէ բոլորովին տարբեր էք, հարց տուի թէ ինչո՛ւ։ Կրկին անգամ մտածելէ ետք, այն եզրակացութեան յանգեցայ թէ դուք Աստուծոյ Վկաներն էք։ Պատճառը Աստուածաշունչին մէջ ըլլալու է։ Ձեր ժողովներուն մէջ տեսայ ճերմակամորթներ, սեւամորթներ, թխամորթներ ու դեղնամորթներ, որոնց սրտերը մէկ գոյն են,– թափանցիկ,– քանի որ անոնք եղբայրներ ու քոյրեր են։ Այժմ գիտեմ թէ ո՛վ զանոնք այսպիսի անհատներու վերածած է,– ձե՛ր Աստուածը’։

Աստուծոյ Խօսքը կը նախագուշակէ ժամանակ մը, երբ «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի»։ (Եսայի 11։9) Նոյնիսկ հիմա, Աստուածաշունչի մարգարէութեան առ ի կատարում, միլիոնաւորներէ բաղկացած մեծ բազմութիւն մը՝ «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ կը միանան։ (Յայտնութիւն 7։9) Անոնք անձկագին կը սպասեն որ ատելութիւնը փոխարինուի սիրով՝ աշխարհածաւալ ընկերութեան մը մէջ, իրագործելով Աբրահամի յայտնած Եհովայի նպատակը. «Պիտի օրհնուին երկրի բոլոր ազգերը»։—Գործք 3։25

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 «Էթնիք» բառը կը նկարագրէ բան մը որ բնակիչներու կը վերաբերի, որոնք միւսներէն կը զանազանուին ցեղային, ազգային, կրօնական, լեզուական կամ մշակութային գետնի վրայ։

[Նկար՝ էջ 4]

Աստուծոյ Օրէնքը Իսրայելացիներուն սորվեցուց որ պանդուխտները սիրեն

[Նկար՝ էջ 5]

Բարի Սամարացիի առակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

[Նկարներ՝ էջ 6]

Աստուած ո՛չ մէկ էթնիք խումբի տուած է գերակայ զգալու պատճառ մը